Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ՄԻ՛ ՇՆԱՐ…
       –Բժի՛շկ , ըսաւ , զաւակ չունենալու համար ճար մը, ճարակ մը չունի՞ս…։
       Ու ա՛յնքան բնական ու մտերիմ կերպով ըսաւ այդ ահագին, գրեթէ ոճրագործային հարցումը, որ զարմացած երեսը նայեցայ. լա՛ւ սնած ու ինքիրմէն գոհ մարդու երես մը, կարմիր ու տափակ, որ կարծես առատ ճաշէ մը վերջ « Փա՜ռք Տեառն» կ՚ըսէր։
       Փա՜ռք Տեառն։ Ո՞ւրկէ արթնցաւ մէջս այս միտքը, չեմ գիտեր. յետոյ միայն հասկցայ որ Տիրոջ փառք տալու այնքան ալ զօրաւոր պատճառներ չունէր։
       Իր նախնական հագուստ֊կապուստը, իր բարի՛ անասունի աչերը, իր լայն վիզը որ օձիքը չէր սեղմեր, իր ծանրկեկ ոսկի շղթան, հաստ փայտի մաշած գաւազանը՝ որուն կը կռթնէր, ու վերջապէս իր ձեռքի սեւ համրիչը, ինծի հասկցուցին, թէ այս մարդը համոզելու համար՝ իմ փաստերս Գիտութենէն աւելի Կրօնքին մէջ պէտք է փնտռէի, «Աճեցէք ու Բազմացարուք»ին շուրջ։
       Բայց խորաթափանց ու խորամանկ, ան իսկոյն զգաց որ իմ Աստուածաշնչական հմտութիւնս շա՜տ տարտամ, ու կրօնական փաստերս ալ շա՜տ տկար էին, ու ինծի ցոյց տալու համար որ փաստերուն զօրաւորագոյնը ի՛ր կողմն էր, իր գրպանին մէջ կամա՜ց մը ձեռքով քանի մը արծաթներ հնչեցուց։
       Այն ատեն ա՜լ չի համբերեցի։
       –Ի՜նչ , ըսի , թող անդին աղքատին զաւակները տասնեակներով ծնին, չոր հացով մը մեծնան փողոցներու մէջ, շան ձագերու պէս, առանց բժիշկի ու կրթութեան, երբ փոքր՝ գերեզմանները կը լեցնեն, երբ մեծ՝ ձեր գործարաններն ու քսակները, ու դո՛ւք՝ որ ամէն դիւրութիւն ունիք առողջ, զարգացած, օգտակար անհատներ հասցնելու՝ եկեր էք զաւակ չունենալու համար ճար ու ճարա՞կ խնդրելու. դո՛ւք որ ձեր ուժին ու ձեր տարիքին լիութեանը մէջն էք, կայտա՜ռ , առո՜ղջ…։
       –Առո՜ղջ, առո՜ղջ. ընդմիջեց՝ գլուխը հաստատ֊հաստատ շարժելով։
       Բայց ես թող չտուի որ շարունակէր. զիս համոզելու երկրորդ փորձ մը ըլլար թերեւս այն. ու մատենադարանս ցոյց տալով իրեն.
       –Կը տեսնէ՞ք , ըսի , այս բոլոր գիրքերը. անոնք իմ վարպետներս ու իմ հայրերս են. բոլորն ալ ինծի կը նային, ես իրաւունք չունի՛մ կեանքէն կանխաւ զրկելու այն զաւակները, որոնք թերեւս օգտակար ու երջանիկ պիտի ըլլան կեանքին մէջ…։
       Այն ատեն, ծա՛նր֊ծա՛նր կշռելով իր բառերը՝
       –Բժի՜շկ, բժի՜շկ , ըսաւ , դուն դեռ երիտասարդ ես. առա՛նց գիտնալու մի՜ դատեր. գիտութեան պէս չոր մի՛ ըլլար. այդ մատենադարանին գիրքերը բոլո՛րն ալ կռնակնի՛ն դարձուցեր են կեանքին. մինչդեռ կեա՜նքը… է՛ն երջանիկ կարծուած կեա՜նքը…։
       Չի կրցաւ շարունակել. օդին մէջ լա՜յն շարժում մը ըրաւ ձեռքով, ու գլուխը վար հակեց։ Դերասանութի՞ւն էր ըրածը…։
       Կը դիտէի այդ հակած գլուխը, որ ո՛չ հանճարի ու ո՜չ չարիքի ուռեցքներն ունէր. կլոր, պարկեշտ, քրիստոնեա՛յ գլուխ մը։ Յետոյ մազերը դիտեցի, քառասունէն֊քառասունը հինգնոց աղ֊պղպեղ մազեր՝ որոնք իր տարիքին ու դաստիարակութեան համեմատ կա՛րճ պէտք էր կտրուած ըլլային. ինչո՞ւ երկայն էին անոնք. տեղ֊տեղ երեւցող բացութիւննե՞րը ծածկելու համար։ Այդ համեստ ու գաղտնի ճաղատութիւնը ուշադրութիւնս գրաւեց. անիկա գագաթին լուսեղէն թագը չէր, ոչ ալ ճակատին պատկառելի բացութիւնը, որոնց առաջինը փորձառութեան, եւ երկրորդը՝ խելացութեան նշան կը համարուին , ու երկուքն ալ քիչ թէ շատ հպարտ են իրենցմէ, ճակատս բաց է֊ի հպարտութիւնով մը։ Ո՛չ, ասիկա պահուըտո՛ղ ճաղատութիւն մըն էր. հազի՜ւ տեսանելի, տե՛ղ֊տեղ միայն անտառին մէջ գտնուող բացաստաններուն պէս՝ որոնք հեռուէն չեն երեւար ու գիտցողնե՛րը միայն կը գտնան։ Յետոյ, մտքի ոստումով մը, խորհեցայ որ ձեռքի հաստ գաւազանը զարդի համար չէր, այլ իր քալուածքը երաշխաւորելու համար…։ Ու իսկո՛յն կասկածը ծագեցաւ մտքիս մէջ, յանկարծակա՛ն, սարսափելի՛, չզսպուո՛ղ, կասկածը։ Ի՜նչ… այդ բարի քրիստոնեայի գլխուն մէջ կը կրծէ՞ր միթէ որդը, աշխարհիս ամէնէն զզուելի որդը…։
       Կարելի՞ է սակայն այդքան փոքր բաներէ այսքա՛ն մեծ կասկածներ ունենալ։ Ո՜վ դուք, որ այսպէս կը խորհիք, չէք գիտեր թէ հիւանդութիւն մը կայ որ բոլոր ախտերը իր մէջ կը պարունակէ ու կը գերազանցէ զանոնք. ճաղատութի՞ւն թէ բորոտութիւն, յիմարութի՞ւն թէ անդամալուծութիւն, կոկորդի՞ թէ փորի ցաւ, բոլո՛րն ալ. ու դեռ այնպիսի՛ ցաւեր, որոնք չեն ըսուիր ու չեն խոստովանուիր։ Ու այդ հիւանդութիւնը մեր մէ՛ջն է, ամէնուրէք, ամենազօ՛ր, անտեսանելի՛։ Իր անունին շուրջ մարդկութիւնը դաւադիր լռութիւն մը սարքած է. չարիքին լռութիւնը։ Հարուստ շրջազգեստներու տակ կը պտտի, ներկուած շրթներու վրայ կը ժպտի, մէ՛կ հպումով կը փոխանցուի…։ Ի՞նչ պատճառ կար որ այս մարդը զերծ ըլլար այդ հպումէն։
       –Խե՜ղճ մարդ , ըսի , քու կեանքիդ մէջ գաղտնիք մը կայ որ ինձմէ կը պահես։
       Սարսափա՜ծ՝ դրանս նայեցաւ որ լաւ մը գո՞ց է։
       –Գթա՛ ինծի, գթա՛ տարիքիս, բժի՛շկ , ըսաւ…, բայց քանի որ մատդ վէրքի՛ն վրայ դրիր, լաւ է որ սիրտս բանամ, անգամ մը գոնէ կեանքս թունաւորող ցաւը դուրս թափեմ։ Ա՜խ, եթէ ժամանակին գիտցա՜ծ ըլլայի, խօսա՜ծ ըլլայի, թերեւս իմ ցաւիս ալ դարման մը գտնէին։ Բայց մեզի այս բաները չսորվեցուցին, բժի՛շկ։ Դպրոցները մեզի քառակուսի արմատներ սորվեցուցին. կեանքին արմատը՝ ամօ՛թն է ըսին։ Ու ես՝ քիչ֊շատ դիրքի տէր մարդ, նոր կարգուած մարդ, ես ինչպէ՞ս ըսէի որ ամօթալի ու սարսափելի բա՛ն մը կեանքիս արմատը կը կրծէր…։ Քանինե՛ր գիտեմ որ աներկի՜ւղ ու անպատի՜ժ կը մեղանչեն։ Ես միշտ ժուժկալ ապրեցայ. կնոջմէս զատ կին չճանչցայ…
       Կասկածո՜վ երեսը նայեցայ։
       –…Բացի մէկէն… մէ՛կ անգամ միայն…։ Ու գլուխը անգամ մըն ալ դուռին կողմը դարձուց, ու ձայնը աւելի ցածցնելով ըսաւ.
       –Այն ատեն մենք դեռ նոր ամուսնացեր ու մեղրալուսնի համար Վենետիկ գացեր էինք։ Օր մը, Մեծ֊Հրապարակին վրայ կեցեր՝ աղաւնիները կը դիտէի։ Վրայէս հասկցան որ օտարական մըն եմ. մէկը եկաւ որ ինծի Սուրբ Մարկոսին թուականները պատմէ. միւսը եկաւ որ Տոժերու պալատը պտտցնէ. ուրիշ մը եկաւ որ զիս ապակեզարդերու գործարանները տանիլ կ՚ուզէր։ Վերջապէս չորրորդ մը եկաւ որ սրտէ՛ս խօսեցաւ. «քեզի , ըսաւ , աշխարհիս ամէնէն գեղեցիկ բանը ցուցնեմ »։ Արդէն Վենետիկի համար այդ տեսակ խօսք մը լսեր էի։ Գաղջ արեւը արիւնս կը տաքցնէր, առջեւս աղաւնիներ իրա՛ր կը կծծէին… «Աշխա՜րհ գալ ու աշխարհին համը չառած երթա՜լ՝ ըսի. ինչո՞ւ Աստուծոյ շինած հրաշալիքին մօտենալը մեղք ըլլայ…»։ Մօտեցայ ու բերնիս համը առի…։ Երբ պանդոկ դարձիս՝ տեսայ կինս դեռ տասնեօթը տարու որ ժպտելով ինծի իր շրթներն երկնցուց, ինքզինքէս զզուեցայ. հասկցա՛յ որ հոգիս թունաւորուեր էր, ամիսներ վե՜րջ միայն գիտցայ որ մարմինս ալ թունաւորուեր էր…։ Ի՛նչպէս կրնայի երեւակայել թէ, կապոյտ աչերով եւ սեւ մազերով այդ փոքր աղջիկը, դժոխայի՜ն սերմնացանի մը պէս՝ մա՜հ էր ցաներ մէջս իր մերկ թեւերով…։
       Ու այդ պարկեշտ մարդը, որ ո՛չ Տոժերուն պատմութիւնը գիտէր Վենետիկէն համ առնելու համար, ո՛չ Հառաչանաց֊Կամուրջին անցեալը, ո՛չ Սուրբ Մարկոսին արժէքը, այդ խոնաւ քաղքին մէջ, միայն Վենետիկի վաճառուհին էր տեսեր…։
       –Սոդոմ֊Գոմո՜ր, Սոդոմ֊Գոմո՜ր, կը հառաչէր միայն, երկինքին կրա՛կը թող տեղայ այդ մեղքի տուներուն վրայ։
       Ուզեցի իր ցաւը մեղմել, ցոյց տալով որ քանինե՜ր կը տառապին իր ախտէն։
       –Եթէ , ըսի , Սողոմոն իմաստունին հետ քիչ մըն ալ Վոլթէր կարդացած ըլլայիր, աչքերդ աւելի՛ բաց պիտի ըլլային աշխարհային իրողութիւններուն վրայ։ «Երբոր , կ՚ըսէ այդ ծերունին , երեսուն հազարնոց բանակ մը հաւասար թիւով բանակի մը դէմ կը ճակատի, կրնանք վստահեցնել որ երկու կողմէն մերձաւորապէս քսան հազար սիֆիլիզ կայ»։
       –Ա՜խ, բժի՛շկ, այդ բառը մի՛ ըսեր, այդ բառը կը զզուեցնէ զիս…։ Վոլթէրէն հազարներո՜վ տարի առաջ Աստուածաշունչը՝ աւելի՛ պատշաճ կերպով, արգիլուած պտուղին քով օձ մը նկարեր է…։ Այդ օձը իմ բոյնս քանդեց, ո՛չ թէ միայն իմ արիւնս, այլ զաւակներուս արիւնն ալ թունաւորեց։ Այդ խեղճերը՝ դեռ հազի՜ւ քանի մը ամսու՝ կը վիժէին իրենց մօր արգանդէն, կեանքի գալարումներով, արիւնոտ, զարհուրելի…։ Յետոյ զաւակ մը եկաւ , ինն ամսու. ա՛խ, այդ զաւակը, ի՛մ զաւակս…։ Մարմինն ամբողջ փշտիկ֊փշտիկ, պալար֊պալար, թարախ ու շարաւ…։ Միայն երկու օր ապրեցաւ. բայց այդ երկու օրերը՝ երկու դարեր…։ Ո՛չ, բժի՛շկ, ես ալ զաւակ չեմ ուզեր. եթէ նոյնիսկ ան ապրի, չէ՞ որ զիս անիծելով պիտի ապրի։ Եհովան երբ կ՚ըսէր թէ « Ես վրիժառո՛ւ Աստուածն եմ, ու մինչեւ եօթներորդ սերունդդ կը հարուածեմ քեզ» չէ՞ որ այս հիւանդութեան համար կ՚ըսէր…։
       Ու այդ հաստատուն , այդ աստուածավախ մարդը, տղո՛ւ մը պէս, տղո՛ւ մը պէս սկսաւ լալ…։
       –Իմ կինս ինծի իր հարստութիւնը բերաւ։ Ան ինձ իր միամտութիւնն ու իր ժպիտը բերաւ, վա՜յ Աստուած, ես ի՜նչ տուի իրեն։ Ան կարծեց դրախտը մտնալ , ես իր դպած տեղը դժոխք ըրի։ Ան երախայ մը ուզեց, ես է՛ն սարսափելի հրէշը նետեցի իր ձեռքերուն մէջ։ Ան իր շրթներն ինծի մօտեցուց, ես իմ երախս բացի. նայէ՛, բժի՛շկ, բերա՞ն է այս…։
       Իր բաց բերնէն գաղջ գարշահոտութիւն մը ելաւ. խորը, բերնին խորը, պատառոտած, խոռոչուած, կերուած տեղեր կային. տեղ֊տեղ կարմիր, արիւնոտ, ճերմկոտած, դեղնոտած. «որդնոտած » պիտի կարծէր անփորձ աչք մը։
       Ու այս մարդը որ մարդերուն մէջ կը շրջէր, յարգուա՛ծ, որ խունկ ու սաղմոս կը բուրէր, որ այրերուն իբրեւ տիպար այր, աղջիկներուն իբրեւ տիպար ամուսին կը ցուցուէր, այս մարդը՝ իր մէ՛կ համբոյրով, հազար անգամ աւելի թունաւոր քան Յուդայինը, ամբողջ սերունդներ վարակելու պաշտօնը ունէր…։ Ու բախտը, որուն համար կո՛յր է կ՚ըսեն հազարներո՛ւ մեղքը քաւելու համար կարծես դիտմամբ ընտրած էր այս խե՜ղճ քաւութեան նոխազը, այս պարկեշտ ու տգէտ մարդը, որ նոյնիսկ կ՚անգիտանար թէ իր մէկ լորձունքին մէջ ա՛յնքան վարակիչ ուժ կայ…։
       Ոտքի ելաւ. գլուխը երերտկալէն՝ բռունցքը դէպի երկինք վերցուց, եւ կարծես թէ Մովսէսին երկու քարէ֊տախտակները վերցնէր իր երկու ձեռքերուն մէջ, անոնց բովանդակ ծանրութեան տակ ընկճուած՝ ինքնիրեն՝
       –Մի՛ շնար…, ըսաւ։
       Մի՜ շնար։ Այդ մէ՛կ բառին մէջ պատուէր մը ու պատուհաս մը կար, դաս մը ու դաւադրութիւն մը։ Բոլոր կիրքերը, փորձութիւնները, վայելքները, գաղտնի համբոյրները կը դատէր ու կը դատապարտէր այդ մէ՛կ բառը։ Մի՛ շնար… ամբողջ արքայութիւն մը ու դժո՛խք մը։
       Ու երբ ան կը մեկնէր, ես անգա՛մ մըն ալ կը դիտէի իր հաստ փայտէ գաւազանը՝ որ իր անկայուն ու ինկող քալուածքը կ՚ապահովէր, իր մատները՝ որ թեթեւ մը կը դողային, իր թարթիչները որ վարագոյրի պէս վար իյնալու ձեւ մը ունէին, իր բիբերը՝ ասեղի ծակերուն պէս նեղ, ու կը նախատեսէի որ իր քայլերուն ետեւէն կ՚ երթար թապէսը, տռամին վերջին արարուածը, որ մարդուն վրայէն իր աստուածութիւնը կը վերցնէ՝ անոր ծննդագործութիւնը ջնջելով, որ զարհուրելի ցաւերով կը տանջէ, որ կ՚անդամալուծէ ու կը ստորնացնէ, որ մարդկային ամէն սրբութիւն գարշանքի մէջ կը լրացնէ, որ չի՛ մեռնիր, այլ ողջ֊ողջ կը փտեցնէ…։
       –Մի՛ շնար…։
       Լօզան , 1913