Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՀԻՆ ՍԷՐ

Մամ ու ծերուկ, երկու թարշամ հոգիներ,
Եկան նըստիլ շուքին ներքեւ ծիրանւոյն՝
Որուն քընքոյշ ծաղիկներն էին զարդարեր
Օր մը գըլուխը հանւոյն:

Անոնք սաստիկ կը դողդոջեն՝ իբր ըլլան
Սիրահարներ յանկարծ իրար հանդիպած.
Բայց քովերնին՝ ցուպե՛րն իրենց լոկ կը մնան
Խոտին վըրայ՝ գըրկըւած:

Չունին այլեւս հըրդեհումներն արիւնին.
Անոնց հոգին համբոյրի երգը չունի.
Ոչ ալ յոգնած կողերնուն մէջ կը ծաղկին
Սերմերը՝ նման շուշանի:

Պապուն նայուածքն աչուըներուն մէջ մամուն
Կը նուաղի՝ չըթափանցած դեռ սըրտին.
Եւ կը մըսի գաղջ ճառագայթն արեւուն
Անոնց ծոցին մէջ ցըրտին:

Եթէ փորձե՛ն իսկ տարփանքի փորձ մ'անմեղ
Գարնան դըրդիչ բուրումներէն սըրարբած՝
Կը փըշրի՜ սիրտն՝ իբրեւ բաժակ մը բիւրեղ
Յանկարծ կրակին դէմ ճաթած:

Վարդերն անցա՜ն, անցան բոցերն այտերէ.
Սէրն անոնց կայծ մ'է մոխիրին մէջ թաղուած՝
Զոր յիշատակն իր շունչով իսկ կը մարէ
Վայրկեան մ'հազի՛ւ արծարծած:

Ու հիմակ այս գարնանային իրիկունն՝
Երբ կը բուրեն կինամոնները բըլրան՝
Կ'իյնայ անոնց միտքը հին սէրն յանկարծոյն՝
Հին աղօթքի մը նման:

Եւ կը յիշեն, շուքին տակ նոյն ծիրանւոյն,
Մեռած գըգուանքն, իրենց տարփանքը հեշտին,
Յետոյ համբոյրն ու յետոյ ճի՛չը մամուն՝
Եւ իրարու կը ժըպտի՜ն…