Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ՍԱԹԵՆԻԿԸ
       –Պոլիս եկաք՝ աղէկ ըրիք, Տոքթէօր։ Ինչ որ ալ ըսեն, մեր Պոլիսը մէկ հատիկ է իր աշխարհագրական դիրքով։ Իր ջուրերը տեղ մը չկան։ « Եթէ աշխարհ իմս ըլլար, Պոլիսը մայրաքաղաքս կ՚ընէի », ըսեր է Նափոլէոն։ Միայն, եթէ այստեղ գէշ բան մը կայ, ան ալ սպասուհիներն են։ Լաւ սպասուհի ունեցող տուները մատով կը ցուցուին հոս։ Մանաւանդ ձեզի համար, որ Եւրոպայէն կու գաք բժշկութիւն ընելու, այս հարցը մահու եւ կենաց հարց է։ Ես իմ տունս սքանչելի աղջիկ մը ունիմ, որ ինձ ազգական ըլլալուն, խերի համար բաւական ատեն աշխատցուցի թէ իմ տունս եւ թէ բարեկամներու տուները։ Թող քիչ մըն ալ ձեր տունը աշխատի, եթէ կ ՚ուզէք։ Կատարեալ գանձ մըն է։ Արթուն, սիրուն, իմաստուն ու ժպտուն, Տո՛քթէօր, ժպտո՜ւն։ Մանաւանդ տղայ նայելու մէջ մէկ հատիկ է։ Բժիշկի մը համար սպասուհի ըսածդ ամէն բանէ առաջ ժպտուն պէտք է ըլլայ։ Ես աս իրիկուն իսկ ձեզի կը ղրկեմ զինքը։ Միայն թէ բերանը քիչ մը բանուկ է, հացը դարակը կղպելու է…։
       Այսպէս խօսեցաւ Քօստանիկ էֆէնտի։
       Ու իրաւ ալ, իրիկունը չեկած, աղջիկը եկաւ։ Աղջիկ ըսածը՝ երեսունհինգ տարու պառաւ մը, կուրծքն ու փորը տափակցած, ձմեռնային թուզի մը պէս խորշոմած, կծկտած, ճերմկոտած, բայց դեռ անուշկեկ։ Ու ժպտո՜ւն, ու ժպտո՜ւն… Քօստանիկ էֆէնտիի ըսածին չափ ալ կայ եղեր…։
       Սկիզբները իր նիհարութիւնը զիս այնքան զբաղցուց, որ լաւ մը չանդրադարձայ այդ տարօրինակ ժպիտին վրայ։ Բայց ձախ դէմքէն վար երկարող հին սպի մը ինձ ամէն բան բացատրեց։ Տարիներ առաջ այդ այտոսկրին վրայ բժշկական գործողութեան մը միջոցին կտրուած մկաններն ու ջիղերը այնպէս գէշ կերպով կարուեր էին, որ դէմքին վրայ ակամայ, անիմաստ ու ծուռ ժպիտ մը գամուեր մնացեր էր մշտնջենապէս։
       Ու հիմա, բերնին ճիշդ մէջտեղէն թափուած երկու ակռաները, այդ ժպիտը աւելի դատարկ, ապուշ, տակը ծակ բան մը ըրեր էին, քարը ինկած մատնիի մը պէս։
       Հոգեբանական ժպիտ մը չէր իրենը, այլ մարդակազմական։ Անսրբագրելի, անսպառելի, սադայէլական ժպիտ մը, որ իր ամբողջ կեանքին մէջէն ու նոյնիսկ գերեզմանին տակէն պիտի խնդար վիրաբուժներուն անպատում անճարակութեան վրայ։
       Իբրեւ ներքին հիւանդութեանց մասնագէտ, ես ներքնապէս եւ հաճելի կերպով կը շոյուէի մեր մրցակիցներուն ուղղուած այդ հեգնոտ ժպիտէն։ Բայց կինս, որ չէր կրնար ընդունիլ այս բժշկական բացատրութիւնը, ատենը մէյ մը կը պոռար.
       –Իմ բարկացած ատենս դուն ինչո՞ւ ցաւագարի պէս կը ժպտիս, Սաթենիկ…։
       –Օփէրասիոն…, կը կակազէր աղջիկը ժպտելով։
       Դժբախտաբար, սակայն, այս ուրախ օրերը երկար չտեւեցին։ Մեր Սաթենիկը, միշտ ժպտուն, սկսաւ դժգոհութեան մռլտուքներ լսելի դարձնել հիմա։ Իրողութիւնն այն էր, որ այս աղջիկը խորապէս տխուր էր։
       –Ես սպասուհի ըլլալիք մէկը չեմ, Տոքթէօր։ Ես ինքս տասը սպասուհիներով մեծցեր եմ… երկու հատ տուն, երեք հատ կառք, քսան հատ ձի…։
       –Խե՞նթ է, ինչ է, այս աղջիկը… սա աւելը ձեռքդ առ տեսնեմ…։
       –Հազար ոչխար, քսան հովիւ, տասնվեց գիւղ, հարիւր մշակ…։
       –Մի փախցներ, Սաթենիկ, կերակուրին ժամը կու գայ կոր…։
       –Մեր կերակուր եփողները զատ էին, տուն աւլողները զատ, տղայ նայողները զատ… աս ի՜նչ օրերու հասցուցիր զիս, հայրի՜կ, հայրի՜կ…։
       Ու կը սկսէր լալ։
       Օր մը, Քօստանիկ աղային հանդիպելով.
       –Եղբայր, ըսի, եթէ աշխարհ իմս ըլլար, թերեւս Պոլիսը մայրաքաղաքս ընէի, բայց ձեր ազգականը սպասուհիս չէի ըներ…։
       –Ինչո՞ւ, ի՞նչ կայ որ…։
       –Կատարեալ խենթ մըն է, որ մեծամոլութենէ կը տառապի… երեսուն ձի, տասը ջորի, քսան գոմէշ, քառասուն էշ…։
       Քօստանիկ էֆէնտի լայն քրքիջ մը արձակեց։
       –Ընդհակառակն, ճշմարտութիւնը պզտիկցուցեր է, ըսաւ, Ես անոնց տասը հազար ոչխար ունեցած ժամանակը գիտեմ։ Երսուն հազար ոսկինոց մարդ էր հայրը…։
       –Ի՜նչ կ՚ըսէք…։
       Չէի կրնար մտքիս մէջ սեղմեցնել այս ահագին բանը։ Բայց ուրիշներ ալ ճիշդ նոյնը կը կրկնէին։
       –Ժամանակին անոր հայրը տասնվեց ագարակներ ունէր Պոլսոյ շուրջը։ Ամէնքին ալ վրայէն մտաւ, տակէն ելաւ։ Սիկառը պանքնօթներով կը վառէր, Տոքթէօ՛ր… գինեմոլ մըն էր, ախտաբանական գինեմոլ մը, որ կը խմէր ու կու լար։ Միայն իրենց գերդաստանէն տասնմէկ հատ խենթ կը հաշուըւի…։
       Ահաւասիկ տեղեկութիւն մը, որ շատ թանկագին էր բժիշկի մը համար։ Այլասերումի այսքան ծանր բեռ կրող աղջիկ մը որքա՜ն խնամքի, որքա՜ն փափկութեան, որքա՜ն զգուշութեան կը կարօտէր չիյնալու համար։ Իր արեան մէջէն տասնմէկ խենթեր կը խօսէին։ Եւ հակառակ ասոր, հակառակ իր մշտնջենական ժպիտին, Սաթենիկ ծայրայեղ լրջութիւն մը, մելամաղձոտութիւն մը, խորունկ յուսահատութիւն մը կը կրէր իր վրայ։
       Այդ օրէն Սաթենիկը մասնաւոր ուշադրութիւնս ու գութս շարժեց։ Իսկոյն պատուիրեցի, որ ազատ ձգէին զինքը իր աշխատութեան մէջ։ Պատուիրեցի նաեւ, որ ուտելիքի դարակները բացուէին իր առջեւ։
       Բայց իրա՜ւ որ «բանուկ» է եղեր իր բերանը… կարծես թէ օրերով, շաբաթներով, ամիսներով անօթի պահած ըլլային զինքը։ Կ՚ուտէր, անընդհատ կ՚ուտէր, ի՛նչ գտնար կ ՚ուտէր։ Դեռ կրակին վրայէն կաթը հազիւ կաթնապուրի վերածուած, կը շոգիանար, կ ՚աներեւութանար պարզապէս սանին մէջէն։ Եւ երբ զարմացած երեսը կը նայէի.
       –Մեր տունին կաթը խալիկներով կ՚եռացուէր, Տոքթէօ՛ր, կ՚ըսէր…։
       Իր երկու փշրուած ակռաներուն մէջտեղէն կոտրտուքի աշխատութիւն մը կը լսուէր միշտ, կաղինի մեքենայի մը պէս.
       –Թըքը՜րր, թըքը՜րր, թըքը՜րր…։
       Ու ծնօտներու այս աշխատութիւնը տղու մը պէս կ ՚երջանկացնէր զինքը, երկնային լոյս մը կ ՚իջեցնէր իր աչերուն մէջ, շնորհք մը կու տար իր մարդակազմական ժպիտին։
       Բայց, հակառակ իր աղիքները երշիկի մը պէս լեցնելու այս յամառ ու անվհատ աշխատութեան, փորն ու կուրծքը միշտ տափակցած կը մնային, ձմեռնային թուզերու պէս։
       Երբ համոզուեցաւ, որ օրական աշխատութիւնը միայն պիտի չբաւէր իր յառաջամասը պարարտացնելու, սկսաւ գիշերներն ալ բանեցնել իր աղօրիքը։ Ամբողջ ցերեկը կ'ուտէր, ամբողջ գիշերը կը հազար։
       Թըքը՜րր, թըքը՜րր, թըքը՜րր…։
       Երեւակայեցէք, որ մեր պառկելէն մինչեւ արեւուն ծագիլը չորս անգամ քունէն կ՚արթննար, կերակուր կը տաքցնէր, բերանը կը լեցնէր եւ ակռաները թքրտացնելէն կ ՚երթար նորէն վերմակին տակ մխրճուելու։
       «Ո՞ւր կ ՚երթային այս բոլոր կերածները», կը մտմտայի ինքն իրենս։
       –Քօստանիկ էֆէնտի, այս աղջիկը քաշուելիք ցաւ չէ, եղբա՛յր…։
       –Ինչո՞ւ, էֆէնտիմ… կը զարմացնէք զիս… աղջիկը երեսունհինգ տարիէ ի վեր տունը մնալուն՝ ինքզինքը կ ՚ուտէ կոր։ Իր բնութիւնը արդէն քիչ մը կրքոտ է, արդէն լուսահոգի հայրն ալ շատ օրինակելի կեանք մը չունէր… քիչ մը պռօմիւր տուէք, կը լմննայ կ՚երթայ…։
       Բայց Սաթենիկին ուզածը դեղ չէր։ Ցերեկները, առտուընէ մինչեւ իրիկուն պատուհանին առջեւը գամուած, անցնող բոլոր զինուորներուն վրայ սրտին եղերը կը հալեցնէր։ Հիւր մը գալուն պէս, սուրճ մը բերելէ առաջ, մահալլէպի ի ամբողջ վարդաջուրը գլխուն կը թափէր, որ անուշ հոտի… ու մինչեւ սուրճին խմուիլը եւ դեռ կէս ժամ ալ գէշ ֊գէշ ժպտելէ վերջ հիւրին.
       –Եթէ առջիս տոպրակներով ոսկի ալ թափէ, դարձեալ ես այդ պաղ ֊զաւակը չեմ առներ, կը մռլտար անոր երթալէն ետքը։
       Տեսայ որ ասիկա սպասուհի ըլլալիք բան չէր։ Ու օր մը, ծրարը ձեռքը տալով, Քօստանիկ էֆէնտիին վերադարձուցի իր գանձը։
       Քօստանիկ էֆէնտին դուռը չէր բացեր։
       –Ի՜նչ ըսել է, էֆէնտիմ, ա՛լ ազգական ենք տէյի, յանցաւոր չենք, եա՜… անչափ ատեն մենք պահեցինք, քիչ մըն ալ ուրիշները թող պահեն…։ Աս խեղճն ալ ազգին մէկ անդամը չէ՞ մի թող Փրկիչը նետեն…։
       Բայց Փրկիչն ալ չէր ընդունած Սաթենիկը, առարկելով որ բաւականաչափ խենթ չէ…։
       Գաղիերէն առած մը կ՚ըսէ. «Խենթի մը համար լաւագոյն բանը կատարեալ խենթ ըլլալն է»։ Այս առածին իմաստութիւնը երբեք այնքան լաւ ըմբռնած չէի, որքան կ ՚ըմբռնէի հիմա։
       Եթէ այդ տարաբախտ հայրը, փոխանակ կիսկատար խենթ մը ծնելու, կատարելապէս խենթ աղջիկ մը ծնած ըլլար, ան հիմա որեւէ յիմարանոցի մը մէջ գտած պիտի ըլլար իր ապաստանը, մինչեւ կեանքին վերջը ապահոված պիտի ըլլար իր հացը, իր երբեմնի հարստութիւնը ողբալու չափ յիշողութիւն պիտի չունենար, ոչ ալ սպասուհի ըլլալու չափ խելք։ Բեռ ալ պիտի չըլլար Քօստանիկ էֆէնտիին վրայ եւ ամբողջ օրը խենթութիւններ ընելէ վերջ վստահ պիտի ըլլար, որ գիշերը ճաշը պատրաստ է ու անկողինը տաք…։ Գոնէ այնքան երջանիկ պիտի ըլլար, որքան կարելի է երջանիկ ըլլալ այս յիմար աշխարհին մէջ…։
       Մինչդեռ հիմա՞…։
       Ժանեակներու եւ սնդուսներու մէջ, գգուանքներով ու համբոյրներով մեծցած Սաթենիկը, փողոցին մէջ քար մը չունէր, ցուրտ գիշերով իր գլուխը հանգչեցնելու համար…։
       Սիրտս զիս հանգիստ չձգեց։ Ելայ Քօստանիկ էֆէնտիին գացի ու ջանացի զինք համոզել, որ աղջիկը ներս ընդունի։ Բայց ան, գործի մարդու յամառութիւնով մը, անդրդուելի կը մնար իր որոշումին վրայ։ Ախտաբանութիւն, ժառանգականութիւն, մտային անպատասխանատուութիւն կամ հոգեկան հանգստութիւն իրեն համար դատարկ բաներ կը մնային։
       –Ի՞նչ ըսել է, էֆէնտիմ. միւս բոլոր սպասուհիները կ ՚աշխատին նէ հոգի չունի՞ն մի… ուզեմ նէ ես ալ խենթութիւններ կ՚ընեմ, բայց չեմ ըներ կոր… ես բժիշկ չեմ, իմ խելքս այնքան բարակին չի հասնիր… թող քանի մը գիշեր փողոցները անօթի մնայ, որ խելքը գլուխը գայ… ա՜լ ազգական ենք տէյի, էշ ալ չենք եա՜… իր հայրիկը երեսուն հազար ոսկիները կերած ատենը ինծի բարեւ մը կու տա՞ր… մինչդեռ ես այս օրուան օրս…։
       Դեռ խօսքը չէր աւարտած, երբ դուռը բացուելով Սաթենիկ ներս մտաւ կաւիճի պէս ճերմակ, ճեփ֊ճերմակ, ու պատառոտուն, ու արիւնո՜տ…
       –Ան ի՞նչ է, Սաթենիկ, վիրաւորեցի՞ն քեզ…։
       –…
       –Չըսե՞ս, Սաթենիկ, մէկ տե՞ղդ կտրեցին…։
       –…
       –Բերանդ չբանա՞ս, աղջիկ, այդ արիւնը ի՞նչ է…։
       –…
       –Այդ արիւնը ի՞նչ է, աղջիկ…։
       –Ատ արի՞ւնը…։
       –Չխօսի՞ս, Սաթենիկ, ի՞նչ եղաւ, ինչպէ՞ս եղաւ…։
       –Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ… ինծի ամօթ բաներ ըսել պիտի տաք… ըլլալիքը եղաւ… ալ ի՞նչ ըսեմ…։
       –Խենթեցա՞ր, աղջիկ, ո՞վ էր, ո՞վ չէր, անունը չըսե՞ս…։
       –Հապա ո՞ր մէկը ըսեմ… երեք զինուոր էին…։
       –Վա՜յ անամօթ… չփախէի՞ր, չպոռայի՞ր…։
       –Սուրը կոկորդս դրին, շարժիս նէ կը մեռնիս ըսին… ես ալ չշարժեցայ…։
       –Է՜, երե՞քն ալ…։
       Սաթենիկ ձայն չհանեց։
       –Սուտ կը խօսիս կո՜ր, պոռաց Քօստանիկ էֆէնտին, հետզհետէ ինքզինքէն ելլելով. սո՜ւտ կը խօսիս կոր, որ քեզ տունս ընդունիմ…։
       Իբրեւ ամբողջ պատասխան, խեղճ աղջիկը, շարժումով մը, ձեռքի փոքրիկ պօլ ը բացաւ, քրքրեց։ Ու իսկոյն իգութեան, աղջկնութեան, երեսունհինգ տարի վրան նստած կուսութեան, արիւնի ու ոճիրի հոտ մը լեցուց սենեակը…։
       Քօստանիկ էֆէնտի ա՜լ չկրցաւ զսպել ինքզինքը։
       –Գնա՛, գնա՛, գնա՜, պոռաց… գնա՛ այդ աղտոտ շապիկներդ ուրիշ տեղեր թօթուելու… գնա՛ հիմա ֆրանկախտէն փտելու… գնա՛ հացդ պոռնկանալով շահելու եւ սալայատակներուն վրայ ձագեր ցկնելու… իմ տունս պատուաւոր մարդու տուն է…։
       Զուր ուզեցի համոզել զինքը, որ այս անոքիկ, այս մէկ գիշերուան հարսն ու որբեւայրին եթէ շուն մըն ալ եղած ըլլար, գուրգուրանքի մը, հանգստի մը, անկողնի մը պէտք ունէր այսպիսի գիշեր մը։ Բայց ան երթալով աւելի ու աւելի կը փոթորկէր.
       –Զիս մի զայրացնէք, Տոքթէօ՛ր… արդէն եթէ դուք այս աղջիկը նժոյգի մը պէս սնուցած չըլլայիք, հիմա ասանկ բաներ ընելու կարողութի՞ւն կ՚ունենար… մենք մեր դարակները կը կղպէինք նէ, բան մը գիտէինք հարկաւ…։
       Ու յետոյ, ուշադրութիւնը յանկարծ Սաթենիկի սպիացած երեսին վրայ կեդրոնացնելով.
       –Սա երեսդ լոյսին դարձուր նայիմ, չլթի՛կ… դուն դեռ կը ժպտիս կոր, հա՞, պոռաց, ոտքի հարուածով մը դուրս նետեց զայն ու դուռը գոցեց։
       Խաղաղութիւնը նորէն տիրեց տան մէջ։ Քօստանիկ էֆէնտի լայն շունչ մը քաշեց, բարեպաշտ թէզպիհ ը հանեց գրպանէն, «ճակատս բաց է»ի ձեւով մը ֆէսը ետին նետեց եւ իր ընտանեկան հանդիսաւոր ձայնը գտնելով.
       –Կնի՜կ, պոռաց, մեզի շաքարը քիչ երկու հատ սուրճ կը շինե՞ս…
       Իսկ ես կը լսէի, որ կնիկը, դրան ետին, խղդուկ ֊խղդուկ կու լար…։
       1914