Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԿՂԷՈՊԱՏՐԱ

Կիւդնոսին վրայ քարավազ
Հընչեց տաւիղ, հընչեց վին…
Եթովպացի մ՚ոպնիազ
Կ՚երգէ՝ քիթին վրայ կուրին.

  «Սահէ՛, ո՛վ նաւ, սահէ՛ շուտ.
Արծաթ ցռուկիդ ես գերի.
Մէջըդ սիրտ մը բոցանուտ
Դափնեվարդի պէս կ՚այրի։

Դըշխո՛յ, նաւակըդ բուրեան
Ունի սատափ թեւճակներ՝
Որոնց ծայրէն կը տեղան
Ադամանդեայ կայլակներ։

Սահէ՛, ո՛վ նաւ, սահէ՛ շուտ.
Ահա Տարսոնը գինով։
Կ՚ուզէ Իտալը անգութ
Շըղթայուիլ մեղկ թեւերով։

Բամբի՛շ, դէմքէդ կը ցոլան
Բոցեր՝ գետի երեսին.
Լուսինն այսպէս կու գայ ման
Ջուրերուն վրայ Նեղոսին։

Սահէ՛, ո՛վ նաւ, սահէ՛ շուտ
Ծաղկածիծաղ ափն ի վեր.
Նուռ մ՚աւասիկ կարմրակուտ
Այգիէն մէջդ է ինկեր։

Դըշխո՛յ, վըրադ պարզեր են
Ամպհովանի մ՚ոսկեթոյր,
Առջեւըդ խունկ կը ծըխեն
Եօթը նաժիշտ, եօթը քոյր։

Սահէ՛, ո՛վ նաւ, սահէ՛ շուտ
Եւ օրօրէ թագուհին…
Մեր տակ կ՚երգէ ջուրն ընդփոյթ
Պատմելով թովքն անդունդին։

Բամբի՛շ, ծոցիդ բուրումէն
Վիհին օձերն արթընցան.
Շուրջըդ ահա կ՚արտասուեն
Մարգարիտներ մոգական։

Սահէ՛, ո՛վ նաւ, սահէ՛ շուտ,
Տարսոնն հեռուն կ՚երեւայ.
Ջահեր կ՚այրին բոցանուտ
Նիզակներուն ծայրին վրայ։

Դըշխո՛յ, կողէն նաւակին
Ներս քաշէ ձեռքըդ քընքոյշ.
Մատնիդ կ՚իյնայ խորն ալքին.
Կ՚ընկըղմի կիւսըդ, ըզգո՛յշ։

Սահէ՛, ո՛վ նաւ, վիհին վրան
Բաբելոնեան կա՛խ պարտէզ՝
Ուր Շամիրամն է՝ շուշան,
Կղէոպատրան՝ վարդ մ՚է վէս։

Բամբի՛շ, գոհարը թագիդ
Եղաւ Քաղքին ա՛լ փարոս։
Աչքը քեզի անքըթիթ
Հոն կը սպասէ Անտոնէոս։

Սահէ՛, ո՛վ նաւ, շո՛ւտ սահէ.
Քանի որ մէջդ է Իսիս՝
Ցըռուկդ աշխարհ կը ջահէ՝
Քանի որ մէջդ է մայիս։

Դըշխո՛յ, երկիր պագին ա՛լ
Լեգէոններն Հըռովմի։
Ըզքեզ դատող սալարն ալ
Հմայքէդ դողալ կը թուի։

Կեցի՛ր ո՛վ նաւ, շո՛ւտ կեցիր.
Ափը կ՚ելլէ թագուհին,
Երգս ալ կ՚ըլլայ ցանուցիր.
Պէտք է փոխեմ լարերս հին»։

Գուսանն ա՛լ վինը չածեց.
Իսկ համբոյրով մ՚այն գիշեր
Կին մ՚Իտալիան նըւաճեց,
Մարդ մը՝ Բուրգերն յաղթաժեռ։