Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՋՈՒՐԻՆ ՎՐԱՅ

Նըւագէ՛ կիթառդ, ո՛վ իմ Մելինա,
Լուսինն է ցաթեր, վէրքի պէս, լանջքիս.
Երգդ, իբրեւ ըսպունգ, կը ծըծէ ահա
Աստղերն երկընքին, արցունքներն աչքիս:

Աշխարհը մոռնա՜նք. ջուրին վրայ՝ լուսնին
Լուսասփիւռ ճամբա՛ն ըլլայ մեր ճամբան…
Երբ պըսակեմ գլուխս ողկոյզով, Մելի՛ն,
Սըրտիս արիւննե՛րն իսկ գինի կ'ըլլան:

Թող երգդ հըրճըւի՜. Ծովը լուսավերտ
Անդունդին աղով կ'օծէ գանգուրներդ՝
Զոր խառնեց ահա սիւքը՝ լարերուդ:

Թող երգդ արբենա՜յ. լեցուցի գինին
Կիթառիդ տօսախ պորտին մէջ հըրուտ…
Աստղի՜կն է նըստեր մեր նաւուն քիթին: