Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ՏԷԼԻՐԻՈՒՄ ԹՐԷՄԷՆՍ
       Ծեծուած շան մը պէս կը դողդղար։
       Երկու կողմէն, երկու հուժկու պահակներ զայն առաջ կը մղէին։ Ու ան սարսափահար ու աղաչաւոր աչերն ինծի ուղղած, ոտքերուն բոլոր ուժովը կ՚ընդդիմանար, սպանդանոց տարուող անասունի մը պէս։
       –Մի՛ վախնար, մի՛ վախնար, ըսի քաղցրօրէն, այստեղ հիւանդանոց մըն է, ես այս տեղին բժիշկն եմ։
       –Պիտի մեռցնեն զիս, պիտի մեռցնեն զիս, Տոքթէօ՛ր, պիտի մեռցնեն զիս…։
       –Ինչո՞ւ, ի՞նչ կայ։
       –Չեմ գիտեր, չեմ գիտե՜ր, ես ոչ մէկուն չարութիւն ըրած մարդ չեմ։ Ահա տասը օրէ ի վեր զիս կը տանջեն։ Բայց, հաւատացէ՜ք ինծի, Տոքթէօ՛ր, կ՚աղաչեմ, հաւատացէք ինծի, ես պարկեշտ մարդ եմ, ես չէի մեռցնողը, ան ինքնիրենը մեռաւ։
       –Ան ո՞վ է։
       –Մայրի՛կս, ալեւոր մայրիկս, ան ինքնիրեն մեռաւ…։ Միւսներն ալ ես չմեռցուցի, Տոքթէօ՛ր, միւսներն ալ։
       –Բայց միւսները որո՞նք են։
       –Զաւակնե՛րս, զաւակնե՛րս…։
       Ու ձայնը աւելի պզտիկցուց։
       Ակռաները աւելի սեղմուեցան, կճրտացին, սոսկալի՜, սոսկալի՜։
       Վիզը ծռած էր, գլուխը թեքած, դէմքին մէկ կողմը ճմռթկած, կծկտած, կզակները ուժգնօրէն կղպուած։
       –Ասկէ երեք օր առաջ էր, Տոքթէօ՛ր, շաբաթ գիշեր մը անկողնիս մէջ աչերս չի կրցայ գոցել։ Պատուհանիս առաջքը մինչեւ լոյս փսփսացին։ Նախ երկու հոգի էին, յետոյ այդ երկուքը երեք եղան, չորս եղան, տասը եղան…։ Աչքովս տեսած բաները կը պատմեմ, Տոքթէօ՛ր…։
       –Ու կը լսէի՞ր ալ։
       –Անշո՛ւշտ, անշո՛ւշտ։ Նախ փսփսուքներ միայն կ՚իմանայի, խժլտուքներ, սուլոցներ։ Բայց վերջը յստակ ֊յստակ լսեցի ամէն բան. «Իր մայրիկը խեղդեր է», կ ՚ըսէր իրենցմէ մէկը։– «Հարկա՛ւ, հարկա՛ւ», կ ՚ըսէին միւսները, «Իր զաւակներն ալ ինք մեռցուցեր է։ Սանդուխ մը բերէք, պատուհանէն ներս մտնելու է… չուան մը, դանակ մը, զգուշութի՜ւն, զգուշութի՜ւն…»։ Սարսափահար դուռս բացի, դաշտերուն մէջ վազեցի, վազեցի, վազեցի, ու անձրեւին տակ տեղ մը գետին ինկայ, քնացայ։ Միւս առտու երբ ելայ՝ կզակս կղպուած էր…։
       Ձայնը ճիգով դուրս կու գար ակռաներուն ճեղքէն։ Խօսքերը կը քակուէին, կը տարտղնէին դուրս ելլելու համար։
       Դէմքին վրայ կապոյտ ու սեւ ուռեցքներ կը ցցուէին, անհամար հարուածներու սարսափելի դրոշմները։
       Ամբողջ գլուխը փաթթուած էր ճերմակ լաթերու մէջ, որոնց տակէն արիւնը թանձր կաթիլներով կը բխէր, կը տարածուէր, ճակատէն վար կարմիր ճամբաներ կը գծէր։
       Ի՜նչ կնճռոտ հանգոյց մըն էր աս։
       Ո՛չ, իր պատմածները ճիշդ չէին կրնար ըլլալ, եւ սակայն սուտ ալ չէին անոնք, քանի որ այնքա՜ն տառապանք ու սարսափ կար իր խաւար աչքերուն խորը։
       Ու այնքան սարսափ ու տառապանք կար իր խաւար աչքերուն խորը, որ ան չէր նկարագրեր, այլ կ ՚ապրէր իր տառապանքը։
       Ան կ ՚ապրէր սարսափելի մղձաւանջի մը մէջ, բաց աչքով մղձաւանջ մը, որ շաբաթէ մը ի վեր սկսած ու դեռ չէր աւարտած։
       –Շաբաթէ մը ի վեր ականջիս մէջ կը հայհոյեն, կը պոռան, կու լան։ Աչքերս կը վախնամ գոցելու, թարթիչներս հազիւ փակած՝ կարմիր բոցեր ու արեւներ իրարու կը զարնուին։ Պատիս բոլոր խուցերէն փոքրիկ բաներ կը վազվզեն, կը քրքջան, կը դաւադրեն։ Սենեակիս մէջ սեւ, զազրելի միջատներ կան, անկողնիս մէջ կ՚եռուզեռեն, սրունքներէս վեր կը սողան եւ ուսերէս վար կը սահին…։ Անցած գիշեր, գիշեր մը ամբողջ, կոկորդէս վար դիակի մազեր, երկար մազեր կը լեցնէին…։
       Կը խօսէր նողկանքով, սարսափելով, խարխափելով։ Իր կղպուած կզակին ետեւէն կը զգայի որ լեզուին ծայրը կը դողդղար։
       –Ձեռքերդ բաց, ըսի։
       Հազիւ թէ բացած՝ տեսայ որ մատներն ալ աննշմարելիօրէն դողդղալ սկսան։
       Լեզուին ու մատներուն այս թեթեւ դողը հին գինեմոլութեան մը ախտանիշը։
       –Ջուր կը խմե՞ս, հարցուցի։
       –Երբեմն, երբեմն…։
       –Տարի՞քդ։
       –Տարիքս յիսուն, թերեւս աւելի։
       –Վիճա՞կդ։
       –Կէս մը ամուսնացած, կէս մը ամուրի։
       –Զաւակնե՞ր։
       –Վեց զաւակներ ունեցայ, չորսը գերեզմանն են։
       –Միւսնե՞րը։
       –Միւսները մայրիկն առաւ ու փախաւ։
       –Բայց խեղճերը միջոց ունի՞ն ապրելու։
       Դէմքը ճմռթկեց, ուսերը թօթուեց։
       –Մայրիկնին գեղեցիկ կին է, ըսաւ։
       Բարոյական զգացումի այս աստիճան չգոյութիւնը, եկաւ ա՜լ աւելի հաստատել միտքիս մէջ հին գինեմոլութեան մը ախտանիշը։
       Որովհետեւ, ալքոլը միայն մարմինը չէ որ կը փտեցնէ, այլեւ հոգին։
       Եւ սակայն, օր մը կու գայ, երբ այդ թունաւորուած, դիակնացած, աղբացած մարմնին մէջ հոգին կ՚արթննայ, կը փոթորկի, կը պոռթկայ, ինքնիրմէն կը նողկայ ու ինքնիրմէն կը սարսափի։
       Տէլիրիում Թրէմէնսը, այն սարսափելի դժոխքն է, որ Տանթէի մը հանճարը պիտի չկրնար երեւակայել, եւ որ իւրաքանչիւր գինեմոլ իր տառապանքին համար կը կերտէ։
       Բաց աչքով մղձաւանջ մըն է այս, որ ոչ թէ գիշեր մը կը տեւէ, այլ շաբաթ մը կը յաւերժանայ։ Ու տառապանքն այնքան մեծ է, ու հիւանդն այնպէս համոզուած է իր մղձաւանջին իրականութեան, որ նախամեծար կը համարի անմիջապէս մահանալ։ Շատ մը անբացատրելի կարծուած անձնասպանութիւններ՝ ուրիշ պատճառ մը չունին բժիշկներուն համար։
       Ու այս մարդուն պարագան անոր համար հետաքրքրական էր, որ ան իր զառանցանքին մէջ իսկ ձերբակալուած էր, առանց իր անձնասպանութիւնն աւարտելու ժամանակ ունենալու… վկայ իր արիւնաթաթախ գլուխը…։
       –Երէկ գիշեր փողոցին մէջ քալած ատենս սեւեր հագած մարդ մը տեսայ։ Ես այս մարդը կը ճանչնայի, չեմ գիտեր երբ, չեմ գիտեր ուր, բայց գիտեմ որ թշնամիս էր։ Յետոյ անկիւն մը դառնալուս՝ հատ մըն ալ ելաւ, յետոյ հատ մըն ալ, յետոյ հատ մըն ալ։ Ոմանք առջիս, ոմանք ետիս, ուր երթալս շփոթեցայ։ Ձախ կողմս բաց պարտէզ մը կար, մէջը մտայ, ու մութ տան մը խոհանոցը պահուըտեցայ, կծկտեցայ։ Մութն իջեր էր։ Ասանկ՝ երկար ժամ մը անցաւ։ Յետոյ դուրսէն ձայն մը փրթաւ, կամաց ֊կամաց սողալու պէս խշրտոց մը՝ որ երթալով կը մօտենար։ Սարսափեցայ, լոյս վառեցի, պատուհանին ետեւ երեք դէմք երեւցան, յետոյ նորէն, յետոյ նորէն…։
       Ահա ճիշդ այդ միջոցին էր որ խոհանոցին անկիւնէն կացին մը գտնելով, սկսած էր իր գլխուն այնպիսի սոսկալի հարուածներ իջեցնել՝ որ, իր անասնական աղաղակներէն արթննալով, տնեցիները ձերբակալեր ու հիւանդանոց առաջնորդեր էին զինք։
       Հիւանդանոց առաջնորդեր էին, որպէսզի խնամէինք, դարմանէինք ու ազատ արձակէինք այդ հոգւով ու մարմնով թունաւորուած մարմինը։
       Ազատ արձակէինք, որպէսզի նորէն խմէր ու նորէն շնար, ու ախտաւորներու նոր սերունդ մըն ալ հասցնէր…։
       Տխո՜ւր արհեստ, տխո՜ւր պարտականութիւն…։
       Այդ գիշեր երկար ատեն տանջուեցայ խորհելով այն բոլոր աղէտներուն վրայ, որ այս մարդը ազատօրէն պիտի կրնար գործել։
       Մինչդեռ… մինչդեռ նոյն գիշերն իսկ՝ մղձաւանջի նոպայի մը մէջ ան ինքզինքը մեռցուցեր էր։
       Հետեւեալ օրը, դիազննութեան սեղանին վրայ փռած էինք արդէն դիակը, քանի որ մեր դարմանատունը մեռնող անոքիկ հիւանդները մեզի կը պատկանէին։ Նեղ սղոց մը՝ պզտիկ ճռճռոցով երկուքի կը կտրէր իր գանկը մեզի ցոյց տալու համար ուղեղին ախտաբանութիւնը։
       Բայց ահա դուռը կամաց մը բացուեցաւ։ Պատառատուն մայր մը, երկու տղայ…։
       Գինովին նախկին կինն էր, որ իր էրիկին այցելելու եկեր էր հիւանդանոց, ու դուռէ դուռ զարնուելով՝ մինչեւ դիազննութեան սրահն էր հասեր…։
       Քար կտրեցաւ։ Հառաչ մը չկրցաւ հանել կուրծքէն։
       Իսկոյն դուռը երեսին գոցեցինք։ Ու սղոցին երկու ծայրէն բռնած՝ երկու բժիշկ, իրարու երես նայեցանք ոճրագործներու պէս։
       Ու դեռ ականջիս մէջ է, թէ ինչպէս, դուրսէն, դրան ճեղքէն, գինովին տղաքները կը ճղային.
       –Հայրի՜կ, հայրի՜կ, քեզի նարինջ բերինք, հայրի՜կ…։
       Բերա, 1914