Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊՏՈՅՏ ՄԸ ՄԵՐ ԴԱՍԱՐԱՆԻՆ ՇՈՒՐՋԸ

Է՜հ, կանուխ է. տակաւին ոչ ոք եկած է դպրոց։ Մայրս զիս աճապարեց, երբ հակառակ իմ սեփական գլխուս՝ ուրիշի խորհուրդներուն հետեւիմ՝ ահա՛ միշտ այսպէս ձախորդութեան ծուղակը կ՚իյնամ…

Հոս՝ մէնութեան մէջ ի՞նչ ընեմ… Պարտէ՞զ իջնամ, պը՜ռռ, ցուրտ է… Չէ՜, պիտի չձանձրանամ, դասարանիս շուրջը այցելութիւն մ՚ընեմ. քննեմ առարկաները փիլիսոփայի մը նման… Ո՛հ, քանի՜ հիասքանչ է մտքիս այս հեղինակութիւնը. կարծես գլուխս հիդրայ մ՚է, եթէ իրմէ միջոց մը պակսի` մէկէն ուրի՛շ մը կստեղծէ նա…»։

Քեզմէ սկսիմ նախ, դու՛ռ։ Դու՛, որ անցք մը ինծի կը շնորհես, դէպի ուսումն եւ կրթութիւն, եւ բացումովդ՝ յաջող կեանքի մը դռան բացումը կը խոստանաս՝ որքա՜ն սիրելի ես ինծի, մանաւանդ, այն ժամերուն մէջ, երբ սիրած ուսմանս վարժապետը կ՚ընդունիս. բայց հակառակ պարագային սրտաթունդ ակնարկներով քեզ կ՚ողջունեմ։ Սեւ գլխարկ մը, անգղէական ցրտկեկ եւ նիհարկեկ դէմք մը, երբ ապակիէդ կը նշմարեմ, հոգիս վեր ու վար կ՚ըլլայ, եւ յուսահատի վերջին աչք մ՚ալ կու տամ գրքիս… Ներուի՜ բնութեանս այս պզտիկ մեղքն…։

Պատուհանք. Առտուան թարմ լոյսը եւ վերջալոյսի մարմրող շողերը կու տաք ինծի։ Դպրոցականի գունատ դէմքեր ձեր կուրծքին կը նային ու կը ժպտին, ազատութեան մեռած գաղափա՛րը կը կենդանացնէք անոնց եւ բնութեան գէշի եւ հրճուանքի հմայքը կու տաք։ Օրհնեալ ըլլաք դուք՝ որ տկար աչքերու արեւ ու լոյսը կը շնորհէք եւ մաշած թոքերու (Ադրիականի) զեփիւռը…

Ժամացոյց եւ օրացոյց. Ձեր յարգը ա՜լ պիտի գիտնամ։ Ո՜վ ժամացոյց, թո՜ղ այլեւս աչքերս ձանձրոյթով քեզի չհանդիպին, որոնք սլաքիդ շանթի երագութիւնը տալու չափ անգութ էին։ Եւ մատերս, ո՛վ օրացոյց, ա՛լ թերթերդ պիտի չմաշեցնեն, որոնք խօլ ըղձանքով կիրակի մը՝ դիոգինեան լապտերո՛վ կ՚որոնէին։ Ձեր մեծ թիւերը եւ թրիկ֊թրակը ժամանակը կը կէտադրեն, կարծես ըսելով՝ յառա՛ջ, յառա՛ջ։ Դուք, որ յաւիտենականութեան իրական երազը կու տաք, ո՜հ, ինծի համար թո՛ղ բեղնաւոր ըլլայ այդ անհունէն հիւլէի չափ միջոց մը, քառասուն- յիսուն տարուան՝ կեանքի միջոց մը։

Գրատախտակ. Առաջին անգամ, երբ առջեւդ ելայ՝ դողացի. սեւ երեսիդ ազդեցութիւնը մեծ եղաւ։ Այդ դէմքիդ առջեւ, որ խափշիկ կնոջ մը շպարուելու ծաղրելի փափագն ունի, ծոյլ մանկութիւնը կը սարսռայ։ Ամօթի քա՜նի շառագնումներ անդրադարձած են սեւ լանջիդ. քանի՜ արցունքներ թափուած են առջեւդ. եթէ հոգուոյ այդ շիթերը արժանապատւութեան հողին վրայ ինկան՝ բողբոջին արգասաւոր փթթումով. ինչպէս այլեւս ինծի պիտի ըլլա՛յ. կառաջադրեմ։

Գրասեղանք. Ողջո՛յն ձեզի, կէս մաշած գրասեղաններ։ Քանի մը ցիրուցան գրքերով, մելանի բծերով, անուան գլխատառերու փորուածքներով եւ զմելիէ ընդունած վէրքերով լուռ ու մունջ՝ դպրոցական կեանքի վէպիկներ պատմել կը թուիք. այդ վէպիկները չարաճճութեան եւ ծուլութեան, խոհունութեան եւ ջանասիրութեան հիւսկեր են, որոնք ապագան կը քրքրեն։

Ձեր վրայ Փորթուգալ փաշաներու, Պեշիկթաշլեաններու, Հեքիմեաններու, Թերզեաններու գանկերը, այդ հանճարի հնոցները խոկացին. անոնց ձեռքերուն տակ մաշեցաք երբեմն… Եւ ահա՜, այդ մեծ մարդկանց տեղ ձեզ կ՚ողջունեմ եւ այլեւս հաստատ կ՚առաջադրեմ՝ որ այս ծոյլ բնաւորութիւնս պիտի փոխեմ, եւ պիտի ջանամ այդ հանճարի արծիւներէն գէթ փետուր մը ժառանգել… Անցնի՛նք։

Վիճակացոյց. Քեզի ես հառաչանքով կը նայիմ, ընկերներս ժպիտով կողջունեն։ Ի՞նչ մոգիչ զօրութիւն է այդ՝ որ կամքիդ համեմատ՝ մանուկ սրտեր կը լացընես կամ կը հրճուեցընես։ Ո՛վ ուսանողներու կուռքը, ո՛վ Արդարութեան չաստուած, կշռոյդ նժարին մէջ՝ կլոր֊կլոր նիշերս՝ սիրտս կը գալարեն. եւ որքա՜ն թանձր գծեր ունին. Ապողոնի արդարութեան նետը՝ կը կրեն անոնք։

Վառարան. Ձիւնը խուլ պտոյտքներով կ՚իյնայ, բուքը ապակիները կը մտրակէ, ահա՛ այն ատեն ցուրտէն կարկամած մարմինս կը ջեռուցանես, եթէ դու չըլլայիր՝ արիւնս պիտի սառէր եւ ձեռքս գրիչ պիտի չբռնէր… Բայց ամէն անգամ, որ քեզմէ կը տաքնամ, միտքս տխուր մտածմամբ կը շրջապատուի իրա՜ւ, մարմինս ձեզմով ջերմ, բայց իւրաքանչիւր ճարճատումիդ՝ հոգիս դող մ՚ունի… Աղքատ վիճակներու երեւակայութիւնը զիս միշտ կը տանջէ… Աւէր հիւղերու մէջ ի՞նչ կ՚ընեն հոլանի մարմիններ, այդ անբախտութեան ծնունդները… Ահա այս հարցումը ամբողջ էութիւնս կը ջլատէ…Աստուած իմ, տե՛ս զանոնք եւ ողորմէ՛… Սիրոյ զգացման պոռթկումէ մը զոյգ մը սեւ արտօսր կ՚իյնան աչքէս. եւ մէջս՝ գութը նախ գրասեղանին առջեւ իր թռիչը կ՚առնու… եւ… Ձայն կայ… ընկերներս կու գան… նստիմ…։