ՄԵՌԱԾ
ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ
Արիւնափառ
Խաչին
տակ,
Որուն
թեւերը
տըրտմութիւն
կը
ծորեն
Աշխարհիս
վրայ
բովանդակ,
Ես
պարտըւած,
Արուեստիս
դառըն
սըրտէն
Կ'ողբամ
ձեր
մահն,
ո՛վ
հեթանոս
Աստուածներ:
Մեռա՜ւ
Խորհուրդն.
եւ
Բնութիւնն
է
արիւնե՛ր
Օրէնքներու
կարկինին
սուր
սըլաքով:
Ձանձրո՜յթը
մնաց,
պըճնըւած
փուշ
պըսակով:
Մարդն
է
ինկած
գարշապարին
տակ
հըսկայ
Խուլ
Աստուծոյ
մը
հրէայ:
Դիո՛ս,
մեռար:
Մեռար
դուն,
Ո՛վ
Ապողոն,
որուն
կառքէն
քառաձի
Կու
գար
խըրխինջն
Արեւուն:
Կայծակն
անտէր՝
աստղերուն
մէջ
կը
յածի
Կոյր
օձի
պէս:
Սիրամարգներ
չեն
քաշեր
Հերայի
սայլն՝
որ
ունէր
լոյս
սարիքներ.
Ոչ
ալ
կ'հոսին,
իբրեւ
սերմեր
դիցական,
Զեւսի
անձրեւն
ոսկի,
արիւնն
Ուրանեան:
Չե՛ն
արծարծեր
ոտնաթեւերն
Հերմէսին
Աստղերը
որբ
երկինքին:
Անտառին
մէջ,
Անահի՛տ,
Ալ
չեմ
լըսեր
շանդ
հաչիւններն՝
ետեւէն
Նախընտրած
գէր
երէիդ.
Կապարճդ
հողին
տակ
կը
փըտի.
Լիճերէն
Ջուրն
իր
խըմել
կ'երթայ
եղնիկը
անվախ:
Չի՛
պըսակուիր
Պանը
շոճով.
ամէն
ցախ
Անոր
շունչով
նորէն
առոյգ
չի՛
ծաղկիր:
Դափ
չէ՛ք
զարներ,
Այծեմարդե՛ր
բարեկիր,
Լոկ
կը
տեսնեմ
Աւանդութիւնն՝
որ
կու
լայ
Նըստած
կոճղի
մը
վըրայ:
Յաւէրժհարսե՛ր,
մեռաք
դուք.
Կը
խածատեն
փըրփրուն
գետերը՝
ցաւէն,
Իրենց
ափերն
յեղյեղուկ:
Նայուհինե՛ր,
եղէգներուն
ընդմէջէն
Ա՛լ
չէք
երգեր՝
երբոր
ցաթէ
լուսընկան.
Կանանչ
լօռերն
այժըմ
կ'ըլլան
ձեզ
պատան:
Լուսազմայլիկ
աղբիւրին
մէջ
չեմ
տեսներ
Բիբերուդ
կայծն,
անբա՛խտ
Նարգիս:
Տատրակներ
Երբ
գուռին
մէջ
կու
գան
լըւալ
կըտուցնին՝
Դօդօշներէն
կը
խըրտչին:
Քեզմէ,
ո՛վ
վեհ
Պոսիդոն,
Ծովն
է
թափուր:
Անտառներէն
բուստերու
Չի՛
խոյանար
բարձրայօն
Քառանըժոյգը՛դ
փըրփրագեղ.
ոչ
ալ
քու
Երեքարձենըդ
կ'առխըթէ
դըղըրդմամբ
Նըւիրական
դելփինին
նուսն
ապըստամբ:
Մեռա՛ւ
Սիրենը
ժայռին
տակ
Սիկիլեան.
Կ'անցնի
նաւազն
անկէ
առա՜նց
դիւթութեան:
Չ'ըլլար
փրփուրն՝
Աստղիկ,
ոչ
ալ
կոնքը՝
կուր.
Ծո՜վն,
Աստուածնե՛ր,
ծո՜վն
է
տխուր:
Տանս
ակութէն,
Թերափնե՛ր,
Ո՞ւր
հեռացաք,
ո՞ր
ջերմեռանդ
սըրբուհին
Ձեզ
իր
խաչովն
է
փըշրեր,
Ձեր
մէջ
պապերս
պապե՛րն
իրենց
դրօշեցին՝
Ընծայելով
ամէն
օր
աղ
ու
նեկտար:
Չըկաս,
Էրո՛ս.
պիտի
քոյրս
իմ
սիրահար
Որո՞ւ
ձօնէ
դահամունքներն
իր
ուխտին.
Չըկայ
ե՛ւ
դուռը
պահպանող
Շան
անդրին…
Միայն
սնարէս
կախուեր
է
Խաչ
մ'յաղթական՝
Ուր
կայ
լոկ
փառքը
Մահուան:
Եւ
այժըմ
այդ
Խաչին
տակ,
Որուն
թեւերը
տըրտմութիւն
կը
ծորեն
Աշխարհիս
վրայ
բովանդակ,
Ես
պարտըւած,
Արուեստիս
դառըն
սըրտէն
Կ'ողբամ
ձեր
մահն,
ո՛վ
հեթանոս
Աստուածներ:
Տեսէ՛ք,
բոլոր
մեր
անտառներն
ու
ծովեր,
Աղբերակներն
ու
երդիքները
խաղաղ
Ամայացա՜ն
ու
տաղտկացա՜ն:
Այժմ,
աւա՛ղ,
Մարդն
է
ինկած
գարշապարին
տակ
հըսկայ
Խուլ
Աստուծոյ
մը
հրէայ: