ՔԱՐԻՆ
ՆՇԱՆԸ
Շագանակագոյն
ծաղկենկար
կերպասներով
պաստառուած
էր
սենեակը,
կոկիկ
ու
մաքուր.
բոլորշի
սեղանին
վրայ
կանանչ
գորգ
մը
փռուած
էր.
լամպար
մը,
լուսամփոփով
հովանաւորուած,
իր
ջինջ
պայծառութիւնը
կը
զեղուր
սենեկին
ստորին
կողմը,
վերին
անկիւնները
մեղմ
մթութեան
մէջ
ձգելով:
Սեղանին
մէկ
կողմը
թիկնաթոռի
մը
վրայ
նստած
էր
քառասուննոց
կին
մը,
գիրուկ,
քաղցր
դիմագծութեամբ,
խարտեաշ
մազերուն
մէջ
ցանցառ
ճերմակ
թելերով,
որոնք
մասնաւոր
հրապոյր
մը
կը
ստանային
լոյսին
մէջ,
արծաթի
պէս
շողալով:
Դիմացը
նստած
էր
էրիկ
մարդ
մը,
հազիւ
քառասունըհինգ
տարու,
հերաթափ
գանգը
մարմարին
յղկութեամբ
փայլուն.
հանդարտ
դիմագծերը
թեթեւ
հեգնութիւն
մը
կը
ցուցնէին,
առանց
վնասելու
իր
բարի
ու
կորովի
արտայայտութեանը:
Սեղանին
ծածկոցին
վրայ
գիրք
մը
բացած`
շարունակ
կը
թղթատէր,
մերթ
գորովալիր
ակնարկ
մը
նետելով
իր
կնոջը
վրայ:
Յանկարծ
սրտնեղութեան
շարժում
մը
ըրաւ,
գիրքը
գոցեց
եւ
խոնջէնքի
հառաչ
մը
արձակելով`
թիկնաթոռին
մէջ
ամբողջ
մարմնովը
բազմեցաւ`
գլուխը
ետեւ
նետած:
—
Սուրբի՜կ,
ա՛լ
կ՚օգտէ
որչափ
բանեցար.
այդչափ
աշխատութիւնը,
մանաւանդ
գիշեր
ատեն,
աչքերուդ
կը
վնասէ…
քիչ
մը
խօսինք:
Կինը,
առանց
ձեռագործը
ձգելու,
վեր
առաւ
գլուխը
եւ
իր
սեւ
խոշոր
աչքերը
ամուսնին
վրայ
յառեց
գգուանքով:
—
Դարձեալ
կրնանք
խօսակցիլ,
—
ըսաւ,
—
իմ
աշխատութիւնս
արգելք
մը
չէ,
մանաւանդ
որ
Յուսեփիկիս
համար
է,
ժամ
առաջ
լմննալու
է…
—
Անուշիկ
Յուսեփիկս,
—
մրմնջեց
ամուսինը
եւ
յարեց,
—
գիտե՞ս,
Սրբուհիցա,
մեր
Յուսեփը
տակաւին
վեց
տարու
չկայ,
քովի
պզտիկ
աղջկան
հետ
ան
ի՜նչ
յարգանքներով
կը
վարուի
կոր.
կարծես
սիրահարութիւն
ընելու
միտք
ունի.
օ՛հ,
հիմիկուան
տղաքնե՜րը…
—
Ասանկ
մի՛
ըսէր,
սիրելիս,
ամէն
ատեն
տղաք
այդ
զգացումները
կ՚ունենան,
բնութենէ,
կազմուածքէ
կախում
ունի…
մարմինին
արագ
աճումը
եւ
զգացումներուն
զարգացումը
այդ
երեւոյթը
առաջ
կը
բերեն.
դուն
մանկութեանդ
ինչպէ՞ս
էիր:
—
Շիտակը
միտքս
չէ,
—
պատասխանեց
ամուսինը`
խորհրդաւոր
քմծիծաղով
մը,
իսկ
դուն
Յուսեփիկ
մը
ունեցա՞ր
պզտիկութեանդ:
Կինը
պահ
մը
ընդհատեց
ձեռագործը
եւ
անանկ
նայուածք
մը
տուաւ
աչքերուն,
որ
յայտնի
էր,
թէ
հին,
շատ
հին
յիշատակներ
միտքը
բերելու
ճիգ
մը
կ՚ընէր:
Յետոյ
ըսաւ,
աչքերը
հրճուանքով
մը
զեղուն.
—
Ես
ունեցայ
իմ
Յուսեփիկս,
երբ
ութը
տարու
էի.
Մենէ
քանի
մը
տուն
վար
կը
նստէին.
ընտանեկան
յարաբերութիւն
չունէինք,
բայց
անոնց
փոքրիկ
տղան,
Օննիկ,
տասը
տասերկու
տարեկան
չարաճճի
մըն
էր:
Ամէն
իրիկուն,
դպրոցէն
դարձին,
մեր
դիմացի
փոքր
մարգագետնին
վրայ
միատեղ
կը
խաղայինք,
քանի
մը
ուրիշ
փոքր
տղոց
հետ:
Օննիկ
մասնաւոր
համակրանք
մը
կը
ցուցունէր
ինծի.
պաշտպանի
հովեր
կ՚առնէր
ու
չէր
թողուր,
որ
միւս
տղաքները
չարչրկեն
զիս.
իր
հովանիի
տակ
առած
էր:
Իսկ
ես,
հակառակ
սիրոյ
այդ
տաք
ցոյցերուն,
թէեւ
հակում
մը
կը
զգայի
անոր
համար,
բայց
ինծի
նեղութիւն
կը
պատճառէին
իր
չարաճճի,
սեւ,
պճլտացող
աչուըները:
Կ՚ուզէի
վզին
փաթթուիլ
եւ
համբուրել,
սակայն
երբ
քովս
մօտենար,
խոյս
կուտայի`
կարծես
ինքզինքս
աւելի
ըղձալի
ընծայելու
համար:
Պիտի
զարմանաս,
որ
ութ
տարու
աղջիկ
մը
ի՛նչպէս
կրնար
այս
նուրբ
զգացումները
զգալ.
իրաւ,
ճշգրիտ
գիտակցութեամբ
չըլլար
ատիկայ,
բայց
բնազդը,
ինչպէս
կենդանիներուն,
նմանապէս
դեռ
բանականութենէ
զուրկ
փոքր
էակներու
վրայ
գրեթէ
նոյն
սաստկութեամբ
կ՚արտայայտուի:
Մեծ
հոգ
կը
տանէի
պչրանք
ցուցնելու
Օննիկին`
անոր
զմայլական
նայուածքները
գրաւելու
համար.
խոտին
վրայ
իրարու
ետեւէ
վազվռտած
ատեննիս,
երբ
թեւերը
բացած
վրաս
հասնէր,
սարսափելի
ճիչեր
կ՚արձակէի.
խեղճ
տղան
սահմռկած
կը
մնար,
չհասկնալով,
թէ`
ինչո՛ւ
այդքան
չկամութեամբ
կը
վարուէի
իրեն
հետ:
Մինչ
կը
խօսէր
տիկին
Սուրբիկ,
ամուսինը
խորին
ուշադրութեամբ
մտիկ
կ՚ընէր,
արմունկը
թիկնաթոռին
յենակին
վրայ
եւ
ծնօտն
ալ
ափին
մէջ:
Հիմակ,
կինը
կը
շարունակէր
ձեռագործը,
քիչ
մը
աւելի
տենդոտ
արագութեամբ,
այս
հեռաւոր
անուշ
յիշատակին
վերաբերումէն
յուզուած:
«…
Երբեմն
Յուսեփիկիս
վրայ
նայած
ատենս
միտքս
կ՚իյնայ
խեղճ
Օննիկը.
ո՛հ,
կարծես
ան
է.
նոյն
պճլտացող
աչքերը,
նոյն
չարաճճի
շարժումները:
Ու
հիմակ
իրաւամբ
երեսիս
կը
զարնեմ
իմ
բռնած
ընթացքս,
սիրտս
կը
ցաւի
այնքան
չարչարելուս
հէք
Օննիկը:
Շատ
անգամ,
երբ
ձեռքը
դրամ
անցնէր,
անմիջապէս
շաքար
կ՚առնէր
եւ
ինծի
կուտար
ուտելու.
հաճոյքով
կը
դիտէր
իմ
ուտելս.
ու
երբ,
զիս
վերջապէս
շահած
ըլլալու
յոյսով,
ձեռքը
կ՚երկնցնէր
գլուխս
բռնելու
«աղուորիկս»
ըսելով,
ճիչ
մը
կ՚արձակէի
ու
կը
փախչէի.
յայտնի
բան
էր,
որ
այդ
պզտիկ
տղան
կը
տառապէր.
բայց
ինքն
ալ
անշուշտ
չէր
գիտէր
տառապելուն
պատճառը…
Իրիկուն
մը
դարձեալ
դպրոցէն
արձակուելնէս
յետոյ,
մեր
սովորական
զբօսավայրը
գացի.
ու
տեսայ,
որ
միայն
Օննիկը
հոն
էր.
միւս
տղաքները
չէին
եկած.
ուզեցի
ետ
դառնալ`
մինակ
ձգելով
Օննիկը,
բայց
անիկա
ձեռքը
թուղթ
մը
շաքար`
քովս
եկաւ
եւ
ինծի
տուաւ.
ամէն
ժամանակէ
աւելի
կը
վառէին
իր
աչքերը,
զորս
ըղձանքով
վրաս
կը
յառէր,
մինչ
ես
շաքարները
հատիկ
հատիկ
բերանս
նետելով
կ՚ուտէի,
անզգայ
այն
հաճոյքին,
զոր
իրեն
կը
պատճառէի։
Այնչափ
զբաղած
էի
շաքարներովս,
որ
չկրցայ
տեսնել,
թէ
չարաճճին
քովս
մօտեցած
էր
կամաց
կամաց,
ետեւէս
յանկարծ
պրկում
մը
զգացի
վզիս
շուրջը,
ու
թաց,
կրակոտ
շրթներ
այտերուս
փական,
ու,
համբոյրներու
տարափ
մը…
Ի՞նչ
եղայ
այն
վայրկեանին.
պոռալ
ուզեցի,
չկրցայ,
կը
խեղդուէի.
բազուկներս
կը
շարժէի
այդ
սոսկալի
սեղմումէն
ազատելու
համար:
Վերջապէս
ձգեց
զիս
եւ
սկսաւ
փախչիլ.
կատաղութենէս
շարժած`
քար
մը
առի
գետնէն
ու
ետեւէն
վազելով
գլխուն
նետեցի,
Օննիկ
աղեխարշ
ճիչ
մը
արձակեց,
երկու
ձեռքը
գլխուն
տարաւ,
որ
սկսած
էր
արիւնիլ,
իսկ
ես,
ահաբեկ,
խոյս
տուի
ու
ա՛լ
անգամ
մըն
ալ
չգացի
հոն:
Քիչ
յետոյ
մենք
ելանք
այն
գիւղէն
եւ
ուրիշ
տեղ
գացինք…
—
Մինչեւ
հիմակ
ականջիս
մէջն
է
հէք
Օննիկիս
կսկծալի
աղաղակը.
արդեօք
ո՛րքան
անիծեց
զիս,
եւ
սակայն
մանկութեանս
ամենէն
անուշ
յիշատակն
է
աս…»:
Ու
տիկին
Սուրբիկի
թուխ
աչքերը
ամուսնին
դարձան`
տրտմագին
արտայայտութեամբ
մը,
թրջած
կոպերով:
Այն
ատեն
ամուսինը,
դէմքը
երանազեղ
ժպիտով
մը
զուարթացած,
ելաւ
տեղէն,
կնոջ
մօտեցաւ,
գլուխը
ծռեց
անոր
առջեւ
ու
ծոծրակին
մազերը
բանալով`
հարցուց.
—
Կը
ճանչնա՞ս
սա
ճերմակ
նշանը:
Ու
երբ
կինը
նայուածքը
այդ
կէտին
վրայ
սեւեռած
էր
անբացատրելի
ապշութեամբ
մը,
ամուսինը
աւելցուց.
—
Նետած
քարիդ
նշանն
է…