Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Դ. ՄԱՍ

Ա.

 

Սէրվինազ հանըմը  --անունները երբեմն իրաւ, յատկանշող գիծեր կը թելադրեն--   աղբօրը մահէն իր ցնցումը դարմանելու համար, արտօնուած էր տղուն (Պրուսա) մօտերը բնակելու, վասնզի առողջութիւնը կը թուէր վտանգուած։ Քաղաքին մեծագոյն բժիշկը խոհեմութիւն համարեց Էտհէմ պէյին թելադրել աւելի կարեւոր միջոց մը, Պոլիս, ուր տիկինին հօրեղբայրը  --ան ալ մեծ բժիշկ մը, Հայտար Փաշայի բժշկական համալսարանին մէջ վիրաբոյժ-ուսուցիչ--    ունէր գիտութեան բոլոր հրաշքները իր տրամադրութեան տակ։ Միւս կողմէ՝ հոն, այդ հօրեղբօրը տունին մէջ անիկա պիտի գտնէր իր փոքր քոյրը, որ ծնած էր իր մօրը մահէն քիչ առաջ ու իր կարգադրութեամբը ղրկուած Պոլիս, իր աղջկան հետ, դղեակին մթնոլորտէն հեռու պահուելու ցանկութեամբ մը։

 

Էտհէմ պէյը տուաւ իր հաճութիւնը, ընկերելով իր կնոջը չորս-հինգ հատ փորձ սպասուհի։ Անոնք պիտի պահպանէին հարեմին օրէնքները, քանի որ թրքական բարքերը կիները զաւակներէն անգամ երբեմն կը նախանձին։

 

Վիրաբոյժ ուսուցիչը փարթամ փորով, բայց շաքար հոգի, ոչ մէկ թերութիւն ունեցաւ գեղացի պէյին պահանջներուն հանդէպ։ Անիկա տրամադրեց իր տունին լաւագոյն կէսը իր եղբօրը աղջկան ու պարագաներուն։

 

Հոն Սէրվինազ հանըմը ապրեցաւ իր առաջին աղուոր ամիսը։

 

Պոլսոյ գարունը շքեղներէն է աշխարհին։ Ու կ՚անցնիմ լուռ, հոգեվիճակին վրայէն, որ տարիներու կարօտովը կը յօրինուի մեր մէջը, երբ կը գտնենք մեր մանկութեան վայրերը, այնքան խորունկ տագնապներէ վերջ։ Բայց անոր սիրտը կը դողար իր քրոջը վրայ. [1] շատ նուրբ, շատ հատած, մարմնի տեղ կրելով ափի դէմ չեկող այն քիչ մը միսը, որ այտին վրայ կը պաղի ու կը թեփոտի։ Այս նիհարութիւնը   --ինչո՞ւ չէր զբաղեր իր ալ նիհարութեամբը, այնքան շեշտուած, խորունկ, որքան միւսինը--    սարսափն էր նոյն ատեն իր հօրեղբօրը, որ, գիտութեան մեծ օրէնքներուն բեռան տակ՝ չորս կը տեսնէր մէկը։ Դէպի կուրծքի տագնա՞պ մը։ Ո՜վ գիտէ։ Մաքուր օդի, գիւղական մթնոլորտի տիրապետութեան օրեր էին, բժշկութեան մէջ, այդ օրերը։ Մայրաքաղաքէն փախուստը՝ նորութիւն։ Վիրաբոյժ ուսուցիչին կինը, իր կարգին, ատենը եկած կը համարէր աղջիկը դնելու գիշերօթիկ դպրոց, օրինակը առնելով Սէրվինազ հանըմէն։ Հաշիւնե՞րը։ Ո՞վ կրնայ թափանցել պոլսեցի հանըմին հաշիւներուն, որ շատ գէր էրիկ մը ունի, ու պալատին մէջ՝ մուտք։

 

Դասախօս փաշան   --ո՞րը չէ այդ մարդերէն--   վտանգին գիտակցութեամբը, մա՛նաւանդ հետեւելով իր բժիշկի փորձառութեան, պաշտպանեց զիւղը։ Օխաներով պատուէր։ Ուղիղ տետրակ մը դեղագիր։ Ուրիշ մը, աւելի ստուար, ուր մանրամասնուած էին դեղերուն գործածութեան պահերը, դգալներուն չափերը, ճաշերու ցուցակները եւ ինչ որ բժշկական յիմարութիւնը գիտէ նման առիթներուն եղջերուաքաղել, Մոլիէռէն ալ առաջ։

 

Փաշային փափաքն էր իր կինն ալ ընկերել Սէրվինազ հանըմին Պրուսա եւ նաւահանգիստ։ Երկու կիները, առանձին հաշիւներով, չդիմաւորեցին այս շատ բանաւոր առաջարկը։ Սէրվինազ հանըմը՝ վախէն։ Անիկա ձեռքով դրածի պէս վստահ էր պատահելիքին, երբ նրբենի ու հոյագեղ այդ կինը իյնար իր էրկանը ակնարկին։ Մի՞ւսը։ Ան ալ հարկաւ իր գեղեցկութիւնը արժեւորելու համար Պոլսոյ եալը ները պիտի նախընտրէր մեծկակ գիւղի մը շալվարով «պէյերէն», ինչպէս կը հեգնէր, առանց չարութեան, «զավալլր» Սէրվինազը, իր ամուսինին լուսանկարին ուշադիր յառումով։

 

Մէկ ամիս։ Բայց որ կը փակէր օճախ մը։ Սէրվինազ հանըմը ճամբու կը դրուէր իր քրոջը հետ, եղերական դրուագներէ ետքը, դէպի իր տունը։ Նոյն ատեն, փառաւոր ընտանիք մը կը ջնջուէր հրապարակէն։ Հայտար Փաշայի վարժարանին վիրաբոյժ-դասախօսը կը կործանէր, քանի մը օրուան մէջ, գործողութեան մը երեսէն, զոր կատարած էր կայսերական կանանոցին պատկանող կնոջ մը վրայ։

 

Ասոր անյաջող ելքը ու ենթակային մահը պատրուակ, որպէսզի պալատական մեծ դաւ մը զգետնէր զինքը։ Մեռնողը, նախանձուած՝ իր արտակարգ գեղեցկութեան եւ վեհապետին վրայ հմայքին համար, կեդրոնը եղաւ այդ դաւին։ Վիրաբոյժը, ի հարկէ, կաշառուած էր մրցորդ ուրիշ  իշխանուհիէ մը, ու պատրաստած այդ չարաշուք մահը։ Միւս կողմէ՝ վեհապետին հին ոխը, փաշաներու գերդաստանին դէմ, շահագործուեցաւ ճարպիկ միջոցներով։ Դիազննութիւն։ Կասկածելի ու իրար հերքող տեղեկագիրներ։ Կասկածելի թուղթեր։ Բացայայտ ամբաստանութիւն, որով հաւատարիմ լրատու մը [2] գահաժառանգ իշխանին մատը կը գտնէր «ստորին այդ դաւադրութեան» մէջ…։ Փաշան ենթարկուեցաւ դատական հետապնդումի։ Դատուեցաւ արագ։ Գրաւուեցան կալուածները ու ծախուեցան թուրքերու յատուկ գեղեցկութեամբ մը, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս կ՚ըլլար ատիկա երկրին վարչապէս արդիացումէն առաջ, երբ պարզ ամբաստանութեան մը վրայ, այս ու այն աւագանիին տունն ու տեղը կը քանդէին սուլթանին կողմէ ղրկուած մարդեր, ընտանիքին տարտղնումէն առաջ, տանուտէրին գլուխը առնելով եւ անոր կիները [3] բաժնելով…։ Կայսերական բարեհաճ հրովարտակ մը, շատ ծանօթ իրատէի սէնիէ ն, հայրենադաւ բժիշկը արտօնեց ապրիլ բայց Sարապլուսը Ղարպ, այսինքն՝ ափրիկեան Տրիպոլիսը, որ այդ շրջանին աքսորավայր կը ծառայէր քաղաքական յանցաւորներու։ Մէկ ամի՜ս։ Կայծակը միայն երկինքին կամ ամպին մէջ չի բնակիր։ Հազարով տարիներ անիկա Արեւելքի վեհապետներուն սիրական սպասաւորը եղաւ։ Վիրաբույժ փաշային կի՞նը։ Ըսին՝ խենթեցաւ։ Ըսին՝ բոզացաւ։ Ու ոչ ոք գիտցաւ, թէ ուր տարաւ անիկա հոյաշէն իր մարմինը, քանի որ աղէտէն յետոյ ա՛լ չտեսան զինքը։

 

Գեղեցիկ, շքեղ պալատէն Սէլվինազին եւ իր քրոջ դարձը կարապետուած էր սա մղձաւանջով։ Փոքր աղջիկը խորունկ կերպով տպաւորուեցաւ աղէտէն։ Անիկա կը սիրէր իր հօրեղբայրը, չճանչցած հօրմէն աւելի։ Արդէն զարնուած անոր երեսին վերջին փայլն ալ աղօտեցաւ։ Աչքերը շրջանակուեցան կապուտիկ ծիրով։ Շողալ առաւ քիթը, փղոսկր ու մագաղաթ։ Գազային բժիշկը զայն յանձնարարեց ջերմուկներուն, որ չարագուշակ յայտարարութիւն մըն էր, այդ մարդոց բերանէն, քանի որ կը յանձնէին հիւանդը բախտին ջուրերուն։ Անոր առողջութիւնը մազէ էր կախուած ինչպէս կ՚ըսեն։ Մինչեւ որ հրաշքը միջամտեց։ Դեղնութիւնը առաւ կանգ ինքնիրեն։ Մարմինը լայնցաւ: Արբունքին տագնապը վրիպած էր ամենագէտ վիրաբոյժէն անգամ։

 

Ու եղաւ անիկա անուշիկ պուպրիկը տունին։ Անիկա քոյրն ու աղջիկն էր նոյն ատեն տանտիրուհիին, որ անկէ կ՚առնէր կարօտը Պոլիս ուսումի իր աղջկան։

 

Ու գեղեցիկ էր ան, այդ տարիներուն հազուադէպ շնորհ, քանի որ աղջիկները տասներեքէն մինչեւ տասնեօթը տեսակ մը խաւարման շրջան կ՚անցընեն։ Այդ փափուկ փայլը՝ մահուան մէկ շնո՛րհը։ Ո՜վ ինչ գիտէ ճակատագրէն։ Իրողութիւն էր, որ մահէն շօշափուած, բայց շփացուած ալ, այդ աղջիկը ցոյց տուաւ բացառիկ հէնք մը ջիղերու։ Անոր ահաւոր ախորժա՜կը կեանքի հեղուկէն, որ փոխաբերութիւն մը չէ սա տողին վրայ, այլ՝ իսկական հեղեղ մը իրերաբախ ձգտումներու։ Անոր շուրջը, սա գեղին մէջ, կը վազէր կեանքը իր ամէնէն թանձր ու մերկ ջուրերովը։ Անիկա հագած էր լուսապսակի մը պէս իր սեռին խորհուրդը։ Ու անոր մարմինը հանդերձուած տաղաւար էր հեքիաթին իշխանին։ Պոլսոյ եալը ներուն վայել նրբանուշ այդ պուպրիկը, ո՞ր ուժերուն միջամտութեամբը, ինքզինքը ատակ ըրաւ սա միջավայրին, հնաշխարհ ու թանգարան՝ մեծակառոյց մեղքին ու ապականութեան։ Անշուշտ դեռ ուրուանկարն էր անիկա իր անձին։ Անոր մարմինը դեռ չէր ազատած վերջին վարանքէն, որ վախճանն է երկրորդ մանկութեան։ Որմէ յետոյ կախարդ մանեակը, որ աղջիկներուն վիզ ըլլալէ առաջ՝ աներեւոյթ օղակ է անոնց կոնքերը կաղապարող։

 

Բ.

 

Վերադարձ մը չէ, ակնա՜րկը, դղեակին մէջ Սէրվինազ հանըմին նոր յարկաբաժինին։ Զոր իր ու ամուսինին փոխադարձ հաճութեամբը հաներ էր ոտքի։

 

Մեծկակ բաժին մըն էր ատիկա՝ մօտ հարիւր քայլ անջրպետով մը մայր կառոյցէն։ Ծովը՝ միշտ սահման, երկաթ ցանկերէ բանտուած։ Դղեակին ընդհանուր երանգը, ամէն տարի նորաներկ ու առողջ, անոր վրայ կը վերածուէր խուփ, աղօտ բանի մը, վասնզի անոր մէջ ինքզինքը արգելափակող կալանաւորը կը փախչէր լոյսէն ու փայլէն։ Ու մեր ախորժակները միայն մեր մարմինով չէ, որ կ՚արտայայտուին, այլեւ՝ մեր շէնքերով։ Տխուր, խուփ, դարձեալ ներքնամասին սրահները։ Կահ ու կազմած՝ ճո՜խ։ Կը հանդուրժէր այդ զարդարանքին, գործ հայթայթած ըլլալու համար սեւամորթ սպասուհիներու, որոնց սրտառուչ, որքան դաւառիթ հաւատարմութեան մէջ կը խղդուէր կեանքը երեսուն նոր մտած թուրք տիկինին, մինչ, հարիւր քայլ անդին անոր ամուսինը իրը կ՚ապրէր զատ, ազատ, ուզածին չափ կին բուծումի դրած իր հաւնոցներուն մէջ։ Ու կ՚ապրէր անկախ, ամօթէն՝ ինչպէս հասարակաց կարծիքէն   --բոզ կնի՜կ, ամէն վարչութեան ալ մէջը [4] --   մեղքէն՝ ինչպէս վարձքէն։ Մա՛նաւանդ՝ կնիկէն։ Ու մատաղ իր մանչէն։ Ըսի՞, թէ շատ զօրաւոր էր անոր մէջ ընտանեկան, զաւկի դիւրազգածութիւնը։ Անիկա անխնայ մերժեց իր անկողինին ծառայած կիներուն յաւակնութիւնները իրմէն ունեցուած զաւակներու մասին, քանի որ իր գառագեղի օրէնքները անողոք էին, ամէն խարդախութիւն լոյսին դնող։ Հաշտուած էր բախտին, որ չէր ժպտացած իրեն այդ մարզին վրայ։ Նիքեահ ով իր կիներն ալ իրեն չէին տուած զաւկի հպարտութիւն։ Աստուծոյ մէկ պատգա՞մը այս պարագան։ Հակառակ Սէրվինազին դէմ խոր իր անտարբերութեան, անիկա ներքնապէս ամուսինն էր այդ կնոջ, որ զաւկի երջանկութիւնը պարգեւած էր իրեն։ Այս զաւակները՝ իր գերագոյն տիտղոսները։ Անիկա անողոք էր իբրեւ իրը ներկայացուած ապօրէն մանուկներու հանդէպ։

 

Այս պայմաններով ձեւուած կեանքը բաժակ մըն էր՝ դրուած՝ հասողութեանը այդ տիկինին, տառացի կերպով գերեզմանուած իր յարկաբաժինին մէջ։ Պոլսոյ մէջ իր ստացած ուսումը անօգուտ էր անոր, քանի որ միտքը ապրելու համար կարօտ է որոշ բարեխառնութեան։ Հանրային ասպարէզներու չգոյութիւնը՝ ուրիշ պատճառ։ Կինը, ուրիշ երկիրներու մէջ, գէթ անուղղակի ազդակ մըն է քաղաքակրթութեան։ Թրքուհին զաւկէն զատ ոչինչ է տուած իր երկրին, բարձր դասերուն մէջ իր տուած ապականութիւնը եթէ հաշուի չառնենք։ Էջեր չեն բաւական, գիւղաքաղաքի մը ճահիճին մէջ տարագիր ու գազան էրիկի մը ճիրաններուն մէջ կամազուրկ արարածի մը ողբերգութիւնը սպառելու։ Կարդացէք ու մտածեցէք, շինելու համար զեղչուածը։

 

Բայց նոյն այս կեանքը վարդի եղ սրուա՜կն [5] էր՝ դրուած հասողութեանը զոյգ պարմաններուն, որոնք աւիշի յորդ ուժովը վեր էին ճահիճին զգլխանքէն ու կը մեծնային քուր–աղբօր պէս, մայրիկին վիշտին ընդմէջէն, շատ քիչ անգամ այցուելով դղեակէն խուժող շարաւին [6] միազմայ էն։ Աստուածային բարութեամբ այդ մայրը կը հասնէր անոնց հոգիին ու մարմինին։ Անոր մտահոգութեանց մեծերէն մէկը, պարտկել՝ անջրպետը, որ դղեակն ու յարկաբաժինը կը զատէր իրարմէ։ Ու անզգալի ընծայել արթուն աղջիկին հոգեկան անջրպետն ալ՝ հօր մը գորովին պակասը դարմանելով՝ մօր իր սիրտը ամբողջութեամբ խառնելով այդ զգացումին։ Զոհողութիւն, նուիրում, ինքզինքը մոռնալ, ասոնք վիճակներ են, բաւական յաճախադէպ, որպէսզի կենանք իրենց առջեւ։ Ու կան տակաւին կիներ ալ, որոնք դադրած են մարմին ըլլալէ, իրենց ամբողջութիւնը իբր իւղ տրամադրած ըլլալով վտանգահար [7] կանթեղներու պահպանումին։ Ընել այս ամէնը ու չյայտնել ինքզինքը։ Փրկել երեւոյթները ու փրկել պզտիկներու անմեղութիւնը։ Սէրվինազ հանըմը հասաւ այս դժուար պարտքերուն։

 

Այս բարձր պաշտպանութեամբ, երկու պզտիկները կը բաւէին իրարու։

 

Անշուշտ թուղթէ դղեակի մը թուղթի հերոսները չէին անոնք։ Ամբողջ ու իրաւ մարդեր, տարիքին հարկադիր զեղչովը։ Բայց ունէին արձակութիւնն ալ այդ տարիքին, նախնական դպրոցի մը ազատ կարգերով աւելի համովցած։ Հազիւ կը զգային որբ այն ուրախութիւնը [8], որ այնքան տխուր մթնոլորտն է կարգ մը տուներու, որոնցմէ ներս խորթի– խաս ի տրամ մը կ՚ապրի։ Թուրք ընտանիքը հարուստ է այդ դժբախտ հարուածներով։ Այր մարդուն քմահաճոյքը տունին մէջ կը տնկէ երկու-երեք օտար, նոր կնիկին զաւակները, որոնք մեռած կամ արձակուած կնոջ զաւակները կը ձգեն ստուերի մէջ ու փոխադարձաբար։ Սէրվինազին քոյրը, Խալիտէն տակաւին հեռու էր թափանցելէ սա տունին ամբողջ խորհուրդին։ Բայց կային երանգներ, որոնք չէին վրիպեր իր անփորձ աչքերէն։ Այսպէս իրենցը չեղող (ո՞վ էր գտեր ու դրեր զաւկի մը բերնին սա տարազը հարազատ հօր մը դէմ, վասնզի մանչն ու աղջիկը մէկ կը մտածէին) այդ հօրմէն անոնք կը վախնային հաւասար չափով, զգուշանալով յապաղիլ դղեակին սահմաններուն մէջ. իրենց սեպհական կառքը, զոր կը վարէր արաբ սէյիս [9] մը, քովն ունենալով եբենոսի մորթով քէօլէ [10]   մը, զանոնք կը տանէր գիւղաքաղաքին դպրոցը, մինչեւ կէսօր, ու կը բերէր ետ։ Բժիշկին յանձնարարութիւնն էր այդ կարգադրութիւնը կիսօրեայ դպրոցի։ Նաւակ։ Միշտ սեւամորթ պահակներով, երկսեռ ու փառաւոր։ Մաման հետերնին տժգոյն, թանձր քողի մը յանձնած իր աւերակ դէմքը։ Երբեմն առանձին, խաղի մը քմայքներուն անձնատուր, ծովափին փռուած կամ վազվզելով։ Պտոյտներ, կառքով, ոտքով, ձիով։ Էտհէմ պէյին տղան կարգին պէյ մըն էր, ուրիշներու բերանին իր տիտղոսը ունեցող։ Ու խա՜ղ։ Ամէն տեսակէ։ Դէպի թեթեւ վէճերը, ասոնց յաջորդ ուրուային քէները, պռկունք կախելնե՜րը։ Անշուշտ։ Ո՞ր պատանին զերծ է այս ամէնէն։ Բայց երկիւղած յարգանքով մտիկ կ՚ընէին դատաւոր մաման։ Անոնց սրտառուչ փոյթը՝ իրենց գժտութիւնները հարթելու (հոգ չէ թէ ժամ մը–երկու յետոյ կրկնուիլը ըլլար օրէնք), տրտմահար այդ մայրիկին խնայելու համար անխուսափելի յուզումը, որ լացի ձեւով միայն յայտնուիլ գիտէր։ Ու ընդունուած էր, որ փնտռէին այդ անհամաձայնութիւնները, իրար քաշելու եւ վանելու անծածկելի ճարտարանքը։ Սեռին կանխագոյն gamme-ե՞րը, ասոնք։ Հարցուցէք, աւելի բախտորոշ շրջանի մը, աւելի մեծերուն։ Ուրի՞շ բան է արդեօք, իր սկիզբին մէջ, ինչ որ կը կոչենք աշխարհի մէջ մահէն ալ հզօրը։

 

Պէտք է կարճ ըլլալ սակայն, թելադրել ու անցնիլ։ Ու տղան դնել ճամբայ, դէպի Պրուսայի իտատի ն։

 

Պատրուա՞կը:

 

-- Ուսումը։

 

Իրականի՞ն մէջ։

 

-- Սեռը։

 

Անոր հայրը նոր էր կարգուած վեշտասանամեայ աղջկան մը հետ, վրացակա՞ն, լեզկիակա՞ն ծագումով։ Որուն հոյակապօրէն մաքուր էին դիմագիծերը ու զգլխիչ նայուածքը։ Հեռաւոր այդ Արեւելքին ամբողջ ձգողութիւնը՝ մատ մը այդ մարմինէն։ Հաւանաբար բարձր փաշայի մը հարեմին համար բերուած Կովկասէն, բայց ափափուած՝ դեռ հասցէին չհասած։ Մինչեւ Պրուսա երկու անգամ նիքեահ եղած ու գտած աւազակ պէյը՝ իր նոր ամուսինին միջնորդութեամբ, որ գեղեցիկ ձիու մը փոխարէն զիջած էր զայն։ Քանի մը անկողիններու փորձառութիւնը անոր թերխաշ համին կու տար ապահով հրապոյր ու ուժ։ Տապալեր էր իր հմայքին տակ կիսամաշ գազանը ու կը տիրէր միահեծան անոր զգայարանքներուն։ Բայց միամիտ էր եղած, անոր ծոցին մէջ իսկ, խօսելով Սիւլէյման պէյճիկէն, գովելով չերքեզի անոր քնքուշ, անթերի կաղապարով դիմագիծը, հօրը առնական համբաւովը աւելի տպաւորիչ։ Ռէժիին տնօրէնը չէր կրցած բզկտել այդ աղջիկը   --խիստ հսկողութեան մը տակ գառագեղուած յղութեան յայտ նշաններով--    անկէ տիրապէս նուաճուած ըլլալուն, քանի որ ա՛լ կը մտնէր կեանքին վերջին շրջանին, ուր կիներու տիրապետութիւնը կը սկսի մեր վրայ, բայց որոշած էր արմատախիլ ընել վտանգը, քնքուշ էֆէնտին հեռացնելով մինի–մինի հանըմին նայուածքէն։

 

Հօր մը նախանձը իր զաւկին, արեւմտեան արուեստին մէջ շատ–շատ հեքիաթի մը զսպանակը կրնայ տալ, բայց ոչ՝ վէպի մը հանգոյցը լուծող դրդապատճառ մը, վասնզի նման տրամները այլեւս անհետացած են այդ բարքերէն, եթէ նկատի չունենանք ռուսականը, որ Արեւելք է մասով։ Բայց թուրքերուն համար այդ նախանձը բարքերու մաս կը կազմէր այս տողերը գրուելէն տասը-քսան տարի առաջ։ Ըսի, թէ Էտհէմ պէյը մտեր էր քառսուն։ Գառագեղուած հանըմին (վրացականը) համար դայեակները՝ յուսադրիչ։ Պէտք չէ մոռնալ սա բացառիկ հանգամանքներն ալ։ Գեղացիի իր հոգին գրեթէ յայտ ատելութիւն պիտի զգար իր առջինեկին հանդէպ, երբ աւելի ուշ պիտի առնէր աւետիսը նոր պայազատին ծնունդին։ Ու պիտի չգիտնար, թէ այդ զգացումը թելադրա՞նքն էր կնոջը հանդէպ մթերուած իր ոխին, թէ նոր կնոջը հսկայ հեղինակութեանը [11] իր զգայարանքներուն վրայ։ Հեքիաթը դեռ չէ աւլուած Արեւելքէն։ Ու աստուածաշնչական միամտութեամբ դէպքերը կը պատահին պալատներու՝ ինչպէս գեղերու մէջ։ Տարիքին խաղե՜րը։

 

Այս տարագրումը հիմերէն ցնցեց դժուար ճարուած ու այնքան ալ դիւրաբեկ սա խաղաղութիւնը Սէրվինազ հանըմին առանձնարանին։ Անակնկալ այդ հեռացումը պիտի անդրադառնար իբր չարաղէտ հարուած անոր մատաղատի քրոջը, որուն դալկացան արդէն փափկիկ գոյները, արագ չորացումով մը։ Ու մասնաւոր շնորհի ելած անոր երեսը, ուր ծովուն աղովը ճարուած արիւնը գուշակելի զուարթութիւն ու ոսկի կը տեղար, մէկէն փոխուեցաւ կանանչի զարնող յատակի։ Ո՞վ կ՚առնէ աղջիկներուն այտերէն տարիքին նախախայրիք սա սերը [12] ու հոն կը ձգէ կանանչորակ, խորտուբորտ, վտիտ կտաւը, որ կ՚ընէ տգեղ, որքան տրտում՝ անոնց անձին ամէն գրաւիչ բխումը, աչուըները պարմաններուն, սանկ դեղին ըլլալ չկրցող վառի մը մէջ, փոս ձգուած ուլունքներու պէս սրտառուչ ու տառապող։ Արագ հալումով, անիկա պիտի անցնէր կանանչէն ալ անդին, գտնալու համար մեղրամոմեան թափանցկութիւնը կուրծքով հիւանդներուն…։ Ու տրոփուն էր անիկա, ո՛չ միայն շունչէն, որ հեւքի կը վերածուէր թեթեւ իսկ քայլքէն, այլեւ՝ սեւորակ, կապուտագեղ երակներու ցանցով մը, որ անոր վիզին երկու թափերուն բաբախել կը թուէր, հեռուէն յստակ տեսանելի։ Ու անոր ուսոսկորներուն փոսիկները կը խորանային աչուըներուն, թարթիչներուն մեծնալուն զուգահեռ։ Աղէ՞տ մը։ Մօտիկ անցեալը դէմ չէր նման հաւանականութեան մը։ Ծերունի բժիշկ մը յանձնարարեց ջերմուկները, որոնց վրայ զետեղուած հաւատքին արժէքը հանրածանօթ է։

 

Քաղաքը, իր ջերմուկովը, աւելի ճիշդ՝ իր Սիւլէյմանովը պիտի փոխէր աղէտին ընթացքը։

 

Ամիս չանցած՝ հիւանդը կրկին կը հագնէր գրաւիչ իր կերպարանքը, բացառիկ այն հովը, որ արբունքին խակութիւններէն յետոյ առաջին ժամը կ՚անդրադարձնէ սկսող հասունութեան։ Անհաւասարելի հրապոյր մըն է ատիկա, մեր կեանքին անդրանիկ ծաղկեւորումը : Ու ամրան ամսու մէջ էր ատիկա։ Սիւլէյմանն ու անոր պոլսեբնակ քոյրը՝ ազատ։ Աճումի տագնապին սա յաղթահարումը, որ տարածուեցաւ նոյն ատեն հոգեկան ընդարձակման ալ վրայ։

 

Աշունը փոխեց կեանքին գնացքը, Սիւլէյմանի չափազանց խոր [13], շնորհալի քոյրը դարձնելով Պոլիս իր ուսումին, ու մանչն ալ դպրոց՝ իր տարագրավայրը։ Բայց քաղաքին մեծ բժիշկներուն խորհուրդը երկու կիները վար դրաւ դարձեալ, մինչեւ ձմեռնամուտ։ Ընդունուած աւանդութիւններ այդ երկու-երեք ամիսները կը դասեն բացառապէս հրաշագործ։ Ու գործուեցաւ հրաշքը։ Բայց ոչ ոք գիտէր, թէ ջուրե՞րն էին անոր հեղինակը, թէ մարմինը պատանիին։

 

Մինչեւ ձմեռնամուտ, ամէն շաբթու երկու գիշեր ու մէկուկէս օր, մայրն ու Խալիտէ հանըմը իրենց «հիւր» ունէին Սիւլէյման էֆէտին, որ վարժարանին գարշագին մթնոլորտէն հալածական, մօր թեւերուն մէջը կը վազէր վաղանցուկ, բայց կազդուրիչ հանգիստի [14] ։

 

Պարտէզի մը խորը   --որ ջրարբի, եղկ օդով այդ մարգերուն [15] վրայ արեւադարձային վայելչութիւն ու փարթամութիւն կը մէկտեղէ--   տաճկական հին ճաշակով տուն մըն էր անոնց բնակարանը։ Միայարկ, բայց բարձրադիր, խանի, մզկիթի ոճով մը տրտմահար։ Որ իր խստամբեր արտաքինին ետին, հանգստաւէտ բաժանումներովը, հարեմի եւ արանց բաժիններուն խնամքով ջոկումովը, գոհացում կու տար քաղաքին աւանդական պէյերուն բաղձանքներուն, քէօշկ ի, գոնաք ի պատրանք մը պահելով ողջ վարձակալներուն մէջը։

 

Հակառակ յառաջացած աշնան, սարփինաներուն վրայ խաղողի կիսակարմիր ողկոյզները, թափանցիկ լաթերու մէջ պաշտպանուած ագռաւներուն եւ ճնճուղներուն կտուցներէն։ Անոնց տակը ծաղիկի թաղարներ, որոնց մէջէն հիւանդոտ ճիւղեր ձողիկներու ուսն ի վեր կը յաջողէին իրենց մանրիկ բաժակները հասցնել մինչեւ հաւկիթի [16] կճեպները, ձողիկներու կատարը ճերմակ–ճերմակ գարգմանակող։ Ծառուղիներ, մաքուր խիճով, յարդարուած։ Ածուներ, որոնց ընտանի բուսականութիւնը կը տգեղնար ուղտի կազմով ծուռիկ նռնենիներուն ազազուն բունիկներով։ Կէս տերեւաթափ անոնց ճիւղերէն, դուրսէն փրցուած ու հոդ կախուելու դրուած գլուխներու կը նմանէին ցրտահար [17] նուռերը, որոնց խոշտանգուած կեղեւին ճեղքերէն հատիկներու գունատ շարքը կմախքի մը ատամնաշարը կը յիշեցնէր տրտում դիտողի մը։ Կային՝ որ արիւնի նման գիծեր ունէին այդ ճեղքերու շրթներուն։

 

Անոնց հանգիստի սխրագոյն [18] վայրը, սակայն, շագանակենին։ Շատ հինցած այս ծառին բունը խոռոչաւոր էր արդէն, ու յարդարուած՝ յատուկ նստարաններով։ Սեղան, բազմոց։ Ամէն օր իջնող դաշունաձեւ, դեղնած տերեւները առողջ վստահութիւն մը կը դնէին տղուն ու աղջկան ներսը։ Ու հեռատարած իր ոստերէն փուշ մը, կիսակարմիր, առկախ բոյնի մը նման կ՚օրուէր մեղմ հովէն անգամ։ Աշնանային ծաղիկներու ամբողջ բանակ մը ցերեկուան արեւուն տակ կ՚անուշնար, հակակշռելու չափ ծառերու գրեթէ մերկ տրտմութիւնը։

 

Օդը, յագեցած օճառով, ծծումբով, տաք ջուրերուն եղկ շոգիացմամբը   --ամէն տունէ հանքային ջուր կը հոսէր--   այդ աշունը կը տարածէր ջերմուկներու արուարձանէն դէպի աւելի հեռու, մինչեւ կէսերը դաշտին, ուր բանջարեղէններու արտերը կը պահէին իրենց մշտադալար քողը երեuնուն։ Հոն պտո՜յտը։ Հարիւրամեայ ուռիներուն եւ հազարամեայ սօսիներուն մեծաշուք խաղաղութեանը մէջ, երբ դէպի երկրագործական վարժարան բացուող խճուղին կը պաշարուէր աւելի համեստ թաւուտներով մինչեւ Նիլուֆէր, Ողիմպոսէն հասնող գետակը, անունը առած բիւզանդական իշխանուհիէ մը, իր հեքիաթին պէս գեղեցիկ ու խարդախ, գարնան՝ երեք-չորս մարդահասակ ջուր փոխադրող, աշնան՝ ոտքով անցանելի հասարակ վտակ։

 

Վիլլային մէկ թեւը՝ բաղնիք։ Որուն ցած, կապարով ծածկուած կամարներուն վրայ լուսամուտները հրէշներու աչքերու պէս ուռած դէպի վեր, աւելորդ տրտմութիւն մը կը բարդէին ինքնին ժուժկալ այդ տեղերուն վրայ։ Բնութեան ճոխ բխումին դէմ կառոյցներուն սա խուփ հանգամանքը Արեւելքին ընտանի տեքոր մըն է։ Ու իշխանին պատկանող շքեղանքն ալ՝ փաստ մը, ժողովուրդին խեղճութեան։

 

Չորս կողմէն պարիսպ։ Հաստ ու բարձր, ա՛յնքան՝ որ մօտի տուներուն վերնայարկն անգամ չէր կրնար աչք մը ունենալ պարտէզին ներսը, ուր թրքուհիները կը ներէին արեւ առնել քիչ զգուշութեամբ, ու թաւշանալ, Պրուսայի դաշտին բացառիկ դեղձերանգովը, որ ճերմակին եւ բաց կարմիրին մէջտեղը կը թափառի, համադրելով երկու գոյներուն կենդանութիւնը։

 

Լուրջ, խրոխտ, գրեթէ տխուր այդ Սիւլէյման էֆէնտին։ Ծանրաբեռն։ Որ կը թեթեւնար, սա պատսպարուած խորշին։ Վանելով դպրոցին գարշանքը իր մորթին ու մօրը եւ մօրաքրոջը գորովներուն ընդմէջ կը ճարէր դժուար կշիռը իր հոգիին։ Որքան անհասկնալի եղանք, բոլորս, երբ մանկութեան բռնական կեանքէն յետոյ, շփումի մտանք աւելի բարդ, պատանեկան ոլորտին հետ։ Կ՚անցնիմ, ամէն մէկ ընթերցող ղրկելով իր այդ տարիներուն…։ Թաքուն զգացում մը կ՚օծէր այդ տղան իր ներսէն, ատոր անդրադարձը դէպի դուրս ընելով դժուար, բայց հրապուրիչ բան մը։ Ինչպէ՞ս կը ճարէինք մեր դէմքը, մենք, այդ տարիքին, դրացիին աղջկան նայուածքին ներքեւ։ Սեռային գոլին մէջ, պատանին ե՞րբ հաւաքած կ՚ըլլայ մասնաւոր այն հասունութիւնը, որ անծանօթ լարերով ինքզինքը կերկարէ դէպի մութ զգայարանքները աղջիկներուն։ Փոխադարձ իրերահայեցումն է ատիկա, իրարու ներկայութեամբ ստեղծուող քաղցր անձուկը, որով իրարու կը քաշուինք՝ իրարմէ խոյս տալու պատրանքին ներքեւ։ Մանչերը կը հանգչին, տղայութեան հաստ, անհանդարտ խանդէն, իրենք իրենց վրայ տեղաւորուելով։ Տրտում ամօթխածութիւն մը իր անուշիկ ստուերը, ուրիշ մը պիտի ըսէր շղարշը՝ կը նետէ աղջիկներու ժպիտին ու շարժումներուն, զանոնք ընելով զուսպ թրթռում, խուփ ու խոր նոյն ատեն, բայց եփող։ Մայրերը ի՜նչ շուտ կը մոռնան իրենց սա տարիները, միամտութեամբ պարծենալու համար նստուկ սա շնորհէն, որով հովանաւոր, երէկի աղկաղկ, հում, անխորհուրդ մանչուկը քիչ ժամանակի մէջ կ՚ելլայ կշիռի ու կորովի։ Սեռին ուրիշ հրաշքը, անշուշտ։

 

Ապահովաբար անգիտակից սա մագնիսականութիւնն էր, որ կեցուց աղէտը իր զառիթափին։

 

Աղջիկը կը փթթէր, բառին պահելով ամբողջ իր հոծութիւնը մեր ռոմանթիքներէն, զեղչելէ [19] ետքը ծիծաղելին։ Վասնզի իրական է այդ արտարձակումը մարմինին, արագ ու հեշտալի։ Սիրոյ ցա՞ւ, ինչ որ բժիշկները կանանչ ցաւ կ՚որակեն։ Ո՜վ գիտէ։ Արիւնը բազմամիլիոն աշխարհներու հաւաքածոյ մըն է մեր մարմինէն ներս։ Աղջիկները, դեղնութեան սա շղարշին մէջ, այլայլուն իրենց դիմակէն սարսափած, գուցէ կ՚ամչնան ցաւը դիտելէ, զգալի իրական իր երանգէն։ Կան՝ որ կը նախընտրեն մեռնիլ, բայց չհաւատալ ատոր, իրենց խոնաւ ու ծլարձակ մարմինին ձայնը արհամարհելով աշխարհի աչքին, բայց զոհելով անոր ամբողջ ըղձաւոր պապակը իրենց վաղահասակ վախճանին։ Թարշամիլը բառարանի համար շինուած բառ մը չէ։ Անիկա վերջ մըն է։ Աղջիկները կը վերջանան՝ ծնունդ տալով ուրիշ բանի մը։ Ո՛չ միայն մթնոլորտ կը փոխուի կնոջ մը մէջ, այլեւ՝ դէմքը։ Բայց պէտք է դառնալ մեր վիլլային։ Եւ սակայն անկարելի է չհարցնել.

 

-- Ո՞վ է տուած կեանքին իր առատութիւնը։ Ինչպէ՞ս հետեւիլ անոր բիւրազան հէնքին ու մութ ալ կոհակներուն, որոնք միշտ ափունք չունին իրենք նորոգելու։ Խորհա՞ծ էք ծովու երեսի մը մեծութեան, զայն ակօսող կոհակներուն անբաւութեան ու ցամաքի շերտին, որ գերեզմանն է ձգուած այդ խռովքին։ Ինչպէ՞ս նուաճել նոյնիսկ ամսուան մը զգայութիւնները, որոնք արձանագրուած են աղջկան մը թարմ ուղեղին։ Դժբախտ բան է վիպելը։ Դպիլ ու անցնիլ։ Ահա թէ ինչ է արտօնուած գրողին։

 

Կարկառուն գիծերու տեսութի՞ւնը, որ կը թելադրէ ընտրել այդ զգայութիւններէն յատկանշողները միայն։ Մնացեալը թաղել հրամայելով։ Բայց ե՞րբ անկարկառ է կեանքը, որ կ՚աղցուի [20] աշխարհին նոր բացուած սիրտի մը խորը։ Ի՞նչ է այդ յատկանիշ որակուածը, եթէ ոչ բառ մը։ Ո՞րն է մեծ զգացումը նոր արթնցող աչքերու էքրան ին։ Ու, մա՛նաւանդ՝ ո՞րն է պզտիկը։ Կեանքը այս կարգի ծանրացումներ չունի։ Անոր խոնարհագոյն մասնիկն իսկ հաղորդակից է անոր ամբողջականութեան։ Բայց մեր արուեստը դեռ չէ ընդգրկած կեանքին տիրապետութիւնը։ Աւելի՜ն։ Ինքն է, որ կը յաւակնի զայն կաղապարել։

 

Ու պէտք է ձգել, որ սահին ամիսները, իրենց օրերուն մէջ փշուր-փշուր։ Ու հասնին ձիւները, առողջներու համար այնքան հաճոյական։ Յետոյ, դարձը նաւահանգիստը։ Տղուն անցողակի երեւումը պայրամներու առիթով, մայրենի տան մէջ։ Յետո՞։

 

Անշուշտ այդ յետոն :

 

Ապաքինած իր քրոջը հետ իր մենարանը դարձին, Սէրվինազ հանըմ հանդիպումը պիտի ընէր ցաւերուն ցաւին։ Գրուած է, որ Արեւելքի կիները կը հանդուրժեն աւելի քան Արեւմուտքինները։ Թերեւս դիտողութիւնը կ՚երթայ անոնց ֆիզիքական տարողութեան։ Չունենալով հանդերձ արեւմտեան կիներուն նրբացած ջղային սարուածը, կինը Արեւելքի մէջ կը զգայ մէկ ու խոր։

 

Ցա՞ւը։

 

Չէր անիկա յստակ։ Մա՛նաւանդ՝ ոչ յանկարծահաս, ինչպէս կը սիրեն ըլլալ մեզ կործանող այդ անծանօթ հիւրերը, օրին մէկը բախելով մեր դուռը ու, մտնելէ յետոյ՝ մեր դագաղին իսկ հետեւիլ չուզելով, վասնզի կը ծուլանան մեր անցումէն [21] վերջն ալ, իրենց ազդեցութիւնը թունաւոր կապերու նման տարածելով մեր հոգեկան հիւսուածին   --մեր պարագաներուն--   ալ վրայ։ Չէր ատիկա տարազելի, մօտէն ու հեռուէն հանգիտութեամբ մը, տախտապարող խոշոր աղէտներուն նման, որոնք կ՚ընդունուին մեր տխրութենէն՝ ինչպէս բնական անխուսափելի երեւոյթներ, երկրաշարժ կամ կայծակ։ Անոնց հարուածին տակ մեր միտքը կը լռէ։

 

Ո՞ւր դնել, ինչպէ՞ս տնտեսել ու ըմբռնել խուլ ու պղտոր այն անձուկը, որ կը թրթռայ մէջէդ, բայց կը թուի դուրսէն թափիլ որոշ աղբիւրէ մը, որուն պիտի չուզէիր հաւատալ։ Որ կը պարուրէ քեզ, ինչպէս մշուշի շապիկ մը, բայց կը սահի մտքիդ մագնիսէն, առանց նուաճուելու ու քանի մը քայլ անդին կը կառչի շուքիդ, թանձր ուրուականի նման, յամառ ու ամբարիշտ։ Որուն կը հրուիս, հակառակ կամքիդ, հասկնալու ճիգիդ համար իսկ պատճառած տեսակ մը հոգեկան հիւծախտ, անոր նման դաւադիր ու անմեղ, որ կը սողոսկի հոգիին մութ ճամբաներէն, հազիւ լսելի շշուկովը իր սղոցին, ու օրին մէկն ալ կը տեղաւորուի, տանտէրի նման։ Այն ատեն միայն զայն կը հասկնանք, երբ արդէն վճռուած են մեր օրերը։ Ամիսով, ամիսներով անիկա պիտի մաղաղկէր այդ ցաւէն։ Տարակոյսին ու իրականութեան փոփոխակի ալիքներուն ընդմէջ ծեծուելով ու ծեծուելով։ Տառապանքին մարզանքը բարիք մըն է, Զենոնի օրերէն իսկ։

 

Անո՞ւնը ցաւին։

 

-- Չուզեց տալ, ինքը իրեն։

 

Բայց փնտռեց օրը, ուրկէ ասդին սկիզբ էին առած էրկանը մտերմութիւնը, յաճախումները իրենց նոր ընտանութեան։

 

Հազիւ պարմանի սա աղջկան հեղինակութի՞ւնը, լիակատար գազանին վրայ, որ իր ամուսինն [22] էր։ Զսպանա՞կ։ Ստոյգ էր Էտհէմ պէյին վերադարձը դէպի իր կինը։

 

Սէրվինազ հանըմը երկար վարանումներէ յետոյ հարկադրուեցաւ համակերպիլ պատկերին։ Անոր ամուսինը հո՜տ էր առած։ Ինչպէ՜ս ամէն բան ինքզինքը կը կրկնէ սա մեր աշխարհին մէջ։ Կիները դժուար կը սխալին սեռին բաւիղներէն։

 

Անիկա մօտ էր խենթութեան։

 

Ամիսներով իր կնոջը յարկաբաժինին մէջ չհնչող ոտքերը պէյին, տեղի ու անտեղի, դանդաղիլ առին անոր սրահիկներուն մէջը։ Դո՞ւրսը։ Այսինքն՝ իր բուծումի [23] դրած կտորնե՞րը։ Սեռին մարզանքը նմա՞ն է ուրիշներու։ Սադիր ները տարիքէն դժուար կ՚ընկճուին։ Ու թուրք առածը բնութքը կը կապէ հոգիին, մոլութիւնները յայտարարելով անջնջելի.

«Հոգին չելած՝ չ՚ելլեր բնութքը»։

 

Պատրուա՞կ՝ սա յամեցումին։

 

-- Որքան որ կ՚ուզէք:

 

Փո՛ւճը։ Կարկտա՛ծը։ Իրա՛ւը։ Սո՛ւտը։ Սեռը մարմինին բան չի հարցներ, երբ բողկուկները կ՚արձակէ ու յիսնամենի աւերակոյտէ մը կատաղի պատանի մը կը լաստակերտէ։

 

Անիկա կը մտնէր տարիներով մոռցուած այդ առանձնարանէն ներս, լրջացած ու զգօն մարդու քալուածքով։ Դէմքը յարդարած, ածելիէն ու ժպիտէն։ Տեսակ մը մարմնական լիութիւն, կլորութիւն, փայլ՝ կ՚ընէին այս յաճախումները աւելի հանդիսաւոր, օծուն ու անմեղ։ Դիմա՞կ, ինչ որ կը կրէր անիկա այդ պահերուն իբր երես։ Ո՜վ գիտէ։ Կարծես ուրիշ բան չըլլար, եղած չըլլար անոնց տէրը։ Քաղցր։ Հաճոյակատար։

 

Նազելի՜։ Որ իր բնականութեան մէջ կը թաղէր անոր շարժումներուն խստութիւնը, շեշտին գեղեցիկ ուժը։ Գուրգուրալով իր պէյութեան տիտղոսին, ուրիշներու բերանէն զայն պահանջելով՝ առանց ծիծաղելի դառնալու։

 

Կի՞նը։

 

-- Անիկա կը խրտչէր սա աղապատանքէն, պարզութեանը մէջ՝ սրտառուչ, բայց նպատակովը թափանցիկ։ Ա՛յնքան՝ որ զայն կ՚ընդունէր օտարականի դարպաս մը ինչպէս։ Դիտուած է, որ կիները իրենց էրիկները կրելու ձեւ մը կը ճարճարեն, քանի մը տարիներու կենակցութենէ վերջ ու իրենց օղերն ու անկողինները կնիքը կ՚առնեն այդ կրելու ձեւին։ Այս յարմարացումը երկուստեք կը դառնայ ընտանիքին նկարագիրը։ Շեղում մը կը տպաւորէ։ Թրքուհիները  --այս բառը կ՚ընդգրկէ քաղքենին, դուրս ձգելով գեղջկուհին, որ գրաստ մըն է տունին մէջ, ճիշդ ու ճիշդ ընկերը ախոռի մատակին, անկէ նուազ արժէքով, բայց անոր չափ օգտակար--    ուրիշ կիներէ աւելի մղուած են սա բացառիկ վիճակներու վերլուծումին, քանի որ այլապէս անզբաղ իրենց ժամանակը զանոնք կ՚ընէ տրամադիր այս գիծի ենթակայական տպաւորութիւններ խորացնելու ու տանելու իրենց հոգեբանական իմաստին։ Անոնք անվրէպ ստուգութեամբ մը կը ճանչնան իրենց էրիկները, անոնց ախորժակները իւրացնելով տիրական դիւրութեամբ։ Ու կը զգան անդունդը շատ հեռուներէն։ Սեռը, իր գիտութիւնը, իր պաշտամունքը անոր մէջ հասած են անգերազանցելի կատարելութեան, վասնզի ընտանիքին խարիսխը հաստատուած է այդ զգացումին վրայ։ Անկէ գօսացում մը՝ կնոջ արձակումը կը հարկադրէ անխուսափելի կերպով։

 

Կու գար, պիտի գար անոր էրիկը հետզհետէ աւելի յաճախ։ Հոգեպէս իսկ։ Բարի, երանգ՝ որ թուրքին կարգ մը շարժումները կ՚ողողէ, պատրանք ստեղծելու չափ դուրսէն դիտողներու, եւրոպացիներ ասոնք, որոնք առիթը չեն ունեցած ալիւրի թաթխուած այդ օծութիւնը տեսնելու իր իսկական գոյնին մէջ։ Էտհէմ պէյը փառաւոր նմո՜յշ մը այդ տիպարէն։ Սիրաւէտ ու գողտր, ինքզինքը հերքելու չափ իր անցեալէն ու համբաւէն։ Կը նստէր բազմոցին, նման միւսլիւմանի մը, որ նամազ կ՚առնէ, երկու ոտքերը կռնակի կողմէն նստարան յարդարած իր իրանին։ Այդ դիրքին անոր պակասը կանաչ կամ դեղնաւուն փաթթոցն էր, շինելու համար իր ժողովուրդը աղօթքի առաջնորդող մոլլան։

 

Կու գար, շէնք–շնորհք էրիկի մը նման, ուշն ու ուրուշը՝ կնոջը ականջները անոր բառերուն։ Խե՞լքը։ Հաւանաբար ան ալ՝ սա տառապանքէն սրբացած կնիկին, որ իր նիհար տրտմութիւնը կը խնայէր։ Բայց մոռցած ըլլալով տանտիկինի իր պարտքերը վասնզի չէր եղած ատիկա նոյնիսկ ամուսնութեան առաջին տարիին - քիչիկ մը կը նեղուէր այդ «օտարականէն», ինչպէս կը վկայէր ինքնիրեն, մեկնումէն յետոյ, իր մէջ բուսնող տրամադրութիւնը բացատրել ջանալով։

 

Այս հոգեկան վիճակը, իր արտասովոր զգայութիւններով անոր մէջ կը դառնար նոր խղճահարութեան մը աղբիւրը: [24] Իր դէմ պարզուող բնականութեան, սիրտբաց գուրգուրանքին, ընտանութեան առջեւ, անիկա կը մղուէր մեղադրել ինքզինքը։ Անշուշտ տառապած էր շատ, որպէսզի զգայութեանց սա ճամբով յառաջանար անիկա՝ վերաքննութեան ենթարկելու չափ վճիռները, որոնք իր ամուսինը կը դատէին, իր մէջ՝ ինչպէս իրմէն դուրս։ Կ՚ընէր այս վերապահումը, վասնզի անհանգիստ գիտէր ինքզինքը, առանց որոշ պատճառներու։ Արդարութեան եւ բարութեան պահանջքը մեր գոյնին կը նմանի։ Զայն կը բերենք մեր արիւնին ճամբաներէն։ Այս վերլուծումը առաջին ամսուան զգայութեանց վրայ կ՛աշխատէր անոր մէջ։ Ստոյգը, անծածկելին, Էտհէմ պէյին մէջ դիտուած փոփոխութիւնը։ Ու անոր կինը ազնուական էր բաւական, ուշացած խղճահարութիւն մը յատակ ընդունելու սա այլացումին։ Ով գիտէ մարդոց արարքները ի՛նչ զսպանակներու կը հպատակին, մա՛նաւանդ՝ Էտհէմ պէյի գիծէն։

 

Ինչո՞ւ կը հարցնէր սակայն, անոր ամէն մեկնումէն յետոյ իր փոքր քրոջը։

 

-- Ինչպէ՞ս կը գտնես պէյպապա ն։

 

Ամչնալով կատարուած սա հարցո՜ւմը։ Զոր ըրած ըլլալուն կու լար քիչ վերջը, առանձնանալու առիթ գտնելով անպատճառ։ Ինչո՞ւ կը հարցնենք ինչ որ գիտե՜նք։

 

Վասնզի անոր գիտցածը ուրիշ բան ալ էր...

 

Կե՞ղծ։

 

Չէր անշուշտ ինչ որ այդ մարդով իբր աղապատանք ու փափկութիւն կը մտնէր ներս իր առանձնարանէն։ Սեռային կողմնացոյցը  --մարդիկ գութին մէջ ամէնէն շատ մօտ են այդ զգայութեան--    ապահովագոյն գործիքն է զգացումներու հոսանքին վրայ։ Ու միւս կողմէն՝ այդ զգացումը դժուար կը գունաւորուի։ Ուրիշ բան է կեղծելը, ուրիշ՝ խաբելը։ Այս վերջինը սեռ է դարձեալ։ Ու սեռը կը խաբէ այնքան բնական ու հարազատ, որ շրջուած իրականութիւն մը կ՚ըլլայ։ Շարժառիթներու պարզութիւնը, ցամաքութիւնը, նախնականութիւնը մեզ կը զարմացնեն ամէնէն շատ սեռային ոճիրներու կալուածին մէջ, ուր դէպքերը կը վարուին մանկունակ ըսուելու չափ անխճող խաղով։ Գողութեան քիչիկ մը բարդ ձեռնարկը մեծատարած գործողութիւններ կը հարկադրէ միտքին։ Մինչդեռ, ամէն ինչ կարճառօտ է բռնութեան, բռնաբարման, ու ասոնց հետեւանք՝ սպանութեանց processusին մէջ, ա՛յնքան՝ որ դիտողներէն ոմանք այդ վիճակը չեն վարանած սեռային խենթութիւն որակել, հանգիտօրէն՝ ալքոլով առթուած միւս յիմարութեան։

 

Ու անցան, այս կիսաստուերին մէջ, առաջին ամիսները։

 

Տարիներու իր փորձառութեամբը ամրակառոյց, Սէրվինազ հանըմը ի վերջոյ պիտի պարտաւորուէր ընդունիլ սա գորովանքը, փութկոտութիւնները, դժնդակ երկուութեան մը աքցանին մէջէն։ Ապականութիւնը հոտ մը ունի՝ ինչպէս թունաւոր կազերը։ Մեր մէջ անիկա կասկածներ կը ստեղծէ, բայց կը մնայ միերես, այսինքն՝ մեր կասկածներն ալ կը ներկէ իր գոյնով։ Անմեղութիւն է հարկաւոր, որպէսզի այդ կասկածները անձնանան, ելլեն կարկառի։ Ու ընդլայնելով ծիրը սա դիտողութեանց, պէտք կ՚ըլլայ կենալ մեղքին ալ առջեւը, ու զայն դատել անոր հանդէպ սուրբերուն զգացած գարշանքին [25] պրիսմակուած, որ, այդ միամիտ խաղարկութեամբ, կը դառնայ իր կարգին անուշիկ մեղք մը, խեղճ ու շրջուած առաքինութեանց իբր խեփոր։ Այդ է պատճառը, որ կինը տառապի ուրիշի հաշւոյն, բայց ինքզինքը ընէ մանկան չափ անխելք, երբ առնուած է սեռին յորձքին մէջ…։ Յիմար չէր սակայն անիկա, պատրանք ձեւելու համար, իր ամուսինին մեղսակարան կտաւէն։ Բայց աղջի՞կը։ Այսինքն՝ մատ մը աղջիկը։ Ու անոր հոգիին խորը՝ կասկածին կարիճը, ոլորուած ու լուռ: Զգաստ իր րոպէներուն, անիկա պատրանք ալ չունէր մեր մարմինին կարելի ապականութեան մասին, ինչպէս անով ցոյց տրուած գեղեցիկ մաքրութեան։

 

Անիկա պիտի չուզէր, մինչեւ իսկ անձին գնովը, պղտորել անարատ հոգին սա աղջկան, զոր տարտամ նախազգացում մը դերի մը կը թուէր կանչել, շատ հեռուներէն, իր տունին համար։ Ամէն մանչու մայր այդ հեռազգածութիւնը կը փայփայէ իր մէջ ու կը նայի աղջիկներուն, կեսուրի շուքով …։ Բայց չես գիտեր ի՛նչ ազդմունքով մը կը թռէր, կ՚երթար սա միամիտ վստահութիւնը։ Պէյին մէկ բառը, ժպիտին կտորը կամ քիչ մը աւելի հակումը դէպի քրոջը մարմինը անիկա կը մեծցնէր շատ աւելի, քան իրենց տարողութիւնը։ Այդ յուզումները զինքը կը մղէին յուսահատական որոշումներու։ Ո՞վ կ՚արգիլէր զինքը հեռացնել՝ սա նորածիլ աղէտը՝ կը հարցնէր ասիկա ինքը իրեն։ Ու պատասխանը կու գար միշտ իրմէն.

 

-- Բայց ո՜ւր։

 

Բոլոր ազնուորեարը, ամուսնութեան մտածելէ առաջ, համբաւի, դիրքի, դրամի երազէ մը կ՚այցուի։ Սէրվինազ հանըմը իր քրոջը մասին ունէր այն ամէն փափաքները, որոնք բողբոջներու պէս ծլան անոր պարմանի [26]   սրտին, բայց չբացուած թոռմեցան։ Ոչ մէկ գնով անիկա իր բոյրը պիտի չծախէր գազային ապականած էֆէնտիներուն, որոնք դիւանի մը իրենց ամսականները կը ծախսէին իրենց արդուզարդին, կամ գեղացի ծագումով մեծահարուստ աղաներուն, որոնցմէ ամէնէն կարկառունը իր ծոցի գազանն էր արդէն։ Ու անխուսափելի կերպով անոր միտքին կը ներկայանար Պոլիսը, փարթամ ու անիրական այդ քաղաքը, որուն խորհուրդը կը վրիպի ուղեղին՝ որքան զգայարանքներու հիւսքերէն։ Բացի ահաւոր հեքիաթէն, զոր քանի մը կայսրութիւններ իբր արիւնաթաթախ ու ականակուռ պատմուճան մը նետած են իր ծոցին գործուած հսկայ ոճիրներուն, այդ քաղաքը իր թագուհիներն անգամ կ՚ուզէ տարբեր։ Բիւզանդիոնի կայսրուհիները չեն նմանիր Ողիմպիադաներուն, Կղէոպատրաներուն…։ Աւելի համեստ պայմաններու վրայ, հոն, կինը՝ ախտաւոր ու գեղեցիկ, թշուառ ու հզօր՝ կը մղուի մէկ ու միակ իմաստի։ Սեռը այդ քաղաքի կիներուն համար շրջան մը չէ կեանքէն, այլ՝ ամբողջութիւնն իսկ այդ կեանքին։ Աւելի՛ն։ Ուրիշ ոստաններ կը պատմեն արու ոճը։ Հոն ամէնէն տիրական կառույցները՝ պալատները, այսինքն՝ կիներու մեծ ջերմոցները։ Ամէն բան այդ կառոյցներուն ամբարձումին մէջ ենթարկուած է կիներու աճումին, պահպանումին, վայելումին։ Թուրքերու ձեռքն անցնելէ ասդին, այդ պալատները կանանոցներ են, ուրիշ բան ըլլալէ առաջ։ Թուրքերու առաջին մայրաքաղաքը՝ Պրուսան՝ միայն մզկիթ է շինած, անոնց ձեռքը իյնալէ ետք։ Պոլիսը կիներու քաղաքն է։ Ու ատիկա ձրի ընդհանրացում մը չէ։ Ոչ մէկ քաղաքի մէջ թագուհիները, սկսեալ զայն հիմնողին սրբացեալ մօրմէն, եղած են այնքան հարազատօրէն հոյակապ կին։ Ու արդար է զայն անուանել թագուհիներու քաղաք, ինչպէս Հռովմը՝ կեսարներու քաղաք։ Թէոտորան միայն կին մը չէ, այլ՝ խորհրդանիշ մը։ Հեռազդեցիկ սա յոյզերէ՞ն է, որ կը յառնէ, մինչեւ այսօր, անոր կիներուն մէջ անորակելի զգայնոտութիւն մը, նոր բառով մը՝ պովարիզմ ը, որ դիւանապետին աղջիկն անգամ կը հանդերձէ կայսերական առագաստին, ու ասիկա՝ առանց ֆլօպէռեան հերոսուհիին իմացական զսպանակներուն... ։ Էտհէմ պէյին կինը դեռ կը պահէր անայլայլ, խորը իր հեռաւոր անձին, այն նրբենի, էգ ու նամէտ զգայութիւնները, որոնք անոր պարմանութեան քանի մը տարիները ըրեր էին այնքան անուշ, անիրական, անմատչելի։ Տասնհինգը տարիք չէ այդ ափերուն վրայ, այլ՝ ուղիղ հեքիաթ։ Ամէն աղջիկ, փաշա թէ պէյ կամ աղա ունենար իրեն հայր, լաչակին ձիւնին մէջ կամ արիւնին մէջ կամ սատափին մէջ մտնելէ ետքը, մէկէն կ՚անջատուէր կեանքին առօրեայ իրականութենէն։ Ու կ՚ելլէր պտոյտի, մանր ու դալկահար, դէպի պողոտաները լռանիստ եալը ներուն, որոնց հնօրեայ, երկաթացանց պարտէզներուն ներսը, իշխանազունները երկու սեռէ, իրենց տարփանքները դրեր էին աճումի։ Ու երազելով–երազելով, լալով ու համբոյր մուրալով այդ անմատոյց ասպետներէն, պիտի անցընէր գլխուն դասական ֆերաճէ ն, երթալ փշրուելու համար սանկ քառսուննոց քեաթիպ ի մը մահիճը։

 

Այս անխուսափելի խարակը, կուսութեան սափորին։ Որմէ յետոյ պիտի կրէր իր էրիկը ճշմարիտ գերութեամբ մը։ Վասնզի այդ քաղաքին մէջ թրքուհիին էրիկը բանտն է, երազին բռնադրուած շապիկը։

 

Այսպէս կը տառապէր իր անցեալին հեղմունքէն ու ներկային անգթութենէն տարաբախտ կինը ու կը հարցնէր.

 

Ո՜ւր։

 

Միւս կողմէն՝ կեանքին մէկ յատկանիշն է կանգ չառնել։ Ցաւ թէ հաճոյք կրեն անոր ջուրերը, պիտի քալեն, մեզի քիչ կամ բնաւ բան չհարցնելով։

 

Ու այդ կեանքը պիտի քալէր նոյնիսկ սա ոճրաստանին ծոցը։ Մինչ կը շարունակուէին ճշդուիլ, աճիլ, կազմուիլ ու գրաւիչ դառնալ դեռաբուսիկ շնորհները Խալիտէ հանըմին։ Այդ տարիքը կը գործէ ոստումներով։

 

Գ.

 

Ու, այս ցայտումքով, դէմը, մէջը՝ չարագուշակ ջորեակը, իշամեղո՜ւն՝ փութկոտ, անձանձիր, անվրէպ։

 

Որ [27], իր սովորութեանց հիմնովին հակոտնեայ եղանակները որդեգրած՝ իր դարպասը կը սքողէր, անշուշտ առանց զգալու, անճանաչելի ծպտումներու ներքեւ, աղայական առատութեամբ ու զսպանակներով։ Այս դարպասումին ամէնէն պարզ ու միամիտ արտայայտութիւնը՝ նուէրները։ Մինակ վայրենիները չեն, որ կը շլանան ուլունքով, այլ՝ մա՛նաւանդ աղջիկները։ Առարկային արժէքէն աւելի ինքը առարկան, այսինքն՝ զայն թելադրող զգացումն է, որ դիւր կու գայ ամէն ընդունողի։ Էտհէմ պէյին նուէրները, բազմատեսակ, յորդ, արժէքի անհաւասար սանդուխով, ա՛յնքան՝ որ խաղը ինքզինքը կը կարծէր անմեղ, իբր թէ արգիլող թափանցումը զինքը թելադրող զգացումներուն։ Ոչ ոքի հանդէպ խնայող, անիկա չէր եղած այդ բանը, իր կնոջն ալ դէմ։ Բայց ատկէ դէպի նոր վիճակը դժուար էր անցումը։ Անիկա չէր եղած սա տղայամիտ մարդուկը, որ կը տկարանայ աղջիկներու քմայքը գոհացնող փուճ բաներուն առջեւ, խեղճ ու պատառ առարկաներ՝ օղ, մատնի, մատնոց, որոնց արժէքը տասը փարան չ՚անցնիր, ինչպէս կը պոռան փերեզակները իրենց պատգարակներուն գլխուն.

 

-- Ինչ որ առնես, տա՜սը փարա

 

Եւ որոնց վրայ գնչու կիներուն գովեստը ծանր, խորհրդաւոր բան մը կը հեղու, երբ տասը փարանոցն ու տասը ոսկինոցը նոյն մատին կ՚անցընեն։ Իրողութիւն էր, որ խորքին մէջ անիկա զաւակն էր իր հօրը, որ ձգած էր իր ցեղը, կնոջ մը կողմէ քաշուելով դէպի թաթարը ու կոյանոց մաքրելու արհեստը նախընտրած, անիմաստ կերպով, մաղ [28] հիւսելու ազատ ու գեղեցիկ կենցաղէն։ Անիկա չէր կրնար մոռնալ դերը, որ այդ սնոտի զարդեղէններունն է, կենալ քանի մը ժամ մեր մատներուն ու ջախջախուելէ առաջ ներարկել մեզի խուլ զգացումը, որուն սլաքովը օղակուեցան մեր հոգիներուն՝ [29] բախտի, նիէթ գատէր ի [30] դեղնաթիթեղին մէջէն իսկ մեզ տպաւորելով իբր հեռախոյս [31] ոսկի։ Արդարեւ, ուրի՞շ` արժէքը ծաղիկին, որ սիրուած ձեռքէ մը կ՚անցնի մեզի, ու թոռմելու ատեն իսկ չի գտներ երբեմն։ Փուճ մեր նուէրները մեր տառապանքը գոնէ կը մեղմեն։

 

Ու պզտիկ հանըմը կ՚ընդունէր զանոնք ժպիտով, բարութեամբ, պարզութեամբ։

 

Տեղեա՞կ՝ այդ ամէնը ոտք հանող զսպանակներուն։

 

-- Պիտի կասկածինք, բայց պիտի զգուշանանք ատիկա բանաձեւելէ ամէն անգամ, որ մեր խորագոյն անձը --ու այս տարազը հոս կ՚ընդգրկի սեռը--   տարտամ աղերսով մը մտնէ շփումի այդ կասկածանքին, մեր շուրջը մանկունակ մթութիւն մը ստեղծելով։ Տարիք, ընկերային աստիճան մեզ չեն ազատեր մեր ձեռքով մեր վրայ գործադրուած սա վատութենէն։ Ոչ մէկ ատեն մեզ կը դաւանինք այնքան սուրբ [32], որքան սեռին առասաններէն կապկպուած երբ կը թաւալինք տիղմէ տիղմ։ Անոնք՝ որ կ՚ըմբոստանան --ու շատ է անոնց թիւը կիներու մէջ մանաւանդ--    ու կը վռնտեն անհարկի, անխելք տարփածուն, կ՚ընեն ատիկա տրտում վայելքով մը։

 

Խաբելը, խաբուիլը աւելի ուշ կու գան կրկէս ու սեռին զեղծումը կը տեսարանեն։ Տասնհինգ տարեկան աղջիկը չէ, որ բացառութիւն պիտի բերէր սա ընդհանրական երեւոյթներուն։ Չմոռնալ Պոլիսը, ուր անցած էր անոր մանկութիւնը։ Չմոռնալ մօրմէ պակասը, զոր ոչ մէկ խնամք կը դարմանէ, արդի կարգերուն մէջ։ Յիշել իշխանազուններու եալը ները, թրքուհիներուն արգելափակումը ու ասոր հակահարուածը։ Յիշել թերեւս արիւնն ալ մօրը…: Չեմ մերժեր անմեղութիւնը, պատուոյ զգացումը, որոնք այդ օրերուն պարզ բառեր չէին, այլ՝ լրում մը։ Այդ շրջանին դիտուած, անոնք մեզ կը յուշեն, [33] հիմա ա՛լ [34] անցնող մշակոյթի մը ցանցառ ծաղիկները կամ յամառ վերյիշումները [35] կը նկատուին։ Այդ անցեալին մէջ, աղջնակ մը «անհուպ էր ու անշամանդաղ»։ Նոյնիսկ միտքով մեղքերէն։ Թրքուհինե՞րը։ Նոյնքան։

 

Մեծ գիրքեր կան, որոնք պարզ բաներ կ՚ըսեն ու կ՚ըսեն անվերածելի գեղեցկութեամբ։ Անոնցմէ մէկը սա տեսակ առակ մը կը պատմէ։ «Այն թզենիէն սորվեցէք առակը, վասնզի երբ անոր ոստերը կակուղնան ու ցցուին տերեւները, գիտէք, թէ մերձ է ամառը» ։ Անշո՜ւշտ։ Բայց ամառը փոխանակելի տարազ մըն է պատմումին մէջ։ Երբ տասնհինգ տարեկան աղջիկ մը մեծ ընտանութեամբ ու արդար յուզումով գովքը կ՚ընէ պէյպապայ ին ոսկի սրտին, զայն գտնելով այդքան ազնիւ, թաւշեայ, համով ու բարի, հերքելու չափ մղձաւանջը գազան էրիկին, եւ իր մեծ քրոջը հետ լեզու կը փարտէ, հերքելու չափ անոր անհուն տառապանքին փորձառութիւնը՝ «գիտացէք, թէ մերձ է աւուրս …» ։

՛

Յայտ, պարզ, գորովագին սա հաճութիւնը, որով կ՚ողողուէր անիկա այդ պէյպապայ ին ներկայութեան, հագնելով թեթեւ կարմրաւուն զուարթութիւն մը, որ գարնան եղկ քնքշանք մը կ՚ըլլար, իր մորթէն ստեղծելով իսկեւիսկ «տերեւներու ցցուածքը», մարմինին մատաղ ջերմութեամբը պտկաւոր։ Ոuտոuտուն։ Այսինքն՝ նստելու անկարող, մնայուն ձգողութեան մը մէջ, զոր անկարող է ճիշդ տեսնելու։ Ըմբոստ անոր խոպոպները, քունքերն ի վար, երբեմն ալ վեր, կը հովահրէին կրակը անոր աչքերուն ու այտերուն՝ նման տարերկրեայ ծաղիկներու ցօղունին, մեծ խնամքով ու նրբութեամբ օղաւորուած։ Խոպոպը թրքուհիին դասական շնորհն է եղած ու ժողովրդական երգերը զայն կը փառաբանեն մեծ հեշտութեամբ ու սարսռագին պատկերներով։ Խալիտէ հանըմին պչրա՜նքը զանոնք կառավարելու։ Ու քաղցր խռովքը, պչրա՜նքը անոր ձեռքերուն, անզգոյշ, յառաջխաղաց, երբ կը մօտենար պէյպապայ ին գլխարկին, գօտիին, սալթայ ին ապրշումհիւս ծոպերուն ու քէֆիէ ին [36] խայտանկար բաշերուն, անդիմադրելի ընտանութեամբ մը։ Ու թափելով բառերը, արձակո՜ւմը մեր առաջին կայլակներուն մեր ներսէն դէպի դուրս, երբ «մերձ է ամառը» ։ Ոսկի թրթռումը, [37] ճառագայթումը, որով քանի մը ամսուան մէջ մեր դէմքը կ՚ազատի մանկատիպ ու թերխաշ իր խակութենէն ու կը ջանայ խտանալ, կերպադրել խորունկ ու վճռական rosace կնիքը սեռին նորակազմ արքայութեան մեր շարժուն ու թաքուն քաոսներէն։ Դէպի գիտակից, ճարտար ու ատով գանելի զզուա՞նքը [38] ։ Դժուար է դատաստան մը։ Տասնհինգէն յետոյ, ամէն ինչ մշուշ է աղջկան մը շուրջը, հալման կէտի մը, աստիճանի մը անորոշութեամբը։ Ո՞ւր է սահմանագիծը ընդմէջ սեռին ու [39] պարզուկ գորովին, ընդմէջ օրինաւոր ու ազգապիղծ որակուած տարփանքներուն։ Ո՞ւր կը զատուին իրարմէ զգացումներ, որոնք բնական կամ մեղօք կը նկատուին։ Պատասխանները ողբերգութիւններ են։ Ֆրէօյտէն առաջ կային այս հարցերը։ Ու կային, բազմելով յոխորտ, նոյնիսկ սրբազան ընդունուած մատեաններու մէջ, իրենց բոլոր հում կանանչութեամբը։

 

Հակառակ իր քրոջը յեղյեղուած բացայայտ հրահանգներուն, պզտիկ հանըմը, քաջալեր գտած պէյպապայ ին բարի թոյլատրումէն, չառաւ իր ուսերուն պարտադիր, մեծկակ քողը, որով աղջնակ մը պիտի պատսպարէ իր մազերը դէմքէն առաջ ու հեռանայ մանկութենէն դէպի թաւուտները պարմանութեան։

 

Գիտէ՞ր աստիճանը իր հրապոյրին, երբ կը յամենար այդպէս «փթթինազարդ» (բառերը միշտ անիմաստ հնչումներ չեն մեր ռոմանթիքներուն տողերուն մէջ) մանուկի իր մարմինին վրայ, կամաւոր անփութութեամբ մը մերժելով սեռին կնիքը, որ դպած էր արդէն անոր լանջքին ալ գոգաոր ու «լայնալիճ»։ Գիտէ՞ր աստիճանը իր խռովքին, զոր իր թարմութիւնը կը բանար այդ մարդուն զառամ միսերուն խորերը, զանոնք ասեղ–ասեղ կճելով ամէն մէկ անփոյթ հպումի։ Հիւանդկախ ու փայլատ այդ աղջիկը ո՞ր հրաշքով ճարեց, քանի մը ամիսներու ընթացքին, սա շեշտ, յորդ աճումը միսի՝ ինչպէս ոսկորի։ Ձեզի ծանօթ է ոսկերանգը, որուն մէջ թաթխուած մաքուր կտաւի կը նմանէին անոր այտերը եւ որ հեղուկ բեհեզի թեւ մը կ՚ըլլար, երբ ժպիտի մը ծփանքը անցնէր անոր հիւսքերէն։ Ու կուրծքը, որ կ՚ընդարձակէր իր հովիտը, ետ հրելով անոր ուսերուն խարակները, յորդելով, բայց պահպանելով դաշնակութիւնը, համեմատական շնորհը ընդմէջ կիսանդրիին եւ ստորամասի։ Աղջիկներու մարմինը չ՚ախորժիր նկարագրութենէն։ Անիկա շատոնց է, որ կը խնամէր իր թարթիչները ծարիրով։ Բայց կը խնամէր մա՛նաւանդ իր աչքերը, բիբերն ի խոր ուրուացող լոյսերուն, կայծերուն յստակ իմաստովը յանդուգն, խուզարկու, հարցական ու պչրոտ, երբ անոր նայուածքը, բնական, բայց անտես հոսումի մը նման, առանց վախնալու, իյնար յոգնած աչքերուն խորը պէյպապայ ին։ Կրակին արձագանգը ու ձայնին ու լոյսին արձագանգները մարդիկ կը վանէին մետաղեայ գործիքներով։ Աղջկան մը նայուածքին արձագա՞նգը։ Հարցուցէք ու անցէք։

 

Անիկա մատաղ ալիք մըն էր, գեղակառոյց բուխք մը, նրբենի մարմինին սլացքը՝ սեռին անիւներովը նետուած առաջ։ Աւելի՞ն։ Անշուշտ։ Անիկա կը մտածէր ալ։ Մանուկին վրայ այնքան թախծոտ, պարմանին [40] վրայ այդ մտածումը անոր խակ դէմքին կը բերէ քաղցր, տաք լրջութիւն։ Մինչեւ այդ պահը այդ վիճակէն անմասն տղան կը կրկնուի ինք իր հրապոյրին մէջ։ Առաջին այդ կայլակնե՜րը իմաստին, փոքր դատուած բերաններէ [41], երբ մեր հաշիւներէն առաթուր, ատեն չենք ունեցած այլ արժէքները կշռելու։ Ու դատում, որ տարբեր է մտածումէն։ Որ մեզ կը զարմացնէ անակնկալին խորութեամբը, ձեւաւորելու [42] համար անհրաժեշտ դիտողութեան, փորձառութեան տառապանքին մթերքովը։ Խորհած ունի՞ք հարիւրաւոր, բայց մեծերէն խուսափող այն ցաւերուն, որոնց արդիւնքն է տղոց բերնին արգելքի վճիռ մը, մօրը կամ քրոջը սիրահարին երեսին, երբ կը ծառանան այդպէս պզտիկ, [43] իրենցմէ կողոպտուած գորովին համար զայրագնած։ Ով գիտէ ի՜նչ անհուն ճամբաներէ շիւղ առ շիւղ այդ բզէզը հաւաքեց սա ատելավառ արգելքը։ Պարմաններուն սա առատ շնորհները, մարմինին աճումին հետ, զանոնք կը պաշտպանեն իրենց մթին տկարութիւններէն։

 

Խալիտէ հանըմը   --ա՛լ վայելչութեամբ ու քաղցր երախտիքով կը կրէր իր պզտիկ պիտակը հանըմի, ծառաներէն, խաղընկերներէն, սպասելով որ անիկա գտնէր նաեւ շրթները պէյպապայ ին կամ Սիւլէյման էֆէնտիին--    կը հաւնէր, կը մերժէր, կը փնտռէր, կ՚անարգէր ո՛չ միայն իր հագուստները, կօշիկները, այլեւ՝ դէմքերը, լեզուները։ Տհաճութիւն ու գոհունակութիւն։ Խոժոռիլ ու ժպտիլ։ Նայիլ խոր, բիբերէն ալ վար անդունդներէ ու թարթիչով հպանցել։ Ասոնք իր մօտ դէմքի խաղեր չէին միայն, այլ՝ արագ անոր կազմութեան փայլակները։ Ու ճամբաներու փոփոխո՛ւմ, որ փոխաբերութիւն մը չէ հոս, այլ՝ անգիտակից շեղումը, աս ու ան թաւուտէն խուլօրէն ձգուած աս ու ան պարտէզին ցանկապատն ի վար, երբ ո՛չ դէմք, ոչ ալ ձայն կը մատնէ անոնցմէ ներս մագնիսին գոյութիւնը, բայց հակառակ այս լռութեան, կախարդուած պարտէզներուն [44] կը նմանի հեքիաթին։ Ո՞ր ազդակներու դասովը աղջիկներու քայլերը մէկէն կը հասկնան ինչ որ կը փռուի իրենց ոտքերուն, աւելի ճիշդը՝ կը թրթռայ իրենց շուրջը։ Անիկա կը դանդաղէր մենութիւններու [45] ծոցը, ծառի, սրահի, թաւուտի, նաւակի, սպասելով ինք ալ չէր գիտեր ինչի՛։

 

Անիկա կը զգուշանար հրապարակներէն, բանուկ փողոցներէն, հակառակ իր տարազին սքողող պաշտպանութեան։ Ու կը մոլորէր դէպի մռայլ թնճուկները ածուներու։ Կիսաւեր մեհեաններու, ծովասոյզ խարակներու խոռոչները։ Գիտակցութեան բաժի՞նը, սա ամէնուն մէջ։ Ի հարկէ մութ է ատիկա, ինչպէս են ուրիշ շատ բաներ, այդ տարիքին։ Սեռին կաթիլը առաջին խտացուցիչ խմորն է մեր մարմինին աղկաղկ յորդումէն ներս։ Ամէն աղջիկ կը հաւատայ իրեն, որքան իրմէ դուրս բանի մը, որ, եթէ մշուշոտ է առհասարակ (ընտանիք, ցեղ, մշակոյթին ու վարժութեանց զանազանութիւնը ուժգնօրէն կը միջամտեն այդ վիճակին։ Անգլուհի մը, այդ տարիքին, զգացական իր աշխարհովը կը տարբերի թրքուհիէն անմերձելի [46] եզրերով), բայց այս պատմուածին նման, թանձր է երբեմն ու առարկայական։ Ամէն տղայ իր դրացիին աղջիկը կ՚երազէ ու փոխադարձաբար։ Մեծերը, իրենց հոգերուն մէջ խորասոյզ, աննշմար կը թողուն այս փոփոխումները։

Դ.

 

Նորութիւն։

 

Ե՞րբ էր դադրած անիկա խօսելէ Սիւլէյման էֆէնտիին վրայ։ Նկատեց անիկա իրողութիւնը, երբ թեթեւ մը յանդիմանուեցաւ իր քրոջմէն, որուն համար ուսանողը օրուան գերագոյն իրականութիւնը կը կազմէր, նամակներովը, նկարներովը, յիշատակին կապուած մանր ու մեծ բաներու անհատնում հանդէսովը։ Ապրիլ կէս օր մը, առանց Սիւլէյմանով պայմանաւոր զգայութեան մը ծուէնին, անհեթեթ բան էր այդ մօրը համար։ Ու անոր քոյրը, ինքնաբեր ու պարզ, շատոնց մտած էր այդ ոլորտին մէջ։

 

Ան սկսեր էր իր օտարացումը, չընկերանալով մօրը բառերուն, իր կողմէն ոչ մէկ առիթով գեղանի տղան ոգեկոչելու։ Այդ անդրադարձումը սակայն երկու կիներուն ամէնէն քաղցր սփոփանքը կը կազմէր, կազմեր էր, ամիսներ ու ամիսներ։ Հիմա՞։ Կ՚ընէր այս նահանջը, ոչ թէ չարութեամբ, այլ՝ իրմէն վեր ուժէ մը արգիլուած։ Շատ ուշ պիտի խորհէր այս ընկրկումը յատակող վատութեան իր բաժինին ալ։ Կ՚ըսեն, թէ տեւողութիւնը կը նմանի թթուի։ Մեր զգացումները անոր մէջ ընկղմելով, հարկադրաբար կը գունատին։ Չունիմ առարկութիւն։ Բայց աւելի ճիշդ չէ՞ այդ դերը ընդունիլ մա՛նաւանդ միջոցին, տարածութեան վրայ։ Թող հեռանան իրարմէ սիրտի մը երկու փերթերը՝ շէնքը կը փլի։ Աս ալ ժողովուրդը ըսած է։ Սիրային աղէտները կը մնան ենթակայ հեռաւորութեան օրէնքներուն։ Ու վարկածը ճիշդ է դարձեալ, իր հակափորձովն ալ։ Ոչ մէկ շնորհ կ՚ազդէ մեր զգայարանքներուն վրայ այնքան ապահով արդիւնքով, որքան ֆիզիքական մօտութիւնը։

 

Անիկա սկսել էր իր օտարացումը, աւելի ուշագրաւ ուրիշ նահանջով մը, Սիւլէյմանին նամակներէն զգացած խոր իր ձանձրոյթովը։ Ու խորհիլ, թէ ամիս մը առաջ այդ թուղթերը ամէնէն թանկագին առարկաները կը կազմէին անոր հետաքրքրութեան, իրական նուսխա ներ [47], որոնց ձեւը, տողերուն համաչափ շնորհը, մելանին սեւը ու ստորագրութեան անուշիկ փարաֆ ները նիւթ կու տային անսպառ, հեշտագին խօսակցութեան։ Որոնք կարդացուելէ, վերլուծուելէ, համբուրուելէ յետոյ, կը տարուէին սատափակուռ, հոտաւէտ գզրոցներու թաւիշին ծոցը, հանուելու համար կրկին, քանի մը օրէն, արեւի եւ վերընթերցումի։ Տղան իրենց մօտ ընող սա էջերուն հիմակուան մե՞ղքը։ Ի՞նչն էր [որ] [48] այդ գիրերը կ՚ընէր պաղ, տափակ, ծուռումուռ (ինչպէս կը տարազէր անոր միտքը, գեղագրութեան համար բծախնդիր)։ Ու ի՞նչն էր, որ կը պարզէր զանոնք իրենց նախնի խորհուրդէն։ Անիկա չէր կրնար պարտկել ձանձրոյթը իր ականջներուն, որ երեւան կու գայ կզակներով, երբ ստիպուած էր մօրը խանդավառ պատմումը ընդունիլ ու յօրանջելով կու լար։ Աւելի՜ն։ Անիկա առաջ գնաց, նամակները չաւարտած իսկ, ձգել քոյրը, փուճ պատրուակով, յօրանջէն հալածական ու վազել մինչեւ դղեակ, այսինքն՝ այրերու յարկաբաժինը, գտնել այնքան կարօտցուած պէյպապա ն, սովոր ժամերէն դուրս, ժպիտը մինչեւ իսկ մազերուն անցուցած, իր անհամբերութեան, կարօտին, սիրոյն տալով տեսակ մը անփոյթ ընտանութիւն։

 

-- Պէյպապա ։

 

Անշո՜ւշտ։

 

Պիտի տար մանրիկ իր թաթիկը աւազակին սառ մատներուն, ոստոստուն, կճուած՝ այդ սառէն, բայց աչքերը խորունկ թափելով դէպի բիբերը անոր։ Պիտի քաշէր, հանէր զայն խորունկ, մէջէմէջ սենեակներէն, որոնք այդ գիծէ աւագ տուներու մէջ կը պատմեն շատ բաներ՝ տեսնել կրցողին։ Ամէն մէկին մէջ մասնաւոր սեղաններ։ Ամէն մէկին մէջ առարկաներ, որոնց գործածութիւնը տղոց ուշը կը գրաւէ իր անծանօթովը…։ Անիկա պիտի նայէր, չար, հեստ, խիստ, այդ սենեակներէն ներս պէյպապայ ին առանձնութիւնը բաժնող մատաղատի երիտասարդներուն, գրագէտ [49], պաշտօնեայ, այդպէս ընտրուած՝ դէմքի եւ զգեստի [50], կիսաժպիտ կամ տրտում, իրենց մարմինները խնամելով անդադար, ինչպէս լսեր էր ծառաներէն ու մտքովը սահելով ուրիշ ալ մանրամասնութեանց վրայէն, որոնք շշուկուած էին իր մատաղ ականջներուն…։ Իր անցքին բոլոր այդ էֆէնտիները եղէգ գրիչները պիտի դնէին իրենց ականջին ու նայէին ետեւէն։ Ու ինք կը զգար ատիկա։ Ու մտերիմ, ընտանի, ժպտուն, պահանջկոտ՝ անիկա պիտի քաշէր յիսունի մօտ մարդը իր ականջներէն, երբ հասնէին առանձին նրբանցքները։ Պիտի տար կուրծքը անոր շունչին։ Պիտի չափէր հասակը, անոր գլուխը կորացնելով դէպի իր չփակը, անկարելի բնականութեամբ, կշիռով, հեղինակութեամբ։ Ու դուրս էր անիկա յայրատ կեցուածքէ։

 

Բայց դէպքերը կանգ չառին այդ զառիթափին։ Սեռային աղէտներուն նկարագիրը այս անխորհուրդ վստահութիւնը կ՚ըլլայ, տակաւին իրենց սկիզբէն։

 

Անոնց ընտանութիւնը քիչ-քիչ եղաւ այլախոյս։ Մա՛նաւանդ անոնց բերանները, որոնք հետզհետէ ծանրացան, առանձնութեան պահերու, ըլլալու համար խճող, խռով, շուարուն, նոյն ատեն հեշտ, տաք, բաբախուն, իրարու արեւելուած, բայց երրորդի մը ներկայութեան [51] դառնալով խլրդային իրենց չորութեան։ Ու անոնց նայուածքները, որոնք պարզ մնալու սրտառուչ իրենց ճիգին մէջ, բեռնաւոր կ՚ըլլային աշխարհ մը հոգի։ Դէպի սեռին քարայրը առաջնորդող սա ճամբաներու ընթացքին, զգայարանական մեր այլայլումները բաղդատելի են թերեւս մետիոմական այլացումներու։ Սեռին հոսանուտը անշուշտ օրէնքներու կը մնայ հպատակ։ Երկար է հետեւիլ ատոնց ուսումին։ Վերլուծումը, մա՛նաւանդ վէպի մէջ, չի հասնիր շատ բանի։ Ու պէտք է կարճ ըլլալ։

 

Ու քալել։

 

Այո։ Դնելու էք սակայն այս ամէնուն դէմ թափանցող կինը, մայրը, որ կը հասկնայ, գուցէ ոչ ամբողջ, բայց կը հասկնայ։

 

Պա՞րզ, այս ամէնը։

 

-- Ո՜վ գիտէ։

 

Տկարութիւնը, անոր գիտակցութիւնը մթնոլորտ մըն է։ Անոր մէջ ընկղմողները կ՚անգիտանան իրենց ճակատագիրը։

 

Ու ծանրացաւ անոր վրայ իր մենութիւնը. քիչ-քիչ՝ իր գիծերուն մէջ ինքզինքը ճշդող։ Կ՚ամչնար խօսելէ իր տղուն վրայ, քրոջը ներկայութեան։ Ու կ՚ամչնար այդ զգացումին համար։ Աւելի՜ն։ Անիկա կը կճուէր սուր ցաւով մը ամէն անգամ, որ հայրը անոր անունը հանէր իր բերանէն։ «Սիւլէյմանը» բառ մըն էր, որ տարին քանի մը հեղ հազիւ կը լսուէր անոր շրթներէն։ «Տղադ» սովորական տարազը, ի՜նչ զգացումով կը փոխուէր «Սիւլէյմանի»։ Ու ինչո՛ւ, անոր հայրը, ամէն օր, առիթ կը ստեղծէր տղան յիշելու, մինչ իր դիմացը Խալիտէն կը խաղար, գոց՝ թարթիչներէն, մէկ խոպոպովը, ծունկը ծունկին, մետաքս գուլպաներուն գողտր կորութիւնը բուրումնաւէտ բանի մը նման շարժելով անփոյթ։

 

Ու խարոյկ էր Սէրվինազ հանըմը, ինքն իր մէջ դարձած։

 

Որո՞ւ բացուիլ։ Որո՞ւ վստահիլ։ Ի՞նչ աչքով տեսնել։

 

Իր տագնապին մէջ, առժամեայ նպաստ անիկա պիտի գտնէր իր մանչէն, որ, արձակուրդով դարձին, կրկին գրաւեց իր հին տեղը, երկու կիներուն միջեւ:

 

Հասուն։ Շատ աւելի անշուշտ, քան նախորդ տարին։ Վերապահ, այսինքն՝ ինքնամփոփ։ Խոյս տալով սանկ ու նանկ ճարուած առանձնութիւններէն, որոնք աղջկան աճումովը կը դառնային խռովիչ ու մութ։ Կը զգուշանար անիկա պարտէզներէն, պալատին նրբանցքներէն, խորունկ շուքերէն, խառնուածքին բերումովը, ինչպէս անհանգիստ իր հոգիին վախերովը։ Անոր առաջին քայլը պիտի ըլլար անհրաժեշտ անջրպետը ստեղծել իրենց մարմիններուն մէջտեղը, աթոռի, սեղանի, բազմոցին արգելքներով։ Չմօտեցաւ լուսանկարներու ալպոմին, որ անոնց գլուխները գրեթե իրարու կը բերէր իր էջերուն վերեւ։ Բաւական պիտի տառապէր՝ վերջ մը տալու համար ձեռքով կատակներուն, որոնցմէ իր գարշանքը կտակն էր դպրոցին, այնքան կ՛ատէր այդ երկդիմի շարժումները երկդիմի տղոց։ Սանձեց անիկա այդ աղջիկը լեզուէն, նայուածքէն, կուրծքէն, ոտքերէն, ասոնց ամէն անորոշ արտայայտութեանց դէմ ինքզինքը ընելով օտար ամէն զիջումի, փափկութեան։ Բրտութի՛ւն։ Անշուշտ: Անիկա այս զսպումի գործը առաջ տարաւ, մերժելով կարդալ քերթուածներ, որոնք գրուած էին ծովեզերեայ երեկոյթներուն համար։ Տարուէ տարի անոր մէջ կ՚ամրանար էրիկ մարդը։ Անիկա ինքզինքը դէմ յայտարարեց բանաստեղծութեան, որ զբաղումն էր անգործներուն ու աղջիկներուն ու պաշտօնեայ թուրքին համար անհրաժեշտ, մեծ գիտութիւնը, պատմութիւնը, քաղաքական կեանքի պաշտամունքը՝ անոր մէջ հրայրք մըն էր արդէն։ Ամէն թուրք պարտաւոր էր ծառայել իր հայրենիքին, մեծնալ անոր համար։ Վասնզի պատանիի խանդավառութեանց մէջ մարդն է, որ կը կազմուի։ Թուրք ազգը դեր ունէր աշխարհի երեսին, մեծ ու զօրաւոր դեր։ Քառորդ միլիառ ժողովուրդ մը իր փրկութեան աչքերը ուղղած կը պահէր թուրք երիտասարդութեան։

 

Սա լրջութիւնը, հաւատարմութիւնը իրենց արձագանգը ունեցան Խալիտէ հանըմին ալ վրայ, որ Էտհէմ պէյին ազդեցութիւնը մոռցած էր բոլորովին, գեղակազմ, առողջ ու իմացապէս եալը ներու իշխանազունները յիշեցնող սա տղուն հմայքովը ողողուած։ Այդ օրերուն, թրքուհին անծանօթ էր արուին, զայն ճանչնալ արտօնուելով ամուսնութենէն ետքը միայն։ Քիչ անգամ, հոս գրուածին նման, շատ մերձաւոր ազգականութիւն մը թոյլատու կ՚ըլլար սա ընտելացումին։

 

Իրարմով ըլլալու, իրարմով ծանրանալու, նիւթէն վեր նայելու սա փաստերը փրկեցին մօրը տագնապը, որ կը զղջար քրոջմէն իր կասկածին ու կը ջանար դարմանել իր մէջ իր տրամադրութիւնը ու իրմէն դուրս թափ կու տար աղապատանքին, Խալիտէին հանդէպ ըլլալով հաւասար գուրգուրանքով զաւկէն ու աղջիկէն [52] ։

 

Ի՜նչ սրտառուչ հպարտութեամբ անիկա կը քալէր այդ զոյգին հետ, իրիկնային պտոյտներուն, ծովափին, այնքան սիրուն, նկարէն, բեկ-բեկ, զոր կ՚աղեղէին բազմաթիւ խորշիկներ, հսկուած՝ խարակներէ, գոյն–գոյն ու խատուտիկ կռնակով։ Անոնք լայն հոգիով կը նստէին ժայռերու վրայ, որոնց ջերմութիւնը հաճոյք մը կ՚ըլլար անոնց միսերուն համար լաթերէն անդին, խօսելու համար ազգային պատմութեան մեծ դէմքերէն ու իրենց ցեղին աւանդուած մեծ առաքելութենէն։ Ոչ մէկ թուրք ուսանող այդ օրերուն մտքէ անցուցած է կասկածիլ կրօնքէն [53] ու փատիշահին միակեդրոն անձէն։

 

Անոր հայրը, հաւատարիմ իր վարուելակերպին, ինքզինքը կ՚ընէր թոյլատու, ներող, ընդառաջող։ Քիչ բանի հասնող ուղեղները քանի մը հզօր մտածումներ տիրաբար կ՚ըմբռնեն։ Անիկա խանդավառ էր իր տղուն խանդավառութեամբը։ Մտիկ կ՚ընէր անոր ծրագիրները, թրքութեան սպասող մեծ ապագան, գերմանական մեթոտներուն գերազանցութիւնը, նոյն ատեն անոր մէջ արթնցնել ջանալով գործնական կեանքին զգայարանքները։ Անիկա կ՚ախորժէր գիշերասկիզբը անցընել անոնց հետ, պատրուակելով ձեռնարկներ, ծրագիր, տղան մարզելու համար ընդարձակ իր կալուածներուն մատակարարումին։

 

Այս մարզին վրայ, անիկա հզօր էր ու տպաւորիչ, քան Սիւլէյման էֆէնտիի բոլոր դասատուները ի միասին. կը խօսէր դաշն, համոզկեր, թափանցող այն լեզուով, որ անոր անդրանիկ զէնքն էր դեռ այն օրերէն, երբ գլխուն վրայ որդերը թարախ կը բանէին ու մարմինին ծակուծուկերուն ոջիլները բոյն էին դրեր

 

Իր տղուն հանդէպ սա գորովը, յարգանքը, վստահութիւնը ի՞նչ ազդակներու կը հպատակէին։ Այս հարցումը պիտի ընէր անոր մայրը ու ամէն անգամուն յիշէր պիտի սրտաճմլիկ տեսարանը արտասուահեղձ իր ամուսինին, որ նոր իր կնիկէն   -յիշելու էք գառագեղուած վրացուհին--   իր պայազատը դարձեր էր թաղելէ, սպառնագին ակնարկով մը հալածելով մեռնողին խելայեղ մայրը։ Ու պիտի մտաբերէր օրը, երբ յանկարծական բարկութեան մը նոպային դուրս էր ըրած անբախտ կինը, լաթի ծրարի մը նման կառք նետելով անոր ջախջախուած մարմինը։ Էտհէմ պէյը ըրեր էր այս անգթութիւնը, արիւն չթափելու խուլ պէտքի մը տակ։ Շարժառի՞թը։ Տղուն մահը, անշուշտ, որուն կը մնար պատասխանատու անոր մայրը, պատճառը անյայտ մեղքերու գնով, այնքան առատ, պատրաստ, բռնակալներու գրպանը, փափաքուած պահուն գործածուելու համար։ Իրակա՞նը։ Պարզ սակայն։ Այդ անփորձ կինը մեղքն էր գործեր, իր տղուն կսկիծը մեղմելու համար, մխիթարել իր ամուսինը՝ Սիւլէյման էֆէնտիին գեղեցիկ առողջութեամբը։ Ու պատժուեր։

 

Հիմա՞։

 

Միամիտ են կիները, երբ հեռուն են գործողութեան յորձանքէն։ Ըսել կուզեմ՝ երբ ուրիշներու ապրումները կը վերլուծեն։ Միամիտ էր Էտհէմ պէյի կինն ալ, միտքէն չանցընելով նախանձիլ իր քոյրը իր զաւկէն, թէեւ թուրք ընտանիքը արիւն չի փնտռեր, այսինքն՝ պորտի գաղափարէն հեռու է բոլորովին։ Ու չէր փետեր վարագոյրը իր հոգիին աչքերէն, երբ կը դիտէր սա մտերմութիւնը տարասեռ տարիքներուն։

 

Մինչեւ ո՞ւր։

Ե.

 

Ի զուր պնդեց անիկա, տղան վար դնելու համար, իր մինակութեան [54], հօրը գործերուն ընտելացման փաստերը ջանալով արժեւորել։ Ուսանո՞ղ։ Անշուշտ։ Բայց անոր սորվածը կը բաւէր ու կ՚աւելնար ալ։ Փառք Ստեղծողին, Էտհէմ պէյի զաւակը գրագիր [55] կամ պաշտօնեայ պիտի չըլլար, որպէսզի աւարտէր ուսման ընթացքը ու տիրէր թուղթին։

 

Հայրը ընդդիմացաւ։

 

Ու այլապէս ջերմ, հզօր էին փաստերը, ինչպէս ամէնէն սուտ բաները անոր բերանին։ Պէտք էր լսած ըլլալ զինքը, համոզուելու համար վիճաբանող իր շեշտին համին։ Անիկա չէր վախնար իր տգիտութիւնը իբր գերագոյն փաստ շահագործելէ։ Իր սիրտը բանալու էին մարդիկ, հոն կարդալու համար անջնջելի ամօթը, մա՛նաւանդ անջնջելի ցաւը, որ իր ծնունդին նուէրն էր իրեն, զինքը ուսումէն հեռու ընող ճակատագիրը։ Այլապէս Էտհէմ պէյին համար ճամբան բաց էր մինչեւ եպարքոսութիւն։ Ու կը հաւատար իր կսկիծին։ Զարգացումը գերիվեր՝ բոլոր փառքերէն։ Անիկա այս փաստին կը կցէր աւելի իրական ու ընտանի ուրիշներ, առնուած իր տարածուն տնտեսութենէն։ Անոր տարտղնուած հաշիւները ուրիշներու ձեռքն էին ձգուած։ Ու անիկա պահանջը ունէր տիրական ու պատրաստուած ձեռքի մը, որ կարգ, օրինաւորութիւն հաստատէր անոր իշխանապետութեան սահմաններուն։ Ու անիկա մեծ վստահութեամբ կը խօսէր մօտիկ ապագային վրայ, երբ փաշայութեան տիտղոսը պիտի վաւերագրէր իր հարստութիւնը։ Այս ամէնուն միակ ժառանգորդը, Սիւլէյման էֆէնտին։ Որ կը սիրէր ուսումը, պետական գլուխի մը վայել պատրաստութեան մը լիովին արժանի։ Երկրորդական ուսման վաւերագիրը կ՛արժէր շատ աւելի, քան շատ մը պոչատ ֆերման ներ։

 

Ճարահատ, մայրը առարկեց իր հիւանդութիւնը։ Իր ծանօթներէն կային, որ մեռան ջրհորէն ջուր քաշած ատեննին։ Տարւոյ այդ մասերուն սարսափը քանի մը օր կը տեւէ, մինչեւ որ կեանքին սովորական ընթացքը ինքզինքը բերէ իր ակօսին ու մարդիկ մոռնան, թէ մեռնին պիտի։ Անիկա զաւկէն չէր ուզեր հեռու ըլլալ…: Քոյրն ու տղան հերքեցին իր վախերը, ու չէին գիտեր, թէ իրենց առողջութիւնը կը պատմէին հեռազգած կնոջ։

 

Էրիկը պիտի լուծէր վէճը՝ ըլլալով երեքէն խելացի։ Անիկա արտօնեց կինը հետեւիլ իր զաւկին, ջերմուկները վարձել ծանօթ վիլլան։ Ծառաներ, սպասուհիներ, քոյրը չէի՞ն բաւեր իրեն։ Յետոյ, տարիքին ձայնն ալ պարտաւոր էին նկատի ունենալ էրիկ ու կնիկ։ Մօր մը ներկայութիւնը ճամբան կը գոցէ շատ մը գէշ վարժութիւններու։

 

Սէրվինազ հանըմը չհաւատաց։ Այսքան երջանկութի՜ւն։

 

Անիկա ամբողջ գիշեր մը լուսցուց, իր ճիշդ զսպանակներուն վերածելու համար սա որոշումները հակասութեանց շարք իր մարդուն։ Ինչպէ՜ս մտածէր անփորձ տիկինը, թէ մեծ քաղաքներու մթնոլորտը աւելի արագ կը հասունցնէ աղջիկները։ Թէ՝ բոյսերը կը նմանին քիչիկ մը մարդոց, որոնք ջերմուկներու ոլորտին մէջ աւելի շուտ կ՚ուռճանան։ Ուրկէ՞ գուշակէր, թէ իր ընտանիքին պատրուակովը Էտհէմ պէյին մէկ ոտքը քաղաքը պիտի ըլլար։ Ու մեծ քաղաք մը իր կառքերովը, վայելքի վայրերովը, ջերմուկներով առաջացած թոյլ գրգիռներովը աղջիկները կ՚ընէ նուազ դիմացկուն։ Ու քանի կը մտածէր, այնքան իր վստահութիւնը կը նիհարնար, վասնզի իր ամուսինին մտքէն անիկա չէր կրնար արդար վճիռ, գէթ նպատակ սպասել։ Իր վարանքները զինք ըրին աւելի նեղմիտ։ Ի վերջոյ, ճնշումի տակ գէշ-աղէկ դասաւորեց դէպքերը։ Պիտի երթար։ Պիտի չերթար։ Առաջին պարագային իրեն հետ կ՚ունենար հեղինակութիւնն ու պաշտպանութիւնը իր մանչուն։ Երկրորդ պարագայի՞ն։ Հարցուց, բայց չճշդեց, վասնզի կ՚ամչնար։ Այս երկուութիւնները սրեցին անոր անթառամ բնազդը։ Կիները դժուար կը մոռնան սեռին իմաստութիւնը։ Ու օրին մէկը, շատ մօտ վճռական բաժանումին, անոր տրուեցաւ խելքը, պատահարը իր անդրագոյն իմաստին տանելու։ Ու դրաւ անիկա չարագուշակ հարցականը.

 

-- Քո՞յրը, թէ մանչը։

 

Ինչո՞ւ չդրաւ։

 

-- Մա՞նչը, թէ ինքը։

 

Թող պատասխանեն անոնք, որ կրնան։

 

Կիները իրե՞նք կը ստեղծեն այս ճակատագրական հարցումները, թէ ասոնք կազմուած՝ օտար պալատներու մէջ, կախարդական փուշ–պսակներու նման, իրենք իրենց կը գտնեն անոնց անբախտ գլուխները։

 

Սեպտեմբերի սկիզբներն էին։ Բլուրները թաւշացած՝ առջի անձրեւներէն։ Քաղցրութիւն, հոտ, միրգերու արոմ ը ՝ գինիէ ու աշնանային ծաղիկներէ։ Սիրտերը՝ կակուղ։ Ու հզօրագոյն զգացումը կ՚ուռէր, հասուն ու խոնարհ։ Ողկոյզները անտիպ հրապոյրներ կը կախէին բարունակներէն։ Ու ամէն խնձոր կարմրած ատեն դեղնիլ ալ ունէր։ Հովուերգութիւն չէ, որ կ՚ընեմ։ Հոգին կ՚ազդուի աշնանամուտի սա հոսումներն։ Մեզմէ վրիպող ուժեր կը զարնեն մեր սրտերուն դուռները։ Ու այգիներուն մէջ, ոսկի հատիկներու խորը բանտուած ոգին վեր է տարիքէն։

 

Անոր մայրը, պառաւ մը ըլլալու համար՝ երկու անգամ ապրելու էր ինչ որ ապրեր էր մինչեւ այդ պահը։ Ու անոր ներսը հզօրագոյն զգացումը, զաւկի պաշտամունքը, կ՚աղբերանար։ Չունեցաւ քաջութիւնը մեծ որոշումին։ Ու կու լար։

 

Բայց դէպքերը երբեմն իրենք կը վարեն մեզ։

 

Զ.

 

Ի՞նչու գացեր էր պարտէզ։

 

Բայց, մա՛նաւանդ՝ ո՞վ ուղղեր էր իր քայլերը մեծ արիշին ներքեւ։ Անիկա տեսաւ իր ամուսինը, որ կը համբուրէր պզտիկ հանըմը։

 

Հրապարակաւ էր ատիկա, առանց ալ կանխահոգ, զգուշաւոր վախի, քանի որ իր երեւումը զանոնք չըրաւ անհանգիստ։ Աղջիկը, նազանքով, ժպտելով, քիչիկ մը պչրանքով մեղադրեց ակռաները պէյպապայ ին ու ծուխ հոտող պեխերուն կպչուն խոնաւութիւնը։

 

Անոր քոյրը հազիւ բառ մը գտաւ դիմաւորելու այս գանգատանքը։ Եղեր էր պաղ, վիրաւորուած։ Օրը մօտ էր վերջին։

 

Չերեւցաւ անիկա տղոցը ճաշին։ Պարբերական գլխացաւը՝ ընդունելի պատրուակ։ Տղաքը խորապէս կը յուզուէին, երբ, տժգոյն իր քունքերը ոսկոր իր մատներուն մէջ սեղմած այդ կինը կը պոռար իր մամային, զայն կանչելու ատեն երգելով ու լալով իր կարգին։

 

Ինչպէ՞ս [56] էր բերեր գիշերը։

 

Անսովոր քաջութեամբ մը, ամէն բան աչքն առած, անիկա ստուգելէ յետոյ դղեակին լոյսերը, ամուսինին ննջարանին պարապ չըլլալը, բարձրացաւ անոր յարկաբաժինը։ Գիշերը խորացեր էր քիչ մը։ Կարծր ու կծու հոտ մը։ Դղեակին մեղքերուն շոգիացումը նեղեց անոր շունչը։

 

Հակառակ զաղփաղփուն մարմինին, քառասմբակ արշաւող իր սրտին, ձայնով մը, որ բանաւոր [57] էր ու դէգ, ամբարիշտ ու անսանձ, անիկա յայտնեց իր կամքը։

 

-– Ա՛լ չէր հանդուրժեր։

 

Իր թիկնաթոռին մէջ, խոշոր բուրդ գիշերանոցի մը տուած իր յոգնած անդամները, Էտհէմ պէյը, շուարուն, հարցուց անոր.

 

Ի՞նչ կայ, ի՞նչ բան չես հանդուրժեր։

 

Առանց բարկութեան։ Տեղեակ ըլլալու պարզ փափաքով։ Անոր միտքը մոռցե՞ր էր արիշի տեսարանը, թէ ա՛լ վարժութիւն դարձած իր լրբութիւնը կը պարզէր կնոջը։

 

-- Ամէն բան չափ մը ունի։

 

-- Առանց բարկութեան։

 

-- Ա՛լ չեմ հանդուրժեր այս խաղքութիւնը։

 

Յետոյ, արգիլելու համար բացատրութիւն, բառ՝ անիկա մատը վերցուց ու յայտարարեց։

 

-- Առտուն կանուխ։ Պէտք է մեկնիլ։

 

Ու չըսաւ, թէ ո՞վ էր մեկնողը, ո՞ւր՝ մեկնումին վայրը, ինչո՞ւ եւ որո՞ւ հետ։ Մեր իրաւունքին հուրքը մեզ կ՚ընէ զիկզակող։ Ու փոխանակ մտածելու, այսինքն՝ մտածման ընկալեալ ճամբաներով առաջանալու, կը զեղչենք շատ բան, տալով կորիզը մեր յուզումին ու կարծելով տուած ըլլալ անոր ամբողջ գնացքը։

 

Հասկցա՜ւ անոր էրիկը։

 

Ու տաքցաւ։ Նոր՝ սա ընդդիմութիւնը։ Կեանքին մէջ ոչ ոքի հակառակուած, ընդդիմաբանուած՝ գազանը մնաց ապշահար սա անհեթեթութեան առջեւ։ Ուրեմն, լեզու կա՜ր այդ կնոջ բերնին մէջ։ Մեծ իր մատները անցան ճակտին կնճիռներէն։ Մտածելո՞ւ եղանակ, սա բնազդական ինքնադարձումը։ Գիտէր սակայն փորձառաբար, որ ծանրագոյն իր որոշումները այդ խորդութեանց վրայ էր, որ կը սրուէին։

 

Ինչո՞ւ ուզեց ըլլալ հաշտարար, նոյնիսկ գորովոտ, հրաւիրելով հանըմ էֆէնտին աւելի քիչ կիրքի։ Հասկցուէին գոնէ։ Ու չէր հեգներ Էտհէմ պէյը, այդ զգայարանքէն զուրկ ծնած ըլլալուն։ Յետոյ, իբր թէ ինքնիրեն [58], չնայելով կնոջը.

 

-- Ի՞նչ է ուզածը, ողորմած Աստուած։

 

Կինը կտրեց խօսքին ընդլայնումը, իր կարգին, նայելով հեռու կէտի մը։

 

-- Շատո՜նց, շատ շատոնց, անիկա չէր հաւատար Էտհէմ պէյին ոչ իսկ մէկ բառին։

 

Ձայնը կը դողար։

 

-- Ո՛չ իրաւին եւ ոչ սուտին։

 

Երկու ափերը իրար ծեծելէն, ջուր թափողի մը կեցուածքով։ Բանավէճը անկարելի կը դառնար։

 

Յետո՞յ։

 

-- Զաւկին արե՜ւը վկայ

 

Դողաց անիկա, նուիրական բանաձեւը արտասանած ատեն։

 

-- Զաւկին արեւը վկա՛յ, պիտի պատռէր վարագոյրը։

 

Աչքերը շեշտ անոր աչքերուն, անլուր սառնութեամբ, գիշատիչ կենդանին մտիկ ըրաւ մեծ երդումը, վարի շրթունքը ծամելով։ Անոր բնազդական մէկ tic-ն ալ աս։ Մինչ իր միտքը կը պատռտէր ով գիտէ ո՛ր կնիկին մարմինը, հեշտական զգայութիւններէ բոլորովին դուրս վայելքով մը։

 

-- Գայթակղութեան գնով։

 

-- Այո։

 

-- Գլխուն գնով։

 

-- Այո։

 

-- Փատիշահին իսկ հեռագրելով

 

Անոր դեղնաւուն ձեռքերը իր գլուխը կը ծեծէին։

 

-- Պիտի արգիլեմ այս աղէտը։

 

Անոր էրիկը չուզեց հասկնալ, վասնզի չհարցուց։ Բայց որքան ուժ էր սպառեր՝ ինքզինքը գամուած պահելու համար իր հեշտաթոռին, ու չխոյանալ սա «քածին» վրայ։ Բոլոր կիները ուրիշ բան չեղան այդ ժողովուրդին, իրենց էրիկներու դատողութեան մէջ։

 

Հիւրերը սկսեր էին հասնել։ Սելամլըք ին մէջ կնոջը ներկայութիւնը՝ արգիլուած։

 

-- Թող լաւ իմանար Էտհէմ պէյը։

 

Բայց ճերմակ էր այս ձայնը։ Մինակ մարմինը չէ, որ կը դալկանայ, երբ մեծ քանակով կորուստ տայ կարմիր հեղուկէն։ Հոգին ալ ունի իր արիւնահոսումը։

 

Երկու ծառայ բերին եօթնաստեղն [59] աշտանակը։ Հանըմին ներկայութիւնը զիրենք արգիլեց ներս մտնել։

 

-- Գացէ՛ք սրահ։

 

Ծառաներուն ոտքերը կը հեռանային։

 

-- Վառեցէ՛ք բոլոր ջահերը։

 

Ինչո՞ւ չէր շարժեր տեղէն։

 

Տիկինը դարձաւ ետ, դրան սեմին ձգուած աշտանակը վերցուց ու տարաւ դէմի սեղանին։ Մոմերուն կէտկիտուն լոյսին մէջ անոր դէմքին գոյնը մօտ էր մետաքս վրանոցին, բաց ճերմակ։ Նիհար իր ձեւին վրայ թոյլ այդ պարեգօտը տեսակ մը պատա՜նք։ Ու կը նմանէր այդ թուլութեան ու լայնութեան մէջ, սարսափ տարածող այն բանին, որ ողջ մարմինն էր, երբ կը քալէ անկար պատանքի մը մէջ մտած։

 

Անկարելի էր այդպէս զգեստաւոր, այդպէս հանդարտ, այդպէս ուրուային այդ տեսիլքին նայիլ ու չհաւատալ անոր պատգամին, գլխէդ կախուած ողբերգութիւն [60] ։

 

Չպաշտպանեց ինքզինքը, մոռցած ըլլալուն նման բան մը, քառորդ դարէ ի վեր, քանի որ իր բոլոր արարքները կը դատէր անդառնալի արդարութեամբ մը։ Չհերքեց ամբաստանութիւնն ալ   --ինքն ալ չէր գիտեր անցածն ու դարձածը, քանի որ նոր չէր, որ կը համբուրէր իր քենին--    ատոր զիջումը վեր գտնելուն [61] ։ Անիկա կը լսէր, միշտ, սուտն ու իրաւը, նոյն ականջով։ Իրն էր զուարճովի սրամտութիւնը, որուն համեմատ Աստուած լաւ ըրած պիտի ըլլար ականջներէն մէկը իրաւին, միւսը սուտին յատկացնելով։ Ու մեղաւոր էր այդ Աստուածը, մեր ականջներուն տուած չըլլալով ինչ որ ըրեր էր մեր լեզուին, անուշն ու լեղին իրարմէ զատող ջիղեր։ Սուտը սանկ քիչիկ մը բաժնելու էր։ Ըստ այս տրամաբանութեան, սուտն ու իրաւը համարժէք էին։ Ինչ որ իբր սուտ կը սկսէր, օր մը յանգելու էր իրաւին։ Ու փոխադարձաբար։ Այս դատելու կերպը՝ պատճառը խղճմտանքի իր մեծ, մշտական խաղաղութեան։

 

Առանց բարկութեան ճամբեց իր կինը։

 

Ետեւէն, հօրը գերեզմանին վրայ, անիկա ըրաւ անդառնալի երդումը, այդ «քածը» չարաչար պատժելու։

 

Ու անցաւ իր հիւրերուն ընդունելութեան։

Է.

 

  Նաւահանգիստի աւագանին, ողջերթի հրաւիրուած, Սիւլէյման էֆէնտիին հետ ունեցաւ մեծ տեսակցութիւն։ Դիւաններու պետերը, աւագ քարտուղարները, դատաւորները, հարիւրապետները, բժիշկն ու դեղագործը, բոլորն ալ անցած ուսումի նոյն աստիճանէն, իրենց դպրոցական յիշատակները պատմեցին, բարձր հեգնութեամբ մը ծիծաղելի ընելով արաբերէնն ու պարսկերէնը, որոնք տղոց ատելութիւնը կը շահէին, հակառակ կրթական նախարարութեան խստագոյն հրահանգներուն ու արգելք են անոնց կարգափոխութեան։ Մէջտեղ դրուեցան ծերունի ուսուցիչներ, իրենց ծիծաղելի կողմերովը։ Կը խօսէին, կը խնդային։ Ու ամէն խօսող կ՚ընէր բարձր քաղաքականութիւն, օրուան թերթին աս ու ան լուրը լուսաբանելով մեծ հմտութեամբ։

 

Զուարթ, մեծ չափով երիտասարդ այս ընկերակցութիւնը խուլ զայրոյթ մը ստեղծած էր սակայն տանուտէրին հոգիին մէջ, որ քիչ-քիչ սկսած էր հասկնալ իր կնոջը արարքին ամբողջ անպատկառութիւնը։

 

Երբ երիտասարդները կը վիճէին անգլիական բանակին ողերմելիութիւնը կասկածէ դուրս յայտարարելով (Պօէրներու պատերազմը կը տեւէր տարիէ մը ի վեր), Էտհէմ պէյը Ալպիոնին վերագրուած պոռնիկ մակդիրը կը կրկնէր մտքէն իր կնոջը հասցէին։ Ուրիշ ի՜նչ վերադիր, բոլոր կիներուն համար։ Որքան քիչ, դժուար է տեղը Արեւելքի կիներուն։ Տան առարկաներ։ Զորս կը փոխես, ուզած րոպէիդ։

 

Բայց…

 

Ու կը մտածէր, կոյանոց մաքրող գնչուի որդի Քէլ Էտհէմ, հիմա՝ փաշացու, մինչ կանանչ սեղանին վրայ շատախօս փաստաբան մը գովքը կ՚ընէր գերման զօրապաշտութեան ու խելք կը հասցնէր երրեակ զինակցութեան բարիքներուն, անկարող սակայն սանձելու բարեպաշտութիւնն [62] ալ իր նոր կնոջը, այդ օրն իսկ ծովու ճամբով դղեակ ընդունուած։

 

Ու կը մտածէր…

 

Փոքր աւատապետութիւն մըն էր իր հիմնած ընտանիքը։ Իր հողերը, տարիներու ընթացքին ծնունդ էին տուած ագարակներու, որոնք հետզհետէ փոքր աւաններու կը նմանէին, իրենց աճած տուներովը։ Թուրք գիւղերու սկիզբը ախոռն է կամ ջրհորը։ Յիսուն ձիաւոր այդ սահմաններուն մէջ կը կազմէին անոր անձնապահ ու անձնուէր գունդը, մօտէն, լոյսէն, մութէն, հեռուէն հովուելով իր փառքը։ Դրամը, ասոր կապուած վայելքներուն ամբողջ ստեղները, կինը, իր տեսակին անբաւ զանազանութեամբը, բոլորը բաց՝ անոր ախորժակներուն, տարիքին հետ ամրացող ու նուրբ, քանի որ տասնհինգամեայ աղջիկները կը գրաւէին իր զգայարանքները։

 

Ու կը մտածէր

 

Հասունցած՝ փաշայութիւնը, որուն ֆերման ին թուղթը արդէն ապսպրուած էր իր ծախքովը…։ Յետո՞յ։ Անիկա հաւատք ունէր իր արժանիքներուն՝ պետական մեքենային հետ իր շփումին արգասիք, քանի որ այդ մեծ-մեծ դպրոցներու պսակաւոր պէյերը խելքն իսկ չունէին իրենց կիները կառավարելու, ու կուշտ տուն մը պահելու։

 

Ու կը մտածէր…

 

Վտանգե՞լ իր մեծ խելքին սա արդիւնքը, «քածի» մը ժանիքովը, «տախտակի» մը (այնպէս կը հեգնէր իր կնոջը նիհարութիւնը) յիմարութեանը երեսէն։

 

Ու գիւղացիի իր տրամաբանութիւնը կ՚ըսէր իրեն.

 

Տեղդ ծանր կեցիր, տղաս։

 

Դիւրին չէր ի վերջոյ այսպէս ամրակառոյց փառք մը, փաշայութիւն մը զոհել աղջկան մը ծոցին։ Ահաւոր իր սրատեսութիւնը։ Կնոջը դէմ այսպէս ինքզինքը կատղեցուցած պահուն, անիկա քաղցր ապահովութիւնը ունէր անոր քրոջը ծոցին, անառարկելի իրաւունքի մը նման։ Իսլամութիւնը, այնքան լայն ամուսնական կապերու առջեւ, սխալը ըրած էր մէկէ աւելի քոյրեր նոյն արուին կին չարտօնելու։

 

Կոյանոց մաքրողի տղա՜յ։

 

Անիկա մտքով թքաւ ապուշ փաստաբանին, որ Պրուսայէն նոր հասած երգչուհիի մը բումբերը կը գովէր, քիչիկ մը սքողուն բառերով, շրթներու կապին քիչիկ մըն ալ փրփուր։

 

Սիւլէյման էֆէնտի՞ն։

 

Հոն էր, միշտ իր ազգին պատմութեան ու անոր մեծ դէպքերուն փառաբանութեան։

 

Անիկա, նման հաւաքոյթներու, հօրը մեծ հաճոյքին համար, դրուագումը պիտի ընէր դդում ծախող Մուսթաֆայի մը, որ մօտ հարիւր տարի առաջ, Սուլթան մը վար առած էր իր գահէն։ Անոր հայրը յիսուն անգամ լսած ունէր այս պատմութիւնը, զոր այն օրերուն գրաքննութիւնը անճանաչելի ըլլալու չափ փոփոխած էր դասագիրքերու մէջէն։

 

Ամէն անգամուն զայն կը զգար այդ կոյանոցի սերունդ թշուառականը, իբր նոր բան մը, որ վաղն իսկ կրնար նորոգուիլ... ։ Անշուշտ, անոր միտքէն չէր անցներ Համիտը վար առնել։ Բայց այդ մտքին ներկայ էր միշտ Մուսթաֆան։ Անշուշտ անիկա չէր կրնար գրել իր անունը։ Բայց այդպէս էին ան միւսներն ալ, իրենց պատմութեան մեծ հերոսները, որոնք իրենց ձիերով շաբաթը նահանգ մը կը նուաճէին։ Ողջ ըլլային Մուսթաֆաները, դդում ծախող կամ ոչ, հարցը հոդ չէր սահմանափակուեր։ Ու ան միւսները, միրալայ, միւշիր, վէզիր, որոնց տաղանդը փորին ուռեցքին էր համեմատական…

 

-- Ու կը նայէր կանանչ սեղանին ու զայն շրջանակող մարդոց, բոլորն ալ աւելի- պակաս ենթակայ իր կամքին։ Չէ՞ որ տէրն էր անոնց ամէնէն անձնական արժէքներուն, անոնց կիներուն։

 

Կէս գիշերը անց, անիկա ճամբեց հիւրերը։

 

Առտուն կանուխ՝ տղան։ Առանձի՛ն։ Հեռագիր մը դպրոցը բացուած կը յայտարարէր՝ Սիւլէյման էֆէնտին անյապաղ ուզելով։

 

Կիները մնացին զարմանահար։

 

Անտարբեր՝ անիկա լռեցուց երկու կիները։ Տղան իր տղան էր։ Ու պետութիւնը պէտք ունէր անոր։

 

Այսպէս մտածեց անիկա բարձրաձայն ու համբուրեց ճակատը իր մանչուն։

 

Անիկա ճամբու դրաւ իր կինն ալ դէպի իր առանձնարանը, անոր ետեւէն ծամելով իր ստորին շրթունքը։

 

Վճռա՞ծը։

 

-– Պատժել անխնայ…

 

Ե՞րբ, ինչպէ՞ս։

 

-- Ատենը մօտ էր ատոր խորհելու։

 

Սիւլէյմանին հեռացումը տունը դարձուց իր պաղ, դժնդակ վիճակին, շատ աւելի շեշտուած, որքան չէր ատիկա անոր ժամանումէն առաջ։

 

Երկու կիները, առանց իրարու բացուած ըլլալու, զիրար կ՚ատէին գրեթէ։ Ու չէին գիտեր, թէ ուրկէ ծագում կ՚առնէր սա զգացումը։

 

Պէյպապա՞ ն։

 

Անշուշտ։ Գործերէ կլլուա՜ծ, քրտնաթոր։ Ամէնէն բազմազբաղ ամիսն էր ատիկա տարիին։ Ագարակներու վարձակալութեանց նորոգում կամ ջնջում, պարտքերու գանձում։ Ձիթապտուղի քաղին համար պատրաստութիւն։ Այգիներուն յորդ ջուրերը։ Տասանորդի ձեռնարկներ։ Ծովու չափ գործ կար անոր գլխուն։

 

Տրտում, ցերեկները դղեակէն ելած պահուն։

 

Տրտում, իրկունները դղեակ դարձի պահուն։

 

Գիշերները, «պզտիկ հանըմ» խաղցնելով։

 

Մոռցա՞ծ, կնոջը սպառնալիքը։

 

-- Ուժի եւ գործի տէր մարդոց նման, անիկա ժամանակ չունէր անտեղի անդաճումի։ Անոր միտքը նշանախեց մը իսկ զիջում չէր ընդուներ իր որոշումներէն։ Կապածը՝ կապած։ Կտրածը՝ կտրած։

 

Ու կը հասուննար անոր միտքին մէջ վրէժը, զոր կ՚ուզէր ամբողջ ու անվերադարձ։

 

Ը.

 

  Պատեհութիւնը պիտի չուշանար։

 

Տղուն մեկնումէն շաբաթ չէր անցած, երբ օգտուելով քենիին բացակայութենէն  --Խալիտէ հանըմը գերուհիներով ելեր էր մօտաւոր պտոյտի Ըլըճա, որ հանքային բաղնիք մըն էր՝ քառորդով հեռու դղեակէն--    ներկայացաւ կնոջը յարկաբաժինը։ Օրը էտինքին մօտ։ Քաղաքէն մինարէի մը կատարին սեւ ստուեր մը կը դառնար։ Աղօթքի պահ։

 

Ո՛չ դանակ։ Ո՛չ հայհոյանք։ Ոչ ալ դէմքի զառածում, որ կիրքին յատկանիշն է մեր երեսին։ Միայն՝ անոր մատները ամուր-ամուր կը շփէին ճակտի խորշոմները, բացառաբար վաղաբոյս, հակադրութիւն կազմելու չափ դէմքին ողորկ կտաւին։ Խիստ՝ աչքերը։

 

Ծովադիր սենեակ, վարը ջուրը կը պոռար թեթեւ մը, սկսող հովին մտրակին ներքեւ։

 

Ձեռքը, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ թաթը դրաւ կնոջը ուսին։ Բազմոցին անկիւնն էր ասիկա, նոր աւարտած իր լացը։ Քրոջը հետ բուռն բախում մը զայն կը թուէր պատրաստած ըլլալ սա այցելութեան, զոր կ՚ենթադրէր թելադրուած պզտիկ հանըմէն։ Կիները արագ եւ ուղիղ կը զգան, բայց դանդաղ ու ծուռ կը դատեն։ Հոդ է գուցէ անոնց հրապոյրը։

 

Թաթին ճնշումէն ուսոսկրը ցաւած ըլլալու էր, վասնզի ճիչ էր փրթած անոր բերանէն, գրգռիչ ու անգութ ընող ճիչը, որ, տկարէն գալուն՝ ուժովը կը ջղայնոտէ։ Նետեց միւս թաթն ալ միւս ուսին։ Այս բեռին ներքեւ, Սէրվինազ հանըմին ինքնին հալած մարմինը սահեցաւ վար, գետնի թաւ գորգին։

 

Արեւ կար դուրսը, սենեակին մէջ շատնալ ուզող։ Անոր քիչիկ մը տակովը բռնկած շղարշ մը, որ տեսողութեան պատրանքով մը ապակիի անցուած մետաքս թաշկինակի մը պէս կը դողդղար, երիզներէն լուսեզերուած։ Ինչո՞ւ կը տեսնէր այս թրթռագին այրումը։

 

Անսպասելի, որքան անկարեկիր խաղաղութիւնը ապարանքին։ Ջուրին միօրինակ ճողփիւնը ափունքի պատին։ Ոճիրին մէջ փորձ գազանին համար ասոնք զգայութիւններ, որոնց արժէքը կը գնահատեն իրենց յիշատակները ամփոփող մեծ մարդասպանները, երբ կը վերակազմեն գերազանց պահը արեան հոսումին։ Ճգնական պատերու մէջ սա խաղաղութեան փաստը անոնք անզգալաբար կը շահագործեն իրենց ալ խաղաղութեան։ Էտհէմ պէյը արիւն թափած ատեն խաղաղագոյն շարժումներու մարդն էր եղած։ Բայց ինչպէս բացատրել անսպասելի այն այլուրութիւնն ալ, որով ընդուներ էր այդ կինը սա թաթերուն բեռը ուսերուն։

 

Գորգեր։ Թաւ բարձեր, եգիպտացորենի հատիկներ, եփուած ու դեղին, մասով մըն ալ սեւցած, տարտղնուեր էին մինտեր ներուն [63] երեսին։ Բազմոցին՝ [64] կոճը, մերկացուած իր հատիկներէն, նայելով յիմար, գրգռիչ իր գլուխովը։ Առարկաները երբեմն կ՚ունենան այս թելադրութիւնը։

 

Սէրվինազ հանըմը ոչ մէկ շարժում ու խօսք անցուց մտքէն։ Կարծես կը շարունակէր հպատակիլ պատրաստուած վիճակին։ Գոց՝ աչքերը, բռնի։ Պէյին մատները չկրցան բանալ անոնց կարուած կտաւը։ Կուղպ՝ բերանը, ուրկէ շունչը կը փրթէր ընդհատ արձակումով մը, ջնջուելու համար իսկոյն։ Խլեակ մը, տարօրինակ սպասման մը մէջ, կծկտած ու կիսակլոր։ Չպաշտպանեց կրկին իր զիստերը, երբ էրկանը ձեռքերը հանեցին զանոնք ծածկող ժանեկազարդ լաթը։ Օրը ցերեկո՜վ։ Պատրա՞նք։ Ո՜վ պիտի ճշդէ հաշիւները մարդոց ու նման պէյերու։ Անոր կինը խորունկ պժգանքով կ՚ընդունէր իր էրիկը ու չէր քակուեր [65] անդարման սառնամանիքէն, որ անոնց կենակցութիւնն էր եղեր այնքան տարիներ։

 

Ու պատահեցաւ զարհուրելին, ա՛յն՝ որ պատմուած էր քսան տարի առաջ, բայց չէր հաւատացուած, այնքան անհեթեթ, որքան անողորմ բան մը ըլլալուն։ Ճակատագրական առարկաներ կան, որոնք մեզի կ՚երեւան, երբ կը վախնանք իրենցմէ։ Եգիպտացորենին կոճը անոր անցեալին մէջ քիչ մնաց զինքը մահուան դատապարտէր։ Կը վախնար անկէ, ազատելէն վերջն ալ։ Անոր տեսքը բազմոցին վրայ, ձեռքին ճիշդ մօտիկը, դարձուց անոր արիւնը, ինչպէս կ՚ըսեն։

 

Ե՞րբ, այդ կախարդուած ու անիծուած առարկան պիտի ցատկէր Էտհէմ պէյի ափին մէջ, հոնկէ թխմուելու համար անոր կնոջը արգանդին։ Անհուն ցաւին աղաղակը անիկա խղդեց [66] ՝ կնոջը դունչն ու կզակը իրարու հիւսելով միւս ափովը։

 

Լռութիւն, բայց ինչպէս մորթուած հաւէ մը։

 

Ոճրագործը, յիսունի մօտ, ոչ մէկ հեւք ունեցաւ այդ արագ գործողութեան ատեն։

 

Ու անոր ծնկոսկրը իջաւ կնոջը լանջքին։

 

Ձեռքերը, թեթեւ օղակելով անոր վիզին։

 

Չխ[ե]ղդեց [67] սակայն։

 

Վասնզի մտածումին հետ նայուածքին դաշտէն փայլեցաւ ու անցաւ ստուերը պզտիկ հանըմին, տարօրէն հեշտ, գրգռիչ ու պահանջկոտ։ Անիկա սարսափով ընկրկեցաւ, չհաւատալով սակայն զգայախաբութեան։ Սենեակին դուռն էր հեղինակը պատրանքին, մեղմ ինքզինքը շարժելով։

 

Անպատրաստ ոճիրներուն ճակատագիրն է շատ շուտ տպաւորուիլ։ Թել մը, որ կը ծածանի, ճանճ մը, որ կը բզզայ, երբեմն բաւ են մեզ ետ կանչելու արիւնին թաթառէն։ Այդ ստուերին հետ Էտհէմ պէյին տեսողութեան հորիզոնէն անցեր էր դեղնորակ թուղթը, մագաղաթ ֆերման ը, ճակտին ոսկի զինանշան, որ փաշայութիւնը կը փոխադրէր մեծաշռինդ հանդիսանքով, ինչպէս էր պարագան պէյութեան օրերուն։

 

Ուրի՞շ։ Իր մանչը, վճռական ու արի, որուն յանդգնութիւնը առանձնապէս դիւր կու գար իրեն…

 

Վերցուց ծունկը լանջքէն։ Ձեռքերը՝ վիզէն։

 

Ոչ դող։ Ոչ զիղջ։ Ոչ վախ։ Ոչ գութ։

 

Պաղարիւն, զգաստ, անաղմուկ, անողոք, հանեց, բռնի, արիւնով թաթախ կոճը ու նետեց պատուհանէն դէպի ծով։ Յետոյ, տարօրէն գրգռուած կնոջը լռութեան վրայ, ոտքերով սկսաւ ծեծը։ Զգոյշ էր, հարուածներուն տեղը ընտրելու ատեն։ Որքա՞ն։– Ինք պիտի մոռնար։ Ծեծէն առաջ նուաղած կինն ալ պիտի չյիշէր ատիկա։

 

Ու ելաւ դուրս, քիթէն կախ երգի մը պոչը. [68]

«Հինգմէկնոց [69] կախեմ մարմար քու վզին»

 

Յանկերգ՝ որ այդ օրերուն բերանն էր ամէնուն: Գինետան բնակուոր [70] ոճրագործն էր, որ մորթեր էր պոռնիկը, վիզին անցընելէ ետքը դեղին թիթեղէ սուտ ոսկի շարոցը ու կախուելէ [71] առաջ  --թուրքերը մահու պատիժը ցանցառ կու տային հասարակ մարդասպաններու վրայ։ Հերոսը ուրիշ երկու արիւն ալ ունէր ձեռքերուն, մէկը՝ անչափահաս աղջիկ մը, զոր այրած էր լլկելէ ետքը, միւսը՝ խորթ քոյրը, Էտհէմ պէյի պատանութեան պայմաններով ու տեքոր ով--    եղանակեր էր, կ՚ըսէին, գերագոյն իր տեսիլքը սա աշխարհէն ու յանձներ իր գլուխը մեծ օղակին, գրեթէ ժպտելով։

 

Բայց դարձաւ անիկա ետ, սեմին։ Ու գետնաթաւալ կնոջ նուաղուն մարմինին նետեց գերագոյն նախատինքը .

 

Սարդի պէս չորնաս։

 

Տարիներէ ի վեր անիկա չէր արձակեր իր կինը, անոր խնայելու համար թանկագին վայելքը, իրմէն ազատուելուն արքայութի1ւնը, ինչպէս պոռացեր էր երեսին, թարմ գայթակղութեան մը դիմաց, երբ քսանամենի հարսնուկ մը նաւակ կը դրուէր, արիւնլուայ ու նուաղուն, [72] պառաւի մը կողմէ դղեակ մտցուած։ Այն ատեն ալ շանթահարող նայուածքովը նետեր էր իր կնոջը երեսին չարագուշակ անէծքը.

 

Չորնաս պիտի, պատի սարդին պէս ու պիտի չազատիս ձեռքէս։

 

Թ.

 

Անպատի՞ժ սա անզգամութիւնը։

 

Մարդասպանութիւնը արդարացնող արդարութիւնը ի՜նչ գործ ունէր արդէն էրիկ–կնկայ սա վէճերուն մէջ, որոնք «համբոյրով» մը կը վերջանային, ինչպէս կ՚ուզէր սովորութիւնը։ Գնչուներու բարքէն սա պատկերները ամէնօրեայ էին թուրքերու քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ։ Կինը կ՚ուտէր տփոցը մեծ երանութեամբ։ Կը թափէր ծեծողին վրայ քաղաքին ամբողջ կոյանոցը ու քիչ ետքը կը քալէր անոր կողքին, ժպիտով ողողուած։ Այսպէս է կեանքը։

 

Ու անզգամութիւնը, մա՛նաւանդ իր կոճաւոր մասովը, սահմանուած չէր դուրս թափելու դղեակին պարիսպներէն։ Ո՞վ պիտի հաւատար առասպելին։ Ծովուն կլափէն ո՜վ պիտի ազատէր վկան։ Բարակ, հիւանդկախ կիներուն արգանդը, առանց կոճային խրձանին, պերճախօս էր բաւական էրիկները, դատողները փորձառու էին   -- որպէսզի մարդոց լեզուները հիւսէին իրենց հաւնածը, ու չհանածը բեռնային [73] կնոջը գլխուն։ Տկարներուն զէնքը ե՞րբ բան մը արժեց, որպէսզի կիներուն բողոքը կշիռի ելլէ։ Ո՞վ, ո՞վ պիտի փրկէ մեր ջիղերը իրաւունքի անունով գործադրուած եղերակատակէն, որ արդի քաղաքակրթութեան մեծագոյն արատը կը կազմէ։ Ո՞վ է տեսեր, հռովմայեցի տարեգրողներուն էջերէն դուրս, եգիպտացորենի կոճ մը կնոջ մը արգանդին մէջ, ան ալ, «Աստուծոյ շուքին» (խալիֆան ) հովանաւորած երկիրներուն մէջ, ուր օրը հինգ անգամ մարդիկ կ՚աղօթեն…։ Ինչո՞ւ մանաւանդ։ Ո՛չ լեռն էր հանուած [74], ոչ ալ կեավուր ի աղջիկ, պատուական տիկինը Էտհէմ պէյին։

 

Մնաց որ, օտարին կնիկին վրայ, նոյն ձեռքերէն, ուրիշ անգամ մըն ալ գործադրուած սա խժդժութիւնը [75] այն ատեն ալ չէր փաստուած, միշտ վկայի պակասէն։ Քսան տարի առաջ, իր մէկ ագարակին մէջ, բանուորի մը աղջիկը այսպէս խցանող աւազակը ազատեր էր պատիժէն   --կախաղան կը պահանջէր կուսակալութեան ընդհանուր դատախազը նման հրէշներու համար, որոնցմէ մէկը առած էր իր ալ կինը իր ձեռքէն-- աղջկան արգանդէն հանուած եգիպտացորենի կոճը անհամեմատ խոշորցնող մօրը յիմար վկայութեամբը։ Անշուշտ։ Կոճերը որոշ հասակ ունենալու էին եւ ոչ թէ վիշտին դիմացող մօր մը անուշադիր մէկ չափին սանթիմները։ Կորսուած էր դատը աղջկան, որուն բռնաբարուիլը բեռցուեցաւ ալպանացի հովիւին, այն օրը սպաննած խուլ ծերունի մը ու լեռ բարձրացած։ Առանց երեք վկայի հրաշախառն հանդիպումին, մեր ոճիրները [76] անհանգիստ առանց ըլլալու, կ՚ապրին գոհունակ։ Հիմա՞։

 

Ամէն ինչ աննպաստ էր տիկինին։

 

Այդ վիճակին մէջ զայն առաջին տեսնողը եղաւ քոյրը, որ առատ իր ծոցին մէջ առնելով գետնատարած անոր մարմինը՝ պառկեցուց անկողին։ Չէր հասկցած գորգին վրայ արեան փերթերը, ոչ ալ անդրավարտիքին բզիկ-բզիկ պատկերը անաղարտ զիստերուն վրայ։

 

Նուալած կինը բարակ ու գոց արցունք միայն ունէր։ Ոչ մէկ շշունջ։

 

Խալիտէ հանըմը իր քեռայրին անտարբերութիւնը վերագրեց անոր գերազբաղ վիճակին։ Անցուց գիշերը հիւանդին սնարին։ Ըրաւ որովայնին վրայ թեփով խիւս, ինչպէս թելադրեր էին սպասուհիները՝ արգանդի տագնապ մը ենթադրելով իբր պատճառ սա ուշաթափումին։

 

Լուսցաւ։ Ու նուաղումը կը շարունակուէր։

 

-- Բան մը չէ, կանցնի։

 

Ըսողը՝ Էտհէմ պէյը, որ կը յիշէր տարիներ առաջ Սէրվինազին նման նուաղումը, ու կը սրտապնդէր փոքր հանըմը, անոր վախը ծաղրելով ու կիներուն եօթը հոգի ունենալը փաստելով Նասրէտտին հոճային մէկ առակովը։

 

Երկրորդ օրը, գաւառակին բժիշկը փորձեց իր անզօր դարմանները։ Անշուշտ թուրք կնոջ մարմինը զերծ էր անոր մատներուն հպումէն։ Թուրքերը բժիշկներէն կը պահանջեն տարօրինակ բաներ։ Իրենց կիները իրենց նամէհրամ ը պահելու են, բժշկական քննութեան ատեն ալ։

 

Հասարակաց կարծիքէն ազդուած՝ պէյը հեռագրով բժիշկ ուզեց Պոլիսէն, Պրուսայէն։

 

Չորս էին հսկողները։

 

Սնարին՝ քոյրը։

 

Կուշտին՝ տղան։

 

Էրի՞կը։

 

-- Իր գործերուն։ Օրուան մէջ ձիաւոր ղրկելով տուն, հիւանդէն լուր պահանջող։

 

Զառանցագին տենդէ մը յետոյ, որ ճիշդ եօթը օր էր տեւած, Հիւանդը բացաւ աչքերը ու գտաւ իր ափը մանչուն ձեռքին մէջ։ Նայեցան իրարու։ Այնքան ծանր էր այս հանդիպումը, մա՛նաւանդ հիւանդ կողմին համար, որ տիկինին աչքը՝ անկարող հանդուրժելու, ընկրկեցաւ, ջուրին մէջ վերստին սուզուող գոհարի մը նման։ Բայց շունչը  --դերձանի թել--  մնաց երեսին, ջուրին վրայ ծփացող մետաքս լարի մը նման։

 

Անասնական սա պատուհասումէն վերջը, Սէրվինազ հանումը ա՛լ պիտի չգտնէր ինքզինքը։

 

Ոչ մէկ ծուէն, իր ամօթէն, որ իյնար դուրսին։

 

Զղջաց անիկա, քրոջը մասին իր կասկածէն, խորապէս հաղորդ անհուն կսկիծին, որով պարուրուած կը պտտէր մանկամարդ աղջիկը, տառապանքին հետ սա անդրանիկ շփումով դարձած գերզգայ ու տարօրէն հասուն։ Ուրիշին ցաւին մենք հաղորդ ենք մեր տարիներուն դերակատար կշիռովը։ Տղան չի կրնար մեղքնալ, այսինքն՝ ուրիշին ցաւը հասկնալ, քանի որ այդ ցաւը խտացնող զգայարանքները կը պակսին իրեն։ Առանց սեռին, ցաւը մեր մարմինին մէջ անպատուաստ սերմի կը նմանի։ Հաստ է ու թեփոտ։ Անազնիւ է ու անհամ։ Անոր քոյրը կը տառապէր իր գեղեցիկ ու առատ մարմինին մէջ, ինչ որ ինք ստիպուած էր լռելու, կծկտած ու նստած իր մարմինէն։

 

Ուժերու վերադարձ։

 

-- Որքա՛ն դանդաղ էր ատիկա։

 

Անհանդուրժելի՝ դեղերը, բժիշկներուն յանձնարարական գիրերը, այնքան մանրամասն, գիտական, հաստատ։ Որոնց կը պակսէր ցաւէն ու ախէն վերը, ա՛յն՝ որ մեզ կը նորոգէ։

 

Անհանդուրժելի, մա՛նաւանդ կեանքը, որ նոր ցաւ մըն էր հիմա անոր ակռաներուն բռնի դրուած մշտիկէ զոպայ [77] ։ Անիկա սարսափն ունէր ապրիլ կրնալու։

 

Ու անոր քոյրը, բոլորովին անգիտակ չարաշուք տրամին, կը կրկնէր ինքզինքը, իր աղապատանքին մէջ դնելով իր անձէն վեր գեղեցկութիւն ու սրտաշարժ ալ պատրանք, քրոջը եւ անոր ամուսինին հանդէպ իր զգացումներուն մութ միութիւնը դաշնաւորելով անգիտակցաբար։ Հիւանդը կը դարմանէր ու չէր գիտեր, թէ կը սիրէր, անոր վրայով, անոր ամուսինը։ Ու պարզ, որքան անտեղեակ, կը խօսէր պէյին, հիւանդէն իր տպաւորութիւնները ոսկեզօծելով ու կը փոխադրէր պէյին բառերը, մտածումները՝ հիւանդին, որոնք անցնելով այդ փափուկ ոլորտին մէջէն, կ՚ըլլային բոլորովին նոր ու օտար։ Ու դժուար էր անոր համար ճիշդ գոյնով տեսնել զգացումները, որոնք իր ամուսինին մասին կը զատուէին քրոջը բառերէն։ Դժնդակ փորձերու գնով անոր յաջողուեցաւ թաղել կասկածը, որ աւելորդ էր։ Ու այս զիջումը ընելէն յետոյ միայն անդրադարձաւ ատոր իսկական զսպանակին։ Մեռելները չեն նախանձիր, ատոր իրաւունքը չունենալնուն։ Մահը իրեն համար անվիճելի իրականութիւնն էր։

 

Անոր արգանդը կ՚ասղնտէին բանակ–բանակ մրջիւններ։ Ու անոր արիւնը օր օրի կը ծծուէր անոնց բերանովը։

 

Մա՞հը։

 

Այսքան դիւրի՜ն։

 

Այո՜։ Այո՜։ Ու այս՝ մա՛նաւանդ անունով, որ անիկա չհերքուած միակ իրականութիւնն է սա մեր աշխարհին։ Շինողը այնպէս է շիներ, որ մենք չսեպենք զայն, քանի որ երկու քայլ հեռու իսկ մեզի կը թուի անկարելի։

 

Ո՞վ ըսաւ, թէ եկած էր անիկա։ Գլխագիրը երբեմն իմաստ մը ունի [78] ։

 

Անիկա պահանջեց իր տղան, որ առաջին տագնապին փարատումէն յետոյ դպրոց էր դարձեր։ Մահամերձի քմայք մը կար իր բառերուն տակ, որոնք, այդ հովով իսկ, անդիմադրելի էին։ Բայց ժամ մը վերջը, ով գիտէ ի՜նչ լռին սարսափի մը անձնատուր, ինքզինքը ուզեց անոր մօտ։ Ամուսինէ՞ն կը փախչէր, թէ քոյրը կը փախցնէր։

 

Դեղերէն յուսահատ, բժիշկները պարտաւորուեցան ընդունիլ հիւանդին բաղձանքը։

 

Քրոջը հետ՝ Պրուսա:

Ժ.

 

Չէքիրկէ։ Ջերմուկներու արուարձանը։ Վիլլան՝ ծանօթ։

 

Հոն, ամէն իրկուն, դպրոցէն դարձին, իր առանձնութեան, կ՚ընդունէր անիկա իր մանչը, այնքան խոր, լուրջ, աղուոր, որ չէր հաւատար իրմէ ծնելուն։ Այդ պատկերին տարօրինակ թարմութիւնը նոր ու սուր ցաւի մը պէս կը հասնէր սրտին, հոն յուզելով յոգնած, բայց միշտ բաց վէրքը, - մահուան կնիքը, ստոյգ ու վճռական իր մերձեցումովը։ Ու կ՚ատէր անիկա այդ մահը, հակառակ անկէ լիովին պարուրուած, զայն տարիներով տարփօրէն փնտռած ըլլալուն։ Մարդոց ողբերգութիւնը ունի այս գիծէ երկուութիւններ։ Տարիներով կը ցանկանք ու կը ցանկանք։ Երբ մօտն ենք հասած, կը հրենք մեզ ետ, առանց գիտնալու։

 

Անիկա չէր հաւատար մահուան, հիմա՝ որ մէջն էր արդէն անոր։ Բժիշկները ամիսով կը խօսէին անոր տղուն։ Կը զեղչեմ այդ շիջումին նիւթական պատկերը, որ սրտի քրոնիկ ու անողոք հիւանդութեան մը ձեւը ունէր, հետզհետէ սպառող անոր ուժերը, բայց դարձնելով անոր հոգիին գողտր, մարդկօրէն բարձր վերափառք մը։ Իր մարմինին ուռելովը, անդամներուն ծանրանալովը, անոր աշխարհիկ ըղձաւորումները կարծես ասպարէզ կ՚իջնային։ Անիկա մտքով հաշտուած էր ինքզինքը ձգել։

 

Բայց ինչպէս ձգել ա՛ն՝ որ մեր կտորն է, մեր ճիկեր էն փրթած երկրորդ մասը։ Որո՞ւ՝ որո՞ւ՝ սա զմայլելի պատկերը տղուն, ուր մօրը նրբութիւնը, ներդաշնակութիւնը, գերդաստանին իմացական ճառագայթումը եւ ապրելու, փայլելու արփաւէտ աճման սահմանւած շքեղ տեսակի մը բոլոր առաքինութիւնները կը թուէին ժամադրուած ըլլալ։ Որո՞ւ՝ ինչ որ այդ տղուն պարմանութիւնը ձեւաւորեց, սեպհական կուրծքին տակ, աշխարհը բաբախման տանելով քաղցր կայլակի մը կաթովը   --իր տղան դիեցնող ամէն մայր աշխարհէն մեծ կը զգայ ինքզինքը--    ու կեանքը թանձրացուց, գիրկ մը միսի մէջ զետեղելով անբաւութիւնը մայրենի երազին, որուն կտաւը կը հիւսեն ուրիշ երկինքի մը մէջ։ Որո՞ւ՝ ինչ որ պահեցինք խորունկ՝ մեր սրտի տունին ու վստահեցանք ուրիշ ոչ ոքի, բացի մեր զաւկէն։ Ու տակաւին անիկա չէր հարցներ աւելի տրտումը։

 

Անիկա խօսեցուց իր տղան։

 

Զգոյշ։ Վախնալով։ Վասնզի հայր մը ունէր այդ տղան, որուն ամօթը արդէն դիզուած էր անոր նորեկ ուսերուն։ Ինչպէ՞ս [79] պիտի դատեն տղաք իրենց հայրերը, երբ կը մեծնան մինակնին։ Վախնալո՞վ։ Ի՜նչ ունէր լսելիք մատաղ այդ շրթներէն, որպէսզի մոռնար նոյնիսկ իր հիւանդութեան տագնապանքը, նստէր մահիճին ու խնկագոյն մատներովը իր խարտեաշ խոպոպները ազատէր քունքերուն սոսինձէն։

 

Ու անոր շունչը կ՚ամրանար, մտածումէն ուժ առած։ Գաղջ իրիկուն մըն էր դուրսը։ Ու բանջարնոցներուն մէջերէն տաք ջուրերուն շոգին երանգ կ՚առնէր ու կու տար իջնող արեւէն։ Անուշ հոտեր կը մտնէին ներս պատուհանէն ու կաթի ծով կար երկինքի մէկ մասին։ Լեռները՝ խորունկ, ու կեանքը՝ հեռու, տրոփուն, խորունկ, ան ալ քաշելով ինքզինքը դէպի բացերը տարածութեան։

 

Ու անոր բառերուն մէջ գո՜լը՝ խոր իր [80] անյուսութեան։ Շամանդաղումը իր կործանած կեանքին։ Մշուշուած, հարսնեւոր կարօտը՝ աշխարհին անուշիկ համերուն, գերեզմանի պաղէն առաջ։ Մայր էր անիկա, այդ թախծոտ պահուն։ Ինչպէ՜ս, հարցումէ հարցում, յիշատակէ յիշատակ՝ անիկա կը կտրտէր ինքզինքը շերտ-շերտ, ցոյցի բերելով անողոք պարապը, բանտը, որով ապրեր էին անոր ոսկորները, դրուած այրումի՝ կրակին դէմ մարդերուն ամէնէն վայրագին։ Բայց խորունկ զգուշութեամբ։ Իրմէն աւելի տղան մտածելով։ Հարցնելով անոր՝ իր ախորժակներէն ու չգիտնալով, որ իր զրկանքները կը տեսարանէր սրտառուչ միամտութեամբ։ Կի՞ն, անիկա՜, որ Պոլսէն ասդին չէր իսկ անգամ մը հագուած սիրտին սիրածովը։ Կի՞ն, անիկա՜, որ չէր անցուցած գիշեր մը ամբողջ խաղաղ իր բարձին, առանց այցուելու արցունքին կսկծումէն [81] ։ Ոսկիին ու պերճանքին, բեհեզին ու աշխարհիկ ունայնութեանց գոհարակուռ սարիքին մէջ, կան սա կիները՝ խորապէս դժբախտ, բայց փարատոքս ը կ՚իրագործեն [82] ատիկա զգալու, վասնզի չեն գիտեր ոչ թէ ցաւին զգայնութիւնը, այլ՝ դէ՛մքը։ Վասնզի լաւ իմացէք, մատաղ կամ հասուն, մեր ողբերգութիւնը մեր դէմքը կը հագնի այն ատեն միայն, երբ պարտուած ենք։ Այլապէս անիկա թաղուած է մեր նիւթական մարմինին մէջ։ Գաւառացի, գիւղացի, վայրագ պէյի մը տիրակալութիւնը երջանկութիւնն իսկ է անոր, որ կին է պարզուկ, այսինքն՝ մօտիկ, փափկիկ կենդանի, գեղին մէջ աճած ու ասոր հոգիէն դեռ չօտարացած։ Մարմնական վայելչութիւնը գեղեցկութիւնը [83] չի նշանակեր այդ մարդոց համարումին մէջ…։ Էտհէմ պէյին կինը բազմադարեան Պոլիս մը կը պտտցնէր իր արիւնին մէջ ու ատ էր ողբերգութիւնը։ Եթէ մեր միտքը դիւրաւ կ՚ընդգրկէ երկու դար մզկիթ, մինարէ, փաթթոց ու ճէննէթ, ու կ՚ըմբռնէ կողոպուտ ու ջարդ, մեր հոգին ու, մա՛նաւանդ՝ անոր զգեստ մեր մարմինը, այդ երկու հարիւր տարուան ընթացքին պիտի կրէ իր կարգին նրբութիւնը, շրշինը, շիջանուտ բոցը, որ Պոլսոյ հանըմներունը ըլլալէ առաջ, ջուրերունն են, բլրագիծերունը, դարաստաններունը։

 

Ու Պրուսան։ Մահուան քաղաք, ինչպէս ամէն ջերմուկով ոստանները, ուր այնքան քաղաքակրթութեանց աւերակները կը պառկին ողջ–ողջ, կարծես երէկ բաժնուած զիրենք կանգնող ձեռքերէն։

 

Անոր կռնակի գեղակերտ զառիթափէն մահուան ծառերը, այդպէս տարտղնուած, կերոն–կերոն, ամէն ուղղութեամբ աչքի դէմ բերելու համար սեւ այն տարազը, որ նոճերունն է՝ [84] մեր մարմինին շքեղութիւնը այդ ամփոփ կաղապարին վերածող։ Որոնց իւրաքանչիւր ճիւղիկին ապահովաբար աղջկան մը սիրտն է հանգուցուած։ Պրուսա՜ն, Հեշտ ու դեղձան, վարդի ու դեղձի քաղաք, ուր հողը կը սիրէ մետաքսանալ ծառերուն՝ ինչպէս այտերուն վրայ ու մահը, գետնէն սողոսկուն շոգիներու շուրջառովը կը պտտի, պարտէզէ պարտէզ, բաղնեկամարէ բաղնեկամար։

 

Կինն էր անիկա, անցած՝ ցաւին բոլոր բերաններէն, զրկանքին ասեղներէն, ու շամփուրին վրայ՝ ցաւերու ցաւին [85] ։ Մատնուած՝ քրոջմէն, զոր կը սիրէր իր անձին չափ։ Հիմա՞։ Դրուած՝ ահաւոր հարցումին առջեւ, զոր ամէն մահամերձ պիտի ընէ ինքը իրեն.

 

-- Որո՞ւ, աս աղուոր, զմայլելի տղան։

 

Որուն համար անիկա հանդուրժեր էր դժոխքը իր երիտասարդութեան։

 

-- Հօ՞րը։

 

Որ իր հաճոյքի գիշերներէն ժամ մը իսկ պիտի չզոհէր այդ զաւկին սիրոյն։

 

-- Քրո՞ջը։

 

Որուն մարմինը խակ էր խելքէն աւելի ու, աղէտի մը դուռը՝ իր զաւկին համար, թելադրելով սա աղէտը՝ տարօրէն յստակ։

 

Ու կը հարցնէր, աչքերը փակած, առանց գիտնալու, թէ պատգամի մը նախամասերը կը բանաձեւեր։

 

-- Որո՞ւ։

 

-- Բայց ոճիրի՜ն, ամէնէն դժխեմ ոճիրին, փափուկ, տարօրէն անուշ սա քերթուած-տղան, որ ծնունդ առած ոճիրներու բերդի մը մէջ, սահմանուած էր իյնալու անարեւ ու չբացուող վիրապին։

 

Անոր մայրը, անոր հօրը մեղքերուն հանգոյցովը հիպնոսացած, չէր կրնար կեցնել հարցականին սլաքը, որ կը փորէր անոր ուղեղը, հետզհետէ աւելի խոր։ Գիտուն չեն կիները։ Անոնք անտեղեակ են ժառանգական վարդապետութեանց պատգամներէն, բայց լսած են ժողովրդական առածները, որոնք տղան կը կապեն հօրը…։ Անոր ուղեղը կը կակուղնար վախու խուժումէ մը, երբ կը հետեւէր չարաշուք սլաքին հօրը մեղքերուն, վտանգները հասցնելով մինչեւ անուշիկ նայուածքին առջեւը այդ մանչուն։ Նուաղում։ Գլխու պտոյտ։ Անշուշտ։ Մահուան մէջ մարդիկ անդառնալի բաներուն զգայարանքը ունին։ Անիկա չէր կրնար կեցնել սլաքը հարցումին.

 

-- Բանտի՞ն, թէ մահուան։

 

-- Ամօթի՞ն, թէ անդարման գայթակղութեան։

 

-- Պատիւով աճմա՞ն, պէյութեա՞ն, փաշայութեա՞ն, իր այնքան սիրած հայրենիքին մէջ մեծ սպասի՞։

 

-- Կիներէն տառապանքի՞։

 

Ամէն մայր երկուքի տեղ չորս աչք ունի։

 

Հեռազգածութիւնը մասնագիտութիւն մը չէ։ Հաւանաբար կապուած է մարմնեղէն կարգ մը հաստ բաներու նուազումին, որոնց փոխարէն ոգեղէն զգայութեանց ուրիշ դրութիւն մը առաւելակշիռ կը դառնայ այդ կիսամաշ արարածներէն ներս։ Վհուկները, հարցուկները, բախտագուշակները ու մարգարէները առասպելական չեն միայն, այլեւ՝ գերբնականով զգեստաւոր դժբախտութիւններ, որոնք կը սիրեն իրենք զիրենք [86] ու կերեւան առօրեայ սարիքով։

 

Երազի՞ մէջ, թէ կիսարթուն, անիկա ուրուազգաց բախտը, որ կը սպասէր իր տղուն, երբ խաղաղ վերջալոյսի մը, անոր նայուածքը կը հանգչէր, ինչպէս յոգնած մեղու մը պատուհանին մէջ դէմ դէմի զոյգին   -- տղան ու քոյրը, այսպէս իրարու արեւելուած, անգիտակ մահուան, որ ինքզինքը կը հանդերձէր մահիճին խորը…։ Հոն էր, վիլլային հոտովը, ծծմբախառն շամանդաղովը տրոփուն, խաղաղ երկինքին տակ։ Ի՞նք։ Թեթե՛ւ։ Ցաւերը, սրտին հատնումը, վախերը փունջ-փունջ կը քակուէին իրմէ։ Ու անոնց արձակումովը իր մարմինը ինքզինքը կը զգար ազատ հետզհետէ մեղքին ու վախին որաներէն։

 

Ու առանց որ կանխորոշ յուզում մը միջամտէր, անիկա կակուղիկ ու շատ պարզ հրաշքով մը ինքզինքը փոխակերպուած կը գտնէր այդ երկու մատաղութեանց վրայ, փոխն ի փոխ՝ նուրբ, խորունկ, գեղեցիկ ու աշխարհ մը կարելիութիւններով բեռնաւոր, ինչպէս բուռն ու անդիմադրելի։ Հոն էր, սենեակին մէջ, անցեալ դէպքերուն ամպերը վրան առած լերան մը նման, որ նոյն այդ հրաշքով կը փոքրանար, վերածուելու համար իր մանչուն պատկերին, իր իսկ ժայթքումը, բայց իր այն մասին, որ մոռցուած կը թուէր, հեռու եւ տարօրինակ, այն հին շրջանէն, երբ այդ տղուն մօտ տարիքով, իր մօրը դէմ ըրեր էր առաջին ցայտքը ընդվզումի այդպէս գեղանի, այսպէս վճռական, բայց այդպէս ալ անբախտ…։ Ինչո՞ւ՝ յիմա՜ր իր զիջումը այդ մօրը կամքին։ Ինչո՞ւ իր յօժարումը սա մեծ տրամին, որ կը շարունակուէր լուծուելու համար նոճիին շուքին, հոն, անոնց զոյգ գլուխներուն մէջտեղ իր [87] սեւ մոմը դրած ու իր կատարի փունջը հարցական պարոյկի մը վերածած…։

 

Որքան հարազատ՝ ան միւսը նորէն, տարիներու խաւին ներքեւը դեռ անաղարտ մնացած՝ խորը իր կուրծքին եւ որ ելեր էր դուրս, հագած կաղապարը իր մանչուն դէմքին, այդպէս սրբազան, անհուպ, անշամանդաղ, ինչպէս են հոգիները պարման աղջիկնեուն։ Այս զգայախաբութիւնը ինքզինքը կ՚երկարէր շատ աւելի վարերը, իր տղուն վրայ խոնարհած մօրմէն ստեղծելով տասնհինգամեայ աղջիկը, որ աշխարհին կը նետէ իր խռովքին անդրանիկ հայեացքը…: Փակ էին անոր թարթիչները…։ Հեռո՜ւ, շատ հեռո՜ւ…։ Պարտէզներ, իշխաններու սրտին պարոյրովը։ Որոնց մէջ ծառերէն ոմանք ծաղիկով բեռնաւոր, ուրիշներ իրենց չոր ճիւղերէն որայ-որայ դժբախտութիւն ճօճումի հանած։ Կապոյտ թռչուններ ու աստղազարդ մահիկը…։ Ու երգ ու նաւակ։ Առջին՝ ծովը, կապուտիկ կտաւ, սուտ ձգուածի պէս բլուրէ բլուր…։ Ու պարմանութի՜ւն : Այսինքն՝ մարմինի ձեւով բուխքը հոգիին…։ Ու սիրտին անդրանիկ յուզումները։

 

Արեւը մօտ էր մեռնելու։

 

Երկու երիտասարդները   --թող ներուի այսպէս անուանել զանոնք--    դարձան մահիճին։ Բարձին ոսկեզօծ սպիտակութեան վրայ [88]   մօրը դէմքը կը հանգչէր խաղաղ։ Ագուցուած թարթիչներուն շուքը յստակ ինկած էր մորթին վրայ, երկարուն ու ոսկի։ Ու ժպիտ մը, որ կը շինէր ինքզինքը դանդաղ ու սխրալի, քիչիկ-քիչիկ այդ հատնումը հանելով գիծերու փայլակին, որ կը լուսցնէ մեր երեսը։ Ու այնքան տխուր էր այդ մահուան ծոցէն ծաթող ուրախ թռիչը, որ երկուքն ալ ցնցուեցան:

 

Պառկողը բացաւ աչքերը։ Նայեցաւ ու մնաց խաղաղ։ Յետոյ ճառագայթալից։ Վասնզի արեւին սկաւառակը ճիշդ այդ երկու գլուխներուն վրայէն ինքզինքը կը սահեցնէր։ Նախապէս կարմրուկ պսակ, քիչ-քիչ՝ աղեղ, որուն երկու եզրերը մահիկի ձեւով համայիլներ կազմեցին։ Ու անոր տղան ու քոյրը՝ հարս ու փեսայ։ Իրեն այնպէս կու գար, որ ինք երկար տարիներ սա տղուն մարմինն էր ապրեր, ազազուն իր պատեանին տակ։ Ու քո՜յրը։ Նորէն ինքը։ Անոր մէջէն ծլարձակ իգութիւնը, շնորհն ու թրթռումը, որոնք սեռը կը շուրջառեն ու աղջիկները ոգեղէն էակներու նման թեւաւոր կ՚ընծայեն մարդոց աչքերուն։ Ի՜նքն էր, այդ ծփուն, կիսաւարտ պատկերը, արուին ետեւէն լարուած ծիածա՜ն ինչպէս ըլլալ է դերը կիներուն բայց զոր խուժ բախտ մը զարկեր էր հսկայ ժայռերուն, աւելի ճիշդը՝ վարսեր ստոր [89] ճահիճին։ Ինչպէ՜ս [90] էր մտեր անիկա ծոցը սա կեանքին։ Ու քիչ՝ առածը սա մեծ խնճոյքէն, զոր մարդիկ սովոր են կեանք անուանելու։ Ու կը խնդար անիկա լալու պէս տխուր, տղուն ու քրոջը սա պատուհանին կիսապատկերին դիմաց, վախէն, ամօթէն, յուզումէն, թեւերովը յօնքն ու ճակատը թաղելով

ԺԱ.

 

Յետո՞յ։

 

Առջի երկար անձրեւները, որոնք երկինքին գողտր մարմինը մէկէն կը պաղեցնեն։ Աշունի ուրդերը։ Ու մթնոլորտին մէջ մետաղեայ այն կարծրութիւնը, որ կ՚ըսեն, կը ծորի մահուան խոփէն [91], երբ իր աներեւոյթ արoրը լծած կ՚անցնի մարդոց սրտերէն, հասունները առնել տանելու համար։

 

Կապուեցան, կալանուեցան անոր հոգիին՝ ինչպէս մարմինին ակերը։ Օր օրի կը նեղնար, կը փոքրանար շարժումը, ներսէն դէպի դուրս։ Ձեռք, ոտք, ձայն աքցանին մէջն էին աշնան այդ ոգիին։ Բժիշկները կէս լուսին կեանք չափեցին անոր մնացած օրերուն։

 

Ահաւոր խոնարհութեամբ ու ահաւոր տառապանքով՝ անիկա մտիկ ըրաւ զաւկին աղաչանքը։

 

Գլուխը ափերուն, կու լար անոր տղան ու կը շշնջէր.

 

-- Տո՜ւն, մամաս, տո՜ւն

 

Վախնալով պարզել վճիռը։

 

-- Հօ՞րդ։

 

Հարցում չէր անշուշտ։

 

-- Տուն, մամա՜։

 

Դրին զայն լանտո ն։ Երկու քովերուն բարձեր ու բարձեր։ Դէմը՝ երկուքով։

 

Դագա՞ղ։

 

-- Գուցէ։

 

Վասնզի մեծ զգուշութեամբ ու ծանր գնացքով, երբ կառքը ելաւ արուարձանին հսկայ մեռելաստանէն, անոնք յանկարծակի սարսուռով մը ցնցուեցան։ Կառքը սխալ ակօ՞ս մըն էր առեր, թէ աներեւոյթ բան մը զարնուած էր անոր։

 

Կառապանը կեցուց ձիերը։

 

Դէմը անոնց կանգո՛ւն, տէրվիշ մը, դեղին ու վէրքոտ։ Երիտասարդ, տարօրէն սեւ մազերու փունջի մը հովանիին՝ նայուածք մը, գերեզմանէն աւելի խոր։ Թափառականը, ցից, մօտեցաւ կառքին։ Անիկա չէր նմաներ թշուառական մուրացիկներուն։ Ու աչքին դեղինը՝ սաթի պէս ձգողութիւն մը ունէր։ Մերժեց դրամը, որ երկարած էր փափուկ ձեռքէ մը, լանտոյ ին ներսէն։ Այդ պահուն անոր շրթները կը թուէին թրթռալ, կրակի դրուած միսի կտորներուն նման։

 

Աղտոտ, պժգալի մատները լանտոյ ի դրան, առանց հրաւէրի՝ ինչպէս առանց նահանջի, անիկա հարցուց տարիքը հիւանդին եւ երկու մատաղութիւններուն։ Թրքութենէ հեռու այդ շեշտին մէջ ի՞նչ կար այդպէս տպաւորիչ, որպէսզի գոհացնէին զինքը անմիջապէս։ Անոնք տակաւին չէին ազատած կառքին անդրանիկ ցնցումէն ու անոր առաջացուցած սարսուռէն։ Կառապանը, երկիւղած, աղօթք մը կը փսփսար, քանի որ արաբերէն փշուր մը բառ լսուեցաւ անոնց վերեւ։

 

-- Երկու եօթը...

 

Չկրցան տեսնել, թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս հեռացեր էր տէրվիշը։ Գերեզմանատունը, նոճիներով խղդուած, իր քարերուն, վանդակներուն, գիրերուն կկուներուն [92] համախառնուրդ պատկերովը։ Դեղին աչքով տէրվիշին ձայնը, որ կը շարունակուէր այրել խաղաղ օդին վրայ ու հեռանալ։ Այնքան անմեկնելի խռովք մը կը բխէր պահէն ու տեղէն, որ տղան ուզեց վար իջնել։ Դողդոջ ու անկարող ձեռքով մը մայրը արգիլեց ատիկա.

 

-- Քալէ։

 

Կառապանը շաչեց իր մտրակը։ Ձիերը թափեցին բոժոժներուն քաղցր ու տրտում մեղեդին։ Հիւանդին գոցուիլ կ՚ուզէին աչքերը ու չէին կրնար։ Անոր ձեռքը կը հանգչէր տղուն ափին։

 

Կառքը հասաւ աղբիւրը, բիւթանական օրերու մնացորդ, ուր աւանդութիւնը իշխանուհիի ծաղիկներ կը բուսցնէ, խոշոր–խոշոր։ Որոնց ճերմակ սկաւառակը տակաւին, այսքան դար յետոյ, կը պահէ կաղապարը աղջիկներու երեսին, հաւանաբար մորթուած այդ ջուրերուն ափին

 

Աղջիկը    --ո՛ր աղջիկը չէ իշխանուհի--    ցատկեց վար ծաղիկներուն։ Արագ անոր մատները փրցուցին քանի մը պսակ։ Փո՜ւնջ։ Ժպի՜տ։ Անշուշտ։ Թրքական [93] գրաւումը [94] դեռ ողջ կը պահէր իր հեքիաթները այդ դաշտավայրին վերեւ։ Պոլիսը առասպել չունի, գուցէ ատոր կարիքը չզգալուն։ Լուսցող ամէն օր հեքիաթ մըն էր այդ դժխեմ մայրաքաղաքին վրայ։

 

Ու թեթեւուկ լաչակը, զոր առած էր ա՛լ [95] իր ուսերուն, տղուն ստիպումովը, կը դողար մէկ պոչիկովը ծաղիկի մը բաժակին խորը։

 

Յետոյ մօտեցան զոյգով։ Խմեցին զոյգով ջաղացքարի պէս կլոր ու խոր աւազանէ մը, որուն կեդրոնէն հեղուկը հաւկիթ–հաւկիթ կը փութար դուրս, հաւանաբար իշխանուհիներուն սրտերը փոխադրելով արեւին։ Խունկի պէս դեղին, տեսաւ անիկա աղջկան ափը, որ կոճակ մը կը յանձնէր հոսանքին։

 

Վարանոտ, զգացածը իրեն պահելու դժուար ճիգով մը, Սիւլէյման էֆէնտին դարձեր էր քաղաքին։

 

Մեծ ու հին մայրաքաղաքը։ Զոր իրենց պատմութիւնը մոռցեր էր, այնքան անիրաւ կերպով, ուրիշ ոստաններու փառքին հետամուտ։ Հսկայ զանգուածը լերան, որ կը դիզուէր ինքիրմէ վեր, մութ ու խիստ կանանչով։ Կատարին՝ շղարշը ձիւնին։ Ու քսան, երեսուն դար, իբր շամանդաղ շէնքերու արատ, մռայլ յիշատակ [96], որ մինարէներուն սլաքներովը կը թուէր ծածկուած [97] ։ Ու Հսկայ սուլթանները, կրակի կտորներ բոլորն ալ, որոնք խաշնարած ընտանիքէ մը յանկարծ ցատկեր էին դուրս, կրակէ ձիերով կոխկռտելով դաշտերը, գիւղերը։ Քաղաքը գրաւող սուլթա՜նը, որ դագաղի մը մէջ մեռելի տեղ սուր էր զետեղեր ու մտեր պարիսպէն ներս, քառսուն կնիկով    --այդպէս զգեստաւոր ընելով քառսուն կտրիճներ--  ու օր ցերեկով տիրեր [98] հինաւուրց ոստանը…։ Լուսնագեղ ու վարդատիպ իշխանուհիներ, որոնք իրենց պալատներէն թռեր էին դէպի արքայազունները, իրենց տիրոջը ծոցը վազող աղուընակներու նման…։ Որքան սրտառուչ է պատմութիւնը, երբ կը քալենք մեռելի մը հետ։

 

Անոր աչքերէն արցունք ինկաւ։

 

Չպատասխանեց անիկա աղջկան, որ անկարող էր հասկնալու ճանճի իր ուղեղովը ինչ որ դարերուն հոսումն է մեր զգայարանքներուն վրայ, մարգարտացումը ցեղային զգացումին։ Աղբիւր մը, դամբան մը, ծառ մը երբեմն բաւ եղան, որպէսզի մեզի դառնան, մեզ ողջ–ողջ կիզելու համար, անհամար բերաններն ու աչքերը մեր պապերուն։

 

(Այս վէպին առաջին մասին մէջ, դուք գտաք այդ աղբիւրը, որուն գլխէն իշխանուհի մը նայած էր այդ տղուն)։

 

Մինչեւ նաւահանգիստ, անոր մօրը սիրտը կեցաւ երկու անգամ։ Ու անոր տղան իր տառապանքին ուժովը քալեցուց այդ սիրտը երկու անգամին ալ։

 

Յետոյ դղեակը։

 

Գրկեց ու տարաւ անոր յարկաբաժինը։

 

Հիւանդը կը նայէր։ Չէր կրնար խօսիլ։ Ընդունեց էրիկը՝ աչքերը գոցելով։

 

Յետոյ, ուռեցուած, փչուած, ինչպէս տիկ մը՝ երկու եօթը օր վերջը անիկա կը հանգչէր սա աշխարհին։

ԺԲ.

 

  Անզգամ դղեակը թաղումին համար կարգադրեց շքեղ արարմունք։

 

Հարուստին մեռելը խեր է երբեմն շատ աւելի, քան ողջը։ Իշխանական պարգեւներ բաշխուեցան կրօնաւորներուն, աղքատներուն, առանց կրօնքի խտրութեան, մինչեւ եօթը գեղ։ Ռէժիին տնօրէնը, ամբողջ պաշտօնէութեան հետ, ըրաւ արժանաւոր յարգանքը վաղամեռ իր կնոջը:

 

Յետո՞յ։

 

Հարցուցած ունի՞ք դուք ձեզի սա երկավանկը, երբ կը դառնաք գերեզմանէ մը։ Յետո՞յ։ Այսինքն՝ երբ մայր մը իր զաւակը կը թաղէ։ Բայց ե՜րբ զաւակն է թաղողը…

 

Երկու շաբաթէն տղան պիտի դառնար քաղաք, իր ուսումը աւարտելու։ Անզգալաբար անոր հայրը իր կամքը կը պարտադրէր իր տղուն։

 

Հասունցած աղջի՞կը։

 

Չգնաց Պոլիս, հակառակ ամէնուն սպասումին։ Բայց պիտի փոխէր տունը։ Շնորհազուրկ, նահատակ փաշային մէկ հեռաւոր ազգականը, որ իր նահատակ զաւկին թոշակովը կ՚ապրէր, ընդունեց աղջիկը, իրեններուն քով, երեքն ալ աղջիկ։

 

Ու հայր ու տղայ չէին գիտեր, թէ ինչո՞ւ կ՚ընէին այս կերպ։ Բայց գոհ էին երկուքով։

ԺԳ.

 

Մինչեւ իր ուսումին աւարտումը, պզտիկ հանըմը   -–մոռցուցած էր անունը դիտումնաւոր անտարբերութեամբ մը, սիրելով պարզ սա յորջորջումը--   ամէն շաբթու պիտի գրէր Սիւլէյման էֆէնտիին, «մեծ ու նուրբ» երիտասարդ։ Նի՞ւթ։ Տասնվեցը անցնող աղջիկները միայն գիտեն անսպառ ըլլալ այդ ճամբաներուն վրայ ու նոր ըլլալ ամէն անգամ ալ, ինչպէս է մեր դէմքը արդէն այդ տարիներուն։

 

Կը գրէր անոր՝ քրոջը գերեզմանէն, ուր կ՚երթար լալու եւ աղուորնալու շաբաթը քանի մը հեղ։ Սիրուն, բայց տխուր նոճեստանը տաճկի գերեզմաննոցներուն, առանց մեծ զարդի, ուռիներու բոլորագիծ օղակով մը օղաւոր։ Հետն էին տունին աղջիկները, իրեն պէս նուրբ, իրենց աղքատութեանը մէջ հպարտ, չընդունելու չափ պէյպապայ էն ղրկուած մետաքսեղէնները։ Բայց կը սիրէին պզտիկ հանըմը, արցունքով խոշորցած, բացուած անոր աչքերուն թարմութիւնը տարածելով անոր մարմինին միւս ալ մասերուն։ Բայց օդը, ցուրտը, մերձաւոր ծովին կծու հովը կը բերէին անոր այտերուն թաւշերանգ փափկութիւն ու անոր արտայայտութեան այն խռովիչ համը, որ չի բացատրուիր օտար զգայարանքով։ Յետոյ մեծ խճուղիին վրայ չորս սեւ ձեւերուն լռին յառաջացումը, մինչեւ քաղաք, խանութներէն մարդերը ոտքի հանող։ Էտհէմ պէյին անունը կը պաշտպանէր զանոնք հարֆ էն [99]   ու յայրատ ցոյցերէն, որոնք անխուսափելի են հասարակ ծագումով կիներու ետեւէն։

 

Տուն դարձին, անիկա կ՚անցնէր իր սեղանին առջեւ։ Ու թուղթը բացած՝ մէկիկ-մէկիկ հոն կը դնէր այն զգայութիւնները, որոնք մահուան տունէն կ՚արթննային անոր մէջ։ Ու կ՚ընէր ասիկա բնական կսկիծով մը, մանրամասնութեան անփոխարինելի դրուագներովը, ա՛յնքան՝ որ մահուան ընտանութիւնը կ՚անցնէր թուղթին՝ ինչպէս բուրում մը, չչորնալով մինչեւ տղուն մատները, որոնք հասունցած էին, աւա՜ղ, «ի յառաջագունէ» իրենք ալ, մահուան այդ եղկ զգայութեան։ Քաղաքական եւ պատմական ուսումներով ինքզինքը իրացուցած [100] երիտասարդը կը տկարանար սակայն այդ նամակներուն գերեզմանային ռոմանթիզմէն, որ թուրքերու նոր գրականութիւնը, մա՛նաւանդ անոնց քերթողութիւնը կ՚ընէ այնքան մելամաղձոտ, հիւծաւոր ու փափուկ, երբ ոսկիով փտած շիրմաքարերու ամբոխին վերեւ ճերմակ ու վիրաւոր սուգը կը պատմէ աւերակ մինարէներուն։

 

Ու կը պատմէր անոր մօտ [101] ու հեռի յիշատակները ախեխի պէս վճիտ, թարմ-թարմ անցեալ դառնալու ատեն չունեցող։ Անուշ է ամէն բան, երբ գարնան ցօղը չէ չորցած մեր շուրջը։ Գերեզմանի մը ներսը, թէ մատղաշ աղջկան մը վրայ, այդ գարունը սրտառուչ է միշտ։ Տղուն նամակներուն մէջէն անիկա կը հոտուըտար այդ գարունը, լիաթոք ու փակաչք, ամէն մէկ տողը կրկին-կրկին կարդալով աչքով, ձայնով, մտածումով։

 

Ու կը խօսէր անոր իր աճումէն ծանօթ զգեստներու անպէտ դառնալէն, բարտիի վրայ դանակի գիծին շատ վար մնալէն։ Մազերէն, որոնք ծանր կը թուէին իրեն ուսերը թաղող ու դէմքը ողողող։ Աչքերէն, հայելիին մէջ ձգուած ուլունքներու պէս կաթոտ ու դեղին [102], խաժ ու ծովի պղպջակի նման պճլտուն։ Կամաց, պարզ էին բառերը, դաշտէն փրցուած ծաղիկներու պէս իրաւ, կպչուն, տպաւորիչ։ Իր պտոյտներէն՝ լսելով միւս աղջիկներուն ակնարկութիւնները, իրենց՝ [103]   էֆէնտիով հետաքրքրութիւնը, բարեւները անոնց մօրը, որը չէր հաշտուած այդ վաղաժամ մահուան, ու օր առաջ Սիւլէյման էֆէնտին կ՚ուզէր հօրը գործերուն։

 

Բայց լուռ էր անիկա իր պէյպապայ էն, որ կը ծախսէր լիաբուռն իր «աղջկանը» համար։ Այսպէս կ՚անուանուէր անիկա, առանց գիտնալու զսպանակը իր քեռայրին զգուշաւորութեան։ «Քենին» զերծ չէ անշուշտ հեշտական երանգէ մը, քենեկալի շրթներուն։

 

Ինչո՞ւ քիչ յիշատակել սակայն, երբ հետն էր անիկա այդ աղա-պէյին, պէյպապայ ին ամէնօրեայ ընտանութեամբ մը, դղեակը, ուր կը հրաւիրուէր զինքը պատսպայող կնոջ հետ [104], զայն ձգելով շատախօսելու, ու բարձրանալով սելամլըգ ին միջանցիկ սանդուխներէն։

 

Հետն էր փողոցները, առանց նեղուելու, առանց ցոյցի։ Ու ծովուն վրայ։ Ու մօտ գիւղերը մինչեւ, ձիւնին, ձմեռին, մեծ մուշտակներով ինքզինքը փաթթած, կառքին կէսը գրաւելով։ Բնական, գրեթէ անվախ սա յարաբերութիւնները մինչեւ ո՜ւր իջան։ Նաւահանգիստը չգնաց շատ առաջ, ինչպէս իր սովոյութիւնն էր ընել, պէյին ամէն նոր բարեկամութեան ետին դնելով յստակ ծրագիր եւ նպատակ։ Պատճա՞ռը։ Թերեւս պէյին տրտմութիւնը, կիներու աշխարհէն խոր իր զզուանքը, հարճերուն հետզհետէ հեռացումը կանանոցէն բաժին մը ունէին սա վերապահութեան մէջ։

 

Ու կը խնդար անիկա՝ այդ պէյպապայ ին ու անոր վրայէն՝ ամբողջ աշխարհին, նման ամէն աղջիկի, որ կաճի արբունքին յաջորդ քանի մը տարիներուն, լայննալով, ինք իր վրայ տեղաւորուելով, այտերէն նրբանալով ու աչքերէն խորանալով։ Ու խռովք էր անիկա։ Ու զգլխանք էր անիկա, մա՛նաւանդ մեծ արշաւներէ դարձին, երբ պատսպարուած սենեակին մէջ վրայէն կը նետէր լաչակն ու ֆերաճէ ն, կէս մը շոգեւոր, կէս մը բաբախուն, իր մարմինին թոյլ ծփանքը, լանջքին բխումը վարագուրելու ճիգին մէջ զանոնք ընելով ավելի ցայտուն։ Անիկա օրը եօթն անգամ զգեստ կը փոխէր, տունին մէջն իսկ ինքզինքը այսպէս զբաղեցնելով իրմով։

 

Տակաւի՞ն։

 

-- Բայց զատ վէպ մըն ալ ատ է արդէն։

 

Այս ամէնէն ոչ մէկ տող, սակայն, «նրբենի, սիրակաթ, գեղեցիկ» երիտասարդին։ Այս վերադիրները յաճախադէպ իր տողերուն մէջ, տղուն աչքին կը դպէին նիւթական կողմով մը ու կը խռովէին անոր խրտչուն կուսութիւնը։

 

Յետո՞յ։

 

Հարցուցէք ու կեցէք։

 

Նաւահանգիստին պէս ու պատմողին պէս դուք ալ մի գիտնաք՝ [105] մինչեւ ո՛ւր իջան կապերը մեծաշուք պէյին եւ սիրուն, նրբենի, պզտիկ հանըմին։

 

 


 



[1]          յաւելում միջակէտի

[2]          Ծնթ. - «հաւատարիմ լրատու» - «Մուխպիրը սատըգ» [ սարըգ ]. դասական ստորագրութիւնը, որով կը տեղեկագրուէին աշխարհի ամէնէն յիմար եղջերուաքաղները։ Այդ մարդոց թուղթերը կ՚արժանանային վեհապետական աչալուրջ ընթերցումի։ Յատուկ յանձնաժողով մը անոնց պարունակութեան թերն ու դէմը կ՚ուսումնասիրէր:

[3]          կինիերը, սրբագրուած՝ կիները

[4]          բոզ .... մէջը --  ?

[5]          սրուա՞կն, սրբագրուած՝ սրուա՜կն  ?

[6]          շարանին, սրբագրուած՝ շարաւին

[7]          վտանգաւոր, սրբագրուած՝ վտանգահար

[8]          ուրախութիւնը ?  տրտմութիւնը ?

[9]          Ծնթ. - սէյիս վարիչ կառքի ։

[10]        Ծնթ. - քէօլէ դրամով գնուած սպասուհի։

[11]        հեղինակութիւնը, սրբագրուած՝ հեղինակութեանը

[12]        սէրը, սրբագրուած՝ սերը

[13]        չափազանց խոր  --   ?

[14]        հանգիստին, սրբագրուած՝ հանգիստի

[15]        մարգերուն ?  մարզերուն ? 

[16]        հաւկիթին, սրբագրուած՝  հաւկիթի

[17]        ցիցահար, սրբագրուած՝ ցրտահար

[18]        սիրագոյն, սրբագրուած՝ սխրագոյն

[19]        զեղչելով, սրբագրուած՝ զեղչելէ

[20]        կ՛աղցուի ?  կ՛այցուի ?

[21]        անցումին, սրբագրուած՝ անցումէն

[22]        ամուսինինն, սրբագրուած՝ ամուսինն

[23]        բուժումի, սրբագրուած  բուծումի

[24]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[25]        գարշանքին  ? գարշանքէն ?

[26]        պարմանիի, սրբագրուած՝ պարմանի

[27]        Ու, սրբագրուած՝ Որ

[28]        մազ, սրբագրուած՝ մաղ

[29]        յաւելում բութի

[30]        Ծնթ. - նիէթ գատէր - բախտ:

[31]        հեռախոյս ?  հետախոյս ?

[32]        սուր, սրբագրուած՝ սուրբ  ?

[33]        մեզ կը յուշեն ?  մեզ կը յուզեն ? -- վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[34]        ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[35]        վերյիշումներ ? վերյիշումները ?

[36]        Ծնթ. - քէֆիէ - մետաքս թաշկինակ, զոր կ՚ոլորեն գլխարկին շուրջ։

[37]        յաւելում ստորակէտի

[38]        զզուանքը ?   գգուանքը ?

[39]        յաւելում բառի՝ ու

[40]        պարմանիին, սրբագրուած՝ պարմանին

[41]        բերանները, սրբագրուած՝ բերաններէ

[42]        ձեւաւորելու ?  ձեւաւորուելու ?

[43]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[44]        ջնջ. բութ

[45]        մեծութիւններու, սրբագրուած՝ մենութիւններու

[46]        անմերժելի, սրբագրուած՝ անմերձելի

[47]        Ծնթ. - նուսխա յուռութք, զոր կը պահեն եռանկիւն համայիլներու մէջ:

[48]        յաւելում բառի՝ որ

[49]        գրագէտ, սրբագրուած՝ գրագիր

[50]        ընտրուած՝ դէմքի եւ զգեստի  --  ?

[51]        ջնջ. ստորակէտ

[52]        գուրգուրանքով զաւկէն ու աղջիկէն --  ?

[53]        կրօնքին, սրբագրուած՝ կրօնքէն

[54]        մենակութեան, սրբագրուած՝ մինակութեան

[55]        գրագէտ, սրբագրուած՝ գրագիր

[56]        Ինչպէս, սրբագրուած՝ Ինչպէ՞ս

[57]        բանաւոր ?  բռնաւոր ?

[58]        ինքնիրէն, սրբագրուած՝  ինքնիրեն

[59]        եօթնաստեղծ, սրբագրուած՝ եօթնասեղ[ն]

[60]        ողբերգութիւն ?  ողբերգութեան ?

[61]        ատոր զիջումէն վեր գտնուելուն  ?

[62]        բարեպաշտութիւնն  ? «բարեպաշտութիւնն»  ?

[63]        Ծնթ. - մինտեր - կտոր բազմոցներ։

[64]        յաւելում  բութի

[65]        փակուեր, սրբագրուած՝ քակուեր ?

[66]        խ[ե]ղդեց ?  խզտեց ?

[67]        Չխզտեց, սրբագրուած Չխ[ե]ղդեց  ?

[68]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ միջակէտ

[69]        Ծնթ. - հինգըմէկնոց - հինգ ոսկինոց ոսկեդրամ զարդ։

[70]        բնակուոր --  ?

[71]        կոխուելէ, սրբագրուած՝ կախուելէ

[72]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[73]        բեռնային ?  բեռնէին ?

[74]        Լեռը հանել իմ օրերուս ցանցառ, բայց պատահական եղելութիւն էր չարագործ խմբակներուն կողմէ կիներու, աղջիկներու լեռ հանուիլը, զօրաւորագոյն նախատինքը հասցնելու համար անոնց տէրերուն։ Բռնաբարումը յաճախ կը սպաննէր զոհերը։ Աւելի յաճախ զոհերը չէին դառնար իրենց տուները, կամովին իրենք զիրենք գլորելով գահավէժէ մը ու մաքրելով իրենց անունը, գոնէ իբր յիշատակ, անոնց ապագային։

[75]        ջնջ. ստորակէտ

[76]        ոճիրները  ...........  կ՛ապրին գոհունակ --  ?

[77]        մշտիկէ զոպայ ?  զոպայի մշտիկ ?

[78]        Գլխագիրը ... ունի --  ?

[79]        Ինչպէս, սրբագրուած՝ Ինչպէ՞ ս

[80]        էր սրբագրուած՝  իր

[81]        կսկումէն, սրբագրուած՝  կսկծումէն  ?

[82]        կ՛իրագործէին, սրբագրուած՝ կ՛իրագործեն

[83]        գեղեցկութիւնը ? գեղեցկութիւն ? 

[84] յաւելում բութի

[85] ցաւէն, սրբագրուած՝ ցաւին ?

[86]        կը սիրեն իրենք զիրենք --  ?

[87]        էր, սրբագրուած՝ իր

[88]        ջնջ. աւելորդ բառ՝ անոնց

[89]        ատոր, սրբագրուած՝ ստոր

[90]        Ինչպէս, սրբագրուած՝ Ինչպէ՜ս

[91]        փոխէն, սրբագրուած՝ խոփէն

[92]        գիրերուն կկուներուն  --  ?

[93]        ջնջ. վերջակէտ

[94]        գրառումը, սրբագրուած՝ գրաւումը

[95]        ալ, սրբագրուած՝ ա՛լ

[96]        արատ, մռայլ յիշատակ  ?

[97]        ծածկուած ?  ծակծկուած ?

[98]        դիտեր, սրբագրուած՝ տիրեր

[99]        Ծնթ. - հարֆ նետել անցնող կիներուն ետեւէն խօսք նետել։

[100]      դրացուցած, սրբագրուած՝ իրացուցած  ?

[101]      մօր, սրբագրուած՝ մօտ

[102]      դեղին --  ?

[103]      յաւելում բութի

[104]      պատսպարող կնոջ մը, սրբագրուած՝ պատսպարող կնոջ հետ

[105]      յաւելում բութի