Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԲԵԳԱՍ

Ընկեր Մուրատին եւ իր ձիուն կայծակնավազ

Բե՛գաս, հրեղէն ձիս,
Երկնամուխ լեռն արեւուն մէջ կը շողայ
Զերդ շափիւղայ.
Իր կատարին աստղապսակ՝ պիտի զիս
Տանիս:
Զետեղեցի քամակիդ աւասիկ թամբըդ՝ ծեփուած
Ադամանդով,
Եւ դըրի սանձըդ՝ հիւսուած
Շանթով.
Եւ նուսիդ վրայ զերդ մըրրիկ
Ես նետուեցայ աւասիկ:
Դե՛հ, թող մտրակըս՝ յաւէտ լոյսերու մէջ թաթաղուն՝
Կողերուդ շուրջը սուլէ օձի նըման գալարուն.
Եւ դուն
Անդունդներուն վըրայէն եւ վըրայէն ձիւներուն
Տար զիս
Արեւո՜ւն:

Ահա դափրեց բարձունքն ի վեր բարձրավիզ.
Ռունգերն հըզօր բացուեցան
Լեռնէն իջնող պաղ քամիին յանդիման.
Եւ բաշերն իր լուսալիր
Եկան մինչեւ թեւերուս մէջ փըրփըրիլ:
Գլուխն ընդվիզ
Ա՛յնքան հըպարտ կը բըռնէր՝
Որ կը հըպէր
Կըզակիս:
Ու ան վարգե՜ց, վարգե՜ց, վարգե՜ց քառատրոփ…
Լեռը թընդաց.
Կը ցայտէին սըմբակներէն ոսկեմած
Աստղեր բորբ.
Փապարներուն մէջ ամփոփ
Յըղի օձեր ձագերն իրենց վիժեցին,
Բայց իմ ձին
Լոկ կը լըսէր պինչերունմէջ մըռընչող
Քամին:
Օ՜, երբուծն յոյր՝ մըկանունքով բըլրաւէտ՝
Ուր արիւնն իր զըսպըւած հըրաբուխի պէս յաւէտ
Կ'եռար:
Կ'ընդհարէր միշտ սեպերուն դէմ մրըրկաբար
Ու վէրքերով կը պանծար:
Օ՜, պոչը իր լուսացընցուղ, աղեղնաձեւ,
Որ գաւակէն կը հոսէր
Զերդ արեւ:
Օ՜, գլուխն իր պերճասօսորդ, մեծղի բիբերն՝ ուր կ'այրէր
Կարծես անհունն արփախայտ.
Եւ սըմբակներն ոսկեկուռ՝ որոնց ներքեւ իբրեւ պայտ
Լուսընկաներ գամեցի,
Ժայռերուն վրայ Իտէալի մը պողպատ
Կ'երգէին երգն առնացի՝
Զոր խըմելու համար ես սիրտըս բացի
Զերդ ծովու
Խեցի:

Ու բարձրացա՜ւ, բարձրացա՜ւ
Վայրենարշաւ.
Միշտ նորայայտ միջոցներ անակնկալ բացերու
Նայուածքն հազիւ ընդգրկած՝ արշաւն ընդհուպ կը սպառէր
Լեռնալանջին վըրայ հըսկայ նոճիներ
Եւ գիհիներ խընկարկու՝
Որոնց մէջէն ան կ'անցնի նմա՛ն կայծակին:
Ի զո՛ւր մազերս հողմավար կատարներուն շոճիին
Կը կառչին,
Ի զո՛ւր ծաղկած վարդենին բռնել կ'ուզէ քղանցքէս
Հարսիս պէս.
Անոնց մէջէն ես կը վարգեմ սըրընթաց.
Ուսերս ամբողջ, ասպանդակներս ոսկեմած
Ծաղիկներ հիր կ'ողողեն…
Ես կը վարգեմ թամբին վըրայ լուսեղէն
Զերդ թառած
Շահէն:

Ահա պարեխը կու գայ թումբ կանգնելու արշաւիս,
Բայց իմ ձիս
Փայլակնաթափ դռոյթին տակ կը քանդէ զայն քար առ քար
Կը հեղու
Լեռն ի վար:
Ո՛ւր որ դոփէ սմբակն՝ հոն կը բանայ վիհ ծուխերու,
Ո՛ւր որ բաղխէ լանջը գոռ՝ կը թօթափէ փըշըրուած
Կայծ:
Կը բարձրանայ ամպին վրայ իր կուտակած փոշիին.
Աստեղաբիբ կը լողայ լուսալիքին մէջ բաշին.
Կը վըրնջէ ցընծագին՝
Ռունգերը բաց
Անհունի՜ն:

Վա՛րը, այնտեղ, երանաւէտ այգիէն
Ցանկապատին վրայ ծըռած ողկոյզներու բիբեր մեծ
Ի զո՛ւր, ի զո՛ւր կը կանչեն
Զիս իրենց.
Եւ ծառէն վար նուռ մը ճեղքուած՝ բերնի պէս՝
Կ'աղաղակէ ետեւէս:
Եւ կիներ, վա՛րն, հովիտներու աղբիւրէն
Ի զո՛ւր ինծի կ'երկարեն
Լոյս սափորներ՝ ուր կըթեր են հեշտութիւնն
Իրենց մարմնոյն
Եւ համբոյրի մ'անձկութիւնով՝ համօրէն
Գինին իրենց ծոցերուն:
Փոխան իրենց օրօրին՝ երիվարիս ցունցը խեռ
Սիրեցի,
Փոխան իրենց գըգուանքին՝ հոգիիս վրայ լիզումներ
Բոցի:
Շուրջըս ի զուր ջըրվէժներ կը մոլեգնին ու կ'երգեն՝
Կաթի նման փըրփրադէզ,
Յետոյ մեղմիկ կը սահին զմրուխտ մարգին ընդմէջէն
Օձի պէս.
Իրենց ջուրէն՝ ես աւելի կը սիրեմ
Գաղջ փըրփուրներն երիվարիս երախին՝
Զոր խըլած բո՛ւռըն քամին
Կը լըւայ
Անոնցմով բոց աչքերս իմ, կամ արեւուն երկնաճեմ
Աչքն հըսկայ:

Վե՜ր, դէպի բարձո՛ւնքը, Բե՛գաս…
Կըռանակուռ լոյս պայտերդ ահաւասիկ կը թաղես
Պորտերուն մէջ ոպնիազ
Վիշապներուն.
Եւ դուն
Ջախջախելով հրէշներուն
Կուռ պատեանին մեղեսիկներն հըրակէզ՝
Կը ծառանա՜ս, կը ծառանա՜ս մոլեգին
Կատարն ի վեր յաղթական
Լերան:
Նընջող գազան մ'աւասիկ խըրխընջիւնէդ արթնցած
Նետուեցաւ ծոցը վիհին
Զարհուրած:
Եւ անգըղներ ժայռերու կատարներէն կը թափին
Ձորերուն խորը մըթին:
Ահա փախչող վարազահաւ մ'իր մախիզ
Խըլուրդ բզըքտող կըտուցէն,
Վերէն,
Շիթ մը արիւն կայլակեց իմ գըլխարկիս
Արծուային
Փետուրին…
Ա՜լ քեզ համար ամայի՛ են գագաթներն ահարկու.
Ո՛չ ջըրվէժի մըռունչ կայ, ոչ հըրաւէր կիներու.
Մեզ չի՛ հասնիր կալին մէջ պոռոչող ձայնն երինջին.
Կարծես արդէն մեր գլուխները աստղերու կամարին
Կը դըպչին:

Վե՜ր, վե՜ր, Բե՛գաս…
Բայց, հեռուն, ի՞նչ սպիտակ տարածութիւն լուսափառ
Ճառագայթեց աչքերուդ մէջ ամեհի.
Ցուրտ սլաքներով դըժպըհի
Լուսնակին պէս կ'արիւնին ահա բիբերըս փարփառ.
Օ՜, Բե՛գաս,
Կատարներուն ձիւնն է այս.
Ձըմեռներու մէջ բիւրաւոր՝ բիւր աստղեր
Իրենց ծոցէն սառնաշիթ
Հո՛ն են, հո՛ն են տեղացեր
Ձիւնն այս վճիտ:
Բե՛գաս,
Այդ ծովուն մէջ բիւրեղէ
Նետուէ՝
Դըլբնի լանջքով հորդէ ուղիդ երկնահաս:
Լողա՜, լողա՜…
Անապատի աւազին մըրրիկներուն փոխարէն՝
Փորիդ ներքեւ կը փըրփրին
Մըրրիկնե՛րն արդ լուսեղէն
Ձիւնին:
Նա՛ւը եղիր կենդանի՝
Որ զիս առած կը տանի
Աստեղազարդ նաւահանգիստն հեռակայ
Երկնի:
Լողա՜, Բե՛գաս, լողա՜…
Մեր Երազին ճեղքէ՛ ակօսը հըսկայ:
Բացած փոսերը պայտերուդ լուսագին,
Հետքիդ վըրայ, շուշանի պէս թող ծաղկին:
Ի՛նչ փոյթ թէ ձիւնն իր տակ ծածկած է յաւէտ
Նենգութիւններն անդունդին,
Եւ մենք կըրնանք ըլլալ յանկարծ գահավէժ.
Միշտ Աստղերո՜վ թաթախուած պիտի իջնենք խորն ալքին
Զերդ ջըրվէժ:
Բե՛գաս, Բե՛գաս, կաղնիացո՜ւր վիզըդ վէս.
Ահաւասիկ ձիւնահիւս մ'աստուածաբնակ գագաթէն
Մըրըրկելով ճամբուն վրայ փրփրուն փոշի մ'համօրէն
Կու գայ մեզ:
Ո՛հ, ի՜նչ պայքար, Բե՛գաս.
Անոր վըրայ պերճասոսորդ կը խոյաս.
Առջի ոտքերդ լուսադըրոշմ պայտերով
Աշխոյժով
Արդէն ահա փըխրուն ծոցին մէջ անոր
Կը մըխըրճին ահաւոր…
Ո՜վ Ձիս–Աստուած,
Այն հիւսն արդէն պորտիդ ներքեւ է լայնշի
Եղած
Փոշի՛:
Լողա՛, Բե՛գաս, լողա՛…
Զգեցեր ենք պատմուճանն կոյս տարրին փողփողուն,
Բուքը կ'հալի լանջքիդ տակ, ռունգերուդ մէջ բաբախուն:
Դե՛հ, խոյանք մ'ալ, ոստում մ'ալ,
Զի բարձունքները շողալ
Կը սկըսին,
Հորիզոնները ծաւալ
Կը բացուին:
Դե՛հ, խոյանք մ'ալ, ոստում մ'ալ.
Նըպատակի կատարին ադամանդները անհալ
Շողացին.
Եւ իմ ձին
Փայլակելով Գաղափարն աչքերուն մէջ ռոշնական՝
Կոթողուեցաւ պինչերը բա՜ց արեւուն
Լերան
Գըլխո՛ւն:

Օ՜, Բե՛գաս,
Կողերուդ մէջ գալարուող լիաթոք հեւքըդ ահա
Ռունգերէդ դուրս՝ ողողեց հորիզոններն հեռակայ:
Օ՜, Բե՛գաս,
Ահա Կապոյտը վըճիտ՝ շողակնաշող ալիքով՝
Զերդ ծով.
Ահա Արեւն հըրամազ
Լոկ ի՜մ վրաս…
Տիրապետման մէջ լոյսին կանգուն՝ թագն ենք աշխարհին,
Երկինքը թագը մերին.
Եւ մեր ներքեւ Երկիրն է՝ բուռ մը ցեխի հանգունակ,
Ամպերն են մեր ոտքին տակ՝
Որոնք ծոյլ ծոյլ կը սողան կայծակներով բեռնաբարձ.
Կը տեսնե՞ս վարը, յանկա՛րծ
Թուխ ամպրոպի մը խորին փայլակ մը աչքն ամեհի
Կը բանայ,
Յետոյ դարձեալ՝ խուլ որոտ մ'արձակելով՝ կը թաղուի
Երկրիս ցեխին մէջ հըսկայ:
Կը տարածուի քու խրխինջդ անհունին մէջ ալեկոծ,
Եւ աստղերուն ժայռակոյտերն ոսկեզօծ
Շունչէդ ահա կ'արծարծուին
Իբրեւ բոց:

Բեգաս, ահա՛ վար կ'իջնեմ թամբիդ վրայէն վերստին:
Բաշերուդ հետ կը յանձնեմ անտառներն իմ մազերուն
Հովերո՛ւն.
Եւ կը թողում որ Մրրիկն իր պատմուճանը ծըփուն
Հագցընէ յաղթ մարմինիս,
Եւ լոգցընէ Արեգակն իր շողերով ոսկեզօծ
Աստուածացած միսըս բոց
Եւ հոգիս:
Տե՛ս, աշխարհիս զառամած քամակին վրայ կոթողուն՝
Իր հերկերուն մէջ թափուր՝
Սիրտս, ուր հանճարըս կ'ապրի, կը սերմանեմ լիաբուռ.
Ի՛նչ որ Արեւն ինձ կու տայ՝ զայն կու տայ միտքս Մարդուն.
Տե՛ս, աստղերու ժըպիտներ եւ հուր վարդեր անթառամ
Կը տեղամ
Որդիներուն մէջ կաւի.
Կը տարածեմ Երկրիս վրայ արշալոյսի ծիրանին.
Մինչդեռ դիւրաւ կըրնայի
Տարածել շուքն հասակիս՝ Երկրագունդին վրայ փանաք
Ու խաւարե՜լ զայն համակ:

Բեգա՜ս, Բեգա՜ս, այժըմ երբ ե՛ս կը պարզեմ
Առագաստները Մըտքիս լոյսին վըրայ ծովացած
Եւ քընարիս լարերով՝ քու բաշերովըդ հիւսուած՝
Կ'երգեմ
Արեգդէմ
Ազատութիւնը Մարդուն, եւ գերութիւնն Աստուծոյ,
Բեգա՛սդ իմ հաճոյ,
Դուն իմ քովիկըս կանգուն
Բաշերդ ու պոչդ յանձնելով ցըրտասարսուռ քամիին՝
Վիզըդ ծըռէ սիրասուն,
Ծըռէ՛, եւ քու առջի ոտքովըդ նըրբին
Փորէ՛ ընդթափ կոյս ձիւնը կոյս բարձունքին.
Փորէ՛, Բե՜գաս, փորէ՛, մինչեւ որ գըտնես
Լուսածաղիկ էտըլվայսները անտես,
Եւ ճարակիս նօթի Մըտքիս հետ միասին
Էտըլվայսներն Երազին:
Հոս, ձիւներուն ու լոյսին
Մէջ թաթախուած՝ խաղաղօրէն կը ծաղկին
Էտըլվայսներն Երազին: