Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ԿԷՍ ԽԵՆԹԸ
       Գեղեցիկ առտու մը անակնկալ նամակ մը առի Պոլսէն։ Յայտնի ընտանիք մը կը խնդրէր ինձմէ իսկոյն Մոնթէ֊Քարլօ մեկնիլ՝ որովհետեւ հոն իրենց տղան յանկարծակի խենթեցեր էր, ու իբրեւ փաստ՝ ներփակ սա՛ տեսակ նամակ մը ղրկեր էին՝ տղուն կողմէ իրենց գրուած.
       «Սիրելի սիրեցեալք
       Գրութիւննիդ ստանալով ստանալուս պէս ստացայ ու պատասխանը գրելով գրելնիքէն կը գրեմ…»։
       Ու այս ոճով 16 խոշոր երեսներ։ Բայց ինչ որ զիս պարունակութենէն աւելի հետաքրքրեց՝ գիրերուն ձեւն էր։ Հազար հինգ հարիւր տարիէ ի վեր Սահակ֊Մեսրոպին գիւտը այսքա՛ն չարչարուած չէր։ Այլանդակ հասակներով, դողդոջո՜ւն, բարակո՜ւկ գիծեր, որոնք կ՚ելլէին, կ՚իջնէին, ո՛ւր երթալնին չգիտնալով կը շարուէին, տեղ մը կը մնային, կամ ինքզինքնին գտնելու համար ծուռ ու մուռ շրջանակ մը կը գծէին եւ խոշոր բառ մը ծակի մը մէջ կը սեղմէին, այնպէս որ բառերը՝ իմաստ մը տալու ճիգով ստիպուած էին կրկնուելու, տասնապատկուելու, քովէ քով շարուելու, գլուխ գլխի տալու՝ զինուորական գծով տողանցքի մը պէս։
       «Յարգանքներուս յարգանքներով յարգանքներս…»։
       Ու այս 16 էջերուն մէջ ստորակէտ մը, վերջակէ՛տ մը անգամ չկար։ Որովհետեւ այդ ամենափոքր բանը որ կէտն է՝ իր տեղին դնելու համար բաւական որոշութիւն ու վճռականութիւն պէտք է, բա՛ն մը որ շա՜տ խելօքներուն անգամ կը պակսի։ Ու նամակին պարունակութիւնը ա՛յնքան ալ ապուշ չէր։ Տարտամ ու անհամարձակ կերպով ա՛յն կը հասկցուէր որ տղան իր դրամները կերեր, նոր ոսկիներ կ՚ուզէր. (այդ ոսկիներուն թիւը չկարդացուելիք բան մըն էր, թուաբանութիւններու մէջ չմտած բոլորովին նոր թուանշան մը…)։
       Ճամբորդ մը ասկէ աւելի խելացի ի՞նչ բան կրնար պահանջել իր հարուստ ծնողքէն։ Բայց անոնք կ՚ենթադրէին որ անպատճա՛ռ տղան իր հարստութիւնը խաղարաններուն մէջ կորսնցնելով խելքին եկած էր։
       Շոգեկառքին մէջ 18 ժամեր քանի՜ անգամ կարդացի այդ 16 էջերը՝ մտքիս մէջ լոյս մը ծնցնելու համար, ու ընդհակառակը, այդ բոլոր սիրելիք սիրեցեալները, շոգեկառքին ցնցումները, անիւներուն տկտնկոցը բոլորովին թմրեցուցին ուղեղս։ Այդ նամակին ապշութիւնը անհանգստացուցիչ, գրեթէ վարակի՛չ բան մը ունէր իր մէջ։ Ու կէս գիշերէ մը վերջ, բոլորովին շուարած, իջայ Մոնթէ֊Քարլոյի կայարանը։
       Անծանօթ քաղաքի մը մէջ ո՞ւր երթալ այդ մութին։ Նեղ փողոցի մը մէջ, դրան մը վերեւ, աղտոտ լոյս մը կը պլպլար, մի՛ս֊մինակ ու կասկածելի (չեմ գիտեր ինչո՞ւ Մօտեցայ, պանդոկ մըն էր, աղ֊պղպեղ գէր կին մը սենեակ մը ցուցուց. բայց դրան կղպանք չունենալը անհանգստացուց զիս…։
       –Հոս վստահութեան տուն մըն է, ըսաւ կինը… Պարոնը մինա՞կ է…։
       –Այո՛, պատասխանեցի… սնտուկս կայարանը ձգած եմ…։
       Փոքրիկ սենեակ մըն էր՝ թուղթէ ծաղիկներով։ Գաղջ, թափանցող, անանուն բոյր մը կար օդին մէջ , իգական հոտ մը։ Լայն անկողինը հազի՜ւ ծածկուած էր. ճմռթկած սաւան մը՝ խորհրդաւոր փոսերով։ Մոմս մօտեցուցի, երկու կարմիր աղտեր տեսայ, դեռ թաց…։
       –Մնաս բարո՜վ վստահութեան տուն…։
       Ու նոր արշաւ մը սկսայ մութին մէջ, փողոցէ փողոց, մինչեւ որ յոգնած գլուխս մաքուր բարձի մը վրայ կարողացայ հանգչեցնել։ Առաւօտուն, սովորական ժամիս արթնցայ։ Դեռ սենեակը խաւար էր. քնացայ ու նորէն արթնցայ, նորէ՛ն խաւար. բայց այնպիսի խաւար մը՝ ինչպէս ըլլալու էր աղջամուղջը, դեռ Աստուած իր նշանաւոր «Եղիցի լո՛յս»ը չարտասանած։ Այս որքա՜ն երկար էին Մոնթէ֊Քարլոյի գիշերները։ Նորէն ու նորէն քնանալ փորձեցի, մինչեւ որ պանդոկապետը, կեանքիս վրայ կասկածելով՝ եկաւ դուռս բանալու։ Ա՛յն ատեն միայն տեսայ որ այդ սենեակը պատուհա՛ն մը, ծա՛կ մը անգամ չունէր։ Կատարեալ տուփ մը։ Գիշերը չխեղդուիլս ալ հրա՛շք մը պարզապէս։ Ոսկեզօծ քաղաքներու գնահատութեան մէջ այս փաստն ալ մի՛ մոռնաք։
       Դուրսը կէսօր էր։ Շիտա՛կ խենթիս հասցէին գացի ու տանը դիմաց ճաշարան մը նստայ։ Խորհրդաւոր դուռը բացուեցաւ, գլխուն վրայ կարմիր ֆէսով մարդ մը երեւցաւ , մօտեցայ ու բարեւեցի։
       –Աստուծո՜ւ բարին, ինչպէ՞ս էք , ըսաւ այնպիսի անտարբեր ձեւով մը, որ կարծես օրը տասն անգամ կը տեսնէր զիս։
       Հետս ճաշի նստաւ. հին բարեկամներու պէս, ասդիէն֊անդիէն խօսեցանք։ Ճիշդ է որ իր ուռեցած ականջները իրեն դէմքին ապուշ թանձրութիւն մը կու տային, բայց խենթ մը չէր այդ մարդը, հազա՛ր անգամ ո՛չ։ Գաղտնիքին բանալին գտնել կարծեցի՝ իր հետ կիներու մասին խօսելով, երեսը թթուեցուց. խաղարաններուն ակնարկութիւն ըրի, ուսերը թօթուեց։ Արդէն շուարած, աւելի շփոթեցայ։ Հապա եթէ սխալ մարդու օձիքէն բռնած ըլլայի՜…։
       Ամուսնացած մարդ մըն էր. ինծի երկար֊բարակ իր կնոջ վրայ խօսեցաւ՝ որ քիչ մը տկար ըլլալուն, այդ օրը միասին չէ կրցած ելլել. իր մեծ տղուն համար ինձմէ զուիցերիական վարժարանի մը հասցէն ուզեց. պզտիկ տղայ մըն ալ ունէր, շատ պզտիկ, որ այս օրերս ակռայ հանելուն՝ փորը քիչ մը թոյլ էր…։
       Յետո՛յ միայն գիտցայ որ այս մարդը ո՛չ կին, ո՛չ զաւակ ունէր, այլ պարզապէս ստելու փափաք մը. բայց բոլորովին բնական, անշահախնդիր, անվնաս սուտեր. արուեստը՝ արուեստին համար։
       –Ծնողքիդ նամանկ մը գրեր ես , ըսի անհամարձակ։
       –Չե՛մ յիշեր , ըսաւ։
       –Դրամներդ խաղարաններու մէջ կերեր ես։
       –Սխա՛լ է։
       –Հապա ո՞ւր գացին ոսկիներդ։
       –Ցորեկները պաղպաղակ մը կ՚ուտէի…։
       –Հարստութիւնդ միայն պաղպաղակո՞վ հատցուցիր։
       –Առտուներն ալ կաթ մը կը խմէի , թոթովեց. աչքերը լեցան, մօրուքին մէջ արցունքներ գլտորեցան։ Մեղքցայ իրեն, զղջացի։ Մարդը իր դրամը կերեր էր. ես ի՞նչ կը խառնուէի…։ Բայց ան այսպէս չէր խորհեր, կ՚ուզէր իր լացովը զիս համոզել իր անմեղութեանը վրայ, կ՚ուզէր որ անպատճառ հաւատամ թէ ինք պարկեշտ մարդ մըն էր. ո՛չ կինը, ո՛չ գինին, ո՛չ խաղը չէին հրապուրած զայն (ու այս ճի՛շդ էր)…։ Բայց մարդիկ չար էին, իր գէշութիւնը կ՚ուզէին, փողոցէն անցած ատեն խորհրդաւոր կերպով իրարու աչք կ՚ընէին. (աս ալ ճիշդ էր, բայց իր գլխուն ֆէսին համար էր Շատեր զինքը սնանկացնելու, կախաղան հանելու կը ջանային, աշխարհիս ամէն ծայրերէն անվերջանալի ու անկարելի հաշիւներ կը ղրկէին՝ իր բնա՛ւ չճանչցած մարդերէն…։ Ա՛ս ալ ճիշդ էր, ու ահա թէ ի՞նչպէս…։
       Այս խելօքիկ մարդը երբեմն֊երբեմն իր մեծութեան երազներն ունէր. բայց մեծ ըսածս՝ շա՛տ մեծ, խելքի մտքի մէջ չսեղմող մեծութիւն մը։ Քանի որ բոլոր մարդիկ իրմո՛վ կը զբաղէին ու դաւադրութիւններ կը սարքէին իր շուրջը, ուրեմն կրնար ըլլալ որ անգիտակցաբար ինք նշանաւոր անձ մը ըլլար, ո՞վ գիտէ, թերեւս ապագայ թագաւոր մը…։ Այս մարդը իր երազին հաւատալու դժբախտութիւնն ունէր. ու այս տեսակ հիւանդներու բնական տրամաբանութիւնով, կ՚ուզէր իր պզտիկ կեանքը այդ մե՛ծ գաղափարին պատշաճեցնել կանխաւ…։ Իր բանակին համար ֆրանսական գործարանի մը իշու լաւագոյն կաշիէն թմբուկներ կ՚ապսպրէր՝ բայց ա՛յնքան թիւով՝ որքան էշ չկար աշխարհիս երեսը… եթէ այդ անունով միմիայն համեստ չորքոտանիներուն կ՚ակնարկէր։ Գերմանիոյ կայսեր ինքնագիր նամակ մը կը գրէր՝ անոր պզտիկ աղջկան ձեռքը խնդրելու համար։ Բայց այդ մեծ ամուսնութեան արժանավայել պալատ մըն ալ պէտք էր։ Մոնթէ Քարլոյի բարձունքներուն վրայ սքանչելի ծախու ապարանք մը տեսեր, ու ամենայն պաղարիւնութեամբ, առանց սակարկութեան , թագաւորի վայել ձեւով ստորագրութիւն մը նետեր էր՝ գնելու խոստումի մը տակ։
       Այդ օրէն ի վեր գործերը գէշցեր էին, սուտ ու փուճ օրէնքներով իրմէ ահագին դրամներ կը պահանջէին տան մը համար՝ որ գնած չէր, պա՛րզ ստորագրութիւն մը միայն… ։ Ուրեմն իրա՞ւ այնքան մեծ արժէք ունէր իր մէկ ստորագրութիւնը։
       Այսպիսի մեծամոլութիւններու մէջ հատցուցեր էր դրամները, ու նորերը գտնելու համար այլանդակ շահադիտութիւններու մէջ կ՚իյնար։
       Գիտնականի մը ապսպրեր էր որ իր հաշուոյն արուեստական բրինձի գիւտին աշխատի։
       Օր մը կարդալով որ Սթրատիվարիուս ջութակ մը հազարաւոր ոսկիի ծախուեր էր՝ իսկոյն գրեր էր իտալական գործարանի մը, որ իրեն 12 տուզէն Սթրատիվարիուսներ հայթայթեն՝ տասը տարի վերջ տասնապատիկ գիներով ծախելու համար։ Ու գործարանին ամիս մը պայմանաժամ տուեր էր. բայց այդ պայմանաժամին մէջ ինք բոլորովին ուրիշ բաներու վրայ կը մտածէր, ու բացարձակապէս կը մոռնար ջութակները։
       Այդ բոլոր մեծաքանակ ապսպրանքներէն միայն երկո՛ւ բան պահած էր իրեն՝ որ սենեակին մէջ տեսայ։ Ահագի՛ն, անծա՜յր֊անվե՜րջ չուան մը որ շուարեցուց զիս։
       –Ծովերուն լայնութիւնն ու խորութի՞ւնը պիտի չափես , ըսի։
       –Ո՛չ , ըսաւ պաղարիւնութեամբ , այստեղ անվստահելի երկիր է, եթէ սենեակը գան՝ պատուհանէն փախչելու համար է։
       Բայց ես գիտէի որ դարձեա՛լ կը ստէր, իր սովորութեան համաձայն, այդ անհատնում չուանը ինքզինքը ձեղունէն կախելու համար էր…։
       Ու սնտուկ մը բացաւ. մէջը ի՞նչ կը կարծէք որ ըլլար. ածելինե՜ր, ածելինե՜ր, անթի՛ւ, անհամա՛ր, բոլորն ալ իրարու նման ածելիներու լեռ մը…։ Ես զարմանքէ զարմանք կ՚իյնայի՝ երբ ան միեւնոյն մեծութեամբ ուրիշ սնտուկ մըն ալ բացաւ՝ բերնէ բերան յար եւ նման ածելիներով լեցուն։
       –Ասոնք սրցուածներն են , ըսաւ։
       Ասոր վրայ շատ չպնդեցի, դուրս ելայ։ Ահա մարդ մը որ գիշերները հազարաւոր ածելիներ կը սրցնէր, ու ցերեկները խելօք֊խելօք եւ ազատ֊համարձակ փողոցներուն մէջ կը պտտէր. մինչեւ որ անմեղ մը չմեռցնէր՝ Օրէնքը զայն յիմարանոց չէր կրնար նետել. որո՞ւ փոյթ թէ այլանդակ գնումներով փճացուցած ըլլար իր հարստութիւնը. ան կէս֊խենթն էր. արդէն բժշկութիւնն ալ խենթութիւն չանուաներ այս հիւանդութիւնը։ Իր յիշողութեան կորուստը, իր ըրածներուն մանկական տարօրինակութիւնը, իր աւելորդ ստախօսութիւնը, իր յաջորդական մեծամոլութիւնն ու մենամոլութիւնը, ու մանաւանդ իր խօսելու դժուարութիւնը եւ իր թափթփած բառերը, իր գիրերուն պէս՝ լեզուին ու մատներուն ալ դողալը, շատ որոշ հիւանդութեան մը անունը կ՚արթնցնէին մտքիս մէջ։
       Ինչպէ՞ս սկսեր էր այդ հիւանդութիւնը. ոչ թէ յանկարծակի (ինչպէս ծնողքը կը գրէին ), այլ ամիսներու ընթացքին։ Բարեկիրթ մարդ մըն էր ան, որ քիչ֊քիչ իր բնութիւնը փոխեց։ Նախ մելամաղձոտ դարձաւ, սենեակին մէջ բանտարկուած՝ օրը հարիւր սիկարէթ կ'այրէր ու կը մարէր. յետոյ բարկացոտ դարձաւ, ընտիր հասարակութեան մէջ յանկարծ զզուելի շարժում մը կ՚ընէր, գարշելի բառ մը կ՚արտասանէր։ Ծնողքը նախամեծար համարեցին զայն ճամբորդութեան պատրուակով տունէն հեռացնել, ու մինչեւ որ վերոյիշեալ նամակը չստացան՝ խենթ ըլլալը չգուշակեցին։ Արդէն ծնողները ա՛յդպէս են. ա՛յնքան երկար ատեն որ դրամնին չուզես՝ խելացութեանդ վրայ չեն կասկածիր…։
       Փարալիզի Ժեներոկն էր այս հիւանդութիւնը, քոյրը այն միւս սարսափելի հիւանդութեան՝ որ թապէս կը կոչուի, եւ որոնց երկուքին ալ հայրը հինցած սիֆիլիզ մըն է։ Բայց նախ պէտք էր ստուգել որ այս վերջին ախտը ընդունա՞ծ էր ժամանակին…։
       –Այո , ըսաւ , անանկ բան մը կար… հի՜ն պատմութիւն։
       Արիւնին ու մարմինին քննութիւնը կասկած չձգեցին. դարմանելն անկարելի էր, ընելիքս պա՛րզ։ Զինքը շոգենաւի մը բժիշկին յանձնելով՝ շիտակ Պոլիս ղրկեցի։ Ես ա՜լ մինակ մնացած՝ քիչ մը ատեն հանգչեցայ այդ սքանչելի քաղաքին մէջ։ Վերադարձիս՝ շոգեկառքին մէջ նորէ՛ն կարդացի նշանաւոր նամակը ու նորէ՛ն երեւակայեցի այդ խենթը, բայց այս անգամ ո՛չ թէ տարտամօրէն, հապա շա՛տ որոշ կերպով՝ այնպէս ինչպէս մօտաւոր ապագայի մը մէջ պիտի ըլլար ան, անխուսափելիօրէն։
       Ուղեղը իր այդ վերջին ու տարօրինակ լոյսերէն վերջ՝ բոլորովին պիտի խաւարէր, սեփ֊սեւ (առջի գիշերուան սենեակիս պէս ), ապուշութիւնը կատարեալ պիտի ըլլար, շարժումները անկարելի, անկողնին պիտի գամուէր, լեզուն պիտի կորսնցնէր, ուտելը պիտի մոռնար, օրը քսան սաւան պիտի աղտոտէր, օր մը պիտի գար ուր ալ զայն կերակրելն ալ անկարելի պիտի ըլլար, իր է՛ն սիրելիներուն գարշելի պիտի դառնար, պիտի նեխէր… ու ասիկա՝ անխուսափելիօրէն։
       Բայց այս պատմութիւնը անակնկալով սկսաւ եւ անակնկալով ալ պիտի վերջանար։ Տուն դարձիս՝ Պոլսէն նամակ մը գտայ, ուր ինծի կ՚իմացնէին որ խենթը՝ հոն հասած օրն իսկ՝ հազիւ բժիշկին հսկողութենէն ազատած՝ հորը նետուեր էր… Կարծես դիտմամբ՝ իմ անխուսափելի գուշակութիւններս զուր հանելու համար։
       Բնութիւնը, որ ամէն չարիքին քով բարիք մըն ալ դրած է, այս սարսափելի ախտին քով՝ իր դարմանն ալ ցոյց տուեր է. այս հիւանդները գիշեր֊ցերեկ մէ՛կ բան կը մտածեն՝ անձնասպանութիւնը։ Բժիշկները որ ուրիշ դարման մը չեն գտած՝ կը բաւականանան արգիլելով այդ բնական հակումը։ Սակայն, լաւագոյն չէ՞ հոր մը աղտոտել քան տարիներով նուիրական բոյն մը թունաւորել։
       Ու հիմա կը յիշեմ դեռ այն օրը՝ երբ մօրուքին մէջ խոշոր արցունքներ կը գլտորցնէր՝ զիս համոզելու համար որ ինք բարի ու խելօք մարդ մըն էր…։ Ալ կը հաւատամ քեզի , խե՜ղճ մարդ. դուն չես ստեր։ Ստողները անո՛նք են որ քու հոգւոյդ կորստեան վրայ կոկորդիլոսի արցունքներ կը թափեն…։
       Թող կրօնագէտներն ու բարոյագէտները անձնասպանութեան վրայ վիճին. թող իմաստասիրական հատորներ արձակեն իրարու գլխուն. մէկը պիտի գտնուի՞ ինծի բացատրելու համար որ մարմնապէս ու հոգեպէս ի՞նչ պիտի արժէր այդ կեանքը, խօսելու, զգալու, շարժելու, սնանելու, մտածելու անկարող, մէզի մէջ փտած մսի կտոր մը՝ որ շանը նետես չ՚ուտեր…։
       Լօզան , 1913