ՅՈԻՌՈԻԹՔԸ
Մթնշաղ
օր
մըն
էր:
Աղեքսանդրիոյ
նորակառոյց
քարափին
երկայնքը
կը
դեգերէի,
անոր
ամբողջ
լայնալիճ
աղեղը
կտրել
անցնելու
տենդով
մը
ջղայնուած:
Աչքս
տնկած
Սելսելէի
աշտարակին,
որ
հաստախարիսխ
կը
նստէր
արեւելեան
լեզուակին
ծայրը,
գրեթէ
մեքենաբար
միայն
կը
տեսնէի
ծովին
աղուոր
խաղերը
արեւմուտքի
նարնջագոյն
ու
ա՛լ
վատուժ
ճաճանչաւորումին
մէջ:
Ի՜նչ
հեշտալի
է
այդ
լքումը,
անմտած
ու
ինքնաշարժ,
սրունքներուդ
վրայ,
որոնք
կ՚առնեն
կը
տանին
քեզի`
կարծես
առանց
ուզելուդ,
ուղեղիդ
մէջ
արձագանքելով
քայլերուդ
հնչիւնը,
վանելով
դուրսի
աղմուկները,
որ
ա՛լ
հեռաւոր
տզզանքի
մը
պէս
կ՚ըլլան:
Մերթ
կանգ
կ՚առնէի,
այդ
խօլարշաւ
ինքնամոռացումէն
վախցած,
իրերուն
ու
միջավայրին
ըմբռնումին
դառնալու
անզուսպ
կարօտով
մը,
ու
կը
տեսնէի
հեռուն,
հորիզոնին
բարձունքին
վրայ
կեցած
առագաստանաւեր`
թեւատարած
կարապներու
պէս
ճերմակ,
քարափին
խարիսխէն
դուրս
երկնցած`
նիզակներու
նման`
ձկնորսի
եղէգներ.
ու
հոս-հոն
պէրպէրի
կիսամերկ
լակոտներ
շաքարեղէգի
կտորուանք
իրարու
ձեռքէ
խլելով`
ծութի
պէս
ճերմակ
ակռաներովնին
խածատելու
համար
վայրենօրէն:
Ասդին,
բարամբին
վրայ,
ուռեցուորած
բոպիկ
ոտուըները
վար
կախած,
ֆելլահին
մը
կաթ
կուտայ
իր
լաճին`
վիթխարի
ծիծի
մը
տակ
ծածկած
անոր
դէմքը:
Պատկերին
միօրինակութենէն
սրտնեղ`
նորէն
ճամփայ
կ՚ելլայի
սրավար,
ինքնաշարժ,
գրեթէ
գինով:
Սելսելէի
իրանը
կը
մեծնար
հետզհետէ,
ծովափին
լխկած
ջրիմուռներուն
կծու
հոտը
վեր
կ՚ելլար
իրիկուան
լոյծ
խոնաւին
հետ
հոտոտելիքէդ
ուղեղիդ
թափանցելով
մինչեւ:
Ծովածփանքը
կ՚արագանար,
կը
խտանար,
հալած
կլայեկի
գորշ
պարուտակով
մը`
անհունօրէն
փոթփոթուած,
յորձանաշարժ:
Կ՚ուզէի,
սակայն,
հասնիլ
հոն,
վերը,
աշտարակին
քով,
վերջալոյսը
չնուաղած
եւ
այս
մտահոգութեամբ
կը
պատրաստուէի
վերջին
խոյանքի
մը
անձնատուր
ըլլալ,
երբ
ետեւէս
շնչասպառ
ձայն
մը
պոռաց
ինծի.
—
Բարեկա՛մ,
կեցիր
վայրկեան
մը:
Ու
կեցայ,
մէկէնիմէկ,
իբր
թէ
մէկը
յանկարծ
փէշէս
քաշած
ըլլար
ուժգնութեամբ:
Եւ
իրաւ,
այդ
ձայնը՝
ձեռքի
այդ
հարուածին
դերը
կատարած
էր,
որովհետեւ
անիկա
սովորական
ձայնը
չէր
անձկոտ,
պաղատող,
բայց
հուժկու
ալ
բան
մը
ունէր,
որ
սարսուռի
ցունց
մը
տուաւ
ջիղերուս:
—
Ես
եմ,
չճանչցա՞ր
զիս,
—
ըսաւ
մարդ
մը,
դէմս
ցցուելով:
Նայեցայ,
քիչ
մը,
անշուշտ,
ազդուած
հանդիպումին
անակնկալէն:
Ո՞վ
էր,
որ
այդպէս
օձիքիս
կը
կառչէր,
անձնական
ատ
շատ
մտերիմ
հաճոյքիս
մէջ,
երազանքի
անուշ
րոպէի
մը,
որ
այնքան
թանկագին
է
տառապող
մտքերու
համար:
Եւ
երբ
կը
ջանայի
այդ
դէմքին
մէջ
ճանչուոր
մարդ
մը
երեւան
հանել,
—
Այո՛,
ես
եմ,
—
աւելցուց,
—
Հրա՛նդը,
վաղեմի
բարեկամդ:
Հէ՞,
չե՞ս
ճանչնար,
—
վրայ
բերաւ
տեսակ
մը
հեգնականութեամբ,
սանկ
դէմքը
իմինիս
մօտեցնելով,
իբր
թէ
բոլորովին
մութի
մէջ
ըլլայինք:
—
Վա՛յ,
Հրանդ,
դուն
հո՞ս,
ուրկէ
ո՛ւր,
—
բացականչեցի
մանկութեան
այդ
ընկերոջս
ճիտը
նետուելով
շարժումով
մը,
զոր
սակայն
կեցուց
ան`
ձեռքի
խափանարար
բիրտ
ժեսդով
մը:
—
Քալե՛նք,
—
ըսաւ,
ժամանակ
չտալով
որ
ես
դիտողութիւն
մը
ընէի
իր
ոչ-համակրական
այդ
վարմունքին
համար:
Թեւէս
բռնեց,
ու
սկսանք
քալել
լուռ
ու
մունջ,
որովհետեւ
մէկէնիմէկ
այդ
ծանր
բանը
եղած
էր
մեր
մէջ,
մենք,
որ
մինչեւ
տասը
տարի
առաջ
մտերիմ
բարեկամներ
էինք,
Պոլիս:
Ո՜րքան
փոխուած
կը
տեսնէի
զինքը
հիմա:
Զուարթ,
շէնշող
երիտասարդ
մըն
էր,
կեանքին
դժպատեհութիւնները
արհամարհող,
իրերու
եւ
դէպքերու
գերազանցօրէն
լավատես
ըմբռնումով
մը,
որ
մինչեւ
տեսակ
մը
միամտութեան
կը
մղէր
զինքը:
Մէկտեղ
գացած
էինք
դպրոց,
ուր
անիկա`
ժամանակին
մանկավարժական
ըմբռնումին
համեմատ`
ուսուցիչներուն
կողմէ
տեսակ
մը
վրան-բաց
աչառութեան
առարկայ
եղած
էր,
իր
հօրը
ունեւորութեանը
եւ
ազդեցիկութեանը
պատճառաւ:
Սակայն,
իր
նկարագրին
բարի
հիմը
թող
չէր
իտար
իրեն
օգտուիլ
իր
այդ
բացառիկ
հանգամանքէն`
գոռոզ
ու
չարսիրտ
ընկեր
մը
ըլլալու
համար:
Ազնիւ
ու
վեհանձն,
հեգնանքի
ժպիտ
մը
կ՚ունենար
ամէն
անգամ
որ՝
իր
մէկ
չարաճճիութեանը
համար՝
կառավարիչը
ուրիշ
աշակերտի
մը
վրայ
իր
խստութիւնը
բանեցնէր.
տեսած
էի
նույն
իսկ,
որ
օր
մը
անիկա
դրամական
պարգեւ
մը
սպրդեցուց
աշակերտի
մը
ափը,
որ
իրեն
համար
պատժուած
էր
անիրաւօրէն:
Մեր
բարեկամութիւնը
շարունակուեցաւ
դպրոցէն
դուրս
ալ,
հասուկ
կեանքի
յորձանքին
մէջ:
Նեղութեան
օրերուս
միակ
յոյսս
ան
էր:
Ու
մինակ
ինծի
համար
չէր,
որ
ատանկ
էր
ան.
մեր
մտերմական
շրջանակին
մէջ
քիչեր
կային,
որ
անկից
օգտուած
չըլլային
նիւթապէս:
Հայրը`
վաճառական,
ինքն
ալ
վաճառական
եղաւ,
բայց
մեծանձն,
զուարթ
ու
լայնախոհ
վաճառական
մը:
96-ի
դէպքերուն,
բնականաբար,
կորսնցուցինք
զիրար,
շնչասպառ
ու
խելայեղ
ցրուումին
պահուն,
որ
հայրը`
զաւկէն,
եղբայրը
քրոջմէն
զատեց:
Եւ
ահա
տասը
տարի
վերջը
ան
մէկէնիմէկ
դէմս
կ՚ելլար
Միջերկրականի
ափերուն
վրայ`
յանկարծական
ու
տարօրինակ,
վրան
գլուխը
թափած
թափթփած,
ծիւրադէմ,
աչուըներուն
ծանօթ
մշտակայ
ժպիտին
տեղ՝
գոռոզ,
կրնամ
ըսել`
յարձակողական
դառնութեան
շողարձակումով
մը,
որ
աչքէս
չվրիպեցաւ
նոյնիսկ
հոդ,
անջրպետին
չորս
կողմերէն
մաղուիլ
սկսող
մանրացնցուղ
մթութեան
մէջ:
Տարակոյս
չիկար.
տանջանքի
հալոցին
մէջ
մտած
ելած
էր,
քայքայումի
այդ
կաղապարին
տակ,
ինչպէս
բոլոր
Հայերը`
քիչ
շատ:
Րոպէի
մը
մէջ
այս
բոլոր
բաները
մտքէս
անցան,
ու
դեռ
կը
յամենայի
անոնց
վրայ,
երբ
Հրանդ
իր
երկար
ոսկրուտ
մատներուն
մէջ
թեւս
սեղմելով.
—
Դրամ
ունի՞ս,
—
հարցուց
անփոյթ
շեշտով
մը:
—
Պէ՞տք
ունիս,
—
ըսի
ձեռքս
գրպանս
խոթելու
շարժումով
մը,
զոր
ան
դարձեալ
կեցուց:
—
Օ՜,
ոչ,
տեղ
մը
երթանք
նստինք.
քեզի
թօհաֆ
բանէր
պիտի
պատմեմ…
որովհետեւ…
վերջապէս
մէկուն
պատմելու
եմ,
ինչ
որ
եղաւ…
Ձայնը
պղտոր
հնչեց
ականջիս:
Իսկոյն
ետ
դարձանք`
մեծաքայլ
հեռանալով
քարափէն,
որուն
կուգային
կը
զարնուէին
հիմա
ծովին
ջուրերը
խուլ
շառաչմամբ,
ցայտեր
արձակելով
մինչեւ
բարամբէն
ասդին:
Բարեկամիս
վարմունքին
տարօրինակ
եւ
գրեթէ
կոպիտ
եղանակը
շրթներուս
վրայ
կը
սառեցնէր
կարգ
մը
շատ
բնական
հարցումներ,
զորս
անոր
պիտի
ուղղէի`
իր
յեղակարծ
երեւումին
առթիւ:
Միայն,
միւս
կողմէ,
ես
ալ
կը
մղուէի
վիպական
բաներ
մը
տեսնել
այս
ամէնուն
մէջ,
տիւմայական
տռամի
մը
դրուագը,
խառնուած
հնութեան
մեծ
պատկերներուն,
որոնք
երեւակայութիւնս
անդադար
կը
վառէին
ամէն
անգամ
որ
պտղոմէական
մարմարեղէն
վաղնջուց
պալատներու
այդ
վայրերուն
մէջ
թափառէի,
աւերակի
բեկորներ
գտնելու
մարմաջով:
Ուստի
լռիկ
մնջիկ
կ՚երթայինք
աւազներուն
մէջ
թաղուելով,
քարերու
զարնուելով
ամէն
մէկ
քայլերուս:
—
Նա
հունա՛,
եթէ
կ՚ուզես,
—
ըսաւ
Հրանդ,
—
ծովահայեաց
գարեջրատուն
մը
ցուցնելով,
որուն
մօտեցած
էինք,
եւ
որ
լոյսերու
մէջ
կը
շողար:
Ներսը
մեկուսի
սեղանի
մը
շուրջը
նստանք
դէմ
դիմաց:
Հիմակ,
աւելի
դիւրաւ
կրնայի
զննել
բարեկամիս
դէմքը,
որուն
ամբողջ
ահաւոր
մաշուածութիւնը
դուրս
կը
ցայտէր
լամպարներուն
դեղնաշուրթ
լոյսին
տակ:
Շապիկը
օձիք
չունէր,
ոչ
ալ
փողկապ:
Բաճկոնը
իւղոտած
էր,
ու
մաշած
թելերը
կ՚երեւային:
Իր
վրայ
ամէն
բան
թափառայած
պոհեմի
յանդուգն,
սանձարձակ
ու
տխուր
անմտածութիւնը
կը
մատնէր:
Անոր
մէջ
ինծի
ծանօթ
մարդը
մեռած
էր
գրեթէ,
եւ
ուրիշ
մէկը
կար,
ալքոլի
տենդովը
բռնկած
նայուածքով,
շրթներուն
անկիւններուն
վրայ
պեղուած
երկար
խրամներով,
որոնք
այտոսկրներէն
մինչեւ
թուշը
կ՚իջնային:
Ուսերը
վեր
տնկուած
էին`
վտիտ
ու
մսկոտ:
—
Ապսէ՛նդ
մը,
—
հրամայեց
սպասաւորին,
որ
մեզի
մօտեցած
էր.
իսկ
դո՞ւն,
—
հարցուց
ինծի
դառնալով:
—
Գարեջուր
մը,
—
ըսի:
Հրանդ
ապսէնդամո՞լ.
ան
որ,
ատենօք,
գարեջուրը
անգամ
չուզելով
կը
խմէր:
Ու
դիտեցի`
կանանչորակ
թոյնին
երկար
գաւաթը
շրթներուն
տանիլը
տեսակ
մը
հաճոյական
եւ
ակներեւ
վարժութեամբ,
որ
ինծի
կսկծալի
վայրենութիւն
մը
թուեցաւ:
Մէկէնիմէկ
զզուանքով
լեցուեցայ
այդ
մարդուն
առջեւ,
որուն
շարժումները,
նայուածքը,
խօսելու
եղանակը,
ամէն
բան
կը
ջնջէր
միւսը,
նախկին
ընկերը
եւ
բարեկամը:
—
Հիմակ
ա՛լ
սկսած
եմ
թեթեւ
գտնալ
ապսէնդը,
—
ըսաւ
վար
դնելով
գաւաթը,
բայց
հոս
հաշաշի
երկիրն
է,
հէ՞,
—
աւելցուց
քստմնելի
քմծիծաղով
մը
երեսս
նայելով:
—
Երկրին
մէջ
այդ
թոյնին
մուտքը
արգիլուած
է
խստիւ,
մեծ
պատիժ
ու
տուգանք
կայ,
—
ըսի`
աչքը
վախեցնելու
մտադրութեամբ:
—
Ամիս
մըն
է
հոս
եմ,
կարելի
է
քսան
անգամ
մը
քաշեցի
անկէ,
—
ըսաւ,
—
առաջին
անգամը
անհաճոյ
երազներ
տեսայ,
բայց
ետքէն,
յուռութքս
ձեռքիս
մէջ
բռնելով,
ա՛լ
այդ
երազները
չտեսայ…
—
Առաջին
անգամուանը
ի՞նչ
տեսակ
երազներ
էին:
—
Օ՜,
մի
հարցուներ,
ինչ
որ
պիտի
պատահէր,
երբոր
արքայութիւն
երթայի.
մարդիկները
հրեշտակի
թեւեր
ունէին.
մարդիկնե՛րը,
երեւակայէ՛,
—
շեշտեց
ապսէնդին
գաւաթը
նորէն
շրթներուն
տանելով:
—
Իսկ
յետո՞յ,
—
պնդեցի,
խեղճ
բարեկամիս
մտաւորական
անկումին
ցաւագին
հաստատումը
ընելու
համառութեամբ
մը:
—
Յետոյ,
ա՛լ
անկէ
ետքը
ամէն
անգամուն
ձեռքիս
մէջ
բռնեցի
յուռութքս,
միտքս
անոր
վրայ
սեւեռելով՝
թմրութեան
անուշ
ամպերուն
մօտեցած
ատենը.
ու
ա՛լ
մարդիկները
կ՚երեւնան
իրենց
բո՛ւն
կերպարանքովը,
սատանայի
պէս
սեւ
եւ
կապիկի
պէս
ծիծաղելի,
—
վերջացուց
ան
վրիժառութեան
ոխերիմ
շեշտով
մը:
«Յուռութք»
բառը,
զոր
երկիցս
արտասանեց
շատ
յարգալից
եւ
մասնաւորապէս
երկիւղած
կերպով
մը,
թուեցաւ
ինծի
այն
լլկիչ
մտասեւեռումներէն
մէկը,
որոնք
անբուժելի
խենդերուն
միայն
առանձնայատուկ
են,
ըստ
որում
արդէն
սկսած
էի
խենդ
մը
նկատել
բարեկամս:
—
Ի՞նչ
յուռութք
է
այդ,
—
հարցուցի:
—
Ահա՛,
—
ըսաւ
աջ
ձեռքին
մատներով
բաճկոնակին
ճեղքէն
դուրս
քաշելով
թիթեղէ
փոքրիկ
տփիկ
մը,
որ
բարակ
առասանով
մը
ճիտէն
կախուած
էր,
ասիկա,
—
շարունակեց,
—
իմ
միակ
պաշտպանս
է
այլեւս,
բոլոր
մարդկութիւնր
մէկտեղած
չի
կրնար
զիս
խաբել,
քանի
որ
ասիկա
ունիմ,
—
կ՚ըսէր
երկու
ձեռուըներուն
մէջ
խանդաղատանօք
սեղմելով
այդ
անպետ
մետաղէ
տփիկը
եւ
զայն
համբուրելու
ձեւեր
ընելով:
Կրնաք
երեւակայել
տրտմութիւնս,
հետզհետէ
հաստատվելով
բարեկամս
խենդեցած
նկատելու
համոզումիս
մէջ
եւ
արդէն
իսկ
մտքիս
մէջ
կը
պտտցընէի
այն
պաշտօնական
գործողութիւնները,
որոնք
ընդհանրապէս
տեղի
կ՚ունենան
առաջնորդարանին
մէջ,
աղքատ
հիւանդներու
հիւանդանոց
փոխադրութեան
համար,
երբ
ան՝
—
Թերեւս
հիմա
մտածես,
որ,
—
ըսաւ
Հրանդը,
—
չըլլա՞յ
խենդեցած
ըլլայ,
չէ՛,
բարեկամ,
չեմ
խենդեցած,
—
յայտարարեց
կամաց
մը
նորէն
ներս
քշելով
թիթեղէ
տփիկը
ու`
հիմայ
պիտի
հասկնաս,
թէ
ինչպէ՛ս
չեմ
խենդեցած,
հակառակ
անոր,
որ
չխենդենալս
արդէն
ինքնին
զարմանալի
բան
մը
ըլլայ…
Միայն
թէ
սկսելէս
առաջ
ապսէնդ
մըն
ալ,
—
աւելցուց
աղաչական,
գաւաթին
տակը
մնացած
կաթիլները
ծծելով
անյագօրէն:
Այդ
վայրկենին
տրամադիր
էի
գրպանիս
բոլոր
դրամը
ապսէնդի
յատկացնել,
այդ
կենդանի
հանելուկին
լուծումը
ձեռք
բերելու
համար:
Հրանդ
բաճկոնին
գրպանէն
սեփսեւ,
ծուռումուռ
սիկառ
մը
հանեց`
քիչ
մը
քրքրուած
թերթերով,
վառեց
ու
սկսաւ
ծխել,
նոր
գաւաթին
մէջ
կուշտ
մը
թաթխելէ
յետոյ
շրթները:
—
Պոլսէն
բաժնուած
ատենդ,
—
սկսաւ
ան`
թաղիքէ
հալումաշ
գլխարկը
ընքուիներուն
վրայ
տեղաւորելով,
—
գիտէիր,
թէ
նիւթական
ի՜նչ
վիճակ
ունէինք:
97-ին
հայրս
մեռաւ
յանկարծ,
ամբողջ
հարստութիւնը
ու
գործը
ինծի
ձգելով:
Գիտես,
թէ
հայրս
ո՛ր
աստիճան
շրջահայեաց
մարդ
էր.
դէպքերը
եւ
անոնց
հետեւանքները
նախատեսելով`
հեռաւոր
եւ
մօտաւոր
հրապարակներուն
վրայ
մեր
ունեցած
առնելիքները
յաջողէր
էր
ժողվել`
դրամը
պառկեցնելով
զանազան
արժեթուղթերու
գնման,
մասնաւորապէս
ֆրանսական
եւ
եգիպտական,
անանկ
որ
դէպքերուն
հետեւանօք,
երբ
մեր
հրապարակին
վրայ
շատ
հայ
վաճառականներու
դիրքը
խախտեցաւ,
մենք
աննշան
կորուստներ
միայն
ունեցանք:
Արդ,
հօրս
մահուամբը
տասը
հազար
ոսկիի
հարստութեան
տէր
կը
դառնայի,
ունենալով
նաեւ
հաստատուն
ու
նախանձելի
դիրք
մը
հրապարակին
վրայ
եւ
գործ
մը,
որ
հանդարտօրէն
ու
խոհեմօրէն
շարունակելով,
կրնար
երջանիկ
ընել
զիս
մինչեւ
մահս…
Հրանդ,
հոս,
կանգ
առնելով,
երազականօրէն
նայեցաւ
սիկառին
ոլորուն
քուլաներուն,
զորս
մեղմիւ
դուրս
հանեց
բերնէն`
շրթները
փոթթելով
կարծես
սուլելու
համար:
—
Բայց
տես,
թէ
ի՛նչ
պատահեցաւ.
բարեկամներէս,
դպրոցի
ու
կեանքի
մտերիմ
ընկերներէս
շատեր,
հեռացած
էին
Պոլսէն
եւ
զանազան
երկիրներ
ցրուած.
Պուլկարիա,
Ռումանիա,
Եգիպտոս
եւ
այլն:
Շատ
չանցած
նամակներ
սկսան
հասնիլ
ամէն
կողմերէ,
ո՛րը
դրամական
անմիջական
նպաստ
կ՚ուզեր,
ո՛րը
իր
բանալիք
գործին
համար
դրամագլուխ,
ո՛րն
ալ
արտասահմանի
մէջ
ընկերովի
առեւտրական
ճիւղ
մը
բանալու
առաջարկ
կ՚ընէր:
Արիւնալի
դէպքերը
եւ
ազգային
մեծ
ցաւը
արդէն
մատնած
էին
զիս
խորին
թաղուածութեան
մը,
եւ
ջղային
այնպիսի
դրութեան
մը
մէջ
էի,
որ՝
ազգակիցներու
դառն
կացութեան
դարման
մը
տանիլը,
որքան
որ
կրնայի,
ինծի
համար
սրբազան
անհրաժեշտ
պարտք
մը
երեւցաւ:
Ի՛նչպէս
կրնայի
մերժել
անանկ
մարդիկներ,
որոնց
հետ
գրեթէ
անցուցած
էի
կեանքս,
մտերիմ
ու
յիշատակալից
բարեկամութեան
մը
մէջ,
ու
հիմա,
որ
անոնք
ինկած
էին
առանց
իրենց
ուզելուն,
պէտք
չէ՞ր,
որ
ձեռք
կարկառէի
անոնց:
Կը
ճանչնաս
Գառնիկ
Մեհրապեանը,
Ասատուր
Ճանկէօրէնեանը,
Ղուկաս
Կէօմրիւքճեանը
եւ
ուրիշներ,
որ
դիմում
դիմումի
վրայ
կ՚ընէին:
Չէի
կրնար
մերժել:
Երկու
տարուան
մէջ
պատրաստի
ունեցած
դրամիս
գրեթէ
կէսը
այս
տեսակ
գործերու
յատկացուցի:
Գառնիկ
Ռուսճուգի
մէջ,
Ասատուր
Կալացի
մէջ
մանիֆաթուրայի
բաւական
ընդարձակ
գործեր
բացին
իմ
դրամագլխովս:
Ղուկաս,
որուն
արդեն
մինչեւ
Պոլսէն
հեռանալը
այնքան
օգնութիւններ
ըրած
էի,
Մարսիլիայ
մեկնած
էր`
յետին
ծայր
կարօտութեան
մէջ.
անմիջապէս
կարեւոր
գումար
մը
ղրկեցի
իրեն,
եւ
ըսի,
որ
եթէ
չ՚ուզէր
Պոլիս
դառնալ,
նորէն՝
կրնայ
ուզած
տեղը
գործի
մը
ձեռնարկել,
դրամագլուխի
մասին
հոգ
չընելով:
Բաւական
ժամանակ
պատասխան
չստացայ
իրմէ,
այնքան,
որ
վախցայ,
թէ
մեռած
կ՚ըլլայ:
Յետոյ
օր
մըն
ալ
նամակ
մը
առի`
Գահիրէ
գացեր
էր
եւ
500
ոսկւոյ
գումարի
մը
անմիջական
պէտքը
կար՝
մանր
երկաթեղէնի
գործ
մը
բանալու
համար,
որ
չափազանց
շահաբեր
է
եղեր:
Ընկեր
պիտի
ըլլայինք,
ֆիռման
իր
ու
իմ
անունովս:
Երկրորդել
իսկ
չտուի
առաջարկը
եւ
Քռէտի
Լիոնէի
վրայ
քաշուած
500
ոսկինոց
չէք
մը
ղրկեցի
իրեն:
Ճիշտ
այդ
միջոցին
Ռուսճուքէն
ծանօթ
մը
ինձ
կը
գրէր,
թէ
Գառնիկ
Մեհրապեանը
յանկարծ
իր
վաճառատունը
ուրիշի
մը
փոխանցելով
շատ
շահաւէտ
պայմաններով՝
յոյն
կնոջ
մը
հետ
առած
քալած
էր
յայտնի
չէ
ո՛ւր:
Այս
անյուսալի
վատութիւնը
ինծի
7000
ոսկիի
կը
նստէր:
Առաջին
ցնցումն
էր,
որ
կը
կրէի…
Հրանդ,
որուն
ձայնին
մէջ
տրտում
լրջութիւն
մը
տիրեց
մէկէնիմէկ,
չոր
հազով
մը
կոկորդը
մաքրելէ
յետոյ,
քանի
մը
ումպ
ապսէնդ
կուլ
տուաւ
եւ
շարունակեց.
—
Մտածեցի,
սակայն,
որ
կնոջ
մը
մատը
քանի
որ
կար
գործին
մէջ,
մարդը
այնքան
ալ
մեղաւոր
ըլլալու
չէր…
վերջապէս
ի՛նչ
կրնայի
ընել:
Երանի
թէ
կորուստս
այդչափով
վերջանար:
99-ի
սկիզբներն
էր:
Օր
մը
ոստիկանութիւնը
յանկարծ
վաճառատունս
կոխեց,
գրաւեց
թուղթերս,
տետրակներս,
եւ
զիս
ալ
ձերբակալելով,
ոստիկանութեան
դուռը
տարին:
Հարուածը
այնքան
ուժգին
էր,
որ
առաջին
շլմորումիս
մէջ
բան
մը
ո՛չ
մտածեցի,
ոչ
ըրի.
մութ
ու
խոնաւ
բանտի
մը
խորը
նետեցին
զիս,
ուր
օրերով
մնացի,
առանց
որ
մէկը
գար
հարցնէր,
փնտռէր
զիս.
վերջապէս,
սթափած,
գլխուս
ճարը
նայել
ջանացի:
Երեք
ամիս
անընդհատ
դիմումներ
ըրի
ոստիկանութեան
նախարարին,
գործիս
քննութեանը
համար.
սաչափը
միայն
կրցայ
հասկնալ,
թէ
մատնուած
էի
իբրեւ
Հնչակեան
գործիչ,
որով
եւ
է՛ն
մտերիմ
բարեկամներս
իսկ
չէին
համարձակէր
միջամտութիւն
մը
փորձել.
ստիպուեցայ
դրամ
խաղցնել…
Երկար
կ՚ըլլայ
հիմա
մանրամասնել,
ինչ
որ
քաշեցի
եւ
ինչ
որ
խարճեցի
բանտէն
ազատելու
համար…
հինգ-վեց
հարիւր
ոսկի
շունշանորդիին
կոկորդը
լեցուցի:
Վաճառատունս
թէեւ
բացի
նորէն,
բայց
գործս
մեծապէս
սկսած
էր
կաղալ:
Կալացէն
ու
Գահիրէէն
բնաւ
լուր
չիկար:
Նամակ
նամակի
վրայ
գրեցի`
պատասխան
բնա՛ւ:
Եւ
ահա
նոր
դժբախտութիւն
մը
հասաւ.
Ք…եան
տունը
սնանկանալով`
750
ոսկիի
առնելիքս
կ՚ոչնչանար:
Պաղարիւնութիւնս,
զոր
մինչեւ
իսկ
բանտին
մէջ
պահած
էի,
քիչ-քիչ
սկսաւ
պակսիլ…
Այս
տագնապներուն
միջոցին
է,
որ
ոստիկանութիւնը
երկրորդ
անգամ
խուզարկեց
վաճառատունս
եւ
բանտարկեց
զիս:
Այս
անգամ
աւելի
շուտ
ազատեցայ,
բայց
աւելի
շատ
դրամ
կերցնելով:
Դուրս
ելլելուս,
քանի
մը
Թուրքեր,
որոնց
վրայ
կարեւոր
պահանջներ
ունէի,
մերժեցին
վճարում
ընել.
դատարան
անգամ
չդիմեցի։
Կալացի
եւ
Գահիրէի
բարեկամներս
կը
շարունակէին
իրենց
զարմանալի
լռութիւնը,
հակառակ
իրարու
ետեւէ
գրած
նամակներուս:
Ու
ա՛լ
անկեց
ետքը,
մինչեւ
905,
երբ
վերջապէս
մեկնեցայ
Պոլսէն,
տարին
երկու-երէք
հեղ
չափեցի
ոստիկանութեան
բանտը`
միշտ
ափ
մը
ոսկի
նետելով
գայլերուն
բերանը`
ազատելու
համար:
Փչացած
էի,
այո՛,
փչացած
էի,
—
անջրպետեց
Հրանդ,
որուն
ճակտին
վրայ
քրտինքի
կայլակներ
շարուած
էին,
ու
աչուըներուն
մէջ
ալքոլին
յարուցած
փայլատակումին
հետ
կատաղութեան
կայծէր
կը
շողային,
ու
պահ
մը
գոցեց
զանոնք,
կլլելու
համար
կանանչորակ
ըմպելին,
որ
թօթվեց
անոր
մարմինը:
—
Յետոյ,
ան
նորէն
շարունակեց`
իրարու
վրայ
քանի
մը
հեղ
ուժգին
մը
քաշելէ
ետքը
սիկառը.
—
Երկու
հարիւր
ոսկիի
գումար
մը
մնացած
էր
քովս,
հազարները
թռած
գացած
էին
(ու
ափին
մէջ
բերնովը
փչեց
մինչեւ
մատները).
որոշեցի
փախչիլ
Պոլսէն,
դեռ
բոլորովին
չփչացած.
59
ոսկի
ծախսեցի
ինքզինքս
մինչեւ
Քէօսթէնճէ
նետելու
համար…
Շունչս
Կալաց
առի,
Ասատուրը
գտնելու
յոյսով.
ափսո՜ս,
ոչ
խանութ
գտայ,
ոչ
Ասատուր.
ըսին,
թէ
ան
շատոնց
մեկնած
էր
Ամերիկա`
լմնցնելէ
յետոյ
ձեռքը
գտնուած
դրամը,
յետին
չքաւորութեան
մէջ:
Գլխիկոր
թողուցի
Կալացը,
անցայ
Պուքրէշ,
Վիեննա
ու
Փարիզ
հասայ
հազիւ
հարիւր
ոսկի
գումարով
մը…
Գործ
մը
ընելու
դիտաւորութեամբ`
միացայ
թշուառականի
մը,
որ
զիս
համոզեց,
թէ
մեծ
շահ
կար
պարսկական
ու
հնդկական
թանկագին
քարերու
առուծախին
մէջ:
Իրաւ
ալ
առաջին
հարուածով
բաւական
կլորիկ
շահ
մը
ըրինք.
ընկերոջս
նկարագրին
անծանօթ`
ամէն
կերպով
անձնատուր
եղայ
իրեն
ու
օրին
մէկն
ալ
անյայտ
եղաւ
ան՝
ամէն
բան
տանելով,
քարերն
ու
դրամները
եւ
զիս
թողլով
փողոցը
անօթի
եւ
անդրամ…
Այս
ամբողջ
ցաւագին
պատմութեան
միջոցին
լուռ
ու
մունջ
մտիկ
ըրած
էի
զինքը,
առանց
ոչ
մէկ
անգամ
ընդհատելու:
Տեսայ
որ`
այդ
դժնդակ
կէտին
հասնելուն`
կանգ
առաւ
Հրանդ`
մտածմունքներու
մէջ
խորասոյզ,
դէմքը
տարօրինակ
կերպով
եղծուած:
—
Յետո՞յ,
—
հարցուցի`
այդ
վշտալի
ոդիսականին
վախճանը
հասկնալու
անհամբեր:
—
Յետո՞յ,
—
կրկնեց
երեսս
նայելով
յիմարօրէն,
—
ազիլ
մը
ինկայ
քանի
մը
օր
խնամուելու
համար,
որովհետեւ
յուզումէս
ջղային
տագնապներ
ունեցայ:
Անկից
դուրս
ելլելուս
պէս
ուրիշ
մտածում
չունեցայ,
եթէ
ոչ
իսկոյն
Եգիպտոս
նետուիլ`
Ղուկաս
Կէօմրիւկճեանին,
որ
անշուշտ
ողջ
էր
եւ
անհետացած
չէր
մեր
վերջին
ոսկիներուն
հետ,
ինչպէս
միւսները:
Մարսիլիայէն
բեռի
շոգենաւ
մը
սպրդեցայ
գրեթէ
գաղտագողի
եւ
նաւաստիներու
աշխատութեանց
մասնակցելով`
հասայ
Բոր-Սաիտ,
ասկէց
ամիս
մը
առաջ:
Քանի
մը
օր
ետքը
յաջողեցայ
շոգեկառքի
դրամ
մը
ձեռք
ձգել
եւ
շունչս
Գահիրէ
առնել,
ուր
առաջին
գործս
եղաւ
Ղուկասը
փնտռել:
Ես
կը
յուսայի
երկաթեղէնի
խանութի
մը
մէջ
գտնել
զինքը,
բայց
ահա
բոլորովին
տարբեր
դիրքով
մը
ներկայացաւ
ինծի:
Երբոր
հայ
սրճարանի
մը
մէջ
անոր
անունը
տուի,
ամէն
մարդ
զարմացմամբ
ինծի
նայեցաւ,
կարծես
ըսել
ուզելով,
թէ
ինչպէ՛ս
կը
համարձակէի
ատանկ
մէկ
մարդ
մը
հարցնել,
փնտռել.
ե՛ս,
ողորմելի
թափառաշրջիկս.
միամտօրէն
ըսի,
թէ
ես
անոր
մտերիմ
բարեկամն
էի
եւ
իր
գործին
ընկերը.
քահքահ
մըն
է
փրցուցին.
նեղուած,
շուարած,
շուրջիններուս
երեսը
կը
նայէի,
անոնց
արգահատանքի
ու
ծաղրի
նայուածքներուն
տակ
ջախջախուած:
Յետոյ
անոնցմէ
մէկը,
գուցէ
մեղքնալով
զիս,
ըսաւ,
թէ
սխալած
ըլլալու
էի,
որովհետեւ
Ղուկաս
Կէօմրիւկճեանը
շատ
հարուստ
մարդ
մըն
էր,
թէ
մեծ
ու
փառավոր
ափառթըման
մը
կը
նստէր,
պանքէռէ
մը
տարբերութիւն
չունէր,
հողատէր
էր
եւ
մեծապէս
ազդեցիկ
պորսային
մէջ:
Այս
պարագաները
իմանալով,
ներքնապէս
սաստիկ
կ՚ուրախանայի,
ինքզինքս
փրկուած
կը
նկատէի,
քանի
որ
բարեկամս
այդքան
հարստացած
էր:
Իսկոյն
դուրս
ելայ
սրճարանէն,
Ղուկասը
գտնելու
համար
շուտով,
ինչ
որ
շատ
դժուար
չեղաւ:
Գրասենեակը
արդարեւ
պանքայ
մը
երեւցաւ
ինծի`
դուրսէն,
երբ
ակնարկ
մը
նետեցի
ներս:
Արապ
դռնապանը
դրանը
առջեւ
կեցուց
զիս.
բարեկամիս
անունը
տուի.
մարդը
վրաս
գլուխս
նայեցաւ
եւ
արաբերէն
բանէր
մը
ըսելով,
թող
չտուաւ,
որ
ներս
մտնամ:
Անմիջապէս
թուղթի
կտորի
մը
վրայ
գրեցի.
«Սիրելի
Ղուկաս,
եկած
եմ,
դրա
սենեակիդ
դուռն
եմ
այս
պահուս»
եւ
ստորագրեցի:
Արապը
առաւ
թուղթը
եւ
ներս
մտաւ.
հինգ
վայրկեան
ետքը
եկաւ՝
տուած
թուղթս
ձեռքը,
կասկածոտ
մը
սանկ
նորէն
չափչփեց
զիս
եւ
երկտողս
ինծի
տալով.
«խաւակայ
մուշ
հենա»,
—
ըսաւ
կտրուկ
եւ
խոժոռ:
Ի՞նչ
ընէի,
լեզու
չէի
գիտէր
այդ
վայրենիին
հետ
բացատրուելու
համար:
Եթէ
խաւական
հոն
չէր,
ինչո՞ւ
ուրեմն
թուղթս
մինչեւ
ներս
տարաւ:
Արդեօք,
կը
մտածէի,
ուրի՞շ
Ղուկաս
Կէօմրիւկճեան
մըն
էր
ատ,
որ
զիս
չէր
ճանչնար:
Փորձ
մըն
ալ
ըրի
ներս
մտնելու,
բայց
արապը
«եալլահ,
րո՛ւհ»
մը
պոռալով
զիս
դուրս
հրեց
եւ
գրասենեակին
դուռը
գոցեց:
Վարանում,
շփոթութիւն,
զայրոյթ
իրար
խառնուած
էին
ներսս:
Դուրս
ելայ
փողոցին
մայթին
վրայ
սպասելու
համար,
մինչեւ
որ
Ղուկաս
դուրս
ելլար
եւ
այն
ատեն
դիւրին
էր
զայն
ճանչնալ..:
Կէս
ժամ
չանցած`
գեղեցիկ
կառք
մը
եկաւ
կեցաւ
շէնքին
դռանը
առջեւ:
Աչքս
այդ
դուռին
սեւեռած՝
դիմացի
մայթին
վրայ
կեցած
էի:
Ինչպէ՞ս
եղաւ,
չեմ
գիտէր,
մէկ
միջոց
մը
ուժգնօրէն
եւ
յանկարծակի
դռնէն
դուրս
մէկը
ելաւ,
ցատկեց
կառքին
մէջ,
եւ
կառքը
սահեցաւ
գնաց
իր
քաուչուէ
անիւներուն
վրայ:
Ու
ես
քարացայ
մնացի
հոն,
քայլ
մը
առնելու
անկարող.
այո՛,
տեսած
էի,
Ղուկասն
էր,
մեր
բարեկամը,
բոլորովին
փոխուած,
գէր,
առողջ,
փառաւոր
հագուած.
ու
տեսած
էր
զիս,
տեսած
էինք
զիրար,
փայլակի
արագութեամբ:
Ու
կառքը
արդէն
հեռացած
էր,
երբ
չորացած
կոկորդէս
ձայն
մը
ելաւ,
«Ղուկա՛ս,
Ղուկա՛ս»…:
Հրանդ,
դեփ-դեղին
կտրած,
գրեթէ
շնչասպառ,
ընդհատեց
խօսքը.
մատները,
որոնցմով
բռնած
էր
սիկառը,
կը
դողային
եւ
գերագոյն
ճիգի
մը
մէջ,
կարծես
ինքզինքին
դէմ
գօտեպնդուելու
համար,
դժնդակօրէն
ապսէնդին
գաւաթը
բերնին
տարաւ…
—
Այո՛,
—
շարունակեց,
—
Ղուկասն
էր,
մեր
պատուական
Ղուկասը,
բայց
դժուարութիւնը
մը
կը
տեսնայի,
կը
զգայի
անոր
հետ
դէմ-դիմաց
գալու:
Չէի
ուզէր
հաւատալ,
թէ
ան
չէր
ուզէր
տեսնուիլ
ինծի
հետ.
մեր
բազմամեայ
բարեկամութիւնը
եւ
մանր
երկաթեղէնի
գործը
կար…
Հայուն
սրճարանը
դարձայ
նորէն,
ճար
մը
փնտռելով:
Թուղթ
մը
առի
եւ
նամակ
մը
գրեցի.
«Սիրելի
Ղուկաս,
ըսի,
ես
եկած
եմ.
սոսկալի
ձախորդութեանց
հանդիպեցայ.
խնդրեմ,
շուտով
տեսնուելու
դիւրութիւն
մը
տուր
ինծի.
այսօր
իրիկվան
5-ին
նորէն
գրասենեակդ
կուգամ»:
Եւ
նամակը
առանց
բուլի
ձգեցի
փոստան:
Յուսալից,
ժամը
5-ին
նորէն
ներկայացայ,
միեւնոյն
արապը
դէմս
ելաւ
նորէն.
«խաւակա՛»
հարցուցի.
«մաֆիշ»
պատասխանեց
իր
բիրտ
ձայնովը.
բարկացած,
այլայլած,
ուզեցի
բռնութեան
դիմել
ու
ներս
խուժեցի.
արապը
վրաս
յարձակեցաւ.
իրարու
փաթթուեցանք:
Ելած
աղմուկէն
երկու
երիտասարդներ
ներսէն
դուրս
վազեցին
ու
զիս
ազատեցին
արապին
ձեռքէն,
շնչասպառ,
մոլեգնած`
կ՚ուզէի
նորէն
յարձակիլ
այդ
վայրենիին
վրայ,
երբ
երիտասարդներէն
մէկը
«ո՞վ
կ՚ուզեք»
հարցուց:
—
Այս
գրասենեակին
տէրը
Ղուկաս
Կէօմրիւկճեանը
չէ՞,
հարցուցի:
—
Այո՛,
—
ըսին
միաբերան:
—
Լա՛ւ,
զիս
իր
քովը
տարէք,
իմ
վաղեմի
բարեկամս
է,
–
ըսի:
Երիտասարդները
իրարու
երես
նայեցան
քմծիծաղով
մը,
յետոյ
ինծի
պատուիրեցին,
որ
դուրսը,
դրանը
առջեւը
սպասեմ
խելօք
մը,
պատասխան
ստանալու
համար:
Դուրս
ելայ
ու
սպասեցի,
քանի
մը
վայրկեան
ետքը
անոնցմէ
մէկը
ձեռքը
դռնէն
դուրս
կարկառելով,
կ՚ըսէր
ինծի.
—
Ա՛ռ,
բայց
ուրիշ
անգամ
հոս
մի՛
հանդիպիր…
Մեքենաբար
առի
ինծի
երկնցած
այդ
ձեռքին
պարունակութիւնը
ու,
խելակորոյս,
դուրս
ելայ
այդ
խեղդող
վայրէն…
փողոցը
շուտ-շուտ
կը
քալէի՝
ափովս
սեղմած
այդ
բանը,
զոր
չէի
համարձակէր
նայիլ,
կը
զգայի,
որ
դրամ
էր,
ողորմութիւն
մը,
զոր
իմ
վաղեմի
ու
պատուական
ու
երախտահատոյց
բարեկամս
ինծի
շնորհած
էր.
ոսկի
մը
անշուշտ,
մանր
երկաթեղէնի
առեւտուրին
համար
իրեն
ղրկած
հինգ
հարիւր
ոսկիներէս
մէկը…
ու
բացի
ափս,
նայեցայ…
Հինգ
ղրուշնոց
մըն
էր:
—
Եթէ
չես
հաւատար,
ահաւասիկ,
—
ըսաւ
Հրանտ
մատները
նորէն
բաճկոնակին
ճեղքէն
ներս
խոթելով
ու
եռանկիւնի
թիթեղէ
տփիկը
դուրս
հանելով,
զոր
ճիգով
մը
բացաւ:
Արծաթ
հինգնոց
մը
դուրս
ինկաւ
մէջէն,
զոր
տեսակ
մը
գուրգուրանքով
բռնեց
Հրանդ,
հագուստին
քսեց
մաքրելու
եւ
փայլեցնելու
համար,
յետոյ
նորէն
մէջը
դրաւ
եւ
տփիկը
ներս`
իր
տեղը
քշեց:
—
Իմ
յուռութքս
է
աս,
—
աւելցուց
երեսս
նայելով
ապսէնդէն
շլմորած
աչուըներովը,
որոնց
մէջ
լրջութեան
ահարկու
կայծ
մը
տեսայ.
ասիկա
քանի
որ
ունիմ,
ա՛լ
չեմ
վախնար,
որ
մարդիկները
կրնան
խաբել
զիս.
օ՜,
ո՛չ,
մրմռաց
սիկառը
ուժգնօրէն
նետելով
գարեջրատան
մէկ
անկիւնը,
բոլոր
մարդիկներէն
կը
կասկածիմ,
նոյնիսկ
քէնէ՛,
որ
սանկ
խելօք
մը
սա
վայրկեանիս
դէմս
նստած,
պատմութիւնս
մտիկ
ըրիր,
ցաւած
ու
կարեկից
դէմքով…
Դուն
ալ
Ղուկաս
Կէօմրիւկճեանէն
աւելի
արժէք
մը
չունիս
ինծի
համար.
վաղը,
վստահ
եմ,
միեւնոյն
պայմաններուն
տակ,
միեւնոյն
վատութիւնը
դո՛ւն
ալ
կ՚ընես…
Եւ
մինչ
ձեռքի
լայն
շարժումներով
կը
փորձէի
բողոքել
տաք
տաք
երեսիս
նետուած
այս
արիւնալի
կասկածանքին
դէմ,
Հրանդ
աճապարանօք
ոտքի
ելաւ
եւ
դէպի
դուռը
քալելով
արագութեամբ…
—
Հո՛ս
է,
հո՛ս,
ամբողջ
մարդկային
բարոյականը
հո՛ս
է,
—
գոչեց
յուռութքը
մատնանշելով
կուրծքին
վրայ:
Ու
անյայտ
եղաւ
մութին
մէջ: