Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԳՐԳԱՆՔ

Անոր որ պիտի գայ…
Ափը լճակին մենաւոր՝
Ուր տընակս իմ կախարդօրէն շիներ եմ՝
Ձեռն ի ծընօտ ըսպասեցի իր գալուն:
Նըռենիին տերեւներուն տակ բոսոր,
Նուռի մը պէս ճեղքըւած,
Սիրտըս, շիթ շիթ, արիւն թորեց ծունկերուս՝
Կարօտը սէ՜րս արիւնեց.
Եւ ամիսներ բովանդակ
Եղնիկի պէս լացի գոհար արցունքներ
Ափը լճակին մենաւոր:

Ու վերջապէս ան եկաւ
Այգիներէն քաղցրաբոյր՝
Ուր ողկոյզներն, ըստինքներու պէս լեցուն,
Հողին վըրայ կը կախուին,
Մօր մը գըրկէն, որ իր մազերը խարտեաշ
Ամէն առտու, ճաճանչներու պէս, սանտրեց,
Շուշաններու պարտէզէն՝
Ուր տատրակներն Անմեղութի՛ւնը կ'երգեն՝
Ան վերջապէս ա՛լ եկաւ:

Ո՛վ վարսագեղ հովւուհիս,
Որ աղբիւրին լոյսէն ծըլած խոտին մէջ,
Գալու համար իմ սիրոյս
Լըքեց անթիւ գառնուկներն իր մոլորուն.
Եւ զարնելով փարախին դրան քարին վրայ
Խորտակեց սրինգը տօսախ
Խենթի մը պէս կողկողագին ողբալէն,
Ո՛վ վարսագեղ հովւուհիս:

Երբ ներս մըտաւ իմ շեմէս,
Ձիւն կարապներս օձաճապուկ վիզերնին
Կարկառեցին դէպ անոր,
Դէպ մարմարէ իր ոտքերուն համբոյրին:
Եւ շունս հըլու, փորին վըրայ սողալով,
Եկաւ լիզել կրունկներն անոր ադամանդ.
Ժըպիտներով աչքերը լի, վիթի պէս,
Ան ներս մըտաւ իմ շեմէս:

Տնակըս բոյրո՜վ լեցուեցաւ,
Զի ծոթրիններ ծորեցան
Պատմուճանին քըղանցքէն,
Զի արեւով օծուած ոսկի մազերէն
Բուրեան մեղրեր ծորեցան.
Եւ բիբերէն՝ մարգրիտներու պէս փաղփուն՝
Թափթըփեցան ասուպներ.
Տնակըս լոյսո՜վ լեցուեցաւ:

Մեզ գըրգարան շինեցի.
Գարնան բոլոր վարդերը գոգ գոգ բերած՝
Յարդարեցի մեր անկողինն հիմենի.
Նունուֆարներն՝ որոնց ծղօտները կակուղ
Հոտող սուրիս ներքեւ արիւն ծորեցին՝
Մեր գըլխուն տակ բարձ եղան.
Ծաղիկներովն հողին եւ ջինջ ջուրերուն,
Աղուամազով տատրակներու դունչերուն
Մեզ գըրգարան շինեցի:

Վարդերուն վրայ փըրփրեցաւ
Իր մերկութիւնն երե՛ք անգամ կաթնային,
Հընդկաստանի իւղերով
Լոյսերու պէս օծեցի շէկ վարսերն իր.
Եւ ծալերուն մէջ մարմինին՝ իմ բոլոր
Խընկամաններըս քըրմօրէն պարպեցի:
Ան, առաջին համբոյրիս տակ խըռոված,
Օշնանի պէս պըղպըջուն
Վարդերուն վրայ փըրփրեցաւ:

Ու քընացաւ կուրծքիս վրայ…
Օ՜, մատերս իմ՝ որ ժամերով լողացին
Մազերուն մէջ յորդառատ.
Օ՜, բերանս իմ՝ որ բերնին վրայ ըզգըլխիչ՝
Խըմեց սափորն իր սըրտին:
Իրար հիւսուած, մենք բաղեղներ խանդակաթ,
Ծաղիկներուն միջեւ հեղ մ'ա՛լ ծաղկեցանք:
Ան քընացաւ կուրծքիս վրայ…

Կարապներն ա՛լ թուխս նըստան.
Եղէգնուտին մէջ քամին մեղմ նըւագեց
Ծըլարձակման մեծ օրէնքները Գարնան.
Նունուֆարի յօտուած ծղօտները դարձեալ
Ջուրին մէջէն արձակեցին փթիթներ:
Մերին սիրտերն ունկընդիր
Իրարու մեղմ տըրոփիւնին՝ նընջեցին.
Եւ լիճին խորն, աստղերուն վրայ թեւամփոփ,
Կարապներն ա՛լ թուխս նըստան: