Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ՄԵՌՑՆԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ
       –Պզտիկուց ծորակ խաղացա՞ծ էք, Տոքթէօ՛ր։ Վազուն աղբիւրի մը բերանը մատով խցել փորձա՞ծ էք։ Զուլալ ջուրերու ցայտքը աչերնուդ մէջ զգացա՞ծ էք…։ Երեւակայեցէ՛ք որ դեռ անցեալ տարի ծորակ կը խաղայինք արիւնի հետ…։
       Այսպէս խօսողը յիսուննոց մարդ մըն էր, աղ֊պղպեղ գլուխով, բարի եւ մեծ աչերով, ու տժգո՜յն, ու տժգո՜յն…։ Պուլկարիոյ չեմ գիտեր ո՛ր անկիւնէն կու գար ինծի՝ դանդաղ հիւանդութեան մը համար որ բոլորովին ջլատեր, յուսահատեցուցեր, սարսափեցուցեր էր այդ հին յեղափոխականը։
       –Հիմա աչերս սեւ կը տեսնեն, կ՚ըսէր, ծունկերս կը կտրուին, մտքիս գէշ խորհուրդներ կու գան։ Հաւատացէ՛ք ինձ որ ձեզի գալու համար ճամբորդած ատենս, կը զգուշանայի շոգենաւի եզրը երթալէ, որպէսզի ծովը չնետուիմ յանկարծ…։
       Ու իրաւ ալ ա՛յնքան յուսահատութիւն կար անոր աչերուն մէջ, որ քիչ մը բոց տալու համար իր կանաչորակ այտերուն՝ Պալքանեան պատերազմի յիշողութիւնները կը հարցնէի իրեն։
       –Հա՜, ըսաւ, ձեզի արիւնի շատրուան մը պիտի պատմէի. բժիշկ էք կը հետաքրքրուիք։ Սա անիծած արիւնը որ երակներուս մէջ կը շրջագայի, գիտէ՞ք ո՛րքան ուժ ունի. չէ՛, վստահ եմ որ չէք գիտեր։ Ասիկա գիրքերով չէ՜, փորձառութիւնո՛վ կը սորվըւի։ Օր մը ձերբակալեր էինք թշնամի երիտասարդ մը որ մեր ընկերներէն երեքը մեռցուցեր էր։ Թուխ, հպարտ, գեղեցիկ տղայ մըն էր։ Գլուխդ ծռէ՛ ըսի. նժոյգի մը վիզին պէս ճիտը կլորցուց։ Սուրս այնպէ՜ս մը տեղին իջեցուցի որ, Մայրի՜կ պոռալով՝ գլուխը կախուեցաւ։ Ու արիւնը սկսաւ վիզէն վեր ցատկել շիփ֊շիտակ, բարձր, բայց շա՜տ բարձր, մարդահասակ ծառի մը պէս բարձր։ Զղջալով՝ ձեռքս իսկոյն վէրքին վրայ թխմեցի. սակայն արիւնն այնքա՜ն ուժով էր, այնքա՜ն ուժով, որ մեռելին իւրաքանչիւր թօթվտուքին՝ մազերս վեր֊վեր կը հրէր։ Հապճեպով մէկ ձեռքիս վրայէն՝ միւս ափս ալ դրի գալարուող վիզին վրայ. այն ատեն արիւնը մատներուս մէջտեղուանքէն սկսաւ սրսփիլ շատրուանի մը ջուրերուն պէս, ռունգերուս, ականջներուս եւ բերնիս մէջ, թարթիչներուս ու պեխերուս թելերուն վրայ, աչուըներուս փոսերուն մէջ, կաթած տեղը թանձրանալով, շրթունքներս փակցնելով, երեսներս տաքցնելով…։ Բայց, ի՜նչ, կը տժգունի՞ք, Տոքթէօ՛ր…։
       –Օ՜հ, դադրեցուցէ՛ք, դադրեցուցէ՛ք. զզուելի է, զզուելի՜…։
       –Զզուելի՞ ըսիք…։ Պատերազմը պատերազմ է, Տոքթէօ՛ր…։ Զզուելին ա՛յն է երբ մարդ ինձ պէս հիւանդութենէ կը մեռնի, երբ վախելով ու վատելով, դեղագործի սրուակներուն փարելով, կամաց֊կամաց, կաթիլ֊կաթիլ կը մեռնի…։ Ու յետոյ, ես ձեզի բան մը ըսե՞մ, Տոքթէօ՛ր, ամէն բան պարագային համեմատ պէտք է դատուի, նոյնիսկ ոճիրը։ Ես այնպիսի պարագաներու մէջ գտնուեցայ ուր չսպաննելը աւելի մե՛ծ ոճիր էր քան սպաննելը…։ Ես ձեզի այնպիսի ոճիր մը պատմեմ որուն քով իմ ըրածս պարզ խաղալիք մըն է տղու…։ Կ՚ուզէ՞ք…։
       –Կ՚ուզեմ, ըսի անհամբեր։
       –Նկարագրած շատրուանէս քանի մը շաբաթ վերջ էր։ Նահանջի հրամանը եկած էր հիմա. բանակը քաշուեր֊հեռացեր էր ճերմակ հորիզոնին ետին, ձիւնապատ ահագին տարածութիւններուն մէջ քանի մը խումբ վերջապահեր ձգելով թշնամիին արշաւին դէմ։ Այդ ցրուած, կորած խմբակներէն մէկն ալ մենք էինք։ Բայց ինչ որ ամէնէն աւելի կը վտանգէր մեր դիրքը՝ վիրաւոր ընկեր մըն էր։ Ո՛չ կարելի էր քալեցնել զինքը, ո՛չ ալ թշնամիին ու ձիւնին լքել։ Մեծ բան մը չէր իր վէրքը, բայց մէջը հող ու աղբ գացած ըլլալով՝ վիրաւորը սարսափելի պրկումներ կ՚ունենար։ Նախ երեսին մկանները կծկտեցան. յետոյ ճակտին կնճիռները ծալք֊ծալք գամուած մնացին։ Աչերն այնպէս անշարժ էին ու այնպէս ալ ահաւոր՝ որ հոգեվարք մը իր ճգնաժամին մէջ քար կտրեր էր կարծես։ Ու այդ փոթ֊փոթ ճակտին տակ, ու այդ պիշ֊պիշ աչերուն տակ, բերանն այնպէս վար քաշուեր էր երկու ծայրերէն՝ որ դիւային քրքիջի մը դիմակն ըլլար կարծես ան։ Գլուխն ետեւ նետուած, վիզն ուժգնօրէն պրկուած, աղեղի պէս կորնթարթ, մարմինն համակ քարացած, գարշապարն ու գանկը լոկ կը դպչէին գետնին…։ Հիւանդապահ կառքերը քաշուեր էին՝ ամէնքն ալ, վիրաբոյժ մը թողլով մեզի։ Աստուծոյ պէս իր ձեռքերուն կը փարէինք, իր աչերուն կը յառէինք, ճա՛ր մը, ճարա՜կ մը կ՚աղերսէինք։ «Թեթանո՜ս… » կը վճռէր ան։ Ու այս բառը ախտանիշ մը եւ մահանիշ մըն էր նոյն ատեն։ Եւ ամէն անգամ որ գետնաքարշ վիրաւորը իր գարշապարերուն վրայ կը պրկուէր, կ՚աղեղանար ու կը դողդղար՝ ծայրը գետին մխուած սուսերի մը պէս, «Օփիսթոթոնոս… » կը գոչէր վիրաբոյժը, ազատում չկայ…։
       –Եթէ ազատում չկայ՝ մի՛ ձգէք որ այս խեղճը հոգեվարքը շան պէս չարչրկուի. սրսկում մը, դեղ մը ըրէք, վիզը կտրեցէք, բայց ազատեցէ՛ք զինքը, եւ ազատեցէ՛ք մեզ ալ…։
       –Եթէ դուք ազատուիլ կ՚ուզէք, կ՚ըսէր, ո՞վ կ՚արգիլէ զձեզ մեկնելէ. ես իր քով պիտի մնամ մինչեւ իր վերջին շունչը. բայց ես չունիմ մեռցնելու իրաւունքը, ես կեանքին պաշտօնեան եմ…։
       Արդ, ես հիմա ձեզի հարց կու տամ, Տոքթէօ՛ր։ Եթէ դո՛ւք ըլլայիք այդ վիրաբոյժին տեղը, դո՞ւք ալ իրեն պէս պիտի ընէիք։ Ըսէ՛ք ինծի։ Ես վստահ եմ որ ձեր բոլորին գրպանին մէջ հեղուկ մը կայ որ…։
       –Անշո՛ւշտ, անշո՛ւշտ, ընդմիջեցի, բայց եթէ նոյնիսկ հիւանդն ուզէ, մենք չունինք զայն մեռցնելու իրաւունքը։ Որի՞ կը պատկանի կեանքը. ո՛չ հիւանդին, ո՛չ բժիշկին։ Կեանքն Աստուծոյ կը պատկանի…։
       –Աստուծո՞յ… Աստուծո՞յ… ըսաւ ռազմիկ խօսակիցս փրփրելով։– Մէկ կողմէն ահագին ծախսեր, շէնքեր ու դարմաններ կ՚ըլլուին անդամալոյծներու, ցաւագարներու, հոգւով մարմնով փտածներու, անբուժելի զառամածներու կեանքն ամէ՛ն գինով պահպանելու համար… մինչդեռ անդին, կռուի դաշտին վրայ, է՛ն խոստմնալի ու էն առողջ երիտասարդները հազարներով, տասը հազարներով գետին կը փռուին, յետոյքէն զարնուած նապաստակներու պէս գլտոր դառնալով… ասոնց կեանքն ալ Աստուծոյ չի՞ պատկանիր, Տոքթէօ՛ր…։
       –Կ՚աղաչեմ, ընդմիջեցի, բայց ձեր վիրաւոր ընկերն ի՞նչ եղաւ։
       –Մեր վիրաւոր ընկե՞րը։ Աղբակոյտի մը վրայ պառկեցուցեր էինք զայն, որպէսզի տաք ըլլար։ Կը զգուշանայինք կրակ վառելէ վախնալով որ մի՛ գուցէ ձիւնապատ դաշտերու մէջէն բարձրացող մեր մուխը թշնամիին մատնէր զմեզ։ Իւրաքանչիւրնիս՝ հրացանի սառած երկաթին փարած՝ փոքրիկ լուսամուտներու ետին պահակ կը կենայինք, ճերմակ հորիզոններ քննելով վախ ի վախ։ Ոչ իսկ շշուկ մը, ո՛չ իսկ լոյս մը կար ներսը։ Կիսաստուերին մէջ՝ մատներնուս ծայրին վրայ կոխելով կը քալէինք մեռելի տան մը պէս. որովհետեւ մահը մեր մէջ էր, հոն էր, սպառնական։ Ու մեռելը հոն էր, կենդանի մեռելը դիտապաստ, դիակնացած, կարծրացած, բայց այնքա՜ն տառապալից ու դեռ այնքա՜ն զգայուն, որ լոյսի ճառագայթ մը զայն կը մտրակէր կարծես, ու ձայնի շշուկ մը կը դողդղացնէր իր քարացած մարմինը՝ երկրաշարժէ մը ցնցուող տապանաքարի մը պէս…։ Վիրաբոյժը պաղարիւն՝ իր ջերմութեան աստիճանը կը չափէր. «3 9… 40… 41… 42… սարսափելի՜, սարսափելի՜…»։ Դանակի մը ծայրովն իսկ կարելի չէր բանալ իր կծկուած ակռաները, կաթիլ մը ջուր, պատառ մը հաց տալու իրեն։ Եթէ հիւանդութիւնն իսկ չըլլար, անօթութենէն պիտի մեռնէր այս խեղճը։ Բայց վիրաբոյժն օրինապահ ու անայլայլ.
       –Ես մեռցնելու իրաւունք չունիմ, ես մեռցնելու իրաւունք չունիմ… , կը կրկնէր։
       Այս սարսափի օրերը՝ վեց օր, վե՜ց դար տեւեցին։ Առաւօտ մը երբոր ելանք, աչերը բաց՝ ան կը հսկէր։ Պրկուած մարմնին ահեղ ճիգէն՝ գարշապարները հողը փորած ու գանկն աղբին խրուած էր։ Ձեռքերը, ոտքերը շիփ֊շիտակ, կզակները կղպուած, ճակատը ծալք֊ծալք կծկտած, քրքիջի ձեւ մը շրթներուն, աչերը պիշ֊պիշ դուրս ինկած, ան պառկեր էր ահաւոր։ Կարելի չէր նայիլ իրեն, «Բայց նայեցէ՛ք, մարմինը չդողար այսօր… », ըսաւ մէկը շշնջալով։
       Ու իրաւ ալ մարմինը չէր դողար։ Սակայն ա՛յնքան սարսափ ու տառապանք կար իր բաց աչերուն մէջ, որ ո՛չ ոք համարձակեցաւ մատին ծայրովը դպիլ իրեն, վախնալով որ մի գուցէ նոր սարսուռ մը կը ծնցնէր։
       –Մեռե՜ր է… , վճռեց բժիշկը, իր գլխարկը հանելով։ Ու բոլորս ալ հրացաննիս իջեցուցինք իր առջեւ։
       Այսպէս վերջացաւ այս անվերջանալի, այս ահաւոր, այս անդրմարդկային մահը. ի՞նչ կ՚ըսեմ, այս ոճիրը, ոճիրներուն գլուխգործոցը…։
       (Բերա, 1914)