ՏԷՐ
ՊԱՊԱՅԻՆ
ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ
ՏՈԻՆԸ
Տ.
Նիկոդիմոս
X…
թաղին
եկեղեցիին
քահանաներէն
էր:
Հին
րէժիմին
ատենը
հրաշքով
մը
քահանայ
ձեռնադրուած
էր,
առանց
ունենալու
այս
պատուական
ասպարէզին
համար
պահանջուած
յատկութիւնները:
Աշխարհականութեանը
իր
ամբողջ
արժանիքը
եղած
էր
կիրակի
առտուները
եւ
տօնական
օրերը
թաղին
եկեղեցին
շապիկ
հագնիլ
եւ
անձնուիրաբար
երգել:
Ձայնը
բաւական
անուշ
էր:
Թաղին
քանի
մը
ջոջերը,
երբեմն,
գողունի
ու
թաքուն
զուարճութեանց
կը
տանէին
պարոն
Համբարձումը,
որ
գրգռիչ
ու
յայրատ
շարգիներով
անոնց
քէֆը
կը
բերէր:
Ասիկա
շահաբեր
ալ
կ՚ըլլար
իրեն:
Ի
հարկին,
ամենէն
նուաստացուցիչ
վարնոցութեանց
կը
զիջանէր,
բաւական
էր,
որ
դրամ
մտնար
գրպանը:
Արհեստով
գուլպայավաճառ
էր
եւ
չարշին
ծակուլիկ
մը
ունէր
իբրեւ
խանութ:
Եթէ
սոսկ
իր
պարկեշտ
առեւտուրին
շահուն
մէջ
սահմանափակուէր,
գէշ
էր
Համբարձումին
գործը,
մանաւանդ
որ
օր
մը,
սատանային
անսալով,
աղքատ
աղջկան
մը
հետ
ալ
կարգուէր
էր,
որ
իրեն
պարգեւած
էր,
առանց
աչք
բանալ
տալու,
իրարու
վրայ
երեք
հատ
լաճեր:
Գուլպայի
առեւտուրով
այս
բազմանդամ
ընտանիքը
թշուառութեան
միայն
պիտի
վիճակուէր,
եթէ
Համբարձում,
տգէտ,
գռեհիկ,
բայց
ճկուն
մարդ,
թաղին
քանի
մը
ջոջերուն
մօտ
հացկատակութեան
ճամբայ
մը
բռնած
չըլլար:
Ջոջական
կերուխումի
մը
տաք
մէկ
վայրկեանին
էր
ահա,
որ
աղային
մէկը,
որ
տեղւոյն
Թաղական
Խորհուրդին
ալ
անդամ
էր,
Համբարձումին,
իբրեւ
բարձր
վարձատրութիւն,
խոստացած
էր
զինքը
քահանայ
ձեռնադրել
տալ
Ս.
Սարգիս
եկեղեցիին
վրայ:
Արդէն,
գուլպայավաճառին
գանկին
մէջ
շատոնց
ի
վեր
քահանայութեան
այս
գործը
բոյն
դրած՝
երթալով
կարեւոր
համեմատութիւններ
կը
ստանար
եւ
կը
լեցնէր
իր
ամբողջ
կեանքը,
գիշեր-ցորեկ:
Երազին
մէջ
ինքզինքը
քահանայ
կը
տեսնար
պատարագուորի
հանդերձանքով,
խորանին
առջեւ:
Այս
նպատակով,
քծինքը
ավելցուցած
իր
շողոքորդական
նկարագրին
մեծ
զարկ
տուած
էր:
Ժամուն
հետ
իր
կապը
սկսած
էր
սերտացնել,
ոչինչ
մարդիկներու
կռնակը
կը
ծեծէր,
ժամկոչներուն
խուցը
կը
մտնար,
իրիկունը,
շուկայէն
դարձին
եւ
անոց
հետ
խօսքի
կը
բռնուէր:
Ամենէն
աղքատ
մեռելին
իսկ
իբրեւ
տիրացու
կ՚ընկերանար`
առանց
դրամի,
պարզապէս
համակրութիւն
շահելու
համար:
Եկեղեցական
երգեցողութեանց
միջոցին
ձայնին
ելեւէջներուն
աւելի
քաղցր,
թրթռուն
եւ
տրտմալի
երանգներ
կուտար,
որպէս
զի
թաղին
հաւատացեալներուն
սրտին
եւ
զգացումներուն
տիրէր:
Երեկոյթներու
մէջ,
առտուան
դէմ,
երբ
հանդիսականները
պարէ
ու
ըմպելիքէ
յափրացած
կ՚իյնային
յոգնաբեկ,
չօրապճի
Համբիկը
եկեղեցական
սրտաճմլիկ
եղանակներով
մինչեւ
իսկ
անոնցմէ
շատերը
կը
լացնէր:
Ասոնց
նման
դիւրին,
ռամիկ
ու
առինքնող
միջոցներով
թաղին
մէջ
յաջողած
էր
ժողովրդականութիւն
շահիլ
եւ
երբոր
տեղւոյն
քահանայական
դասուն
մէջ
մահուան
բացած
խրամատները
գոցելու
համար
նոր
տէրտէրի
պէտքը
զգացուած
էր,
անմիջապէս
մատնանշուած
էր
չօրապճի
Համբիկը:
Մանաւանդ,
ինչպէս
ըսինք,
ջոջերն
ալ
համամիտ
էին
այս
ձեռնադրութեան:
Եւ
օրին
մէկը
չօրապճի
Համբիկ`
Տէր
Նիկոդիմոս
եղած՝
դասին
մէջ
կայնէր
էր,
միւս
տէրպապաներուն
կարգը:
Ա՛լ
անգամ
մը
նետուած
այղ
նուիրական
ու
բեղմնաւոր
ասպարէզին
մէջ,
նախկին
չօրապճին
յարդի
տակէ,
շնորհիւ
աչք
խաբող
կեղծաւորութեան
եւ
շողոմարարութեան,
սոսկալի
շահատակութիւններ
գործեր
էր:
Իր
նշանաբանը
ընտրած
էր,
փոխանակ
աւետարանի
բարձր
վարդապետութեանց,
դրամը,
մամոնան,
որուն
կ՚երկրպագէր
իբրեւ
գերագոյն
արարիչը
ամենայնի:
Քիչ
ատենուան
մէջ
ահագին
թիւով
ծուխ
հաւաքած
էր,
մեռած
քահանաներու
ժառանգութիւնները
յափշտակելով
եւ
նոյնիսկ
ողջ
քահանաներու
յաճախորդները
կորզելով,
առանց
աղմուկի,
ճարպիկ
քսակահատի
մը
պէս,
որ
գրպանէդ
ժամացոյցդ
կ՚առնէ
առանց
քեզ
անհանգիստ
ընելու:
Րէժիմը
բռնապետական
ըլլալով,
Տ.
Նիկոդիմոսի
կերպասէն
շինուած
մարդիկ
մեծամեծ
յաջողութեանց
սահմանուած
էին:
Շատ
ձայն
կարելի
չէր
հանել
անոր
անարժան
եւ
անվայել
արարքներուն
դէմ,
վասնզի
իր
յարաբերութիւնները
մասնաւորապէս
սիրալիր
էին
թաղին
ոստիկանապետին
հետ,
որ
շատ
կը
յարգէր
այս
ողնաթեք
քահանան,
որուն
թէմէննաները
գետնէն
կը
սկսէին
միշտ:
Քահանայանալէն
ետքը
ջոջերուն
հետ
ա՛լ
աւելի
մտերմացած
էր
ու
զանոնք
բոլորն
ալ
իր
ափին
մէջ
առած:
Ո՞ւր
էր
երբեմնի
այն
խոնարհ
չօրապճի
Համբիկը:
«Տէր
Հայր»
կ՚ըսէին
հիմակ
ակնածանքով,
եւ
թաղին
խաթունները
փողոցին
մէջ
անոր
ձեռքը
կը
պագնէին:
Հինգ
տարի
չանցած,
Տ.
Նիկոդիմոս
առաջին
տունը
տնկած
էր
Բերա:
Երեք
տարի
յետոյ
տուն
մըն
ալ
Մագրիգիւղ
առած
էր:
—
Օրհնա՛ծ,
—
կ՚ըսէր
իր
շատ
մտերիմ
ծուխերուն,
—
տուն
շինելուն
պէս
անուշ
բան
չիկայ
եղեր:
Երէցկինը,
իր
էրկանը
եկեղեցւոյ
պաշտօնեայ
կարգուելէն
յետոյ,
երկու
զաւակ
եւս
պարգեւած
էր
անոր:
—
Կնի՛կ,
—
ըսած
էր
տէր
պապան,
—
ալ
կ՚օգտէ,
հինգ
հատը
կ՚օգտէ,
ճիտիս
պարտքը
ըլլայ
ամէնուն
համար
ալ
մէյմէկ
տուն
տնկել…
ամա
էւէլին
չեմ
խառնուիր…
չէ՛,
չըլլար,
կ՚օգտէ…
Հնազանդ
երէցկինը
կափարիչը
փակած
էր
եւ
ա՛լ
վեցերորդ
արարած
մը`
վեցերորդ
տան
մը
բեռը,
չէր
եկած
ծանրացնել
մեր
Տէր
Նիկոդիմոսին
ուսերուն
վրայ:
Իր
խոստման
հաւատարիմ,
քահանան
չորս
հատ
իրարմէ
աղուոր
տուներու
տիրացած
էր
Պոլսոյ
լաւագոյն
թաղերուն
մէջ
ու
ասիկա
սանկ
հազիւ
տասնհինգ
տարուան
շրջանի
մը
մէջ,
երբ
յանկարծ
օրին
մէկը
բռնապետութիւնը
տապալած
եւ
սահմանադրութիւնը
անոր
յաջորդած
էր:
Անկարելի
է
նկարագրել
այն
շուարումը
եւ
խռովքը,
որոնց
մատնուած
էր
Տէր
Նիկոդիմոս
առաջ
եկած
այս
անակնկալ
տակնուվրայութեան
առջեւ:
Եթէ
տարի
մըն
ալ
նախկին
րէժիմը
շարունակուէր,
ապահովապէս
հինգերորդ
տունը
տնկած
էր:
Բայց
ահա
ազատութիւնը
կուգար
այդ
տան
հիմունքը
քանդել
կործանել,
մէկէն
ի
մէկ
խանգարելով
աղբիւրները
այն
ապօրէն
եւ
շիլ
շահերուն,
որոնց
գաղտնիքին
թափանցած
էր:
Սաստկաւոր
քամի
մը
ամէն
բան
աւլած
տարած
էր,
հին
մենծ
աղաները,
տիրապետ
ջոջերը
սասանեցուցած
եւ
ծակամուտ
ըրած
էր:
Յեղաշրջում
մը,
որ
այսչափ
միայն
կրնայ
ըլլալ:
—
Կնի՛կ,
—
ըսած
էր
Տէր
Նիկոդիմոս
իր
երէցկնոջը,
մորուքը
աճըռելէն,
կարծեմ
մեր
հինգերորդ
տունը
օդը
ելաւ…
Այս
սահմանադրութիւնը
ո՞ր
դժոխքին
ծակէն
դուրս
ելաւ:
—
Աստուած
ողորմած
է,
—
պատասխանած
էր
երէցկինը
բարեպաշտօրէն:
Բայց
մեր
տէրպապան
անանկ
շուտ
մը
յուսահատող
մարդ
չէր:
Իր
ընդածին
ճկնութիւնը
գուցէ
նոր
րէժիմին
տակ
ալ
յաջողէր:
Առանց
ժամանակ
կորսնցնելու
մարդը
ժողվեց
ինքզինքը,
կացութիւնը
զննեց,
կշռեց
եւ
եզրակացուց:
Եւ
Օսմ[անեան]
սահմանադրութիւնը
ողջունող
հանրային,
ժողովրդային
խանդավառութեան
հոսանքին
մէջ
նետուեցաւ
գլխիվայր,
խառնուեցաւ
ժողովրդին,
ձայնակցեցաւ
անոր
եւ
ճառեր
իսկ
ըսաւ,
ծափեր
եւ
կեցցէներ
խլելով:
Ո՞ւր
էր
հին
րէժիմի
Տէր
Նիկոդիմոսը,
ոտից
ցգլուխ
ազատական
եղած
էր,
կարմիր
ու
կաս-կարմիր
տեսակէն,
բռնապետութեան
դէմ
որոտաց
ամեհի
ծառացումով,
ազատութեան
արշալոյսը
օրհնեց
սրտայոյզ
եւ
ցնցող
օրհնաբանութիւններով:
Քահանային
վրայ
կատարուած
այս
փոփոխութիւնը
ոչ
ոք
նշմարեց
ընդհանուր
խառնաշփոթութեան
մէջ:
Բռնապետութեան
նահատակի
ժեսթեր
ալ
ունեցաւ
ու
այդ
րէժիմին
երեսէն
իր
կրած
վնասներուն
ցաւը
լացաւ
անանկ
անկեղծ
ձեւով
մը,
որ
ոչ
ոք
կրցաւ
կասկածիլ
հակառակի
մասին:
Հեռատես
տէրպապան
դիտեց
նոյնպէս,
որ
յուլիս
10ի
յաջորդ
օրերուն
Պոլսոյ
հայ
ժողովուրդը,
ամէն
դասակարգով`
աղքատ,
հարուստ,
ջոջ,
մենծաղա,
եթէ
թունդ
յեղափոխական
ալ
չէր
կտրած,
ծայրայեղ
կերպով
յափշտակուած
էր
յեղափոխականութեամբ
եւ
յեղափոխականներով:
Հասարակութիւնը
այդ
հոսանքով
ելեքտրականացած
էր:
Ուրիշ
ճար
չիկար,
ուրեմն,
պարտաւոր
էր
ինքն
ալ
յարիլ
այդ
հոսանքին,
հակառակ
իր
մէջը
անոր
դէմ
սնուցած
խուլ
ատելութեանը,
հետեւապէս
հանդիպած
տեղը
սկսաւ
գովեստը
հիւսել
հայ
յեղափոխականութեան
եւ
անոր
ներկայացուցիչներուն,
«որոնց
կը
պարտինք,
—
հռչակեց,
—
մեր
վայելած
այս
ազատութիւնը»:
Կապեր
հաստատեց
անոնցմէ
կարեւորներուն
հետ,
որոնք
բնականաբար
անծանօթ
այդ
կրօնաւորին
անցեալ
կեանքին,
համակրեցան
անոր:
Անձնուիրութեան
ցոյցեր
ըրաւ.
մինչեւ
իսկ,
X…
կուսակցութեան
ի
նպաստ
կատարուած
հանգանակութեան
աջակցեցաւ,
ջոջերու
մօտ
իր
վաղեմի
ազդեցութիւնը
դնելով
ի
սպաս
յեղափոխութեան:
Այդ
օրերուն,
երբեմն
կ՚ըսէր
իր
երէցկնոջը.
—
Կնի՛կ,
արդեօք
չե՞մ
կրնար
սա
յեղափոխութիւն
ըսուած
բանին
մէջէն
մեր
հինգերորդ
տունը
դուրս
հանել…
հելէ
աշխատինք
տէ…
—
Աստուած
ողորմած
է,
—
կ՚աւելցնէր
երէցկինը
երկիւղածութեամբ:
Յեղափոխականներ
տարաւ
իր
տունը
ճաշի:
Թաղին
մեծերը,
հարուստները,
այս
տեսնելով,
սկսան
առաջուընէ
ավելի
մեծ
ակնածանք
մը
տածել
Տէր
Հօր
նկատմամբ:
Կրկնապատկեցին
իրենց
նուէրները,
եւ
Տէր
Նիկոդիմոս
այդ
օրերուն,
իր
ձեռք
բերած
նոր
ազդեցութիւնը
շահագործելով,
գրպանը
նշխարքի
առատ
մթերքով
հարուստ
տուներ
այցելեց,
այղ
կլորիկ
խմորները
կլորիկ
դրամներու
վերածելով:
—
Այս
ազատութիւնն
ալ
զարարսըզ
բան
է
եղեր,
կնի՛կ,
—
կ՚ըսէր
իրիկունը
տուն
դարձին,
գրպանէն
օրուան
վաստակը
հանելով…
Ես
չէի
գիտէր,
որ
յեղափոխութիւնը
այսքան
անուշ
բան
է,
եւ
յեղափոխականները
ասանկ
շնորհքով
մարդիկներ
են…
հինգերորդ
տունը…
—
Աստուած
ողորմած
է,
չե՞մ
ըսէր,
—
կը
կրկներ
երէցկինը
յաղթանակով:
Իր
հաճոյակատար
ասպնջականութենէն
քաջալերուած,
յեղափոխական
ընկերները
շատ
անգամ
կը
պատուէին
Տէր
Հօր
սեղանը,
եւ
գրեթէ
շաբաթ
չէր
ըլլար,
որ
յեղափոխական
հաւաքում
մը
տեղի
չունենար
հոն:
—
Դուք
իմ
զաւակներս
էք,
դուք
ազգին
փրկիչներն
էք,
—
կը
կրկնէր
Տէր
Նիկոդիմոս:
Վերջապէս
գործերը
յաջող
կ՚երթային…
եւ
եթէ
այդպէս
շարունակուէին,
տարակոյս
չկայ,
որ
տէրպապային
հինգերորդ
տունը
շուտով
պիտի
կանգնէր:
Բայց
ի՞նչ
բան
կայուն
է
այս
աշխարհիս
մէջ:
Օր
մըն
ալ,
յանկարծ,
քամին
փոխուեցաւ
ու
սկսաւ
աննպաստ
փչել
յեղափոխութեան:
Պոլսահայ
ժողովուրդը,
որ
ամիսներով
տօնեց
հայ
յեղափոխականները,
մէկէնիմէկ
անոնց
դէմ
դարձաւ:
Տէր
Նիկոդիմոս,
այս
տարօրինակ
երեւոյթին
առջեւ,
քիթը
բերանը
ծռմռկեց:
Յառաջ
եկած
հակառակ
շարժման
ազդեցութիւնը
իսկոյն
զգաց
իր
մորթին
վրայ,
իր
գրպանին
մէջ:
Յուլիս
10էն
ասդին,
ինքն
ալ
յեղ[ափոխական]
քահանայ
մը
ճանչցուած,
բնականաբար
յեղ.
կուսակցութեանց
դէմ
մէկենիմէկ
բարձրացած
ատելութեան
եւ
հակառակութեան
հոսանքին
ինքն
ալ
կ՚ենթարկուէր…
Զուլո՜ւմ:
Եւ
տէրտէրը
զայրոյթով
տեսաւ,
որ
այդ
հոսանքը
օրավուր
կ՚աճեր,
կը
լայննար,
կը
ծովանա՜ր…
Յեղափոխականները,
առաջուան
պէս,
իր
տունը
կուգային
կ՚երթային,
ու
ասիկայ
բոլոր
աշխարհք
կը
տեսնար…
Դէմքերու
վրայ
կը
կարդար
իր
դէմ
սկսուած
հակառակութիւնը:
—
Կնի՛կ,
աս
ի՛նչ
զուլում
է,
—
կը
կանչէր
եկեղեցիի
պաշտօնեան
իր
երէցկնոջ,
–
տուներնիս
հի՛մա
կործանուեցաւ…
լմնցանք…:
Գործերը
երթալով
գէշ
հանգամանք
մը
առին,
ամէն
մարդ
սկսաւ
երես
դարձնել
յեղափոխական
տէրպապային.
ո՞ւր
էին
այն
ջոջերը,
որ
կ՚ակնածէին
իրմէ.
քիչ
քիչ
բարեւնին
անգամ
սկսան
կտրել:
Յայտնի
բան
էր,
որ
յեղափոխականներու
հետ
տեսակցիլը
յանցանք
մը
կը
նկատուէր:
Ու
ասկէց,
բնականաբար,
ահռելի
կերպով
տուժեց:
Սկսան
ո՛չ
կնունքի
կանչել
զինքը,
ո՛չ
մեռելի,
ո՛չ
հարսանիքի:
—
Կնիկ,
կը
լմնա՜նք
կոր,
—
կը
խորդար
Տէր
Նիկոդիմոս
մարմրելէն,
հեւալէն,
քֆրելէն,
վազ
անցանք
հինգերորդ
տունէն,
մէկալ
չորս
տուներն
ալ
ծառուընուս
չերթան…
Երէցկինը,
ինքն
ալ
սաստիկ
խռոված,
ա՛լ
դադրեցուցած
էր
«Աստուած
ողորմած
է»ի
իր
հանկերգը:
Ու
յեղափոխականները,
բոլորովին
անտեղեակ
այն
յեղափոխութեան,
որ
կը
փոթորկէր
տէրտէրին
ներսը,
կը
շարունակէին
երթալ
ու
գալ
անոր
տունը,
միշտ
պատուելով
անոր
սեղանը,
որ
սկսած
էր
քիչ
քիչ
նիհարնալ
սակայն:
Տէր
պապա՛ն
ալ
կը
նիհարնար:
Ի՞նչ
փորձանք:
Իրիկուն
մը,
ուշ
ժամանակ,
տուն
դարձաւ,
դեփ
դեղին
կտրած:
Փակեղը
նետեց
բազմոցին
մէկ
անկիւնը
եւ
երէցկնոջը
վրայ
վազելով.
—
Կնի՛կ,
—
պոռաց,
—
ա՛ն
յեղափոխական
ըսուած
սիւրդիւկները
մէյ
մըն
ալ
հոս
ոտք
կոխեն
նէ,
վռնտէ՜,
կը
հասկնա՞ս,
վռնտե՜՜՜…
Տուներնի՛ս
պիտի
կործանեն…