Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԵՐԵՔ ՔՈՅՐԵՐ

Անոնք երեք քոյրեր էին
Նըման երեք Շընորհներուն.
Երեքն երեք ուխտեր ըրին
Առջեւն երեք բագիններուն։

Երէցն ըսաւ. «Դի՛ք կայծակի,
Քե՛զ կը ձօնեմ մազերս ոսկի»։

Միջնեկն ըսաւ. «Ըզգա՛ստ Հիմէն,
Քեզ կ՚ընծայեմ մատնիս հրեղէն»։

Կըրտսերն ըսաւ. «Վավա՛շ Աստղիկ,
Ա՛ռ իմ կոյսի գօտիս ծաղիկ»։

Ո՛վ որ մազերն ձօնեց Զեւսի՝
Եօթը ազգի եօթ խոյր կապեց
Գահին վըրայ Արտաշէսի։

Ո՛վ որ մատնին տուաւ Հիմէնին՝
Եօթը չըքնաղ հերոս ծընաւ
Գերահըզօր Հայաստանին։

Ո՛վ կոյս գօտին մէջքէն ձըգեց՝
Ան՝ տառապեալ քոյրը եղաւ,
Եւ բոզնոցին մէջ նուռ ծախեց։