Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՎԵՐՋԱԲԱՆ

 

Պատմեցի ասոնք, գուցէ դէմ երթալով, կը կրկնեմ, արուեստին հիմնական պահանջներէն մէկուն, որ Արիստոտելի բերնով կը հրահանգէ միակեդրոն ընթանալ։

 

Կ՚ընդունիմ մեղքս։ Բայց չեմ ալ զղջար։

 

Չէի կրնար զանց ընել դէմքը [1] Սիւլէյման էֆէնտիի տրամին բուն հեղինակին, որ վաւերական անձնաւորութիւն մըն է՝ միայն ծովեզերեայ քաղաք մը փոխադրուած, ոչ անշուշտ գրական նկարչականութեան մը հաշւոյն, այլ պահելու համար պարտադիր զգուշաւորութիւն մը։ Մնաց որ, սա մեր աշխարհին վրայ, ո՞ւր է թիփիք, միակտուր, միակեդրոն գործողութիւնը։ Ե՞րբ է, որ պարզուեր է կեանքը գիրքերուն պահանջած տախտակով։ Ամէն մէկ տրամ վառարան մըն է բազմացրիւ ճառագայթներու, որոնք իրենց առանձին արժէքն ու ուղեգիծը ունին։ Մէկ մեռնողի շուրջ քսան հարուածներ կը գործեն առնուազն։ Ու վէպի հետաքրքրութիւնը չի գոհացներ մեզ [2] ։

 

Ասկէ զատ, շատ իրաւունքով կը խորհիմ, թէ Սիւլէյման էֆէնտին կտոր մը բան է իր հօրմէն ու մօրմէն, այդ երկու բջիջներուն մարմնական եւ հոգեբանական միացումը, անոնց անդրագոյն մէկ մասնիկը, որ նման պուտ մը ոսկիի կը մնայ անկորուստ, բոլոր հանածոներուն պատահածին պէս։ Ու պէտք չկայ շատ մեծ գիտուն մը ըլլալու, ընդունելու համար, որ ամէն հանածոյ ցեխի իր լեռովը վերածելի է ի վերջոյ կաթիլ մը ազնիւ մետաղի։ Ու գիտենք նոյնպէս, որ մարդկային մեղքերու կոյուղին, երբ խեղճուկ ճեղքէ մը աչք մը արեւ ընդունի, սխրալի ծաղիկով կը փոխարինէ գարշութիւնը իր արմատներուն։

 

Պատմեցի Սիւլէյման էֆէնտիին հօրը կեանքը այս նկատումներէն դուրս, հաւատարիմ մնալու համար ալ պատուական երիտասարդին, որ դատավարութեան ընթացքին ոչինչ էր պահած հօրը հոգիին ու դղեակին անդունդներէն։ Ան էր, որ արտասանած էր խորունկ նախադասութիւնը.

«Էտհէմ պէյ Զատէ Սիւլէյման էֆէնտին խղճի պարտք կը զգար իրեն հետ քաւելու նաեւ իր հայրը, դատաւորին առջեւ ինքզինքը յայտարարելով անոր «հոգին ու մարմինը»։

 

Խելացի մեր արդարութիւնը զգուշացած էր միջամտել անոր հօրը կեանքին, հազարումէկ նկատումներով։ Ըրեր՝ աւելի գէշ բան մը, նուիրագործելով ինչ որ սահմանուած էր արմատացի քանդուելու, տիտղոսելով, պաշտպանելով, փառաւորելով ու պետական գնահատման առաջնորդելով զազրելի ոճիրը։

 

Թալաթոսող արդարութիւնը  --թուրք կամ ոչ--  ամէն տեղ նման է ինքզինքին։

 

Անիկա քիչ անգամ արձանագրած ըլլալու է սա կարգի խոստովանութիւններ։

«Սիւլէյման էֆէնտին մէկ օղակի երկու գլուխ կը մատուցանէ [3] » ։

 

Հասկցան անշուշտ։

 

Բայց չկախեցին։

 

 

* * *

 

Ոչ ոք զարմացաւ, նաւահանգիստին մէջ, երբ Էտհէմ պէյին շրջանաւարտ տղան Պրուսայէն դարձին, Բարձրեալին նախասահմանութեամբը ու Մարգարէին խօսքովը, բայց մա՛նաւանդ հօրը լռելեայն, խոր պարտադրումովը ուզեց ձեռքը իր ընկերուհի Խալիտէ հանըմին։

 

Մեծահանդէս՝ հարսնիքը։

 

Եօթանասուն գիւղէ թմբուկ ու զուռնա: Պոլսէն՝ եւրոպական նուագախումբ։ Եօթը օր ըմբշամարտութիւն եւ ուրիշ մրցումներ։ Հետզհետէ այս կարգերուն կարօտցած ու տրտմօրէն, խեղճօրէն արդիացած քաղաքիկը   --որովհետեւ կառավարական պաշտօնեաները շալվարի տեղ տաբատ կը հագնէին--  շաբաթ մը գոնէ վերապրեցաւ հին դարերուն հաստ, պարզ երջանկութիւնը, երբ իշխանները իրենց տղաքը ամուսնացուցած ատեննին, իրենց ճորտերուն ու ծառաներուն օր ու արեւ կը բաշխէին, իրենց խնծիղէն քիչիկ մը բան ալ տարածելով տառապող «ադամորդոց գլխըներուն»։

 

Ծովն ու ցամաքը մասնակից էին հարկինքին։

 

Ուրի՞շ

 

Բայց այս հարկինքին վերջաբանն էր, որ պիտի մնար իբր վերապրող դրուագ, կանխող էջերուն թոհուբոհէն իր աղէտին անակնկալը, տեսակ մը աստուածառաք պատուհաս նկատուեցաւ [4] երիտասարդ, դեղին ու վէրքոտ տէրվիշէն, որ Պրուսայի դաշտին հանդիպումն էր ըրեր չարագուշակ կառքին եւ ուրիշ բախտով մըն ալ նաւահանգիստը կը գտնուէր հարսանիքին շաբթուն։

 

Ժողովուրդի ուրիշ երգիչներ ողբական նուագով պիտի պատգամէին ողբերգութիւնը, իբր խրատ, սերունդէ սերունդ, թանձր, սրտառուչ պատկերներու միջոցով սեւեռելով պատահարին անհնարին յուզումը.

Էյ անողորմ աղջիկներ,

Ձեր ծոցն է մարմար թաղար

Ուր [5]   կը բուսնի [6] կարմիր ծաղիկը մահուան…

 

Վերջաբա՞նը։

 

-- Դուք գիտէք անիկա մեծ իր գիծերուն մէջ։

 

Ահա ամբողջը, քանի մը տողով։

 

Երկու եօթնեակ վերջը այդ մեծ հանդիսանքէն, Էտհէմ պէյ Զատէ Սիւլէյման էֆէնտին, նոր փեսայ, կը ծակծկէր ու կը սպաննէր նոյն դանակով իր հայրն ու կինը, զանոնք գտնելով մեղքի մէջ։

 

 

ՎԵՐՋ

 



[1]          ջնջ. ստորակէտ

[2]          Ու վէպի ...... չի գոհացներ մեզ -- ?

[3]          կը մատուցանէր, սրբագրուած՝ կը մատուցանէ

[4]          թոհուբոհէն ...... նկատուեցաւ  ?

[5]          Ու, սրբագրուած՝ Ուր

[6]          կը բուսնէր, սրբագրուած՝ կը բուսնի