Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ԳԻՆՈՎԻՆ ԱՂՋԻԿԸ
      
       Այդ օրը մոգական ընթերցումներով գլուխս լեցուցի, ու մագնիսական խառնակ մտածումներով փողոց նետուեցայ։
       Գլխուս վերեւ գարնանային արեւ մը կար, այն առաջի՛ն արեւներէն՝ որ տաքցնելէ աւելի կը շոյեն, թուլցնելէ աւելի կը գինովցնեն։
       Արե՛ւ մըն ալ ահա դիմացս. գարնանային աղջիկ մը, անոնցմէ՝ որոնք չեն այրեր՝ այլ հոգին կը գաղջեցնեն, չեն կիզեր՝ այլ կեանք կու տան։
       Ուրախութի՜ւն մըն էր դիտելը իր կապուտակ աչերը՝ երկնքի պատառներու պէս։ Արեւի՛ գոյն մազերը՝ իր ուսերէն աւելի անցորդին աչերը կը շոյէին։ Անոր նայելով մարդ վայրկեան մը ինքզինք երջանի՜կ կը զգար ապրելէն, որովհետեւ այդ հասակի աղջիկները՝ երկու տարիներուն մէջտեղը՝ գեղեցկութենէն աւելի բան մը ունին իրենց վրայ…։
       Կարելի՞ էր երեւակայել աւելի մեծ մոգութիւն, հրաշք մը, քան այն որ ահա դէմս էր, կը մօտենար, աչքս իր աչերուն մէջ…։ Քա՛յլ մըն ալ, ու յանկարծ տժգունեցաւ, ճիչ մը արձակեց եւ ուժգնօրէն ինկաւ՝ երկինքէն ինկող քարի մը նման։
       Վազեցի, չէ՛ր շնչեր. ձեռքերը սեղմեցի, չէ՛ր զգար։ Երեսը գետնին՝ փայտի մը պէս ինկեր ու արդէն քարացեր էր մեռած թռչունի նման։ Թեւերն ու ոտները երկաթի պէս կարծր էին, շի՛փ֊շիտակ, մահուան շիտակութիւնովը…։
       Բայց ասիկա վայրկեան մը տեւեց։ Կռնակին վրայ դարձուցի զայն, մարմինը սեղմող կոճակները խլեցի, կապերը թուլցուցի։
       Այն ատեն տժգոյն երեսը կարմրեցաւ, կապուտցաւ. ահագին ճիգով դէմքին մկանները կծկտեցան։ Լեզուն՝ ակռաներուն մէջ ո՛ւժգնօրէն խածուած՝ կը գալարէր արիւնոտ։ Գլուխը մուրճի մը պէս կը ծեծէր սալայատակին քարերը։ Ձեռները, ոտները, ամբողջ մարմինը յանկարծ ֊յանկարծ կը դողային՝ վիզը կտրուած անասունի մը պէս։ Աչերը՝ գնդակներու պէս դուրս ցայտած՝ իրենց ճերմակութիւնը ցոյց կու տային ամբոխին, որ եկեր էր ամէն կողմէ, վրայէ վրայ խռնուած, հետաքրքրութիւնով ու երկիւղով լեցուն, կարծես թէ երկինքէն նետուած չար հրեշտակ մը ջախջախուէր այդ ցեխերուն մէջ…։
       Յետոյ, գլուխներու մէջէն գլուխ մըն ալ երեւցաւ։
       –Ես իր տունը գիտեմ, ըսաւ, գինով Սիմոնին աղջիկն է։
       Ու ոտներէն, բազուկներէն բռնեցին տարին։
       Ու ես կը խորհէի՜։ Ահաւասիկ դեռատի աղջիկ մը, գեղեցիկներու մէջ գեղեցիկ, կոյսերու մէջ կոյս, որուն մէկ ժպիտը բաւական էր դառնացած կեա՛նք մը ուրախացնելու։ Եւ սակայն, ինչպէ՜ս ճիշդ կ ՚ըսէր պառաւ մը ա՜լ թող սպասէ որ մէկը խնդրէ իր փափուկ ձեռքը…։ Ի՜նչ փոյթ թէ իր բոլոր բջիջները կեանքով ու երջանկութիւնով լեցուն են հիմա. անիկա դժբախտ պիտի ըլլայ, ուզէ՛ թէ չուզէ՜. ճակատագի՜ր…։
       Բայց բնութիւնը իր մէ՜կ ըրածը ծածկելու համար՝ նմանօրինակ ու տարօրինակ ա՛յնքան ուրիշ ցաւեր ալ ստեղծեր է, որ ժամանակ չունիս մէկուն վրայ խորհելու, եթէ ոչ այդ մէ՛կը կրակոտ գամի մը պէս կը մխուէր ուղեղիդ մէջ…։ Սուրացող շոգեկառքի մը մէջն ես, հազի՜ւ ժամանակ ունիս պատուհանէդ բան մը տեսնելու, այդ տեսածդ չդատած՝ ուրիշ մը կը յաջորդէ անոր, ու հազա՜ր ուրիշներ։ Վարագոյրդ կը գոցես ու քո՜ւ ցաւերուդ վրայ կը խորհիս միայն։ Ու ահա՛ կեանքը. կաթիլ մը արցունք, անցուկը՝ մոռցո՜ւկ…։
       Այսպէս է մանաւանդ հիւանդանոցի կեանքը։ Հոն թշուառութեան տեսարանները ա՛յնքան արագ կը յաջորդեն իրարու, որ բնա՛ւ ժամանակ չունիս խորհելու, եւ սակայն վարագոյրդ ալ չես կրնար գոցել՝ որովհետեւ ձեռքերդ ամէնուն վէրքին մէջ պիտի մխես։ Նո՛յն օրուան անկողնին մէջ ուր մեռելի մը դիակը դեռ չէ պաղած՝ նոր հիւանդ մը կը պառկի, ապրելու յոյսով…։ Նոյն երկաթէ սեղանին վրայ քանիներո՜ւ արիւնը իրար կը խառնուի ամէն օր, ու կը լերդանայ անկիւն մը…։ Ու այդ բոլոր ցաւերը ա՛յնքան նման են իրարու որ հազի՜ւ թէ կարենայիր զանազանել իրարմէ։ Անգամ մը սակայն զարհուրելի պարագայ մը ներկայացաւ։
       Ձմրան առտու մը, տաքուկ սենեակիս մէջ նախաճաշս կ ՚ընէի՝ բոլո՛ր մասնիկներովս վայելելով այն երջանիկ հանգստութեան ժամը, որ առաւօտեան ժամն է հիւանդանոցին մէջ։ Յանկարծ մէկը արագ ֊արագ դուռս ծեծեց։ Գթութեան քոյրն էր, Մեծ֊քոյրը, տարիքոտը։ Բոլորովին տժգունած՝ ինծի բացատրեց որ այրուած կին մը բերեր ու արդէն իսկ գործողութեան սեղանին վրայ պառկեցուցեր էին։ Զարմացայ. այրուածները հազուագիւտ չեն. ինչո՞ւ ուրեմն այսքան այլայլեր էր այս կինը որ ահագի՜ն ցաւեր շոյած ըլլալու էր իր ծերունի ձեռքերուն մէջ…։
       Իսկոյն վար վազեցի։ Գարշելի նեխութիւն մը փռուած էր սեղանին վրայ։ Երեսը ծածկեր էին որ հիւանդը չսոսկայ ինքնիրմէն։ Ամբողջ կուրծքը՝ վիզէն մինչեւ որովայնը՝ բաց վէրք մըն էր, վերէն վար։ Թեւերը աւելի սոսկալի էին, մորթը այրեր, ճարպը հալեր, մկանները սեւցեր, բարակցեր, կախուեր էին չուաններու պէս…։ Պէտք էր այդ բոլորը մաքրել, կտրել, նետել, ողջը մեռածէն զատել։ Բայց մկրատին դպած տեղը արիւնը կը բխէր, մելանի գոյն, թանձրացած կաթիլներով…։
       Կրակը կրակով կը մաքրուի։ Ու հրաշէկ երկաթը սկսաւ գործել, արիւնի ակերը խարանել, բաց վէրքերուն մէջ պտտիլ։ Իր կարմիր համբոյրին տակ դեռ կեանքոտ դնդերները կը կծկտէին, որովայնը կը գալարէր, մորթազերծ կուրծքը կ ՚ելեւէջէր ցաւագին շարժումներով։
       Կոկոն֊կոկոն ստինքները այրեր, հալեր էին։ Տեղ ֊տեղ վարդագոյն մորթի պատառներ մնացեր էին դեռ՝ վարդի փրթած թերթերու պէս։ Տեղ ֊տեղ դեղնած ճարպ մը կ ՚երեւէր՝ թարախի գոյն, մինչեւ բազուկներուն խոռոչին տակ։
       Ճենճերոտ մուխը կը բարձրանար, կը գալարուէր, սենեակը կը լեցնէր. այրուող մսի հոտը թոքերը կը խեղդէր։ Գթութեան փոքրիկ քոյրերը մէկիկ ֊մէկիկ անհետացան՝ արցունքը աչքերնուն մէջ. յետոյ Մեծ ֊քոյրն ալ գնաց՝ թաշկինակը քիթին…։
       Հիմա մինակ էինք, ես ու կենդանի դիակը։ Եթէ նոյնիսկ գիտութիւնը հրաշք մը ընէր, ինչպէ՜ս պիտի ապրէր, ինչպէ՜ս պիտի շարժէր ան. երկար հոգեվարք մը չպի՞տի ըլլար իր կեանքը։ Ա՜խ, ի՜նչ կ ՚ըլլար որ կարմիր երկաթը սխալմամբ մօտենար, այրէր, ճեղքէր այն խոշոր երակը, որ ահա՛ բազուկին տակ կը տեսնուէր, մե՜րկ, անվթա՜ր, կեանքի՜ տրոփիւններով…։ Ո՛չ, ո՛չ, կեանքը նուիրական է…։
       Ցորեկէն վերջ իր սրահը գացի։ Անկողնին քով մարդ մը նստեր էր, ի՛ր հայրը։ Գլուխը կախեր էր՝ անբան ու երերուն՝ սարսափած կենդանիի մը պէս։ Դողդոջ ձեռքերով աղջկան դէմքը բացաւ, իր ճմռթկած երեսները անոր այտերուն քսեց, համբուրեց, լացաւ…։
       Այն ատե՛ն միայն տեսայ այդ տասնեօթ տարու դէմքը, այդ կապուտակ աչքերը, այդ արեւոտ մազերը։ Բայց այս իմ ճանչցած լուսնոտ աղջիկն էր, որ իր ախտին մէկ նոպային՝ կրակին վրայ ինկեր ու այրեր էր։
       Երեսին ճերմակ քողը դարձեա՛լ ինկաւ ծերունիին ձեռքերէն…։ Ուրեմն գինով Սիմոնը ա՛յս էր, ոճրագործը ա՛յս էր, օղիով յագեցած այս գարշահոտ մարմինը՝ որ լուսնոտներու, այսահարներու, պակասաւորներու, նզովուածներու սերունդ մը կը հասցնէր…։
       Ա՜խ, գիտե՛մ թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը թաթխէ իր շուրթները այդ թոյնին մէջ. գիտեմ թէ դժուար է փշրել «անուշ անմահութեան» մը համար հրամցուած բաժակ մը. գիտեմ թէ ամէն գինովի զաւակ լուսնոտ չէ. բայց այս մէ՛կը բաւական չէ՞ր բոլոր գինեմոլները նոյն ոճրին մէջ թաթխելու…։
       Ու զոհը այս դժբախտ աղջիկն էր, լուսնո՛տը։ Միշտ կը յիշեմ փոքր հասակիս տեսած ըլլալ տպաւորիչ պատկեր մը՝ ուր լուսնոտ կոյս մը, լուսնակ լոյսին, ձեռներն երկինք երկարած, ինքն իր վրայ կը դառնար, երկրէն երկինք նետուիլ ուզող բանաստեղծական հսկայ ծաղիկի մը պէս…։
       Ո՛չ. լուսնոտը այս էր, ա՛յս մորթազերծ ու ճենճերուտ մարմինը՝ որուն վրայէն ուրեմն, վերէն ի վար խոշոր դող մը կ՚անցնէր, ամբողջ անկողինը սարսռացնելով. այն ատեն սրահին միւս հիւանդները իրենց վերմակին տակ կը կծկտէին, ցաւերնին մոռցա՜ծ։ Ու երբեմն ալ, երբ այդ մեռած միսերուն մէջ դեռ կենդանի ջիղերը կ ՚արթննային՝ մէ՛կ ճիչ մը կը թռչէր իր բերնէն, բայց ահագի՛ն ու անկարելի՛ ճիչ մը՝ որ բոլոր սրտերը դանակի պէս կը ճեղքէր, պատերուն մէջ կը թափանցէր, գետնափոր յարկին սիւները կը դողացնէր, ամբողջ հիւանդանոցը վայրկեան մը իր սարսափովը կը լեցնէր՝ յետոյ յանկա՛րծ մահուան լռութեան մէջ թաղելու համար այդ հսկայական շէնքը։
       –Աստուած ընդունի իր հոգին, կու լար Մեծ ֊քոյրը ծնկաչոք. մահէն աւելի գէշը կայ…։
       Գիշերը դեռ երկար ատեն կը շարունակուէին այդ սարսափելի ճիչերը ընդհատ ֊ընդհատ։ Ննջասենեակիս մէջ պառկած՝ չէի կրնար աչերս գոցել։ Այդ բողոքի աղաղակները կոկորդս կը խրուէին, շունչս կը խեղդէին։ Աստուա՜ծ իմ, արշալոյսը ե՞րբ պիտի լուսնար…։
       Սեւ֊սեւ մտքեր ուղեղս կը պաշարէին։ Այս որքա՜ն անարդարութիւն. մէկ կողմէն կը հաւաքեն ամէնէն առողջ երիտասարդները՝ պատերազմի մէջ հարիւր հազարներով մեռցնելու համար, միւս կողմէն՝ կը ստիպեն որ բժշկութիւնը գերմարդկային ճիգեր թափէ ապրեցնելու համար տառապագին մսակոյտ մը՝ որ իր բոլոր ուժով մա՜հը կը կանչէ…։
       Ու այդ սպիտակ գիշերին մէջ քանի՜ ֊քանի՜ անգամներ ոճրին փորձութիւնը ձեռքս դողացուց. մինչեւ որ վերջապէ՜ս ճիչերը դադրեցան, ու խաւարն ու լռութիւնը լեցուցին Ցաւին Տունը։
       Առաւօտուն իր մօտ գացի. երեսին քողը անգամ մըն ալ բացի ու լացի։
       Այդ գարշահոտ նեխութեան մէջէն իր կապուտակ աչերը հանդա՜րտ կը նայէին՝ աղբիւրներուն վրայ բացուած այն երկնագոյն ծաղիկներուն պէս, որ մի՛ մոռնար զիս կ՚ըսեն…։
       Վերմակին տակ արիւնն ամբողջ անկողինը լեցուցեր, մակարդեր, սառեր էր արդէն։ Կասկածո՜վ իր թեւը վերցուցի. այն մերկ երակը փրթեր էր… փրթա՞ծ թէ փրցուած…։
       Լօզան, 1913