Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՎԱՆԱՏՈՒՐ

Ամենաբեր նորոց պտղոց տօնից
հիւրընկալ դիցն Վանատրի.
     ԱԳԱԹԱՆԳԵՂՈՍ

Նըստած պարատ եզիդ վրայ, ո՛ Վանատուր,
Մէկ ծագէն միւսը կ՚անցնիս
Հայրենական դաշտերուն։
Մեռա՜ն բոլոր մեծ աստուածները, իրենց
Բագիններուն վըրայ մամուռը կ՚աճի։
Անմահ եղար դո՛ւն միայն
Նըման հողին եւ կըրակին, ու նըման
Ովկիանոսի աղերուն։
Ուսերուդ հիր պատմուճանէն դեռ կու գայ
Գինիի հոտն Ամանորի տօներուն։
Հակառակ այնքա՜ն դարերու աւերին՝
Բիբերըդ դեռ զըւարթութիւն կը բըղխեն.
Ու կենեղուտ դէմքիդ վրայ
Արբեցողի կարմիր ծիծաղն է ծեփուած։
Ու երբ պարարտ եզիդ վըրայ կ՚այցելես,
Ծաղկամիսէն Միգաբեր,
Անեզրութիւնն հայրենական դաշտերուն՝
Կ՚հոսի ալի՛քը կեանքին
Ակօսներէն հայրենակա՜ն դաշտերուն։

Ահա գարունն ու զարթումներն իր առոյգ.
Հիրիկներո՜վ պըսակուէ, ո՛ Վանատուր,
Ճամբուդ վրայ ճառագայթներ կը հոսին
Երակներո՛ւդ պէս գեղուն.
Եւ կը թաղուին կանանչին մէջ ցօղաթուրմ
Բոլոր քարերն ըսպիտակ։
Կըտուրներէն գեղջական
Կը բարձրանայ ծուխը, խունկի պէս խաղաղ։
Թող ես վարդով եւ ուլունքով գեղաշար
Քառամանեակըս կախեմ
Պարանոցէն քու եզիդ,
Հըլու եզիդ՝ որ դարձած՝
Մերթ կը լիզէ բոպիկ ոտքերդ Աստուածի։
Օ՜, իր պոչիւնը գերազօր, որ ահա
Քարանձաւէ քարանձաւ
Կ՚արթընցընէ թըմրած օձերն ու արջերն
Ու խաղաղ կեանքն արեւուն տակ կը պոռթկայ։
Աստղերը մեղը՛ր կը ծորեն երկընքէն
Նայադներու սափորներուն մէջ մարմար
Արշալուսուած աղբիւրներուն եզերքին
Աղաւնիներ կը լոգնան
Իրենց կտուցէն մարգարիտներ սըրսկելով։
Ծիծաղէ՛, ո՛ Վանատուր,
Քու հեթանոս ծիծաղներովըդ վըճիտ,
Զի բընութիւնն արթընցա՛ւ իր քօղերէն.
Եւ Բերկրութիւնն, արգասաւոր եւ անհուն,
Օդին մէջեն կ՚անցնի կ՚երթայ, ու նըման
Մեծ կարապի մը վայրի,
Քու յաղթանա՜կըդ կ՚երգէ։

Ահա ամառն ու իր անդերը խարտեաշ.
Որաներո՜վ պըսակուէ, ո՛ Վանատուր։
Պըճեղներուն տակ եզիդ
Մատղաշ ցորեանն անտառացաւ. այժըմ իր
Ծովերուն մէջ՝ ոսկեայ լոգանքըդ ըրէ՛։
Թուփերուն տակ ծաղկահեղց
Բոյներն են լի՛ օրհնութեամբ,
Եւ արտոյտին երգն արեւէ՛ն մեզ կու գայ։
Քու արգաւանդ անոյշ շունչդ է՝ որ կ՚անցնի
Դալարաւէտ բըլուրներուն կողն ի վար։
Երդիքին վրայ քընացող
Գեղջուկին աչքն ա՛լ կը բանայ՝ Արշալոյսն,
Եւ կը փակէ՝ Լուսընկան։
Հիւղերն են լի համեմներու բոյրերով,
Աւերակներն իսկ մոխրապատ՝ են զեղուն
Եղիճներու, մոլոշներու հունձքերով։
Ուռենիին տակ, Վանատո՛ւր, կը զոհեմ
Նոխազը, քեզ նըւիրուած,
Նոխա՛զն, որուն լուսեղ մազերն յորդահոս
Քամակին վրայ՝ ակօսի պէս կը ճեղքուին.
Նոխա՛զն որ միշտ կը կըրծէր
Սուրբ շերտափակն այգիիդ։
Արի՜ւն խըմէ ու մի՛ս կէր, ո՛ Վանատուր,
Քու հինօրեայ խըրախներովդ հեթանոս,
Զի հասկաթուռ ցորեանին մէջ փայլակող
Գերանդիներ քե՛զ կ՚երգեն։

Ահա աշունն ու արիւններն իր յուռթի.
Որթատունկո՜վ պըսակուէ, ո՛ Վանատուր։
Նիզակըդ ա՛ռ, որուն վըրայ ոլորուն
Բարունակներ կը ծաղկին.
Թող ես եզիդ եղջիւրներն
Ողկոյզներո՛վ զարդարեմ։
Մըրգածառերն, յըղի կընոջ մը նըման,
Կ՚հեւան իրենց բեռին տակ.
Բուներն համակ կըպչուն են քա՛ղցըր յոյզով.
Կորիզն ամէն պըտուղի
Քու սերմովդ է պընդացած.
Եւ քու եզիդ շողիքով
Օծուած է հողը բեղուն։
Ամբարներն ողջ՝ խաղաղութեամբ կը լեցուին,
Եւ կարասներ՝ ցընծութեամբ…
Թող, թեղերուն մէջ, ուտէ եզըդ գարի՛ն
Աստղերու պէս։ Իսկ դուն, Աստուածըդ զըւարթ,
Աստուածըդ գէր, վարդերես,
Ա՛ռ դաշխուրանդ, ըմպէ՛ արիւնը աշնան։
Աղբիւրին քով ես քեզի
Մատըռուակեմ թող գինի՜,
Մատըռուակեմ թող բոցե՜ր,
Ծիծաղէ՛, ո՛ Վանատուր,
Ո՛ Վանատուր, կաքաւէ՛.
Զի այգիէն տերեւաթափ՝ կ՚երեւան
Յաւէրժհարսերն, երկայնքն ի վեր ցանկերուն,
Եւ աղջիկներ, նուռ լեցուցած գոգերնին,
Դէպի մեհեանըդ կ՚երթան.
Զի դուն անմահ ես՝ դիքերէն վերջ մեռած՝
Ովկիաններու աղին պէս,
Զի տաղտկալի ձըմրան մէջ,
Հայրենական օճախներուն քով խաղաղ,
Ամէն կիթառ քե՛զ կ՚երգէ։