Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐՁԱՆԻՆ

Կ'ուզեմ ըլլայ քու մարմարիո՛նըդ պեղուած
Ոլիմպոսի ամենէն խոր արգանդէն.
Եւ իմ մուրճիս տակ ըզգենու հըրեղէն
Միս մը կընոջ, լոյսով, տենդով սըրարբած:

Աչքերդ ըլլան վիհեր՝ ուր մարդ երբ սուզի՝
Յաւէրժին մէջ անմահացած ըզգայ զինք.
Գիծերդ անե՛ղծ ըլլան, ըլլան քու ըստինք
Դաշնակութիւն մ'ուր կենսահիւթը յուզի.

Մերկ ըլլաս դուն բանաստեղծի մ'հոգւոյն պէս,
Եւ հեթանոս այդ մերկութեանըդ ներքեւ
Տառապի՛ մարդն ու չըկրնայ դըպչիլ քեզ:

Թէ հարկ ըլլայ զոհ մը ընել քեզ պարգեւ,
Բագինիդ ե՛ս պիտի ուզեմ մորթըւիլ՝
Որպէսզի կուճդ ըմպէ արեանս հուսկ կաթիլ: