Կեանքին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՒՆԻԿԷ

Յուլիսի առաջին օրերէն Եւնիկէ մօր հետ ծով մտնել սկսաւ, բժշկին պատուէրին համեմատ: Եւնիկէ անանկ աղջիկ մըն էր, որուն համար ոմանք գեղեցիկ է կ՚ըսէին, իսկ ուրիշներ անշնորհք կը գտնէին զինքը: Առաջին գնահատումը կը բխէր փափկաճաշակ երիտասարդներէ, իսկ երկրորդը՝ մանկամարդ աղջիկներէ: Իր կաթի պէս ճերմակ դէմքին հոծ միսին մէջ լողացող կապոյտ աչուըները, խրոխտ ու արհամարհոտ նայուածքով լեցուն, սարսուռ կ՚ազդէին զինքը դիտողին: Հասակը երկար, բարեձեւ, հրապուրիչ ճկունութիւններով: Ձայնը` բիւրեղի հնչիւնով, թափանցիկ:

Մայր ու աղջիկ, առտու իրիկուն, ձեռուընին մէյմէկ ծրար, գետեզրը կ՚իջնային, նաւակ կը նստէին փոքր փլփլկած նաւամատոյցէն եւ դիմացի կղզեկին վրայի բաղնիքը կ՚երթային: Երկու ծերուկ նաւավարներ փոխն ի փոխը հանդիպակաց եզերքը կը փոխադրէին բաղնիք մտնողները. օրուան մնացեալ մասը կ՚անցընէին գետափնեայ սրճարանը, նաւակներնին կապած խարխուլ նաւամատոյցին մէկ ձողին: Մէկը կար սակայն, որ հոն կապուած կը մնար շարունակ, Սամիկ աղբարը: Կարճուկ մարդ մըն էր, շատ կարճուկ, երկար սրունքներով եւ թեւերով, որոնց մէջ իր պատառ մը տձեւ խորդուբորտ իրանը գորտի մը մարմինը կը յիշեցնէր: Ոչ երիտասարդ ըլլալը յայտնի էր, ոչ ծեր. մազերը անորոշ գոյն մը ունէին, երեսը արեւէն էրած թխացած, աչքերուն անհանգիստ փայլը շեշտելով: Իր ամբողջութիւնը, լուռ եւ անթափանց, կրնար երկիւղ պատճառել նախապաշարուած մարդերու` ծովային հրէշ մը կարծուելով: Ամառները միայն երեւան կ՚ելլէր, ինչպէս խլուրդը:

Գարնան, մէկէն ի մէկ զինքը, օրին մէկը, նստած կը գըտնէին նաւամատոյցին վրայ, ձեռքը ակիշաւոր ցուպ մը, իր միակ հարստութիւնը, ու սիրած միակ բանը գուցէ: Այդ փայտին կտորը իր մարմնին մէկ մասն էր կարծես: Ամէն վայրկեան կզկտիկ եղած, ծալլուած ծունկերը կուրծքին վրայ ամփոփ, ճակատը ցուպին հենած, կը մնար արեւին տակ, գետակին յետաշունչ մրմունջին դէմը, անբանի համբերութեամբ:

Սակայն, նաւակ մը մօտենալուն պէս, Սամիկ աղբար կը ցցուէր նաւամատոյցին վրայ եւ ցուպը կ՚երկնցնէր նաւակը բռնելու եւ մէջինները դուրս հանելու համար անվտանգ. ոմանք երբեմն տասնոց մը կը դնէին խեղճին ափը: Երբ ոգեւորութիւնը շատ ըլլար, Սամիկ քիչ մը կը խոշտանգուէր. տղաքները ցուպէն կը քաշէին, եւ ուրիշները կը հրմշտկէին զինքը: Բայց ան համբերութեամբ կը տոկար, երբեմն խուլ մռլտուք մը արձակելով:

Առաջին առտուն, որ Եւնիկէ մօրը հետ նաւակ նստաւ նաւամատոյցէն, կուզիկը տեսնելով` ըսաւ մօրը պժգանքի ծամածռմամբ մը.

Մայրի՛կ, սա տգեղ մարդը նայէ՛, մարդուն սիրտը գէշ կ՚ըլլայ…

Եւ գլուխը անդին դարձուց:

Վերադարձին, մանկամարդ աղջիկը նորէն տեսաւ ցաւագարը, որ խենդի աչուըներով իրեն նայեցաւ: Եւնիկէ սոսկաց, դուրս ցատկեց նաւակէն եւ աղաչեց մօրը, որ մէյ մըն ալ այդ մարդը չբռնէ իրենց նաւակը: Սամիկ, որ լսած էր, աղջկան նայեցաւ ողորմուկ նայուածքով մը, որ սիրտ կը խշխշացնէր:

***

Հովը կը սուրար գետակին վրայ. ալիքները, մանր-մանր արծաթաշող, կը խաղային արեւին տակ, իրարու ետեւէ, անհատնում: Սամիկ իր տեղն է, ցուպին հետ, ականջ տալով քարերուն վրայ փշրուող ալեակներուն մրմունջին: Յանկարծ կը շարժի, կը կենայ: Եւնիկէն ու մայրը երեւցան են հեռուէն. կը մօտենան. կուզիկը, դիւրաշարժ, կեռը կանցընէ նաւակին, ու մայր ու աղջիկ կը հեծնան: Այս անգամ մայրը տասնոց մը կը սպրդեցնէ ցաւագարին ափը:

Մա՛յր, կարժէ՞ որ դրամ տաս այս անպիտան մարդուն, դիտել կուտայ Եւնիկէ:

Մեղք է, աղջի՛կս:

Օ՜ֆ, հապա ջիղերս, որ թունդ կ՚ելլան, երբ այդ մարդը տեսնամ:

Վերադարձին, Սամիկ դեռ այն տեղը կեցած էր արձանի պէս: Երբ դուրս ելան, կուզիկը, ձեռքը կուրծքին, ակնարկը պաշտօնական, մրմռաց.

Օղջ ըլլաք, հանըմնե՛րս:

Իրիկունը, տան մէջ, Եւնիկէ յայտարարեց, որ ա՛լ ծով չուզէր երթալ, վասնզի այդ ծովը փոխանակ իր ջիղերը հանդարտեցնելու, աւելի կը գրգռէր. մայրը, ակամայ, տեղի տուաւ:

Եւ յաջորդ օրը ծով չգացին: Սակայն, չորս օր ետքը Եւնիկէ նորէն փափագ յայտնեց ծով երթալու: Մայրը ասոր ալ համակերպեցաւ: Հոն, նաւամատոյցին վրայ, կուզիկը իր կարթգել սրունքներուն վրայ տնկուեցաւ, եւ արագութեամբ մը, որ իրմէ չէր սպասուէր` կեռը անցուց նաւակի, ու մայր ու աղջիկ անցան:

Այս անգմ Եւնիկէ, վշտալի դէմքով, տասնոց մը դրաւ ցաւագարին ափը:

Ապրիս, մրմնջաց Սամիկ` դրամը ճակտին տանելով:

* * *

Գետեզերքի նաւավարները կը զարմանային, որ ա՛լ հիմակ Սամիկ առջինը չէր. ցորեկները, գործ չեղած ատեն, կ՚երթար մօտակայ սրճարանը, կը խօսակցէր նաւավարներուն հետ, կը խնդար իսկ:

Եւ օրիորդը հիմակ մեծ հաճոյք կը զգար տասնոցը տալով Սամիկին, որ կը համբուրէր զայն ու ճակտին կը տանէր ջերմեռանդութեամբ, «շա՛տ ապրիս» մը նետելով:

Բայց Եւնիկէ օգուտ չէր քաղեր ծովի լոգանքէն. գուցէ այդ նաւամատոյցը կը քանդէր իր մէջ` ինչ որ ջուրը կը շինէր: Միւս կողմէ, բժիշկը կը համառէր ծով ղրկել աղջիկը:

Իրիկուն մը, նաւակ մտած պահուն, երբ տասնոցը կը դնէր կուզիկին ձեռքը, սա արագ շարժումով մը ծռեցաւ եւ իր գարշելի շրթները փակցուց Եւնիկէին սպիտակ գիրուկ ձեռքին. աղջիկը սուր աղաղակ մը արձակեց, զզուանքի, սոսկումի աղաղակ մը, եւ միեւնոյն ժամանակ ուժով մը հրեց կուզիկը, որ գնաց թաւալեցաւ նաւամատոյցին վրայ, ոտքերը օդին մէջ, ցուպը չորս քայլ հեռուն:

Երբ Սամիկը ոտքի ելաւ, նաւակը հեռացած էր արդէն. կուզիկը, անխօսուկ, առաւ ցուպը նորէն եւ կզկտեցաւ, տըրտում տխուր:

Վերադարձին, կուզիկը ա՛լ ոչ տեղէն ելաւ, ո՛չ ալ նայեցաւ մանկամարդ աղջկան:

***

Յաջորդ իրիկուն, երբ մայր ու աղջիկ նաւամատոյց եկան, հոն չէր Սամիկ աղբարը: Նաւավարին հարցուց Եւնիկէ.

Հը՛, ան զաւալլըն, պատասխանեց մարդը, երէկ գիշէր կաղտուկ կացեր է կնիկներուն պաղնիքը մտեր է վլասվելու համար… ետքէն չէ կրցեր դուրս էլլալ… խխդուեր է… աս առտու լէշը կտանք… ազատեցաւ…

Նաւակ չնստաւ Եւնիկէ, բռնեց մօր թեւէն եւ ետ դարձուց զայն, տխրօրէն մրմնջելով.

Մա՛յր, ա՛լ ծով չեմ մտնար. ջիղերս հանդարտեցան: