Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

«ՕՐՀՆԵԱԼ ԵՍ ԴՈՒ Ի ԿԱՆԱՅՍ…»

Մարիա՛մ, այս անկողնին վրայ երբ նըստիս
Ու ես առջեւըդ, գորգին վրայ ծընրադիր,
Համբուրեմ խաժ երակներն
Այդ ձեռքերուդ՝ որոնցմէ լոյս կը ծորի,
Մարիա՛մ, տաք շըրթունքներուս տակ կը զգամ
Էա՛կ մ'որ, լուռ, արիւնդ ումպ ումպ կը խըմէ,
Այն գիշերէն՝ երբ մազերդ այդ բարձին վրայ
Անփութօրէն լեցուցած՝
Ծոցդ հաճոյքին բացիր, եւ բուռն հաճոյքէն
Քըրտինք մ'առատ քունքերէդ ի վար հոսեցաւ,
Եւ կուսութիւնըդ մեռաւ
Արգանդիդ մէջ եւ աչքերուդ երկնաթոյր,
Այն գիշերէն՝ թարթիչներէն կոպերուդ
Մե՜ղըր ծորեց, դուն եղար
Հեզահամբոյր, լըռակեաց,
Ձիւնափետուր դուն աղաւնեակը եղար՝
Որ արեւուն տակ կըծկըւած՝ կ'երազէ
Բոյնին վըրայ շինուելիք…
Կը դիտեմ, արդ, քաղցրիկ հիւծումը դէմքիդ
Եւ բաց շապկիդ մէջէն ծիծերդ՝ որոնց մէջ
Կը բաժնըւի կեանքդ եւ դուն
Բաժնըւելով մա՜յր կ'ըլլաս:
Մէն մի զարկին մէջ երակիդ՝ ես կը զգամ
Տրոփիւնը նո՛յն իմ սըրտիս
Եւ բողբոջումը արիւնիս ծաղիկին՝
Որուն բուրումը կ'արբեցնէ զիս եւ քեզ
Եւ սէրն է մեր երկուքին:
…Օրհնեա՜լ ըլլաս, Մարիա՛մ,
Դո՛ւն որ անհուն գորովով
Կողերդ ինծի՛ կու տաս, եւ ոսկրը՛դ՝ ուրիշ
Ոսկրի մ'համար կը քամես,
Դո՛ւն՝ որ կ'ըլլաս ամենէն
Մաքուր ակօսն՝ ակօսներէն բեղնաւոր,
Ու ամենէն չըքնաղ թաղարը՝ բոլոր
Թաղարներէն շուշանի՝
Օրհնեա՜լ ըլլաս յաւիտեան:
Դո՛ւն՝ որ, ըզգօն, կը կըրես
  Խեփորին մէջ ինչպէս մարգրիտ մը ազնիւ
Աստուածատիպ Մարդը խորն այդ արգանդիդ՝
Օրհնեա՜լ ըլլաս, Մարիա՛մ…