Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ո՜ ՏԱԼԻԹԱ

Կարմրաշառայլ լոյսերուն մէջ կը վառի
Կապելադ, ո՛ Տալիթա:
Բե՛ր գարեջուրն, եւ թող փրփուրն հոսանուտ
Մատերդ ի վար պըղպըջայ:

Ի՜նչ փոյթ թէ ես ազնըւական կը թուիմ,
Ունիմ ձեռքեր քընքշենի.
Եւ ի՛նչ փոյթ թէ դուն աղջիկ մ'ես ջըլեբաց՝
Որ բանուորներ կ'ընդունի:

Կ'ատեմ կիներն՝ որոնք դիմացն հայլիին
Դիմաներկեր կը շաղուեն.
Կը ծըծցընեն Ծերակոյտի անդամներ
Տըռփանքներով տարօրէն:

Դահլիճներուն փարթամ կիները կ'ատեմ.
Իրենց կաւատն է՝ ոսկին.
Զիրենք սիրողը կը սպառեն, եւ իրենք
Տան շընիկէն կը սպառին:

Բե՛ր, Տալիթա՜, բե՛ր գարեջուրն, ու նըստէ
Ծունկիս վրայ՝ թոյլ տալով
Որ աղախնի կարճ քըղանցքէդ երեւնան
Բումբերըդ՝ սեւ գուլպայով:

Թող ճըրագներդ հիւծին մինչեւ առաւօտ,
Եւ թող շեմին վրայ երգէ
Գինով աշուղն՝ յառած բիբերը մեզի,
Բիբերը զուրկ կըրակէ:

Թող մազերուդ ոսկի հիւսկերը քակես
Գաւաթին մէջ բիւրեղեայ,
Եւ ծունկերէս վար սըրունքներդ օրօրես՝
Մինչեւ որ սէրս հասուննայ:

Ինծի ի՛նչ փոյթ թէ շրթունքներդ են խածեր
Նաւաստիները կոպիտ,
Եւ հոսեր են քըրտինքն իրենց տըռփանքին
Աչքերուդ մէջ՝ ու ծոցիդ:

Այսօր կ'ուզեմ կուրծքիդ վըրայ գինովնալ
Ինչպէս զինուոր մը արբուն.
Կ'ուզեմ պարպել գաւաթդ, եւ դուն ալ պարպես
Սիրտըս՝ նուռի պէս հասուն:

Այսօր կ'ուզեմ դահլիճին մէջ ծաղրըւած
Սէրըս առջեւըդ պղծել,
Խաբուած հոգիս բերել ռամիկ աղջըկան
Գարեջուրով մը ծախել: