Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Բ . ՄԱՍ

Ա.

 

Ճարտարապե՞տը այդ ոճիրին:

 

Մոլլա Սայիտը:

 

Որ Հաճի Ապտուլլահին աները ըլլալէն շատ առաջ, աչքառու անձնաւորութիւն մըն էր, շատ մը տեսակէտներով:

 

Անոր արտաքին դիմագծութիւնը, մարմնեղէն շէնքը շահեկան է բաւարար չափով որպէսզի իր վրայ փորձուի համադրութիւն մը իր դասակարգին: Ու իր իսկ միջոցներով, այդ քաղաքիկին մէջ իրեն համար ճարտարապետած դիրքը չափազանց շահեկան, երբ կեանքը զետեղենք անոր պայմաններուն պարունակին: Կ՚ըսեմ ասոնք ու ընթերցողը կը կանչեմ չափաւորութեան: Ի վերջոյ պէտք չէ մոռնալ որ Ճինճի Հոճային ծննդավայրը 4-500-նոց ագարակէ նոր ելած գազա մըն է: Կը խորհիմ թէ պէտք է համեստ ըլլալ, [1] երբ կը մտապատկերենք ագարակէն նոր զառածած քաղաքիկ մը ու անոր մէջ գործունէութեան կը կանչենք կանանչ փաթթոցով թշուառական մոլլա մը, մեր պատմումի սա կէտին արդէն մեծահարուստ, ազդեցիկ, անխուսափելի երեւելի մը, քառասուն տարի առաջ [2] պատանի: Որ ուսին տոպրակ մը, ժուռ պիտի գայ կալէ կալ, վիզը ծուռ, քռթած [3], խլլոտ, միշտ փաթթոցը կանանչ, կրօնական ուսանողի ամենադժխեմ դժգոհութիւնը [4] դիմակի պէս հագցուցած իր [5] սուր ոսկորներուն: Պիտի սպասէ, տոպրակը վար առած կալուորին ափ մը ցորենին, մտքէն հայհոյելով անոր եօթը պորտին վասնզի հաց ունի ու    բերնով օրհնելով, դժկամ ու նուաստ, նուիրուած ցորենին փոխարէն հազար հայցելով Ամենակալէն... [6] որուն գործն էր իր սա դժբախտ շրջագայումը կալէ կալ: Աստուածաբանութեան [7] այդ մշտական ուսանողները ամառներուն գիւղերը կը թափին, ժողովուրդին հետ շփուելու համար, ու այդ շփումը կը վերածեն սա կանանչ մուրացկանութեան: Այս սկիզբը կը դնէ իր կնիքը ապագայ մարդուն վրայ: Անոնց ճակատագի՞րը:

 

Տարօրինակ քիչ մը, ինչպէս ամէն բան է անոնց, մինչեւ իսկ անհերքելի իրենց կայսրութիւնը:

 

Բայց ուր ալ հասնի ատիկա, կանանչ փաթթոցին պաշտպանութեամբը, պիտի պահէ կնիքը սա սկիզբին, իբր վրէժի խորհրդանշան մը: Յաճախ անիկա պիտի խրի ճամի ի մը խսիրին ու պիտի աղօթէ իր ատած [8] Աստուծոյն:

 

Երբեմն բախտը ժպտած պարագային, արագ-արագ [9] պիտի կտրէ միջոցները (étape) իր թշուառ տարիներուն, պիտի նետուի կրկէսը եռուն, յորդ, փարթամ ապրումին, պիտի անցնի գլուխը ամբոխներուն, ու զանոնք պատուանդան ըրած իր ախորժակներուն, պիտի բրգանայ, ազդեցիկ ու պատկառուած, իշխանութեան գահոյքները մինչեւ։ Այդ շրջանին կառավարութեան պաշտօնեաներուն մէկ կարեւոր քանակը կ՚ընտրուէր անոնցմէ: Աստուածաբանութեան [10] ուսանող հոճաները նոյն գիծի արժէք կը ներկայացնէին պետական աշխարհիկ հաստատութեանց պտուղ միւսներուն հետ:

 

Դէպի իշխանութիւն [11] սա արշաւը, անշուշտ, կապուած էր անհատական տուրքերու: Ու փոփոխելով քիչիկ մը փաթթոցն [12] ու ճիւպպէ ն [13], նոյնն է աշխարհի միւս մասերուն ալ մէջը:

 

Պաշտօնական իր անունէն զատ անիկա ունէր նշանակալից երկրորդ մըն ալ. [14]

 

Ճինճի Հոճա ։

 

Անշուշտ ասիկա աւելի պատկառելին:

 

Երկու անուններուն տակ գտնուող մարդը մէկ էր սակայն, իր դասակարգին հաւաքական պատկերին հետ վճռական հարազատութեամբ:

 

Հակառակ անհամար տարիներուն, գուցէ քանի մը զոյգ դարերուն, որոնք հոլոված [15] ըլլալու էին այդ հողերուն վրայէն, երբ անոր անդրագոյն նախնիքները իրենց կիսաթամբ ձիերը արձակ ձգեցին ջուրոտ այդ մարգերուն վրայ, ուրկէ պիտի յառնէր ճահիճէն հալածական սա քաղաքիկը անիկա տակաւին երէկ կը թուէր հեռացած ըլլալ Թաթարիստանի տափաստաններէն. ա՛յնքան` քիթ ու այտոսկր, բերնի աղեղ ու աչքի ծիր, ճակտի կոխուածք ու ակնակապիճի դեղնուցը դեռ անաղարտ կը պահէին իրենց հեռաւոր, անխուսափելի կտրուածքը [16] (coupe), ուշագրաւ ցայտումով մը, ոճաւորումով աչքի զարնելով [17] բիւթանական սա դաշտավայրին [18] վրայով [19] ուր պատմութիւնը այնքան բազմապիսակ ցեղեր է դիզած, բայց չէ զանց ըրած [20] դարերու տափանով մը արդուկել այդ միսերուն ցցունքները, երեւան բերելու համար հասարակաց կտաւ մը դէմքի [21], պարզ, քիչ, բարի ցոլացումով մը. եւ որուն վրայ կորագիծը (courbe) [22] հիւսքին գլխաւոր թելերը կը հայթայթէ, մասնաւորուելով կիներու կենդանագիրներուն առջեւ, այլապէս հարթ, առանց մեծ հեղեղատներու, արգիլուած հակելէ [23] դէպի խորտուբորտութիւնը տափաստանին, բայց ընելով կարծես [24] ատիկա խորունկ ճիգի մը գինով որ արտայայտման է ելած աչքերուն պարտադրելով նշաձեւ երկարում մը, որ կաղապարին կլոր ոճին մէջ սիրուն հակադրութիւն մը կ՚ըլլայ, այլապէս յանկուցիչ: Բոլոր այն մարզին վրայ որ Մարմարայի աւազանին հիւսիս [25] -արեւելքը կ՚իյնայ ու Ողիմպոսի թեւերով գրկուած կը թուի, կինը տեսեր եմ այրերէն տարբեր կտրուածքով մը։ Ցեղը անշուշտ միջամտած է այս կերտումին, [26] բայց որոշ վերապահութեամբ: Վասնզի իմ ժամանակս ալ քիչ հանդիպելի էին շատ սուր երկարուն [27] յօնքերով ու նեղ երեսով կիները: Պրուսայի մէջ սաւան մը կնոջ մը քամակին ու լաչակ մը երեսին կը ջնջէին անկէ ցեղը, տարօրէն արագ: Նոյն փայլը մորթին ու մազերուն վրայ։ Նոյն լայնքը լանջքի ու կոնքերու: Բայց այտերուն մօտ հին գիծերը կը մնան առատ, թէեւ մեծ չափով աղարտուած։ Ու բիւթանական դաշտավայրին ամբողջ երկայնքովը, մանաւանդ դէպի արեւելք, [28] այս պայմանները տիրական էին: Երբ քրիստոնէութիւնը, այսինքն ուրիշ ցեղերը [29] չէին ջնջուած [30] անկէ, հանդիպելի էին մասնաւոր յաճախումով այն տիպարները որոնք կը ծփային ընդմէջ թրքութեան եւ ուրիշ բանի մը որ չկար [31] արդէն, իր կարգին ջնջուած ըլլալով առաջին արշաւներուն, դեռ տասնըհինգերորդ դարէն:

 

Միջին Անատոլուն անծանօթ է ինծի: Բայց Գոնիայի [32], Գասթէմունիի [33] թուրքերը մօտ են այս կաղապարին: Այդ նահանգներուն մէջ թուրքերը գործադրած են իրենց աշխարհակալութեան առաջին խաչաձեւումը (croisement) արեան ճամբայով [34], սուրէ անցընելով արու [35] տարրը նուաճուած քաղաքներուն, եօթնէն մինչեւ եօթանասուն: Վարը` իրենց բանակներուն համար զինուոր դարբնելով, վերը` անօթի մեռնիլ [36] դատապարտելով. բայց ծախած են կիները, այսինքն անոնց ա՛լ [37] անպէտ դասը, [38] խիստ ընտրութեամբ մը պահելով իրենց անկողինին համար [39] գեղանիները ու կայտառ դասը: Բնական այս ընտրութիւնը միջամտած է կազմելու համար ցեղին շեշտ սա այլազանութիւնը որ կը դիտուի նոյնիսկ զուտ թրքաբնակ քաղաքներու մէջ, մինչեւ այսօր: Չեմ զբաղիր աւելի անդիի Անատոլուով ուր սարահարթին աշխարհագրական, երկրաբանական գլանը խորապէս աղարտած է մոնկոլը, [40] անկէ հանելով ուժգին ու բարձրօրէն խիստ բխումով մարդկեղէն [41] ոճը: Սվազի, Կեսարիոյ, Երիզայի, Տիգրանակերտի թուրքերը մինակ տարազով կամ սիրտով չէ որ բարբարոս են: Են ատիկա մանաւանդ ոսկորներով: Յետոյ, դուք չափելու չէք թուրքը սպաներէն, զինուորական կցորդներէն, դեսպանատանց քարտուղարներէն, ոչ ալ Պոլսոյ ա՛լ [42] իգացած, նրբենի եւ անոճ հանըմներէն ու էֆէնտիներէն որոնք զետեղելի չեն ցեղային հարազատ աւազանին մէջ։ Անոնց համար պատրաստութեան մէջ է նոր տարազը, որ հարիւր տարուան մէջ գուցէ իր վերջնական եզրերը գտնէ [43]. քանի որ ալ առեւանգելիք կին չէ մնացած իրենց հասողութեան ու այդ նրբենի թուրքը ինք մինակ պիտի կատարէ ցեղային նոր դիմագիծը ճարելու աշխատանքը, մշակոյթով, գիտութեամբ ու իմացական ուրիշ ազդակներով։ Մինչ այդ [44] մարդ որքան զարմանայ ներկայ արդիւնքին [45], քիչ է:

 

Ու պէտք է տակաւին քանի մը տող նուիրել այդ խառնուրդին հոգեկան ալ այար ին [46] ։ Մոնկոլ [47] տիպարը իբր հոգի բոլորովին մօտիկ կը կենայ իր պապերուն՝ ոճիրին, ասպատակութեան, հաւաքական սպանդին եւ խաղաղ աշխատանքին ընդմէջ քիչ տարբերութիւն դնելով: Բոլոր փոքր, անպաշտօն գողերը, անարի [48], պատահական, նուաստ ու դաւաճան սպանիչները, թոյլ ու գձուձ յուղկահարները [49] որոնք ուժի մը առաջին [50] բախումէն կաքաւի ձագերու նման կը տարտղնուին, համազարկ անգամ ընդունելու ատեն չգտնելով, իրենց խուճապահար փոյթին մէջ, այդ շերտերէն կը զօրահաւաքուին: Այս խաւին մէջ, մանաւանդ հոգեկան մոնկոլութի՛ւնը, ասիականութիւնը, -- [51] այն որ սլաւ արիւնին գնդիկներուն շուրջը դեռ [52] կը պահէ ստեպեան բլազման, ըսել կ՚ուզեմ՝ այն ուժգնութիւնը զգալու, զգացածը շամանդաղելու, կեանքը ատելով հանդերձ զայն մոռնալու համար յիմարօրէն ինքզինքը իրմէն դուրս արձակելու սուր տուրքերը, որոնք ռուսական հոգիին հիմնատարրերը կը կազմեն: Այս ամենը այլասերած ձեւով մը (բառը ոչինչ ունի նախատական. ժողովուրդները բարձր մշակոյթով կ՚այլասերին. [53] վայրենութեան եւ նախնականութեան մէջ անոնք կը պահէն հոգիին սկզբնական trempe-ը)։ Ճի՛շդ, դարձեալ, [54] Ճինճի Հոճային գիծի մոնկոլին ալ մօտ, Պոլսոյ քիթերուն. [55] նեղուած` իր վերարկուին մէջ: Որ արագիլի պէս բարակ սրունքներուն վրայ ուռեցք [56] մը փոր տեղաւորած սէզերը կը չափէ եւ հաւկթածիր [57] իր աչքերը կը սրբէ ներքին վայրենութեան մշտահոլով յեսանին: Ջարդի եղանակներուն բոլոր առաջնորդները, հերոսները, կամաւորները, խելայեղ իրենց մարտնչումով այդ տարրէն եկան: Ինչ որ անսովորն է այս ամէնուն մէջ, պոլսական էֆէնտիին [58], պէյզատէ ին, փաշազատէ ին [59] հոգեկան միակտուր եղբայրութիւնն է աս [60] մոնկոլին: Ու կ՚ապրին անոնք քով-քովի [61], տակաւին այն միւսներուն հետ որոնք ոչ թուրք եղան, կրցան ըլլալ, [62] ոչ ալ սնող իրենց անդրանիկ հոգեկաղապարը: Այցելեցէք կառավարական դիւանները մեծ քաղաքներու մէջ: Խնամոտ ընտրութիւն մը թեթեւցուցած է, չըսելու համար տարագրած մոնկոլ դիմաձեւը, շատցնելով թիւը ցեղէ դուրս մարդոց [63] բայց տարօրէն համաձուլած է հոգիները սկզբնական խառնարանին մէջ: Ու վերջացնելու համար այս շեղումը, կ՚աւելցնեմ թէ 920ի դէպքերէն առաջ Պրուսայի դաշտին մէջ հանդիպելի էին քանի մը յոյն գիւղեր, խնայուած ով գիտէ ինչ հրաշքով եւ որոնք հաւասարապէս հեռու կ՚իյնային յոյնէն ու թուրքէն [64] իբր դէմք ու հոգի:

 

Ու դառնալ մեր պատմումին։

Բ.

 

Ըսի՞ թէ կանանչ էր անոր փաթթոցը:

 

Թերեւս։ Բայց չըսի թէ այդ գոյնը ուղղափառութեան [65] հարազատ թրքութեան հոմանիշ կը նկատուէր այս պատմութեան օրերուն, այսինքն քսաներորդ դարու սկիզբին: Ընդհանրականը ճերմակն էր, մաքուր ու ֆէսը կիսով գօտեւորող առանց միջամուխ ու իրերանցիկ ծալքերու կամ հանգոյցի: Վարչական պաշտօններու մէջ այս ճերմակ փաթթոցը յառաջդիմութեան խորհրդանշան մըն էր անշուշտ: Կանանչը յամառ ու սրբազան գոյնը, որուն մէջ իսլամ աշխարհը մարգարէին դրօշակին յաճախանքը կը հաստատէր:

 

Մինակ փաթթոցը բաւ է մարդը թելադրելու ձեր [66] աչքերուն: Բայց պարտաւոր եմ աւելցնել նաեւ գլուխը, հսկայ, ցեղատիպ, խորտուբորտ ու գիշախանձ, ոսկորներու հարազատ պառկուածքով [67] ու ցցունքներու, [68] գունատութեան նոյնաղբիւր [69] առհաւութեամբ: Իւղո՛տ [70], վասնզի միշտ քրտինքէ ողողուած: Աղտոտ, հակառակ օրական լուացումներուն, նամազի համար ստիպողական որոնցմէ ոչ մէկուն հանդէպ չեղաւ անիկա զանցառու: Հոտա՛ծ, վասնզի լուացումը անոնց մէջ կը հպատակի աղօթքի եւ սեռային մաքրութեան պահանջին: Առաջինը` արտաքին մասերը կ՚ենթարկէ ջուրին։ Ամբողջական լուացումը սերմին է կապուած [71]: Ու Ճինճի Հոճան իր կենսունակութիւնը ի սպաս էր դրած փորը կրելու, սատանաները կառավարելու, տուն քանդելու: Արդէն ստեւի պակասը, պեխերու ուրուատիպ խանձումը նշաններ էին սեռին կանուխ շիջումին: Բաղնիքի այս պակասը, ամէնօրեայ քրտինքի լուացքէ յետոյ, կը ստեղծէր անոր անձին շուրջը շատ թթու, [72] աշխած բան մը: Անոր զգեստները աղ կը հոտէին այդ թթուածութեան հետ: Մարդ կը կարծէր, թէ անոր մօրուքը թթուն դրուած որթի նոր ծիլերէն էր կազմուած, ճերմակ ըլլալու տեղ կանանչի զարնող: Ու անոր փորը [73], որ կ՚ուռէր, կ՚ուռէր տարիքին հետ, ա՛լ [74] չպարտկուելու չափ մանրանկարի վերածուած պարեգօտէն, վերարկու եւ համազգեստ նոյն ատեն, գոյնէն աւլուած բայց աղտէն մուշամպա դարձած, հիննալու տեղ քարանալով, զոր կը կրէր պարտքի մը պէս իր կարգին համար բարձրօրէն մոլի ու բծախնդիր։ Էջերով չի սպառիր այս արտաքինին ինքնատիպ պատկերը: [75] Ու կ՚անցնիմ ։

 

Անիկա գտած էր ձեւը իր հաւատքը արժեւորելու, հաւասար խղճմտութեամբ իսլամի փառքին ու սեպհական քսակին: Իր կրօնքը իրեն համար անխոցելի զրահ մը եղաւ, զոր հագած քալեց կեանքին բոլոր հարուածներէն ինքզինքը ներքնապէս ապահով զգալով: Երեսուն տարեկանին մոլեռանդ քարոզող մըն էր, առանց վախնալու իր զգացումները յայտնաբերող չիսլամին պիղծ գոյութեան դէմ: [76] Այդ ատեններուն, իր դիմակը ամբողջ քաղաքակրթութեան մը խորհրդանիշը կը դառնար. [77] այն ոգիին որ կէս դար յետոյ Լոզաններու վեհաժողովին մէջ իր նուիրագործումը պիտի գտնէր ժողովուրդներու ամբողջական բնաջնջումը պետականացնող, մեծ Ամերիկային եւ հզօր Եւրոպային [78] արիսպագոսը հարկադրելով սրբագործելու սառնասիրտ ոճիրը ճինճի հոճաներու յաջորդներուն:

 

Աղքատութիւնը մօտէն շօշափած, անիկա իր դրամը ցոյցի չէր հաներ, ուրիշ չտեսներու վրայ բարկանալով ու առիթներ [79] օգուտով գործածելու հսկայ իր տաղանդը կը սքողէր թաքթ ով, տէրվիշի վայել այլուրութեամբ մը, դրամի հանդէպ կեղծելով ճարտար այլուրութիւն մը, մանաւանդ տալու մէջ։ Իր այս խորամանկութիւնը օրինական էր ըրած իր վճարումները դիտումնաւոր մոռացմամբ ուշացնելով, բայց երբեք չուրանալով: Առանց քսակի կը պտըտէր ու կէս օխա սոխին ալ դրամը չէր գտներ, [80] անոր կէս կանգուն հասակով գրպաններէն, պարեգօտին զոյգ կողերուն, մէջքին ու վերնաշապիկին: Կողոպուտի համար այս հեռատես պատրաստութիւնը բաղդատելի է առակի կատուին որ ալիւրի մէջ թաթխուած կը քնանայ ու կը քնանայ։

 

Մեծկակ շահէ մը վերջ որ խաբուելով ձգուած մեծագումար աւանդի մը, կասկածելի սահմաններով արտի մը, կամ ծուղակը [81] ինկած քրիստոնեայի մը դրամներուն հոլովումովը կը համանշուի, անիկա սուսիկ, համեստ կը քաշուէր իր տունը, կը փակէր սենեակը կնկան ու աղջիկներուն երեսին  -- իր պատիժը` տղայ զաւակ չունենալը եղաւ ու ծունկի, գոհունակ նամազ մը կը մատուցանէր Բարձրելոյն, արդար ու արժանաւոր պարծանքով մը շոյելով իր մօրուքը որմէ միշտ այդ թթու հոտը պիտի ծաւալէր, ռունգերն ի վեր [82] սանկ այրող թելով մը ոլորագին բարձրանալով մինչեւ ուղեղին տունը, այսինքն խելքին խորշը։

 

Անիկա միշտ այդ թթուն հետը պտըտցնելով [83] դէմք մը երբեմն կը խտանայ իր մէկ մասին վրայ. մարդեր կան որ միայն կզակ են կամ վիզ կը փառաբանէր իր մեծագործութիւնը, նմոյշի մը պէս ներկայացնելով նոր իր քաղաքիկը, որ անոր պնդումովը, ամբոխային ցոյցերովը փակած էր ընդմիշտ [84] քոսոտ իր [85] շուկան, ինչպէս ճախնոտ հողերը` անհաւատներուն շահագործումին: [86] Միս-մինակը, քառորդ դարէ ի վեր, նոյնիսկ այն օրերուն երբ այդ նոր քաղաքիկը խոշոր աւան մըն էր, ան ընդդիմացեր էր չիսլամներուն հոն հաստատուելուն։ Կը հալածէր, փողոցի լակոտներուն քարկոծումին [87] ենթարկելով` պատահական վաճառորդները, խեղճ ու կրակ հայեր [88], որոնք իրենց գեղերուն մէջ հողերու գրաւումով ապրուստէ նեղուած, թագաւորին տուրքը մարելու համար իրենց տուները թողած, ճամբու բոլոր վտանգներուն քամակ ծռելով կը ցրուէին թուրք գեղերը, ամէն բանով առատ, հողէն սկսեալ մինչեւ արգանդը, ու քանի մը կանգուն բան զարկած ուսերնուն, արշինը անութին տասնըվեց ժամ կը չափչփէին ջերմոտ, որդնահար այդ փողոցները, թագաւորին տուրքը գոցելու գերագոյն հոգով. վասնզի հարկահանութիւնը պետական կնիք առած էր, ու քրիստոնեան պարտաւոր է վերադառնալ մերձաւոր իր գերութեան զգայութիւններուն։

 

Բաց էր անոր դուռը բոլոր դժբախտներուն խտիր չունէր հոդ-- [89], [90] որոնք երկնառաք ցաւէ մը, խշումէ [91] մը հարուածուած, մարդկօրէն դարմաններէ յուսավրէպ, անոր համբաւին կը վազէին, մօտէն ինչպէս հեռուներէն, եօթն աւուր [92] ճամբայ կտրելով, ափ առնելով աղխերը անոր դրան ու բանալ կու տային համբաւաւոր թուղթը. ոգեհարցական վսեմ պաշտամունք, որուն արարմունքը անիկա կը շրջապատէր հոյակապ սիմպոլիզմ ով [93] մը եւ զոր ոչ ոք չէր տեսած ճշդիւ, քանի որ Ճինճի Հոճային անձը այդ րոպէներուն ահաբեկիչ իմաստի կը բարձրանար, խնդրարկուն խորտակող` զայն արգիլող մարդկեղէն տարրական գիտակցումէն, դատումէն:

 

[94] Ճի՜նճի Հոճա: Մի ըսէք ու անցնիք [95] ։

 

Մեր զարգացած քաղքենիի իմաստութիւնը մեզ ըրած է յաւակնոտ, ուրանալու աստիճան քաղաքներու [96] պարունակէն դուրս մեծ հեղինակութիւնները: Բայց տակաւին այսօր, կիսաշրջիկ ցեղախումբերու մէջ, մարդեր, այսինքն պետերը, կը վարեն այդ զանգուածները մեր վարչապետներէն [97] աւելի շքեղ հեղինակութեամբ մը: [98] Արեւելքի մէջ, նկատի ունիմ օսմանցիներով ներկայացուած կայսրութիւնը, Ճինճի հոճաները քաղաքական յեղաշրջումներու խմորն են եղած դարերով: Ու հասարակ ընթերցումը որ անոնցն [99] է հիմակ, չորս-հինգ [100] դար պետական բարձրագոյն առաքինութիւնը եղաւ:

 

Անիկա կ՚արժեցնէր իր գիտութիւնը գրեթէ անվրէպ պատգամներով, որոնք ոսկեգոյն թուղթի վրայ իրեն կը բերէին, ըստ զրոյցներու, իր ծառաները, անոր խելքովը ծուղակը ինկած ճին եր, ու պարտաւոր` գործադրելու անոր բոլոր հրամանները: [101] Մի վախնաք: Դեռ չենք լքած գերբնականին հանդէպ մեր դիւազգած տկարութիւնը [102]:

 

Իր թուղթերէն առաջ [103], խնամոտ պատրաստութեամբ [104] մը, անոր տաղանդը կը կորզէր դիմողներէն թանկագին տարրեր հոգեյատակի, որոնք իրենց պարզութեան մէջ շատ ալ չեն ըլլար գեղերուն [105] սփիւռին մէջ։ [106] Տարիներ ու տարիներ մարդերու շատ մեծ թիւի [107] հետ մեր շփումը մեր մէջ կը ստեղծէ այս մաղը մարդոց շատախօսութեանց դէզէն որ կապուած ու թեղ եղած յարդն է ցորենով խառն [108] զատելու կարող՝ հատիկը։ Ի՞նչով կը տառապի գիւղացին, քանի մը մեծ փափաքներ ու նոյն թիւով ատելութիւններ կը շինեն անոր զգացական մթերքը. կինը, դրամը, նախանձը, փառասիրութիւնը, - գրեթէ տուած եղայ այդ ցանկութիւններուն հիմնատարրերը:   Ճինճի Հոճան ճարտար հարցուփորձով կը յաջողէր աղերսարկուն փոխադրել այդ հոգեյատակին էն խորունկ անկիւնը. [109] հոն` ուր, իր կարծիքով կարող է միայն ապահով աճիլ մեր ցանկութեան ծաղիկը` ուրիշի մը արիւնին, արգանդին, տրամին մէջ արմատ արձակած: Ու իր տաղանդը` նորէն դիմողին դէմքէն, տարիքէն, պահով պայմանաւոր պատկերէն կազմելու ամբողջութիւնը անոր ու վարելու իր քննութիւնները համաձայն այն յուզմունքին որ ամէն անհատի անձնական բխումն է, նկարագրի յեղումը [110]. արեւելահայ բարբարոս բառով մը` վարքագիծը: Ան` որ անխախտ մասը կը կազմէ մեր մշտահոս եսին՝ [111] ալիքներուն ներքեւ անմաշ [112] ժայռէ յատակի մը պէս պառկելով [113]: Անգամ մը ենթական դասակարգելէ վերջը, անոր մասնագիտութիւնը դիւրաւ կը թափանցէր դէպի բացառիկ պարագան որ սա դիմումը ստեղծեր էր։ Ու ատիկա, այսինքն ամէնէն դժուար նկատուած բաժինը այս վերլուծումին, անոր համար կը վերածուէր փոքրագոյն իմաստի: Ան ի յառաջագունէ տարիներով առաջուընէ [114] սակայն, գիտէր թէ իրեն ներկայացող երկու կիներ, տարիքով տարբեր, մէկը սանկ քառասուն, միւսը դեռ քսան չկոխած, ուրիշ ցաւ չունէին եթէ ոչ էրիկը [115], իրենց տարիներու գերագոյն ցաւը: Մատղաշ կնիկին նայուածքին մէջ իսկ [116] դրուած էր ցաւը որով լքուած կնոջ հոգին եղի պէս կը փայլի դեռ արցունք չեղած, ծիածանին շուրջը: Ու ասիկա այսպէս, փորձանքին [117] ուրիշ ձեւերուն [118] համար:

 

Իրեն համար տարբերութիւն չունէր դիմողին ներկայութիւնը կամ նիյէթ ին [119] առարկան, ներկայ ու բացակայ։ Հիւանդներ, անդամալոյծներ, դիւահարներ փոխադրելի ապրանքներ չեն: Ու Մոլլա Սաիտը անոնց զգեստին մէկ կտորովը գոհ կ՚ընէր իր ճիները, որոնց գործն էր հարցաքննութեան անկարելի մասը աւարտելը: Անիկա դիմողին ետեւէն կը ղրկէր իր ոգիները, որոնք աս ու ան ձեւով, -– ճամբորդ, մուրացիկ, բանուոր, ընտանի անասուն, թռչուն, նապաստակ, աղուէս, այսինքն ինչ որ օրուան մը ճամբորդութեան մէջ հանդիպելի են ամէն տուն դարձողի պիտի անցնէին անոր քովէն ու իրմէ առաջ պիտի հասնէին իր տունը, կատարելու իրենց սպասը: Յետո՞յ: Նոյն ճամբով` դարմանը։

 

Ու անոր սպեղանին վճռական, մինակ մահուան առջեւ տեղի կու տար, քանի որ մահը մեծ էր բոլոր ոգիներէն:

 

Ու մարդիկ խորունկ հաւատքով կը փորձէին անոր նուսխա ները, դեղահատները, - հասարակ կաւ, - փոշիները` ալիւրէ եւ շաքարէ, երբեմն ալ ճախճախուտ վայրերէ եկողներուն համար գինին, իր սոլֆաթո ն, համայիլները, մատաղները` սեւ հաւի, սեւ գառնուկի: Ու մարդիկ, նոյնիսկ մահուան երախէն [120] օգնութիւն կը խնդրէին ամենազօր Հոճայէն, իրենց հարստութեան կէսը խոստանալով:

 

Եղոտ, մեծղի, վիզին վրայ միuի քանի մը խաւով, իր հեւուն շնչառութիւնը անիկա կ՚ընէր դերասանի մը պէս երանգաւոր: Անիկա առաջին տարիներէն իսկ վարժեցուցած էր խնդրարկուները թաց գալու, կանանչ գալու, - պտուղ, կերակուր, գունչ մը պանիր, նոյնիսկ սոմուն մը հաց, հոգ չէ, բայց չոր չգալու [121]: Անշուշտ, հիմա որ իր տունն ու տեղը յորդած էին աշխարհին բոլոր բարիքներովը, Ճինճի Հոճան այդ նուէրներուն կարօտը չէր: Բայց ըստ իր պատմումին, անիկա պարտաւոր է կերակրել իրենները, այսինքն բանակները ոգիներուն: Որոնք մեզի պէս բերան ունին ու մեր նուիրանքով կը կշտանան: [122] Այլապէս թագաւորին բոլոր ամպարները [123] անբաւական պիտի գային գումարտակ մը դեւ շաբաթ մը կերակրելու: Աղքատութեան օրերու կտակ սա վարժութիւնը անիկա չէր կրնար մոռնալ հարուստ ըլլալէն ետքն ալ: Ու կը պահէր խեղճ ու կրակ մարդոց բերնին պատառը [124] նկատուող այդ նուէրները իր բանուորներուն, միշտ փշրանք մը բան ալ իր մեծակառոյց փորին ուղարկելով որպէսզի ոգիները չըմբոստանա՜ն։

Գ.

 

Ճինճի Հոճային ոգիները չէին նմաներ սովորական չարագործ ոգիներուն: Անոնք քաղաքներէն, քիչ շատ ձեռքերնին [125] վարժ, մարդոց վնասելու համար տիրոջը հրամանին սպասող արարածներ էին, որոնք իրենց տկար մէկ կէտին վրայ յաղթուած հզօր Հոճայէն, [126] ընդունած էին անոր ինքնակալութիւնը իրենց վրայ: [127] Ու էին հաւատարիմ, խօսք-մըռուկ [128], պարկեշտ:

 

Զանոնք մշակի նման վարժեցուցած էր դաշտի աշխատանքներուն: Գործի կը լծէր ամէնէն նեղ օրերուն: Մանգաղը այդ դաշտերուն մէջ ամէնէն տագնապալի շրջանը կը կազմէ աշխատանքի, վասնզի ամէն մշակ ինք իր արտին հողին կը հասնի: Ճինճի Հոճան չէր տագնապեր: Անիկա ձին հեծած օր մը-երկուք [129] կ՚աներեւութանար ու առտու մըն ալ անոր ընդարձակ արտը քաղուած կը գտնէին մարդիկ: Հնձողնե՞րը: Ոգինե՜րը անշուշտ: Ո՞վ ունենալու էր քիչիկ մը խելք, [130] Հոճային ճամբորդութիւնը կապելու այս երեւոյթին: Ո՞վ պիտի հաւատար, թէ լեռնային արօտներու խաշնարածները անիկա կը վարձէր գիշերուան մը համար ու կը բերէր իր արտերուն, [131] քանի որ անոնք չէին իսկ հանդիպեր քաղաքիկը։ Իրականութեան այսպէս ըլլալուն հակառակ մարդիկ կը հաւատային թէ Ճինճի Հոճային ըրղաթ ները [132] ցորեկը կը քնանային գերեզմաններու քարերու ճեղքին, կամ նոճիներու խոզակներուն մէջ, [133] կամ նոր ոռոգուած ակօսներուն լճացած ջուրերուն երեսին, փրփուրին աչքերուն մէջը, կամ ջուրին քաշուելէն յետոյ սարդի ոստայններուն հիւսելով իրենց մետաքսէն ալ բարակ թեւերը: Ո՛վ [134] չէր հաւատար, ո՛վ կը կասկածէր, անիկա կը պատժուէր, զարնուելով իր մատակէն [135], ախոռի ուրիշ սիրելիներէն, արտէն ու ծառերէն, նոյնիսկ տունէն, ուրկէ մահուան մուտքը չէր ուշանար, առնուազն [136] հիւանդութիւնը: [137] Այսպէս են կազմուեր մարդոց հեքիաթները։ Չեմ գիտեր ուրի՞շ է կերպը իրականութեան ալ կազմումին: Ու այսպէս կը յօրինուին, աւա՜ղ, շատ անգամ մեր հարստութիւնները։

 

Չեմ գիտեր. ընթերցողը պիտի ուզէ՞ [138] հետեւիլ ինծի որպէս զի երթանք Հոճային քարայրը։ Ողիմպոսի մէկ dépressionին մէջ բնական փորուածք մը, այնքան նման ուրիշներու, նեղ մուտքով ու մէջէմէջ քանի մը սենեակ [139] հարթութիւններով, ուր պտկաքարը ու շթաքարը խորտակուած են հովիւներուն յիմար զուարճութեամբը ու պոռնիկներուն քմայքովը։ Աւելին՝ [140] չարքեր: Միայն պարտք կը զգամ յայտնելու որ ամէն քարայր ոգիներու իշխանութեանց պալատ մըն է, ժողովուրդին հաւատքով։ Ու պալատը` առանց ոսկիի, ադամանդի ըմբռնելի չէ: Այդ պալատներն ու գանձերը կը պահպանուին շքեղ սատանաներով, մեծ մասը ճերմակ, գեղեցկութեամբ մը որուն մօտ փուտ հող կը դառնան մարմինները չքնաղ սուլթանուհիներուն: Ու էգ են [141] անոնք: Ու կը բանան իրենց դռները զանոնք խորտակել կրցող ուժովներուն։ Անոնք շատ կ՚ախորժին մարդոց որդիներէն [142] ։ Ու կան որ զանոնք ընդմիշտ [143] իրենց կապուած կը պահեն... Հեքիաթը անհուն է երբ կիներու մարմինը եւ ոսկին կը ձեռնէ:

 

Հոճան այդ քարայրէն հանած էր պատկերը իր ոսկիին, շատ յանդուգն ռազմավարութեամբ մը հարկադրելով պահապանները բանալիներու յանձնումին։ Անշուշտ աւանդութիւնը քիչ-շատ [144] խելք ունի ոգեհարցներու ընթացիկ աղքատութիւնը զատելու սա ոսկիին առատութենէն, պայման դնելով ստորերկրեայ այդ գանձերուն տեսողական վայելումը [145] միայն մարդոց աչքերուն: Ուղիին համար, այսինքն այդ գանձերը դուրս փոխադրելու համար անոնք կը պահանջեն մարդկային զոհ: Ու ո՞վ է յիմարը որ իր կինն ու զաւակը պիտի տայ անոնց, ոսկիի փոխարէն: Ճինճի Հոճա՞ն:

 

-- Զուր տեղը չէ որ մարդ հեքիաթ մը կը շինէ:

 

Անիկա տոպրակը դրած էր քարայրին ամբողջ պահակախումբը [146], լոկ իր պերճախօսութեամբը, ու կոտրած ասեղ մը անգամ չխոստացած անոնց, հանած էր դուրս թանկագին բեռները։

 

Ինչ որ ըլլան աղբիւրները երկնային կամ երկրային -- [147] Մոլլա Սաիտին հարստութեան, որ, ճիշդ խօսելու համար, միջակ հողատէրի սահմանէն քիչ կ՚անցնէր, մեզի պարտք կ՚իյնայ զատել անոր թթու եւ փարթամ անձը միւսներէն:

 

Ո՞վ ասոնք։

 

-- Ասոնք ոչ թէ Սայիտ Մոլլային նման ճահիճէն բուսնող շինծու կախարդներ: Այլ վաւերական, կատարեալ վհուկներ, [148] Հնդկաստանէն կամ Մէքքէէն դուռ բացող:

 

Արեւելքին ընտանի տեգոռ ը, սա մարդոց անհուն աղքատութիւնը, ցոյցի դրուած բազմամբոխ քաղաքներու մէկ անկիւնը, աւելի շուտ մեծ մզկիթներու մուտքէն քիչ բացօք: [149] Քալելէ աւելի նստիլը զանոնք կը զատէր [150] անվաւերներէն, ասոնք ալ Մեքքան ու Հնդկաստանը հոլովող, բայց Սուրիայէն: Բոկոտն, եղկելի կիսամերկ արարածներ, [151] բայց խոր յարգանքով պարուրուած։ Անկարելի էր անոնց գրաւած անկիւնը առնել իրենցմէ: Թաղապետութեան չաւուշները կը վախնային գործադրել անոնց վրայ բժիշկ քաղաքապետին հրամանները զանոնք դուրս քշելու ու կը նախընտրէին պաշտօնէ արձակուիլ քան թշուառականներուն սրբութիւնը վիրաւորել: Ու հոն ամէնէն բանուկ պողոտաներու մէկ անցքին ծուարած, [152] կը նստէին անոնք, քոսոտ շուներէ աւելի աղտոտ: Սակաւապէտ [153], օրերով աղօթք ծամելու [154] աստիճան: Նիհար, միսին բեռը կրելու համար զիջում մը չնետելով [155] իրենց ստամոքսին որ անոնց տրամաբանութեամբ չունէր բռնանալիք միւս անդամներուն, ոտքերուն ու ձեռքերուն: Դեփ-դեղին [156] աչքերով, նայելէ յոգնող ու արհամարհոտ: Ու բորը [157] կ՚աճէր անոնց մատներու անկիւններուն ու վիզին ակօսներուն: Արտաքին այս չուառութիւնը անոնք փոխարինած էին ներքին մեծ վայելչութիւններով: Անոնք ամենահզօր մարդեր էին ստորին աշխարհի ուժերը սանձահարելու արուեստին մէջ: Ու անոնց զօրութիւնը քիչ բան էր դարձեալ դուրսէն [158] երբ դիտուէր, գաւազանիկ մը, կամ սեւ քարի մը կտորտանքը, քիչ անգամ ուլունք ու բակլայ։ Այս զաղփաղփուն զէնքերովը անոնք գերի [159] կը պահէին սատանային ընդարձակ երկիրները: Երբ աւազը փռած իրենց առջեւ կլորակ մորթին, այդ գաւազանիկով կը գծէին վրան կախարդական բոլորակներն ու եռանկիւնիները, [160] անոնք իրենց [161] գանկին [162] վերի մասովը կը տեսնէին խորութիւնները երկնքին ու երկրին ու կը բռնաբարէին անոնց բոլոր թաքուն պալատները: Անսխալ ըսին բոլոր ցաւերը [163], որոնց որ նայեցան աստղին, այդ գիծերուն եռանկիւնաչափումին։ Ու հիմնակա՜նը: Ամէնքը աշխարհ մը գաղտնիք, դեղ ու դարման [164] կը հայթայթէին ատոնց կարօտը ունեցողներուն ու հինգ փարայէն աւելին հարամ կը սեպէին։ Նետեցին անխնայ ետ երեսին ատելի դրամը ով որ ըրաւ այդ սրբապղծութիւնը: Իրաւ որ, այս դասակարգը, այս խստամբեր վարքով, արժանի էր տիրելու ոգիներու աշխարհին:

 

Մոլլա Սաիտին աստիճա՞նը սա նուիրապետութեան մէջ։

 

Ատիկա չհարցուցին մարդիկ, ինչպէս չեն ալ հարցներ ուրիշ աստիճանաւորներու, ուրիշ նուիրապետութիւններէ: Իրաւ կամ սուտ, իր գիտութեամբը, անիկա կ՚արդարացնէր իր մականունը, որ կը պսակէր երեսնամեայ իր ասպարէզը։ Անոր տավէթ ները [165] ծանօթ էին ամէնուն: Խորախորհուրդ սա արարողութիւնը, զոր պիտի ներկայացնենք քիչ անդին, Հաճի Ապտուլլահին խելքը առնելու համար գլուխէն ու մղելու զայն խելօքիկ՝ [166] ոճիրին:

 

Ինչ որ արարողութենէն բաժինն էր ամբոխին, զանազան ու զարմանազան հոտերու այրումը` կրիայի պատեանէ կրակարանի մը մէջ: Աւելի՝ [167] փչումները, սուլոցի կամ նուաղող շշուկի ստեղնաշարին բոլոր աստիճաններովը։ Աւելի` քառասնօրեայ ծոմապահութեան ու փորձութեան դժնդակ տեսարաններ, որոնք մարդոց ջիղերուն տարողութիւնը կը ճշդեն։ Ոգիները հրաւիրող ադամորդին պիտի կրէր մեծագոյն նախատինքները դեւերու վոհմակին, ու պիտի հանդուրժէր անոնց բոլոր գարշութիւնները իր ու իրեններուն վրայ։ Պիտի թուք անգամ կուլ չտար երբ աչքերուն առջեւ մորթէին այդ դեւերը իր տղան, կինը, աղջիկները պղծէին: Ու պիտի մնար անկաշառելի անոնց բոլոր խոստումներէն: Ու պիտի մնար անդրդուելի անոնց շեղումէն, աղերսանքէն ինչպէս զայրոյթէն, սպառնալիքէն: Կարելի չէ էջերով սպառել[ով] [168] այդ փորձութեան տրամին բոլոր մանրամասնութիւնները: Խորունկ միսթիք մը ու մարդկային հոգիի խորունկ հասկացողութիւն մը կը հանուին այս pratiqueներէն որոնց վաւերականութիւնը ոչ ոք կայ սակայն երաշխաւորող: Կ՚անցնիմ, նմանապէս արագ, աղէտներուն դրուագումէն որոնց կ՚ենթարկուի ամէն համբակ, երբ առանց նախաւոր, երկարատեւ մարզանքի միջամուխ կ՚ըլլայ այս կարգի բարձր հաղորդութեանց: Ոգիները վրէժխնդիր են: Ու վա՜յ տկարներուն, նոյնիսկ ոգիներու աշխարհին մէջ:

Դ.

 

Ոչ ոք գիտէր ստոյգ, ուր կը հասնէր մինչեւ ուժը Մոլլա Սաիտին:

 

Ըսի՞ թէ կը գործածէր ոգիները, նոյնիսկ իր տան կարիքներուն, թէ լուացքը, անուշը, շերամներու բուծումը [169] անիկա կատարել կու տար անոնց: Բայց չկար մէկը որ հաստատէր զրոյցները:

 

Անոր քիւլահ ը [170], ան զոր կը կրէր բացառիկ օրերու, իրեն միայն ծանօթ իրենց արժէքէն [171], իր երկու թիզ հասակին մէջ կարող էր պարունակել այնքան ոգի, որքան` Հաճի Ապտուլլահին կամ կառավարական մթերանոցին մեծ ամբարները` ցորենի հատիկ: Ու մէկ ոգի [172], մինակը, կրնար այնքան գործ կատարել որքան ամբողջ բնակչութիւնը նոր քաղաքիկին: Իրա՞ւ: Սո՞ւտ: Չկար մէկը, որ անոր ներկայութեան, նոյնիսկ բացակայութեան, համարձակէր կասկածի ձգել անոր պատգամները: Նման սրբապղծութիւն մը պատճառ էր որ գործողին տունը քանդէին նոյն ոգիները, որոնք, ծովու աւազէն ալ շատ պահուած կը սպասէին սեւ դդումին մէջ, անոր հրամանին ակնկառոյց նետուելու համար դուրս, ճամիի աղբիւրը ստուերող սօսիէն ալ բարձր հասակներով, իւրաքանչիւրին ուսին հինգ կանգուննոց կացին, աչք թարթելէն ալ քիչ ժամանակի մէջ փոշի ընելով իրենց հասողութեան ինկած ամէն բան, մանաւանդ տուն ու պալատ: Հա՜, թող գիտնային ասիկա աշխարհի մեծերն ու պզտիկները, պէյերն ու շատախօս ըմբիշները, իրենց ուժով ուռած յիմարները: Անոր տանը բակին, մեծ սիւնի մը վրայ կախ կը կենար սեւ դդումը որուն շարժիլը, հովէն կամ մարդոց բազուկէն, չէր տեսնուած քանի կախ էր ահաւոր տոլը [173] ։

 

Իր նոյնքան ծանրահռչակ գիրքովը որմէ ձեւը կ՚երեւար բայց երբեք պարունակութիւն` այսինքն գիր կամ էջ, անիկա սովոր էր ահաբեկելու ներկայացող խնդրարկուն: Զայն ձգած առջին, երեք հեղ շրջանը կ՚ընէր անիկա բակի սիւնին ու անկէ անշարժ կա՜խ սեւ դդումին ամէն մարդ գիտէր թէ դդումը այդ գոյնը առած էր իր պարունակութեան ժահրը ծծելէն-ծծելէն [174] ծուռ ծուռ աշելով (աչքով կէս դիտել) հետեւորդը։ Յետոյ զայն կը հանէր դուրս, երկրորդ բակը, որուն մէկ անկիւնին տաղաւար մը, փայտեայ, վերցուած քաղաքին հրապարակէն երբ հեռագրի, ոստիկանական նոր կարգերու հաստատման ատեն դիմում էր եղած իր պերճախօսութեան, համոզելու ամբոխը որպէսզի չընդդիմանար այդ կեավուր նկատուած նորահնար բաներուն։ Հոճան կատարած էր իր պարտքը եւ ժառանգած ոստիկանական առաջին փայտեայ տաղաւարը, զայն տունը փոխադրել հրամայելով ու փոխարէն շինել տալով, անշուշտ պետական պիւտճէէն, արժանաւոր ուրիշ մը: Տաղաւարէն` մութ սենեակը, անպատուհան ու անդուռ: Ուր կ՚իջնէին հորի բերնին նմանող մուտքէ մը: Կար մէկ ճրագ, աղուոր մոմէ, որուն սպառումը պարտաւոր էր վճարել այցելուն նորով մը։

 

Խոնաւ, կիր հոտող այդ խոռոչին մէջ Հոճան կը նստէր ծունկի, տախտի [175] մը վրայ զոր կը ծածկէր սեւ գզիաթ [176] մը, ու կը հանդերձուէր: Կախարդական արարողութիւնները իրենց պայմանները ունին:

 

Ահաւոր լայնութեամբ յօրանջ մը անոր կզակները կը լարէր իրարու դէմ խուլ, ծխնիի կճռտուքը յիշեցնող շըշիւնով մը, [177] (crépitement) տարօրէն սրելով [178] ողջ մնացած զոյգ մը շնատամ, կարմիր պատնուած, որոնք լինտերուն պարապին վրայ կանգուն օձի ակռաներու կը նմանէին: Մոմին դողդոջ լոյսը հազիւ կը բաւէր լուսաւորել աղօտակի անոր կոկորդին հորաձեւ անցքը ուրկէ սատանան, իր բանակներով ազատ մուտք ու ելք ունէր: Քանի՞ անգամ այդ յօրանջը: Ըսողներ կային որ այդ անգիտակից բացխփումը կը հպատակէր գործածուելիք ուժերուն թիւին կամ կարեւորութեան: Ոգիներն ալ չէին կրնար անպատիժ անարգել մարդկային ռազմավարութեան հիմնական օրէնքները, թի՜ւը: Որքան երկարէր այդ ելեւէջը, այնքան պահանջը խոշոր կու գար սանդարամետեան ուժերուն: Ու նոյն համեմատութեամբ կ՚աճէր Հոճային սակագինը: Ու արդարացի էր այն յաւելումը: Վասն զի տղայ մը աղջկան մը դարձնելու համար վատնուած կորովը, ոգեղէն հոսումները համեմատելի չէին սիրական կնիկ մը իր էրկան աչքէն պաղեցնելու ու փոխարէն մեր ցանկացած աղջիկը քշելու նոյն այդ աչքերուն պաշտամունքին: Ասիկա` իբր օրինակ մը այն հարիւրաւոր գործառնութեանց որոնք նոր վաճառականութիւնը կը ներկայացնէին ոգիներու շուկայով: Յետո՞յ։

 

Արցո՜ւնք։

 

Անշուշտ, ամէնքս ալ գիտենք ատիկա: Յօրանջին արցունք կը հետեւի: Բայց այդ ջուրը կը բարձրանար խորհրդապաշտ իմաստի, Հոճային` աչքերէն։ Առնուազն դողդոջ արիւն մը կ՚ըլլար, մոմի լոյսովը այսպէս երանգաւոր, որ կը սառէր թարթիչներու սանտրին ու չէր իյնար վար, մինչեւ որ կանանչ թաշկինակ մը չդիմաւորէր զայն: Մղձուկ այս տեսարանին խռովքը կը զօրանար դժնդակ հոտով մը որ անոր մարմինին արտածորումն էր քիչ մը ամէն տեղ, բայց սա խոռոչին մէջ, օդին չնորոգուելովը կը ստանար [179] շնչահեղձող խտութիւն: Մարդկայինէն դո՜ւրս, ոգիներու պիղծ փորոտիքէն ապահովաբար մղուող: Գոնէ այսպէս կը հաւատար ինքը, հոյակապ դերասան սանդարամետեան սա ողբերգութեան:

 

Բայց այս ամէնուն մէջ, տպաւորիչը` կարճ իր իրանին գրեթէ շնչահեղձ շարժումն էր սա հաւբունին խորը, ուր թթուածինը կը նուազէր արագ արագ, Հոճային սիրտը նեղելով տարիներուն բազմանալէն ասդին: Դժնդակ հեւք մը, որ կը յիշեցնէր ջրհանի մը սուլոցը, իբր արդիւնք ունէր առատ քրտինք մը, ճարուած անոր մարմինին աշխած ծակերէն: Այդ հեւքը խղդուկ կարմրութեամբ բանջարի մը կը վերածէր անոր գլուխը, երբ իր կզակը կոխելով վիզին դնդերներուն կը ծռէր վար, գզիաթին [180] ներքեւ փորուածքէ մը հանելու համար մեծ իր մատեանը, ահաւոր պատմութեամբ: Կէս մը դէպի փոսը ծռած, [181] միւս կէսը օդին մէջ առկախ, անիկա տքալով, հեւալով, երբեմն հեկեկաձայն լալով, ծանր, որպէս թէ դագաղէ մը, կը վերցնէր այս գիրքը [182], սեւով վարշամակուած, մինչ իր ամէն վայրկեան փրթելու պատրաստ շունչը հազիւ ատեն կը գտնէր հրամաններ բանաձեւելու, հատ-հատ [183], արագ ու վայրենի.

 

Գետի՛ն, գետի՛ն, գետի՛ն նայէ...

 

Գեղացիք, մանաւանդ պառաւ կիներ, ստիպուած էին աչքերնին բաժնելու մռայլ տեսիլքէն, չքարանալու սարսափով։ Վասնզի մէկէ աւելի էին անոնք որ պատժուած էին անհնազանդ ըլլալով Հոճային հրամանին։ Անոնք երեք օրէն, երեք շաբաթէն, էն ուշը` երեք ամիսէն կը կուրնային: Հոճային գիրքը Հոճայէն մեծ էր: Իրողութիւն էր որ սա տրուած տեգոռ ով ու սա հոգեբանութեան ու սա պայմաններուն մէջ, այս խաւարակուռ մատեանը, իր ուրուային աղջին նպաստովը միայն բաւ էր մարդերը եօթը օր հիւանդ ձգելու:

 

Յետո՞յ։

 

Պիտի կարդար անկէ աղօթքներ, ակնոցը անընդհատ տեղաւորելով մէկ ձեռքով, միւսը չբաժնելով մատեանին մարմինէն զոր անկարելի էր տեսնել վարէն, ծնրադիր նստող խնդրարկուին կողմէ: Խուլ, անմոռանալի աղօթքներ, շշունջ քան թէ բառերու շարք, որ երկարումին մէջ կ՚անգայտանար, [184] հետզհետէ թանձրացող աղջամուղջի մը վերածուելով ունկնդիրին հոգիին խորը: Երբեմն տախտին մէկ հեծքը, մոմէն առկայծում մը կ՚ընդհատէին սա կախարդական հոսումը, ստեղծելով ուրիշ սարսափ: Ոգիները այս ընդմիջումով կը յայտնէին իրենց ներկայութիւնը: Ու շեշտերով ու կերկերուն ու խղդուկ [185] ճիգով եղանակուած, մռայլ ու օրօրուն իր կշռոյթին մէջ սա բառատարափը` կը տպաւորէր քրտնաթոր հեղինակութեամբ մը։ Զայն տեսնողը կը զգար թէ մեծ ճակատամարտ մը կը մղուէր անոր ուղեղին ներքեւ: Ու շէյթանին բանակները զանցառելի ուժ չէին անշուշտ: Անոր դէմքը, օդին պակասէն ու սրտին [186] այլացումէն, սա րոպէներուն կը հագնէր այլուրութիւն մը, ցրուածութիւն մը, ոգեղինացում մը որ կը փորագրուէր այցելուին միտքին: Անգամ մը այդ քարայրը իջնողը, չէր մոռնար անոր գզիաթին [187] վրայ ծնրադիր պայքարողին խոց-խոց [188] վեր տուած դէմքը...

 

Մոլլա Սաիտը քիչ անգամ կ՚իջնէր ատկէ ալ անդին, բուն [189] քարայրը ոգիներու հրաւիրող այր [190] ծառայող։ Մենք պիտի  այցելենք հոն ալ, Հաճի Ապտուլլահին [191] հետ, [192] ներկայ ըլլալու ոգեհարցական նիստի մը, բոլորովին տարբեր բաց տուներու մէջ, ընկուզենի սեղաններու վրայ կամ մետիոմ ներու միջոցով գործադրուած տեսարաններէն: Մինչ այդ, պէտք կը զգամ աւելցնելու որ անիկա սա հեղինակութիւնը, սարսափախառն հիացումը կ՚ապահովէր բաց աշխարհին, հանդիսաւոր, շատ եղերական առիթներու, արտասանելով արաբերէն իր աղօթքները, սրտեռանդն, հեծկլտուն, լիակատար ասումով, ձեւով ու ցնցումներով, գեղջուկ դերասանութեան անկասկածելի ճարտարութեան մէջ յուզելով խղճմտանքները, արդէն օրուան առիթովը տրամադիր այդ բանին: Անոր շնորհներէն մէկն էր այդպէսով սկսուած ազդեցութիւն մը շահագործել, առանց ատիկա զգալի ընելու: Դիմառնաբար կը խօսէր անծանօթ սուրբերու, ուժերու, հրեշտակներու անուններ նետելով հրապարակ: Ու այդ խօսքերը կ՚ամրանային ունկնդիրներու ներսը։

Մէկ քանի օր բաւ է որպէսզի թեթեւակի տեսնուած դէմք մը, պարագաներու նպաստով բռնանայ մեզի, միջամտէ մենէ ներս, խանգարէ մեր կենսագնացքը ու մեզ առնելով մեր հունէն, ակօսէն ընէ [193] բռնավար դէպի մեղքը, դէպի ոճիրը: Փնտռեցէք ձեր շրջանակին մէջ այս անակնկալ շեղումները ու պիտի հաստատէք վարկածին տարողութիւնը: Ո՛րը աղօթքով, ո՛րը այտերուն մետաքսովը, ո՛րը նայուածքին մեղրովը պիտի մտնեն մեր հոգեկան զրահանքէն ու մեզ պիտի հանեն մեր հին անձին դէմ:

 

Կախարդութիւն չէ ասիկա, այլ կեանք:

Ե.

 

Ծանրակշիռ հարցե՞ր:

 

Որքան կ՚ուզէք, նոյնիսկ գիւղակի մը մէջ որուն տուներուն թիւը յիսունը չ՛անցնիր:

 

Ու անոնց լուծումը դատարանէն շատ առաջ, գործը` այդ գեղերու կախարդներուն:

 

Սաիտ Մոլլան նման հարցերու առջեւ, ինքզինքը կը սազէր հին կրօնքներու հարկադրած ծիսական արարմունքներով: Երբ տագնապը իջած է հասարակաց խղճմտանքին, անիկա հասարակաց յուզում մըն է: Այդ տագնապին զոհերը արժանի էին ամէն արգահատանքի:

 

Անիկա կը դիմաւորէր` այդ դժբախտները, անոնցմով ներկայացող ողբերգութեան համեմատ, խիստ, կարեկցուն, խրախուսիչ կամ ահաբեկող: Անիկա երկդիմի ժպիտով կ՚ընդունէր առաջարկները աս ու ան իրարմէ զատելու, հետեւանքէն անմասն ու յաճախ երկկողմնակի, առտուն մէկուն համար պատրաստելով թուղթերը, էտինքին հակառակորդին ձեռքը թխմելով ուրիշներ: Ասիկա այլապէս շահաւէտ գործունէութիւն [194] մըն էր: Ան չէր մերժեր առաջարկը ու աս ու ան ամբարիշտ ձեռքը ջախջախելու, կամ ամբարտաւան բերանը կարկելու, ամէնէն շատ բառի, բռնութեան հերոսները չհանդուրժելուն [195]: Ու բարիք մը ընողի նման սերտ բարութեամբ կը լուսաւորէր պառաւները, իրենց հարսերէն դժգոհ, ասոնք ճկելու հարկադրելով դէպի յարգանքը մեծին: Կամ` մօրը գիրկէն օտարին սահելու վրայ պատանին մեծ յօժարութեամբ իր մօրը կը դարձնէր, բոլորն ալ իր թուղթերով, ժժմակներով: Բոլոր այս յեղումները [196], երկու տողնոց իրենց սեղմութեան մէջ ընդարձակ խռովքներ էին, գեղերը [197] տակնուվրայ ընող, երբեմն իրարու դէմ հանելով տասը-քսան [198] դերակատարներ, քաշուած հոսանքին գեղացիի նախնականութեամբ ու արագութեամբ: Եւ որոնց մէջ պարփակուած ցաւին քանակը, իւրաքանչիւրէն առանձնակի հրապարակ թափուած` տասը ջրհոր կարող էր լեցնելու: Ու գրականութիւն չէ այս տարազը: Վասնզի ո՞վ պիտի չափէ իր լիութեան մէջ սուգը որ մայրիկինն է, երբ իր հազար նեղութեամբ, յաճախ այրի գլուխով, այսինքն ներսէն ու դուրսէն թշնամիէն հալածական, իր իսկ ճիկէր ով սնուցած երիտասարդը կ՚առնեն իր ծոցէն, ու կը տանին օտարին, միշտ սանկ ու նանկ աղջիկ, եթէ ոչ պոռնիկ: Ո՞վ պիտի չափէ ցաւը կնիկին որ չորս հինգ զաւկի մայր, սեղանին չոր [199] հաց, յաճախ ալ մինակ` զուր [200] կը սպասէ էրկանը, գերուած [201] դէպի ծոցը ուրիշ կնոջ մը: Ու վերջացնելու համար այս անսպառ շարանը [202], ո՞վ [203] պիտի տայ ճիշդ աստիճանը ցաւին այն մօրկան որ համոզուած է, թէ օրրանին մէջ ցաւագար իր տղեկը փոխուած է, երկունքի շաբթուն իր շուրջը դարձող սատանաներուն հնարքովը ու ինք հիմա հրէշի մը կու տայ իր կաթը, մինչեւ որ ճղուի, ճղուի ու ոսկորիկէն ալ կոտրած գոցէ աչքերը, մինչ անդին իր պորտէն կտրուած ձագուկը սատանաներուն սեւ կաթին մէջ դատապարտուած է սեւնալու եւ մարմինէն զատ հոգին ալ գեհենին գրելու: Հեքիաթ չէ ասիկա, այլ հայ ու թուրք գեղերու մէջ շատ յաճախադէպ իրողութիւն, որով կը մեկնուին ժառանգական ցաւերէ անտեղեակ այդ ուղեղներուն համար չաճող փոքրերուն ընկրկումը, մազ մը բան մնալը ու կապուտցած մորթով գերեզման իջնելը։ Հեքիաթ չէ ասիկա, այլ իրողութիւն գեղջուկ կիներու միտքին շատ մօտիկ: Թող ուզէին այդ մայրերէն իրենց ճիկէր ը ու ան պիտի չվարանէր [204] իր կուրծքը ճեղքել, տալու համար պահանջուածը, հերիք է որ այդ գինով ձագուկը կը փրկուէր:

 

Նման դժբախտներու արցունքին առջեւ հոյակապ էր Մոլլա Սաիտը: Անիկա կու լար, յետոյ կը փրփրէր, ոգիներու հետ բուռն ճակատամարտ մը դերելով [205], կատարեալ հարազատութեամբ: Ան կը բռնէր իրեն ներկայացուած մանկիկը երկու ոտներէն, մէկ ափն ալ դրած անոր քամակին: Յետոյ կը նետէր վեր իր գլխէն, կը բռնէր ինկածը կրկին, տաքնալով փոքրիկին լեղապատառ ճիչերէն որոնք արդիւնքն էին սատանաներու ճիրաններուն հզօր ճնշումին անոր ոսկորներուն հիւսուած, ու տեսողական հզօր թելադրումով, աճպարարութեամբ գրեթէ, ճօճումները արագացնելով, ձեռքի մանկիկը զոյգ ցոյց տալով, [206] իբր թէ կը փոխէր դեւին ձագուկը, կը կորզէր ինսան օղլու ն [207] ճիներուն ձեռքէն: Ու ատ օրէն փոխուածը կը դնէր վրայ, մէկ երկու շաբաթէն ֆիլ կը դառնար, պարպելով եօթը կնիկի ծիծ ու տարին բոլորած ատենը փայտ սրունքներուն տեղ դրուած կ՚ըլլար միսի մէջ լխպիկ զոյգ մը աղուոր բումբ։ Հէ՜յ զօրութիւնը ճին հալածողներուն:

 

Այս գիծի անոր քաջագործութիւնները գիրք կը լեցնեն։

 

Ձգելէ առաջ անոր դժոխանուէր տաղանդին սա ցուցադրումը հարկ է տակաւին քանի մը բառով մօտենալ անոր հմայիլներուն, մեր լեզուով հմայեակ ներուն, գեղակերտ, ամրակար, Մէքքէի թուղթով ու Մետինէի մելանով։ Հիմա այս անունները կը հնչեն պարապ: Այն օրերուն անոնց արտասանումը միայն բաւ էր հոգիները խռովքով, երազով, երկինքով ողողելու: Այդ համայիլները, քարի պէս դիմացկուն կաշի եռանկիւններու մէջ ծրարուած` չէին ազդուեր տաքէն ու պաղէն, քրտինքէն ու լուացքէն, թշնամիին աչքէն կամ կապարէն: Գեղամարմին ըմբիշներու կուրծքին անոնք յաղթանակի զինանշանները կը նկատուէին, երբ ելած էին Մոլլա Սաիտի գրիչէն, հիմա անգոյ մեծ թռչունի մը թեւովը գրուած, զոր անոր ոգիները բերած կ՚ըլլային անդիի՜, վարի աշխարհքէն:

 

Ու տակաւին անոր նուuխա ները, եօթը լեռ [208] հեռու ապրող բայց մեր աշխարհէն սեւ թռչուններու արիւնով գրուած որ չի չորնար, կ՚ըսեն, ու իր կաշեայ գերեզմանին մէջ կը պճպճայ տարիներ, մահուան կողերէն հանուած քրտինք մը իբրեւ, [209] կեանքին յայտարա՜ր: Անոնց ալ ծագումի վայրը կը հեռացնէր անիկա, [210] Արեւելքի շատ մը սուրբ քաղաքներէն մէկը մինչեւ քշելով կաշին կամ մագաղաթը:

 

Շուկայի ապրանքներ ասոնք, տարիին եւ եղանակին համեմատ, հասցէին եւ դիրքին հետ գին փոխող։

 

Այս ամէնը, որոնք տարուէ տարի աւելնալով իր շիլ գործերուն արդիւնքին` ըլլային ստեղծած իր ներկայ հարստութիւնը ու ատոր հպատակ իր բարոյական վարձը մեծափառ ճարատարապետած: Ո՜վ գիտէ:

 

* * *

Բացի գերբնականին մէջ իր այս շնորհքներէն, Սայիտ Մոլլան աշխարհիկ իրերու հանդէսին ալ դէմ շահեկան, ու այն օրերու հանգամանքներով «ներկուռ» երեւելի անձնաւորութիւն մըն էր ։ Ամէն քաղաքիկ իր աքաղաղը կ՚ունենայ: Այդ մարզերուն աքաղաղները, դրամի կամ զէնքի կենդանակերպէն, քիչ անգամ կը հանդուրժեն պարեգօտաւոր մարդոց այս գերագահութիւնը: Հոճան իր ճիներուն վոհմակովը, բայց մանաւանդ իր խառնուածքին յորդ տուրքերովը լռեցուց նախանձորդ փառքերը:

 

Պզտիկ, շատ թանձր իր մարմինին դանդաղ բայց երկարաշունչ եռանդովը, տպաւորելու, համոզելու, «փոշի ցանելու», «փչելու», «նուաճելու» իր առաքինութիւններովը որոնք դեւերուն կայսրութեան շնորհները կը նկատուէին իր մրցորդներէն ու անդիմադրելի, [211] Մոլլա Սաիտ տիրական անձնաւորութիւն մըն էր, խածան, ամենակար, մանաւանդ խառնակիչ։ Արաբական առածը որ բոլոր երկարները յիմար հռչակելէ յետոյ բոլոր կարճերն ալ քսու կ՚որակէ, քիչ անգամ իրաւ ըսած է այս դիպողութեամբ: Կարճերուն մարմինը բնութեան սա զրկանքը թերեւս կը դիմաւորէ այս կարգի բազմախռիւ տուրքերով: Դիտեցէք ձեր շուրջը ու դժուար պիտի չգայ ձեզի համոզուիլ արաբ առածին յաւիտենական իմաստութեան։ Բոլոր կարճերը խորապէս ամբարտաւան, բայց այդ զգացումը պարտկելու մէջ խորագէտ շատախօսներ են, որոնք ուրիշներուն մօտենալու համար, զանոնք շոյելու, սիրաշահելու բնական գաղտնիքն ալ նկարագրի գիծ են ըրած, տեւական, ամէնօրեայ կրկնումներով: Թող այդ մարդերուն վրայ պետական, վարչական կամ ազատ արհեստաւորներու [212] աստիճաններէն տիտղոս մը թառի, անոնք կը դառնան անդիմադրելի: Անոնք չեն աճիր [213] տարիքէ, ինչ որ մեր լեզուով հոմանիշ կու գայ մշտական երիտասարդութեան: «Հաւը` պզտիկ, միշտ ալ ճուտիկ», աս ալ ըսողը թրքական առածն է։ Ու կը խորանան խառնակչութեան ու կեղծիքի մէջ։

 

Ճինճի Հոճան կեղծաւոր մը չէր, դրամը զինքը կ՚ազատէր այդ զիջումէն [214]: Ու անիկա ամէնէն մեծ մարդն էր իր քաղաքին: Անշուշտ խելքը կ՚ունենանք սա քաղաք տարազին տալու իր պատշաճ իմաստը: Թուրքերը այս որակումը հաճոյքով ու ձրի կը փակցնեն երէկուան ագարակին, հերիք է որ անկէ մարդ մը Պոլսոյ մէջ հասած ըլլայ պետական բարձր դիրքի, կամ այցելող կուսակալի մը քմայքը սիրաշահուի քիմքի եւ ուրիշ զգայարանքներու խօսող նուէրներով։ Աւելի յաճախ ժուռնալ [215] մը, շրջաններուն մէկ մեծ հողատէրը, բռնաւորը կը հանէին զայն ուշադրութեան։ Քանի մը հարիւր տուն, ճարուած հոսկէ ու հոնկէ, դեռ պահելով հիւղական իրենց յարդարանքը, հոտելով գեղը, թրիքը, աղտոտ ոտքերը հօտաղներուն, [216] քանի մը տասնեակ ալ կրածեփ տուներ, քաղաքին գոյնն ու պատրանքը թելադրող` կալատիպ ու ճախնայատակ այդ հարթութեանց վրայ, ու դուք կ՚ունենաք նոր քաղաքիկը։ Անատոլուի եւ Ռումելիի երկաթուղին իր կայարաններով հարիւրաւորներ է ստեղծած անոնցմէ, ցաւագար ու ջերմոտ աւաններ, գնացքին սուլիչովը հազիւ աչք բացող իրենց թմբիրէն ու անցքէն յետոյ հաշիշէ թունաւոր այդ քունին մէջ նորէն ընկղմող։

 

Ճինճի Հոճան վեհապետն էր քաղաքին: Ռէժիմը, զոր Սուլթանները հաստատած էին, մեծ նպաստ կը բերէր այս փաթթոցաւոր հեղինակութեանց: Թուրքը յեղափոխութեան ատեն միայն ինքն է անոնց դէմ: Ու յեղափոխութիւնը պէտք է հասկնալ խառնակութիւն [217], կողոպուտի առիթ: Ուրիշ պայմաններով, կրօնաւորը տիրական դէմքն է արդիական գիւղին ու քաղաքին:

 

Գայմագամը պարտաւոր էր, իր պաշտօնին գլուխը անցնելէ յետոյ, առաջին այցելութիւնը իրեն կատարել: [218] Զանցառու մը անիկա «թռցուց» կիներու ցոյց մը կազմակերպելով որոնք երիտասարդ պաշտօնատարին աղջկանց վարժարանը (անունը միայն, ինքը` սենեակ մը, ուր քսան-երեսուն [219] աղջիկ ձմրան ձիւնին ու ցեխին, արտէ արգիլուած, տաքնալ կը սորվէին) քանի մը անգամ երթեւեկը պատրուակ նկատեցին հսկայ բողոքի մը, պոռալով կանչելով կառավարական պալատին առջեւ։ Հոճան հեռագրով հեռացումը ստացաւ անփորձ պաշտօնատարին։ Այս դրուագը լաւ դաս մըն էր նորեկներուն, որոնք պարտաւոր էին նկատի առնել անոր կարծիքը, տրամադրութիւնը, հեռու եւ մօտ շահերը, հասարակաց ձեռնարկ մը սկսելէ առաջ: Անշուշտ ժողովուրդը չէր սպասեր [220] անոր բերելիք բաժին-դրամին: Ճինճի Հոճան մեղք կը սեպէր տալը, ամէն բանի մէջ: Ու «կարդացողէն եղ չ՛ելլեր» ը [221] ուրիշ առած է: Բայց Հոճային կալուածները քիչ մը շատ տարածուն, քիթով մը, պոչով մը գոնէ շփման կու գային ճամբու մը յատակագծին։ Տարիներով անիկա արգիլեց կոյանոցներու հաստատումը, վասնզի [222] իր մէկ խանութը զոհ պիտի գար «օտարին» աղբի՜ն: Ի՞նչ էր մեղքը պատուական հորերուն, որոնք գոհացուցած էին իր նախնիքները:

 

Անիկա թռցուց կառավարական ընդհանուր դատախազը որ աստուածաբանական մէտրէսէ [223] մը եւ Պոլսոյ իրաւաբանական վարժարանը աւարտելէ յետոյ, եռանդով ասպարէզ էր նետուեր, օգտակար ըլլայ [224] տգէտ իր եղբայրներուն: [225] Լուսամի՞տ: Հարկ չկայ ատոնք քննելու: Անիկա բախում ունեցաւ, անշուշտ քիչ մը անփորձութեան, շատ մը` իր խանդին պատճառով, անխուսափելի Հոճային հետ որ Գուրպան Պայրամի (Մատաղականը իսլամներու) առիթով մորթուած ոչխարներուն կաշին կը հաւաքէր, առանց հաշիւը տալու ստացուածին, քանի որ Հոճան անոնց փոխարժէքը կը բաժնէր «ներքեւ ձեռաց» չքաւորներուն եւ ողորմութիւնը հրապարակային եղած պարագային կը տուժէ կէսը իր արժէքին: Ըստ այս տրամաբանութեան անիկա կը կլլէր աղքատին բաժինը: Ու հակառակ անոր որ ամէն մարդ տեղեակ էր կատարուածին, ամէն մարդ պարտաւոր էր անոր տունը տանիլ իր ձեռքով տօնական մորթերը: Անհեթեթութի՞ւն: Ո՜ր բանը չէ սա մեր կարգերուն: Ընդհանուր դատախազը հրապարակաւ յանդգնեցաւ հաշիւը պահանջել ու անարգուեցաւ: Անոր ձայնը անզօր մնաց այդ անարգանքը դատական ճամբով քաւել տալու: Ու յանուն քաղաքիկին հանդարտութեան... հեռացուեցաւ ուրիշ տեղ, աւելի լաւ ճանչնալու համար իր մեծերը, յարգելու իշխանաւորը, կրօնաւորը, որոնք այս պետութեան սիւները եղան... .

 

Գո՞ղ։

 

Անշուշտ: Բայց նրբութեամբ մը:

 

Կառավարութենէն, հանրութենէն կատարուած ամէն կողոպուտ հալալ էր անոր համար: Այն օրէն երբ քաղաքային վարչութիւնը երկրորդ փլանի նետեց կրօնականը, այն օրէն այդ պաշտօնեաները պաշտօնական գողեր նկատուեցան փաթթոցաւորներուն կողմէ, որոնք դարերով այդ երկրին վարչութիւնը առեր էին իրենց մենատիրութեան։ Հետեւաբար մեղքը կը մեղմանար ըստ առածին, որ կ՚ըսէ.

 

Գողը գողէն գողցաւ, Աստուած տեսաւ զարմացաւ:

 

Առածը չ՛աւելցներ պատժելը: Ու խելացի են մեր բոլոր առածները: Գո՞ղ։ [226]

 

Օրինական: Լրացնելով պայմանները կողոպուտին որ կապալ անունով գործադրելի էր դեռ կարգ մը տուրքերու գանձումին մէջ: Անիկա ընկեր կ՚առնէր իրեն շրջանին ամէնէն անգութ աւազակը, ըլլալով անոր երաշխաւոր ու կը գանձէր տասանորդը [227] խեղճ ու կրակ գեղերու, բոլորն ալ նորահաստատ գաղթականներ, հազիւ ցամաք հացը հանող ու կը քերթէր անոնց կաշին, տառացի հարազատութեամբ մը, կալին մէջ կենդանիին կերած հատիկն իսկ ենթարկելով տասանորդի [228]:

Զ.

 

Մոլլա Սաիտին հետ ամէն մարդ, բայց մասնաւորաբար իշխանաւորները կը զգուշանային թնճուկ ունենալէ [229]:

 

Անոր երեսին պնդութիւնը, բարոյական դիւրազգածութենէ զուրկ մարդու լրբութեամբ մը պայմանաւոր չէր միայն: Անիկա մշակած էր այդ յամառութիւնը, մուրացկաններու վայել մարզանքով, մի մոռնաք պարկը ուսին կալ կալ շրջիլը: Աշխարհէն իր վրէժը առնելու սա ուշացած ու շրջուած կերպը անոր մէջ ցաւի մը պէս կը խռովէր փառքը, հեղինակութիւնը երբ անդրադառնար այս տարիներուն ուր կը հալածուէր մէկ գեղէն միւսը, կալի շրջանին կարճ ու տգեղ իր պատկերէն ստեղծելով ընդհանուր անախորժութիւն: Մարդ դժկամ է մուրացկանին հանդէպ: Աւելի աստիճանով մը` անոր գարշանք տարածող տեսակին [230] հանդէպ:

 

Անիկա չէր նահանջած իր ոչ մէկ ձեռնարկէն։ Ասիկա երկրորդ զօրութիւնը: Ամէն մարդ գիտէր թէ Հոճային ճիրանը չփրցուցած չի բացուիր: Ու իր երեւցած գործին մէջ ընդդիմադիրները խոհեմութիւն կը համարէին սիրաշահիլ զինքը, ինչ որ հոմանիշ էր ընկրկումի: Անոր մասնայատկութիւնը դարձեալ շեղումը` թրքական վարչակերպէն որ երեւոյթները փրկելու, կարկտանի քաղաքականութիւն մըն է։ Ճինճի Հոճան կը զատուէր խառնշտկելու իր մոլուցքովը, [231] ու տկարութեան, գայթակղութեան պատահարները կը տանէր իրենց անդրագոյն եզերքին ուրկէ անդին կործանումն է ենթակային։ Հանրային հարցերու մէջ անոր հետ վէճ մը ի սկզբանէ դատապարտուած էր կորուստի. վասնզի «յոգնութիւնը անոր երեսէն կը յոգնէր», ինչպէս կ՚ըսէր նրբութեամբ սրամիտ աները Հաճի Ապտուլլահին, առաջին կնոջմէն: Խնայելու համար անխուսափելի տաղտուկը երկարող ու կործանող դատերուն կամ բախումներուն, մարդիկ սովոր էին եօլա երթալ անոր հետ։

 

Նոր քաղաք մը, ինչպէս է մեզ զբաղեցնող քաղաքը, երեւան չի գար մէկ օրէն միւսը, ան ալ թուրքերուն ձեռքով, առեւտուրի մեծ կեդրոններէ հեռու ինկած ու կռնակին անթափանց սապատ մը ապառաժի: Կառավարութիւնը իր դիւաններուն համար իր գանձէն քիչ մասով կը մասնակցի հասարակաց ծախքին: Պազար մը կը շինէ, uանկ ու նանկ յարդարանք մըն ալ կու տայ անոր առջեւի հրապարակին։ Մնացեա՞լը: Ժողովուրդը ինքը պիտի շինէ իր միջոցներով: Այս բարեզարդումը կ՚ ընթանայ արագ երբ գոյութիւն ունի քրիստոնեան որ պարտաւոր է մասին մեծը վերցնել տարապարհակէ, հանգանակութենէ, բազմաբղետ որակումներով տուրքերէ: Անոր պակսած պարագային, բեռան ծանրութիւնը կ՚իյնայ բանուորին ու աղքատին կռնակին: Նոր հանուած ճամբաները, հեռու տեղերէ բերուած ջուրերը, ագուգաները [232], մզկիթները, շինութեան ու փլուզման թաղապետական յատակագիծները զոհողութեան, աջակցութեան կը հրաւիրեն ժողովուրդը: Ասոնք ամէնը կատարուած էին նոր քաղաքին ալ մէջը։ Բայց բոլոր այս ձեռնարկները գտած էին հաշտութեան եզր մը սարսափելի մոլային հետ: Ու եղերականը ան էր որ բոլոր այս անիրաւութիւնները անոր կողմէ բնական բանի մը պէս կ՚ընդունէին։ Խիղճէ չազդուող մարդու անոր ուղեղը քիչ կը գտնէր իրեն տրուածը: Աւելի եղերականը, սակայն` այդ չարաշահութեանց ընդունուիլը [233] ` ժողովուրդին ալ կողմէ որ այս զիջումով կ՚արտայայտէր ահաւոր անոր ժողովրդականութիւնը: :

 

Տուի մէկ մասը այդ հեղինակութեան աղբիւրներուն: Ահա ուրիշներ: Որոնցմէ կարեւորագոյններէն մէկը հայհոյելու մէջ իր գերազանց լրբութիւնը: Ասոնք, իր հայհոյութիւնները կրնան նախատիպը նկատուիլ անոնց զորս իր դատապարտուած փեսան ամէն օր կը կտրէր, փողերանոցէն նոր ելած ոսկիի պէս շլացիկ, սա նկուղին մէջ: Եւ ասոնք տարօրինակ պարզութեամբ մը կը փայլէին անոր հաստ շրթներուն ինչպէս մրուրը՝ տզրուկին: Ու անոր իւղն ու թթուն կը փոխադրէին լսողներուն, իբր անկէ բխում։ Կու գայ ատենը ու մեր թերութիւններն ու մեղքը կը դաշնուին մեզմէ հոլացող մտապատկերին վրայ ու կը փոխարինուին իրականութեամբ:

 

Բառախաղն ու քաշքշուքը կը հետեւին այս յատկութեանց իբր զուարթ շարունակութիւնը: [234] Ու ոչ ոք չէր նեղուեր երբ ճամիին հրապարակէն փէշերը սոթտած նետուէր դուրս, կեավուրի էշի մը սմբակները լեցնելու աշխարհին բոլոր աղտովը, վերնալու համար խոնարհ չորքոտանիէն աւելի էշ անոր տիրոջը որ պարտաւոր էր կուլ տալ նախատինքը, ու մտիկ ընել քանի մը րոպէ յետոյ անոր հարցումները Հազրէթը Իսայէն, անոր գիրքերէն, Գուրանին մէջ անոր մասին եղած ակնարկութիւններէն ու այդ ամէնէն անտեղեակ մնալուն մեղքը կը քաւէր ուտելով խոշորկեկ բռունցք [235] մը: Զուարճալիքն ու աղտոտ, [236] աղբ արձակող սրամտութիւնները [237] անոր բերնին կը վայլէին թէ իբր նիւթ, թէ իբր հնչում, վասնզի արաբերէնի վարժ իր կոկորդը բառերը կը ճաթեցնէր, կ՚ուռեցնէր համաձայն երանգին որ կը խտանար իմաստին մէջ: Անհաւատը անարգելն ալ ծառայել է Ալլահին: Ու տակաւին իր ելոյթները, սանկ ու նանկ պարագաներու հեռագիրներ՝ Պրուսա եւ Պոլիս, պաշտօնական կամ ստիպողական կարիքներով: Հայրենիքին եւ Տինը իսլամին ուղուրին իր անհաշիւ զոհողութիւնները հեռագիրը թուղթ մըն է ու հետեւաբար բառ կը փոխադրէ՜ անոր պարգեւած էին տեսակ մը այլուրութիւն, պարտքէ, տուրքէ զերծութիւն մը, զայն տեղաւորելով աշիրէթային շէյխի մը սրբազնութեամբը։ Ըսի թէ Համիտի ռէժիմը այդ կարգին առջեւ եղաւ պատկառ։ Ու նուիրական ու բուռն, ու տապալող անոր պերճախօսութիւնը, հրմշտուքով, ձեռքի, աչքի ճօճումներով ու թուքով, պեխով, մօրուքով` գիսախռիւ: Որ կը տաքցնէր եղէն [238] խեղդուած անոր աչքերը ու կ՚ընէր անոր անձը վարակիչ, իր կիրքերուն ու գիշախանձութեանը մէջ: Քրիստոնեաներու դէմ իր յաջողութիւնը արդիւնք էր իր այս ջերմ, [239] շարժուկոծուած հռետորութեան որ ամբոխները [240] կ՚ընէ խենթ ու գինով:

 

* * *

Ու գունդ ու կլոր, ցեխոտ փէշերը փարտելով, անիկա կը մտնէր կառավարութեան պալատէն ներս, իբր իր ախոռէն, արհամարհոտ՝ չափելով եւ մեղքնալով ներսէն դռնապանին վեհերոտ արտայայտութիւնները, երբ ցեխին փիտէ ները կօշիկներուն տակէն չէր զիջեր սրբել դռնեզրի երկաթ սրբիչներուն: Այդ նորութիւնը անշուշտ հաւասար է կեավուր դառնալուն: Այս գիծէն անիկա անողոք նզովք ունէր թաշկինակին նոր գործածութեանը տեսակէտէն, որով մոռցուած էր անոր դերը մաքրութեան կտա՜ւ [241] , ու յատկացուած [242] քիթի սպասին: Անցեալին մէջ անոր պաշտօնն էր քրտինքը ընդունիլ ու վիզը [243] պաշտպանել: Նոր անոր պաշտօնը գիւտն էր կեավուրին կամ ջհուտին: Չէ՞ին բաւեր Բարձրեալն Աստուծոյ Մոլլա Սաիտը պատշաճ արաբ վերադիրը երբեք զանց չէր ըներ սուրբ բառին պոչին հինգ մատները այդ սպասին: Անիկա արարողութեան մը պէս կը դնէր բթամատը մէկ ռունգին [244], ճկոյթը լարած` նետի մը նման ու կը պոռացնէր ահագին փողը, հանդարտ, անտարբեր, պարպելով պարունակութիւնը ամէնէն անձուկ խանութին առջեւ: Անիկա տեսաբան մը չըլլալը ապացուցանող [245] այս կարգի տգեղութիւնները կը կատարէր լրջութեամբ, համոզումով: [246] Ու վա՜յ միջամտողին: Ո՞վ էր խելացին, Ամենակալ Ստեղծի՞չը թէ խոզի թոռ հրեան, կամ` շան սերունդ քրիստոնեան ո՜վ անծակ ատելութիւնը իսլամին այդ ծառաներուն որ կրօնական երանգէն սպառած՝ մտեր էր ա՛լ ազգայինին մէջ, քրիստոնեայ Մոսկոֆին երկդարեան ծեծովը տեղաւորուած անոնց հպարտութեան աւերակոյտին խորը–, որոնք սատանային մատաղ մնալու [247] իրենց ճակատագիրը սա կերպ հնարքներով կը ջանային մեղմացնել, խաբելով, խաբխբելով, դէպի մեղքը զառածելու համար «անդստին յորովայնէ» ճէննէթ ին համար նախասահմանուած հաւատացեալները: Հնազանդ իր դաւանանքին` իր տունէն հալածելով կը հալածէր կեավուր հոտող գործիքները: Խուլ իր [248] ատելութի՛ւնը պատառաքաղին: Իր մատները կը բաւէին իրեն, առանց տրտունջի ու ձրի...: Կը ծառայէին խլինք մաքրելու աշխատանքէն մինչեւ ափափումը փիլաւին: Բարքի սա գիծերը կազմեցին անոր տարօրինակութիւնը, որ հաշիւի եւ հեռաւոր շահերու [249] հաշտութիւն մըն էր անոր նախնական ուղեղին խորը: Ոգիները կը զատուին չոգիներէն, նորութեանց հանդէպ իրենց հեստ կեցուածքովը։ Ու ամբողջ այդ շրջանակին պաշտօնական անզոյգ ոգեհարցն էր անիկա:

 

Անոր արհեստը կը դողացնէր մարդերը ինչպէս տուները, կենդանիները ինչպէս մեռելները, երկիրն ու երկինքը [250]: Չարաշուք, ահաւոր այս գիտութիւնը [251] խարիսխը կը մնար անոր բոլոր գործառնութիւններուն: Ամէն տեղ, ամէն ատեն անոր դէմքին կ՚իշխէր «անոնց հետ» ըլլալու տեսակ մը ցրուածութիւն: Ուրիշներու մտիկ ըրած ատենը ան ունէր շարժումներ որոնք կ՚ուղղուէին դեւերուն իբր հրաման: Ու անոր հեղինակութիւնը «անոնց» վրայ դուրս էր կասկածէ:

 

Փա՞ստ:

 

Որքա՛ն որ կ՚ուզէք:

 

Հարիւրներով կը համարուէին անոնք որոնք տեսած էին զարհուրելի մարդը, առջին ձգած ճիներու երամակը, քալելով անմատոյց սարերու կողերէն, սրինգը բերնին, նուագող իր յաղթանակները ու կառավարելով, յաճախ ծեծելով իր մականով սոսկալի կենդանիները, լեռնային դաժան հովիւներու նման, քանի որ ճիները ստիպուած էին մտնել հօտին մէջը այծերուն կամ բուսնէին մէջը ոչխարներու հօտին, սովորական, հինայուած ճակատներով որոնք քարի մը գլուխին պսակ կը թուէին: Ու գառներ, իրենց մօր ստինքը հարուածելով: Ու շուներ, ապահովաբար տասնապետ-դեւեր, որոնք հաջած ատեննին ձայն չէին ունենար բայց իրենց կլափէն սեւ բոց մը կը թափէին: Անշուշտ հրաշապատում սա իրողութիւնները ունէին իրենց պարզ, մարդկեղէն կողմը, քանի որ կը տպաւորէին [252] գիւղական տեսարաններու ընթացիկ ճամբով: Լերան փէշերուն այնքան առատ են հօտերը, ու անոնց հովիւը` իր տարազովը կը նմանի դաշտերու հոճաներուն: Ողիմպոսի սարահարթները արօտ կը ծառայեն թիւրքմէններու [253]  անհամար հօտերուն: Բայց վայ անոնց որոնք կը խաբուէին այդ դիրքերու [254] վրայ տեսնուած այս պատկերներէն: Կային մարդիկ որոնց մականունը կու գար այդ ճամբով դիմաւորուած փորձանքներէ: Վասնզի գողցած էին սիրունիկ խոյ մը, բերած տուն, կապած բակի սիւնին, լուսդէմ մորթելու դիտումով: Ու գիշերը կէսին ծծումբի, լուցկիի, կուպրի բուռն հոտէ մը արթնցած՝ ելեր բակ, ու գտած՝ սիւնին կապուածը. փոխուած իր իսկական պատկերին, այսինքն վաւերական սատանայի մը որուն եղջիւրները սեւ, բայց թափանցիկ օձերու նման կը բուսնէին, կ՚աճէին, հասնելու չափ մինչեւ առաստաղ, ու կը քաշուէին կրկին, [255] ինչպէս կ՚ընեն կարգ մը խղունջներ, իրենց աչուկները թելի մը պէս նետելով ու ետ առնելով: Ու օղակները այդ եղջիւրներուն կ՚այրէին առանց հատնելու, արձակելով կուպրի բռնկումը յիշեցնող պճպճան լոյս: Աղէտը կատարեալ էր այն ժամանակ, երբ ինսան օղլու ն տխմարութիւնը գործէր անասունին աչքերուն խորը իյնալու, վասնզի շէնք-շնորհք [256] քար կը դառնար, ու կ՚իյնար իր բակին։ Քանիներ այդպէս պառկած են գտնուեր իրենց բակին ու գացած ուղղակի գերեզմանին խողովակովը... դժոխք:

 

Հարիւրներով կը համարուէին ուրիշներ, որոնք տեսեր էին անոր նմանօրինակ հրաշքները, թէեւ դարձեալ նախիրի մը գլուխը անցած [257] [258] (գեղացին իր հեքիաթներն ու հրաշքները կը յօրինէ զմայլելի իրապաշտութեամբ մը որ անոր առօրեային երկարաձգումն է դէպի երազին մշուշոտ սահմանները: Հայ գիւղացին իր սուրբերը ձիւներու գարգմանակով [259] կ՚ախորժի պսակել։ Եգիպտոսի ղպտիները զանոնք կը դնեն միշտ առուակի մը ակին որ կանաչներուն մէջէն կապուտիկ իր ճամբան կ՚ընէ: Ո՞ւր աւելի անհրաժեշտ է ջուրը քան անապատը), լեռները կը հանէր գոռում-գոչումի [260], անոնց կողերուն խարսխուած կաղնիները [261] եղէգի պէս ճօճելով [262] եւ շղթայէ շղթայ խորունկ փորուածքներուն մէջ փոթորիկն ու կայծակը Հազրէթի Իլային . Եղիա) պէս հարուածելով [263]: Իրականին մէջ, այդ կողմերը յաճախադէպ ուրուականներուն անդրադարձն էր այս հրաշքը, անձրեւ, կարկուտ, ձիւն իրարու խառնող ու կուրցնող տեղատարափը որուն գնդակներուն ասեղներուն տակ կենդանիները կը ցրուէին այս ու այն ժայռին քիւին, ապաստան գտնելու եւ կ՚ըլլային, հեքիաթին մէջ [264] ` հողամո՜յն [265]: Ու իրենց հիւղակին ծակէն այս տեսարանին [266] հանդիսատեսները հաճոյքով կը խորհէին Ճինճի Հոճային դիւակազմ նախիրին [267] ու չէին խորհեր սովորական արածող անվնաս արջառին, որ գետինին ծալքերովը, կարկառներովը պահ մը կ՚առնուէր աչքէ:

 

Հոճա՞ն:

 

Չէր հաստատեր այս զրոյցները, պարագայ՝ որ բան մը չ՛ապացուցաներ [268], բայց չէր ալ հերքեր, ինչ որ շատ բան կ՚ապացուցանէ:

 

Անոր հնարքներէն կը նկատեմ այդ շրջաններուն մէջ շատ յեղյեղուած ճինի պատմութիւնները որոնք արդէն առանց մասնաւոր ճիգի, այնքան արագ կ՚աճին ու կը ծաւալին իմացական կեանքէ բոլորովին զուրկ այդ մարդոց ուղեղին խորը։ Աշխատանքէն դուրս իրենց պարապի ժամերը այդ մարդիկը կ՚անցընէին սրճարաններու, մեծ հիւրանոցներու եւ ճամիի [269] հրապարակներուն: Ու կ՚անցընէին իրարու հրամցնելով նմանօրինակ բանդագուշանքներ։ Հոճան կը քաջալերէր բոլոր դրուագողները, խոր ունկնդրումի արժանացնելով ամէնէն անհեթեթ եղջերուաքաղն անգամ, սուրճով, քթախոտով, ծխախոտով մեծարելով երանելի պատմիչը, նոյն ատեն ձեռնատարած փառք տալով Ալլահին ու իր իմաստութեան որուն պիտի չհասնին մարդերու պակաս խելքերը: Իր շահատակութեանց յարմար այս մթնոլորտը անիկա կը խռովէր նաեւ այնքան յաւելումներով: Կը թելադրէր որ հրապարակաւ պատմուէր ինչ որ գաղտնիքի կնիքով ըսած ըլլար մտերիմի մը: Ըստ այդ հաւաստումներու անիկա սեւ հաւերը, խոյերը, ուլերը, գիշերուան մը մէջ կ՚ընէր ճեփ ճերմակ, անշուշտ տաղանդովը իր ոգիներուն, իրականին մէջ զանոնք մորթելէ յետոյ փոխարինելով սպիտակներով։ Անոր ձին երբեմն կը թռէր օդէն, մշուշի ատեններուն [270]: Ու անոր քիւլահը մինակը կը ճամբորդէր... փոթորիկին առջեւէն։ Մարդիկ յիմարութեան մէջ անբաններն իսկ կրնան գերազանցել: Բայց կը հաւատային անոր պարզամիտ հայրենակիցները իր ուրիշ մէկ կարողութեան որուն համեմատ անիկա կրնար իր հասակը ուզածին չափ կարճել ու երկարել: Անոր հասակը կը բարձրանար մինչեւ մինարէն, [271] թարթիչ մը կանուխ` անոր տակը, հիմա անոր շերիֆէ ին [272], պոռալով իսլամութեան երկնառաք պատգամը [273], զայն ընդունող [274] ու ընդունելու հարկադրուած [275] հորիզոններուն:

 

Ու հակառակ անոր, որ մէճէլլէ ն [276] [67] պատիժ կը տնօրինէ խաբեբաներուն, աճպարարներուն, ու կառավարութիւնը խստօրէն կը հալածէր թուղթ բացողը, ճին հաւաքողը, րէմ   թափողը [277], կը գործէր անիկա յարգալից ազատութեամբ: Անոր առաջին յաճախորդները պարտաւոր [278] էին ըլլալ կառավարութեան պաշտօնեաները, եթէ չէին ուզեր անոր յայտ ու անյայտ փորձանքներուն ենթարկուիլ։

 

Քիչ մը երկար այս դրուագումը կը կեցնեմ հոս:

 

[279] Անհատնում ըսուելու չափ առատ են այս մարդուն նշաններն ու զօրութիւնները որոնք անոր pittoresque մը պիտի շահէին: Բայց չէին դադրեր ծանրաբեռնելէ գնացքը պատմումին։ Գերբնականին մէջ արկածախնդրութեանց կը սպառնայ այս վտանգը։ Նոր միտք դժուար կը հետեւի այս տողանցին:

 

Ըսի այսքանը, վասնզի մեր պատմումին հերոսը իրականին մէջ Մոլլա Սաիտն է, որ իր մռայլ ազդեցութեամբը խախտած է պարզամիտ գիւղացիի մը մտային հաւասարակշռութիւնը ու զայն նետած ոճիրին։

 

Ու ամէն սպանութիւն երկու երեսով ողբերգութիւն մըն է միշտ: Անոր մէկ երեսը զոհն է որ կը թաղուի [280], միւսը` զոհողը:

 

Մենք կը պատժենք վերջինը ու կը մոռնանք առաջինը։

 

Այս պատմութիւնը փորձ մըն է երկու երեսներն ալ մատչելի ընելու ընթերցողին:

 

Հաճի Ապտուլլահը իր բանտին մէջ կը քաւէր նաեւ ոճիրը իր աներին:

 

Ու հիմա, ոճիրը:

 

 

 


 



[1]          վերջակէտ (ԱՊ), սրբագրուած՝ ստորակէտ

[2]          ջնջ. ստորակէտ

[3]          քոսոտ (ԳՄԵԼ) \  գութած (ԱՊ), սրբագրուած՝ քռթած

[4]          տժգունութիւնը (ԳՄԵԼ\ԱՊ), սրբագրուած՝ դժգոհութիւնը

[5]          էր (ԳՄԵԼ\ԱՊ), սրբագրուած՝ իր

[6]          ստորակէտ, սրբագրուած՝ բազմակէտ

[7]          Աստուածաբանական ԳՄԵԼ \ ԱՊ), սրբագրուած՝ Աստուածաբանութեան

[8]          բառը կը պակսի հին տարբերակին մէջ:

[9]          յաւելում միացման գծիկի

[10]        Աստուածաբանութիւն (ԳՄԵԼ\ԱՊ, սրբագրուած՝ Աստուածաբանութեան

[11]        իշխանութեան (ԳՄԵԼ \ ԱՊ), սրբագրուած՝ իշխանութիւն

[12]        ջնջ. բառի՝ է

[13]        ճիւպպէ՝ կրօնականներու պարեգօտը:

[14]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ միջակէտ

[15]        հոլովուած (ԳՄԵԼ \ ԱՊ), սրբագրուած՝ հոլոված

[16]        յաւելում նոր տարբերակի՝ երկար հատուած մը   (coupe) ուշագրաւ ..... դառնալ մեր պատմումին -- մինչեւ Ա. ի վերջը:

[17]        ջնջ. վերջակէտ (ԱՊ)

[18]        ջնջ. միջակէտ (ԱՊ)

[19]        վրայոց (ԱՊ), սրբագրուած՝ վրայով

[20]        ջնջ. ստորակէտ (ԱՊ)

[21]        իրաւ մը դէմք (ԱՊ), սրբագրուած՝ կտաւ մը դէմքի

[22]        course (ԱՊ), սրբագրուած՝ courbe

[23]        հանելէ (ԱՊ), սրբագրուած՝ հակելէ

[24]        կուրծքս (ԱՊ), սրբագրուած՝ կարծես

[25]        sic ձեռագիրը՝  հիւսիս [հարաւ ?]

[26]        վերջակէտ (ԱՊ), սրբագրուած՝ ստորակէտ

[27]        երերուն (ԱՊ), սրբագրուած՝ երկարուն

[28]        յաւելում ստորակէտի

[29]        գեղեր (ԱՊ), սրբագրուած՝ ցեղերը

[30]        ազդուած (ԱՊ), սրբագրուած՝ ջնջուած

[31]        չի կար (ԱՊ), սրբագրուած՝ չկար

[32]        Բաղեշի (ԱՊ), սրբագրուած՝ Գոնիայի

[33]        Գասթիմունիի (ԱՊ), սրբագրուած՝ Գասթէմունիի

[34]        որքան (.... ) (ԱՊ), սրբագրուած՝ արեան ճամբայով

[35]        այս (ԱՊ), սրբագրուած՝ արու

[36]        միւսները (ԱՊ), սրբագրուած՝ մեռնիլ

[37]        ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ (ԱՊ)

[38]        յաւելում ստորակէտի (ԱՊ)

[39]        ջնջ. միջակէտ (ԱՊ)

[40]        յաւելում ստորակէտի (ԱՊ)

[41]        մարդերէն (ԱՊ),   սրբագրուած՝ մարդկեղէն

[42]        ալ (ԱՊ),   սրբագրուած՝ ա՛լ

[43]        գործէ (ԱՊ),   սրբագրուած՝ գտնէ

[44]        (.... ) այր (ԱՊ), սրբագրուած մինչ այդ

[45]        արտաքինէն (ԱՊ),   սրբագրուած՝ արդիւնքին

  [46]      Ծնթ. - այար՝ մետաղական խառնուրդի իսկական արժէքը

[47]        Անիծեալ (ԱՊ),   սրբագրուած՝ Մոնկոլ

[48]        անօթի (ԱՊ),   սրբագրուած՝ անարի

[49]        յուղկահատները (ԱՊ),   սրբագրուած՝ յուղկահարները

[50]        առանձին (ԱՊ),   սրբագրուած՝ առաջին

[51]        յաւելում ստորակէտ-գծիկի

[52]        զիս (ԱՊ),   սրբագրուած՝ դեռ

[53]        յաւելում միջակէտի (ԱՊ)

[54]        յաւելում ստորակէտի (ԱՊ)

[55]        յաւելում միջակէտի (ԱՊ)

[56]        ուռուցիկ, (ԱՊ)   սրբագրուած՝ ուռեցք

[57]        հաւկթակեր (ԱՊ),   սրբագրուած՝ հաւկթածիր

[58]        էֆէնտիէն (ԱՊ),   սրբագրուած՝ էֆէնտիին

[59]        Ծնթ. պէյզատէ, փաշազատէ՝ պէյի, փաշայի տղայ:

[60]        ու (ԱՊ),   սրբագրուած՝ աս

[61]        յաւելում միացման գծիկի

[62]        յաւելում ստորակէտի

[63]        դարձնելով ուխտատեղի բոլոր (ԱՊ),   սրբագրուած՝ շատցնելով թիւը ցեղէ դուրս

[64]        յոյնին ու թուրքին  (ԱՊ),   սրբագրուած՝ յոյնէն ու թուրքէն

[65]        ուղղափառութեամբ (ԳՄԵԼ\ԱՊ), սրբագրուած՝ ուղղափառութեան

[66]        իր (ԳՄԵԼ), սրբագրուած՝ ձեր

[67]        պատռուածքով (ԳՄԵԼ\ԱՊ), սրբագրուած՝  պառկուածքով

[68]        յաւելում (ԳՄԵԼ\ԱՊ) ստորակէտի

[69]        նոյն աղտահար (ԳՄԵԼ\ԱՊ), սրբագրուած՝ նոյնաղբիւր

[70]        Ի՛ւղոտ (ԱՊ), սրբագրուած՝   Իւղո՛տ

[71]        sic ձեռագիրը՝ սերմին է կապուած -- ?

[72]        յաւելում ստորակէտի (ԳՄԵԼ\ԱՊ)

[73]        փոքրը (ԱՊ), սրբագրուած՝ փորը

[74]        ալ (ԱՊ), սրբագրուած՝ ա՛լ

[75]        յաւելում նոր տարբերակի՝ Ու կ՛անցնիմ ...... քսակին:

[76]        յաւելում նոր տարբերակի՝ Այդ ատեններուն ..... յաջորդներուն:

[77]        յաւելում միջակէտի (ԱՊ)

[78]        ջնջ. ստորակէտ (ԱՊ)

[79]        ջնջ. ստորակէտ (ԱՊ)

[80]        յաւելում նոր տարբերակի՝ անոր կէս  կանգուն ....... անիկա սուսիկ

[81]        ժողովը (ԱՊ), սրբագրուած՝ ծուղակը

[82]        յաւելում նոր տարբերակի՝ սանկ այրող ....  Անիկա

[83]        յաւելում նոր տարբերակի՝   դէմք մը ... ու վիզ

[84]        ջնջ. ստորակէտի (ԳՄԵԼ \ ԱՊ)

[85]        էր (ԳՄԵԼ \ ԱՊ),   սրբագրուած՝ իր

[86]        ստորակէտ (ԳՄԵԼ \ ԱՊ),   սրբագրուած՝ վերջակէտ

[87]        լակոտները քարկոծումի (ԳՄԵԼ \ ԱՊ),   սրբագրուած՝ լակոտներու քարկոծումին

[88]        հայերը (ԳՄԵԼ \ ԱՊ),   սրբագրուած՝ հայեր

[89]        յաւելում պակսող բառի՝ հոդ (ԳՄԵԼ \ ԱՊ) --   եւ երկար գծիկի

[90]        յաւելում նոր տարբերակի՝ որոնք ..... յուսավրէպ

[91]        խղումի (ԳՄԵԼ \ ԱՊ), սրբագրուած՝ խշումի  -- Խշում՝ յանկարծահաս աղէտ, մեր վրայ ուղարկուած մենէ վեր ուժերու կողմէ:  

[92]        օր (ԳՄԵԼ \ ԱՊ),   սրբագրուած՝ աւուր

[93]        սինպոլիզմ ով (ԳՄԵԼ \ ԱՊ),   սրբագրուած՝ սիմպոլիզմ ով

[94]        յաւելում նոր տարբերակի՝ Ճինճի Հոճա ..... առաքինութիւնը եղաւ:

[95]        անցնեք (ԱՊ), սրբագրուած՝ անցնիք

[96]        քողոքնելու (ԱՊ), սրբագրուած՝ քաղաքներու

[97]        վարժապետներէն (ԱՊ), սրբագրուած՝ վարչապետներէն

[98]        ստորակէտ (ԱՊ), սրբագրուած՝ վերջակէտ

[99]        անանկն է (ԱՊ), սրբագրուած՝ անոնցն է

[100]      յաւելում միացման գծիկի

[101]      յաւելում նոր տարբերակի՝ Մի վախնաք ......... պատրաստութեամբ մը

[102]      տխրութիւնը ԱՊ), սրբագրուած՝ տկարութիւնը

[103]      առաւ (ԱՊ), սրբագրուած՝ առաջ

[104]      պատրաստութիւն, սրբագրուած՝ պատրաստութեամբ

[105]      գիշերուան (ԳՄԵԼ \ ԱՊ), սրբագրուած՝ գեղերուն

[106]      յաւելում նոր տարբերակի՝ Տարիներ ու տարիներ ........ հիմնատարրերը

[107]      շարժին (ԱՊ), սրբագրուած՝ շատ մեծ թիւին

[108]      խառը (ԱՊ), սրբագրուած՝ խառն

[109]      յաւելում նոր տարբերակի՝ հոն՝ ուր .......  ձեւերուն համար:

[110]      հեղումի (ԱՊ), սրբագրուած՝ յեղումը

[111]      յաւելում բութի (ԱՊ)

[112]      անմաղ (ԱՊ), սրբագրուած՝ անմաշ

[113]      պսակելով (ԱՊ), սրբագրուած՝ պառկելով

[114]      առաջնորդ է (ԱՊ), սրբագրուած՝ առաջուընէ

[115]      էտիկը (ԱՊ), սրբագրուած՝ էրիկը

[116]      որում (ԱՊ), սրբագրուած՝ իսկ

[117]      փորձանքէն (ԱՊ), սրբագրուած՝ փորձանքին

[118]      կիներուն (ԱՊ), սրբագրուած՝ ձեւերուն

[119]      Ծնթ -  նիյէթ՝ մտադրութիւն

[120]      երեսէն (ԳՄԵԼ \ ԱՊ), սրբագրուած՝ երախէն

[121]      գալու (ԱՊ), սրբագրուած՝ չգալու

[122]      յաւելում նոր տարբերակի՝ Այլապէս  ........ շաբաթ մը կերակրելու:

[123]      sic ձեռագիրը՝ ամպարները

[124]      փոխադրում հոսկէ՝ սխալ տեղադրուած նախադասութեան մը, (ԳՄԵԼ)՝ Մարդիկ կը հաւատային, թէ Հոճային ըրղաթները ցերեկը կը քնանային, գերեզմաններու քարերուն ճեղքին կամ նոճիներու խոզակներուն մէջ, կամ... (տե՛ս աւելի վար)

[125]      մտքերնին (ԳՄԵԼ \ ԱՊ), սրբագրուած՝ ձեռքերնին

[126]      յաւելում ստորակէտի

[127]      յաւելում նոր տարբերակի՝ Ու էին .... պարկեշտ:

[128]      խօսք-մեռուկ (ԱՊ), սրբագրուած՝ խօսք-մըռուկ

[129]      յաւելում՝ միացման գծիկի

[130]      յաւելում ստորակէտի

[131]      յաւելում նոր տարբերակի՝ քանի որ ....... ըլլալուն հակառակ

[132]      Ծնթ՛ ըրղաթ՝ գործաւոր:

[133]      հոս՝ նոր տարբերակին մէջ իր տեղը գտած նախադասութիւնը՝ ... կամ նոր ........... բարակ թեւերը:

[134]      Ով..., ով, սրբագրուած՝ Ո՛վ...,  ո՛վ

[135]      մարագէն (ԳՄԵԼ), սրբագրուած՝ մատակէն

[136]      անռուազն (ԳՄԵԼ), սրբագրուած՝ առնուազն

[137]      յաւելում նոր տարբերակի, երկար հատուած մը՝ Այսպէս են կազմուեր .......  ոգիներու աշխարհին:

[138]      պիտի ուզէ (ԱՊ), սրբագրուած՝ պիտի ուզէ՞

[139]      սիւնակ (ԱՊ), սրբագրուած՝ սենեակ

[140]      յաւելում բութի (ԱՊ)

[141]      էին (ԱՊ), սրբագրուած՝ են

[142]      սրտին կրել (ԱՊ),   սրբագրուած՝ որդիներէն

[143]      ընդ միշտ (ԱՊ), սրբագրուած՝ ընդմիշտ

[144]      յաւելում միացման գծիկի

[145]      վայելելու մը (ԱՊ), սրբագրուած՝ վայելումը

[146]      պահակախումբինը (ԱՊ), սրբագրուած՝ պահակախումբը

[147]      յաւելում երկար գծիկի եւ   բացուածքներու

[148]      վերջակէտ (ԱՊ),   սրբագրուած՝ ստորակէտ

[149]      ստորակէտ (ԱՊ),   սրբագրուած՝ վերջակէտ

[150]      կը զատեն (ԱՊ),   սրբագրուած՝ կը զատէր

[151]      արարածները (ԱՊ),   սրբագրուած՝ արարածներ (եւ յաւելում ստորակէտի)

[152]      յաւելում ստորակէտի

[153]      սակաւապետ (ԱՊ),   սրբագրուած՝ սակաւապէտ

[154]      համրելու (ԱՊ),   սրբագրուած՝ ծամելու

[155]      ջնջ. միջակէտ (ԱՊ)

[156]      յաւելում միացման գծիկի

[157]      փորը (ԱՊ),   սրբագրուած՝ բորը

[158]      ջնջ. միջակէտ (ԱՊ)

[159]      գեղէ (ԱՊ),   սրբագրուած՝ գերի

[160]      յաւելում ստորակէտի (ԱՊ)

[161]      հէնց (ԱՊ),   սրբագրուած՝ իրենց

[162]      գանգին (ԱՊ),   սրբագրուած՝ գանկին

[163]      դասերը (ԱՊ),   սրբագրուած՝ ցաւերը

[164]      դեղարան ման (ԱՊ), սրբագրուած՝ դեղ ու դարման

[165]      Ծնթ. տավէթ՝ հրաւէր (որով հոգիները կը հրաւիրուին):

[166]      յաւելում՝ բութի (ԳՄԵԼ \ ԱՊ)

[167]      յաւելում բութի (ԱՊ)

[168]      sic ձեռագիրը՝ սպառելով

[169]      բուժումը (ԳՄԵԼ \ ԱՊ), սրբագրուած՝ բուծումը

[170]      Ծնթ. -  քիւլահ՝ թաղեայ երկար, կէս կանգուննոց գդակ մը:

[171]      արժեքէն (ԱՊ), սրբագրուած՝ արժէքէն

[172]      Ոչ մէկ հոգի (ԳՄԵԼ), սրբագրուած՝ Ու մէկ հոգի

[173]      Ծնթ. - տոլ՝ դդումի տեսակ մը, որ կարծր կեղեւ ունի:

[174]      յաւելում միացման գծիկի

[175]      Ծնթ. տախտ՝ փայտեայ բազմոց:.

[176]      գղիաթ (ԳՄԵԼ \ ԱՊ), սրբագրուած՝ գզիաթ

[177]      վերջակէտ (ԱՊ), սրբագրուած՝ ստորակէտ, եւ ջնջ. նոր պարբ. ը (ԳՄԵԼ)

[178]      յաւելում պակսող (ԳՄԵԼ \ ԱՊ) բառերու՝ (crépitement) տարօրէն սրելով

[179]      կը խտանար (ԳՄԵԼ), սրբագրուած՝ կը ստանար

[180]      գղիաթին (ԳՄԵԼ \ ԱՊ), սրբագրուած՝ գզիաթին

[181]      վերջակէտ (ԱՊ), սրբագրուած՝ ստորակէտ

[182]      դիրքը (ԱՊ), սրբագրուած՝ գիրքը

[183]      յաւելում միացման գծիկի

[184]      վերջակէտ (ԳՄԵԼ), սրբագրուած՝ ստորակէտ

[185]      խեղդուկ, սրբագրուած՝ խղդուկ

[186]      հոտին (ԳՄԵԼ \ ԱՊ), սրբագրուած՝ սրտին

[187]      գղիաթին (ԳՄԵԼ \ ԱՊ), սրբագրուած՝ գզիաթին

[188]      յաւելում միացման գծիկի

[189]      քան (ԳՄԵԼ), սրբագրուած՝ բուն

[190]      յաւելում նոր տարբերակի (հինը՝ բանակատեղ)

[191]      Ապտուլլային, սրբագրուած՝ Ապտուլլահին

[192]      վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[193]      ընդ (ԳՄԵԼ \ ԱՊ), սրբագրուած՝ ընէ

[194]      գործունեութիւն (ԱՊ), սրբագրուած՝ գործունէութեան

[195]      sic ձեռագիրը՝ չհանդուրժելուն

[196]      յիշումները (ԳՄԵԼ / ԱՊ), սրբագրուած՝ յեղումները

[197]      գիշերը (ԳՄԵԼ / ԱՊ),   սրբագրուած՝ գեղերը

[198]      յաւելում միացման գծիկի

[199]      ջուր հաց (ԱՊ), սրբագրուած՝ չոր հաց

[200]      ջուր (ԱՊ), սրբագրուած՝ զուր

[201]      հին տարբերակին մէջ՝ քշուած  ?

[202]      շարոցը (ԳՄԵԼ / ԱՊ), սրբագրուած՝ շարանը

[203]      ով (ԱՊ), սրբագրուած՝ ո՞վ

[204]      sic ձեռագիրը՝ ան պիտի չվարանէր

[205]      դիտելով (ԳՄԵԼ / ԱՊ), սրբագրուած՝ դերելով

[206]      յաւելում ստորակէտի (ԱՊ)

[207]      Ծնթ. - ինսան-օղլու՝ մարդ-որդի

[208]      նոր տարբերակ՝ եօթը մոլորակ

[209]      յաւելում ստորակէտի (ԱՊ)

[210]      վերջակէտ (ԱՊ), սրբագրուած՝ ստորակէտ

[211]      յաւելում բութի (ԱՊ)

[212]      Ծնթ. - ազատ արհեստաւոր՝   franc-maçon

[213]      չեն աճեր տարիքէ( ԱՊ ), սրբագրուած՝ չեն աճիր տարիքէ - հին տարբերակ՝ ցոյց չեն տար տարիքը

[214]      զեղումէն (ԳՄԵԼ / ԱՊ), սրբագրուած՝ զիջումէն

[215]      Ծնթ. ժուռնալ. - Համիտի ռէժիմին այս անունը առին լրտեսներու կողմէ ոստիկանութեան կամ փանիշահին պալատը ուղարկուած տեղեկագիրներ, աս ու ան մարդոց գաղափարները, շարժումները վերլուծող ու պետութեան հաւատարիմ ծառաներու կողմէ ստորագրուող:

[216]      վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[217]      խառնակնութիւն (ԱՊ), սրբագրուած՝ խառնակութիւն

[218]      յաւելում նոր տարբերակի՝ Զանցառու .... իր նախնիքները:

[219]      յաւելում միացման գծիկի

[220]      չէր սպառեր (ԱՊ), սրբագրուած՝ չէր սպասեր

[221]      կարդացողին խօլ ջիղերը (ԱՊ), սրբագրուած՝ «կարդացողէն եղ չ՛ելլեր»ը

[222]      վառելի (ԱՊ), սրբագրուած՝ վասնզի

[223]      Ծնթ. մէտրէսէ՝ կրօնական դպրոց. -

[224]      sic ձեռագիրը ՝ ըլլայ

[225]      յաւելում նոր տարբերակի՝ Լուսամիտ .... մեր կարգերուն:

[226]      Գող, սրբագրուած՝ Գո՞ղ

[227]      տասնորդը, սրբագրուած՝ տասանորդը

            Ծնթ. -  տ ասանորդ. - Տուրքի դրութիւն, որով բերքին 1/10- ը կը գանձուի ի հաշիւ պետութեան: Կապալառուներ այս տուրքը կը գնեն կառավարութենէն եւ իրենք կը գանձեն: Մնացեալը պարզ է հասկնալ:  

[228]      տասնորդի (ԱՊ), սրբագրուած՝ տա, սանորդի

[229]      ունենալու (ԱՊ), սրբագրուած՝ ունենալէ

[230]      դիակին (ԳՄԵԼ / ԱՊ),   սրբագրուած՝ տեսակին

[231]      յաւելում ստորակէտի

[232]      Ծնթ. - ագուգա՝ հռոմէացիներու aqueduc-ը:

[233]      ընդունիլը ( ԱՊ ), սրբագրուած՝ ընդունուիլը

[234]      յաւելում վերջակէտի (ԳՄԵԼ / ԱՊ)

[235]      հին տարբերակ՝ թակոյկ

[236]      յաւելում ստորակէտի

[237]      սրամտութիւններ (ԳՄԵԼ / ԱՊ), սրբագրուած՝ սրամտութիւնները

[238]      եսէն (ԳՄԵԼ / ԱՊ),   սրբագրուած՝ եղէն

[239]      յաւելում ստորակէտի (ԳՄԵԼ / ԱՊ)

[240]      անարիները (ԳՄԵԼ / ԱՊ),   սրբագրուած՝ ամբոխները

[241]      իրա՜ւ ( ԱՊ ), սրբագրուած՝ կտա՜ւ -- յաւելում նոր տարբերակի՝ մաքրութեան կտա՜ւ

[242]      յատկացուցած (ԱՊ), սրբագրուած՝ յատկացուած

[243]      վէրք (ԳՄԵԼ / ԱՊ),   սրբագրուած՝ վիզը

[244]      ծունկին (ԳՄԵԼ / ԱՊ),   սրբագրուած՝ ռունգին

[245]      յաւելում նոր տարբերակի՝ տեսաբան մը չըլլալը ապացուցանող

[246]      յաւելում վերջակէտի

[247]      մատաղ(ա)նալու (ԳՄԵԼ / ԱՊ), սրբագրուած՝ մատաղ մնալու

[248]      էր (ԳՄԵԼ / ԱՊ),   սրբագրուած՝ իր

[249]      զոհերու (ԳՄԵԼ / ԱՊ),   սրբագրուած՝ շահերու

[250]      երկինք, սրբագրուած՝ երկինքը

[251]      գիտութեանը (ԳՄԵԼ / ԱՊ), սրբագրուած՝ գիտութիւնը

[252]      վերջակէտը (ԳՄԵԼ), սրբագրուած՝ ստորակէտ. եւ ջնջ. նոր պարբերութիւնը

[253]      թուրքմէններու (ԳՄԵԼ), սրբագրուած՝ թիւրքմէններու

            Ծնթ. թիւրքմէն՝ խաշնարած թիւրքեր, որոնք աւելի հանդարտաբարոյ՝ չեն խառնուիր նստակեաց բնակչութեան ու լեռնային, վրանաբնակ ցեղեր են, պարկեշտ եւ սրտոտ նոյն ատեն:

[254]      գիրքերու (ԳՄԵԼ), սրբագրուած դիրքերու

[255]      յաւելում ստորակէտի

[256]      յաւելում միացման գծիկի

[257]      ունեցած (ԳՄԵԼ), սրբագրուած՝ անցած

[258]      յաւելում նոր տարբերակի՝ գեղացին ......  քան անապատը):

[259]      գարդմանակով (ԱՊ), սրբագրուած՝ գարգմանակով

[260]      գուչումի (ԳՄԵԼ), սրբագրուած՝ գոչումի. յ աւելում միացման գծիկի

[261]      կողմերը (ԳՍԵԼ) / պակսող բառ (ԱՊ), սրբագրուած՝ կաղնիները

[262]      ճօճուելով (ԳՄԵԼ / ԱՊ), սրբագրուած՝ ճօճելով

[263]      հարուածուելով (ԳՄԵԼ),, սրբագրուած՝ հարուածելով

[264]      յաւելում պակսող բառերու՝ (ԳՄԵԼ)՝  հեքիաթին մէջ

[265]      հողամպն ( ԱՊ ), սրբագրուած՝ հողամոյն [ ԱՊի ծնթգրթ. ը [64] ՝ անընդունելի: ]

[266]      տեսարան ինն ( ԱՊ ), սրբագրուած՝ տեսարանին

[267]      տաղանդին (ԳՄԵԼ / ԱՊ),   սրբագրուած՝ նախիրին

[268]      ապացուցանէր (ԳՄԵԼ / ԱՊ),   սրբագրուած՝ չ՛ապացուցաներ

[269]      ճամբի / ճամբու (ԳՄԵԼ / ԱՊ),   սրբագրուած՝ ճամիի

[270]      ատեաններուն (ԳՄԵԼ / ԱՊ),   սրբագրուած՝ ատեններուն

[271]      յաւելում նոր տարբերակի ՝ թարթիչ մը ....... հորիզոններուն:

[272]      Ծնթ. շերիֆէ՝ մինարէին գագաթամերձ կլոր ամբարտակը, ուրկէ կը պոռան:

[273]      երկաւորք պատգամի (ԱՊ), սրբագրուած՝ երկնառաք պատգամը

[274]      ընդառաջ (ԱՊ), սրբագրուած՝ ընդունող

[275]      հատկացուած (ԱՊ), սրբագրուած՝ հարկադրուած

[276]      Ծնթ. - Մէճէլլէ - Օսմանցիներու քաղաքական օրինագիրքը: Շէրիաթը կրօնական օրէնքները կը պարունակէ:

[277]      Ծնթ. թուղթ բանալ, ճին հաւաքել, րէմ թափել՝ Կախարդական գործողութիւններ: Վերջինը՝ կէտերու վրայով ելլել կախարդական տարազներու, որոնք խնդրարկուին գոհացում կու տան:

[278]      պատրաստ (ԳՄԵԼ / ԱՊ),   սրբագրուած՝ պարտաւոր

[279]      յաւելում նոր տարբերակի՝ Անհատնում ...... այս տողանցին:

[280]      կը բացուի (ԱՊ), սրբագրուած՝ կը թաղուի  - յաւելում նոր տարբերակի՝ որ կը թաղուի