Բ.
ԱՐԱՐ
Նոր
կրուած
տան
մը
սենեակը։
Կարասիները
կէս:
Գետինը
գրեթե
մերկ։
Քանի
մը
աթոռ,
դաշնակ
մը։
Մարգարեան
նախաճաշը
կ՚ընէ
ոտքի,
ձիթապտուղ
եւ
հաց։
Սպասուհին
զբաղած
է
սենեակին
կարգաւորումովը։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Մարիամ,
քեզի
ըսի
որ
սա
պատերուն
գամ
չզարնես։
Ինչու
մտիկ
չես
ըներ։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Ես
չըրի,
Էֆէնտի,
օրիորդը
ըրաւ
անոնք։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ինչո՞ւ
կը
թողուս։
Դուն
օրիորդէն
մեծ
ես։
Ամէն
խելքէն
անցածը
ինչո՞ւ
ընել
կու
տան։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Մտիկ
չըներ
կոր։
Պզտիկ
չէ
որ
վախցնեմ։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Չէ
ատանկ
վախցնել։
Բայց
կամաց
կամաց
կարելի
է
ճամբու
բերել։
Նորէն
պատուհանին
տակը
շատ
կը
նստի։
ՄԱՐԻԱՄ
—
(
Չուզելով
ըսել
)
Շա՛տ։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Կուլա՞յ։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Ինէ
կը
ծածկէ։
Աչքերը
միշտ
կարմիր
են։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Մօրը
խօսքը
բացած
ունի՞։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Բնա՛ւ։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Քեզի
ըսի
որ
դուն
բանաս։
Նայինք
փոխուա՞ծ
է։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Կը
բարկանայ.
կը
վռնտէ
ինծի։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Նշանածին
հետ
միշտ
նո՞յնն
է։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Գիտցածնուդ
պէս։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ի՛նչ
կը
խօսին։
Մտիկ
չե՞ս
ըներ։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Ինչ
գիտնամ։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ—
Իրարու
մօ՞տ։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Դէմ
դէմի։
ՓԻՇԹՕՖ
—
(
ձայնը
կը
լսուի
)
Մարիա՛մ։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Հա՛մմէ։
ՓԻՍԹԱՖ
—
(Ձայնը)։
Հոս
եկուր,
ո՞ւր
կորսուեր
ես։
(
Սպասուհին
դուրս
կ՚ելլէ։
Մարգարեան
նորէն
կ՚երթայ
իր
նախաճաշին։
Ժամացոյցը
ձեռքն
է
ու
յատկապէս
սրդողած
)։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Հայտէ,
Փիշթօֆ,
երկան
ըրիր,
ժամը
ինը
կանցնի
կոր։
Մաղազան
ջուր
կ՚առնէ
հիմա։
(
Փիշթօֆին
ձայնը
)
Սպասէ
քիչ
մը,
եղաւ։
Վուալս
դնեմ
կոր։
Վուալդ
պակաս։
Յիսունին
կու
գաս
կոր։
ՓԻՇԹՕՖ
—
(
Ներս
մտնելով
)
Ինչ
անհամբեր
մարդ
ես։
Փուտրաս
կէս
մնաց։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ճանը՜մ,
թող
փուտրադ
ալ
պակաս
ըլլայ:
ՓԻՇԹՕՖ
—
Առանց
փուտրայի՞։
Ամօթ
է։
Յետին
աղքատն
ալ
կը
դնէ
կոր։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Աղէկ,
աղէկ։
Ո՞ւր
մնաց
Մարիամը
ՓԻՇԹՕՖ
—
Գնաց
աղջիկդ
կանչելու։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ինչո՞ւ։
ՓԻՇԹՕՖ
—
Ինչուն
ալ
խօսք
է։
Կ՚ըլլայ
որ
կ՚ուշանամ։
Պետք
է
սպասուհիին
հետ
երես
երեսի
բերել
ու
պատուիրել։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ինչ
ունիս
պատուիրելիք։
ՓԻՇԹՕՖ
—
Հարկաւ
բաներ
մը
կան։
Մինակ
աղջիկ,
խենդ
աղջիկ։
Անդին
անամօթ
մայրը։
Ինչ
կ՚ըլլայ
ինչ
չըլլար։
Նշանածը
կայ։
Գայ
պիտի։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Չընդունի՞
պիտի։
ՓԻՇԹՕՖ
—
Ինչո՞ւ
չընդունի։
Բայց
ձեւերը
կան։
(
Կը
մտնեն
Անժէլ
եւ
Մարիամ
)։
Մարիամ,
ինծի
նայէ։
Մենք
այսօր
գործով
Պոլիս
կ՚իջնանք
կոր։
Եթէ
պանքան
բաց
ըլլայ,
կ՚ուշանամ։
Չէ
նէ
շուտ
մը
կը
դառնամ։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Շատ
աղէկ։
ՓԻՇԹՕՖ
—
Ըսածներս
լաւ
մտիկ
ըրէ՛։
Ով
որ
գայ,
դուռը
չես
բանար։
ՄԱՐԻԱՄ—
Գլխուս
վրայ։
(
Մտածելով
քիչ
մը
)
Միւսիւ
Սարգիսի՞ն
ալ։
ՓԻՇԹՕՖ
—
Ան
ուրիշ։
Մինակ
անոր
կը
բանաս։
Բայց
դուռը
չբացած
ետեւէն
հարցնես
պիտի։
ՄԱՐԻԱՄ—
Ետեւէն
հարցնեմ
պիտի։
ՓԻՇԹՕՖ
—
Ձայնէն
կը
ճանչնաս,
հարկաւ։
Կը
բանաս
դուռը
եւ
վարի
սենեակը
կը
նստեցնես։
Յետոյ
կու
գաս
օրիորդին
լուր
կու
տաս։
Դուն
ալ
Անժէլ,
իմացածիդ
պէս,
լաւ
մը
կը
հագուիս,
անանկ
կ՚ընդունիս։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ինչենի
են
ասոնք։
ՓԻՇԹՕՖ
—
Հարկաւ
ես
ալ
բան
մը
գիտեմ։
Միւսիւ
Սարգիսը
վատացած
է
որ
շատ
սովորական
ձեւով
մը
կ՚ընդունիս
կոր
զինքը։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Աս
ի՛նչ
ըսել
է,
Անժէլ։
ԱՆԺԷԼ
—
Ինչպէս
ընդունիմ
պիտի։
Տունին
մէ՞ջն
ալ
պտոյտի
զգեստ
հագնելու
եմ։
Վրաս
ինչ
կայ,
անանկ
կ՚ընդունիմ։
ՓԻՇԹՕՖ
—
Ատանկ
պէտքը
չէ
ըլլայ։
Քուկին
էրիկ
մարդ
ըսածդ
ամէնէն
առաջ
կնիկներուն
հագուածքին
կը
նայի։
Փուտրա
ինչու
չես
գործածեր։
Երեսդ
կը
փոխէ։
ԱՆԺԷԼ
—
Նոր
նոր
բաներ
չեմ
կրնար
սորվիլ։
ՓԻՇԹՕՖ
—
Անկրթութիւն
է,
աղջիկս,
առանց
փուտրայի
մորթը
ուրիշներուն
ցուցնելը։
Չես
նայիր
ուրիշներուն։
ԱՆԺԷԼ
—
Ուրիշներուն
չեմ
խառնուիր։
ՓԻՇԹՕՖ
—
Աս
յամառութիւնդ
նոր
է
քու
վրադ։
Քանի
աս
տունը
եկեր
ենք,
փոխուած
ես
նէ,
գիտե՞ս։
ԱՆԺԷԼ
(
Խիստ
)
Ես
ոչինչ
գիտեմ
(
ձեռքովը
յոգնութեան
եւ
անհամբերութեան
շարժում
մը
կ՚ընէ
)։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ—
Մի
այդպէս
խիստ
խօսիր,
աղջիկս։
Ան
է
հիմա
մայրիկը։
ԱՆԺԷԼ—
(
Բարկացոտ
նայուածքով
մը
որ
զուսպ
է
սակայն
)
Մայրիկը՜ս։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ—
Ինչ
գիտցար
եա։
ՓԻՇԹՕՖ
—
Կը
վարժուի։
Մարիա՛մ,
դուն
ականջդ
ինծի
տուր։
Ուրիշ
ով
որ
գայ,
դուռը
պիտի
չբանաս:
ՄԱՐԻԱՄ
—
Գլխուս
վրայ։
ՓԻՇԹՕՖ
—
Մենք
կ՚երթանք
կոր։
Անժէլ,
չմոռնաս
Միւսիւ
Սարգիսը
լաւ
ընդունիլ։
(
Կ՚ելլեն
դուրս,
սպասուհին
ետեւնուն։
Անժէլ
կը
նայի
երազկոտ
դաշնակին
վրայ
դիզուած
նոթայի
տետրակներուն։
Յետոյ
կը
բանայ
դաշնակը,
քանի
մը
դժկամակ
մատներ
կը
զարնէ,
հատիկ
հատիկ
ու
երկարուն։
Արձագանգը
տխուր
է
եւ
սենեակին
մէջ
կը
բերէ
խորունկ
մելամաղձոտութիւն։
Կը
մտնէ
Մարիամ
)։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Գացին
(
կը
մօտենայ
)։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Կը
նայի
աղջկան
առանց
խօսելու։
Կը
խաղայ
նորէն
ստեղներուն
հետ
)։
ՄԱՐԻԱՄ
—
(
Հետաքրքրուած
)
Ատ
մէկը
ինչո՞ւ
ատանք
լացի
համ
ունի։
ԱՆԺԵԼ
—
Ստեղներն
ալ
աղջիկներուն
կը
նմանին։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Հաստ
է
գլուխս.
ինտո՞ր
կ՚ըլլայ։
ԱՆԺԵԼ
—
Դուն
հոս
գալուց
առաջ,
ուրիշ
տուներ
չե՞ս
եղած։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Շատ։
ԱՆԺԷԼ
—
Աղջիկներ
չի
կայի՞ն։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Որքան
կ՚ուզես։
ԱՆԺԷԼ
—
Ամէնն
ալ
կը
խնդայի՞ն։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Խնդացողն
ալ
կար,
լացողն
ալ։
ԱՆԺԷԼ—
Ես
ալ
(
զարնելով
ուժգին
տկար
uտեղին
վրայ
ու
կենալով
)
ատ
տխուր
աղջիկներուն
կը
նմանիմ։
Հասկցա՞ր
հիմա։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Խելքս
չի
հասնիր։
Ամօթ
չէ
եա։
ԱՆԺԷԼ—
Նայէ,
աս
ինչ
պոռացող
է
(
կը
զարնէ
ուժգին
uտեղին
)։
ՄԱՐԻԱՄ—
Հա,
Օրիորդ
Նուարդին
ձայնին
կը
նմանի։
ԱՆԺԷԼ
—
Ո՞վ
է
օրիորդ
Նուարդը։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Դուն
չես
ճանչնար։
Մինչեւ
վերջը
կը
խնդար
ու
կ՚երգէր։
ԱՆԺԷԼ
—
Նշանուա՞ծ
էր։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Հարկաւ։
ԱՆԺԷԼ
—
Ուրախ
էր,
ըսի՞ր։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Ուրախն
ալ
բառ
ըլլար։
Տէր
Յիսո՛ւս։
Մինակ
քեզ
եմ
տեսեր
որ
չի
խնդար։
Օրիորդ
Փիշթօֆը
իրաւունք
ունի։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Ոտքի
)
Անոր
խօսքը
չընես
պիտի։
(
Կը
կենայ,
աւելի
մեղմ
)։
Քեզի
բան
մը
հարցնեմ։
Դուն
ալ
նշանած
եղա՞ծ
ես։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Յիսուս
Քրիստոս։
Ատ
ի՞նչ
հարցում
է,
հարկաւ։
Մեր
գեղին
մէջ
տասը
տարեկան
աղջիկը
կը
նշանուի։
ԱՆԺԷԼ
—
Այնքան
պզտի՜կ
(
կը
մտածէ,
բայց
երազուն
ձեւով
մը
)
է,
համ
կ՚առնե՞ն։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Ինչուդ
է
պետք
համը։
Չըլլալն
է
գէշը։
Ան
տունը
որ
հասուկ
աղջիկ
կայ
ու
նշան
չի
կայ,
մեռել
տուն
է։
ԱՆԺԵԼ
—
(
Նորէն
կը
նայի
հեռուները
)
Դուն
ալ
նշանածիդ
հետ
խօսած,
խնդացա՞ծ
ես։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Չէ,
անտեղ
քաղաք
չէ։
Մենք
իրարմէ
կը
փախչէինք։
(
Խօսքը
կը
կտրուի
երկուքին
ալ
)
Միւսիւ
Տինանեանին
օրն
է
այսօր,
չէ՞։
ԱՆԺԷԼ
—
Ուրկէ
ուր
ցատկեցիր։
Ինչո՞ւ։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Անոր
ալ
պիտի
չբանամ
դուռ։
ԱՆԺԵԼ—
Ինչ
անխելք
ես։
Անիկա
տունին
մարդն
է։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Թող
ըլլայ։
Հրաման
չառի։
ԱՆԺԷԼ
—
Ինչ
վախկոտ
բան
ես
դուն։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Դուն
գոնէ
Փիշթօֆը
նոր
չես
ճանչնար։
Սանկ
աչքերը
լարելէն
փրփրիլ
մը
ունի
որ,
կարծես
մարդ
ուտէ
պիտի։
ԱՆԺԷԼ—
Շատ
վախցեր
ես։
Ով
որ
դուռը
զարնէ,
բանաս
պիտի։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Խելքս
չեմ
կերեր։
ԱՆԺԷԼ
—
Դուն
ձգէ
անիկա։
Նշանածիդ
հետ
մինակ
եղա՞ր
բնաւ։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Աման
դուն
ալ։
Ինչ
կեցեր
խենդ
խենդ
բաներ
կը
հարցնես։
ԱՆԺԷԼ
—
Անուշիկ
Մարիամս,
պատասխան
տուր։
ՄԱՐԻԱՄ
—
(
Կէս
մը
քաղցրացած
)
Ինչ
սատանայ
ես
դուն։
Ատեն
ատեն,
գիշերները,
մեր
պարտէզը
կու
գար։
ԱՆԺԵԼ
—
Դո՞ւն
ալ։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Ես
ալ
ոտքերուս
ծայրը
կոխելէն
սենեակէն
դուրս
կ՚ելլայի
ու
շիտակ
պարտէզ։
ԱՆԺԷԼ
—
Ի՛նչ
կ՚ընէիք։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Ատիկա
կը
հարցնե՞ն։
Դուք
ի՞նչ
կ՚ընէք:
ԱՆԺԷԼ
—
Մենք
կը
խօսինք։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Չէ՞ք
պագտուիր։
ԱՆԺԷԼ—
Դուռը
միշտ
բաց
է.
չե՞ս
տեսնար։
Չեմ
թողուր։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Անանկ
է
նէ
դուք
իրար
չէք
սիրեր։
ԱՆԺԷԼ
—
(Հեռու)
Մարիամ,
ի՞նչ
է
Սէրը։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Սէ՞րը։
Ինծի՞
կը
հարցնես։
ԱՆԺԷԼ
—
Քեզի
կը
հարցնեմ։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Չե՞ս
ճանչնար։
ԱՆԺԷԼ
—
Ուրկէ
ճանչնամ։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Մեղայ
տէր։
Խենդ
խենդ
բաներ
կ՚ըսես
նէ,
գիտնաս։
ԱՆԺԷԼ
—
Իրա՛ւ,
կատակը
մէկդի։
Ի՞նչ
է
սէրը։
Ե՞րբ
կ՚ունենայ
մարդ,
ինչէ՞ն
կիմանայ։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Տէր-Աստուած։
Նշանած
աղջիկ
ես
նէ։
Ինտոր
չես
ճանչնար։
Նոր
կիմանամ։
Աչքդ
անոր
ճամբան
չէ՞
հիմա։
ԱՆԺԷԼ
—
Բնաւ։
Չգայ,
աւելի
գոհ
կ՚ըլլամ։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Զարմանալի
բան։
Քովդ
նստի,
չե՞ս
տաքնար։
ԱՆԺԷԼ
—
Բնաւ։
Աւելի
կը
պաղի
արիւնս։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Զարմանալի
բան։
Ձեռքդ
երբ
բռնէ,
չե՞ս
դողար։
ԱՆԺԷԼ
—
Չէ,
Մարիամ,
չէ։
Անանկ
ցուրտ
է
անոր
ներկայութիւնը
որ
չեմ
կրնար
բացատրել։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Է,
շիտակը
խելքս
չի
հասնիր
ըսածներուդ։
Անանկ
է
նէ,
մեղք
բան
է
ըրածնիդ։
Դուք
իրարու
համար
չէք։
Ետքէն
դժբախտ
կ՚ըլլաք։
ԱՆԺԷԼ
—
Հիմա
չե՞մ
որ։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Հիմա
ուրիշ
է։
Իմին
գիտցածս,
մարդ
նշանածին
մօտիկը,
որքան
ալ
խելօք
ըլլայ
բնութիւնը,
նորէն
կտոր
մը
խենդ
կը
դառնայ։
Սանկ
թեւեր
մը
կ՚առնէ։
Օ,
աչքիս
կու
գայ,
նայէ։
Իրարու
փաթթուած
ատեննիս,
ոտքերս
կը
կտրէին,
կը
հատնէին
գետինէն։
ԱՆԺԷԼ
—
Սէրը
մարդը
օդին
մէջ
կը
բռնէ
ըսել
է։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Մինակ
ատ
ըլլար։
Խեղճ
աղջիկ,
այդքան
ալ
կը
կարդաս։
Չե՞ն
սորվեցներ։
ԱՆԺԷԼ
—
Ձգէ
թուղթերը։
Ուրիշ
ինչեր
կ՚ընէ
անիկա։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Տղա՜յ։
Անիկա
ծերը
երիտասարդ,
երիտասարդները
մանուկ
կ՚ընէ։
Անոր
չըրածը
չի
կայ։
ԱՆԺԷԼ
—
Այդքան
ուժո՞վ
է։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Իրաւ
չի
գիտեր։
Սուտ
կը
կարծէի։
Ըսել
է
չես
լսած։
Աղջի՛կ.
մեռելներն
ալ
կը
վախնան
անկէ։
Անիկա
բերնով
չի
պատմուիր։
Կրակ
է,
կրակ։
Ինկած
տեղը
խոտ
չի
բուսնիր
ալ։
ԱՆԺԷԼ
—
Կայծակին
պէս։
ՄԱՐԻԱՄ—
Կայծա՞կ։
Աղէկ
է
նորէն։
Մէկ
անգամէն
կ՚առնէ
կը
տանի
քեզի։
Աս
ուրիշ
է։
Օրերուդ
հետ
օր
կ՚ըլլայ,
ամիսներուդ
հետ
ամիս։
Դուն
կը
հատնիս,
ան
կը
շատնայ։
ԱՆԺԷԼ
—
Դուն
ունեցե՞ր
ես
ատանկը
ՄԱՐԻԱՄ
—
Ինչ
գիտցար
եա։
(
Դուռը
կը
զարնեն
վարէն
)։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Պատուհանը
կը
բանայ
կը
նայի,
մէկէն
կը
գոցէ
եւ
կը
նետուի
)։
ՄԱՐԻԱՄ
—
(
Ետեւէն
)
Ո՞ւր։
ԱՆԺԷԼ—
Դուռը
բանալու։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Ո՞վ
է
եկողը
որ։
Դուն
ատանկ
չէիր
եղած։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Արդէն
դուրսն
է
սենեակէն
)։
ՄԱՐԻԱՄ
—
(
Վազելով,
կը
քաշէ
թեւէն
ու
ներս
կը
բերէ
)
Արգիլուած
է,
օղուլ։
ԱՆԺԷԼ
—
Ձգէ
խենդ
ես
դուն։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Խենդր
ի՞նչ
պիտի
ըլլայ։
Դուն
ականջովըդ
լսեցիր՝
ինծի
ողջ
ողջ
կը
մորթէ։
ԱՆԺԷԼ
—
Ձգէ
կ՚ըսեմ
քեզի
(
Կ՚ուզէ
ազատիլ
)։
ՄԱՐԻԱՄ
—
(
Լաւ
բռնած
)
Չեմ
թողուր։
Կարելի
չէ,
ո՞վ
է։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Ուժգին
նայելով
)
Կին
մը։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Ինչո՞ւ
կը
դողաս։
Ո՞վ
է։
Ի՞նչ
կնիկ
է։
ԱՆԺԵԼ
—
Մարիամ
ձգէ,
երթամ։
Մեղք
է
ինծի։
Նայէ
ինտոր
կը
դողամ։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Ով
է,
կ՚ըսեմ,
չես
ըսեր։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Լուռ
է,
մէկէն
)
Մաման
է
(
կու
լայ
)։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Մաման
է։
(
Կը
կենայ
)
Ի՛նչ
ընենք։
ԱՆԺԷԼ—
Մայրիկս
է,
Մարիամ,
մայրիկս։
Երեք
ամիսէ
չեմ
տեսեր։
Ձգէ
երթամ։
ՄԱՐԻԱՄ—
(
Դուռը
անգամ
մըն
ալ
կը
հնչէ,
աւելի
կամաց։
Մարիամ
միշտ
բռնած
է
)
Փիշթօ՞ֆը։
Հացէս
կ՚ըլլամ,
աղջիկ,
ինծի
ալ
մեղք
է։
ԱՆԺԷԼ
—
Մամաս
է,
մամաս
է։
(
Մէկէն
ինքզինքը
ազատելով
ձեռքէն
)
Պատուհանէն
ցատկեմ
պիտի
(
Կը
շտկուի
պատուհանին
)։
ՄԱՐԻԱՄ
—
(
Վազելով
)
Խելքիդ
եկաւ։
(
Կը
հրէ
կամաց
մը
դուրս։
Սանդուխներուն
վրայէն
խօլարշաւ
ձայնը
քայլերուն։
Մարիամ
մինակ
է
եւ
տագնապոտ
)։
Հացէս
ըլլամ
պիտի,
հացէս։
(
Դուրս
կ՚ելլէ։
Բեմը
պարապ
է
վայրկեան
մը։
կը
մտնեն
մայր
ու
աղջիկ
փաթթուած
իրարու։
Մայրը
մէկ
ձեռքովը
գրկած
է
միւսովը
կը
հանէ
գլխարկը
)։
ԱՆԺԷԼ
—
Մամաս,
մամաս
(
կը
համբուրէ
կատաղութեամբ
եւ
իրարու
կը
նային,
նորէն
կը
համբուրին
լուռ
)։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Կարօտցա՞ր։
ԱՆԺԷԼ
—
Մամաս,
մամաս,
անուշիկ
մամաս
(
Կը
կենայ,
արցունքին
մէջէն
ժպտալով
)
Դուն
չկարօտցա՞ր։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ուրիշ
բանի
չի
նմանիր
աս
կարօտը։
Բանտ
չէ,
աքսորն
ալ
աչքս
առած
եմ
այսօր։
Խենդենայի
պիտի։
ԱՆԺԷԼ
—
Ինչ
լաւ
զուգադիպութիւն։
Պոլիս
եկաւ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Գիտէի։
Ամսուն
երկուքն
է։
Պանքան
պէտք
է
երթայ
ստորագրելու
իր
թուղթերը։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Աչքերը
չկրնալով
զատել
մայրիկէն
)
Մամա՛ս,
ինչո՞ւ
նիհարցեր
ես։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Քիչ
մը։
Դուն
ալ
նիհարցեր
ես։
Լաւ
չե՞ս
ուտեր
կոր։
ԱՆԺԷԼ—
Գիտցածիդ
պէս
է
տունը։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Իմ
վրաս
կը
խօսի՞ն։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Լուռ
է
)։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Չըսե՞ս։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Գլուխով
)
Այո։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Դո՞ւն։
ԱՆԺԷԼ
―
Ախ
մամաս,
դուն
ալ
չըլլաս,
բան
մը
չէ
խենդանալը։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Հայրդ
կռիւ
կ՚ընէ՞։
ԱՆԺԷԼ
—
Ինծի
Հետ՝
ոչ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Հօրաքոյրիդ
հետ։
ԱՆԺԷԼ—
Միշտ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Նիւթը
ի՞նչ
է։
ԱՆԺԷԼ
—
Ինձմէ
կը
պահեն։
Բայց
յայտնի
է
որ
քու
վրադ
կը
դառնայ։
Զիս
տեսնելնուն
պէս
կը
փոխեն։
Բայց
երեսնին
չեն
կրնար։
Անկէ
կը
հասկնամ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Քեզի
կը
նեղե՞ն։
ԱՆԺԷԼ
—
Ես
իրենց
չեմ
մօտենար։
Բայց
ինծի
թողուցած
չունին։
Հօրաքոյրը
կը
հսկէ
ամէն
քայլերուս։
Դեռ
փողոց
մը
չեմ
ելած
մինակս։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Չե՞ս
հարցներ
որ
ինչու
այսպէս
կ՚ընէ։
ԱՆԺԷԼ
—
Պատասխանը
պատրաստ
է։
Միւսիւ
Սարգիսը
այդպէս
կ՚ուզէ
եղեր։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Շատ
կու
գա՞յ։
ԱՆԺԵԼ
—
Ամէն
օր
գրեթէ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Այսօ՞ր
ալ։
Պիտի
գայ
հարկաւ։
Ինչ
կ՚ըսէ։
ԱՆԺԷԼ—
Չեմ
գիտեր։
Ի՞ր
թէ
անոնց
կողմէ,
ամէն
բաժնուած
ատենը,
կը
պատուիրէ
որ
քեզի
չի
մտածեմ։
Վռնտելս
կու
գայ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
(
Մտածկոտ
)
Իրմէ
ալ
կրնայ
ըլլալ,
է
անոնցմէ
ալ։
առմ
ԱՆԺԷԼ
—
Օր
մը
այնքան
առաջ
գնաց
որ
սպառնալիք
ըրաւ
թէ
նշանը
ետ
կ՚ընէ
եթէ
իմանայ
թէ
տեսնուած
եմ
հետդ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Կը
վախնա՞ս։
ԱՆԺԷԼ—
Չէ։
Բայց
շիտակը
ըսեմ,
ես
համ
չեմ
առներ
այս
տունէն։
Մէկը
թող
ինծի
ազատէ
ասկէ,
ով
կ՚ուզէ
թող
ըլլայ։
Ատոր
համար
է
որ
տակաւին
կը
դիմանամ
կոր
քեզի
ըսուած
նախատինքներուն։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
(
Երազկոտ
ու
կամաց
)
Ամէնէն
շատ
ան
իրաւունք
ունի
նախատելու։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Զարմացած
ու
վշտոտ
)
Այնքան
մեծ
մա՞րդ
է
որ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
(
կը
նայի
կողմնակի.
կէս
գլուխով
ու
ինքզինքը
զսպած
)
Ամբողջ
ըրածը
խաղ
է,
աղջիկս։
Անիկա
դրամէն
զատ
բան
չի
ճանչնար։
ԱՆԺԷԼ
—
Ինչ
զզուելի
է
տեսնաս։
Ամէն
վայրկեան
բերնէն
չի
ձգեր։
Ես
սկիզբները
ինչ
երազներով
սպասեցի
իրեն։
Հայրիկին
ըսէ,
հայրիկին
ըսէ,
հինգ
հազար
քիչ
է,
թող
տասի
բարձրացնէ։
Ժամ
մը
եթէ
խօսի,
հաւաքէ
բառերը
ու
ասոնցմէ
դուրս
բան
չես
գտներ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Դուն
ալ
դիտեր
ես
ըսել
է։
Նորէն
առջի
պէս
իրարու
դէմ
պա՞ղ
կը
մնաք։
ԱՆԺԷԼ
—
Սկսած
օրէն
մինչեւ
հիմա
քայլ
մը
մօտեgած
չէ
հոգիս։
Ե՞ս
եմ
մեղաւորը,
մայրիկ,
ըսէ։
Դուն
գոնէ
կը
հասկնաս
զիս։
Ինչո՞ւ
այսքան
տգէտ
եմ
ես։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Լաւ
է
որ
տգէտ
ես։
Վիճակդ
սոսկալի
ըլլար
պիտի։
ԱՆԺԷԼ
—
(Վախցած)
Ինչո՞ւ,
ինչեր
կ՚ըսես։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ես
այսքան
կ՚ըսեմ։
Շատ
չանցնիր,
ադ
տղան
իր
գոյնը
բոլորովին
դուրս
կու
տայ:
ԱՆԺԷԼ
—
Այսինքն։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Տեսնես
պիտի։
Անիկա
ամէնէն
քիչը
տասը
հազար
ոսկիի
պէտք
ունի,
դիրք
մը
շտկելու
համար։
Հայրիկդ
պիտի
տա՞յ
այդ
գումարը։
ԱՆԺԷԼ
—
Դուն
ինձմէ
լաւ
կը
ճանչնաս։
Կը
մեռնի,
նորէն
չի
տար։
Արդէն
Միւսիւ
Տինանեանին
դասն
ալ
կտրէ
պիտի։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Բարբարո՜ս։
Դրամի՞ն
համար։
ԱՆԺԷԼ
—
Հարկաւ:
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ատ
մարդը
մեռնէր,
գանկը
ոսկիով
լեցնէինք,
անանկ
թաղէինք,
թերեւս
կշտանար։
ԱՆԺԷԼ
—
Մի
ըսեր
այդպէս,
մայր։
Շատ
տխուր
է,
անանկ
տխուր
որ
լալս
կու
գայ
երբեմն։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Տխո՛ւր։
Չեմ
յուսար։
ԱՆԺԷԼ
—
Շատ
փոխուած
է։
Ո՞ւր
է
ան
հացը
առանց
թարթելու
գործ
տեսնալու
պէս
ուտող
մարդը։
Սեղանին
առջեւ
տեսայ
որ
պատճառները
քիթին
կը
զարնէ։
Ասիկա
յաճախ
պատահեցաւ։
Լալը
պակաս
է։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Կուլա՞յ։
ԱՆԺԷԼ
—
Տեսած
չեմ։
Բայց…
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Դուն
կուլա՞ս։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Պզտիկ,
պչրոտ
ժպիտ
մը
միայն
):
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ինչո՞ւ
կուլաս։
Ե՞րբ
կուլաս։
ԱՆԺԷԼ
—
Երբ
սենեակս
առանձնանամ։
Ինչո՞ւ
այսպէս
ըլլար,
ինչո՞ւ,
կը
հարցնեմ
ես
ինծի
ու
արցունքս
ինքնիրենը
կը
քալէ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ախ,
ատ
ինչուն,
ատ
ինչուն
Աստուած
քեզի
ողորմի
եթէ
կայ։
Սիրել
սորվէ։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Սարսափած
)
Չեմ
գիտեր,
մայր,
չեմ
գիտեր։
Ատոր
համար
թափած
լացս։
Ինչո՞ւ։
Ուրկէ
կու
գայ
այս
պաղութիւնը
իմ
մէջ։
Քիչ
առաջ
Մարիամին
ատ
է
կ՚ըսէի։
Դուն
ալ
հասկցած
ես
ըսել
է։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Հանդարտէ,
սխալ
կը
հասկնաս
կոր։
Ես
քեզի
չէ
որ
կ՚ուղղեմ
խօսքը։
Քու
վրայէդ
ես
հայրդ
կը
տեսնեմ։
Նայէ,
դուն
լալ
գիտես։
Լացն
ու
սէրը
նոյն
բաներն
են։
Հայրիկդ
կեանքին
մէջը
չէ
լացած։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Իր
մտածումը
շարունակելով
)
Կը
սառիմ,
չես
գիտեր
ինչպէս,
երբ
գայ։
Աչքս
ժամանցոյցէն
չի
զատուիր։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Տարի
մը
առաջ
ես
դէմ
եղայ
ատ
նշանին
ու
ատոր
համար
ըրին։
Կրթուած
տղայ,
բժի՜շկ։
Իրեն
մնա՛յ։
Հայրդ
ալ
մրջիւնին
վրայ
չի
կոխեր.
անցնող
հաւուն
բարեւ
կու
տայ։
Բայց
հոգին։
ԱՆԺԷԼ
—
Հոգին։
Ան
ուրիշ
բան
է
չէ՞,
մամաս։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Հոգի՜ն։
Չերեւցածն
է։
Եկուր
տես
որ
ամուսնութեան
մէջ
ուրիշ
ոչ
մէկ
բան
արժէք
ունի։
Վայ
եթէ
երկու
կողմերէն
մէկուն
պակսի
անիկա։
ԱՆԺԷԼ
—
Ի՞նչ
կ՚ըլլայ
(
Անձկութեամբ
)։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ինծի
պէս
զաւակս,
ինծի
պէս։
Դժբախտ
կըլլայ։
ԱՆԺԷԼ
—
Հայրիկը
չա՞ր
մարդ
է։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Գառնուկի
չափ
բարի.
բայց
հոգի
չունի։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Մտածկոտ
)
Լաւ
չեմ
հասկնար
կոր.
ինչ
ըսել
կ՚ուզես։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Գոցէ,
լամ
պիտի։
ԱՆԺԷԼ
—
Չէ,
մամաս,
չէ։
Մի
լա՛ր։
Ես
չեմ
հարցներ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
(
Կը
նայի
քիչ
մը
)
Եկուր
նորէն
համբուրեմ
քեզի։
Ի՛նչ
գեղեցկացեր
ես։
ԱՆԺԷԼ
—
Նիհար
ըսիր,
չէ՞։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Նիհարութիւնը
աւելի
վայլեր
է։
Անուշցեր,
սիրտ
առնող
բան
մը
դարձեր
ես
(
Կը
կենայ
)
Ախ,
իմ
զաւակս,
ձագուկս։
Քեզ
ինչ
երազներով,
ինչ
իտէալներով
եմ
մեծցուցեր
եւ
հիմա
(
մօտ
է
լալու
)...:
ԱՆԺԷԼ
—
Չէ,
մամաս,
չեմ
ուզեր։
Նայէ,
խոշորցան
աչքերդ։
Գոնէ
այս
տեղը
մի
լար։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Չեմ
լար։
(
Թաշկինակով
քիթը
կը
բռնէ.
յետոյ
չկրնալով
զսպել
ինքզինքը,
ձեռքերը
կը
բանայ
)
Իմին
հրեշտակի
պէս
մաքուր,
աննման
աղջիկս։
(
Կը
քաշէ
ուժգին,
կը
համբուրէ.
արագ
արագ,
շատ
շատ,
յետոյ
երեսը
կը
դնէ
անոր
երեսին
)։
Ես
իմ
ամբողջ
երիտասարդութիւնս,
ամբողջ
գեղեցկութիւնս,
ամբողջ
հոգիս
քեզի
եմ
անցուցեր։
Ամէն
օր
կտոր
մը
բան,
մորթէս
գիծ
մը,
հոգիէս
լոյս
մը,
աչքերէս
պուտ
մը
քեզի
եկած
է։
Ու
դուն
հիմա։
Գոնէ
ինծի
պէս
չըլլաս։
ԱՆԺԷԼ—
Այդպէս
մի
խօսիր,
մամա։
(
Սպասուհին
կ՚անցնի
խորունկէն
)։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Մեզի
մտիկ
չընէ՞ր։
ԱՆԺԷԼ
—
Ոչ
(
կը
պոռայ
)
Մարիա՛մ։
ՄԱՐԻԱՄ
(
Դուրսէն
)
Համմէ
(
կէս
գլուխը
դռնէն
ներս,
ձայն
է
եւ
ետք
)։
ԱՆԺԷԼ
—
Օշարակ
բեր։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Չեմ
ուզեր։
Հոս
եկուր
աղջիկս
(
Սպասուհին
կը
մտնէ
ներս
)։
Աս
աղջիկս
լաւ
կը
նայի՞ս։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Իմին
ձեռքս
ինչ
կայ
որ։
Ինք
է
տունին
տէրը։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ատոր
համար
չէ
ըսածս։
Մօտիկէն
կը
հետեւի՞ս
իրեն։
Ինչո՞ւ
կը
թողուս
որ
լայ:
ՄԱՐԻԱՄ
—
Կուլա՞յ
որ։
ԱՆԺԷԼ
—
Կարեւորութիւն
մի
տար,
Մարիամ։
Մամաները
կասկածոտ
կ՚ըլլան։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Աղջի՞կ
ես
թէ
կարգուած։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Որբեւայրի։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ—
Աղէկ,
զաւակս։
Ըսել
է
սիրտդ
անցեր
է
ցաւէն։
Ասիկա
լաւ
նայէ։
Գիշերները
սենեակը
կուլայ։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Իմին
ձեռքէս
ինչ
կու
գայ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Մարիամ,
ես
սպասուհի
գործածեր
եմ։
Աս
աղջիկը
գիտցածներուդ
պէս
մեծամիտ
չէ։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Շիտակը։
Ատոր
համար
մէկ
հատիկ
է
ըսեմ
նէ,
սուտ
չեմ
ըլլար։
Աստուած
սիրտին
չափ
տայ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ըսել
է
հասկցեր
ես։
Ատոր
համար
կ՚ուզեմ
որ
սանկ
մեծ
քրոջ
մը
պէս,
տաքէն
պաղէն
անցած
կնոջ
մը
պէս
ուշադրութիւն
ունենաս
վրան։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Ըռինտուկ
կը
խօսիս,
հանըմըս։
Բայց
անիկա
ինծի
պէտք
չունի
որ։
Դաշնակին
հետն
է
մինչեւ
իրիկուն։
Լեզու
կը
հանէ։
Ես
որ
հաստ
գլուխէն
մէկն
եմ,
վարէն,
գործիս
վրայէն
կը
հասկնամ
վերը
պատահածը։
Ալ
ինչ
կը
մնայ
ինծի։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Դուն
չես
գիտեր
մարդուն
խօսքը
ինչ
ուժ
ունի։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Ըսածներդ
աղէկ։
Բայց
ես
վաղը
դուրսն
եմ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ինչո՞ւ:
ՄԱՐԻԱՄ
—
Դուն
հոս
ըլլալու
էիր
առտուն,
տեսնայիր
պիտի,
ինչպէս
պատուէր
պատուէրի
վրայ
թափեցին։
Դո՞ւռը
բանալ
ան
ալ
մամային։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ուրկէ
գիտնան
պիտի։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Գողտուկ
բանը
շուտ
կը
ծակի։
Չի
դիմացայ։
Անանկ
դարձան
աչքերը,
անանկ
լալու
պէս
եղաւ,
մեղքցայ։
Ան
չուզէր,
ես
բանայի
պիտի։
Հարկաւ
դուռ
մը
կը
բանայ
նորէն
Աստուած։
Գէշ
բան
չըրի։
Մայր
ու
աղջիկ
էք։
Խօսք
չէ։
Տունմնան
ինչ
գիտէ
զաւակը
ինչ
է։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Բնա
մի
վախնար։
Անոնք
ճամբեն,
ինծի
եկուր։
Ես
սպասուհի
չունիմ։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Օրերդ
շատ
ընէ։
Աղջկանդ
վրայ
խնդաս։
Դուն
հոգ
մի
ըներ։
Եթէ
չիմացուի
ես
ձեր
նամակները
կը
տանիմ
կը
բերեմ։
Աստուած
տայ,
մէկը
տեսած
չըլլա՜ր։
Այս
աղջիկն
ալ
քիչ
մը
կը
խնդայ։
Չիյտես,
քուզում
հանըմս,
ինտոր
կը
մեղքնամ։
Նշանածը
կու
գայ,
ասիկա
կ՚ուզէ
որ
ելլայ
երթայ։
Մարդ
իր
սիրածէն
ալ
համ
չառնէ,
ալ
ինչէն
առնէ
պիտի։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ապրիս
աղջիկս։
Դուն
նայէ
փորձառու
ես։
Կ՚ուզեմ
ատանկ
խօսիս
հետը
մոռցնես
մինակութիւնը։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Անիմա
խելացի
է։
Մեզի
պէս
տգէտները։
Ա՛լ
երթաս
նէ
աղէկ
կըլլայ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Կը
վախնա՞ս։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Կ՚ըլլայ
որ
կու
գայ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Փիշթօֆին
ճամբան
երկար
է։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Միւսիւ
Սարգիսը
կայ։
Մօտեցաւ
անոր
ժամանակը։
ԱՆԺԷԼ
—
Իրա՛ւ։
Հիմա
ուր
է
կու
գայ։
(
Դուռը
կը
զարնուի։
Երեքը
մէկ
պատուհան
կը
վազեն.
սպասուհին
ձեռքերովը
ետ
կ՚ընէ
Տ.
Մարգարյանը
):
ԵՐԿՈՒՔԸ
—
Միւսիւ
Սարգիսն
է։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Հիմա
ի՞նչ
ընենք։
ԱՆԺԷԼ
—
Ի՛նչ
ընենք,
ըսէ,
մամա՛ս։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
(
Քիչ
մը
մտածելէ
վերջը
)
Ետեւէն
դուռ
ունի՞
տունը։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Չունի։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Եթէ
խոհանոց
իջնամ։
ՄԱՐԻԱՄ
—
Առաջ
խոհանոց
կը
մտնէ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Քովի
սենեակը։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Քիչ
մը
տարտամ
)
Հայրիկին
սենեակն
է։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ—
(
Քիչ
մը
մտածկոտ,
կը
կենայ։
Դուռը
կրկին
կը
զարնեն
)
Է,
ինչ
ընենք։
(
Կ՚ելլեն
դուրս
Տ.
Մարգարյանն
ու
սպասուհին։
Անժէլ
մինակ
է։
Կ՚աշխատի
հաւաքել
ինքզինքը.
ձեռքը
ամուր
սրտին
դրած։
Սանդուխներուն
վրայ
ընթացիկ
երգի
մը
կտորը։
Յետոյ
Սարգիս
)։
ՍԱՐԳԻՍ
—
(
Առանց
երեսը
նայելու
)
Բարեւ
(
Կ
ը
շտկի
իր
տեղը,
անկիւնը,
մէկ
ձեռքը
դուրս
հանած
պատուհանէն
)։
ԱՆԺԷԼ
—
Բարե՛ւ։
ՍԱՐԳԻՍ
—
(
Ձայնին
կողմը
դառնալով
)
Ինչ
ձայն
է
ադ
(
Ուշադրութեամբ
նայելով)
Ի՛նչ
ունիս։
(
Կ
ը
դառնայ
պատուհանէն։
Շղթայով
կը
շարունակէ
խաղալ
շրջանակներ
գծելով։
Միշտ
դուրսը
նայելով
)
Պատասխան
չես
տար։
ԱՆԺԷԼ
—
Ոչինչ։
ՍԱՐԳԻՍ
—
(
Աւելի
հետաքրքրուած
)
Ոչինչը
ինչ
ըլլայ
պիտի։
Ես
բժիշկ
եմ,
ձայնին
թէմպրէն
կը
հ
ասկնամ
հ
ոգին
(
Ոտքի
է
)։
ԱՆԺԷԼ
—
Բան
մը
չունիմ
կ՚ըսեմ
(
Կը
նստի
դիմացը
)։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Ադ
ինչ
դէմք
է,
ինչ
գոյն։
Ինչ
ունիս
դուն
(
Կը
մօտենայ,
կ՚ուզէ
երեսը
բռնել
)։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Ձեռքը
ետ
հրելով
)
Բան
չունիմ։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Կը
դողաս
կոր
նէ։
ԱՆԺԵԼ
—
Բան
մը
չէ։
Քիչ
մը
յուզուեցայ,
անկէ
ըլլալու
է։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Ես
քեզի
պատուիրած
եմ
հ
ազար
անգամ
որ
չ
յ
ուզուիս։
Ինչո՞ւ
մտիկ
չես
ըներ։
ԱՆԺԷԼ—
Մարդուն
ձե՞ռքն
է
ատիկա։
ՍԱՐԳԻՍ—
Տ
արակո՞յս
կայ
ատոր։
Ես
գիտութեան
մարդ
եմ։
Ի՞նչ
է
յուզում
ըսածդ։
Ես
անիկա
չորցած
խոտի
պէս
կը
փրցնեմ
տէ
հ
ովին
կու
տամ։
ԱՆԺԷԼ—
Կարելի՞
է։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Կարելին
ալ
խօ՞սք
է։
Ապացուցուած,
գիտական,
էֆէնտիմ,
գիտական
ճ
շ
մարտութիւն
է։
ԱՆԺԷԼ—
Հակառակը
չըսի։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Քուկդ
ուրիշ
է
սակայն։
Ես
գիտեմ
եա
ուրկէ
գալը։
Եթէ
ասանկ
շ
արունակես,
ես
պատասխանատու
չեմ։
Հայրիկիդ
ըսի՞ր։
ԱՆԺԷԼ—
Ի՞նչ։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Նո՞ր
գիտնաս
պիտի։
ԱՆԺԷԼ
—
Դուն
ըսէ՛։
Ես
կը
քա
շ
ուիմ
անոր
ատանկ
խօսք
բանալու։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Վայլեչութիւն
չառներ։
Ինքնիրենը
պիտի
կարծէ
որ
…
ԱՆԺԷԼ
—
Ինչ
պիտի
կարծէ։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Աղէկ
չի
փախիր,
ճանըմ,
պիտի
ըսէ
որ
դրամին
համար
…
ԱՆԺԷԼ
—
(
Արագ
)
Ուրիշ
ինչի
համար
է
որ։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Դո
՞
ւն
ալ։
Ես
դրամը
աւելցնել
կ
՚
ուզեմ
կոր
նէ,
նորէն
քեզի
համար
է։
ԱՆԺԷԼ
—
Ես
ի՞նչ
ունիմ
ադ
դրամին
մէջ։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Տղու
պէս
կը
խոր
հ
իս,
տղու
պէս
կը
խօսիս։
Եթե
ընկերութեան
մէջ
իմ
դիրքս
լաւ
մը
չապահովուի,
փառաւոր
Քլինիք
մը
չբանամ,
ինտո՞ր
կ՚ապրինք,
մտածէ
անգամ
մը։
Ինձմէ
տասը
անգամ
վար
բժիշկներ
այսօր
հրապարակին
վրայ
անուն
շ
ինած
են։
ԱՆԺԷԼ—
Դուն
ինչո՞ւ
ոչ։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Կը
հ
արցնե՞ս։
Դրամը,
դրամը։
Անոնք
կառքով
կը
պտտին,
առատ
առատ
կը
ծախսեն,
տասը
տեսակ
զգեստ
ունին։
Շիտակին
վրայ
խոշոր
յարկեր
կը
վարձեն։
Յաճախորդ
ըսածդ
ի՞նչ
է
որ։
Կարողութիւն,
խելք
նայած
ունին
որ։
Կը
խաբուին։
Հիմա
առանց
դրամի
անկարելի
է։
Ասիկա
հ
ազարերորդն
է
կ՚ըսեմ
քեզի։
ԱՆԺԷԼ—
Ես
հ
այրիկը
կը
ճանչնամ։
Անոր
չեմ
կրնար
ըսել։
Աղջիկներն
ալ
դրամով
զբաղին։
Դուն
ամէն
պայման
ունիս
յաջողելու
իրեն
մօտ։
Էրիկ
մարդ
ես,
գործի
լեզու
ունիս։
Հայրիկը
անխելք
մէկը
չէ,
հ
ամոզէ
ու
վերջանայ
այս
խնդիրը։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Մինչեւ
հիմա
ուրիշ
բան
ըսած
ունի՞ս
որ։
Դուն
ըսէ,
դուն
ըսէ։
Ես
ո՞վ
եմ.
օտար
տղայ
մը։
Հայրերը
որու
մտիկ
կ՚ընեն,
զաւակի՞ն
թէ
օտարին։
Չի
խորհի՞ս
մէյ
մը,
տարրական
տրամաբանութիւնը
կը
հ
աստատէ
իմ
հ
ամոզումս։
Բայց,
ձգէ
ատիկա։
Քու
խելքդ
արդէն
ատ
տեղուանքը
չէ։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Քիչ
մը
շտկուած
ու
խիստ
)
Հապա
ո՞ւր
է։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Ես
գիտե՞մ։
Քովդ
կու
գամ,
հո՞ս
ես
մի,
չես
մի,
յայտնի
անգամ
չէ։
Վրայէս
դուրս,
պատուհանէն
դուրս
կը
նայիս։
Ես՝
խօսք
չի
բանամ,
մինչեւ
իրիկուն
բերանդ
պիտի
չբանաս։
ԱՆԺԷԼ—
Ես
անանկ
եմ։
Ատիկա
դուն
տեսար
տակաւին
առաջին
օրէն։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Ատանկ
էիր
եւ
պէտք
է
ըլլայիր,
նշանուելէդ
առաջ։
Հիմա
փոխուելու
ես։
Քիչ
մը
սիրել
սորվէ։
ԱՆԺԷԼ—
Դո՞ւն
ալ
ատ
դասը
կու
տաս
ինծի։
ՍԱՐԳԻՍ
—
(Մէկէն)
Ուրիշ
ո՞վ
տուաւ
որեւ
է,
կեցիր
նայինք։
Իր
բերանովը
բռնուեցաւ։
ԱՆԺԷԼ
—
Ի՞նչ
կ՚ըսես։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Շատ
խելօք
խօսք
մը։
Ո՞վ
տուաւ
քեզի
ատ
դասը
որ
ատանկ
ինծի
կրկնեցիր։
ԱՆԺԷԼ
—
Սիրելու
դաս
կու
տա՞ն
որ։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Ինքդ
էիր
ըսողը։
Ինքդ։
Արդէն
ես
շատոնց
է
կը
կասկածիմ։
ԱՆԺԷԼ
—
Թէ։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Թէ
եւայլն
չի
կայ.
կը
կասկածիմ։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Տաքցած
)
Ի՞նչը
կը
կասկածիս,
կը
հարցնեմ
քեզի։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Ինչո՞ւ
այդքան
բարկացար։
Երեսներդ
կրակ
դարձան։
ԱՆԺԷԼ
—
Իմ
հ
արցումիս
պատասխանէ .
ի՞նչ
է
կասկածը։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Խօսք
մըն
էր
ըսի.
չեն
բռներ
երթար։
ԱՆԺԷԼ
—
Ատանք
անիմաստ
բառերով
չես
ազատիր։
ՍԱՐԳԻՍ
—
(
Ինքն
ալ
տաքցած
)
Դուն
առաջ
իմ
հ
արցումիս
պատասխանը
տուր։
Ո՞վ
սորվեցուց։
Ո՞վ
է
դասատուն։
ԱՆԺԷԼ
—
Սիրելու
դաս
չեն
տար
ու
չեն
առներ։
Ատա
պատասխան։
Դուն
հ
իմա
ըսէ
ինծի,
ի՞նչ
է
կասկածդ։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Ինչո՞ւ
կը
պնդես
կոր։
Իբր
թէ
հ
րեշտակ
մը
ըլլար։
Կը
կասկածիմ,
ըսելիք
ունի՞ս։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Հանդարտ
)
Լա
ւ
։
Բայց
չըսիր
թէ
ինչը
կը
կասկածիս։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Քու
մայրդ
է
աս
ամէնուն
պատճառը։
ԱՆԺԷԼ
—
Մօրս
հ
ետ
ի՞նչ
կապ
ունիմ
ես
հիմա։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Ատ
ինծի
կ՚ըսես։
Գաղտնի
գաղտնի
ով
գիտէ
ինչեր
կ՚ընես
հ
ետը։
Ինչո՞ւ
քեզի
մինակ
ձգեր
գացեր
են։
Ես
հ
օրաքրոջդ
պատուիրած
էի
ոչ
իսկ
մէկ
վայրկեան
քեզի
մինակ
չձգել։
Ես
պատիւ
ունիմ,
կը
հ
ասկնա՞ս։
Մի
կարծեր
որ
ականջս
չէ
ինկած։
Ինչո՞ւ
տակաւին
անոր
կը
մտածես
կոր։
Ինչո՞ւ
հ
այրիկիդ
հ
ետ
միշտ
անոր
վրայ
կը
խօսիս։
Ինչո՞ւ
բաժնուած
օրերնիդ
լացիր,
գիրկը
ինկար։
Կա
վայլէ՞։
Տեսնողը
ի՞նչ
կարծիք
կ՚ունենայ։
ԱՆԺԷԼ
—
Մաման
այդքան
գ
է՞
շ
մէկն
է,
որ
պարոն։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Չըսի՞։
Դեռ
երես
ունիս
իմ
առջեւ
ալ
պաշտպանելու։
ԱՆԺԷԼ
—
Մամաս
է
անիկա։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Անիկա
մամադ
չէ
ալ։
Աշխարհին
ամէնէն
ստորին,
ամէնէն
գձուձ,
ամէնէն
աղտոտ
պոռնիկն
է։
ԱՆԺԷԼ—
(
Ձեռքերովը
երեսը
գոցելով
)։
ՍԱՐԳԻՍ—
Սուտ
կեղծաւորութիւնը
չեմ
սիրեր։
Անոր
անունը
բերանդ
առնելը
մեղք
է։
Ինչ
մեղք։
Ամուսնանալիք
աղջկան
մը
համար
մահացու
մեղք։
Ալ
քաջութի՞ւն
կը
ձգես
մարդուն
վրայ։
Մտածեմ
նէ
խելքս
կը
տարտղնի։
ԱՆԺԷԼ—
Պարոն
անիկա
իմ
մամաս
է
ու
իմ
մամաս
կը
մնայ։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Անիկա
մամադ
չէ։
Անիկա
ինկած
կին
մըն
է
եւ
անիկա
մտածողն
ալ,
զայն
տակաւին
մամա
ըսողն
ալ
շա
տ
հ
եռու
չէ
անկէ։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Ցաւած,
ընկճուած,
լալու
մօտ
)
Շատ
անխիղճ
մէկն
էք
դուք,
պարոն։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Հարկաւ.
երբ
շիտակ
խօսիս
կիներուն
առջեւ,
կամ
անխիղճ
կ՚ըլլանք
կամ
անկիրթ։
Ես
ատանկ
բարակ
բաներու
կարեւորութիւն
չեմ
տար։
Քեզի
բացարձակ
պայման,
ատ
պոռնիկին,
շ
նացողին,
անպատիւին
հ
ետ
նոյն
իսկ
մտքով
կապ
եթէ
պա
հ
ես,
ինծի
հ
ետ
գործ
չունիս։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
(
Մէկէն
ներս
մտնելով
)
Պոռնիկն
ալ
դուն
ես,
շ
նացողն
ալ
դուն
ես,
անպատիւն
ալ
դուն
ես,
խայտառակ
մարդ
քեզի։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Աս
ի՞նչ
է։
Ո՞ւրկէ
ելաւ։
(
Ձեռքերը
իրար
զարնելով
)
Տեսա՞ր,
չըսի՞։
Ինչե՜ր
չէք
խաղար
դուք
իմ
գլխուս,
ինչե՜ր։
Տէր
Աստուած։
Հոս
եկար
որ
աղջիկը
սիրողի՞դ
տանիս։
Դո՞ւն
ես
սիրելու
դաս
տուողը։
(
Մատնին
հանելով
կը
նետէ
աղջկան
երեսին
)։
Քեզի
ըլլայ
քու
նշանդ
ալ
աղջիկնութիւնդ
ալ,
դրամդ
ալ։
Ես
գործ
չունիմ
ալ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
(
Մատնին
առնելով
)
Կեցի՛ր,
պէտք
չէ
որ
երթաս
տակաւին.
կեցի՛ր։
Իսկական
սրիկայ։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Սրիկան
ե՞ս
եմ
թէ
դուն։
Դուն
ալ
բերանդ
բանալու
տե՞ղ
ունիս։
Փողոցի
տղան
ալ
գիտէ
թէ
ո
՛
վ
ես
դուն։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ես
չեմ
տարուիր
բառերէդ։
Խոստովանիս
պիտի
հ
իմա,
այս
աղջկան
առջեւ
թէ,
դուն
խայտառակ,
խարդախ,
բոլորովին
անպատիւ
մէկն
ես
ու
բնաւ
չես
սիրած
զինքը։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Ատիկա
քենէ
չեն
հ
արցներ։
Ես
անպատի
՜
ւ։
Դո՞ւն
ես
որ
պատուի
մասին
կը
խօսիս
կոր։
Երկինքը
կը
փլի
հիմա։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Բառերով
չեմ
խաբուիր։
Բայց
անիկա
միամիտ
է։
Չեմ
թողուր
որ
հ
եռանաս
ասկէ
մինչեւ
որ
հ
ոգիիդ
մորթը
դուրս
չի
բերես։
Ամէնէն
առաջ
ըսէ
որ
բնաւ
սիրած
չես
զինքը։
ԱՆԺԷԼ
—
Հարկ
չի
կայ
իր
բերնէն
լսելու,
մամա,
ատիկա
գիտեմ
ես
բնազդով։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Տես,
տես,
մամաս
կ՚ըսէ։
Կ
՚
ընդունի
որ
քեզի
պէս
կին
մը
իրեն
մայր
ըլլայ։
Ինչպէս
ինքզինքս
կրակը
նետեմ
պիտի
եղեր։
Քեզի
ըլլայ
քու
փարադ
ալ,
քու
գեղեցկութիւնդ
ալ.
մարդ
պատիւով
մը
կ՚ապրի։
Երթամ
կորսուիմ
սըկէ,
շ
ո՛ւտ
(
Կը
յառաջանայ։
Ետ
դառնալով,
ծայրայեղ
արհամարհանքով,
Անժէլին
)։
Գիտե՞ս
թէ
քանի
բարեկամներ
վշտացուցի,
քեզի
մեղքնալուս
համար։
Գիտե՞ս
որ
գիտութիւնն
անգամ՝
ուրացայ։
Գիտե՞ս
որ
հ
ազար
կտոր
եղայ
հ
ամոզելու
համար
մամաս
որ
բոզին
աղջիկը
բոզ
չ
ը
լլար
անպատճառ։
Մեղք
ինծի։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
(
Նստուելով
դէմը
ու
անձին
ճնշումովը
Սարգիսը
բեմին
մէջտեղը
նետելով
)
Գռեհիկ
մարդ,
դուն
գիտես
որ
բոզ
մը
չեմ
ես։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Բոզը
գոյն
թէ
հ
ոտ
կունենայ։
Իր
տունը
տեղը
ձգողը,
օտարին
ետեւէն
գացողը
ուրիշ
ի՞նչ
անուն
ունի։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ա՛խ,
ատ
քու
գիտունի,
բժիշկի
նանրամտութի՜ւնդ։
Քու
ողորմելի
ու
ջրոտած
ուղեղդ՝
ուր
բառերը
ճանճի,
դիակներու
պէս
կը
մնան
խղդուած։
Ախ
ձեր
դասակարգը,
յաւիտենապէս
միջակ,
հոգեզուրկ
որ
աչքերնին
աղջիկներու
օժիտին,
իրենց
կիրքերը
կը
պտտցնեն
չըսուելիք
կիներու
մօտ
ու
հարսին
կը
դառնան
երբ
ալ
պարպուած
են
իրենց
երիտասարդութենէն։
Ատ
չէ՞։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Ձեր
լեզուագարութիւնները
արժանի
անգամ
չեն
լուրջ
մարդու
մը
պատասխանին։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Այո՛։
Դուք
ձեզի
հետ
ունիք
տակաւին
հասարակութիւնը
որ
հիմնուած
է
ձեր
իսկ
ստեղծած
յարմարացումներուն
վրայ։
Ալ
կրնաս
երթալ
(
Տղան
դուրսն
է
)։
Գնա՛
(
Աղջկան
դառնալով
)
ու
մայրերը
թող
աղջիկ
մեծցնեն,
թող
անոնց
ամէն
մէկ
օրին
դողան
դողդղան,
անոնց
ամէն
մէկ
գոյնին
վրայ
որպէսզի
կամ
հոգի
չունեցող
ի
ծնէ
ծեր
մը
զարդի
առարկայի
մը
պէս
առնէ
ցոյցի
դնէ
սենեակին
մէջ
ինչպէս
եղած
է
հօրդ
պարագան,
կամ
գացողին
պէս
ցած
ու
վախկոտ,
արնութենէ
եւ
աշխատանք
է
փախչող
մէկը
առնէ
այդ
հրաշքը
ու
կապէ
իր
պառաւող,
սառած
երիտասարդութեան։
Աս
չէ՞
ձեր
ճակատագիրը։
Աս
չէ՞
մանաւանդ
մայրերուն
բախտը։
ԱՆԺԷԼ
—
Մամա,
շատ
գրգռուած
ես։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Կարգը
եկած
է
որ
գիտնաս
այս
ամէնը։
Ինչո՞ւ
քեզ
այս
հասակին
բերի։
Ինչո՞ւ
չմեռայ,
չտեսնելու
համար
ինչ
որ
քեզի
կը
սպասէ։
Ով
իմ
աղջիկս.
գիտեմ
թէ
ինչ
գայ
պիտի
գլխուդ։
ԱՆԺԷԼ
—
Գնաց
անիկա,
մամա,
գնաց։
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Եկողը
ուրիշ
պիտի
չըլլայ,
ծաղիկս։
Ով
որ
գայ
այդ
կաղապարէն
է
որ
պիտի
գայ։
Ճակատագիրը
կը
ճնշէ
վրադ։
Մօրդ
մեղքը
քեզմէ
հեռու
կը
պահէ
բուն
մարդերը
որոնք
սիրել
գիտեն
բայց
քաջութիւնը
չունին
ընկերութիւնը
արհամարհելու։
Եկողը
պիտի
ըլլայ
աւելի
ցածհոգի,
աւելի
դրամապաշտ
ու
աւելի
սեւ
սիրտ։
ԱՆԺԵԼ
—
Ճակատագիր,
քանի
որ
դուն
կ՚ըսես։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Եւ
ես
քեզ
չպահեցի
ճակատագրին
զոհելու
համար
ով
իմ
ծաղիկս,
իմ
վարդս,
իմ
գոհարս։
ՄԱՐԻԱՄ
—
(
Ներս
գալով
)
Մատնին
կ՚ուզէ
կոր։
ԱՆԺԷԼ
—
Դեռ
չէ՞
կորսուած
(
Մատնէն
կը
հանէ
մատնին,
պատուհանը
բանալով
կը
նետէ
վար
)։
Ըսէ,
թող
առնէ
փողոցէն։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
(
Ուրախ
ու
տարուած
աղջկանը
կը
նայի
ու
կը
կենայ
քիչ
մը
անգիտակից
ժպտելով
)։
Ապրի՛ս
աղջիկս։
Դուն
քաջ
ես
մօրդ
պէս։
ԱՆԺԷԼ
—
Գո՞հ
ես,
մամա։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Հպա՛րտ։
Բայց
ո՞վ
պիտի
հասկնայ
քեզի,
ո՞վ
պիտի
հասկնայ
կիներուն
քաջութիւնը։
ԱՆԺԵԼ
—
Ուրիշները
ձգէ։
Ասկէ
ազատեցիր
զիս։
Ձես
գիտեր
թէ
որքան
աւելի
կը
սիրեմ
քեզ
հիմա։
Երկաթի
կտորի
պէս
կը
պտտէր
սենեակին
մէջ։
Օր
մը
տաք
բան
մը
չբերաւ
հետը։
Թող
հօրաքոյրը
ծեծէ
ինծի
բայց
այդ
մարդը
ալ
չտեսնեմ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Քանի
մը
շաբաթէն
չափահաս
կ՚ըլլաս։
Այն
ատեն
անոնք
յարգանքով
պիտի
վարուին
քեզի
հետ։
(
Կը
կենայ
մտածկոտ
ու
հեռուն
-
կ՚ուզէ
բաներ
ըսել
ու
չուզեր
)։
ԱՆԺԷԼ
—
Քու
մտքէդ
բաներ
անցան։
Ինչո՞ւ
չես
ըսեր։
Ինձմէ
զատ
ո՞վ
կրնայ
մտիկ
ընել
քու
մտածումդ
ու
հասկնալ
քու
հոգիդ։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ճի՛շդ
է։
Բայց
լաւ
է
սպասել։
(
Սանդուխին
վրայ
աճապարանքով
բարձրացող
ոտնաձայներ։
Մէկէն
Փիշթօֆ
ու
Սարգիս
կը
մտնեն
բաց
դուռնէն
բեմ
)։
ՓԻՇԹՕՖ
—
Քա՛,
փոսթալ:
Հոս
ի՞նչ
գործ
ունիս
(
Պատուհանը
վազելով
)։
Գող
կայ,
գող
կայ։
Վազեցէք,
շուտ։
(
Պատուհանին
մէջէն
մէյ
մը
դուրս,
մէյ
մը
ներս
նայելով
)։
Եկեր
է
գողնալու,
իրեն
պէս
բոզ
ընելու:
ՍԱՐԳԻՍ
—
Իրեն
պէս,
իրեն
պէս։
ԱՆԺԷԼ—
Մամա,
մի
վախնար,
մամա։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Ինչո՞ւ
կը
պոռաք։
ՓԻՇԹՕՖ
—
Գող
կայ,
հասէք,
գող
կայ
(
Դառնալով
ասդին
)։
Իրեն
պէս
բոզ
ընելու
տանի
պիտի։
Վազեցէք.
ոստիկան,
ոստիկան։
ԱՆԺԵԼ
—
Մամա,
մի
վախնակը։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
Թուքն
անգամ
շատ
է
այս
խայտառակներուն
(
Դրան
մէջ
երեք
չորս
հոգի
անցորդ,
կը
կենան,
քիչ
քիչ
ներս
մտնելով
)։
ՓԻՇԹՕՖ
—
Բռնեցէք,
կապեցէք,
գող
է,
աղջիկ
կը
գողնայ։
ԱՆՑՈՐԴ
ՄԸ
—
Ո՞ր
աղջիկը։
ՓԻՇԹՕՖ
—
Չէ՞ք
տեսնար,
աս
աղջիկը։
ՈՒՐԻՇ
ԱՆՑՈՐԴ
ՄԸ
—
Ադ
հասակի
աղջիկ
կը
գողցուի՞։
ՓԻՇԹՕՖ
—
Դուք
չէք
գիտեր։
Գէշնոցները
տանի
պիտի։
Եկեր
է
համոզելու։
Բռնեցէք
կ՚ըսեմ
ձեզի։
Մենք
Պատրիարքէն
թուղթ
ունինք։
Անիկա
չի
կրնար
հոս
գալ,
թուղթին
մէջ
գրուած
է։
Եկածին
պէս
ոստիկաններուն
յանձնենք
պիտի։
Բռնեցէք,
ինչո՞ւ
կը
կենաք։
(
Անցորդները
վարանոտ
իրարու
երես
կը
նային։
Տ.
Մարգարեան
առանց
բառ
մը
արտասանելու
արհամարհոտ
բայց
լուրջ
բարձրութեամբ
մը
կը
նայի
Փիշթօփին։
Անժէլ
անոր
մօտիկն
է
ու
ձեռքէն
բռնած,
դողահար
բայց
քաղցր
)։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Բոզ
է
կ՚ըսեմ
ձեզի,
ինծի
չէ՞ք
ճանչնար։
ԱՆԺԷԼ
—
(
Կատաղի
նայուածքով
մը
կը
չափէ
Սարգիսը,
յետոյ
անցորդներուն
)
Մամաս
է,
թող
տուէք
երթայ։
ՓԻՇԹՕՖ
—
Սո՛ւտ
է,
սո՛ւտ
է։
Բոզ
է
անիկա։
Ելեր
անմեղ
աղջիկը
համոզէ
պիտի։
Զնտանը,
զնտանը։
Ինչո՞ւ
չէք
բռներ։
Հիմա
ես
պիտի
ընեմ
(
Կը
քալէ
պատուհանէն
քայլ
մը
վար,
կը
կենայ
)։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
(
Անցորդներուն
)
Պարոններ,
ես
այս
աղջկան
մայրն
եմ։
Եկեր
եմ
տեսնելու։
Այս
է
ամէնը։
ՓԻՇԹՕՖ
—
(
Սաստիկ
կատղած,
բերնէն
փրփուր
դուրս
տալով
)
Սո՛ւտ,
հազար
անգամ
սուտ։
Ալ
մայրը
չէ,
չէ։
Թուղթ
ունինք։
Կարդալ
գիտէ՞ք
(
Թուղթ
փնտռելու
կը
պատրաստուի
)։
Ճաթիմ
պիտի
հիմա։
Ինչո՞ւ
չէք
բռներ,
ինչո՞ւ
չէք
հասկնար։
(
Դուրս
ծռելով
)
Ոստիկա՛ն,
ոստիկա՛ն։
(
Ներս
դառնալով
)
Գէշնոցները
կը
նստի։
Տ.
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
—
(
Կիրք
ելած
)
Ստախօս
կնիկ։
(
Կ՚ուզէ
քայլ
մը
երթալ
անոր։
Անժէլ
թեւը
բռնած
է։
Միւս
ձեռքովը
անոր
կռնակը
կը
դարձնէ
դուռին
կողմը
եւ
երկուքը
մէկ
զսպանակ
է
մղուած
դուրս
կ՚ելլան
)։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Գէշնոցները
կը
նստի
(
Կամաց
եւ
քսու
)։
Մեղք
է
աղջկան։
ՓԻՇԹՕՖ
—
Ո՜վ
գիտէ
որու
ծախէ
պիտի։
Բռնեցէ՛ք։
Պոռալէն
ձայնս
ալ
մարեցաւ։
Բռնեցէք
(
այս
բառը
կ՚ըսուի
հռնդիւնի
մը
շեշտով։
Յետոյ
կ՚իյնայ
աթոռի
մը
վրայ։
Մայր
ու
աղջիկ
արդէն
սանդուխին
ծայրն
են։
Սարգիս
մինակ
է,
իր
շղթան
շարժելով։
Անցորդները
գլուխնին
կը
շարժեն:
Աթոռին
վրայէն.
բռնեցէք,
բռնեցէք
հռնդիւնն
է
որ
աւելի
կամաց
ու
անհասկանալի
կը
շարունակուի
)։
Վարագոյրը
կ՚իջնայ