Սասունէն ետքը. Ա. Դիակապուտները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի.

Օսմանեան կայսրութեան ամէն կողմերը, ինչպէս նաեւ Կովկասի, Պարսկաստանի եւ երկրագնդի զանազան մասերուն մէջ ցանցնուած բովանդակ հայ ժողովուրդին աչքը յառած էր Սասունի վրայ, ուր Եւրոպական Քննիչ յանձնաժողովը տակաւին կը շարունակէր իր դանդաղընթաց քննութիւնները։ Տենդոտ անհամբերութիւն մը կը տիրէր հայկական բոլոր խաւերուն մէջ, սպասելով Քննիչներու պաշտօնական Տեղեկագրին, որ սակայն կ’ուշանար։ Միւս կողմէ, գաւառական աղեխարշ թղթակցութիւնները կը տեղային Պոլսոյ Ազգ. Պատրիարքարանը։ Իզմիրլեան Սրբազանի այս մասին ըրած պաշտօնական դիմումները՝ անգլիական, ֆրանսական եւ ռուսական մեծ դեսպաններուն՝ կը կատղեցնէին Սուլթանը։

Ոստիկանութեան նախարարը Նազըմ, Եըլտըզի քարտուղար մըն ալ հետը, կ’այցելէր յաճախ Գում Գաբու, Իզմիրլեան Պատրիարքին, Հիւնքեարին պատգամները հաղորդելու եւ յորդորելու զինքը, որ դադրեցնէ իր պաշտօնական դիմումները՝ եւրոպական մեծ դեսպաններուն քով, շռայլ խոստումներով ողողելով Պատրիարքը, եւ հայկական դատին մօտալուտ եւ նպաստաւոր լուծման մը սին յոյսերով ջանալով օրօրել զանի։ Սակայն, Իզմիրլեան, երկրին ներսերէն անընդհատօրէն հասած կեղեքումներու, ձերբակալումներու, բանտարկութիւններու, բռնաբարումներու եւ սպանութիւններու լուրերէն ջղայնացած, անդրդուելի կը մնար իր յամառութեան մէջ, ա՛լ աւելի սպառնական դիրք մը բռնած՝ հանդէպ Ապտիւլ Համիտի։

Ահաւասիկ վաւերական թղթակցութիւն մը, «Հնչակ»ի1895 Ապրիլ 25ի թ. 5ին մէջ հրատարակուած, որ կը պարզէ այդ օրերու ազգային հոգեկան վիճակը։

 

Կ. ՊՈԼԻՍ, 5 Ապրիլ 1895

 

Զատկի տօնին երկրորդ օրն է։ Ժողովուրդը կանուխէն սկսած է գրաւել Բերայի ընդարձակ գերեզմանատան գետինը։ Տեղւոյն Ս. Լուսաւորչայ մատուռը ասեղ ձգելու տեղ չկայ։ Արշալոյսին հետ արդէն կը լսուին հրազէններու որոտալիր պայթիւնները։ Վեց ոստիկաններու ջոկատ մը, գլուխնին ունենալով գօմիսէր Կարապետ էֆէնտին, կը պահպանեն գերեզմանատան մուտքը, որպէս զի, Շնորհիւ Վեհափառ Սուլթանին, բարեկարգութիւնն անվթար մնայ։ Ժողովուրդի հոսանքը սակայն մէկ կողմէն կ’ուռճանայ, կը ծաւալի, հրազէնի ծուխերը պզտիկ ամպերու նման կ’ոլորտանան օդին մէջ եւ հազարաւոր բերաններ մէկ շունչով կ’աղաղակեն. Կեցցէ՛ Հայաստան …։

Գօմիսէր Կարապետ էֆէնտին փիլիսոփայական համակերպութեամբ մը կը ծխէ իր գլանիկը։ Նոյն պահուն ոստիկանութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը կ’անցնի հոնկէ եւ տեսնելով ժողովուրդի ծովածաւալ բազմութիւնը, որու վրայ միայն վեց ոստիկաններ կը հսկեն, կը պոռայ Կարապետ էֆէնտիի երեսին.

Ի՞նչ է այս այսչափ բազմութեան հանդէպ ինչո՞ւ չունենանք գոնէ 50-60 զինւոր։

Այսչափն ալ կը բաւէ, պատասխանեց Կարապետ էֆէնտին, շարունակելով ծխել իր սիկարը։

Բայց դուք այդ ընթացքով պատասխանատուութիւն կը հրաւիրէք ձեր վրայ, կը յարէ բարձրաստիճան պաշտօնեան։

Գօմիսէրը ուսերը կը թօթվէ, միշտ ծխելով ու քիթին տակէն կը մռլտայ.

Մէկ կողմէն մեզ անօթի պահեցէ՛ք, մեր ամսականները մի՛ վճարէք, եւ միւս կողմէ, եկէ՛ք հրամաններ որոտալ, հրամաններ որոտալ, հրահանգներ շռայլել, շիտակը ըսելիք չըկա՜յ…։

Բայց ժողովուրդը՝ ախորժ չզգար ոստիկանական հսկողութենէն։ Գանգատները կը շատնան։

Աս ի՞նչ կը նշանակէ, կը պօռան ամէն կողմէ, միթէ մենք բարեկամութենէ չե՞նք հասկնար, ինչո՞ւ ուրեմն իսլամները կը յանդգնին ոտք կոխել մեր սրբավայրերը՝ բարեկարգութիւնը պահպանելու պատրուակով. մենք միթէ Պայրամի օրերը զիրենք ո՛ եւ է կերպով անհանգիստ ըրի՛նք, թո՛ղ ուրեմն մեկնին այս տեղէն ու մեզ առանձին թողուն։

Եղած գանգատները մատուռի քահանաներէն մէկուն միջոցաւ կը հաղորդուին գոմիսէրին, հրաւիրելով զինքը, որ անմիջապէս մեկնի ոստիկաններուն հետ։ Գօմիսէրն ու ոստիկանները չեն երկրորդել տար այս հրաւէրը, կ’առնեն կը քալեն, Կարապետ էֆէնտին միշտ փիլիսոփայաբար ծխելով իր սիկարը։

Քանի մը ժամ ետքը, ոստիկան­զինւոր մը, ցոյց տալ ուզելով իր ճարպիկութիւնը, կը փորձէ 14-15 տարու պատանիի մը ձեռքէն հրազէնը խլել։ Պատանին կ’ընդդիմանայ, առարկելով թէ՝ այդչափ հազարաւորներ հրազէն կը պարպեն, եւ թէ, հետեւաբար ի՛նք ալ պէտք է ազատ թողուի անոնց օրինակին հետեւելու։ Ոստիկան­զինւորը բռնութիւն բանեցնել կ’ուզէ, բայց քաջասիրտ պատանին, հրազէնին բռնակոթովը կլորիկ հարուածներ կը տեղացնէ անոր գլխուն. մինչդեռ ուրիշ պատանի մը, ոստիկան­զինւորին վիզը կը պլորէ ջլապինդ։ Ոստիկանը ճարահատ, կը սուլէ, եւ ուրիշ ոստիկաններ կը հասնին, բայց ժողովուրդը կայծակի նման կը խոյանայ անոնց վրայ, զինաթափ կ’ընէ զանոնք եւ կը սկսի փառաւոր տփոց մը տալ. ոստիկաններն ուժասպառ, օգնութիւն կ’աղաղակեն իրենց թոքերուն բոլոր ուժովը. զինւորները կը հասնին եւ կը մերկացնեն իրենց սուինները։ Ժողովուրդը սուիններուն կը պատասխանէ գաւազանի եւ կռուփի հարուածներով։ Երեք Հայեր կը վիրաւորուին, որոնց մէկը ծանրապէս, իսկ զօրքերէն շատերուն գլուխը, կուրծքը կը ջախջախուին։ Մօտակայ զօրանոցէն հեռադիտակով կը դիտեն զինւորներուն անյաջող փորձերը, օգնութեան փողը կը հնչէ եւ ութը հարիւր զօրքերու գումարտակ մը հեւ ի հեւ կը հասնի գերեզմանատունը, որուն բոլոր դռները չորս կողմէն փակելով կը պաշարէ սրբավայրը…։

Սասունեան երկրորդ կոտորած մը մօտալուտ կը թուի։ Երկչոտները ծակէ ծակ կը փախչին, բայց ստուար մեծամասնութիւնը հոն է, կռուելու եւ մեռնելու պատրաստ։

Վեհափառ Սուլթանի կառավարութիւնը սակայն, ինքզինք կ’ամփոփէ եւ ահա՛ զինւորական փաշա մը քառասմբակ կը սլանայ գերեզմանատուն, եւ կը գոռայ զօրքերուն.

Անպիտաննե՜ր, ձեզի ո՞վ հրաման տուաւ որ անհանգիստ ընէք այս ժողովուրդը. բացէ՛ք բոլոր դռները, եւ դուք տեղերնիդ կորի՛ք…

Փաշան անշուշտ մոռցած էր թէ՝ մէկ քանի վայրկեաններ առաջ՝ իրեն նման ուրիշ փաշա մըն ալ հրաման ըրած էր գերեզմանատունը պաշարելու։ Յետոյ, գերեզմանատուն մտնելով, փաղաքշական խօսքեր կ’ուղղէ ժողովուրդին եւ կը փորձէ զանոնք սիրաշահիլ։

Այս առթիւ մէկ քանի ձերբակալումներ տեղի ունեցան Հայերուն մէջէն, որոնց թիւը կը հասնի տասներեքի։

***

Աքսորեալ կամ բանտարկեալ եկեղեցականները, որոնք կայսերական ներման արժանացած էին, հետզհետէ կը բերուին մայրաքաղաքը։

Արաբկիրի Առաջնորդ Տ. Եզնիկ Ապահունի եւ Ատանայի Առաջնորդ Տ. Մկրտիչ Վեհապետեան եպիսկոպոսներէն զատ, որոնք վերադարձած էին արդէն Երուսաղէմի իրենց աքսորավայրէն, հետեւեալ եկեղեցականներն ալ Ազգ. Պատրիարքարանին յանձնուեցան Զատկի Ճրագալոյցին իրիկունը։

Տ. Կարապետ եպիսկոպոս Քէչէեան, Տ. Ղեւոնդ քահանայ Ճէնանեան (Մուհապպէթճի Տէրտէրը) եւ Տ. Նշան քահանայ Ստեփանեան՝ Հալէպէն։ Պուլանըխցի Տ. Սիմէօն վարդապետ Ղեւոնդեանց, վանահայր Կոփայ Ս. Դանիէլի. Տ. Աբրահամ վարդապետ Մշեցի, Ս. Առաքելոց վանքէն. Տ. Խաչատուր քահանայ Տ. Յարութիւնեան Ալաշկերտցի. Տ. Վարդան վարդապետ Բրոխորոնեան Քէմախցի. Տ. Թաթուլ քահանայ Կարմիրեան Չարշամպացի. Տ. Մկրտիչ քահանայ Թահմազեան Սամսոնցի. Տ. Յովհաննէս եպիսկոպոս Գազանճեան Պոլսեցի՝ Միւմպիճէն, Տ. Կարապետ քահանայ Երէցեան եւ Ֆռնուզի վանահայր Տ. Նիկողայոս եպիսկոպոս Դաւիթեան՝ Պօտրումի բերդէն։

Թէեւ ասոնց, ինչպէս նաեւ բոլոր աքսորուած ու բանտարկուած եկեղեցականներուն ազատ արձակուելուն համար իրատէ հանած էր Սուլթանը, բայց յիշեալ եկեղեցականները, Պոլիս բերուելէ յետոյ, մէկ քանի շաբաթներ ոստիկանութեան կողմէն բանտարկուեցան եւ միայն վերջերս յանձնուեցան Պատրիարքարանին։ Դիտելու էր ասոնց խեղճութիւնը։ Ոմանց ոտքը գուլպայ չկար, շատերուն գլուխը՝ անծոպ ֆէս մը, վրան մաշած եազմա մը փաթթուած, ամէնքն ալ պատառատուն հագուստներով։ Սրբազան Պատրիարքին հրամանով, ասոնք Մայր եկեղեցին իջան Խթման իրիկունը, եւ եկան կարգով շարուիլ Նորին Սրբազնութեան առջեւ։ Յետոյ, Սրբազան Պատրիարքը զանոնք առժամապէս տեղաւորել տուաւ մայրաքաղաքի եկեղեցիներուն մէջ, պատուիրելով որ հիւրասիրուին եւ ամէն կերպով հոգացուին անոնց պէտքերը։