ԿԱՂԸՆԴՉԷՔԸ
Խնամով
ծալլելէ
յետոյ
թղթիկը,
որուն
վրայ
երկու
տող
գրած
էր
անդողդոջ
ձեռքով,
պահարանի
մը
մէջ
տեղաւորեց
զայն:
Յետոյ,
գետինը
դրաւ
նամակը,
ծնրադրեց
անոր
առջեւ
ու,
գանգը
երկու
ձեռքերուն
մէջ
սեղմած,
սկսաւ
դիտել
սեւեռական
նայուածքով:
Որմախորշին
մէջէն
կանթեղ
մը
իր
կիսամեռ
ցոլքը
կը
դողդողացնէր
բանտախուցին
մթին
պատերուն
վրայ`
մարդուն
ստուերին
հետ
խաղալով,
ուրուային
տձեւութիւններ
տալով
անոր:
Դուրսը
դեկտեմբերի
ցուրտ
քամին,
խուլ
գալարումով,
աւելի
ողբագին
կը
դարձնէր
հիմակ
ներսի
եղերական
լռութիւնը:
Բանտարկեալը,
իր
մտախոհ
նստուածքին
մէջ
արձանացած,
կը
շարունակէր
դիտել
նամակը,
որ
գետնամած
կը
մնար:
Յանկարծ
անթարթ
աչուըներուն
խորունկէն
երկու
արցունքներ
կաթեցին
նամակին
վրայ.
երիտասարդը,
հիասթափ,
թոթվեց
իր
գլուխը,
զոր
երկայն
գռուզ
մազեր
կը
զարդարէին,
ջղուտ
շարժումով
մը
առաւ
նամակը
գետնէն,
եւ
ցածլիկ
խուցին
կիսանուաղ
լուսաւորութեանը
մէջ
ցցուեցաւ
իր
երկար
ու
աղուոր
հասակը:
—
Խե՜ղճ
Աշխէն,
–
մրմռաց:
Ու
մօտենալով
խուցին
դռանը,
մատներովը
թեթեւօրէն
զարկաւ
անոր:
Երիտասարդը
ականջ
դրաւ`
ձայն
չիկար.
սպասեց
քիչ
մը,
յետոյ
նորէն
զարկաւ.
դուրսը
ծանր
քայլափոխ
մը
թնդաց:
Վայրկեան
մը
ետքը
դուռը
բացուեցաւ՝
ճամփայ
տալով
խոժոռ
ու
հեստ
դէմքի
մը,
զոր
խռուախռիւ
ալեխառն
մօրուք
մը
աւելի
կը
դաժանցընէր:
Երիտասարդը
չսպասեց,
որ
մարդը
ներս
մտնէ.
անոր
երկնցուց
ձեռքը
բռնած
պահարանը:
—
Երդմանդ
տէ՞րն
ես,
Ալի
աղա:
Ահաւասիկ:
Բանտապահը,
առանց
վարանելու,
նոյնիսկ
տեսակ
մը
սրտառուչ
փութկոտութեամբ
խլեց
թուղթը,
զոր
անմիջապէս
անհետացուց
իր
շապիկին
ճեղքին
մէջ:
—
Անհոգ
եղիր,
տղաս,
—
ըսաւ
ցած
ու
զգուշաւոր
ձայնով
մը
եւ
իսկոյն
դուռը
փակելով
անյայտ
եղաւ
նրբանցքին
մթութեանը
մէջ:
Երիտասարդը
սփոփանքի
խորունկ,
սրտապատար
հառաչանք
մը
արձակեց
ու
գրեթէ
ինկաւ,
փռուեցաւ
գետինը,
մինչ
որմախորշին
կանթեղը,
օրհասական
ցոլարձակումով,
կը
քթթէր
պատերուն
վրայ`
այն
ցնցող
սարսուռներուն
պէս,
որոնք
մահամերձին
մարմինը
կը
թոթվեն:
*
*
*
Հետեւեալ
օրը,
կանուխ,
Ս…
քաղաքին
հրապարակին
վրայ
ամբոխը,
անգութ
եւ
հետաքրքիր,
անյագ
նայուածներով
կը
ծածկէր
օդին
մէջ
տատանող
մարմին
մը:
Մարդ
մը
կախուած
էր:
Յեղափոխական
մըն
էր
ան,
Գարեգին
Սուրմաքեան,
հայկական
դատին
ամենէն
խիզախ,
գործունեայ
եւ
կատաղի
առաքեալներէն
մէկը,
զոր
վատ
մատնութիւն
մը
ձգած
էր
կառավարութեան
ձեռքը:
Հազիւ
երկու
ամիս
առաջ
բաժնուած
էր
ան
իր
հօրենական
տունէն,
անցուած
քսաներկու
տարիներու
հանդարտ
ու
անմշուշ
կենցաղը
մէկէն
ի
մէկ,
յանկարծական
թափով
մը
խզելով,
հայրենիքի
հողին
վրայ
հոսող
արեան
կծու
հոտէն
խելայեղ:
Անքուն
գիշերներ
անցուցած
էր,
ապագայ
արգաւանդ
ու
փոթորկալից
կեանքի
մը
անձկանքներովը
ալեկոծ,
տարտամօրէն
ծրագրուած
յանդգնութիւններու
եւ
կռուելու,
պայքարելու
ապերասան
խանդավառութեան
մը
յաճախանքին
ջղագրգռութեանցը
մէջ
յարատեւօրէն
ցնցուած:
Ամէն
բան,
վայելք,
ցնծութիւն,
սէր,
վրայ
տալու
մարմաջովը
կ՚երէր,
կը
մրկէր:
Որոշումէն
գործադրութեան
անցնելու
կիզիչ
շրջանին
տառապանքները
կ՚ապրէր
հիմա:
Ամէն
բան
վրայ
տալ,
այո՛,
բայց
ի՞նչ
ըսել
իր
գերուած,
կապտուած
սրտին,
զոր
Աշխէն,
իր
կապոյտ
աչուըներուն
հրայրքոտ
թովչութիւնովը
ու
միամիտ
պարմանուհիի
քաղցրութիւնովը
առլցած
էր
այնքան
բուռն
կերպով:
Իր
միտքը
չարչրկող
պայքարի
խօլ
ծրագիրներուն
քով
յանկարծ
կուգար
կը
ցցուէր
Աշխէնին
անմեղունակ
դէմքը,
նշաձեւ
աչքերուն
շոյող,
գգուող
սեւեռանքովը,
կեանքոտ
շրթներուն
համբուրաւէտ
շքեղութեամբը:
Բաժնուի՛լ
այդ
հրեշտակէն,
որ
ջահի
մը
պէս
իր
թախծոտ
սրտին
մռայլութիւնը
կը
լուսաւորէր…:
Գարեգին
երկար
ատեն
տառապեցաւ
իր
հոգին
բզկտող
այս
հակընդդէմ
զգացումներուն
լլկանքին
մէջ:
Հարիւր
անգամ
մտքովը
յօրինած
ծրագիրները
պատռեց
նետեց,
նորեր
դնելով
անոնց
տեղ,
զանոնք
ալ
կոխկռտելով
դարձեալ,
մինչեւ
որ,
վերջապէս,
օրին
մէկը,
ինք
իր
դէմ
գօտեպնդած,
վարանումներէն
ամօթահար,
մեծագոյն
իդէալին
վսեմութեանը
առջեւ
յաղթահարուած,
վերջնական
ծրագիրը
պատրաստեց,
սուրբ
ուխտի
կնիքը
դրաւ
անոր
տակ:
Յեղափոխական
մարտի
գոռ
կրկէսին
մէջ
պիտի
նետուէր
գլխիվայր:
Եւ
Աշխէ՛նը:
Օ՜,
պիտի
զոհէր
զա՛յն
ալ,
մանաւանդ
զանիկա,
որպէսզի
զոհողութիւնը
մեծ
ըլլալով`
խղճի,
կամքի
վարձատրութիւնը
աւելի
մեծ
ըլլար:
Աշնան
վերջերը,
լուսնկայ
գիշեր
մը
իր
բաժանման
գիշերը
եղաւ:
Գնաց
գտաւ
իր
կուռքը,
տարաւ
զայն
քաղաքէն
դուրս,
դաշտի
անդորրութեան
մէջ:
Երկար
տեւեց
բացատրութիւնը.
խեղճ
աղջիկը
լացաւ.
բայց
կարելի
էր
ընդդիմանալ
Գարեգինի
որոշման,
որ
իրենց
երկուքին
ապագան
պատրաստելու
կը
նկրտէր
լոկ:
Ու
Գարեգին
կը
խաբէր
Աշխենը,
ըսելով
անոր
թէ՝
միջավայրեն
դժգոհ`
պիտի
երթար
ավելի
լայն
ասպարէզներու
մէջ
նետուիլ,
շահաւէտ
գործերու
ձեռնարկել,
վերջապէս
նիւթական
կարեւոր
դիրքի
մը
տիրանալ,
սրտի
ու
սիրոյ
ապագայ
երջանկութեան
քով`
լայնօրէն
ապրելու
հեշտութիւնն
ալ
ունենալու
համար
մանավանդ:
Մանկամարդուհին՝
իր
սիրոյ
միամիտ
հաւատքին
մեջէն
կ՚ընդնշմարէր
յայտնուած
գաղափարին
հրապոյրը,
որ
իր
անփորձ
աղջկան
սնամտութիւնը
կը
գգուէր
այնքան:
Բաժանման
դժնդակ
րոպէի
վերջին
գիրկընդխառնումի
տագնապին
մէջ,
Աշխէն
չէր
մոռցած
իր
սիրեցեալին
յիշեցնելու
իրենց
վաղեմի
սովորութիւնը,
որ
էր`
ամէն
կաղանդի
մէյմէկ
խորհրդաւոր
նուէրով
փոխադարձաբար
հրճուեցնել
զիրար,
կարծես
նիւթական
առհաւատչեայով
մըն
ալ
նուիրագործելու
համար
իրենց
մաքուր
ու
անխարդախ
սէրը:
Եւ
իրօք,
մանկամարդուհին
մասնաւոր
պչրանք
մը
եւ
անձին
մէկ
դրոշմը
միշտ
դրած
էր
այն
նուէրին
մէջ,
զոր
ամէն
տարեգլխու
սովոր
էր
ընել
իր
խօսեցեալին`
անկեց
ստացածին
վրայ
նոյն
անակնկալը
գտնելու
յոյսով:
—
Չե՛մ
մոռնար
կաղընդչէքդ:
Եւ
մութին
մէջ
հեռացած
գացած
էր
Գարեգին,
հէք
աղջկան
արցունքոտ
աչերէն
ու
հեծեծանքներէն
հետապնդուած,
ինքզինքը
ա՛լ
հիմակ
այնքան
թեթեւ
զգալով,
որ
կուզեր
թռչիլ,
խոյանալ
դէպի
մոլեգնօրէն
ըղձացուած
նպատակը,
դէպի
հայրենիքի
փրկութեան
մեծ
ու
վսեմ
գործը:
Սուրմաքեան
շունչը
առած
էր
Հայաստանի
Ս…
քաղաքը,
ու
շուտով
յարաբերութիւն
հաստատած
էր
յեղափոխական
մարմիններու
հետ:
Իր
արտաքին
ազդող
երեւոյթը,
տաք
ու
ներշնչող
խօսուածքը,
ցոյց
տուած
եռանդն
ու
գործունէութիւնը
շուտով
զգացուցած
էին
իր
կարեւորութիւնն
ու
իր
ուժ
մը
ըլլալը:
Իր
աշխոյժն
ու
խանդավառ
անձնուիրութիւնը
հաղորդական
եղած
էին,
տեղուոյն
մէջ
յեղափոխութեան
գործին
արտասովոր
զարկ
մը
տալով
եւ
գործնական
արդիւնքներ
ձեռք
բերելով,
որոնք,
սակայն,
շատ
չանցած
կառավարութեան
ուշադրութիւնը
գրաւած
էին:
Տեռորի
դաշոյնը
արդէն
ներկուած
էր
վատշուերներու
արիւնով:
Հայ
յեղափոխութեան
արհաւիրքին
սկզբնաւորութիւնն
էր:
Սուրմաքեան,
մտքով,
սրտով
ու
հոգուով
յեղափոխութեան
նուիրուած,
ա՛լ
գրեթէ
մոռցեր
էր
տուն-տեղ,
սէր,
ապագայ,
ամէն
բան:
Իր
նոր
կեանքին
եռացկոտութեանը
մէջ
եթէ
երբեմն
Աշխէնի
նազելական
անուշ
դէմքին
ստուերը
յանկարծ
կուգար
իր
աչքերը
խտղտացնել,
շուտով,
սակայն,
անյայտ
կ՚ըլլար
ան,
րոպէական
փղձկում
մը
առաջ
բերելով
միայն:
Եւ
երբեմն
անոր
վերջին
բառը
կուգար
ներդաշնակօրէն
թրթռալ
իր
ականջին.
«Կաղանդչէ՛քս»:
Սակայն
Ս…
քաղաքը
հասնելէն
իբր
երեք
ամիս
ետքը,
օր
մը
յանկարծ
բռնուած
էր
Սուրմաքեան
ու
ջախջախիչ
ապացոյցնէր,
անհերքելի
խոստովանութիւններ
ձերբակալուած
ուրիշ
ընկերներու
կողմէ`
լմնցուցած
էին
իր
գործը,
ու
մահուան
դատապարտուած
էր:
*
*
*
Ձիգ
չուանին
ծայրէն
հիմա
կը
կախուէր
Գարեգին
Սուրմաքեանի
երկար
հասակը,
գռուզ,
խարտեաշ
մազերով
զարդարուն
գլուխը
կուրծքին
հակած,
աչքերը,
կեանքով
ու
բոցով
լեցուն
աչքերը
գոց,
դէմքը
հանդարտ
դեղնութեամբ
մը
վարագուրուած:
Խուժանը,
վայրագ
ու
վրէժխնդիր,
դիւային
ժպիտի
մը
տակէն
ակռաները
կը
ցուցուներ
հայրենասիրութեան
այդ
գերագոյն
խորհրդանշանին,
որուն
վրայ
ամբողջ
ազգ
մը
իր
տառապանքը
կ՚աղաղակէր
աշխարհի:
Մէկը
միայն,
ան
ալ
թուրք
մը,
կախաղանին
մօտերը
կեցած
տրտում
տխուր,
մերթ
իր
աչքերը
կը
վերցնէր
դէպի
այդ
դիակը,
զոր
կը
դիտէր
դառն
արգահատանքի
նայուածքով
մը:
Ատեն-ատեն,
կը
մրմնջէր.
—
Խե՜ղճ
տղայ,
պիտի
բռնե՛մ
խոստումս:
Երբոր
նոյն
գիշերը
դիակը
վար
առին,
ոչ
ոք
կրցաւ
նշմարել,
թէ
միեւնոյն
մարդը,
այդ
գործողութեան
օգնողներէն
մէկը,
դանակով
մը
կտրեց
կախաղանին
չուանէն
փոքր
մաս
մը
եւ
զգուշութեամբ
պահեց
զայն
իր
գրպանին
մէջ:
Այս
մարդը
Ալի
աղան
էր,
Սուրմաքեանի
ծեր
բանտապահը:
***
Նոր
տարի
էր:
Աշխէն,
չորս
ամիսէ
ի
վեր
իր
խօսեցեալէն
առանց
ոեւէ
լուրի,
այդ
գերագոյն
օրուան
կը
սպասէր`
անկեց
ընդունելու
համար
խոստացուած
նուէրը:
Իր
աչքերուն
ժպիտին
տեղ
հիմակ
վիշտի
տենդը
կը
վառէր,
այտերուն
գունագեղ
թաւիշը
իր
առաջուան
փայլն
ու
ողորկութիւնը
կորուսած
էր
ա՛լ:
Կը
տառապէր
թշուառ
աղջիկը՝
լքուած,
յուսախաբուած
աղջիկներու
կրծող
տառապանքովը:
Պատուհանը
նստած,
սպասումի
թմրութեան
մէջ
մտամոլոր
ան
կը
յուսար
յանկարծ
տեսնել
սպասուած
նուէրը,
որուն
լուր
պիտի
հարցնէր
իր
սրտին
տիրոջմէն,
ինչպէս
հայ
նժդեհը,
որ
մեր
աշխարհեն
խապրիկ
մը
կը
հարցնէ
կռունկին:
Քաղաքը
նոր
տարին
կը
տօնէր
խօլ
ցնծումով:
Երգի
ու
գինարբուքի
խենթութիւնը
կը
փռուէր
փողոցները
ու
կը
բարձրանար
սպասող
աղջկան
քով
մինչեւ,
անոր
ցաւը
հրահրելով,
սիրտը
յօշոտելով:
Իր
զգայազիրկ
թմրութեան
մէջ
նոյն
իսկ
չտեսաւ
փոքր
տղան,
որ
նամակ
մը
նետելէ
յետոյ
իր
գոգը`
դուրս
թռաւ
սենեակէն:
Աշխէն,
խելաբերած,
բռնեց
նամակը
եւ
անգամ
մը
փողոց
նայելէ
յետոյ,
կարծելով,
որ
անկեց
ներս
նետուած
էր,
բացաւ
պահարանը,
ու
երբոր
թօթվեց
զայն,
թղթիկ
մը
ու
բարակ
չուանի
մը
կտոր
դուրս
ինկան
մէջէն:
Աշխէն
առաւ
թղթիկը
ու
խենդի
պէս
կարդաց
սա
տողերը
մատիտով
գրուած.
«Պաշտելիս,
ներփակ
պիտի
գտնես
չուանի
մը
կտոր,
որ
զիս
խեղդող
կախաղանի
հանգոյցին
մէկ
մասն
է:
Լանջքիդ
տակ
վառող
սիրոյ
կրակին
մէ՛ջ
նետէ
զայն,
որպէսզի
ազգային
վրէժխնդրութեան
բոց
մը
դառնայ
հոն:
Ահա՛
կաղընդչէքս:
Գ.
Ս.
»