Երեք թատերախաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ԱՐԱՐ

Բեմը միշտ կը ներկայացնէ առաջին սենյակը, նոյն տէգոռով ։

( Կը մտնեն Տիգրան եւ Խալֆա )

 

ԽԱԼՖԱ ( Մտահոգ, կոտրած, թուղթերը կը հաւաքէ գետնին ու սեղանէն ) Հրամմէ նայինք։ Շատ սմսեղուկ կ՚երեւաս կոր։

ՏԻԳՐԱՆ Ամէն բան կարգին է։ Դուն սիկառը ամէնէն առաջ. մուխը խելք կը բերէ կ՚ըսեն։

ԽԱԼՖԱ Խելքը հոս գտնանք պիտի. բան ունինք։

ՏԻԳՐԱՆ Դուն խելքի պէտք չունիս, ես ամբողջ Գատը-Գիւղին տեղը կը մտածեմ։ Հիմա բոլոր ըսածներս բառ առ բառ պիտի գործադրես։

ԽԱԼՖԱ Բան մը ըսած չունիս որ։

ՏԻԳՐԱՆ Մի՛ աճապարեր։ Մահու կենաց խնդիր է ասիկա։

ԽԱԼՖԱ ( Դող ելած ) Ի՛նչ մահու կենաց խնդիր։ Ադ ո՞ւրկէ կը հանես։ Կնկան կռիւը ինտոր հոդ տարիր մարդ Աստուծոյ։

ՏԻԳՐԱՆ Դուն հիմա տեսնես պիտի որ ճիշդ կը խօսիմ։ Քու պահանջներդ գոհացնելու համար միջոցներ ձեռք առի։ Մի ընդմիջեր։ Ատոնց մէջ կենաց եւ մահու խնդիր կայ։

ԽԱԼՖԱ Մարդ, ժամ մըն է կը խօսիս, ու չես ըսած նէ գիտես։ Սա ինչ է նէ զրուցէ շիտկէ շիտակ, մննայ։

ՏԻԳՐԱՆ Մարդիկ ասանկ են։ Ես գիշերներով թարթիչ իրարու չդնեմ, գլուխս մէնկէնէն դնեմ, ու դուն ելլաս…

ԽԱԼՖԱ Երկան ըրիր։ Կարգադրեցի՞ր թէ ոչ. կարճ ու կտրուկ։

ՏԻԳՐԱՆ Չես թողուր որ խօսիմ։ Ամէն բան կարգին է, մինակ քիչ մը քաջասիրտ, խիստ պէտք է ըլլաս։

ԽԱԼՖԱ Քաջասի՛րտ, ադ ինչ ըսել է։ Դուն գիտես իմ վախկոտ ըլլալս։ Զէնք վերցուցին մի, լմնցած օրս է։

ՏԻԳՐԱՆ Զէնքի խնդիր չի կայ։ Քիչ մը սանկ երես, թավա՛ր։ Չես կրնար։

ԽԱԼՖԱ Ա, ատոր վարպետն եմ։

ՏԻԳՐԱՆ Ճիշտ ատ է պէտքը։ Հիմա՛, տղան փրկիչ պիտի դնենք։

ԽԱԼՖԱ Հիւանդանո՞ց։

ՏԻԳՐԱՆ Փրկի՛չ։

ԽԱԼՖԱ Մէկ չէ՞։

ՏԻԳՐԱՆ Մէկ ըլլար նէ հիւանդանոց կ՚ըսէի։ Դուն գիտես Փրկիչը ինչ է նէ։

ԽԱԼՖԱ Հա՛։ Նոր խելքս եկաւ։ Է՛ տղան խենդ չէ նէ։

ՏԻԳՐԱՆ Պիտի ընե՛նք։

ԽԱԼՖԱ Ի՞նտոր կ՚ըլլայ եա ատ։

ՏԻԳՐԱՆ Ատանկ բաներ մինակ ես կրնամ մտածել: Շէնք շնորհք խենդ պիտի ընենք ու պիտի նետենք Փրկիչ։

ԽԱԼՖԱ Ատկէ ինչ խեր ինծի։

ՏԻԳՐԱՆ Ատով ամէն բան կը շահիս։ Իբրեւ կնքահայր եւ հետեւաբար ամէնէն մօտիկ ազգականը տարաբախտ երիտասարդին դուն պարտք կ՚ունենաս կինն ու անոր քոյրը ուզածիդ պէս բարեսիրտաբար տնտեսելու։

ԽԱԼՖԱ Շատ բարերար։ Ատանկ օրէ՞նք կայ։

ՏԻԳՐԱՆ Օրէնքը ինծի հարցուր։ Խառն ժողովին շրջաբերականը, ազգային ժողովին կանոնագիրը կայ։ Սահմանադրութեան մէջ յատուկ յօդուած կայ։ Դեռ կ՚ուզե՞ս։ Այս ամէնուն մէջ քու պարտականութիւնդ շատ որոշ կերպով ճշդուած է։ Դուն խնամակալն ես ու յարմար դատած եղանակովդ երկուքն ալ կրնաս տեղաւորել։ Ուզես նորէն կնքահայր մը ընեմ քեզի։ Տղան պատրաստ է։

ԽԱԼՖԱ Աման, աման։ Ակռաս առաւ։ Աս ալ պատրաստ գտար, նայէ ինչ ձիւն բերաւ գլխուս։ Ալ կ՚օգտէ, ուղղակի պսակ։

ՏԻԳՐԱՆ ( Մտածկոտ, մազը մօրուքը շոյելով ) Աղէկ բայց դժուար է։ Օրէնքը կ՚արգիլէ։

ԽԱԼՖԱ Ինչո՞ւ արգիլէ։ Պսակուիլը մե՞ղք է։ Աճեցէք եւ բազմացարուք, կ՚ըսէ նէ։

ՏԻԳՐԱՆ Այո՛, Սուրբ եկեղեցւոյ նշանաբանն է ատիկա, բայց ամուսնացած կին մը մինչեւ ապահարզան բաժանումի թուղթ չունենար։

ԽԱԼՖԱ Ինչ ամուսնացած է, ինչ թուղթ։ Խե՞լքդ կերար։ Կոկոնի պէս աղջիկ է։

ՏԻԳՐԱՆ (Զարմացած) Որո՞ւ համար կ՚ըսես։

ԽԱԼՖԱ Ինտոր չես գիտնար։ Արմինէին համար է կ՚ըսեմ։

ՏԻԳՐԱՆ Ատ ուրիշ։ Չէի գիտեր։ Ան ատեն խնդիրը կը փոխուի։ Բայց նորէն դժուար գործ է։

ԽԱԼՖԱ Ատոր դժուարը ո՞ւր է։ Ան ազատ աղջիկ, ես ազատ մարդ։

ՏԻԳՐԱՆ Ճիշդ է, բայց տէրտէրները, թաղականներր մատ կը փաթթեն։

ԽԱԼՖԱ Խալթ են կերեր։ Ի՞նչ պիտի կրնան ընել։

ՏԻԳՐԱՆ Էֆէնտիմ, եկեղեցական օրէնքով կնքահայրը բուն հօր տեղը կ՚անցնի։ Անոր համար օրէնքը կ՚արգիլէ։

ԽԱԼՖԱ Գրուա՞ծ է։

ՏԻԳՐԱՆ Ինչպէ՞ս չէ։ Ատանկ պարագայ մը անցաւ, անկէ գիտեմ։ Մէկն ալ քեզի պէս կնքահայր եղաւ, ետքէն մարդուկը ճամբու դրաւ։ Կնիկը առնել ուզեց, եկեղեցին չարտօնեց։

ԽԱԼՖԱ Ատ ինչ աներես օրէնք է։

ՏԻԳՐԱՆ Ի՞նչ կրնանք ընել, օրէնք է։

ԽԱԼՖԱ Ատանկ օրէնք չըլլար։ Ատոր օրէնք չեն ըսեր, խայտառակութիւն կ՚ըսեն։ Կնքահայրը ինչին ազգականը ըլլայ պիտի։ Է, ասոր  տէօնմէճը չի կա՞յ։ 

ՏԻԳՐԱՆ Կը մտածեմ կոր։ Հին տետրակներուն մէջ կնքահայր եղած ատենը ինչ էր անունդ։

ԽԱԼՖԱ Անունս։ Ուրիշ ինչ կրնայ ըլլալ։

ՏԻԳՐԱՆ Է՜, հիմա անունդ փոխենք նէ։

ԽԱԼՖԱ Ադ ըլալիք բան չէ։ Վաթսուն տարուան անունը փոխել չրլար։

ՏԻԳՐԱՆ ( Կը մտածէ, ծոծրակը կը քերէ, ակնոցը վար կ՚առնէ, նորէն կը դնէ։ Դէմքը խաղի մէջ ) Հա, կեցիր. գտայ։ Գտայ։ Ամա անանկ աժան չեմ տար։ Աւելի վճարես պիտի։

ԽԱԼՖԱ Ճանըմ, դրամով ըլլալիք է նէ, բան մը կընենք։

ՏԻԳՐԱՆ Ես, պապամ, նորէն ես։ Նայինք ինչպէս տակէն ելլաս պիտի։

ԽԱԼՖԱ Է, հոգի կը հանես, ըսէ տեսնանք։

ՏԻԳՐԱՆ Դուն մինակ Ելմոնէին կնքահայրը եղած ես, չէ՞։

ԽԱԼՖԱ Հա։

ՏԻԳՐԱՆ Արմինէինը չես եա։

ԽԱԼՖԱ Հարկաւ չեմ։ Ես չեմ գրկած եա:

ՏԻԳՐԱՆ Այն ատեն քու կնքահայրութիւնդ մինչեւ Ելմոնէն կը հասնի. Արմինէն դուրս կը մնայ։

ԽԱԼՖԱ Է, ապրիս։ Տարիին մէջ օր մը խելացի կ՚ըլլաս ամա, կատարեալ կ՚ըլլաս։ Ալ տէրտէրներուն բերան չենք ծռեր եա։

ՏԻԳՐԱՆ Տէրտէրները թող մտմտան։ Անոնց չափ խելք ունենամ նէ, աս Գատը-Գիւղին մէջ չեմ պտտիր։ Ուրիշ պզտիկ խնդիր մըն ալ ունենանք պիտի, բայց ատիկա դիւրին է։ Աւագ-երէցը թինթին է ձեռքդ քիչ մը կակուղ ցուցուցածիդ մոմ կը դառնայ։

ԽԱԼՖԱ Ատանկ հոս ու հոն փարա մի ցուցներ։

ՏԻԳՐԱՆ Ճանըմ, Աւագերէց կ՚ըսեմ կոր։ Մէկալին նայէ, չի մօտեցուիր։ Ասիկա սիկառայով մը կըլլայ։ Տարիքի տարբերութեան համար կ՚ըսեմ։

ԽԱԼՖԱ Ատոր ինչ կը խառնուին։

ՏԻԳՐԱՆ Կոնդակ կայ։ Ամուսնութեան համար որոշ տարիքներ շինած են։

ԽԱԼՖԱ Ուրիշ բան չունի՞ն այդ մարդիկը։ Թրէնի թարիֆա՞ է ասիկա։ Ո՞ւր տեսնուած է ասանկ բռնապետութիւն։

ՏԻԳՐԱՆ Սուս. դուն ինծի մտիկ ըրէ։ Տարիքին թելը իմ ձեռքս է, քեզի սանկ տասնըհինգ մը, քսան մը կ՚իջնանք։ Դիւրին գործ։ Թուանշան մը կամ երկուք մատաղ ըլլան պիտի։ Այդքան։

ԽԱԼՖԱ— Է, Նուֆուսիս թուղթը կայ նէ։

ՏԻԳՐԱՆ Ատ աւելի դիւրին։ Միւտիւրը մօտիկ բարեկամ է։ Աղերսագիր մը։ Իր թէ կորսնցուցած ես։ Նորը կը կտրեն։ Այն ատեն քանիի ուզես կ՚իջնաս։

ԽԱԼՖԱ Կ՚ըլլա՞յ նէ։

ՏԻԳՐԱՆ Ի՞նտոր չըլլար։ Պատերազմին ինչեր չրինք։ Տղայ մը կար, հինգ տարի տասնըութին վրայ մնաց։ Ամէն տարի մէյ մէկ թուղթ կ՚առնէինք։

ԽԱԼՖԱ Ապրիս։ Աս աւելի խըյախ կ՚ըլլայ։

ՏԻԳՐԱՆ Էֆէնտիմ, մենք ատանկ ուրիշներուն պէս պարծենքոտ, ցուցնող չենք, բայց կ՚աշխատինք ազգին օգտակար ըլլալու։ Աղջիկը քանի՞ տարու կայ։

ԽԱԼՖԱ Տասնըութը մտաւ։

ՏԻԳՐԱՆ Ըսել է երկու մանէվրա կայ։ Անորն ալ պէտք է վերցնել։

ԽԱԼՖԱ Ինչո՞ւ։

ՏԻԳՐԱՆ Չափահասութեան մէջ մտած պէտք է ըլլայ որ ամուսնանայ։

ԽԱԼՖԱ Ատ ինչ բարակ բարակ օրէնքներ ալ կան։ Ատոնց նայող կա՞յ։

ՏԻԳՐԱՆ Հա՛րկաւ։ Պէտք կ՚ըլլայ կոր, նայէ, վրանուն անցնել։

ԽԱԼՖԱ Աղէկ։ Աս կողմէն համոզուեցայ։ Ատոր կողմէն կը տեսնեմ կոր որ վտանգ չի կայ։ Մի՞ւսը։ Առողջ մարդը խենդ ըսելով ինտոր Փրկիչ նետենք պիտի։

ՏԻԳՐԱՆ Ադ, բոլորովին դիւրին է։ Արդէն անոր խնդիրը կէս մը ինքնիրեն ճամբու մտած է։

ԽԱԼՖԱ Ես բանէ մը լուր չունիմ։

ՏԻԳՐԱՆ Դուն մոռացկոտ մարդ ես։ Անիկա արդէն Փրկիչէն եկած է, ասիկա ըսեր էի երկու տարի առաջ։

ԽԱԼՖԱ Հա, հա, հա, ծօ. միտքս եկաւ։

ՏԻԳՐԱՆ Շատ բնական է որ մտքի խանգարումները կրնան ու պէտք են կրկնուիլ, այնպէս չէ՞։ Մանաւանդ քու ըսածիդ նայելով, երկու տարի արդէն խենդի պէս ապրեր է։ Ալ ինչ կ՚ուզես։

ԽԱԼՖԱ Ըսել է ադ ալ եղած լմնցած է։

ՏԻԳՐԱՆ Չէ, մէկէն ի մէկ մի վերջանար։ Մեր ըսելով մարդը չեն նետեր։ Պէտք է որ թաղապետական բժիշկը տեղեկագիր տայ։

ԽԱԼՖԱ Դժուարացաւ:

ՏԻԳՐԱՆ Քեզի համար հարկաւ։ Բայց գործին մէջ Տիգրանը կայ։ Ես արդէն երէկ խօսեցայ հետը։ Քիչ ետքը պիտի գայ հոս, թերեւս ճամբան է։ Սակարկութիւն կ՚ընէք, տեղեկագիրը կու տայ։

ԽԱԼՖԱ Սուղ չըլլա՞ր։

ՏԻԳՐԱՆ Ալ սակարկութիւնը գիտէ։ Ինչ որ ուզէ տալու ես։

ԽԱԼՖԱ Տալու ես, տալու ես։ Ըսելը դիւրին է։ Ելլայ պապային գինէն վեր ուզէ նէ։

ՏԻԳՐԱՆ Անանկ անգութ մարդ չէ։ Մարդուն կէօրէ։ Թուղթը առածիդ պէս կը բերես ինծի։ Ես թաղական խորհուրդէն հաստատութեան թուղթ մը կը կցեմ անոր։ Երկու թուղթերէն ետքը քեֆիդ նայէ։

ԽԱԼՖԱ Առնողը ո՞վ, հիւանդանոցը տանողը ո՞վ։ Անոր երեսին տիք պիլէ չեմ կրնար նայիլ։

ՏԻԳՐԱՆ Ատոնք ինծի ձգէ։ Երկու թուղթով ոստիկանատուն պիտի երթաս։ Հոն ես խօսած եմ միւտիւրին։ Երկու ոստիկան պիտի ղրկեն ու առնեն հոսկէ տանին տղան։ Հոս կըլլա՞յ։

ԽԱԼՖԱ Ո՞ւր պիտի ըլլայ։ Տեղէն չերերար։ Հիմա ուր է նէ կու գայ:

ՏԻԳՐԱՆ Աղէկ։ Դուն միստիւրին քով կը սպասես։ Միւս ոստիկանները գիտեն գործերնին։

ԽԱԼՖԱ Աղմուկ չի հանեն աղջիկը գիտնայ նէ, աշխարհք իրար կ՚անցնէ։

ՏԻԳՐԱՆ Բոլոր ադ կէտերը ինծի ձգէ ըսի։ Գուգուկը պիտի չիմանայ։

ԽԱԼՖԱ Է՛, հիւանդանո՞ցը։

ՏԻԳՐԱՆ Հիւանդանոցը թաղական խորհուրդէն վաւերացուած հիւանդ մը պատրաստ է ընդունիլ։ Թուղթին մէջ ես կ՚աւելցնեմ որ մասնաւոր սենեակ կ՚ուզենք ու ամենախիստ հսկողութիւն, քանի որ կը վճարենք կոր։

ԽԱԼՖԱ Հիւանդանոցին ինչո՞ւ վճարենք։ Ազգին տունն է անիկա։ Ձրի պէտք է ըլլայ։

ՏԻԳՐԱՆ Դուն կարճ կը տեսնաս, ձրի դնես նէ երեք օրէն դուրս կ՚ընեն։ Անօթի կշտացնելէն շատ կը վախնան։

ԽԱԼՖԱ Է՛հ սանկ աժանկէկ, նայէ։

ՏԻԳՐԱՆ Հարկաւ ազգին տունն է։ Ազգին փարան որո՞ւ է։ Հա քու գրպանդ, հա հոգաբարձութեան գասան։ Նոյնը չե՞ն։ Ատիկա դիւրին է։ Դժուարը բժիշկին հետ կարգադրելն է։

ԽԱԼՖԱ— Անտեղի բժիշկն ալ զա՞տ է։

ՏԻԳՐԱՆ Հարկաւ։ Հոն ուրիշ, հոս ուրիշ։ Անոր հետ անպատճառ պէտք է յարմարիլ։ Հակառակ պարագային առողջ է ըսելով դուրս կ՚ընէ։

ԽԱԼՖԱ Է՛, դուն չափած ես մարդը։ Կ՚ելլայ շիտակ հէրիֆին մէկը կ՚ըլլայ, ետքէն խաղք ըլլանք նէ։

ՏԻԳՐԱՆ Ճանըմ, քանի եղաւ կը կրկնեմ։ Ատանկ պաշտօնական յարաբերութիւնները ինծի ձգէ դուն։ Բժիշկ չէ՞ մի։ Ան մարդը բերան չունի՞։

ԽԱԼՖԱ Ալ քու գիտնալիքդ։ Բաւական վտանգաւոր գործ է ասիկա։

ՏԻԳՐԱՆ Բնաւ։ Մաքրի-Գեղէն թաղական մը խենդ է ըսելով կնիկ մը նետեց ներս։ Աչքը փարային է եղեր։ Խաղը մէջտեղ ելաւ։ Թաղականը նորէն թաղական է։ Խելօք կնիկը իսկապէս խենդացած է, փարան ալ գացած։ Ազգին գործերը ասանկ եկեր են ասանկ կ՚երթան։ Դուն ալ մի խորհիր։ Սիկառ մըն ալ տուր։ Հանեցա՞ր։

ԽԱԼՖԱ Չիյտեմ։ Էօթէրսէ էյի տիւտիւկ։

ՏԻԳՐԱՆ Դուն անոր մի մտածեր ալ։ Տունը ինտոր է նայինք։

ԽԱԼՖԱ Փոխուած, տակն ու վրայ։ Սպասուհիները վռնտեցին։ Հիմա հետերնին սեղան կը նստի կոր։

ՏԻԳՐԱՆ Ադ նոր բարի լոյս։

ԽԱԼՖԱ— Ինչ ընեմ։ Նորէն մէկտեղ կը պառկինք կոր։ Բայց շիտակը կամաց կամաց կ՚աշխատիմ վրան դնել։ Անգամ մը քշէի։ Պզտիկը բերանի համով մը կ՚ուտուի, չէ՞։

ՏԻԳՐԱՆ Հին վարժութիւն, էֆէնտիմ։ Մարդու պէս երկու տարի ապրեցար։ Բայց այդչափ։ Կ՚ըսեն, իրաւունք ունին, ջուրը վազած ճամբէն կը կենա՞յ։

ԽԱԼՖԱ Ան ուրիշ աս ուրիշ։ Ամէն իրիկուն մէկ կնիկը առ ու ա՛ռ։ Հա՞մը կը մնայ ատոր։ Մէկալը եաման բան է։ Նայած ատենը ծակել կու տայ։

ՏԻԳՐԱՆ Է՛, բացուած ես։

ԽԱԼՖԱ ( Լուռ է

ՏԻԳՐԱՆ Ելլայ չուզէ նէ։

ԽԱԼՖԱ Յիմա՛ր ես դուն։ Ոսկիին մէջ կը խեղդեմ անիկա։

ՏԻԳՐԱՆ Ադ ալ ճիշդ է։ Անոր դիմացողը չեմ տեսեր։ Բայց դուն ինչպէս ես։ Վաթսունէն անդին։ Շիտակը, բժիշկին հարցնելու ես։

ԽԱԼՖԱ— Բժիշկին հետ ի՞նչ գործ ունիմ։

ՏԻԳՐԱՆ Վախնալիք է, Խալֆա. վաթսունէն վեր, քիչ լսուած է, չելլաս բան մը ըլլաս։

ԽԱԼՖԱ ( Ինքզինքը զննելով, ոտքով ու թեւերով ) Ատանկցու չեմ։

ՏԻԳՐԱՆ Չիյտեմ։ Ետքը չըսաւ չսես։ ( Կ՚ելլայ

ԽԱԼՖԱ Ինչո՞ւ ելար։

ՏԻԳՐԱՆ Ժամանակ է։ Երթամ թուղթերը պատրաստեմ։ Ատենապետ, ատենադպիր ստորագրեն պիտի։ Ոստիկաններուն պիտի ըլլամ։ Աշխարհ մը գործ է, ըսելով չի լմննար։ Պէտք է ելլալ տակէն։

ԽԱԼՖԱ Է՛, աղէկ, գնա որ ժամանակ չկորսուի։ Կէս ժամէն, չէ՞։

ՏԻԳՐԱՆ Կէս ժամէն։

ԽԱԼՖԱ Երթաս բարով։

ՏԻԳՐԱՆ Մնաս բարով ամա աս մեր իրաւունքը տայիր:

ԽԱԼՖԱ Իրաւունքդ ի՞նչ է։

ՏԻԳՐԱՆ Աշխատութիւն մը ըրինք չէ՞։

ԽԱԼՖԱ Մէջտեղը բան մը չի կայ դեռ։ Ըրէ, ետքը։

ՏԻԳՐԱՆ Բայց արդէն եղած լմնցած է։ Ո՞ր գործին խօսք տուած եմ տէ ու չէ եղած։

ԽԱԼՖԱ Աղէկ, ամա, հիմա գործ չես տեսած։

ՏԻԳՐԱՆ Խնդրեմ, էֆէնտիմ, սովորութիւն է։ Ասանկ խնդիրներու մէջ կէսը կանխիկ չառած չեմ կրնար մտնել։

ԽԱԼՖԱ Եղբայր, մեր գիտցածը գործը կ՚ընեն, փարան կ՚առնեն։

ՏԻԳՐԱՆ Է՛, չի վայլեր քեզի։ Ահագին հարստութեան տէր մէկն ես։ Դուն գիտես։ Իրարու բան մը ըսած չըլլանք։ Աս գործն ալ չեղածէն սեպէ։

ԽԱԼՖԱ Օ, Տիգրան, ատանկ բարկանալ գիտե՞ս դուն։

ՏԻԳՐԱՆ Ամէն բանին սահմանը կայ։ Ես օրերով գլուխ ճաթեցնեմ, հազար տոլապ դարձնեմ, ահագին պատասխանատուութեան մէջ մտնեմ ու դուն մատդ մոխիրը չդրած աղջիկը տանիս։ Է՛, մեր իրաւունքը։ Ատիկա չըլլար։

ԽԱԼՖԱ Չենք տար չըսի, պապամ, ի՛նչ կայ կրակ կտրիս կոր։

ՏԻԳՐԱՆ Ես, Աստուած լուսաւորէ Հոգին, հօրմէս կտակ ունիմ։ Ասանկ կնճռոտ խնդիր մը եղաւ մի, անպատճառ կէսը կանխիկ կ՚առնեմ։ Չէ նէ, ինչ զօռս։ Հէմ քեզի բան մը ըսեմ, աղայութիւնը տալով կ՚ըլլայ։

ԽԱԼՖԱ Աղէկ ճանըմ. օտարի պէս մը ըներ։

ՏԻԳՐԱՆ Հին ընկեր չըլլայինք, դուն կը տեսնայիր։ Ամէնէն առաջ չէի մտներ այս գործին մէջը։

ԽԱԼՖԱ Է՛, անուշի կապենք ( Կը հանէ 25 ոսկինոց մը

ՏԻԳՐԱՆ Աս ի՞նչ է. ողորմութի՞ւն կու տաս կոր։

ԽԱԼՖԱ Վրան նայէ: 5նոց չէ, 25նոց կ՚ըսեն անոր։

ՏԻԳՐԱՆ Նոր չեմ տեսներ կոր։ Այսչափ գործին, յիսուն ոսկի։

ԽԱԼՖԱ Է, մեր գաuան գրպանդ պարապելու չենք։ Կնքահայր եղանք տուինք, փեսայ կ՚ըլլանք կու տանք կոր։

ՏԻԳՐԱՆ Ինծի նայէ, փեսայ ըլլալը կնքահայրութեան չի նմանիր։ Ան ատեն ոչ մէկուն գլուխ ծռելու պէտք ունեցար։ Հիմա դուն աչքովդ կը տեսնաս, քանի առուէ պէտք է ջուր վազէ։ Անոնք տալով կ՚ըլլան։ Քու տուածդ թաղականներուն բաժինը չէ։

ԽԱԼՖԱ Թաղականը ինչ բերան ունի հոս։ Ատոնք ալ կ՚ուտե՞ն։

ՏԻԳՐԱՆ Թաղականն ալ կ՚ուզէ. ատենապետն ալ կ՚ուզէ, դպիրն ալ կ՚ուզէ, տէրտէրն ալ կ՚ուզէ, հոգաբարձուն ալ կ՚ուզէ, բժիշկն ալ կ՚ուզէ։ Կ՚ուտեն օղլու կ՚ուտեն։ Կը համրես՝ քանի բերան եղաւ: Հէմ անոնք պզտիկ ալ բացուած չեն. հա, ասանկ։

ԽԱԼՖԱ Ըսել է մոխիրի վրայ նստինք պիտի։

ՏԻԳՐԱՆ Ատ ալ չեմ ներեր։ Աստուծոյ տուածէն չունիս չէ։ Համր աղջիկ մը վրաս գրէ անոր աղջիկնութիւնը քեզի աւելի սուղի կը նստի։

ԽԱԼՖԱ Աֆ կ՚ընես։ Ատ հաշիւները ինծի հարցուր։ Ամէնը 100-ը չանցնիր։

ՏԻԳՐԱՆ Վա՛խ։ Դուն ջրհեղեղին ժամանակուան խօսք կ՚ընես։ Երկու տարի առաջ ուրիշ, հիմա ուրիշ։ Մինակ Սուրբիկիդ հարիւր տաս նէ քիթին չի դներ։ Արդէն ծնողքը, աղջիկը, տունը։ Հաշիւ ըրէ։ Ալ ինչ կ՚ուզես քեզի կաքաւի պէս աղջիկ։ Հէմ փառաւոր ամուսնութիւն։ Ալ անկէ անդին դուն երեւակայէ։ Տե՞ղը գտար քսակդ սեղմելու։ Երկու անգամ փեսայ չըլլար մարդ։ Ասանկ օրերուն լայն բանալու է։ Չընգ չընգ էտէն նալչա տըր, իշ պիթերէն արգչա տըր. Դուն չրլլաս ըսողը:

ԽԱԼՖԱ Ճանըմ ( Կը կենայ ) առ սրիկա ալ ( քսանհինգնոց մըն է տուածը Ձայնդ կարճ ըրէ։

ՏԻԳՐԱՆ Քի՛չ է։

ԽԱԼՖԱ Երկան ըրիր. քիչ չէ։ Ետքէն ես քեզի գոհ կը ձգեմ։

ՏԻԳՐԱՆ Ադ ուրիշ։ Քեզի պէս մարդու մը խօսքը դրամ է: Աստուած քէօսէիդ պէրէքէթը տայ։ Է՛, մնաս բարով։ ( Կը շտկի, մէկէն դառնալով ) Հա, միտքս ինկաւ։ Կարելի է փողոցին մէջ բժիշկին հանդիպիմ։ Նայէ որ կերպով մը տղան ցուցնես անոր:

ԽԱԼՖԱ Ինչո՞ւ:

ՏԻԳՐԱՆ Անգամ մը տեսած ըլլայ։

ԽԱԼՖԱ Չտեսած չըլլա՞ր։

ՏԻԳՐԱՆ Կ՚ըլլայ։ Բայց աւելի աղէկ՝ տեսնալը։

ԽԱԼՖԱ Անիկա իմ կանչելովս չի գար։ Զոռով ալ չի բերուիր։

ՏԻԳՐԱՆ Բան մը յարմարցուր։ Անանկ մը ըրէ որ բժիշկը սանկ հեռուէն գոնէ շուք մը տեսնայ։ Ես կը պատուիրեմ, ատիկա կը բաւէ։

ԽԱԼՖԱ Աղէկ պատուիրէ, գլխուս գործ չի բացուի։

ՏԻԳՐԱՆ Մնաս բարով։

ԽԱԼՖԱ Երթաս բարով ( Մինակ է ) Է՛, աս փէք աղէկ փախի պիտի։ Թող երթայ յիմարխանէն տէ մեծ մեծ ջարդէ։ Ինծի խալֆա կ՚ըսեն, չըրածս չի կայ։ Քառասուն տարուան շունին ակռա՞յ կը բանի ( Ակռաները կը բռնէ ) Ախ, ինչո՞ւ կ՚երեւայ կոր եա։ Ա, մէկալն այ, աս ի՛նչ է։ ( Ինքզինքը կը քննէ ) Բժիշկը գայ նէ առաջ հեղ մը ինծի նայիլ տամ։ Ձրի է, վիզիթա մը կը շահինք ( զանգակը կը զարնէ

ԵԼՄՈՆԷ ( Կը մտնէ ներս ) Ի՛նչ կայ։

ԽԱԼՖԱ Էլիշին քէօռը։ Ատա՞նկ ինչ կայ կ՚ըսեն։ Ատա՞նկ ներս կը մտնեն։ Անկէ՞ դաս կ՚առնես։ Ես կը ցուցնեմ քեզի, երկուքնուդ ալ։ Անանկ մը ընեմ որ ուրկէ գալերնիդ չիմանաք։ Շատը գնաց քիչը մնաց։ Ո՞ւր է աղջիկը։

ԵԼՄՈՆԷ Դուրս ելաւ։

ԽԱԼՖԱ Ինչո՞ւ ձգեցիր։

ԵԼՄՈՆԷ— Օրանի տղայ չէ։ Ինտոր կ՚արգիլես։

ԽԱԼՖԱ Մէկալը ո՞ւր է:

ԵԼՄՈՆԷ Ան ալ դուրսն է։

ԽԱԼՖԱ Մէկտե՞ղ ելան։

ԵԼՄՈՆԷ Հա, ի՞նչ կար։

ԽԱԼՖԱ ( Կրակ չափած ) Ես կը սորվեցնեմ քեզի, կը սորվեցնեմ ամէնքիդ ալ։ Դուք ինծի աւանակի տեղ, ցնդածի, սարսախի տեղ կը դնէք կոր։ Դուք իմ մօրուքիս կը խնդաք կոր։ Հէ՛։ Տեսնաք պիտի։ Անամոթ կնիկ, ինչո՛ւ իմաց չտուիր ինծի։

ԵԼՄՈՆԷ Չէ՞ որ ատ օրերը անցան։

ԽԱԼՖԱ   ( Աւելի խիստ ) Անցածը քու խելքդ է։ Ես քեզի ե՞րբ ըսի որ անանկ թեւ թեւի դուրս՝ ելան, իրարու հինխօ մինխօ ընեն, ե՞րբ։ Չըսե՞ս։

ԵԼՄՈՆԷ Կամաց, ձայնդ դուրս կ՚ելլէ։ Երկու օր է գլուխս տինճ էր քիչ մը. իրար ուտելու չեն եա. ուր է նէ կու գան հիմա։

ԽԱԼՖԱ Ես քեզի կը հարցնեմ իրար ուտելնին։ Ես գիտեմ ըսածս։ Ոտքերնին կոտրեմ պիտի։ Ինծի խալֆա կ՚ըսեն, թող հասկնան։ ( Դուռը կը զարնուի ) Անոնք չեն, բժիշկն է։ Շուտ վար իջիր, ուր են գտիր հիմա փողոց է նէ փողոց, մինչեւ Մօտա երթաս պիտի ( Դուռը կը բացուի, կը մտնէ բժիշկը Հրամմէ նայինք տօքթէօր էֆէնտի։

ԲԺԻՇԿ Մէռսի ( Կը նայի չորս կողմը։ Խալփան ոտքի է. դուռը կը գոցէ։ Կը յառաջանայ աւելի ներս ) Ինտոր ես նայինք։

ԽԱԼՖԱ Փառք Աստծոյ, գէշ չենք։ Սա մէկալին է անցնելէ առաջ ինծի կը նայի՞u հեղ մը։

ԲԺԻՇԿ Ի՞նչ ունիք որ։

ԽԱԼՖԱ Ես գիտե՞մ. Ակռաներս կ՚երերան կոր։

ԲԺԻՇԿ Ակռաներդ մի։ Բաց բերանդ նայիմ։ ( Խալֆան կը բանայ։ Բժիշկը մատներով կը զարնէ ակռաներուն Կը ցաւի՞ն կոր։

ԽԱԼՖԱ ( Գլուխով ) Հը՜։

ԲԺԻՇԿ Ջուր մը կու տամ կ՚անցնի։

ԽԱԼՖԱ Ատանկ երեսանց չեմ ուզեր։ Իրաւ մը, խորունկէն նայիս պիտի, բոլոր մարմինս։

ԲԺԻՇԿ Ատ ուրիշ ( Կը նստի աթոռին վրայ Ինչ կ՚ըլլաս կոր նայինք։

ԽԱԼՖԱ— Ամէնէն առաջ, սանդուխէն վեր ելլամ նէ, շունչս քիչ կու գայ։

ԲԺԻՇԿ Ա՜։ Բաց նայիմ կուրծքդ ( Մտիկ կ՚ընէ։ մատնահարում ) Շունչ առ, տուր, առ, տուր, հազա, կեցիր։ Իրիկունները կը հազա՞ս։

ԽԱԼՖԱ Կը հազամ։

ԲԺԻՇԿ Սանկ քիթդ կը տաքնա՞յ, ջուր կը վազէ՞։

ԽԱԼՖԱ– ( Մտածելով ) Կ՚ըլլայ։

ԲԺԻՇԿ Կեցած տեղդ միսերդ կը դողա՞ն։

ԽԱԼՖԱ Հա՛, հա՛, աչքիս կոպերը, թեւերուս տակերը շատ կը դողան։ Ի՞նչ աղէկ կը գտնաս կոր։

ԲԺԻՇԿ Աչքերդ կը ջուրոտին։

ԽԱԼՖԱ Միշտ։

ԲԺԻՇԿ (Կեցած, մտածկոտ)

ԽԱԼՖԱ— Շատ կը մտածես կոր։ Վախնալիք բա՞ն գտար, ի՛նչ է։

ԲԺԻՇԿ— Դուն կարգուա՞ծ ես։

ԽԱԼՖԱ– Կնքահայր եմ։

ԲԺԻՇԿ Կարգուածդ կը հարցնեմ։

ԽԱԼՖԱ Հա, կնքահայր եմ։

ԲԺԻՇԿ Ի՛նչ կըլլայ կնքահայր ըլլալով։ Միշտ կը կրկնես կոր։

ԽԱԼՖԱ Դուն ալ ինչո՞ւ կը հարցնես եմ։

ԲԺԻՇԿ Պէտք է գիտնամ։

ԽԱԼՖԱ Է, գիտցիր, տօքթոր ես նէ։

ԲԺԻՇԿ Ի՞նտոր գիտնամ։

ԽԱԼՖԱ Յայտնի չէ որ։

ԲԺԻՇԿ Տղայ ես ինչ ես։ Յայտնին ան է որ դուն բոլորովին սպառած ես ալ։

ԽԱԼՖԱ Սպառած ի՛նչ ըսել։

ԲԺԻՇԿ Հատած։ Շատ մաշեցուցեր ես դուն քեզի, կնիկներուն ձեռքովը։

ԽԱԼՖԱ Երկու տարի է. մինակ կնքահայրութիւն կ՚ընեմ։ Առաջ, նայէ, միշդ էր ըսածդ։

ԲԺԻՇԿ Առաջն է որ գէշ է։ Բացարձակապէս կ՚արգիլեմ քեզ կիներուն հետ իյնալ ելլալը։ Տարիքը լեցուած է ալ։

ԽԱԼՖԱ Ինչ կ՚ըսես տօքթոռ, կարգուիմ պիտի։

ԲԺԻՇԿ Կարելի չէ, կը մեռնիս…։

ԽԱԼՖԱ Ի՞նտոր կարելի չէ։ Կնքահայրութիւնը կ՚ըլլայ տէ, փեսայութիւնը ինչո՞ւ չէ։

ԲԺԻՇԿ Հա, սա կնքահայրութիւնը ( Կը նայի ծուռ, հեգնական Աղէկ ամա առնելիք կնիկէդ կախում ունի։ Քեզի պէս նստած կին մը, վնաս չունի, արդեն ունիս չէ՞։

ԽԱԼՖԱ Նստածէն վաղ անցիր դուն։ Նայէ, քննէ, տեսնանք աղջիկ կրնա՞մ առնել։

ԲԺԻՇԿ Աղջի՜կ։ Կեցիր նայիմ ( Ոտքերուն միսերը կը սեղմէ. ողնայարին վերէն ուժով կոխելով վար կ՚իջնայ ) Կը ցաւի՞ կոր։

ԽԱԼՖԱ ԳԷ՛շ։

ԲԺԻՇԿ— Չէ՛ գուզում, հատած ես։ Աղջիկը քեզի համար չէ։

ԽԱԼՖԱ Աղէկ նայէ տոքթոռ, չէ նէ պարապ եկած կ՚ըլլաս։ Եթե աղջիկը չըլլայ պիտի տղուն գործը ինչուս է պէտք։ Եղեր չէ եղեր, նոյնն է։

ԲԺԻՇԿ Ո՞ր տղան, ո՞ւր է, Փրկիչ պիտի ղրկենք նէ։

ԽԱԼՖԱ Գացեր չէ գացեր։ Քանի որ իմ ուզածս չըլլայ պիտի։

ԲԺԻՇԿ Սանկ կեցիր նայում։ Այս անգամ ավելի ուշադրութեամբ քննեմ պիտի։ Պառկէ՛։ Դարձի՛ր։ Ելիր։ Նստէ՛։ Շո՛ւնչ առ, ծռէ՛, ելիր, ծռէ՛, ծռէ՝ ելիր ( Խալֆան բոլոր շարժումները կ՚ընէ, բայց լեզուն դուրս ինկած է ) Բաւական զօրաւոր կազմ ունիս, անանկ կ՚երեւայ կոր։ ( Երակները կը բռնէ վեր կը քաշէ. վար կը ձգէ ) Ատկէ ալ չես վախնար։ Սանկ երեսուննոց աղջիկ մը, որպէսզի բեռդ քիչ ջլայ։

ԽԱԼՖԱ Դուն քսանի իջիր. տօքթոռ, քսաննոց աղջիկ մը։

ԲԺԻՇԿ Շատ կու գա՛յ, Խալֆա. քսաննոցը շատ ծանր է քեզի։ Ատկէ զատ, մարմինէդ դուրսը հանրութիւնը կայ։

ԽԱԼՖԱ Դուն մարմինիս նայէ, ժողովուրդը ուզածին պէս կտրէ ու ձեւէ։

ԲԺԻՇԿ Անանկ է նէ, վերջին անգամ մըն ալ քննեմ պիտի։ Սանկ նստէ նայիմ։ ( Մատին կը կոխէ ) Կը ցաւի՞ կոր։

ԽԱԼՖԱ Ո՛չ։

ԲԺԻՇԿ ( Զիստին միսերը կը սեղմէ ) Կը ցաւի՞ կոր։

ԽԱԼՖԱ Ո՛չ։

ԲԺԻՇԿ ( Ուրիշ շատ մը անիմաստ բաներ կ՚ընէ, ոմանց այո ոմանց ոչ պատասխան առնելով Անմիջական վտանգ չի կայ։ Բայց ետքէն պատասխանատու չեմ։

ԽԱԼՖԱ Ի՛նչ ըսել կ՚ուզես։

ԲԺԻՇԿ Հիմակուհիմա բան մը չիկայ։ Բայց հիւանդութիւն է, որ ժամանակ չի գիտցուիր։ նայիս չսպասած մէկ տեղէդ կ՚իջնայ։ Ատանկ չըլլար նէ բշժիշկները ինչի պէտք էին եա։ Մասնաւոր հիւանդութիւն մը չունիս։ Վաղը կրնաս մեռնիլ։ Մեր հոգին Աստուծոյ ձեռքն է։

Ո՞վ կրնայ ասոր հակառակը ըսել։

ԽԱԼՖԱ Ըսել է մարմինս ողջ առողջ է։

ԲԺԻՇԿ Ինձմէ աւելի։

ԽԱԼՖԱ— Ադ տեղը սուտ ըսիր։ Դուք բժիշկ էք, ով գիտէ ինչ ուժով դեղերով ամուր կը պահէք ձեր ներսը։

ԲԺԻՇԿ ( Խնդալով ) Խնդալիք բաներ կ՚ըսես։ Ձգենք ատիկա։ Գանք բուն խնդրին։

ԽԱԼՖԱ Դեղագիրը չե՞ս տար։

ԲԺԻՇԿ Ետքէն։ Ուժի դեղ մը, սանկ մէկ քանի օրէն երիտասարդանաս. դուն կը հասկնաս եա։

ԽԱԼՖԱ Ապրի՛ս։ Բժիշկ ըսածդ ալ մարդուն վիճակէն կռահէ պիտի։

ԲԺԻՇԿ— Ինչ ընենք, արհեստնիս է։ Ո՞ւր է տղան։

ԽԱԼՖԱ Դուրսն է. չեկած չըլլա՞ր։

ԲԺԻՇԿ Ինտոր կըլլայ եա չտեսած։ Չքննած ինտոր rapport տամ՝ ատանկ վրան բաց գործ չեմ ըներ։ Տիգրան էֆէնտին ապահովցուց որ արդէն կէս մը խենդ է եղեր. վրայէն նայիս նէ անմիջապէս խենդ կ՚ըսես եղեր։

ԽԱԼՖԱ Նայելու պէտք չունիս, հոգիդ սիրեմ տօքթոռ։ Խենդը կոտոշ չունենար։ Գրպանէն րէվոլվերը պակաս չէ։ Երկու օրը անգամ մը լարուած վրաս կը վազէ։

ԲԺԻՇԿ Օ՛, ադ վտանգաւոր է, նէ։

ԽԱԼՖԱ Մի ըսեր, սիրտս դող կ՚ելլէ։ Շաբաթ մը նորէն իմ քաշածս Աստուած գիտէ։ Հա հիմա մեռցնէ պիտի, հա մէկ պահիկէն, ժամէ ժամ մեռնելու կը սպասեմ։ Արդէն Փրկիչ պառկած չըլլայ նէ։

ԲԺԻՇԿ Աղէկ, բայց տեսնամ պիտի։

ԽԱԼՖԱ Դուն սկսէ, հիմա կու գայ։

ԲԺԻՇԿ Մարդը չտեսած սկսիլ կ՚ըլլա՞յ։

ԽԱԼՖԱ Ճանըմ, մարդ տեսած չունիս դուն։ Նայէ պատուհանէն վար. փողոցէն կ՚անցնի կոր՝ ատոր պէս մէկը։ Դուն ըսէ ատիկա. տեսար գնաց։

ԲԺԻՇԿ Ըսելը դիւրին է։ Դուն իմ տեղս ըլլաս, չտեսած ատանկ բան կրնե՞ս։ Եա վաղը միւս օր ելլայ դատ բանայ, դուն ինծի ուր տեսար, երբ քննեցիր ըսէ, ես ի՞նչ պատասխան տամ պիտի։

ԽԱԼՖԱ Մինչեւ իրիկուն, չի գայ նէ։

ԲԺԻՇԿ Վաղը կ՚ըլլայ։

ԽԱԼՖԱ Վաղը մի. ինչ լայն լայն կը չափես։ Դուն խենդի հետ մէկ յարկի տակ գիշեր անցուցած ունի՞ս։ Այսօր պէտք է լմննայ։

ԲԺԻՇԿ Եթէ կը պնդես, կ՚ըլլայ։ Բայց աւելի սուղ։

ԽԱԼՖԱ Գինին վրայ ի՛նչ կ՚աւելնայ եա։

ԲԺԻՇԿ Հարկաւ կ՚աւելնայ։ Շատ պարզ է։ Մարդը կը տեսնես, աղէկ գէչ բան մը կը յարմարցնես։ Աս բոլորովին մութի մէջ է։ Աւելի վճարես պիտի, եթէ ոչ՝ չըլլար։

ԽԱԼՖԱ ( Տաքցած ) Գլուխս կը դարձնէք կոր։ Հանդիպողը կ՚ուզէ կոր։ Մինակ դուն չես եա տօքթոռ, ես ալ ուրիշ մը կը կանչեմ։

ԲԺԻՇԿ Ադ քու գիտնալիքդ է։ Ես կ՚երթամ. այցեգինս տուր։

ԽԱԼՖԱ Ի՛նչ այցեգին։

ԲԺԻՇԿ Քիչ առաջ ժամ մը աշխատեցայ վրադ, պապայիդ հոգիին համար չէր անիկա։

ԽԱԼՖԱ– Անիկա ձրի չէ՞ր։

ԲԺԻՇԿ— Դուն կ՚ըսես։ Մտքէդ թերեւս այդպէս անցուցիր։

ԽԱԼՖԱ Անիկա միւս գործին հետ կը սեպենք, կը խառնենք։

ԲԺԻՇԿ Է, միւս գործը չես ուզեր կոր նէ։

ԽԱԼՖԱ Ո՞վ ըսաւ որ չեմ ուզեր։ Ամա առջի բերան ատանկ կրակի գին բանաս նէ, հարկաւ ես ալ աժանը փնտռեմ պիտի։

ԲԺԻՇԿ Տակաւին գին չեմ տուած քեզի։

ԽԱԼՖԱ Աւելի պիտի վճարես ըսողը դուն չէի՞ր։ Ատանկ յաճախորդը մէկէն ի մէկ խրտչեցնելու չէ։ Հիմա մարդու պէս սակարկենք։ Դուն ի՞նչ կ՚ուզես աս կէս խենդը լման խենդ ընելու։

ԲԺԻՇԿ Քեզի չըսա՞ւ Տիգրան էֆէնտին։

ԽԱԼՖԱ Ըսած ըլլար չէի հարցներ։

ԲԺԻՇԿ Ինչո՞ւ չէ ըսեր։ Վախցուցած ըլլալու ես մարդը։ Ինչ որ է։ Ես անանկ խակ մարդ չեմ։ Դուն հիմա ինչ տեսակ rapport կ՚ուզես։

ԽԱԼՖԱ Ես շատ ուժով, ջիմէնթոյի պէս բռնող rapport մը կուզեմ։

ԲԺԻՇԿ— ( Խնդալով ) Որ չպատռի հէ։

ԽԱԼՖԱ Ճաթիլը ձգէ. անանկ մը որ մէջը ինկող մարդը գերեզմանէ բռնուածի պէս քար դառնայ։

ԲԺԻՇԿ Շատ ուժով բան կ՚ուզես կոր։

ԽԱԼՖԱ Դուն իմ տեղս եղիր տէ, թեթեւը ուզէ։ Անանկ մը որ մինչեւ մեռնի զնմանէն չհանէ։

ԲԺԻՇԿ Զնտանը ի՞նչ է։ Բանտ չենք ղրկեր կոր։

ԽԱԼՖԱ Բանտէն աւելի գէշ։ Փրկիչին զնտանը բանտէն խաթ-խաթ գէշ է։

ԲԺԻՇԿ Կը սխալիս։ Փրկիչին մէջը զնտան չի կայ։

ԽԱԼՖԱ Հապա խենդերը ո՞ւր կը պահեն։ Ես կառավարութեան համար ասկէ քառասուն տարի առաջ ձեռքովս շիներ եմ։ Բազուկի պէս երկաթով պատուհան եմ հիւսեր։ Մութ, գէտին։

ԲԺԻՇԿ Ադ ուրիշ տեղ ըլլալու է։ Փրկիչը ատանկ բան չի կայ իմ գիտցածս։

ԽԱԼՖԱ Է, աղէկ աս մարդերը խենդերը ո՞ւր կը պահեն։

ԲԺԻՇԿ Մասնաւոր արգելարաններ կան։

ԽԱԼՖԱ Եա ատեն մը գացինք, գետնին տակն էր անոնց տեղը։

ԲԺԻՇԿ Ճանըմ, հիմա տեղին համար պարապ ժամավաճառ չըլլանք։ Այսչափ խենդ կայ, ամէնն ալ մէկ մէկ տեղ տեղաւորած են։ Հարկաւ մերինն ալ փողոցը պիտի չթողուն։

ԽԱԼՖԱ Ա՛, ադ կէտը մասնաւոր ուշադրութիւն կ՚ուզէ։ Կ՚ելլան վերը տեղ մը կը դնեն։ Մէկ երկու շաբաթ կը պահեն ետքը թող կու տան։ Ան ատեն ակռաներովը կը սպաննէ չիյտես դուն ինչ ճանավար խենդ է։ Չէ նէ չէ եղած։ Անգամ մը թող չտուի՞ն։

ԲԺԻՇԿ Ըսել է մարդը մինչեւ մեռնի ո՞ն մնայ պիտի։

ԽԱԼՖԱ Տիգրան էֆնէտին չըսա՞ւ։

ԲԺԻՇԿ Ատանկ բան չըսաւ, եղբայր։ Ադ քու ուզածդ շատ սուղ բան է։ Եւ մինակ ինձմով չըլլար:

ԽԱԼՖԱ Հիւանդանոցը դուն ձգէ մեզի։ Ան մեր գործն է, դուն քուկդ նայէ։

ԲԺԻՇԿ Ատանկ բան չի գրուիր rapportին մէջ։

ԽԱԼՖԱ Ինչ թոհաֆ բժիշկ ես դուն, Տօքթոռ էֆէնտի։ Մարդու մը փրկիչցու ըսելը դժո՞ւար գործ է։

ԲԺԻՇԿ Դիւրին է։ Բայց քու ըսածդ ուրիշ բան է։

ԽԱԼՖԱ Հարկաւ։ Քիչ մը ուրիշ ըլլալու է։ Փրկիչցու ես ալ կ՚ըսեմ, միւսն ալ կ՚ըսէ։ Ինչո՞ւ քեզի այսչափ դրամ պիտի տանք: Հարկաւ բարակ կէտ մը կայ տակը։

ԲԺԻՇԿ Է՛, ետքը։

ԽԱԼՖԱ Շղթաները բնաւ ոտքէն ու ձեռքէն պիտի չքակուին։

ԲԺԻՇԿ Շղթան ի՞նչ է։

ԽԱԼՖԱ Ճանըմ. դուն ալ հիչ բան չես գիտեր կոր։ Խենդերը չե՞ն կապեր։ Քանի քանի հատ աչքովս եմ տեսեր։

ԲԺԻՇԿ Ատիկա անտեղի բժիշկին գործն է։

ԽԱԼՖԱ Դուն rapportին մէջ աւելցնելու ես։

ԲԺԻՇԿ Ատանկ բան չի գրուիր։

ԽԱԼՖԱ ( Տաքցած ) Ինչ ըսեմ, դէմը ջուր կը հանես։ Քիչ մըն ալ մեծցնելու ես։ Չէնէ ինչպէ՞ս ջիմէնթոյէ ըլլայ պիտի։

ԲԺԻՇԿ Է՛, ետքը։

ԽԱԼՖԱ Բոլորովին պիտի արգիլեն դուրսէն որեւէ մէկու մը հետ տեսնուիլը։

ԲԺԻՇԿ Քու բոլոր ըսածներդ հոն ըլլալիք կարգադրութիւններ են։ Հիմա անդրադառնանք։ Առողջ մարդ մը խենդի վերածենք պիտի, առաջին։

ԽԱԼՖԱ Ծուռ կ՚ըսես կոր։ Կէս խենդ մը լման խենդի պիտի ըսես։

ԲԺԻՇԿ Կէս խենդը դուն կ՚ըսես. ես պետք է տեսնամ որ համոզուիմ։

ԽԱԼՖԱ Ո՞ւր գնաց պէ շան զաւակը։ Տունէն չէր զատուեր։ Ախ զնտանցու շուն։

ԲԺԻՇԿ Ադ առաջին կէտին համար երկու հարիւր ոսկի։

ԽԱԼՖԱ ( Ցատկելով ) Խենդացա՞ր, չէ նէ ինծի փրկիչցու ընել կ՚ուզես։

ԲԺԻՇԿ ( Ձեռքերը տիրաբար երկարելով ) Տեղդ նստէ հանդարտ ու խելօք։ Տուածդ պարապ բան է։ Երկու հարիւր թուղթին խօսքը չըլլար այսօր։ Ասիկա առաջինն էր։ Երկրորդը, ջիմէնթոյի պէս rapport մը երկու հարիւր ոսկի ալ ան, կ՚ընէ չորս հարիւր։ Մի ցատկեր։ Վեր ալ ցատկես, վար ալ ցատկես, պիտի տաս։

ԽԱԼՖԱ ( Ձեռքերովը բժիշկին ձեռքերը բռնելով ) Թող քիչ մը եալանխաթ ըլլայ, գինը պակսի։

ԲԺԻՇԿ Երկու հարիւր ալ rapportը՝ չորս հարիւր։ Կեցիր, տակաւին ուրիշ կայ։ Րէիսին եւ քեաթիպին ստորագրութիւնները, յիսունական ալ ատոնք, ամէնը 500 ոսկի։

ԽԱԼՖԱ ( Նրբութեամբ ) Իլմահապէր չէ ասիկա որ այսչափ ստորագրութիւն պէտք ըլլայ։ rapport ըսածդ մինակ բժիշկին ստորագրութիւնովը կ՚ըլլայ։

ԲԺԻՇԿ Քու բոլոր գիտցածներդ ատանկ են։ Բժիշկին ստորագրութիւնը չեն հաuտատեր։ Չէ նէ, դուն ալ վաղը հանդիպած մէկու rapport գրել տուր, բժիշկ եմ ըսելով ստորագրութիւն մը դիր եւ ուզած մարդը Փրկիչ ղրկէ։ Չըլլալիք բան է։ Հիմա ի՜նչ էր հաշիւը։ Հինգ հարիւր։ Սանթի մը չեմ զեղչեր։

ԽԱԼՖԱ Հինգ հարիւր կտոր կ՚ըլլամ նորէն չեմ տար ադ փարան։ Ինծի կծծի մէկը չի գիտնաս։ Տեղին գայ, ես հազարն ալ, տասը հազարն ալ կու տամ։ Բայց մարդուն դպած կէտը գիտէք ուր է։ Բան մը չըրածէն կ՚ելլաք աշխարհք մը դրամ կ՚ուզէք։ Ինծի խալֆա կ՚ըսեն։ Ես ատանկ տուպարայի չեմ գար։

ԲԺԻՇԿ Հազար կտոր ալ ըլլաս աս դրամը տաս պիտի։ Հա, մոռցայ։ Հինգ ալ այցեգին։ Հինգ հարիւր հինգ։

ԽԱԼՖԱ Ամօթ է Տօքթոռ։

ԲԺԻՇԿ Չորս ոսկի իննսուն եւ ինը փարա ըսես, չըլլար։ Հարսանիքի քննութիւն, ինչ կ՚ըսես։ Կեանքիդ մէջ մէկ անգամ է աս։ Հիմա կը համրես, կը սկսիմ գործի։

ԽԱԼՖԱ Գնա գործիդ մարդ. վրադ կարդացուր քիչ մը։ Երկու տող գիր 500 ոսկի. ոսկի է աս, սիկառի թուղթ չէ։ Ես ատոնք հազար քրտինքով եմ վաստկեր։

ԲԺԻՇԿ Քեզի հաշիւ հարցնող չի կայ, գործիդ գայ նէ։

ԽԱԼՖԱ Հարկաւ գործիս չի գար։ Ես ատիկա շատ աժանով ընել կու տամ։

ԲԺԻՇԿ Դուն անփորձ ես, Խալֆա։ Գիտնայի ասանկ ինչ ըլլալդ, չէի մտներ։ Դիմացէն մարդու կը նմանիս։ Չես մտածեր որ եթէ այս գործի մասին ուրիշ մը բառ առնէր բերնէդ, ինքզինքդ բանտ կը գտնես։ Երկար չեմ ուզեր ըլլալ։ Մէյ մըն ալ քիչ է շատ է։ Հիմա կ՚իջնամ վար աղերսագիր մը ու տունդ, ճրագը կը մարեմ։

ԽԱԼՖԱ ( Ահաբեկ ) Ինչ անաստուած մարդ ես դուն։

ԲԺԻՇԿ Մէջերնիս կայ հատ մը բայց ո՞րն է։ Երկու հոգիի արիւն կը մտնես կոր, չե՞ս կարծեր։

ԽԱԼՖԱ Այդքան դրամ կ՚ուզե՞ն մարդէն։ Կաշի ունենալու է։ Իմս ալ ըլլայ փարան, ես ինծի կ՚ամչնամ։

ԲԺԻՇԿ Կը տեսնուինք ( Կը շտկուի դուռ

ԽԱԼՖԱ ( Դող ելած ) Ո՞ւր։

ԲԺԻՇԿ ( Կը շարունակէ երթալ

ԽԱԼՖԱ   ( ՆԵտուելով ) Կեցիր նայինք: աս սակարկութիւն է։ Ո՞ւր տեսնուեր է մարդուն ուզած գինը մէկ անգամէն տան։

ԲԺԻՇԿ— Բժիշկները վաճառական չեն։

ԽԱԼՖԱ Մեր երկիրը աղջիկներն անգամ սակարկելով կու տան, ուր մնաց չոր դրամը։

ԲԺԻՇԿ Հոս Պոլիս է։ Մեղք որ այսչափ տարի Գատը-Գիւղի քարերը կոխկրտեցիր։ Դեռ գեղիդ փոշին սրբուած չէ աչքերէդ։

ԽԱԼՖԱ Իրարու դէմ չելլանք հիմա։ Դուն սանկ բան մը կոտրէ, լմնցնենք։

ԲԺԻՇԿ Հաստ ես, Խալֆա, հաստ։ Գլուխդ ալ թանձր է փորիդ պէս։ Քեզի ըսի որ տասնոց չեմ իջնար, ալ…

ԽԱԼՖԱ Ամա գործդ զօռլու ըլլայ պիտի։

ԲԺԻՇԿ Հոդ պահանջէ։ Իրաւունք ունիս։

ԽԱԼՖԱ Ջիմէնթոյէն ալ դիմացկուն. մէրմէրէ մը կ՚ուզես` ալ քուկին գիտնալիքդ է։

ԲԺԻՇԿ Դրամները բեր որ սկսիմ։ ( Մէկ կողմէն կը հանէ ինքնագիր գրիչը, թուղթ

ԽԱԼՖԱ Շատ փարա է, շատ փարա։ Դուք ինծի ջուլը նստեցնէք պիտի ( Կ՚երթայ դուրս

ԲԺԻՇԿ ( Մինակը կը գրէ. կ՚աւրէ. ինքնիրենը կը խօսի, գրածը կը կարդայ

ԽԱԼՖԱ— ( Գալով ) Սկսա՞ր։

ԲԺԻՇԿ Դրամնե՛րը ( Ձեռքը կ՚երկնցնէ

ԽԱԼՖԱ Ինչ անկուշտ մարդ ես դուն։ Գրէ՛ բերի։

ԲԺԻՇԿ Գրպանս։ Ետքը գրել։

ԽԱԼՖԱ— Ետքէն չգրես նէ։

ԲԺԻՇԿ ( Սրդողած ) Դուն հոգի կը հանես կոր։ Քեզի ըլլայ տուած փարադ ( Կը նետուի դուրս: Ետեւէն խալֆան ) ( Բեմը պարապ է

ՁԱՅՆԵՐ Ներս մտիր։

ԲԺԻՇԿ Ձգէ՛, չեմ մտներ։

ԽԱԼՖԱ Ոտքդ պագնեմ, կամաց, ներս մտիր, վարէն կիմանան։

ԲԺԻՇԿ Չե՛մ մտներ. ձգէ. երթամ պիտի, ես քեզի կը հասկցնեմ։

ԽԱԼՖԱ Առ, աման աղբար, առ ներս մտիր ( Կը մտնեն ներս: Բժիշկը բարկացած, խալֆան ամօթով։ Կը համրէ

ԲԺԻՇԿ Աս ի՞նչ է։ Հարիւրը ո՞ւր է։

ԽԱԼՖԱ— Ատանկ չըսինք որ։

ԲԺԻՇԿ ( Թուղթերը երեսին նետելով ) Գնա կորսուէ մարդ։ ( Արդէն դուռը բռնած է։ Խալֆան կրցածին չափ կը կախուի փէշերէն

ԽԱԼՖԱ— Աման Տօքթոռ, ես ըրի դուն մի ըներ։ Վարէն կ՚իմանան։ Լման կու տամ, աս ինչ կրակի կտոր ես եղեր դուն։

ԲԺԻՇԿ Տէ շուտ լմնցուր, աղտոտ մարդ ( Հարիւրն ալ կու տայ խալֆան Հի՞նգը։

ԽԱԼՖԱ Էհ, իրիկուն ըրիր։ Ան ալ...

ԲԺԻՇԿ Շուտ, հինգ կ՚ըսեմ կոր։ Կէս վայրկեան մինչեւ միջոց ( Խալֆան դողալէն ան ալ կու տալ

ԽԱԼՖԱ Գրէ. գրէ. լմնցուր սա շան զաւակ գործը։ ( Բժիշկը կը նստի գրի։ Խալֆան պատուհանն է Հա՛, Տօքթոռ, եկաւ։ Ել տես։ ( Տօքթոռը կ՚ելլայ, կը տեսնէ իբր թէ եւ կը նստի նորէն գրելու։ Խալֆան մէկ աչքը դուրս, մէկը ներս երկուքնուն ալ հազար մէկ սպառնալիք կ՚ընէ։ Մէկէն սիրտը կը բռնէ

Ան ալ հե՛տն է։ Ան ալ հե՛տն է։ Ախ շան զաւակ, դուն տեսնես պիտի։ ( Պատուհանէն ասդին կու գայ։ Բժիշկին որ լմնցուցած է ) Է՛, Տօքթոռ, հարիւրը ետ պիտի տաս:

ԲԺԻՇԿ Ինչո՞ւ։

ԽԱԼՖԱ Տեսար տղան։

ԲԺԻՇԿ ( Թուղթը երկարելով ) Սիրտ չունիմ քեզի մտիկ ընելու։ Առ ասիկա, շիտակ Տիգրան էֆէնտիին տար։ Հիմա՛։ Ես դուրս ելլելէս ետքը։

ԽԱԼՖԱ Մեր հարիւրը ( Կախած է փէշը

ԲԺԻՇԿ   ( Ծուռ նայելով ) Գնա, չար սատանայ։

ԽԱԼՖԱ Ծուռ նայելով պարտք չի վճարուիր։ Ես՝ սակարկեր եմ քեզի հետ։ Ետքէն քեզի աղէկ չի գար։

ԲԺԻՇԿ Տէ, գնա կորսուէ, անպատիւ մարդ։

ԽԱԼՖԱ Մի՛ պոռար։ Վարն են։

ԲԺԻՇԿ ( Կ՚երթայ, ամուր ամուր կոխելով

ԽԱԼՖԱ— Ինշալլահ չես կրնար ուտել ( Բժիշկին ոտքին ձայնը հատիկ հատիկ ) Քիթէդ գայ ( քայլափոխ ) արիւն թարախ ըլլայ ( քայլափոխ) չոլուխ չոճուխիդ խիսմէթ չըլլայ ( քայլափոխ ) որդնոտիս տէ անանկ սատկիս ( քայլափոխ ) դժոխքին կրակին ( դուռի փակումի ձայնը ) Էօ՜ֆ։ Աս ինչ կծու բան էր։ Երկու տող գիր 500 ոսկի։ Տէ դուն գնա աս տարիքովդ տախտակներուն վրայ հոգիդ տոպրակը դիր, պնդէ ( վարէն դուռի բացուելուն գոցուելուն ձայներ Է՛, շան զաւակ, աս ամէնուն ցաւը քենէ հանեմ պիտի։ Անանկ զնտան մը նետել տամ որ Աստուծոյ յոյսին կարօտը մնաս։ Չի կենայ ալ նէ քեզի համար յատակէն շինեմ պիտի, ձեռքովս, հէմ ձրի։

ԳՐԻԳՈՐ Բարեւ:

ԽԱԼՖԱ Գրողը տանի բարեւդ ալ քեզ ալ։

ԳՐԻԳՈՐ Ադ գիտեմ։ Բայց կրողին ղրկելով չի լմննար խնդիրը։ Վերջնական պատասխան։

ԽԱԼՖԱ Աղբար, դուն ե՞րբ մարդ եղար, ե՞րբ ատանկ գլուխդ տիք բռնել սորվեցար՝ ե՞րբ սուրաթով խօսիլ սկսար։

ԳՐԻԳՈՐ Այբէն սկսինք։ Պատասխանէ։

ԽԱԼՖԱ Քեզի պատասխան չունիմ տալիք։ Բռնի կնիկդ գլո՞ւխս հանես պիտի։

ԳՐԻԳՈՐ Մա՛րդ, քեզի հազար ըսի, որ չվիրաւորես։ Դուն շատ լաւ գիտես որ անիկա քու կնիկդ է։ Ալ ինչո՞ւ կը բարկացնես։

ԽԱԼՖԱ Աղէկ, ամա, աշխարհ արար հակառակը գիտէ։

ԳՐԻԳՈՐ Աշխարհ արար աւելի գէշ բան մը գիտէ։

ԽԱԼՖԱ Ատիկա հոգս չէ։ Ես քեզի փարա եմ համրեր. ձրի չէ եա։

ԳՐԻԳՈՐ ( Ընկճուած, բայց զինքը պահելով ) Ատոր ալ պատասխանը տուեր եմ։ Ալ արդարացում, ազատում չի կայ։ Եթէ այս լրբութիւնը աւելի առաջ տանիս, դու գիտես որ գլուխդ երկու չէ, չորս կտոր կ՚ընեմ։

ԽԱԼՖԱ Ադ շատ լաւ գիտեմ։ Հիմա գործ ունիմ, վար կ՚իջնամ կոր։ Գալուս ուզածդ կը բերեմ։

ԳՐԻԳՈՐ Լաւ, վերջին թոյլատուութիւն մը։ Տակաւին փողոցին դուռէն չմտած պատասխանը պիտի տաս։ Ու դուն գիտես թե ինչ է ադ պատասխանը։

ԽԱԼՖԱ Գիտե՛մ, գիտե՛մ (քմծիծաղ)։

ԳՐԻԳՈՐ— Կը խնդա՞ս։ Չես ազատիր։ Խալֆա, չեմ ազատեր քեզի։

ԽԱԼՖԱ Մէջերնիս կ՚ազատենք ( Կ՚ելլէ դուրս. քայլերը կը համրուին, դուռը կը գոցուի։ Կը նետուի Արմինէ

ԱՐՄԻՆԷ Կակուղցա՞ծ է։

ԳՐԻԳՈՐ Նոյն մարդն է։ Ուժը տեսածին պէս կը կակուղնայ։

ԱՐՄԻՆԷ Ի՛նչ պատասխան պիտի տայ արդեօք

ԳՐԻԳՈՐ Չի կրնար խուսափիլ։ Ինք ինչպէս որ իր պայմանները պատրաստեց, ես ալ նոյնը պիտի ընեմ։

ԱՐՄԻՆԷ Բայց Ելմոնէն...

ԳՐԻԳՈՐ Անիկա առանց անոր ալ դժբախտ է։ Միշտ դժբախտ եղած է։

ԱՐՄԻՆԷ— Բայց հիմա է իրապէս անոր դժբախտութիւնը։ Ցաւերը մեզի եկած անհաճոյ հիւրեր են. ուզենք չուզենք ընդունինք պիտի։ Բայց տառապանքը սիրուած բան մը թաղելուն մէջն է։ Ու գիտեմ որ անիկա կը սիրէ։

ԳՐԻԳՈՐ Արմինէ, դուն կ՚ուզես անկեղծ ըլլալ։

ԱՐՄԻՆԷ Քեզի հե՜տ։

ԳՐԻԳՈՐ Դուն ինչո՞ւ միշտ կ՚անդրադառնաս անոր երբ պէտք կայ ու չի կայ։ Խորհած ունի՞ս ատոր։

ԱՐՄԻՆԷ Լրջօրէն ո՛չ։ Բայց անիկա աչքիս առջեւէն չի հեռանար։

ԳՐԻԳՈՐ Ինչպէ՞ս կը տեսնաս անոր հոգին։

ԱՐՄԻՆԷ Շատ պարզ քեզմով լեցուն։

ԳՐԻԳՈՐ Ինչպէ՞ս կը տեսնաս քու հոգիդ։

ԱՐՄԻՆԷ Իմ հոգի՛ս, նայած չունիմ անոր։

ԳՐԻԳՈՐ Խօսք տուիր որ անկեղծ ըլլաս պիտի։ Չե՞ս տանջուիր։

ԱՐՄԻՆԷ ( Լուռ ու կամաց ) Այո՛։

ԳՐԻԳՈՐ Դուն քեզ չե՞ս մեղադրեր։

ԱՐՄԻՆԷ Այո՛, բայց կը զղջամ շատ շատ։

ԳՐԻԳՈՐ Երկուքնուդ զգացումը իրարու հետ բաղդատա՞ծ ես։

ԱՐՄԻՆԷ— Օ՜, ադ անկարելի է։ Ելմոնէն զգաց ինչ որ ես կը զգամ։ Բայց ապահով եմ որ անորը քեզի հանդէպ սովորական զգացում մը չէ երբեք։

ԳՐԻԳՈՐ Բայց սէրն ալ չէ։ Սէրը քո՛ւկդ է։

ԱՐՄԻՆԷ ( Ցնցուած կամ ուրախ ) Իմինս, այո՛, ես չեմ կրնար պահել ատիկա։ Բայց քեզի դէմ իմ ունեցածս բան մըն է որ որոշ անուն չունի։ Կ՚ուզեմ որ ամէն վայրկեան հետդ ըլլամ, երկար, անվախճան տեւողութեան մը համար։ Հետդ ըլամ, ձայնիդ տակը, աչքիդ տակը, դուն իմ վրաս. լայն ու բարձր, զով շուքին պէս։ Ասիկա սէ՞րն է։

ԳՐԻԳՈՐ Տարիքի խնդիր: Առաջին հոսումն է անիկա ու բարի է բոլոր բղխումներուն նման։ Աղջիկները քիչ անգամ բախտը ունին այսպէս սիրելու։

ԱՐՄԻՆԷ Առաջ պզտիկ տաքութիւն մըն էր։ Քու յիշատակդ դպրոցին մէջ։ Վագանսին մելամաղձութիւն. Հիմա չդիմացուող բան մը զիս քեզի կը նետէ։ Ես քեզի կը սիրեմ առանց գիտնալու։ Քու շունչդ է որ սենեակէ սենեակ, փողոցի փողոց կը տանի վարդի տերեւի մը պէս:

ԳՐԻԳՈՐ Այս ամէնէն ետքը տակաւին կը յամառիս քրոջդ անունը բերանդ առնել։

ԱՐՄԻՆԷ Դիւրին չէ վճիռ տալը։ Դուն ալ անցած պէտք է ըլլաս իմ վիճակէս զիս բոլորովին հասկնալու համար։ Երկու մեծ յուզումներ լեցուցին իմ կեանքս։ Առաջինը Ելմոնէն։ Անոր դժբախտութիւնը, ամուսինին մահը, մեր անօթութիւնը, առաջին ուժով տպաւորութիւններն են որ պիտի մնան իմ մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ առաջին տագնապներս ալ անոնք եղան։ Անոր հետ երբ կը բնակէի մեր խեղճուկ տնակին մէջ, ես զգացի թէ կեանքը բարիք մը, օրհնութիւն մը չէր։ Գիտես, որ այդ օրերուն մեռնիլը սիրեցի։ Ու եթէ Խալֆային պատահարը չհասնէր։

ԳՐԻԳՈՐ Երանի թէ հասած չըլլար։

ԱՐՄԻՆԷ Այսպէս ալ չեմ կրնար ըսել։ Անիկա փրկութեան լաստ էր, ինչպէս կ՚ըսեն։ Մենք աղտոտ ջուրերու վրայ էինք, բայց վերջապէս փայտի կտորի մը վրայ։ Ուրիշներ մինչեւ վիզերնին մխրճուած ըրին այդ ճամբան։ Ու մենք յոյսով տարինք մեր ապաշխարհանքը։ Ու այդ օրէն անոր հանդէպ իմ մէջ արթնցաւ անսահման գորով։ Կարծես թէ մայր էի անոր։ Ասիկա առաջին դղրդիւնը իմ զգայնական աշխարհիս։ Երկրորդ յուզումը քենէ կու գայ։ Ինչեր եմ երազեր քեզի համար։ Ինչո՞ւ։ Ոչ մէկը գիտէ այդ ճամբան։ Ինչ վախով ու հիացումով իմացայ մեծ մանրամասնութիւնը որ մէկէն հերոսի վերածեց քեզ իմ աչքիս։ Ու ինչու մտայ այս ճամբան որ քրոջս էր։ Ասկէ առեղծուածը եւ ասկէ՛ տառապանքը։ Չեմ կրնար ծերուկին ձգել անիկա։ Ցաւէն, անխօսուկ կը մեռնի ան։ Քեզ անոր ձգելու մտածումն անգամ կայծակի պէս կը ծակէ հոգիս։ Ե՛ս ալ պիտի մեռնէի։

ԳՐԻԳՈՐ Քեզի բան մը յայտնած է քու զգացածներուդ վրայ։

ԱՐՄԻՆԷ Զիս շատ հպարտ կը կարծէ։ Յետոյ, պանգայի տասը հազար ոսկին անիկա կը խաբէ կոր։ Այդ դրամով ես ուզածս կրնամ գտնել այս է անոր կարծիքը։

ԳՐԻԳՈՐ Բայց քու վերաբերումդ ինչպէ՞ս կը մեկնէ ինծի հանդէպ։

ԱՐՄԻՆԷ Անիկա զիս կամուրջ կը գործածէ կոր, քեզի գալու համար։ Ի՞նչ միամիտ ու սիրուն վարդապետութիւն։

ԳՐԻԳՈՐ Ատ նոր յայտնութիւն մըն է։

ԱՐՄԻՆԷ Գոնէ ես այդպէս էր կարծեմ։ Միշտ կը թելադրէ որ քեզ տանիմ, տանիմ դուրս, խօսիմ, խօսեցնեմ, քու տրտմութիւնդ վերցնեմ քիչ մը։ Ու ցաւալին, իրապէս ամօթը այն է որ ես իմ հաշւոյս կ՚աշխատիմ։ Ինչ մեղքս պահեմ, առաջին օրէն իսկ աշխատեցայ ինծի համար։ Սիրտերը խելօք տղոց չեն նմանիր որ զրուցածդ մտիկ ընեն։

ԳՐԻԳՈՐ Կասկա՞ծ։

ԱՐՄԻՆԷ Այնքան բարի է սիրտը։ Էրիկը մեռնելէն երկու տարի դեռ յոյս ըրաւ որ պիտի գտնէր: Այդքան միամիտ է։ Գիտնայ թէ ես բացուած եմ քեզի, խելքին կու գայ։

ԳՐԻԳՈՐ Լաւ։ Ասոր վե՞րջը։

ԱՐՄԻՆԷ Ես գիտեմ։ Ես ան գիտեմ որ առանց քեզի չեմ կրնար ապրիլ։ Երբեմն ինծի կու գայ որ սիրտս ժամացոյցի պէս կենայ պիտի մէկէն, երբ ըսեն թէ դուն հեռացած ես ինձմէ։

ԳՐԻԳՈՐ Բայց ասոր վերջը չեմ տեսներ կոր ես։

ԱՐՄԻՆԷ Ա՜խ, տղայ. ձգէ վերջը։ Նոր կը սկսի։ Վերջը, վերջը… ըլլալիքը թող ըլլայ։ Ձգէ աս ժամուն, միտքդ թող դադրի աշխատելու։ Սիրտդ բաց, վերցուր, բեր ականջդ սրտիս, բեր ( գլուխը մեղմով կը մօտեցնէ իր կուրծքին Ձայներ չե՞ս լսեր:

ԳՐԻԳՈՐ Դուն կը լսե՞ս։

ԱՐՄԻՆԷ Ա՜, անանկ յստակ, անանկ որոշ է աս ձայնը: Նայէ, դաք, դաք։ Ատիկա դուրսէն լսուածն է։ Անոր հետ ներսէն ի՛նչ բառեր։ Ինչ չասուող բառե՛ր։ Մտիկ ըրէ ( Գլուխը լաւ մը կը կռթնցնէ կուրծքին ) Կամաց, խելօք տղու պէս։ Մտիկ ըրէ։ Դուն ալ լսես պիտի։

ԳՐԻԳՈՐ Ինչ ամուր է աս։ Ինչո՜ւ այսչափ աճապարանք կայ։

ԱՐՄԻՆԷ Երիտասարդ սիրտն է ան։ Գիտցիր, ինչեր կ՚ըսէ ան։

ԳՐԻԳՈՐ ( Միշտ գլուխը դրած անոր կուրծքին, քիչ քիչ դէպի վար, շրթունքը բարձրացող ձեւով մը ) Ինչե՜ր։

ԱՐՄԻՆԷ Անիկա կ՚ըսէ թէ հիմա իր տեղէն ելլայ պիտի. քուկինէդ ներս, հոս ( կուրծքը ցուցնելով ) պիտի մտնէ։

ԳՐԻԳՈՐ Ուրիշ, ուրիշ ինչեր։

ԱՐՄԻՆԷ Անիկա կ՚ըսէ թէ ձայները դժբախտ են, երբ առանց արեգակի կը մեռնին։ Անիկա կ՚ըսէ թէ յոգնած թռչուն մըն է ու կանաչ սրտի մը կը թռչի։ Անիկա իր ընկերը կը փնտռէ։

ԳՐԻԳՈՐ Ինչ բանաստեղծ է այդ ձայնը։

ԱՐՄԻՆԷ Անիկա կը նմանի աշտարակի մը որ իր խարիսխին վրայ կը դղրդի եւ մօտ է տապալելու։ Հանգիստ, տաղաւար չգտնող ճամբորդն է ան աշխարհի անապատին։ ( Գլուխը ափերուն մէջ առած, խնդալով ) Գիտնաս, որքան ճիշդ են ըսածներս, անցնող, մարող, մարիլ տուող բան մը կայ ներսս։

ԳՐԻԳՈՐ Երբէ՞ն ի վեր։

ԱՐՄԻՆԷ Հիմա՛։ Հիմա երբ ինծի կը նայիս։ Աչքերէդ բան մը չտեսնուող վարագոյրի պէս կ՚իյնայ սրտիս վրայ։

ԳՐԻԳՈՐ Ձգէ այդ լեզուն։ Խենդութեան կը տանի անիկա։

ԱՐՄԻՆԷ Օ, ո՛չ, ո՛չ։ Դուն ձգէ աս միւս լեզուն, իմաստութեան լեզուն։ Շատ ժամանակ ունինք խելացի ըլլալու։ Տուր ինծի ափդ ալ ( կ՚առնէ ) Միւսն ալ ( կ՚առնէ Նայէ, ձեռքերս կը հալին քուկիններուդ մէջ։ Միշտ ինծի նայէ, մինակ ինծի, ոչ ուրիշ տեղ։ Հոգիդ ալ մեծ հայելիի պէս իմ վրաս լարէ, իմ վրաս։ Ինչո՞ւ ճակտէդ սեւ անցաւ։ Ի՛նչ, աչքերէդ ամպ անցաւ։ Տեսայ։ Ինչո՞ւ:

ԳՐԻԳՈՐ— Ձգէ քիչ մը։ Լամ պիտի:

ԱՐՄԻՆԷ— Ախ ո՛չ, ոչ հիմա, լալու ատենն ալ շատ է։ Ինծի, աւելի մօտ ( գլուխը վեր, դէպի շրթները Աւելի վեր։ Ինչ կրակ կայ բերնիդ վրայ։ Ինչո՞ւ տաքցաւ երեսս։ Աւելի վեր ( կը կղպուին շրթները վայրկեան մը լուռ )…

ԳՐԻԳՈՐ Ինչ լեղի է:

ԱՐՄԻՆԷ Ինչ քաղցր է։ Տղաս ( իյնալով թեւերուն մէջ, ամբողջ հասակովը ), Առ ինծի զարկ պատերուն, խորտակէ բաժակի մը պէս։ Նետէ ինծի պատուհանէն։ ( Դռան բացուածքէն արդէն Ելմոնէ կը տեսնէ ատոնք։ Սանդուխին վրայ ուրիշ ձայներ

ԵԼՄՈՆԷ Արմէ՛ն։

ԱՐՄԻՆԷ ԵՒ ԳՐԻԳՈՐ— ( Ցնցուած ու ոտքի ) Ի՞նչ կայ։

ԵԼՄՈՆԷ— ( Կոտրուած ու յուսահատ ) Երկու ոստիկան քեզ կ՚ուզեն, Գրիգորին։

ԱՐՄԻՆԷ— Ոստիկանները ինչ ունին ընելիք։

ԳՐԻԳՈՐ Ո՞ւր են։

ԵԼՄՈՆԷ Բակը։

ԳՐԻԳՈՐ— ( Կ՚երթայ գլուխը սանդուխին

ԱՐՄԻՆԷ Կ՚երթա՛ս։ Ախ, մ՚երթար։ Սիրտս անսովոր կը դողայ։

ԳՐԻԳՈՐ Ինչո՞ւ տղայութիւն կ՚ընես։

ԱՐՄԻՆԷ Ախ, մ՚երթար, սիրտերը երբեմն աւելի կը տեսնեն, մերթար ( կը մօտենայ բռնելու

ԳՐԻԳՈՐ ( Ելմոնէին ) Զգուշութիւն ըրէ, չիյնայ։

ԱՐՄԻՆԷ Ախ, մ՚երթար, զաւակս, հայրս, մ՚երթար, մ՚երթար։ ( Տղան չի կայ արդէն։ Սանդուխէն ներս քիչ մը աղմուկ, ետքէն դուռը կը գոցուի։ Յետոյ իրարու կը նային Ախ, գլխուն գալիք կայ, տէր Աստուած։ ( Ելմոնէին ) Ինչո՞ւ չես շարժիր։

ԵԼՄՈՆԷ Գլխուս գալիքը եկաւ, աղջի՛կ։ Ինչո՞ւ ըրիր։

ԱՐՄԻՆԷ ( Ինքզինքը գտնելով, լուռ է եւ կը նայի

ԵԼՄՈՆԷ Չմեղքցա՞ր ինծի։

ԱՐՄԻՆԷ ( Քար կտրած է ) Բայց ի՛նչ ընել։ Ըսէ, ի՛նչ ընեմ, ինչ ընեմ աս սիրտը ( կը նստի կամաց։ Ափերը աչքին վրայ

Ինչ ընել սրտին դէմ։ Ո՛վ է կրցեր դէմ գալ անոր։

 

Վարագոյր