Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ԾԵՐԵՐԸ
       Արուեստիս բերումով դատապարտուեր էի աստուածային նախախնամութեան մէջ միայն չարիք տեսնելու, մարդկային հրաշալի մեքենան միայն խորտակուած վիճակին մէջ քննելու, հրաւիրուելու միայն հո՛ն, ուրկէ մարդիկ լալո՜վ կը փախչէին…։
       Այնպէս որ առաջին անգամ երբ այդ ծերերուն տունը կանչուեցայ՝ ուրախութիւնս չափ չունէր։
       Վերջապէս գտեր էի այն որ շատոնց կը փնտռէի, երջանիկ ընտանիք մը։
       Դատեցէք։ Այր մը ու կին մը, երկուքն ալ մոխրապատ մազերով. բայց ա՛յնքան ժպտուն՝ որ անկարելի էր իրենց տարիքը գուշակել, ու ա՛յնքան առողջ՝ որ չէի կրնար ենթադրել թէ ինչո՞ւ կը հրաւիրէին զիս։
       Այրը հին ջութակահար մըն էր, կինը հին դաշնակահարուհի մը։ Երկուքն ալ գլուխ գլխի տուեր, սրտերնին իրար կապեր, ու սկսեր էին մեղրալուսնի ճամբորդութիւն մը՝ որ ամբողջ երեսուն տարիներ տեւեր էր։
       Իրենց զոյգ արուեստին շնորհիւ քաղաքէ քաղաք կը շրջէին, հանդէսէ հանդէս կը թռչէին, ամէն տեղ փառք, ծափ ու ծաղիկ կը խլէին։
       Սէրը զարմանալի քաղցրութիւններ կու տար իրենց նուագին. ու նոթերը՝ սիրտէ սիրտ արձագանգող հեւքերու պէս՝ գերերկրային ներդաշնակութիւններ կը ստանային։ Սիրոյ տարտամ, անշրջագիծ, աննիւթական խօսակցութիւն մըն էր իրենց նուագը։ Դաշնակին ու ջութակին միջեւ փոխանակուող զգացական հարց ֊պատասխանի մը…։
       Ներկաները ոչ միայն հանդիսատես կ ՚ըլլային երկու արուեստագէտներու այդ մտերիմ սրտակցութեան՝ այլեւ մասնակից կ ՚ըլլային անոր, պահ մը իրե՛նք ալ արուեստագէտներ, սիրահարներ, սրտակիցներ կ ՚ըլլային։ Անոնց երաժշտութիւնը՝ ամէն անկեղծ բաներու պէս՝ չես գիտեր ի՜նչ մը ունէր փոխանցական ու վարակիչ։
       Այսպէ՜ս կը ճամբորդէին անոնք երկրէ երկիր, երկնային զոյգ զեփիւռներու պէս, զովութի՜ւն մը, գգուա՛նք մը, դաշնութի՜ւն մը տանելով ամէնուրեք իրենց ծոցին մէջ։
       Բայց այս անգամ կը թուէր թէ վերջնականապէս հաստատուած էին մեր քաղաքին մէջ, իրենց ծերութեան օրերը հանգիստ անցնելու համար։ Ու ի՜նչ խնամքով զարդարեր էին իրենց տունը, թռչունները ա՛յնքան խնամքով չեն զարդարեր իրենց բոյնը։ Քանի երկիրներէ քանի՜ յիշատակներ։ Պարսիկ գորգեր, չինու գոյքեր, հնդիկ գիրքեր, ու դափնինե՜ր ու դափնինե՜ր…։
       Ու յետոյ գորշ թռչուն մը կար, որ Սիպերիոյ մէջ լիճի մը եզրը գտեր էին՝ թաթերը սառոյցի մէջ բռնուած։ Այդ թռչունը ազատեր, տաքցուցեր, բանտարկեր, վզին ալ ոսկի օղակ մը անցուցեր էին՝ ազատագրութեանը թուականով…։
       Կակաչի գոյն այլանդակ ու հսկայ թիթեռնիկ մըն ալ կար, կարմիր ու խռովիչ թեւերով։
       –Այս խեղճ կենդանին, կ ՚ըսէր պառաւը, Սիկիլիոյ աւերակները այցելած ատենս ինծի փարեցաւ ա՛յնպիսի գուրգուրանքով, ա՛յնպիսի ջերմութեամբ, ա՛յնպիսի բարեկամութեամբ, որ նախախնամութեան մատը տեսայ իր մէջ ու չկրցայ բաժնուիլ իրմէ։
       Կային նաեւ սպանական երկու գորշ ու խիստ փոքր սոխակներ՝ որոնք ծաղկազարդ ճիւղի մը վրայ զիրար կը կտցէին։
       Ու դեռ ինչե՜ր…։ Վերջապէս, կատարեալ դրախտ մը, ուրկէ միայն օձը կը պակսէր…։
       Երջանի՞կ. անշուշտ։
       Ահաւասիկ երկու արուեստագէտներ, երկու սիրահարներ, որոնք մարդկային բոլոր պայմանագրական օրէնքներէն դուրս կ ՚ապրէին։ Իրենց ազատութիւնը մէկ օրէնք կը ճանչնար՝ իրենց քմայքը։ Հոն ուր կ ՚ուզէին նեղել զիրենք՝ ուրիշ երկիր մը կը չուէին։ Երկինքի թռչուններուն պէս անկախ էին անոնք. ու իրենց թեթեւ թեւերուն վրայ ոչ մէկ զաւկի ծանրութիւն…։ Իրենց ամբողջ կեանքը ճամբորդեր էին՝ կարծես երազի մէջէն. գերեզմանին դուռը հասեր էին առա՛նց յոգնութիւն մը զգալու. ու համարձակ կրնային ըսել թէ աշխարհը չտեսած պիտի չմեկնէին. ու մահը անդենական որ ճանապարհորդութեան մը պէս պիտի ըլլար իրենց համար…։
       Անկէց ի վեր յաճախ առիթներ ունեցայ անոնց այցելելու, բայց այս առաջին տպաւորութիւնս նոյնը չմնաց։
       Նախ այդ տան մենութի՛ւնը աչքիս զարկաւ։ Կրնամ ըսել որ ինձմէ զատ մարդու ոտք չէր կոխեր այդ նուիրական սեմէն ներս։ Իրենց յաւերժական ճամբորդութիւններուն պատճառով ամէն տեղ հիացողներ ունէին, բայց ոչ բարեկամ…։
       Յետոյ այդ տան լռութիւնը զիս անհանգստացուց։ Ես որ անվերջ դաշնութիւններ ու խօլական նուագներ կ՚երազէի, զարմանքով տեսայ որ այդ երաժշտագէտներուն տունը բանտի պէս լուռ էր։
       Սրահին պատուհանները՝ Լէմանի զմայլելի լիճին վրայ բացուած՝ թանձր ու գորշ վարագոյրներով փակուած էին, միշտ նոյն ծալքերով։ Անկիւնի շքեղ դաշնակը՝ վեհափառ երեւոյթով՝ սեւ դագաղի մը պէս ի սպառ գոցուած ու կղպուած էր։ Իր երկար մոմերը՝ որ երբեք չէին հալեր՝ մահագին հանդիսականութիւն մը կու տային սենեակին։ Ու դեղնած դափնիները, ու թօշնած փունջերը, ու փոշոտ ժապաւէնները, չես գիտեր ի՜նչ մը ունէին գերեզմանային…։ Կեդրոնի սեղանին վրայ խոշոր ու հին Աստուածաշունչ մը՝ որուն վրայ արծաթի խաչելութիւն մը կը պառկէր՝ այս բոլորին վրայ կը հսկէր ու կը կշռէր մահուան ծանրութեամբ…։
       Երջանի՞կ. թերե՜ւս…։
       Տիկինը միշտ նոյն ժպիտով կը պատմէր ինծի իր երաժշտական հին յուշքերէն, բայց յայտնապէս կը զգայի այժմ, որ այդ բոլոր փառքերուն վրայ քառորդ դարու փոշի մը կը հանգչէր արդէն։
       Այրը իր անասնիկներուն վրայ միշտ կենդանի հեքիաթ մը ունէր պատմելու։ Սակայն հեքիաթները միայն մնացեր էին կենդանի, իսկ կենդանիները մեռեր…։
       –Կը տեսնէ՞ք այս մողէզը, կ՚ըսէր. Վեսուվի հրաբուխին վրայ ելած ատենս, երբ լավայէ քարի մը վրայ քրտնաթաթախ նստայ, այս խեղճ սողունը ա՛յնքան ծարաւեր էր ջերմութենէն՝ որ դողալով եկաւ ձեռքերս լզելու…
       Այդ նախկին մողէզը արեւի ճառագայթի մը պէս պսպղուն՝ այժմ փոշոտ ապակեգունտի մը տակ կը պառկէր անշարժ։
       Ու այն բոլոր շնչաւոր կենդանիներու աշխարհը, որ այնքան զուարճացուցած էր զիս առաջին այցելութեանս, հիմա խորունկ ու վրդովիչ տխրութեան մը կը մատնէր սիրտս։
       Ոստի մը վրայ իրար կտցող սոխակներուն մորթը յարդով լեցուած էր, ու աչքերը ապակի էին։ Կարմիր ու մեծ թիթեռնիկին փորոտիքը գնդասեղով մը դուրս թափուած էր։ Ոսկի օղակով սիպերիական թռչունը վանդակի մը մէջ քարացեր ու լռեր էր…։
       Այդ մղձուկ օդը, ճանճի խօլական բզզիւն մը իսկ չէր թրթռացներ։ Ու այդ խոշոր տան մէջ արտասանուած մէն մի բառ՝ տապանի մը մէջ փսփսուքով ըսուած խօսքի մը պէս՝ ահաւոր, անկարելի, դաւադիր համեմատութիւններ կը ստանար…։
       Երջանի՞կ. երբե՛ք։
       Ինչո՞ւ…
       –Ներեցէք ինծի, տիկին, ըսի օր մը, ձեզ ճանչնալէս ի վեր անգութ հարցում մը կը չարչարէ զիս։ Կը սիրէք, ու ձեր սէրը սուգի մը պէս լուռ է, ձեր ժպիտը տառապանքի պէս դառն, ձեր ազատութիւնը շղթայի մը պէս ծանր…։ Եւ սակայն ինծի կը թուի թէ ձեր ամուսինը արժանի չէր այս պատիժին։ Օր մը իր սիրտը չդաւեց ձեզի դէմ։ Ըրաւ ամէն ինչ որ մարդկայնօրէն կարելի էր ընել։ Ձեր շուրջ ա՛յնպիսի դրախտ մը կերտեց որ ի զո՜ւր կը փնտռեմ թէ ի՛նչ կը պակսի ձեզի հաճելի ըլլալու համար։
       Տիկինը տժգունեցաւ, դողաց.
       –Դրախտը դրախտ ընողը, ըսաւ, ոչ թէ անբան կենդանիներն են, ոչ թէ անմիտ առատութիւնն է, ոչ թէ եսասէր Ադամն ու Եւան են, այլ խանձարուրներու մէջ քնացող Աբէլը…։ Ամբողջ կեանքովս զաւակ մը ցանկացի, հոգ չէ թէ Կայէն մը ըլլար ան…։ Այնպէ՜ս պիտի գգուէի, այնպէ՜ս պիտի համբուրէի, այնպիսի՛ սիրով պիտի լեցնէի իր սիրտը՝ ուր դառնութեան ու չարիքին համար ա՜լ տեղ չմնար…։ Ստինքներս իր շրթներուն կարօտովը թոռմեցան. իր վարդ մարմնին սպասելէն կոյս արգանդս շիրիմի պէս փակուեցաւ…։ Ամբողջ սիրտս, ամբողջ յոյսս, ամբողջ սէրս միայն անորն է՝ որ չեկաւ…։ Ամուսինս չուզեց որ գայ…։ Առատութեան մէջ կը լողամ ու ծարաւէս կը մեռնիմ, լուղորդին պէս, որ ծովուն մէջ կաթի՜լ մը անուշ ջուր չունի՝ իր շրթներուն տանելու …։ Ես իրմէն սէ՛ր խնդրեցի, ան կեղտ թքաւ արգանդիս մէջ կանացի, ահա ինչո՞ւ առջի օրէն ես լացի…։
       Ու աչքերը ձեռքերուն մէջ պահելէն՝ գնաց իր խուցը փակուելու։ Խե՜ղճ, խե՛ղճ կին. ես որ զինքը այնքա՜ն երջանիկ կ՚երեւակայէի…։
       Մեռելի տան մը պէս ամէն բան անշարժացաւ, քարացաւ շուրջս։ Լռութիւնը տիրեց։
       Քիչ յետոյ բանալի մը ճռաց դուրսէն. դուռը բացուեցաւ։ Ծերունին իր պտոյտէն կը վերադառնար։ Երբ իմացաւ տխրութեանս պատճառը, խորունկ բացագանչութիւն մը թռցուց իր թորշոմած շրթներէն.
       –Այս օրուան կինե՜րը…։ Ամո՜ւլ են ու զաւակ կ՚ուզեն…։ Այս յուսահատ կռիւներով գերեզմանին դուռը հասանք, ու դեռ զաւակ մը չունինք…։
       –Բայց…։
       –Բայց չկայ…։
       –Հապա եթէ յանցաւորը տիկինը չըլլա՜ր…։
       –Ի՞նչ կ՚ըսէք, բժիշկ։ Ուրեմն դեռ չէք ճանչնար զիս։ Խիղճս պարզ է՝ բաժակ մը ջինջ ջուրի նման. սիրտս օր մը չդաւեց ամուսնական սիրոյ դէմ. մինչեւ այս տարիքս բոլոր կարողութիւններս անաղարտ պահած եմ. սուրբի կեանք մը…։ Ու այս բոլորը՝ շնորհիւ երիտասարդական հիւանդութեան մը, որ ի սպառ զզուեցուց ապօրինի սէրերէն։ Սովորական բան մըն էր, սեռային հարբուխ մը, որուն ջերմամիզութիւն կ ՚ըսէք կարծեմ։ Չեմ կարծեր որ զիս դատապարտէք ասոր համար։ Ես քանինե՜ր կը ճանչնամ որ քանի անգամ կը բռնուին այս հարբուխէն, ու հոգերնին իսկ չեն ըներ։ Ճիշդ է որ ես դեռ անփորձ ու անմեղ ըլլալուս՝ հիւանդութիւնը զիս զգետնեց, խորունկցաւ, ծննդական գործարաններուս մէջ իջաւ, ուռեցուց, ցաւեցուց , սարսափելի՜, սարսափելի՜, բայց վերջապէս քանի մը ամիսէն բոլորովին անյայտացաւ։ Այդ օրէն ի վեր քառասուն տարիներ անցան ու հետքն անգամ չեմ զգար…։
       Բայց ինչպէս որ յաճախ անխնամ հարբուխ մը անաղմուկ կերպով թոքին մէջ կ ՚իյնայ ու կը փտեցնէ զայն՝ առանց քիթին վնաս հասցնելու, այնպէս ալ այդ սեռային հարբուխը խորունկցեր ու այս խեղճ մարդուն սերնդագործութեան աղբիւրները մեռցուցեր էր՝ առանց իր առնական կարողութեան վնաս մը հասցնելու։ Ահա թէ ինչ բան կ ՚անգիտանար այրը։
       Անկարելի էր երեւակայել թէ երիտասարդութեան մէջ գործուած փոքրիկ սխալ մը՝ կեանքի ընթացքին ինչպիսի՜ ահաւոր, անհամեմատ, անչափելի նշանակութիւններ կը ստանայ յաճախ։
       Յիսուն տարիներ առաջ գործուած սովորական մեղք մը այնպիսի անդունդ մը փորեր էր այս մարդուն ճակատագրին մէջ, որ զմայլելի արուեստ մը, դափնիներու լեռ մը, հիանալի կին մը պիտի չկրնային զայն լեցնել…։
       Այլեւս ո՛չ մէկ սէր, ո՛չ մէկ կամք, ո՛չ մէկ կին, ո՛չ մէկ դեղ պիտի չկրնային հայրութիւն տալ առնութիւնով լեցուն այս մարդուն։
       Բնութիւնը անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր ճգներ էր, բոլոր կենդանական բջիջներու մէջէն լաւագոյնները ընտրեր, անչափելի աշխատութիւն սպառեր, բարեշրջումի անհաշուելի օղակներէ անցուցեր, ծննդագործող անհամար սերունդներու արգանդէն առաջ բերեր էր զինքը, այդ աստուածային մարդը։ Ու ինք, մէ՛կ պատանեկան սխալով, մշտնջենական մահուան դատապարտեր էր ինքզինքն ալ, իր կինն ալ…։
       Այլեւս ո՛չ մէկ յոյս։
       Այդ ծեր մարդը՝ որ կոշկռտած ծառի մը պէս հարի՜ւր տարի ապրելու ուժը ունէր՝ այդ հարիւր տարիներն ալ ամլացուցած էր կանխաւ…։ Ա՜լ իր արմատը թող ուզածին չափ ուռճանար, թող կրցածին չափ խորը մխրճուէր, թող ստորերկրեայ ահագին աշխատութիւններ կատարէր, թող լաւագոյն հիւթերը ծծէր, անօգո՛ւտ. այդ ծառը պտուղ պիտի չտար…։
       Անիծուած թզենին էր ան։
       Ու այդ խեղճ կինը՝ որ չափազանց պարկեշտ էր ուրիշ տեղ երկարելու համար իր շրթները՝ այդ նզովուած ծառին տակ դատապարտուած էր ծարաւահի՜ւծ մեռնելու…։
       Իրենց անպտուղ սէրը՝ տարիներու ընթացքին՝ ատելութեան մը չափ դառնացեր էր։ Ու փոխադարձ բարեկամութեան կեղեւին տակ՝ որ քառորդ դարու կենակցութիւն մը հազի՜ւ կրնար կանգուն պահել՝ ամէնէն ահաւոր տռամը կը խաղցուէր, լռութեան տռամը։ Առանց թոյնի, առանց դաշոյնի, առանց հանդիսականի տռամ մը՝ որ ո՛չ թէ գիշեր մը. այլ տասը հազար գիշերներէ ի վեր կը տեւէր, մի՛շտ նոյնը ու միշտ լուռ։
       Տռամը՝ երկու իրար կապուած մահուան դատապարտուածներու, որոնք փոխադարձօրէն կը կարծեն թէ միւսինն էր յանցանքը ու կը լռեն…։
       Տռամը այն սգաւոր լռութեան՝ ուր զաւակներ, ու հարսեր, ու թոռներ, ու թոռնիկներ դեռ չծնած՝ մեռա՜ծ էին…։
       Նզովուած թզենիին վրայ ո՛չ մէկ թռչնի ձագուկ, ո՛չ մէկ ճլվլուն։
       Վերը, ծաղկազարդ ճիւղի մը վրայ, երկու մեռած սոխակներ անվերջօրէն կը համբուրուէին։
       Դուրսը, քովի խուցէն կը լսուէր կնոջ լալը, խղդուկ֊խղդուկ։
       Գլուխս կախ՝ ես կը խորհէի՜, կը խորհէի՜…։
       –Ինչ կը մտմտաք, բժի՛շկ, գոչեց ծերունին։– Իր ամլութեան դարման չկայ, լալը զո՜ւր է, գերեզմանի դուռն ենք հասեր. գոնէ ձեռք ձեռքի ներս մտնենք…։
       (Լօզան, 1914)