Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ՀՐԱՇԱԼԻ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ
       Երիտասա՛րդ բժիշկ, որ մարդը առողջացնելու արուեստին ես նուիրուած, չեմ հարցներ քեզի թէ կը ճանչնա՞ս արուեստդ, բայց կը ճանչնա՞ս գոնէ մարդը։
       Մարդը այն մորթազերծ կարմիր կենդանին չէ՛, որուն դնդերները քննեցիր մարդակազմութեան պատկերներուն վրայ։ Մարդը այն մարմնազերծ դեղին կմախքը չէ՛, որուն շարժումները ուսումնասիրեցիր ոսկորներուն վրայ։ Մարդը այն շնչազերծ կանանչ դիակը չէ՛, որ ամիսներով քարէ սեղանի մը վրայ պառկեցուցած՝ չափեցիր, կշռեցիր, պատռեցիր, կտրեցիր, յօշոտեցիր, սղոցեցիր, բզկտեցիր, առանց որ անգամ մը բերանը բանար՝ հարցնելու համար թէ «ի՞նչ կ՚ընես, բարեկա՛մ…»։
       Քեզի հիւանդ մը ցուցնելէ առաջ՝ պատուիրեցին տարիներով դիակներու վրայ աշխատիլ, որպէսզի մարդը ճանչնաս, եւ որպէսզի հոգիդ չդողայ ու խիղճդ չպոռայ։
       Երկարօրէն քննելէ, փնտռելէ, պրպտելէ վերջ, գանկին մէջ նեխած ուղեղ մը ու սրտին մէջ սեւցած արիւն մը գտար։
       –«Ո՞ւր է հոգին, ո՞ւր է խիղճը», գոչեցիր ծիծաղելո՜վ։
       Աւա՜ղ, քու ուսումնասիրած մարդդ դիա՜կ մըն է միայն. Զգուշացի՛ր իրեն նմանելէ։ Մարդը որ կ՚ապրի, մարդը որ կը խորհի ու կը զգայ, մարդը որուն բարոյական տառապանքները բի՛ւր անգամ աւելի են քան ֆիզիքական տառապանքները, այն մարդը ուրիշ բան կը պարունակէ իր մէջ քան ճարպն ու ոսկորը…։
       Ամէ՛ն մարդու մէջ Աստուած մը կայ… Ահաւասիկ թէ ի՛նչ բան կը մոռնան քեզի ուսուցանել։
       Ցաւալի է խոստովանիլ որ այժմու բժշկական վարժարանները կեանքի առաքեալներ կը պատրաստեն ա՛յնպէս՝ ի՛նչպէս զինուորական վարժարանները կը հասցնեն Մահուան պաշտօնեաներ։ Սա՛ տարբերութեամբ որ՝ այս վերջինները զինուորին ո՛չ թէ միայն սուր ու հրացան կու տան, այլ անձնուիրութեան, վեհանձնութեան, զոհողութեան ամբողջ դաստիարակութիւն մը։ Մինչդեռ դեռատի բժիշկի մը ձեռքը թոյն մը եւ դանակ մը տալէ վերջ՝ կ ՚արձակեն զայն առանց բարոյական ու հոգեկան ո՛եւէ պատրաստութեան։
       Մարդը իբրեւ միսի ու ոսկորի շարժական գործիք մը ներկայացնելէ վերջ, բժշկութիւնը կը սորվեցնեն այնպէս՝ ինչպէս մեքենագէտներուն կը սորվեցնեն երկաթէ գործարաններուն ուսումը։
       Հոգեկան ո՛չ մէկ բառ, բարոյական ո՛չ մէկ ուղղութիւն, անցեալի ո՛չ մէկ յիշողութիւն։
       Եւ սակայն հազարներով տարիներ, Փարաւոններու երկրէն մինչեւ Աւետեաց երկիրը, ու Յորդանանէն մինչեւ Գանգէս, միլիոններով մարդիկ հոգեկան բժշկութիւնը միայն կը գործադրէին իրենց ախտերուն դէմ պայքարելու համար։ Եւ ամբողջ կրօնքներ հիմնուեցան՝ հրաշքներու հաւատալիքին վրայ։
       «Հրաշալիքներու դարը անցաւ» ըսին քեզի, ու ամուր կերպով փակեցին անբացատրելի իրողութիւններու անհանգստացուցիչ դուռները։
       Չըլլա՛յ որ նեղմիտներուն հաւատաս։ Այն մարդիկը որ ամէն բան գիտնալու յաւակնութիւնն ունին, կը մերժեն ինչ որ իրենց անհասկանալի կը թուի։ Աչերնին գոցած կը քնանան, ու աստղերը կ՚ուրանան…։
       Քանի որ խօսքը աստղերուն է՝ յիշեցնենք թէ մինչեւ 18֊ րդ դարուն վերջերը, Ֆրանսական Գիտութեանց Կաճառը կը մերժէր ընդունիլ թէ՝ երկինքէն կրնայ քար իյնալ երկրի վրայ…։ Ականատես վկաները իբրեւ խենթ ու խաբեբայ կը հռչակէր։ Օր մը, քաղաքապետ մը, իր շրջանակին մէջ ինկած երկնաքարէն նմոյշներ ղրկած ըլլալով իրեն՝ պատկառելի Ակադեմիան, 1772֊ին հրատարակած տեղեկագրով կը յայտարարէր, թէ «եղելութիւնը յայտնապէս կեղծ ու երեւոյթը ֆիզիքապէս անկարելի էր »։ Ճշմարտութիւնը իրենց գլխուն մտցնելու համար պէտք եղաւ որ այդ քարերէն մէկը իրենց գլխուն իյնար…։ 1864֊ ի Մայիս 4֊ին, ակադեմական Ատոլֆ Պրօնեար քիչ մնաց վախէն մեռնէր՝ երկնաքարի մը անկումին ականատես ըլլալով…։
       Նոյնը պիտի պատահէր նաեւ հրաշալի բժշկութեան համար։
       Տիեզերահռչակ բժիշկ Շարքօ՝ իր ամբողջ գիտութիւնը քանի մը անբուժելի հիւանդներու վրայ ի զուր փորձելէ վերջ, ի՜նչ մեծ եղաւ իր զարմանքը, երբ անոնք օր մը ուխտատեղի մը երթալով բոլորովին բուժուած վերադարձան…։ Այսպէս, մատը վէրքին մէջ բռնուելէ վերջ՝ իրապաշտ գիտնականը խոնարհեցաւ ճշմարտութեան առաջ. իրն է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
       «Գիտութիւնը որ յեղաշրջուելու վրայ է՝ չի կրնար ամէն ինչ բացատրելու յաւակնութիւնն ունենալ, այսպէսով իր բարեշրջումը ժխտած պիտի ըլլար…։ Հրաշքները ամէն ատեն գոյութիւն ունեցան՝ իրարմէ բոլորովին տարբեր կրօնքներու ու քաղաքակրթութեանց մէջ, ինչպէս որ այժմ ալ կը կատարուին բոլոր լայնութիւններուն վրայ։ Այսպէսով բուժուած հաշմանդամները հարիւրներով կը հաշւուին, նոյնիսկ երբեմն պալարներն ու ուռուցքները։ Ես տեսայ վերադարձը այն հիւանդներուն, որոնց ես չկրնալով անձամբ հաւատք ներշնչել՝ ուխտատեղի մը գացեր էին. քննեցի իրենց անդամալոյծ անդամները ու ներկայ գտնուեցայ ախտին անյայտացման»։
       Լիթրէ իր «Դրական Իմաստասիրութեան» մէջ կը նկարագրէ բազմաթիւ հրաշքներ, որ Սէն ֊Լուիի գերեզմանին դպչելով կը գործուէին»։
       Հռչակաւոր Տոքթ. Ֆաուլէր կը ներկայացնէ ութը կին հիւանդներ, որոնք ստինքի ուռեցքներ ունէին ու դարմանուեցան հոգեկան բուժումով։
       Սխալ հետեւութիւններու տեղի չտալու համար դիտել տանք թէ ո՜րչափ հազուադէպ են գիտապէս վաւերացուած հրաշքները։ Սակայն, եթէ հիւանդները իրենց հաւատքը փոխանակ փայտի կտորի մը, սուրբի պատկերի մը, դիակի շիրմի մը վրայ դնելու՝ այդ փրկարար հաւատքը Գիտութեան վրայ դնէին, որքա՜ն պիտի շատնար հրաշալի բուժումներու թիւը…։ Ա՛յս է հիւանդներուն տրուելիք պատուէրը։
       Բայց բժիշկներուն համար ուրի՛շ կենսական պատուէր մը կայ։
       Եթէ դուն իրապէս բժիշկ ես, հիւանդներուդ փրկութեան համար՝ իրաւունք չունի՛ս ոեւէ միջոց մերժելու այդ նպատակին հասնելու համար։ Սահմանափակ ու այլամերժ բժշկութիւն մը գիտակից ոճրագործութիւն մըն է։ Պ իտի դիմես հնարաւոր բոլոր ազդակներուն։ Դեղն ու դանակը, ջուրն ու կրակը, ելեկտրականութիւնն ու մագնիսականութիւնը, գիտութիւնն ու հաւատքը՝ փոխն ի փոխ քու զէնքերդ պիտի ըլլան. որովհետեւ այն ախտերը որոնց դէմ կը կռուիս, տարբեր հիւանդներու մէջ, տարբեր զէնքերու կը դիմես։
       Պիտի հարցնես սակայն թէ կարելի՞ է հրաշքը գիտական հաւատալիքներու կարգը դասել։ Անշուշտ կարելի է։
       Գերբնական կարծուող հրաշքը այնքան բնական է, որքան երկինքէն ինկող քարը։ Միայն թէ՝ գիտունները ժխտելով անոր գոյութիւնը, դեռ չուսումնասիրեցին հրաշագործումի օրէնքները եւ բախտին ձգեցին հրաշքի կատարումը։
       Քաջութիւնն ունենանք խոստովանելու թէ հին ազգերը մեզմէ շատ աւելի լաւ կը ճանչնային այս գիտութիւնը։ Եգիպտացիներուն, իսրայէլացիներուն, հնդիկներուն պատմութիւնը լեցուն է այսպիսի փաստերով։
       Այժմ մեզի համար մութ կը մնայ հրաշագործումի եղանակը, բայց անոր սկզբունքը լոյսի մը նման պարզ է.
       Ձանձրոյթի գաղափարը կը յօրանջեցնէ, ամօթի գաղափարը կը կարմրցնէ, գութի գաղափարը կը լացնէ, սարսափի գաղափարը կը դեղնեցնէ, բժշկուելու գաղափարը կը բժշկէ։
       «Եթէ, կ ՚ըսէ Պարուէլ, առողջանալու հաստատ համոզումը իշխէ հիւանդին հոգւոյն վրայ, այդ հիւանդը անխուսափելիօրէն պիտի առողջանայ»։
       Հոգեկան ազդեցութիւնը այնքա՜ն մեծ է ֆիզիքականին վրայ, որ յանկարծական վախ մը բոլոր շարժումներդ անկարելի կը դարձնէ։ Եթէ բուռն յուզում մը կրնայ վայրկենաբար անդամալուծել, աւելի՛ բուռն յուզում մը կրնայ անդամալուծութիւնը վայրկենաբար փարատել։
       Ամէն բան կախում ունի՝ բժշկուելու գաղափարը հիւանդին մէջ ներմուծելու արուեստէն։
       Ու տեսէք թէ Սրուանձտեան որ ո՛չ բժիշկ էր, ո՛չ գիտնական, այլ գաւառացի վեղարաւոր մը գիտուններու կողմէ կղպուած հրաշքի բժշկութեան դուռները ի՜նչ վսեմ պարզութեամբ կը բանայ.
       «Նայէ սա մանուկը, իր երեսներուն վրայ էրէթիկ ջրջրուկ ունի։ Սա մամիկը թէզպէհը ձեռքն առած նստեր է. մանուկին երկու բազուկները բռնած՝ իր բոյթերով ու մատներով տղուն բազկերակները կը ճնշէ, կը շօշափէ, բազուկն ի վայր մատները կը տանի ու կը բերէ. իր աչքերը անթարթ՝ մանուկին աչքերուն յառած է. ու երբեմն ալ արմունկներէն վեր թեւերը կը ճմլէ. կը դառնայ, տղուն երեսն ի վար կը խաչակնքէ, եւ ձեռքերը պորտին ու կուրծքին վրայ դնելով՝ բոյթով կը ճնշէ, վզին մայր երակները կը ճմլէ, ճակատը կը շփէ, երբեմն ֊երբեմն ալ երեսին կը փչէ ու միշտ կը պտպտայ, աղօթք կ ՚ընէ։ Յաճախ տղան կը յօրանջէ։ Կը մագնիսացնէ՞, կ՚ելեկտրականացնէ՞, թէ աղօթիւք հրաշք կը գործէ. վերջապէս տղան հիւանդ էր եւ կ՚առողջանայ»։
       Հիմա այս պատկերին հետ բաղդատութեան դիր այն նորագոյն բժիշկները՝ որոնք յաճախ հիւանդին ձեռքն իսկ չսեղմած (ժամանակ կորսնցնելո՞ւ թէ վարակուելու վախէն)՝ կը նստին՝ արագօրէն ստացագիր մը գրելու պէս՝ շարադրելու դեղագիր մը, որ միշտ երկրորդական է, յաճախ անօգուտ, երբեմն՝ վնասակար։
       Կո՛յր պէտք է ըլլալ չտեսնելու համար այն բազմաթիւ հիւանդները, որոնք երկար ճամբորդութիւններ կ՚ընեն, բժիշկէ բժիշկ կը նետուին՝ պաշտպան մը ու նեցուկ մը գտնելու յոյսով, ու չեն իսկ փորձեր գործադրել այնքա՜ն սուղ գնուած դեղագիրները։ Որովհետեւ դժուար է ընդունիլ այն բազմաթիւ դեղերը՝ որոնք յաճախ տրամագծօրէն հակառակ են իրարու…։ Ու յետոյ՝ հիւանդին փընտռածը միայն թուղթի կտոր մը չէր, այլ ապրելու յո՜յս, հոգեկան ուժ, տառապելու քաջութի՜ւն…։
       Դժբախտաբար այս բարոյական ազդակը կ ՚անտեսեն բժշկական նորագոյն հաստատութիւններն անգամ։ Սկեպտիկները համոզելու համար թէ հաւատքի բարբառ մը հոգ չէ թէ հրապարակային ու անանձնական ֆիզիքական ի՜նչ մեծ ուժ կրնայ ներշնչել հիւանդին արեան մէջ, կը հրատարակենք սա յուզիչ տողերը, որ անծանօթ տիկին մը մեզի կ ՚ուղարկէ զուիցերիական սանաթորիոմէ մը. ֊
       «Հիւանդի բնական յուսահատութեամբ, անկողնիս մէջ պառկած կը սպասէի ես ալ չեմ գիտեր թէ ինչո՞ւ… Մահուա՞ն՝ որ չէր գար, Կեանքի՞ն՝ որ կ ՚ուշանայ զիս վերականգնելու։ Երկար ամիսներու հիւանդութիւնը արդէն մաշեր, հալեցուցեր էր կորովիս ու համբերութեանս մեծ մասը, ու մնացած քիչովը դեռ կը տանջուէի։
       «Ահա՛ կը ստանամ «Ազատամարտ»ը։ Մեծ ուրախութեամբ կը կարդամ հայերէն թերթերը. հայ գիրը տեսնելով կարծես կարօտը կ ՚առնեմ հայրենիքիս։
       «Ապրիլը յաղթել է». շտկուեցայ անկողնիս մէջ. սկսայ կարդալ յօդուածը, եւ մինչեւ վերջացնելս բոլորովին առողջ կը զգայի զիս։ Ա՜լ կուրծքիս տակ հիւանդ թոք մը չկար. երակներուս մէջ թարմ արիւն կը հոսէր. յաջորդ օրն իսկ ելայ անկողնէս։
       «Եթէ բժիշկները յաճախ գիտնան հիւանդին հոգին բուժել՝ երեւի աւելի շատ պիտի յաջողին մահուան ճանկերէն ազատել մարմինը։
       «Ուրեմն ձեր յօդուածը միշտ լքման վայրկեաններուս կարդացի եւ ամէն անգամ նորոգուած ուժերով սկսայ կռուիլ հիւանդութեանս դէմ։
       «Կռո՜ւնկը»… ինծի համար ալ պիտի երգէ՞ք այդ կռունկը…։ Բայց չէ՛. ես պիտի լաւանա՛մ …»։
       Լօզան, 1913