Երեք թատերախաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ԱՐԱՐՈՒԱԾ

Բեմը կը ներկայացնէ պոլսական սալոն մը, պատերը ծանրաբեռնուած նկարներով որոնք կասկածելի ճաշակ մը վեր կը հանեն։ Մեծադիր ու շքեղօրէն ոսկեզօծ հայելիներ, լոյսի մեծ խաղերուն գիտութիւնովը զետեղուած։ Ճիշդ մէջտեղէն, ուղիղ գծի վրայ, երեք կլոր սեղաններ, պոռոտ ու կեղծ ծաղիկներով բեռնաւոր: Գետինը գորգ, պատերուն նկարէ զերծ մասերը գորգ։ Ճիշդ ճակատին Սուլթանին կենդանագիրը, դեռ նոր եկած հոդ, փոխարինելու համար հայ ժողովրդական կաթողիկոսի մը մեծադիր լուսանկարը։

Սարաֆեան Էֆէնտի: Ոսկի ակնոց, որ ծանր կու գայ բարակ ու մանրիկ աչքերուն։ Առանց յաւակնութեան զգեստ։ Ոսկի ժամացոյց, սովորականէն խմորը քիչ մը կուշտ շղթայով։ Գերմանական հին, ցից պեխեր, աղու–պղպեղ։ Կապոյտի տուող երես մը, ամէն վայրկյան ածիլուած։ Մեծ քիթ ու շահեկանութեան մօտ փոր մը։ Խորունկ կը կարդայ օրուան թերթերը, մեծամասնութիւնը թրքերէն, կամ գաղիէրէն մը։ Ասոնց տակը, գրեթէ անտեսանելի հայերէն թերթի մըն ալ ճակատը վախկոտ՝ կ՚երեւայ։

 

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Ընթերցումը ընդհատելով, մէկ ձեռքը վեր, ակնոցը հանելու զբաղած ) Գէ՛շ է, շատ գէ՛շ, կացութիւնը։ ( Կը կենայ, վախնալով իր մտածումէն որ ճակտէն դուրս փախելու պէս կը ցնցէ զինքը։ Ճակատին վրայ կը փռէ իր լայնանիստ ափը, պատսպարելու համար կարծես խորքն իր մտածումի ն) Ի՞նչ կըլլամ կոր, տղա՛, եմ, ի՛նչ եմ։ Այսքան մարդ կայ Պոլսոյ մէջ։ Ամէնուն ինչ է նէ, ինծի ալ անա՛նկ։ Կա՞րգը ինծի պիտի գայ։ Բայց... ( կը կենայ ) հա, երէկ ինչու շուկան եկան անունս հարցնելու։ Է՜, անանկ սովորական ժամանակ չէ։ Անանկ օրեր են որ տունէն փախչող ճանճէն անգամ վախնելու տեղ կայ։ ( Կը կենայ։ Մտքովը ճիգ ընելով ու բան մը յիշածի պէս արագ արագ կը զարնէ էլեկտրական կոճակին ) փորձանք կայ, անպատճառ փորձանք կայ սա ազգին գլխուն։ Գետինն անցնելիք պատերազմ։ Մարդ կը զղջայ հայ ծնելուն, հազար անգամ։ Ուրկէ ուր, ելեր այս անպիտան անունով աշխարհ եմ եկեր։ ( Դուռը կը զարնեն, կը մտնէ սպասաւորը

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ծo՛, Ակոբ, տունին ամէն կողմերը լաւ մը նայեցա՞ր։

ՍՊԱՍԱՒՈՐ Հրամանք է, Էֆէնտի, ամէն առտու, կատուի պէս, հոտուըտալով աչքէ կանցնեմ, չըլլայ փոշի նստի, աղտոտի…։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Բուռն, ընդմիջելով Գլուխդ անցնի, փոշիդ ալ, դուն ալ։ Ես ուրիշ բան ըսել կ՚ուզեմ։

ՍՊԱՍԱՒՈՐ ( Վախցած կը կենայ մէկէն Ի՞նչ, Էֆէնտի։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Դուք գաւառացի էք, ամէնքդ ալ մէկ ջուրով ու խելքով մարդ։ Երէկ, Կորկոտեաններուն սպասաւորը բռնուեր է։ Գաւառացի էր։ Կ՚ըսեն որ օխաներով թուղթ հաներ են անկողինին տակէն... ։

ՍՊԱՍԱՒՈՐ Ի՞նչ թուղթ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Թուղթին ի՞նչը կը հարցնեն հիմա։ Թուղթ, գրուա՛ծ, տպուա՛ծ, պարապ։ Թո՛ւղթ, կը հասկնա՞ս։ Անոնց համար ատկէ կարեւոր բան չի կայ։ Քանի մը հատ ալ պատկեր գտա՞ն մի. կը բաւէ, մարդ շունչը ո՛վ գիտէ ուր կ՚առնէ։

ՍՊԱՍԱՒՈՐ ( Յայտնի գոհունակութեամբ ) Ես թուղթ չեմ պահեր էֆէնտի։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Գիտեմ որ գիրէ, գիրքէ չես հասկնար։ Բայց, դո՛ւք, գաւառացիներդ, խելք չհասնելիք խենդութիւններ ունիք։ Խրիմեանին, Հայկին, Արամին, Վարդանին ու տակաւին անհաշիւ, պօշ պօշ մարդերուն պատկերներուն հոգի կու տաք։

ՍՊԱՍԱՒՈՐ ( Վիրաւորուած ) ԷֆԷնտի՛։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Ատեն չձգելով ) Ծանդ կարճ ըրէ։ Մտիկ չեմ կրնար ընել։ Գնա՛, ամէն անկիւն խառնէ, խառնշտկէ։ Ատանկ ազգային մազգային պատկերներուն, քարթ փոսթալներուն հոտը չմնա՛յ, հա՛, կը հասկնա՞ս։ Չէ նէ… ալ չիտեմ։ Հէմ, ինծի նայէ՛, շատ դուրսերը մ՚երեւար։ Գաւառացիները կը ժողվեն կոր։ Նայէ գլխուս գործ չբանաս։ Ես իմ շուքէս կը վախնամ։

ՍՊԱՍԱՒՈՐ Էֆէնտի՛, ամէն ծակ ու ծուկ կը փընտռեմ։ Տունը մաս մաքուր կ՚ընեմ, հոգդ չըլլայ։ Մինակ... ( կը վարանի ) ես ալ իմացայ, գաւառացիները ժողվեն կոր եղեր. ոտացդ ղուրպան, իմ անուն չ՚ըսես։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Անունդ չ՚ըսե՞մ մի։ Ի՞նչ ըսիր։ Ո՞վ կը հարցնէ կոր որ։ Չէ նէ եկան փնտռեցին մի։ ( Տեղէն կ՚ելլայ Շիտակ զրուցէ ծօ, շիտակ, կը հասկնա՞ս։ Տունս տեղս աւրելու ատեն չունիմ։ Շիտա՛կ ըսէ, կ՚ըսեմ քեզի, ( երկու քայլ կը յառաջանայ դէպի ծառան ) շիտա՛կ ըսէ, մա՞րդ եկաւ, մարդ հարցո՞ւց։

ՍՊԱՍԱՒՈՐ Ոչ, չէ, ո՛չ, չէ Էֆէնտի, մէկը չէ եկած։ Կրնայ գալ։ Առաջուց ուզեցի քո միտք բան դնել։ Պոլսեցի է կը զրուցես, կը պրծի կ՚երթայ:

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Կերած ապուրդ նայէ՛։ Ինծի պէս շնորհքով մարդ, նշանաւոր վաճառական, սուտ պիտի զրուցէ քեզի համար։ Ո՞ւր է տեսնուեր, ո՞ւր։ Աս ինչ խըմպըլ կ՚ըլլան դուրսեցիները։ Կ՚ըսէին, չէի հաւատար։ Չէ, օղլում, չէ։ Եկան հարցուցին մի, շիտկէ շիտակ կ՚ըսեմ. մեր սպասաւորը Թամզարացի ուսթա Ակոբն է. ամուրի՛։ Աս է պատասխանելիքս։ Կը հասկընա՞ս։

ՍՊԱՍԱՒՈՐ Մեղք եմ, էֆէնտի։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ինծի մեղք չէ՞ ծօ: Քեզ համար ելամ խարախօլները պտտիմ։ Ո՛վ գիտէ, տակէն ինչ կ՚ելլայ։ ( Փողոցին դուռը կը զարնուի ) Կեցի՛ր ( տեղէն ցատկելով ) գնա՛, նայէ՛, ո՞վ է ( սպասաւորը կը շտկի վար Ա՛խ, աս գաւառացիները, նորէն ասիկա ի՞նչ է նէ՛։ Բայց ամէնքն ալ, մէկ ջուրի մէջ խղդելիք, մէկ տախտակի վրայ լոգցնելիք բաներ են։ Անոնք, անոնք չէին աս ամէնը մեր գլուխը բերողները։ Ազատ Հայաստան, անկախ Հայաստան, կեցցէ Հայաստան։ Շարունակ աս էր բերաննին։ Սահմանադրութենէն ե՞տքը։ Պիծակի պէս Պոլիս թափեցան։ Կոտրէր ոտքերնին։ Ազատ սէր մի կ՚ուզես, անհաւատարմութիւն մը կ՚ուզես, ծե՛ծ մը։ Չըրած խայտառակութիւննին մնա՞ց։ Օ՛խ ըլլայ, օ՛խ, ամէնն ալ մուկի պէս բռնուեցան։ Մեր գրագիրը կ՚ըսէ որ ամէնն ալ մեռցուցած են։ Թող երթան անդիի աշխարհը տէ Խրիմեանը գտնան, բանախօսութիւն ընեն, ծափ զարնեն, Պատրիարք վար առնեն։ ( Դուռը կը զարնուի ) Մտէ՛ք։

ՍՊԱՍԱՒՈՐ— ( Քիչ մը այլայլած ու կակազելէն ) Մէկը եկեր ձեզի կը հարցնէ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Ահաբեկ ցատկելով ) Ո՞վ է՛. ինչո՞ւ կը դողաս։ Չե՞ս ճանչնար։

ՍՊԱՍԱՒՈՐ ( Պահելով իր խռովքը ) Թուրքերէն կը խօսի, ձեզի տեսնալ կ՚ուզէ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Թո՞ւրք է։

ՍՊԱՍԱՒՈՐ Այնպէս կերեւայ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Շո՛ւտ, ներս մտցո՛ւր, վազէ՛, ( ձայնը խիստ բարձրացնելով կարծես թէ ծեծել ուզէր ) տահա կեցե՞ր ես։ ( Սպասաւորը կ՚երթայ ) Ա՛ս, ա՛ս, լաւ նշան չէ։ ( Պզտիկ դողով մը կը պտտի սրահին մէջ Տունս թուրք գա՛յ։ Ո՞վ ըլլալու է։ Արդեօք գործի՞ համար է։ Բայց գործի համար շուկան կայ։ Ո՞վ չի գիտեր գորգի վաճառական Սարաֆեան Գրիգոր Էֆէնտիի վաճառատունը։ Չէ՛։ Արդէն երէկ ալ թուրք մը եկած էր խանութը։ Այսօր ալ տունը։ Անպատճառ բան մը կայ ասոր տակը։ ( Դուռը կը զարնեն ) Մտէ՛ք։

( Դուռը կը բացուի, սպասաւորը մեծ յարգանքով ներս կը հրամցնէ մօտաւորապէս երեսուն տարեկան երիտասարդ մը, սեւ ու շատ կոխուած ֆէսով մը։ Փողկապ` մը ուր մասնաւոր անփութութիւն մը կայ կամաւոր թէ ոչ, յայտնի չէ։ Դէմքը այրած է՝ ու սեւի վրայ. աչքերը կ՚ուզեն աջ ու ձախ երկարիլ։ Գրիգոր Սարաֆեան կը դիմաւորէ. արեւելեան հաճոյակատարութեամբ մը, ուր կեղծիքին, կոտրտուքին ու մանաւանդ քծնիքին ամէն աստիճանները արագ արագ կու գան ու կ՚անցնին

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Հրամմեցէք, հրամմեցէք հոս։ Քիչ մը աւելի մօտ՝ լոյսին տակը։ ( Շատ արագ լուսամուտի սեղանէն կ՚առնէ սիկառի մը տուփը. աննշմարելի սարսուռով մը կ՚առնէ կուտրոն թուղթէ, ծայրը ոսկեզօծ սիկառ մը եւ կը մատուցանէ ժպտագին, ինքզինքը ծածկելու գրեթէ յաջողելով Հրամմեցէք ( Ժպիտ կայ իր շրթներուն վրայ, ծախողին ժպիտը

( Եկողը սիկառը կ՚առնէ, յայտնի արհամարհանքով, կողմնակի նայուածք մը նետելով մարդուն որ լուցկին արդէն վառած կը սպասէ, կէս մը կորացած, այն մեղքով զոր սորվեցուցած է իր սպասաւորին։ Սիկառը կը մխայ

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Հանգիստ ըրէ՛ք, Էֆէնտի, կ՚աղաչեմ։ Հանգիստ ըրէք, ճիշդ ձեր տունին պէս։ ( Եկողը առանց պատասխանելու, կը նայի տարտամ, աջ ու ձախ։ Մէկէն կը կենայ, կծու եւ սիրտ իջնող նայուածքով մը ուր արհամարհանք, սպառնալիք, ատելութիւն, ամէն բան կան

ՔՆՆԻՉ Ի՞նչ է քու անունդ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ— ( Ժպտիլ ջանալով ) Ի՛նչ տարօրինակ բան. չէ՞ք գիտեր՝ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ։ Կերեւայ նոր կու գաք Պոլիս։ Գրիգոր Սարաֆեան, գորգի վաճառական, Չաքմագճըլար թիւ

ՔՆՆԻՉ ( Խօսքը առնելով բերնէն ու անոր թոնով ) Յիսունը հինգ տարեկան, ունիք երկու աղջիկ, մէկ կին, մէկ սպասուհի, մէկ սպասաւոր ու մէկ խոհարար։ Վեց խանութ մեծ շուկան, խան մը Պախչը-Գաբու, չորս աբարթըման Բերա։ Կեսարիա ծնած էք ու հոն ալ ունիք ձեզ ներկայացնող առեւտրական տուն։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Խնդրեմ Էֆէնտի, խնդրեմ, ինչո՞ւ կը յոգնիք այդքան։ Աւելի լաւ չէ՞ որ ես պատասխանեմ։ ( Զանգակը կոխելով ) Նախ, պատիւը կ՚ընէ՞ք ինծի, ձեր թանկագին անունը վայելելու։ Պիտի ներէք անշուշտ...

ՔՆՆԻՉ Մէհմէտ Շիւքրի։ Ոստիկանութեան քաղաքական բաժինին ընդհանուր քննիչ։ ( Ձեռքովը կ՚ուզէ ցոյց տալ գօտին... )

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Աւելորդ է Պէյս, աւելորդ է։ Մեծ պատիւ մըն է որ կ՚ընէք ձեր ծառային, Շիրքի Պէ՛յ, շատ մեծ բախտ մըն է ինծի համար ձեզի պէս նշանաւոր՝ անձնաւորութիւն մը ունենալ տունիս մէջ։ Այո՛, այո՛, շատ՝ մեծ պատիւ մը։ ( Դուռը կը զարնեն։ Սպասաւորը կէս մը բանալով կը նայի ներս ) Շուտ սո՛ւրճ։ Տիկինն ալ, օրիորդներէն ո՛րը որ կայ։ Ըսէ թող գան ( Քննիչին դառնալով ) Կը հաճի՞ք քիչ մը աւելի հանգիստ նստիլ։

ՔՆՆԻՉ Ես շատ հանգիստ եմ։ Հոս սուրճ խմելու չեմ եկած։ Կը հարցնեմ ձեզի թէ այս տունէն զատ ուրիշ տուն յատկացուցա՞ծ էք ձեր բնակութեան։ Երբեմն գիշերները ուրիշ տեղ ալ կը պառկի՞ք։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ուրիշ ո՛ւր պառկիմ։ Կեանքիս մէջ գիշերը բնակարանէս դուրս չեմ գտնուած։ Ինծի պէս ընտանիքի հայր մը եւ տէրութեան հաւատարիմ հպատակ մը։ Կը վայլէ՞։

ՔՆՆԻՉ Կը մոռնաք թէ հայ էք…։ Այդ ըսել չէի ուզեր, սակայն, ինչ որ է։ Կղզիները, Վոսփոր տուներ ունիք, ամարանոցներ։ Անոնց թիւը կ՚ուզեմ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Գլխուս վրայ։ Ինչո՞ւ չէ։ Հիմա, անմիջապէս։ ( Դուռը կը զարնեն, կը բացուի, ներս կը մտնէ Տիկին Սարաֆեան։ Քառասունի մօտ: Թարմ մնացող գոյն, քիչ մը բարեխառնուած արուեստով։ Սեւցուած յօնքեր, խարտեաշ մազերու շրջապսակին տակ որ գլուխէն կու գայ։ Այտեր որոնք փոսիկներ ունին։ Մազերէն փունջեր որոնք գլուխէն կը կախուին նորօրինակ զանգակներու ձեւով։ Մատներ որոնց վրայ մեծարժէք մատանիներ։ Ժպտագին գլուխ կու տայ ոստիկանին որ հազիւ կը շարժի տեղէն

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Իր անձկութեանը մէջ անակնկալ օգնութիւն ստացող մարդու մը շեշտով ) Տիկինս, Սրբուհի Սարաֆեան։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Ոստիկանին ) Պոնժուռ, Պէյ։ Ինչպէ՞ս է ձեր ազնուութիւնը։ ( Կրկին կը Խոնարհի, պատրաստ բարեւ առնելու ) Շատ ուրախ եմ ձեզ ներկայացուելուս համար։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Ոստիկանը ցոյց տալով ) Վսեմաշուք եւ Բարձրապատիւ Մէհմէտ Շիւքրի Պէյ, ոստիկանական ընդհանուր քննիչ։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Աւելի ոգեւորուած. խնդագին՝ բերանը կէս մը բանալով ) Ա՛, շատ շնորհակալ եմ, չափազանց ուրախ եմ, մեր այնքան ազնիւ թուրք բարեկամներուն վրայ նոր յաւելում մը…

ՔՆՆԻՉ ( Առանց տպաւորուելու, յայտնապէս գրգռուած ) Բայց, Սարաֆեան Էֆէնտի, ես կ՚ուզեմ առանձին ըլլալ ձեզի հետ։ Շատ կարեւոր խնդիրներ կան որոնց վրայ պիտի խօսիմ ձեզի... ։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ապահով եղէք. իմ ներկայութիւնս վնասակար չէ երբեք։ Մենք վարժուած ենք շատ պարագաներու մէջ իրարու խորհուրդին դիմելու։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Այո՛, Տիկինր մեծ փորձառութիւն ունի։ Շատ մը նեղ օրերուս ինծի թանկագին ծառայութիւն է մատուցած։

ՔՆՆԻՉ Լա՛ւ, չեմ ուրանար, չեմ գիտեր, բայց այս խնդիրներուն վրայ կիներու ներկայութեան լաւ չէ խօսիլ։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Շատ յայտնի պչրանքով ) Ի՞նչ ըսել է, խնդրեմ ( շփացած ) պատիւ կը պահանջեմ, ես չեմ նմանիր ուրիշ թուլասիրտ եւ թուլամորթ կիներու։

ՔՆՆԻՉ ( Նուրբ հեգնութեամբ ) Ճի՛շդ է։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Նոյն թոնով շարունակելով ) Ես Անգլիա ապրած եմ ու վարժուած շատ մը անակընկալներու դէմ տալու։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ճիշդ է, ճիշդ է…:

ՔՆՆԻՉ Բայց, Սարաֆեան Էֆէնտի, խնդիրը ձեր գիտցածէն շատ ծանր է հիմա եւ կ՚ուզեմ որ Տիկինը մեզ մինակ թողու։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Անձկալից գլուխը ետ ետ շարժելով, մատները մազերուն տուած այն ձեւով որ ադամանդները լոյս առնեն ու կոտրին ճիշդ քըննիչի աչքերուն ) Անկարելի է, անկարելի է։ ( Դուռը կը զարնեն Մտէք։ ( կը մտնէ Օրիորդ Մելինէ, շատ փնտռուած արդուզարդ. խոշոր երեսներ ուրկէ ոսկորները աչքի կու գան մասնաւոր հանգամանքով: գէրի վրայ, մանաւանդ կոնքերուն շուրջը։ Հաճելի երեսներ, իրենց նէկլիժէյին մէջ հրապուրիչ մազեր ու աչքեր

ՕՐԴ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Բարեւ ( Ձեռք տալու համար կը ծռի ոստիկանին՝ որ կէս շարժումով ձեռք կ՚երկնցնէ բայց բարեւը անպատասխան կը ձգէ։ Պահ մը լռութիւն։ Ներկաները փոխն ի փոխ իրար կը նային, ամէն մէկը իր նկարագրին արտայայտութեամբը. ոչ մէկը կրնայ խօսիլ

ՔՆՆԻՉ Գրիգոր Էֆէնտի՛, ես հիմա կ՚երթամ, որովհետեւ անկարելի է հոս խօսիլ։ Քիչ վերջը իմ կողմէս մէկը պիտի գայ ձեզ հարցաքննելու։ Անոր հարցումներուն շատ ճիշդ պատասխաններ տուէք։ Սուտը ձեզի համար ահաւոր հետեւանք կ՚ունենայ։ ( Կ՚ելլէ ոտքի

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ինչո՞ւ կ՚աճապարէք։ Չէ՞ր կարելի մեզի մնալ։

ՕՐ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Կը նայի, յայտնի զզուանքով

ՔՆՆԻՉ ( Օրիորդը չափելով ) Գործ ունիմ եւ ստիպուած եմ մեկնելու ( դուրս կ՚ելլէ

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Ետեւէն սանդուխներուն վրայէն ) Պէյ, մեզ մի մոռնա՛ք ներքեւ չենք մնար։

ՕՐ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ի՛նչ գանելիք մարդ է։ Գնչուի ցեղէն կը նմանի։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Բայց պաշտօ՞նը։ Ո՞վ գիտի ինչ գործերու վրայ է։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Ներս գալով ) Ինծի նայէ՛, Սուրբիկ. մեր բանը բուսած է ( Երկու ձեռքերը ծունկերուն ծեծելով

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Դուն ա՛լ։ Ի՛նչ վախկոտ մարդ ես։ Կնկան չափ ալ սիրտ չունիս։ Ի՛նչ է եղեր։ Ի՞նչ կայ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Աղջկանը ) Ելիր, զաւա՛կս, դուն սենեակդ քաշուէ քիչ մը։

ՕՐ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ— ( Ուսերը վերցնելով ու հեգնական ժպիտով ) Հայրի՛կ. ի՛նչ անուշիկ են այսօր բառերդ։ Հիմա զաւա՞կդ եղայ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Արդէն իմ ցաւս կ՚օգտէ ինծի. ելիր գործիդ քաշուէ։ ( Օրիորդը դուրս կ՚ելլէ ( Կնոջը ) Ինծի նայէ կ՚ըսեմ քեզի, ադ մարդը խաֆիէներուն մեծն է։ Ատ էր ըսին, բոլոր դաշնակցականները, հնչակեանները բռնողը։ Ատ էր, լաւ գիտեմ, Զօհրապը ու Վարդգէսը ճամբայ հանողը։ Իբրանոսեանին ալ այդ մարդը գնաց։ Ամէնէն մեծ շունն է. Ատոր ոտքը մտած տեղը մահ կը բուսնի։ Կնիկ, բաներնիս բուրդ է։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ինչո՞ւ կ՚աճապարես։ Մարդը դեռ բան մը չըսած դուն քեզի կը շինես կոր. կեցիր նայինք։ Անոնք թուրք են. դեռ քանի հովի կը դառնայ խնդիրը։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ— Թուրք են իրաւ է, բայց հիներուն չեն նմանիր։ Մենք Համիտին մարդերը գառնուկի պէս կը գործածէինք։ Բայց ասոնք տարբեր ապրանք են։ Ասոնց հետ դժուար է հուն ելլալը: ( Դուռը կը զարնեն։ Երկուքը մէկ տենդագին կը դառնան ձայնին կողմը: Տիկինը ափովը կը բռնէ սիրտը

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ի՛նչ գէշ կը զարնէ ( Կուրծքը ցուցնելով ) Աս եկողը գէշ լուր կը բերէ։ Ինծի նախազգացում եղաւ. տեսնես պիտի։

ՍՊԱՍԱՒՈՐԸ ( Կէս բաց դուռին զարնելով ) Սուքիա՛ս էֆէնտին։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Սուքիա՛ս էֆէնտին. ( Կը մտածէ ) Հա՜, կը ճանչնամ, Մուխթարն է։ Ըսէ շուտ գայ, կը սպասենք ( Սպասաւորը կը քաշուի ( Կնոջը ) Դուն ալ քիչ մը խնդումերես եղիր։ Մարդուն մօտի դէմքիդ չհաւնեցայ։ Անուշ լեզուն օձը ծակէն կը հանէ կ՚ըսեն։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Հիմա՞ եկար իմ խօսքերուս։ Այնքան կռիւներ ենք ըրած, այդ բանին համար։ Շատ հին է քեզի հետ ոխս։ Հիմա նեղն է ինկեր. կնկանը խնդումերես ըլլալը կ՚ուզէ։ Տեղն է որ սեւ սուրաթ մը շինեմ սանկ ( բարկութիւն, մատովը քիթը կը չափէ ) երես մը։ Բայց ձեռքս չէ։ Աստուած ինծի խնդալով է ստեղծեր։ ( Դուռը կը բացուի, ներս կը մտնէ Սուքիաս էֆէնտի

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Ընդառաջ վազելով ) Օ՜, հրամմեցէք, հրամմեցէք, Սուքիաս Էֆէնտի, խեր ըլլայ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Խերն Աստուծոյ է։ Բարեւ ձեզ։ ( Երկու կողմը կը նայի, մտիկ ընելու ձեւով մը ) Ի՞նչպէս էք Տիկին։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Շատ լաւ չենք այս օրեր։ Դուք աւելի աղէկ գիտէք հարկաւ։ Տիկինը ինչպէ՞ս է, պզտիկնե՞րը։ Աղէկ լսեցի, Օննիկը զինուորութիւնը հոս կ՚ընէ կոր եղեր։ Շատ ուրախ եմ։ Զաւակդ աչքիդ առջեւ ունենալէն աւելի մեծ բախտ կըլլա՞յ։ Երանի ձեզի, յարմարցուցեր էք։ Այո՞։ Երջանիկ էք։ Աշխարհ յարմարցնողինն է։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ինչ ընենք, Տիկին։ Ժամանակները շատ գէշ են, շատ գէշ։ Խօսքը մէջերնիս, այսչափ տարի շուներուն կերցուցի, խմցուցի։ Այսչափն ալ պիտի չընէին։ Նորէն կարելի չէ վստահիլ եա։ Սոխին անուշը կ՚ըլլա՞յ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Մեզի պէս բոլորովին անծանօթ չէ՜ք եա։ Մէկը չեմ ճանչնար, ի՛նչ ընենք: Ասանկ ժամանակներուն ալ բարեկամներ պէտք են։ Արդէն ես ձեզի կ՚ուզէի լուր ընել։ Քիչ առաջ, Շիւքրի Պէյը եկաւ, լեզուին տակ բաներ մը կը դառնային։ Չհասկցուցած ելաւ գնաց։

ՍՈՒՔԻԱՍ ( Տիկինին նայելով կասկածանքով ) Կարելի՞ է ըսել։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Այո՛, այո։ Ինծի չափ քաջ է։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ես անոր կողմէն կու գամ։ ( Նորէն Տիկինին ուղղելով նայուածքը Չէի՞ք կրնար մեզի մինակ ձգել քիչ մը։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Յայտնապէս բարկացած բայց զուսպ ) Ինչո՞ւ այդպէս կը խօսիք։ Ես նուա՞զ խելք կը հասցնեմ ասանկ դժուար գործերու։ Անիկա՛, չհարցնէ՜ք, հինէն գիտէ ինծի։ Որքա՜ն օգներ եմ իրեն, յաջողապէս, էն նեղ, էն գրիթիկ վայրկեաններուն։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Թող մնա՜յ. ճանըմ, վնաս չունի։

ՍՈՒՔԻԱՍ ( Լրջացած. գլուխը կէս մը կախ, շեշտով մը ուր իրական վտանգ կայ ու անկեղծ ցաւ թելադրել կ՚ուզուի ) Վախնալու բան չի կայ, բայց…։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Բա՞յց։

ՍՈՒՔԻԱՍ— Ձեր անունը ցանկին մէջ անցեր է։

ԵՐԿՈՒՔԸ ՄԷԿ Ո՞ր ցանկին։

ՍՈՒՔԻԱՍ Չէ՞ք գիտեր։ Ցանկեր կան։ Պոլսէն աքսորուելիք մարդոց ցանկեր կան։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ատոր վերջը չեկա՞ւ։ Գիտէինք որ ալ վերջացած էր։

ՍՈՒՔԻԱՍ Որքան ատեն որ պատերազմ կայ, այնքան ատեն ցանկ կայ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Ընկճուած ) Բայց մենք որո՞ւ ինչ ըրած ենք։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Ոգեւոր ) Այո՛, որո՞ւ ինչ ըրած ենք։

ՍՈՒՔԻԱՍ Իրար մի անցնիք։ Հիմա մարդուն յանցանքը չեն հարցներ։ Անունը մինակ կը հարցնեն։ Ի՞նչ է անունդ - Գրիգո՛ր։ Ատկէ մեծ մեղք կ՚ըլլա՞յ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Սուքիաս Էֆէնտի՛։ Ուրիշ այնչափ մարդ կայ Պոլսոյ մէջ։ Ինծի ո՞ւրտեղէն գտեր են։ Ո՞վ մատներ է։

ՍՈՒՔԻԱՍ Անանկ զգացական հարցումներ՝ կ՚ընէք որ։ Իբր թէ հայ չենք։ Իբր թէ դուք հարուստ չէք։ Այս մարդիկը ամէնէն շատ մերին դրամին ու կալուածներուն աչք ունին։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Կալուածներո՜ւն։ Բայց իրենք գամ մը զարկա՞ծ են այդ տուներուն։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ի՛նչ հարկ։ Անոնք վարժուած են։ Ախորժակը ուտելով կը բացուի։ Գիտէ՞ք թէ ինչ չափով կ՚ուտեն կոր։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ— Չգիտնա՛յի, քսան հազար ոսկիի գորգ ինձմէ առին. ով գիտէ զինուորներուն Համազգեստը կապերտէ չշինեն։

ՍՈՒՔԻԱՍ Խնդրէն չշեղինք։ Ես եկած եմ ձեզի ըսելու որ պատրաստուիք։ ( Կը կենայ: միւսները բերաննին բաց կը սպասեն ) Գոնիա պիտի երթաք։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Գոնիա՜. ինչ դիւրին կ՚ըսէք կոր։

ՍՈՒՔԻԱՍ Գոնիան այնքան ալ վախնալիք տեղ չէ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Գոնիա՜. սըւոր աւելի լաւ մեռնիլ չըսե՛ս։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ինչո՞ւ կը յուսահատիք մէկէն։ Այսքան մարդ գնաց. ամէնն ալ մեռա՞ն։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Որերնի՞ն ողջ մնաց եա. կամ պիտի մնայ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ինչո՛ւ այդպէս ամէն բան սեւ կը տեսնէք։ Ռուսահպատակներուն ամէնն ալ ողջ առողջ են։ Անոնց թելին դպչող չկայ։ Փառք Աստուծոյ, դուք սանկ նանկ մարդերէն ալ չէք, յեղափոխական կամ համակիր…։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ընդհակառակը, Սուքիաս էֆէնտի, ընդհակառակը։ Եկածնուն ի վեր սիրտս չբռնեց այդ մարդիկը։ Քիչ առաջ ալ արդէն բերնէս եկածը զրուցեցի։ Պարապ տեղը կ՚ատէի ամէնն ալ։ Օր մը անոնց թերթը չմտաւ մեր տունը։ Ձեռքս ըլլար, ամէնն ալ ծովերուն տակը կը թափէի. անանկ կատղած եմ դէմերնին։ Անոնք չէին բոլոր այս փորձանքներուն պատճառը։

ՍՈՒՔԻԱՍ Իրաւունք ունի, Տիկին. շատ իրաւունք։ Բայց եղածը եղած է։ Հիմա կը մնայ պատրաստուիլ։ երեք օրէն կը մեկնիք ( դառնալով Պրն. Սարաֆեանին

ԵՐԿՈՒՔԸ ՄԷԿ Ի՛նչ։ Տէր Աստուած։ Այս ինչ կարկուտ է կը թափի մեր վրայ ( կու լան

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Բայց խելքիս պիտի գայ, Սուքիաս Էֆէնտի, ինչեր կ՚ըսէք։ Երեք օրէն, երեք օրէ՜ն. Ա՜խ, կը խենդանամ, անուշիկ Աստուածս, կը խենդանամ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Տագնապոտ՝ կնոջը սաստիկ յուզումէն ) Բայց Սրբուհի, հանդարտէ քիչ մը։ Կեցիր. ինչո՞ւ այսքան յուզուեցար, ինչո՞ւ խորունկը կ՚երթաս։ Կեցիր նայինք, կը մտածենք, հարկաւ ճար մը գտնենք պիտի։ Սուքիաս Էֆէնտին ալ մարդ է, ընտանիք ու զաւակներ ունի։ Ան ալ կը մեղքնայ հարկաւ։

420

ՍՈՒՔԻԱՍ Սիրտս կտոր կտոր կ՚ըլլայ, քանի ձեր վրայ կը նայիմ, բայց իմ ձեռքս ինչ կրնայ կենալ։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ Բայց զարհուրելի բան է, կը մտածէք ձեր ըսածին։ Գիտէ՞ք, ի՛նչ ըսել է, տունը տեղը ձգել, Պոլիսը ձգել ու... ( Կը կենայ, շնչառութիւնը արդէն արագցած է ) Որո՞ւ դիմենք Տէր Աստուած, որո՞ւ: ( Ձեռքերը կը մնան պրկուած. յետոյ մէջէն կոտորածի պէս կ՚իյնան ծունկերուն

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ինքզինքիդ եկուր, Սուրբիկ, ( Ձեռքէն բռնելով ) ինքզինքիդ եկուր։ Աստուած մեծ է, մեզի ասանկ երեսի վրայ չի ձգեր ( Սուքիասին դառնալով ) Բայց, Սուքիաս էֆէնտի։ Դուք կառավարութեան մարդը կը սեպուիք, հետերնին կ՚իյնաք, կ՚ելլաք։ Ինծի խելք մը սորվեցուցէք։ Կը պաղատիմ ձեզի. կեանք մը ազատած պիտի ըլլաք։

ՍՈՒՔԻԱՍ Քաւ լիցի, քաւ լիցի, Սարաֆեան էֆէնտի, մեզիպէս խեղճերո՞ւն է մնացեր ձեզ երախտապարտ ձգելը։ Բայց շիտակը եթէ կ՚ուզէք, ես ալ իմ մորթէս կը վախնամ։ Բայց պիտի փորձեմ։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Մեծ շունչ մը առնելով ) Պիտի խօսի՞ք։

ՍՈՒՔԻԱՍ Պարապ խոստումներ չեմ տար ձեզի, բայց ձեռքէս եկածը պիտի ընեմ։

Տ. ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Աւելի ոգեւորուած ու լայնցած ) Ա՛խ, Սուքիաս էֆէնտի՛, մարդուն աղէկը գէշ օրերուն յայտնի կ՚ըլլայ։ Մի մոռնաք թէ մեր տունին փրկիչը կ՚ըլլաք։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Հա՛, լաւ միտքս եկաւ: Ես մարդ մըն եմ որ ձեզի ուզած ձեւերով օգտակար կրնամ ըլլալ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Կը հասկնամ, կը հասկնամ։ Պիտի խօսիմ։ Քիչ ետքը աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի բերեմ։ Հիմակուիմա մնաք բարով։ Յուզուելու հարկ չի կայ։ Առաջ Աստուած ձեւ մը կը գտնենք։ ( Կ՚ելլէ ոտքի ) Կրկին մնաք բարով։ ( Դուրսն է ու գլուխը երկնցնելով ) Հա՛, լաւ միտքս ինկաւ, տունին մէջ վնասակար թուղթեր եւայլն չըլլան։ Կրնան խուզարկել, բայց մի վախնաք ( Երեքն ալ կը քաշուին, բեմը պահ մը պարապ կը մնայ։ Աջ կողմէ դուռ մը կը բացուի ու ներս կը մտնէ Օր. Անահիտ Սարաֆեան։ Չափազանց պարզ հագուստ, խռովիչ գեղեցկութիւն, անհանդարտ ու կրակոտ աչքեր. բարի երեսներ, որոնք իրենց կաղապարին մէջ ունին բուռն սէրերուն կնիքը։ Վիպական խառնուածք, ու իր տառապանքին համար կը սիրէ իր ցեղը

ԱՆԱՀԻՏ Ո՜ւֆ, աս ինչ անտանելի, անհատնում խօսակցութիւն էր։ Քիչ մըն ալ ու ճաթիլը բան մը չէր։ ( Դուռը կը զարնեն ձախէն ) Մտէք ( կը մտնէ խոհարարը, գաւառացի, ծերուկ Վարպետ, ո՜վ կ՚ուզես։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ո՞ւր են, ո՞ւր մնացիք. կերակուրները պաղեցան։

ԱՆԱՀԻՏ Կարծեմ այս գիշեր սեղան չենք իջնար։ Մաման ալ հայրիկն ալ, չի կան։ Տեսայ որ յուզուած վեր կ՚ելլէին։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ինչո՞ւ։

ԱՆԱՀԻՏ Լաւ չեմ գիտեր. բայց ինծի կու գայ որ թուրքեր գացին ու եկան։ Անոր համար ըլլալու է։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ի՛նչ թուրքեր։

ԱՆԱՀԻՏ Թուրքին տեսակը կ՚ըլլա՞ր։ Ամէնէն լաւին երեսը տունդ դժբախտութիւն կը բերէ։ Յետոյ ժամանակները գէշ են։ Ազգին գլխուն շատ մեծ փորձանք է ինկած։

ԽՈՀԱՐԱՐ Կեցիր նայինք, դո՛ւն ինչ կ՚ըսես։ Ատ թուրքերը կռնակի վրայ գան։ Մեզի ըրածնուն տեղը հազարով գտնեն պիտի։

ԱՆԱՀԻՏ Ով գիտէ։ Հիմա ուժովը անոնք են։ Ուզածնին կ՚ընեն, ըրին։ Ձեր կողմերէն մէկ հայ չէ ազատած։ Ուրիշ տեղերէ աքսորուածներն ալ ճամբաներուն վրայ մուրալով կը մեռնին։

ԽՈՀԱՐԱՐ— ( Յուզուած ու լուրջ ) Մեծ է իմ սուրբ խաւատքը։ Մեր ցեղը օրհնած ցեղ է։ Դուն շատ ալ ականջ մի տար լսածներուդ։ Երէկ ես մեր սրճարան մտիկ ըրի։ Վարպետ Առաքել կը կարդար։ Ինկլիզին գալուն մատ է մնացեր։ Ինծի նայէ։ Ես չտեսած պիտի չմռնիմ, ուխտ եմ ըրած ուխտակատար Ս. Կարապետի վրայ։ Աստուծոյ ո՛ր կողմը կը պակսի ինծի պէս ծերուկի մը ուխտն ընդունելով։ Դուն ըսէ, եթէ անիրաւ եմ։ Վերջապէս, ադ վերի մարդը պարտէզի պահապան չէ եա։

ԱՆԱՀԻՏ ( Թեթեւ ու մանկունակ ժպիտով ) Վարպե՛տ, քեզ ո՞վ սորվեցուց որ այդքան սիրես քու ազգը։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ատոր համար պե՞տք կայ Վարժատուն երթալու։ Չէ՞ որ Հայ Քրիստոնեայ ենք, չէ՞ որ մեր տիւշմանը ունինք մենք, ամէնքս ալ։

ԱՆԱՀԻՏ Վարպե՛տ, մենք տարիներով դաս կառնենք ու հայ չըլլալ կը սորվինք։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ամէն մարդ մէկ չըլլար։ Ես քեզ գրկիս մէջ եմ մեծցուցեր. պզտիկութեանդ, ամէն օր, գլխուդ մէյ մէկ հեղ աղօթք եմ ըսեր։ Մեր երկրին կրակէն բան մը անցած է քեզի։ Բոլոր եկող գացող միւսիւներուն, մամզելներուն տասէն աւելի ես աղօթեր եմ իրկուն առտու քու խելքիդ համար։ Աստուած լսեց մէկ աղաչանքս, քեզ աղուորներուն աղուորը ըրաւ։

ԱՆԱՀԻՏ ( Ընդմիջելով ) Սուտ կ՚ըսես դուն, Վարպե՛տ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Խօսքս մի կտրեր։ Աղուորներուն աղուորը ըրաւ։ Քեզի խելացիներուն խելացին ալ ընէ պիտի։ Դուն իմ զաւակս ես։ Այսքան տարի այս տունին մէջ եմ եղեր։ Ինչե՞ր են եկեր ու գացեր։ Իմ սորվածս կարճ գլուխով մարդու բաներ են։ Մէկ բան ամուր եմ բռներ։ Անցաւոր աշխարհին մէջ մարդ սրտին հետը անուշ, աղուոր բան մը պտտցնելու է։

ԱՆԱՀԻՏ Բերանդ պագնեմ, Վարպետ։ Դուն, դպրոցները երթալիք ու ազգասիրութիւն քարոզելիք մարդ ես։

ԽՈՀԱՐԱՐ Վարժապետները շա՜տ են, մարդերը քիչ։ Մեր տունին պահուած տղան ալ, ինծի կու գայ որ անոնցմէ է։

ԱՆԱՀԻՏ Հա, լաւ յիշեցիր։ Երէկ աճապարանքով պատմեցիր, աղէկ չհասկցայ։ Ո՞վ է աս տղան, ուրկէ՞ կու գայ, անունը ի՞նչ է։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ես գիտե՞մ։ փախստական է։ Դաշնակցական կ՚ըսեն, Հնչակեան կ՚ըսեն, կ՚ըսեն ու կըսեն։

ԱՆԱՀԻՏ Անունը չտուա՞ւ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Անո՞ւն։ Շա՛տ, որը կ՚ուզես, դիր։ Մարդուն սիրտը դէմ չի տար։ Աղջկան պէս տղայ է։ Մա՛զ, մա՛զ, այնքան շատ, այնքան։ Փէրչէմները երեսը կը գոցեն։

ԱՆԱՀԻՏ Աչքերը ինչպէ՞ս են։

ԽՈՀԱՐԱՐ Կրակի կտոր։ Նայած տեղը լոյս կ՚իյնայ, կ՚ըսես։

ԱՆԱՀԻՏ Ի՞նչ կ՚ընէ տունը։

ԽՈՀԱՐԱՐ— Կը նստի, կը կարդալ։ Կ՚ելլայ, ոտքերուն ծայրը կոխելէն, կատուի պէս մէկ երկու հեղ կը դառնայ նեղ սենեակին մէջ, գոց վարագոյրներուն անգամ շուքը չվստահելով։ Ետքը թուղթերուն մէջ կը թաղուի։

ԱՆԱՀԻՏ Դրամ ունի՞։

ԽՈՀԱՐԱՐ Որո՞ւ մտքէն կ՚անցնի հարցնել։ Քանի մեր տունն է, հաց կերած չունի։ Երկու անգամ դեռ չենք լսած ձայնը։ Մեր կնիկը ճաշը կը տանի առջեւը, տարածին պէս ետ կը բերէ։ Երբ պնդենք ախորժակը կը փախչի։ Ինչ ընենք, հարկաւ կը վարժուի։ Հոգուս համար նայիմ պիտի ադ տղուն։ Դուք հարուստ էք, մեծ խերեր կրնաք ընել։ Ես ալ կրցածիս չափ կ՚ընեմ։ Նայիմ պիտի, մինչեւ որ հացը պակսի։

ԱՆԱՀԻՏ Ինչպէ՞ս ձեր տունը եկաւ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Պատմութիւնը հոդ է։ Շաբաթ մը կայ որ մեր փողոցը ամէն օր, գիշեր ցերեկ տուն կը կոխեն։ Դուն չես կրնար գիտնալ բոլիսները մեզի պէս աղքատներուն տունը մտած ատեն ինչեր կ՚ընեն, ինչպէս տախտակները կը քակեն մարդ հանելու համար առաստաղէն կամ պատերէն։ Օր չըլլար որ կնիկս չլայ։ Մեր տղան բռնուած ու փողոցէն փախած է։ Մաննիկը կը տեսնայ, ինչպէս տղեկը աչքը պատուհաններուն շուտ շուտ մեր թաղը կը շտկի։ Դուռը կը բանայ տղան։ Ներս կ՚իյնայ անիկա։ Ու ադ մտնելն է։

ԱՆԱՀԻՏ Բոլիսները չե՞ն փնտռեր ետքը։

ԽՈՀԱՐԱՐ— Կը փնտռեն։ Մեր տունն ալ կը հարցնեն։ Ով տղայ կու տայ իրենց։

ԱՆԱՀԻՏ ( Երկար նայուածքէ մը վերջ ) Վարպետ, չե՞ս վախնար տունդ ատանկ մէկը պահելէ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ինչո՞ւս վախնամ։ Տղայ չունիմ, առնեն տանին՝ փարա չունիմ որ ետեւէս դառնան։ Ինչ որ կու գայ անոր, անոր կէնճութեանը կու գայ։

ԱՆԱՀԻՏ Բայց երբ քու տունէդ բռնուի, քեզ ալ կ՚աքսորեն։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ատ էր վախս։ Ինձմէ ի՞նչ կ՚ելլայ։ Ալ վարժուեցանք։ Լսելէն, լսելէն, մարդ մեռնելուն ալ հաւատալը կու գայ։ Մահն ալ կատակ մը չէ՞, կ՚ըսեմ երբեմն ես ինծի։

ԱՆԱՀԻՏ Շատ խելացի կը խօսիս, Վարպետ։ Մինա՛կ, մերիններուն բան չըսես տղուն վրայ։

ԽՈՀԱՐԱՐ— Խելքս կերե՞ր եմ։ Դուն իմ աղջիկս ես։

( Դուռը կը զարնեն

ԱՆԱՀԻՏ— Մտէ՛ք ( կը մտնէ Մալվինէ

ՄԱԼՎԻՆԷ ( Կէս նայուածքով Անահիտը տեսնելէ ետքը, Վարպետի կողմը շտկելով ) Վարպե՛տ, սոսկալի է վիճակնիս։ Աստուած ողորմի մեզի։

ԱՆԱՀԻՏ ՈՒ ՎԱՐՊԵՏ ( Ահաբեկ ) Ի՞նչ կայ, ի՛նչ կայ։

ՄԱԼՎԻՆԷ— Ի՛նչ պիտի կենայ։ Երեք օրէն հայրիկը Գոնիա կ՚երթայ։ Կ՚աքսորեն կոր։

ԱՆԱՀԻՏ ( Չափազանց յուզուած, բառերը հատկըտուն ) Ո՞վ ըսաւ, ուրկէ՞ գիտես։

ՄԱԼՎԻՆԷ Երկու ժամ է, դուն բանէ մը լուր չունիս։ Կ՚երթան կու գան, Հայրիկը արցունքներու մէջ է։ Մաման նուաղեցաւ։ Թէլէֆոն ըրինք բոլոր ծանօթներուն։ Բոլորն ալ կը վախնան կոր մեզի հետ խօսելու։

ԽՈՀԱՐԱՐ ( Գլուխը կամաց կամաց թօթուելով ) Փարայի գործ է. ինծի ատանկ կու գայ ( Դուրս կ՚ելլէ

ՄԱԼՎԻՆԷ ( Անմիջապէս հայելիին վազելով ) Ի՞նչ գէշ եղայ։ Ասանկ յուզումներն ալ բնաւ չեն գար ինծի։ Հիմա Ֆրիցը կու գայ։ Ինծի ասանկ տեսնայ, ի՛նչ պիտի ըսէ։ Գետինն անցնի աքսորն ալ, հայն ալ, թուրքն ալ։ Այսօր աս մտիկ ըրէ, վաղը ան։ Հոս մարդ կախեր են, հոն աքսոր են ըրեր. մաման կուլայ, պապան կուլայ։ Ասոր ալ վերջը չի գար։ Գոնէ Ֆրիցը ձեռքէ չհանէի։ ( Կը կենայ ) Հա՛. լաւ յիշեցի։ Անիկա գերման սպայ է։ Ի՞նչ կը վախնանք կոր։ Հարկաւ ճարը նայի պիտի։ Անգամ մը եթէ յաջողէի տուն մտնել։ Երթամ հայրիկին իմաց տամ։ Ա՜խ ատ հայրիկը։ Դրամով պիտի թաղեն, տոպրակ տոպրակ դրամով։ Այնչափ կր սիրէ դրամը։ ( Դուռը բանալու վրայ է երբ Սարաֆեան ներս կը մտնէ Ա՜, հայրի՛կ, ես ալ քեզի կու գայի կոր։ Նայէ՛, ի՛նչ կը խորհիմ։ Ֆրիցը կանչենք, հասկցնենք անոր։ Գերման սպայ է: Հարկաւ միջոց մը կը գտնէ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Վայրկենական ) Լա՛ւ, լա՛ւ։ Շատ լաւ ես խորհեր, աղջիկս։ Հիմա անմիջապէս գնա գտիր։ Պատմէ ամէն բան։ Ազատէ խեղճ հայրիկդ։ Ազատեցէք ինծի, ամէնքդ ամէնքդ, բան մը ընել կրցողը թող ազատէ ինծի։ Գոնիա՜։ Անդիական ըսել է։ Քանի կը մտածեմ, սոսկումս այնչափ կը շատնայ։ ( Կը նստի: արցունք կայ աչքերուն մէջ

ՄԱԼՎԻՆԷ ( Հայրը մխիթարել ջանալով ) Բայց Հայրիկ, մեղք ես, լալէն ինչ շահ։ Դեռ երեք օր կայ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Համրուած օրը պատրաստ դրամի կը նմանի, աղջիկս։ Սպասելու ատեն չէ, հիմա վար իջիր, հիմա։ Կառք մը նետուէ՛, գտիր ու հոս բեր։ Ոտքերը իյնամ պիտի։ Քար չէ եա. Գերման ըլլալով։

ՄԱԼՎԻՆԷ Հայրի՛կ, անվայել է այդքան վախկոտ ըլլալը։ Արդէն, գիտես, քանի անգամ երեսիս տուած է մեր սիրտ չունենալը։ Հիմա քեզ ատանկ տեսնէ, վրաս ինչ կարծիք պիտի լինէ։ Կ՚աղաչեմ շտկուիր, քիչ մը բռնէ ինքզինքդ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Կարճ կապէ, Մալվինէ։ Ինծի ազատեցէք, ազատեցէք ինծի։ Ամէն բան կու տամ, ամէն բան, կը հասկնա՞ք։ Կատակ չէ ասիկա։ Ասոր մեռնիլ կ՚ըսեն։ Ազատեցէք ինծի։ ( Դէմը կը խօսի ) ազատեցէք ինծի ( Կը նստի, վարէն դուռին զանգակը կը հնչէ։ Երկուքն ալ յուզուած ոտքի կը նետուին

ՄԱԼՎԻՆԷ Արդեօք Ֆրի՞ցն է։ Այս գիշեր անպատճառ պիտի գար։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Արդեօք Սուքիաս Էֆէնտի՞ն է։

( Երկուքն ալ դէպի դուռ կ՚երթան սանդուխին վրայ արագ, զինուորական քայլեր. սուրի մը շխրտուքը

ՄԱԼՎԻՆԷ ( Կը նետուի արագ ) Ֆրի՛ցն է։

( Ֆրից ներս կը մտնէ։ Բարձրահասակ, չոր ու դաժան դէմքով հարիւրապետ մը։ Խիստ կոկիկ հագուած. ճերմակ ձեռնոցներ. գլուխ՝ Սարաֆեանին, վերջը ձեռք. կը նստի։ Մալվինէ աթոռը անոր մօտ կը տեղաւորէ ու ցած ձայնով խօսակցութիւնը կը սկսի

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Աղջկանը անձկալից ) Մի ուշացներ, աղջիկս։ Քիչ մըն ալ խոշորցուր։

ՄԱԼՎԻՆԷ ( Խիստ նայուածքով մը ) Տղայ մի ըլլար հայրիկ, հիմա ինչ պիտի ըսէ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Տղայութիւնը ի՞նչ է. քեզի ջուրի ձայն կու գայ, քեզի կ՚ըսեմ, զրուցէ անոր, մեղք եմ։ Ի՛նչ կ՚ըլլայ, ինծի կ՚ըլլայ։ ( Աչքերը կը սրբէ պզտիկ թաշկինակով մը: Ֆրից ոտքի է ելած։ Շեշտ կը նայի, գլուխ կը թօթուէ, հարցական օրէն կը սպասէ։ Նշանացի խօսակցութիւն։ Մալվինէ Nichts ըսելով, բարկացած թիւը կը մտնէ ու դուրս կը հանէ սպան

( Մինակ ) Աս ինչ օրերու հասանք, ողորմած Տէր, ի՛նչ օրերու։ Սուքիաս էֆէնտին ալ չեկաւ։ Բայց քանի կ՚երթայ, դողը ներսս կ՚առնէ: Աս ինչ անօրէն, անիրաւ, անաստուած աշխարհք է աս։ Որո՞ւ ձգեմ պիտի աս տունն ու տեղը, աս կալուածները ու մանաւանդ աս դրամները։ Որո՞ւ, որո՞ւ։ Հայտար-Փաշայէն թրէն նստողը հոգիին պատարագ ըսել թող տայ, կամուրջին վրայէն։ Ա՛ն ճամբան։ Ինչե՜րը գացին։ Եկողները. հա՛ հա՛։ Վրաս գրէ մարդերուն խիղճը։ ( Այնքան տարուած է որ չի տեսներ Սուքիասին ներս մտնելը։ Յանկարծ կը սթափի. ու մէկէն մարդուն վրայ վազելով Օ՜, Սուքիաս էֆէնտի, ի՛նչ լուր, ինչ։ Մեռելներուդ հոգուն, ըսէ՛, ինչ լուր, լաւ լուր բերի՞ր։

ՍՈՒՔԻԱՍ ( Դէմքը շատ լրջացուցած. ձայնը կամաց ) Սարաֆեան էֆէ՛նտի, ամբողջ ժամ մըն է, ոտքերն եմ ինկած Շիւքրի Պէյին։ Քիչ մը կակուղցաւ:

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Է՛, քիչ մը կակուղցաւ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Բայց, լաւ չեմ գիտեր, գործը ի՛նչ ջուր կ՚առնէ։

ՄԱՐԱՖԵԱՆ Ի՞նչ ըսել է քիչ մը կակուղցաւ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Այդ լեզուէն հիմա չէք հասկնար։ Բայց ետքը փորձառու պիտի ըլլաք։ Ձեր անունը ցանկէն չի կրնար աւրել, բայց տեղեկագիրը պիտի ուշացնէ

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Աստուածդ սիրես, քիչ մը բաց խօսէ՛. ինչ ըսել է ադ ամէնը։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ըսել է թէ ձեր անունը այս գիշեր Ընդհ. Ապահովութեան ղրկուելիք անուններուն մէջ պիտի չմտնէ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ատով ի՛նչ կ՚ըլլայ որ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ատով... Հը։ Ատով ան կըլլայ որ... հոն գացող անունները ազատում չունին։ Օր կը վաստկինք։ Ով գիտէ վաղը ի՛նչ կ՚ըլլայ։ Բայց ես յոյսով եմ որ Աստուծով առաջքը կ՚առնենք։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ա՜խ, բերանդ պագնեմ, ինչ բարի լեզու ունիս։ Ի՛նչպէս, ի՛նչպէս ես ձեզի երախտիք յայտնեմ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Քաւ լիցի, քաւ լիցի։ Ինչ ըրած եմ օր։ Մարդկային պարտականութիւն։ Հիմա, դուք գիտէք անշուշտ։ Ասանկ գործերը տալով կը լմննան։ Նայեցէք, ձեզի իմ համեստ կարծիքս։ Լայն, չափազանց լայն պիտի բանաք ձեր քսակը։ Հոգ չէ՛, այսօր տուէք, վաղը նորէն առնելու ձեւը իրենցմէ պիտի չսորվիք։ Այս գիշեր հազար ոսկի պիտի տամ Պէյին։ Ու ասիկա սկիզբն է երկանց:

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Հազար ոսկի՜, հազար ոսկի՜։ Ինչ ահագին դրամ է։

ՍՈՒՔԻԱՍ Պատերազմէն ասդին, դրամն ալ գինէ ինկաւ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Հազար ոսկի՛. սոսկալի դրամ է, Սուքիաս էֆէնտի։ Սըւոր կէսին իջիր նայինք տէ, ետքը կը խորհինք։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ինծի նայեցէ՛ք։ Անատոլցուի ապրանք չենք ծախեր կոր։ Այս խնդիրներուն մէջ ամօթ է սակարկութիւնը։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Եղբայր, կատակ չէ, հազար ոսկի է, ա՛ս։ Հազար ոսկի՛։

ՍՈՒՔԻԱՍ Կը ցաւիմ որ աշխատեցայ ձեզի օգտակար ըլլալու:

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Տէր Քրիստոս։ Ասոր մէջ ցաւելու ի՛նչ կայ։ Դուն խանութպան չե՞ս եղեր։ Ո՞ւր տեսնուեր է մարդուն ուզած բանը մէկ բերնով տան իրեն։ Ատանկ սակարկութենէն ոչ ծախողր ոչ գնողը խեր կը տեսնէ։

ՍՈՒՔԻԱՍ ( Լրջացած ու խիստ ) Սարաֆեան էֆէնտի, աստեղը գոց շուկայ չէ։ Հիմա, կ՚երթամ ու քիչ ետքը գարագօլը շունչդ կ՚առնես։ Գարա-գօլէն միւտիրէթ ու անկէ՛։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Անկէ՞։ Անկէ՞։

ՍՈՒՔԻԱՍ Գոնիա՜:

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Գոնիա՚։ ( Կը դողայ

ՍՈՒՔԻԱՍ Եա ի՛նչ գիտցար։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Ընկճուած ) Եղբայր։ Բռնկելու տեղ չի կայ։ Հազա՜ր ոսկի, գիտես ինչքան դրա՛մ է նէ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Հասկցայ։ Աւելորդ ժամանակ չունիմ։ Մնաս բարով։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Խենդեցած ) Ո՞ւր, ո՞ւր։ Ի՛նչ խիստ մարդ եք եղեր։ Կեցիր նայինք, բան մը կ՚ընենք հարկաւ։ Ան քիչ մը կ՚իջնայ, ես քիչ մը կ՚ելլամ։

ՍՈՒՔԻԱՍ ( Բարկացած ) Վճռական կ՚ըսեմ ձեզի. այս գիշեր հազար ոսկի պիտի տանիմ Պէյին։ Դեռ անդին ոչ ոք գիտէ թէ քանի հազարներ պիտի ճամբու դրուին։ Հիմակուընէ ձեզի կ՚ազդարարեմ։ Եթէ այսպէս հրեայի սակարկութիւններ, դժգոհութիւններ պիտի ըլլան, լաւ որ բնաւ մէջ չմտնեմ։ ( Հետզհետէ բարկանալով ) Անխելք մարդ, ( ձեռքը գլխուն զարնելով ) ինչո՛ւդ է պէտք կը մտնես ասանկ չճանչցած մարդուդ հետ գործի, ու ինչ գործի։ Մարդկութիւն ըրինք, աղաչեցինք ծունկերը ինկանք, որոշումէն ետ դարձուցինք ու հիմա քանի մը թուղթի կտորին համար այսչափ աւելորդ խօսք խօսիլ։ Ասիկա չի վայլեր, Սարաֆեան էֆէնտի։ Դուք մեր վաճառականներուն մէջ կեսարացիութիւնը բերած ըլլալնիդ քանի քանի անգամ յայտարարած էիք:

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Մե՞ղք գործեցի, եղբայր, այդպէս կը բռնկիս կոր։

ՍՈՒՔԻԱՍ Մեղք գործելը եղջի՞ւր կ՚ունենայ։ Խորհէ անգամ մը։ Գիշերով ձգեր եմ տուն, ընտանիքըս, զաւակներս, եկեր, մէկ մը քու տունդ մէկ մը ոստիկանատուն քանի տեղ է կ՚երթամ կու գամ։ Մէջը ի՞նչ ունիմ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Բայց եղբայր, ես չեմ տար չըսի։ Մինակ մեր սովորութիւնն է։ Առանց սակարկութեան մեր երկիրը աղջիկ անգամ չեն տար, ուր մնաց դրամ, դրամ։ Հազար ոսկի։

ՍՈՒՔԻԱՍ Լա՛ւ, լա՛ւ, կարճ կապէ՛, ի՛նչ ըսել կ՚ուզես հիմա։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Հա, եղբայր, ըսելիքս... ասանկ գործողութիւն մը, մանովրա մը, սա հազարը իջնար քիչ մը։ Մեր մէջը կը բաժնենք մնացածը։

ՍՈՒՔԻԱՍ ( Շեշտ ու խորհուրդով ) Վաճառականի վարպետութեան օրերը անցան։ Հիմա կեանքերը աժան են այնքան, որքան դրամը։ Ատոր համար լաւ է որ ասանկ պզտիկ հաշիւներով չտարուինք։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Պզտիկին կարեւորութիւն չտալը մեղք է։

ՍՈՒՔԻԱՍ Դուն հիմա կու տաս հազար ոսկին։ Ու չըսեմ ըսի չեղաւ ( Քիչ մը կը մտածէ Այս հազար ոսկին գինն է անունիդ չգրուելուն ու այդքան միայն։ Հերիք է որ այս իրկուն անունդ չերթար վար։ Դրամի կողմէ այսքա՛ն։ Տակաւին անդին կը մնան կարեւորները։ Կը կարծէի թէ դրամի խնդիրը ամէնէն շուտ պիտի կարգադրէինք։ Փառք տիրոջը, չունեցող չես։ Բայց սխալեր եմ։ Մինակ կը խնդրեմ որ խորունկ ուշադրութիւնով մտիկ ընես ըսելիքներս։ Եթէ ասոնք չկատարուեցան, դրամը ոչինչ է։ Միլիոններ տալով չազատուելիք գլուխներ կան։ Ասիկա լաւ գիտցիր։ Տունիդ մէջ հայկական ան խենդ ու մենդ բաներէն, պատկերներէն, քարթերէն, լրագիրներէն հոտ իսկ պէտք չէ մնայ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Մեծ գոհունակութեամբ ) Մաքրել տուի, մաքրել տուի։

ՍՈՒՔԻԱՍ ( Շարունակելով ) Կարելի եղածին չափ քիչ եկեղեցի պիտի երթաք։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Բնաւ չեմ հանդիպիր։ Ամէն առտուան մոմս մէկ անգամ կու տամ։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ու մանաւանդ պիտի աշխատիք, ասիկա անպատճառ է, վտանգաւոր փախստականի մը հետքը գտնելով ինծի իմացնել։ Քու վաճառատունդ շատ տղայ պահուըտած են։ Ոստիկանութիւնը բաներ մը գիտէ կոր։ Բայց տակաւին որոշ ոչինչ կայ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ատո՞ր համար արդեօք ինծի կը փնտռեն։

ՍՈՒՔԻԱՍ Չէ, ճանըմ, չէ։ Մտիկ ըրէ դուն, մինակ մտիկ ըրէ։ Առանց փախստականի, ոչ մէկ երաշխիք կրնամ տալ քեզի։ Դուն ըսիր որ քեզի օգտակար կրնամ ըլլալ, ատիկա զրուցեցի Պէյին ու ատոր համար է որ կակուղցաւ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Բողոքի մօտեցող ձեւով մը ) Բայց ես ատանկ ըսել չուզեցի։ Ես իրենց դրամով վարձատրութիւն պիտի տայի։

ՍՈՒՔԻԱՍ Սարաֆեան էֆէնտի՛։ Լաւ գիտցիր որ վաճառականին շրջանը չէ հիմա։ Հիմա դուք մուկի պէս պարտաւոր էք ծակ փնտռելու։ Չհաւնած փողոցի մարդ մը այսօր կրնայ քեզի առնել տունէդ ու առտուն Գոնիա կամ Զօր ղրկել։ Աւելին, ձեր այնքան հպարտացած ապրանքները ձերը չեն։ Օթօմոպիլ մը եւ զինուոր մը վաղը կրնան մաս մաքուր ընել ձեր վաճառատունը։ Հիմա վարպետութեան շրջան է։ Կրցար դուն քեզ ազատել՝ լաւ։ Մատնեց պիտի ըսեն եղեր, սա պիտի ըսեն, նա պիտի ըսեն եղեր։ Ականջիդ պոչին անգամ թող չմօտենան։ Ես քու թշնամիդ չեմ։ Փախստականը պայման է։ Առանց այդ օգնութեան որ կ՚ընէք ձեր կառավարութեան, միշտ կասկածելի, միշտ աքսորուելիք մարդ մըն էք։ Դրամը ոչինչ է, ոչինչ։ Փախստականն ալ զինուորական ըլլալու չէ։ Ասանկ դաշնակցական մը եւ կամ ուրիշ գլուխով մարդերէն։

Առաջին խրատս աս է։ Երկրորդ երբեք չսակարկել։ Տա՛լ, տալ, անհաշիւ։ Գիտցիր թէ այսօր ոչ մէկ օրէնք կը պաշտպանէ հայերը։ Ձեր թաղին աւելածուն անգամ քենէ ուժով է։ Ու ատոր համար պետք է բանաս քասայիդ դռները, լայն լայն։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Յուզուած ) Կա՞ռք պիտի մտնէ ներս, եղբայր։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ինչ չհասկցող մարդ ես։ Անոնք քենէ լաւ գիտեն քու հարստութեանդ չափը։ Ատիկա խնդիր չէ։ Ատկէ աւելին կայ։ Ամէնէն կարճ ճամբան, թուրք խաբելու ամէնէն ապահով եղանակը, գիտե՞ս, որն է, չեմ քաշուիր ըսելու։ Դուք ինչ կ՚ուզէք զրուցեցէք ետեւէս։ Ես շրջանի, տէվէրի մարդ եմ։ Ամէնէն լաւը, պիտի կանչէք ադ շուները գաղտնի, պիտի դնէք ճաշի. պիտի թողուք որ տեսնուին Տիկինին ու աղջիկներուն հետ ( Սարաֆեան կը ցնցուի, կ՚եփի, կ՚ուզէ խօսիլ։ Սուքիաս կ՚արգիլէ թեւէն բռնելով ) Կը հասկնամ, կը հասկնամ ըսելիքներդ։ Կարճ պիտի կապեմ։ Մէկ բան միայն ուշադրութեանդ կը յանձնեմ. մէկ բան։ Եթէ աքսորուիս, արդէն ատոնք ինքնաբերաբար պիտի ըլլան։ Այն ատեն, պատիւէդ զատ հոգիդ ալ վրայ պիտի տաս։ Իմ ըսածիս մէջ շահ կայ նորէն։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ ( Չկրնալով համբերել ) Դրա՛մ, այո՛, խելքս կը հասնի։ Ո՛ր օրուան համար կը վաստկինք: Բայց ետքի ըսածդ չըլլար։ Ինչ կ՚ըսես, Սուքիաս էֆէնտի, խորհէ անգամ մը։ Ատանկ գազանները ընտանիքէն ներս… չէ, չըլլալի՛ք է։

ՍՈՒՔԻԱՍ Բարակը մտածելու ատենը գտար։ Անոնց քմահաճոյքին դէմ. նայէ, կամքին չեմ ըսեր, որեւէ քայլ ձեր մահը կը նշանակէ։ Կ՚ուզէ՞ք մեռնիլ։ Եթէ այո, որոշ ըսէք։ Վերջը պզտիկ չմնանք։ Գիտեմ թէ մեռնիլը ամէնէն ծանր բանն է որ մարդ միշտ ետին կը ձգէ։ Դուն այնքան ալ իրար անցնելու տեղ չունիս։ Այդ պարագան ձգենք կիներուն։ Անոնք գիտեն յարմարցնելուն ձեւը, առանց քեզի բեռ թողելու։ Նայեցէք որ տունին մէջն ալ Գերման սպայ մը տեղաւորէք։ Շատ ուժով դեղ մըն ալ աս է։ Եթէ կ՚ուզէք, սուտ նշան մըն ալ սպային հետ։ Բա՛յց։ Ասոնք ամէնքը վճռական բաներ չեն։ Չիլինկիրեանին կինը գերման էր ու մարդը կտոր կտոր ըրին ճամբան։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Ո՞վ է ադ մարդը:

ՍՈՒՔԻԱՍ Չես ճանչնար։ Դաշնակցական մը։ Անոնց թերթին մէջ կը գրէր։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Իմ ինչո՞ւս պէտք։ Ես դաշնակցական չեմ եա։ Աստուած պէլանին տայ, եօթը խաթ, տուաւ որ։ Անոնք էին այս բոլորին պատճառը։

ՍՈՒՔԻԱՍ Հա՛յ հա՛յ։ ( Ձայնը ցածցնելով ) ճիշդ ատոր համար է որ կառավարութիւնը կ՚ուզէ ատոնց արմատը չորցնել։ Ատոր համար բոլոր հաւատարիմ հպատակներուն օգնութիւնը կարեւոր է։

Մէկ անգամէն հասկցեր չես։ Մենք այդ մարդիկը բռնել տալով մեր ազգին աղէկութիւն կ՚ընենք կոր։ Աս է իմ գիտցածս։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ— Ես ինչպէս զբաղիմ ատանկ գործերով։

ՍՈՒՔԻԱՍ Ատոր համար պաշտօնեայ պիտի չբռնես եղբայր։ Սանկ ականջդ քիչ մը աւելին կախ կ՚ընես։ Այդքանը կը բաւէ։ Այդ կախուած ականջիդ մէջ ինչեր ինչեր կ՚իյնան։ Թող միտքերնէդ չելլայ երբեք։ Վարպետ եղէք ու ազատեցէք ձեր կաշին։ Ատանկ պատիւ, մատնչութիւն, բամբասանք թող չգան ձեր ականջը։ Հէմ, ինծի նայէ, խօսքը մէջերնիս, այդ յեղափոխականները չէ՞ին աս ազգին տունն ու տեղը աւրողը։ Չըրածնին մնա՞ց, եղբայր։ Հիմա Շիւքրի Պէյը եւ բոլոր ոստիկանները կը կրկնեն որ այդ միքրոպները մաքրելու համար մինակ հայերը յարմարութիւն ունին։ Մենք մեզի կը ճանչնանք եա։ Աչքի ընկածները գացին։ Տակաւին հոս ու հոն կը մնան։ Ասոնք պետք է անպատճառ գտնել։ Ես քեզի ուրիշ առիթով աւելի մանրամասնութիւն պիտի բերեմ։ Հիմա, ուշացայ երթամ պիտի։ ( Կը կենայ բան մը սպասողի պէս )

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Կեցիր երթամ դրամ բերեմ ( դուրս կելլայ

ՍՈՒՔԻԱՍ ( Մինակ, ձեռքերը շփելով ) Ասանկ իւղոտ պատառը դժուար է ձեռք ձգել ամէն անգամ։ Ուզածիդ չափ կթէ։ Բայց բաւական շիտակ մարդ կ՚երեւայ կոր։ Ուրկէ ուր վաճառական մը այսքան դիմադրութիւն պիտի ցուցնէր։ Ուրիշները այնքան խելօք մը յանձնեցին ամէն բան որ, ասոր կը զարմանամ կոր։ Ինչ որ է։ Թելը չփրցնենք։ Ասիկա կթան կով է։ Ասկէ դուրս, ականջս ինկաւ սանկ մը որ պզտիկ աղջիկը շատ ազդուած է եղեր, կու լայ եղեր։ Ատիկա լաւ նշան է։ Կը նետեմ անիկա տղոցը ետեւէն։ Հարկաւ փախստականի մը ետքը կը յաջողինք ձեռք ձգել։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ— ( Ներս կը մտնէ, ձեռքին մէջէն դողալով կը համրէ 10 հատ 100նոց Ասոնք Պէյին համար։ ( Մէկ հատ ալ ուրիշ գրպանէ մը Աս ալ քեզի համար։

ՍՈՒՔԻԱՍ ( Քիչ մը վարանոտ, բան մը ըսել ուզողի ձեւով ) Շատ լաւ։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Պիտի աշխատինք, կարելի եղածին չափ, քիչ վնասով հանել զիս այս փորձանքէն։ Այնպէս չէ՞։

ՍՈՒՔԻԱՍ Կրցածս պիտի ընեմ։ Պատուաւոր մարդու խօսք կու տամ։ Մնաք բարով։

ՍԱՐԱՖԵԱՆ Երթաք բարով։ Աստուած հետերնիդ ըլլայ։ ( Ուսերը շոյելով։ Երկուքը մէկ դուրս կ՚ելլեն։ Ետեւի դուռէն կը մտնէ խոհարարը

ԽՈՀԱՐԱՐ ( Զարմացած մէկը չգտնելուն ) Հիմա ձայն կար։ Ո՞ւր են ասոնք։ Այս գիշեր ծոմ պահեն պիտի։ ( Դուրսէն քալուածք ) Մէկը կու գա՞յ։ Նայիմ։ Օ, Անահիտն է։

ԱՆԱՀԻՏ Վարպետ, հո՞ս ես։

ԽՈՀԱՐԱՐ Եկայ գիտնամ, ճաշ կա՞յ, թէ չի կայ։

ԱՆԱՀԻՏ Ճաշի սիրտ չի կայ։ Եկուր նայիմ քիչ մը։ Խօսինք։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ինչ խօսիմ։ Ինծի պէս տգէտներ չխօսին աւելի լաւ կընեն։

ԱՆԱՀԻՏ Ատ ալ խօսք ըլլար հիմա։ Դուն ի՞նչ էր կարծես։ Հայրիկին փորձանքը իրա՞ւ է:

ԽՈՀԱՐԱՐ Ինծի հարցնես, դրամի գործ է։ Քիչ մը պիտի քրտնեցնեն։

ԱՆԱՀԻՏ Ուրիշ վտանգ չի կա՞յ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ի՛նչ վտանգ կենայ։ Ատոր ատենը անցաւ։ Մեռնելիքները գացին։ Հայրիկէդ ի՛նչ ուզեն պիտի։ Ոսպի պէս մարդ է ան։ Հարիւր տարի խաշես, ազգին համար պուտ մը եղ դուրս չի տար։

ԱՆԱՀԻՏ Իրա՛ւ է։ Տեսա՞ր, ի'նչ լաւ խօսեցար։ Ուրեմն իրար չանցնիմ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Իմ խիղճը ատանկ կ՚ըսէ։ Հա՛, մեր տունի մա՛նչը, նայէ, ձեռք անցնի, կաշին խոտ կը լեցնեն։

ԱՆԱՀԻՏ Յեղափոխակա՞ն է։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ինչո՞ւ փնտռեն։ Ինչ փնտռտո՛ւք։ Մայրը երեք օր երեք գիշեր բանտ են դրեր տղուն տեղը իմանալու համար։ Ո՞ր մայրը կ՚ըսէ։ Տղան լուր չունի ատոնցմէ։

ԱՆԱՀԻՏ Հասակը ինչպէ՛ս է։

ԽՈՀԱՐԱՐ Դերձա՞կ ես դուն։ Ֆիտանի պէս տղայ է։

ԱՆԱՀԻՏ Ինչպէ՞ս կը խօսի: Շո՞ւտ շուտ թէ կամաց։

ԽՈՀԱՐԱՐ Մեզի հետ խօսած չունի որ, երեսէն կ՚երեւայ, շատ խօսելու միտք ունեցող չէ։

ԱՆԱՀԻՏ Աչքերը ի՞նչպէս են։

ԽՈՀԱՐԱՐ Քիչ առաջ հարցուցիր։ Կը մոռնա՞ս։

ԱՆԱՀԻՏ Ա՛, իրա՛ւ, մոռցեր եմ։ Շատ կը կարդայ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Շատ ու շատ։ Ադ մէկ բանին համար ծներ է, անանկ կ՚ըսէ Մաննիկը։ Թուղթը, թերթը, գիրքը բռնելու անանկ ձեւ մը ունի որ…

ԱՆԱՀԻՏ ( Վիզը նետուելով ) Վարպե՛տ, քենէ բան մը պիտի աղաչեմ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Վեր գլխուս։ Երկու ուզէ։

ԱՆԱՀԻՏ Ինծի այդ տղուն մօտ տանիս պիտի։

ԽՈՀԱՐԱՐ— ( Ծուռ նայելով ու քիչ մը ետ քաշուելով) ։ Ինչ գործ ունիս անոր քով։

ԱՆԱՀԻՏ Վարպետ, խիստ մի ըլլա՛ր։ Չե՛ս գիտեր, որքան կը մեղքնամ ատ տղուն ու բոլոր ատոր բախտը ունեցողներուն։ Ինծի անանկ մօտ, անանկ մօտ կու գայ, տակաւին երեսը չտեսած։ Ինչ գիտնամ։ Յետոյ աւելին կայ։ Դուն չես կրնար մտածել թէ որքան կ՚ուզեմ տեսակցել մահէն փախչողի հետ, երկայն, երկայն։ Անոնց լեզուն տարբեր ըլլալու է։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ատիկա անկարելի է։ Մեր կնիկը մօրն անգամ արգիլեց, ուր մնաց քեզի։

ԱՆԱՀԻՏ Վարպետ, չէ մի ըսեր։ Վռնտե՛ս, գամ պիտի։

ԽՈՀԱՐԱՐ Ադ չըլլալիք է։ Քեզի պէս հարուստի աղջիկ, մեր փողոցը։ Կրնան կասկածիլ։ Տղուն գլխուն փորձանք եթէ գայ։

ԱՆԱՀԻՏ ( Ցնցուելով ) Փորձանք եթէ գայ։

ԽՈՀԱՐԱՐ Հարկաւ։ Գիտես, Հիմակուան դրացիները իրարու տուն ինչպէս կը պահեն, կը պահպանեն։ Դուք տեղյդ խելօք նստէ։ Մեր տղան ալ թող խելօք իր տեղը մնայ։

ԱՆԱՀԻՏ Չարութիւն մի ըներ, Վարպետ։ ( Դուռը կը բացուի։ Կը մտնեն Ֆրից ու Մալվինէ։ Երկուքն ալ, մանաւանդ Մալվինէ, տխուր: Սպան զուսպ, ընկճուած, բայց անտարբեր։ Աղջիկը յուսահատ, գրեթէ մեռած այնքան որ տղուն թեւին չկռթնած քայլ հազիւ կրնայ փոխել։ Անահիտը տեսնելով, կը կքի աթոռի մը վրայ։ Անահիտր կը վազէ անոր մօտ։ Խոհարարը կը քաշուի, քիթին տակէն մռլտալէն Ինչ ունիս, Մալվինէ։ Ի՛նչ վիճակ է աս։

ՄԱԼՎԻՆԷ ( Կը նայի մեղմ, համեստ, յանցաւորի աղաչող նայուածքով։ Պատասխան չի տար: Ֆրիցը տարուած է. մտրակը ձեռքովը կռնակին տարած, նկարներուն ուսումնասիրութեան։ Աղջիկը կը նայի անոր կռնակէն։ Ու դէմքին վրայէն կ՚անցնին սիրոյ, կատաղութեան, յոյսի ու մահուան բոլոր սարսուռները։ Յետոյ նայուածքը կ՚իյնայ նորէն քրոջը ) Կը տեսնե՞ս, այս գիշեր, ժամը տասներկուքին կը մեկնի։

ԱՆԱՀԻՏ Ա՜։ Ո՞ւր։

ՄԱԼՎԻՆԷ Ճակատ, կ՚ըսէ ինք։

ԱՆԱՀԻՏ ( Քրոջը փորին նայելով ) Բայց վերջը։

ՄԱԼՎԻՆԷ ( Կարմրած ) Չուզեց խօսիլ անգամ։

ԱՆԱՀԻՏ Մալվինէ, Մալվինէ, գիտես ի՛նչ կ՚ըլլանք։

ՄԱԼՎԻՆԷ Գիտեմ, գիտեմ։ ( Կը կենայ։ Յետոյ կը զարհուրի։ Փորը կը բռնէ։ Կը նայի առաջ Օ՜ֆ, մեռնէի, մեռնէի ու ազատէի այս ամէնէն։ ( Ինքզինքը կը նետէ գետին։ Ձայնէն սպան կը փութայ, կը վերցնէ աղջիկը գետնին քրոջը օգնութեամբ ու դուրս կը հանէ սրահէն

ԱՆԱՀԻՏ Դուն ազատէ աս տունը, ով Աստուած, եթէ կաս ( Ձեռքերը կ՚իյնան ծունկերուն

Վարագոյրը կ՚իջնէ Վերջ Ա. Արարուածին