Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՌԱՋԻՆ ՄԵՂՔԸ

Ձորերուն մէջ, սարերուն վրայ կ'արածէր
Ան ամէն օր ուլն իր կապոյտ աչքերով.
Ոտքերը մերկ էին եւ միշտ ալ վըստահ
Մէն մի քայլին՝ շուշանի վրայ կոխելու:

Ճերմակ կրծքին մերկութեան վրայ վիժանուտ
Ոսկի հերքէն կը ծորէին ծոթրիններ.
Ո՛չ մըրտենին եւ յասմիկները գըլխուն
Կը թօշնէին, ո՛չ ալ վարդերն այտերուն.
Ան միշտ կ'երգէր, ու երգն իր
Կը ծիծաղէ՜ր սըրտին մէջ,
Իր ըզգեստիկը կապոյտ
Երկընքի մէկ ջինջ կըտորէն էր ձեւուած.
Եւ հովուական իր ցուպն էր օձ մը բրածոյ՝
Քարացա՛ծ օձ՝ որ իր մաքուր ձեռքին մէջ
Դեղձիի ճիւղ մը եղաւ:

Երբ վըտակին եզերքէն
Ան կը քըշէր ուլն իր կապոյտ աչքերով՝
Ծառերուն մէջ՝ գաղտագողի՝ լուսընկան
Իր ետեւէն կը քալէր.
Եւ լուսընկան տարփատենչ բիբն էր գուցէ
Եհովային, կոյսերու հի՛ն Սիրահար:

Բայց իրիկուն մ'ան հովտէն ձայն մը լըսեց՝
Որ զինքը, վա՛րն, աղբիւրին քով կը կանչէր.
Երգ մ'էր կարծես, այնքա՜ն աղուոր եւ դիւթիչ՝
Որուն իր ուլը ճերմակ
Վիզը տընկած, խոտը բերանն, ունկընդրեց.
Նոր երգ մ'էր ան՝ որ կ'ըսէր.
«Ճերմա՜կ աղջիկ, ճերմա՜կ աղջիկ, վա՛ր եկուր,
Եւ աղբիւրին քով ուլդ ինծի զոհ ըրէ:
Թըզենիին շուքին տակ,
Ճերմա՛կ աղջիկ, ճերմակ ուլդ ինձ զոհ ըրէ:
Այս լեռներուն ես Ոգին եմ լիազօր.
Իմ շունչիս տակ՝ թէ ուզեմ ՝
Գետերն արծա՛թ կը հոսեն
Եւ հեղեղները՝ ոսկի.
Հասած տեղն իմ համբոյրիս
Կ'անցնի սարսուռն՝ որ բաղձանքն է ծնունդին.
Իմ գըրկիս մէջ շուշաններ վա՛րդ կը դառնան.
Եւ կոյսերն ալ՝ թագուհի:
Ես քու զոհիդ արիւնէն
Դաշտերն ամբողջ ծաղիկներով կը լեցնեմ,
Եւ ուլիդ տեղ թիթեռնիկներ կ'արածես.
Ճերմա՜կ աղջիկ, ճերմա՜կ աղջիկ, վա՛ր եկուր»:
Ան լսեց այս ձայնը, երկա՜ր ու երկա՜ր,
Որ կարծես իր արիւնին մէջ կը խօսէր.
Լըսեց ու լուռ, աստղերուն տակ հառաչեց:
Յետոյ դիւթուած՝ ցուպն առաւ
Ու քըշեց ուլը ճերմակ՝
Բըլուրէն վար՝ դէպի հովիտն հեշտաբոյր:

Հո՛ս է աղբիւրն, հո՛ս թըզենին, եւ կը զգա՞ս
Արու Ոգին՝ որ ծոթրինի եւ թիւմի
Ըզգըլխիչ հոծ բոյրերով
Գըրկեր է քեզ: Զոհդ ըրէ՛:

Ջինջ ու ողորկ քարերուն վրայ աղբիւրին՝
Ծունկին վերեւ ան պառկեցուց ուլն՝ որուն
Փոքրիկ եղջիւրն աւազին մէջ խըրեցաւ:
Ո՛հ, ի՛նչ արբշիռ էր պահն ու որքա՜ն անոյշ.
Ան կը հաւտար թէ զոհելէն վերջը դեռ
Պիտի ուլն իր ողջ մընայ,
Պիտի մարգին մէջ պապաչէ եւ ոստնու:
Ան՝ մահն ի՛նչ էր՝ կ'անգիտանար, ու երգե՜ց.
Երգեց բնութեան ներշնչման տակ մէկն այն մեծ
Հաճոյքներէն՝ զոր կու տայ
Զոհագործումը անձին.
Երգեց գարունն հասակին,
Դաշնակութիւնն իր էութեան, եւ առանց
Ուլին կապոյտ աչքերուն
Աղիողորմ նայիլն իրեն՝ տեսնելու,
Դրաւ դանակն անբիծ վըզին, եւ արբշիռ,
Երգը շուրթին՝ զայն հեշտանքո՛վ մը զոհեց,
Ծունկին վըրայ այն մոլորիչ Ոգիին՝
Ճերմակ աղջիկն իր ճերմակ ուլը զոհե՜ց:

Բայց իր զոհէն նոր ծաղիկներ չըբուսան,
Եւ ինք չեղաւ թիթեռներու հովւուհի.
Պըղտորեցաւ աղբիւրն ուլին արիւնէն՝
Ուր ջուրին հետ պիտի ան ալ չըկըրնա՛ր
Խըմել աստղերը ցոլացիկ երկընքին.
Խոտերուն մէջ ցուպն հագաւ
Իր նախկին բնոյթը օձի.
Լուսինն իջաւ լեռնէն վար,
Եւ ինք մութին մէջ, սարսռուն,
Բոպիկ ոտքով մեռա՜ծ ուլին քով կանգնած՝
Լացա՜ւ, լացա՜ւ, եւ արիւնլուայ ձեռքերով
Իր թաց աչքերը շըփեց,
Մինչ գըլխուն վրայ կը թօշնէին յասմիկներն,
Հրապուրուած կոյսն իր անուշ Մեղքը լացաւ: