Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՍՏՈՒԵՐՆԵՐ

[Ա]

Օրոցքին մէջ վարդ մը կը բացուի։ Մի՛ դպիք անոր։ Չէ՞ք տեսներ, որ ամէն հպումի՝ թերթերն ի վար ցօղ կը ձգէ։ Աշխարհիս վրայ առաջին զգացումին կու լայ ան, եւ չի գիտեր, թէ ինչո՛ւ համար։

Այդ լացը առաջընթաց ստուերն է մրրկոտ գիշերուան, որ կու գայ։

Ապրեցաւ։

Հերու մեզի կ՚ընկերէր բլուրն ի վեր՝ դէպի վայելքի ծփանուտ եւ ոսկեգոյն հասկերներուն։

Այսօր իրեն վճռուած է. կը բաւէ։ Մարգերը զինքը կը ծածկեն. եւ վրան յաւիտենական քունին առջեւ, կարճատեւ արթնութեան մը անգիտակ ժպիտը կը դնեն։

Ան կը ննջէ, եւ շիրմային երազին մէջ մարմինը կը մըղձաւանջի կարծես, կը մղձաւանջի աշխարհի բարիքին համար, որ իրեն տենչանքները նենգեց…

Խաղ մը մեզի կ՚ըսէ. հոս է… Եւ իր սեւութիւնը շիրիմներու, վիհերու եւ արձաններու վրայ ծանրացող ձմեռային գորշ մշուշը կը ճեղքէ՝ մեր աչքերուն հանգստավայրը բանալու համար։

Այդ սեւ խաչը անցած կեանքի մը ստուերն է, որ յիշատակի համար անոր հետ չի ցնդեցա՜ւ…

* * *

Գիշերը կ՚իջնայ, մէկդի կը ժողվէ տարածուած եւ անօսրացած քօղերը երկնքի դաշտերէն, եւ իրեն ամէն մէկ րոպէական վայրէջքին՝ իր մը կը ստուերոտէ, ամէն մէկ գահավիժման՝ աստղի մը լուսաւոր անդունդը կը բանայ։

Լուսնին գոյնը կ՚այլափոխի, վայրկենէ վայրկեան շառագնում մը կը խտանայ դէմքին. հոն երազ մը կայ, որ մտածումներդ իրենց ճամբէն կը մոլորէ դէպի գերբնական աշխարհներ ուղղելով, հոն լոյս մը կայ, զոր կը զգաս, թէ մինչեւ հոգւոյդ կը դպի իր կախարդի նայուածքներովը։

Այդ լոյսը ստուերն է հակադիր արեւուն։

Բ

Ձմռան գիշեր է։

Պատուհանիս առջեւ կը սպասեմ. կը սպասե՜մ, եւ մեռելներու քաղաքը կը ժլատի։ Իր յաւիտենական քունէն չի զրկեր ինծի կաթի՜լ մը, քանի մը ժամուան կաթիլը։

Թեթեւ բուքը ականջիս հեւալով բան մը կը մրմնջէ. պատմութիւնը կ՚ընէ ան՝ իր այցելած տեղերուն, խեղճուկրակ խղիկներու, յօշոտուած քուրջերու, անվերմակ հիւանդներու եւ տժգունած ճակատներու, ուր երբեք չի դպան եղբայրութեան մը շրթունքները։ Եւ յանկարծ ճերմակ հորիզոնէն վեր սեւ ոգի մը կը բարձրանայ. իր քղանցքին ծուէնները, վայրը, ձիւներուն կը քսուին. ան մօտենալով աւելի կը թխանայ։ Կսարսափիմ։ Նիհար ու ոսկրոտ մարմին մը ինծի կը ցուցընէ, մարմին մը՝ տառապանքներով կարկամած. եւ կը մռնչէ եղեռնական անանկ բաներ, զոր հոս յիշելու կը սոսկամ…

Ան ստուերն է մերժուած մը, որ տխեղծ մանկութեան մը տուայտանքներու սրտմաշուքին առջեւ անօգնական եւ անսուաղ սպառեցան։

* * *

Տեսայ, որ անցան անոնք. խուսափուկ խու՜մբ մը. անցան, եւ Արաքսի եզերքէն քարաժայռերուն մէջ կորսուեցան. մարդկային ուրուագծեր էին՝ տխրունակ եւ լուռ ողբով գլուխնին կախած։

Տղայ մը, գետին մօտ, հիւղին սեմը բարձ ըրած, անոնց ետեւէն կը ճուար՝ Հայրի՜կ, մայրի՜կ։ Ժայռերը նորէն անոր կը դարձնէին այս ձայնը, եւ սեմին վրայէ՝ լուսինը անոր աչքերուն արիւնի բծեր կը ցոլացնէր… Տղան սարսափահար կը շարունակէր իր կանչը՝ Հայրի՜կ, մայրի՜կ։

Հայրն ու մայրը խուսափուկ խմբին հետ կը կորսուին լռօրէն…

Խողխողուած մարմիններու հարստահարեա՜լ ստուերներ…

* * *

Անիկա սեւ ագռաւի մը ետեւէն կը վազէր, զառիվար, եւ իր շրթները հեշտանքի երգ մը թրթռացնէին, որ քեզ իրե՛ն կը կախարդէ։

Կը վազէ՜ր, երբ անոր ըսի. «Տեսա՞ր ծաղիկը, որ քու վազքէդ քեզի հակառակ կ՚անցնէր. ծաղիկը՝ ներողութեան. ճշմարտութեան եւ անթառամ արշալոյսին անթառամ փթթումը»։

Այնպիսի ժպիտ մը դարձուց ինծի, որ կ՚ուզէր ըսել՝ Կատա՞կ կ՚ընես։

Դեռ կը վազէ՜ր, երբ գթութեամբ մը աղաղակեցի. «Հիմայ, ճիշտ քովդ, տեսա՞ր աղաւնին, որ ագռաւին հակառակ թռիչքով մը կը սուրար, աղաւնին` անբծութեան, գիտութեան եւ լուսնային Միջոցին»։

Անիկա յուսահատական արտորանքով մը հեծեց՝ Տեսայ… Բայց ո՜ւշ է, ոտքերուս արագութիւնը զառիվայրէն ա՛լ դժուար է կեցնելը։

Եւ գահավիժեց ան իբրեւ կոյր մը՝ իր կենաց ճամբուն մէջ։

Այս կուրութիւնը անհաւատութեան ստուերն է, որ հոգւոյն մէջ աչքը կը փորէ՜…