ՎԱՐՁՈԻ
ՏՈԻՆ
—
Ծօ՛,
Մկրտիչ,
միտքս
անանկ
պան
մը
ինկաւ
քի,
էյէր
ըսեմ
նէ,
շատ
քէֆդ
պիտի
գայ…
—
Փարաի՞
պան
է…
—
Հէլպէթ,
անանկ
չըլլայ
նէ,
քեզի
կ՚ըսե՞մ…
հէլպէթ
փարայի
պան
է…
—
Ամա՛ն,
չաբուխ
ըսէ՛,
Սերոբ:
Այս
վերջինը,
որ
արեւահար
դէմքով
քսանհինգ
տարու
երիտասարդ
մըն
էր,
խորամանկ
դէմքով,
չարաճճի
սեւ
աչքերով,
հինումաշ
տաբատով,
գլուխը
առանց
ծոպի
ֆէս
մը,
բուռն
շարժումով
մը
ելաւ
նստաւ
խոտին
վրայ,
ուր
քով
քովի
պառկած
էին
մեծ
ծառի
մը
շուքին
տակ
ու
խորիմաց
երեւոյթ
մը
տալով
իր
դէմքին,
ըսաւ.
—
Սա
տուներնիս
քիրաի
տանք
նէ,
ընտո՞ր
կ՚ըլլայ.
պացէն
փարա
մըն
է,
ամէն
ամիս
կէսուակէս
կ՚ընենք…
քիչէն
քիչ
երեսունական
ղրուշ
չե՞նք
առնէր…
հէ՞,
դո՞ւն
ինչ
կ՚ըսես
ասոր:
Մկրտիչ,
որ
միւսին
եղբայրն
էր
ու
անկէց
հազիւ
երեք
տարու
փոքր,
աւելի
քաջառողջ
եւ
խոշոր
կազմուածքով,
բարեմիտ
դիմագծութեամբ,
միսին
վրայէն
աղտոտ
շապիկ
մը
հագած,
որուն
ճեղքուածքէն
կ՚երեւար
հուժկու
եւ
հզօր
կուրծք
մը,
ինքն
ալ
ելաւ
նստած
տեղէն
ու
պիշ
պիշ
սկսաւ
եղբօրը
երեսը
նայիլ…
դեռ
պատասխան
մը
չտուած`
կ՚ուզեր
իր
ըսելիքը
լաւ
մի
կշռել,
դատել:
—
Աղէկ
կ՚ըսես,
ախպա՛ր,
ամա…
նինէ՞ն
ուր
տանինք:
Ան
զաւալլը
կնիկը
հոգի
մը
ունի`
տունին
վրան
է…
ընտո՞ր
պիտի
զատուի
անկէ…
—
Ան
ո՞վ
մտիկ
կ՚ընէ,
անոր
համար
մենք
ամիսը
վաթսուն
եթմիշ
ղրուշ
խայի՞պ
ընենք.
բէք
չըլլայ
նէ,
թէյզէին
տունը
կը
տանինք…
հոն
ըռահաթ
թող
նստի…
Աստար
ատեն
է
մէջն
է…
ա՛լ
կ՚օգտէ…
—
Էյ,
մե՞նք:
—
Մենք
ասդին
անդին
կ՚անցունենք…
բէք
չըլլայ
նէ,
քսան
ղրուշի
օտա
մը
կը
պռնենք…
չըլլա՞ր…
Մկրտիչ
նորէն
կռնակին
վրայ
փռուեցաւ,
եղբօրը
այս
գաղափարէն
տանջուած…
տուներնին
վարձո՜ւ
տային.
հապա
նինէ՞ն,
որուն
միակ
մխիթարութիւն
մնացած
էր
երեք
սենեակով
այդ
փոքր
տունը,
զոր
ժամանակին
իր
էրկանը
շինել
տուած
էր`
հոգին
բերանը
գալով:
Հէք
պառաւը
այդ
տան
մէջ
մեծցուցած
էր
իր
զաւակները,
իր
թոռները.
զաւակները
մեռած
էին,
էրիկն
ալ
մեռած
էր,
ու
մինակ
երկու
մանչ
թոռները
կային,
զորս
կը
խնամէր
այն
սրտաշարժ
հոգածութեամբը,
զոր
միայն
մամիկները
կրնան
տածել
իրենց
թոռներուն
նկատմամբ:
Պաշտում
մը
ունէր,
—
իր
տունը.
իր
վերջացող
կեանքը
միակ
իդէալ
մը
ունէր,
—
տունը:
Տունը
իր
էութեան
անբաժան
մասը
կը
կազմէր:
Դեռ
իր
կռնակը
կորութիւն
չունէր,
երբ
շինուած
էր
այդ
տունը,
տարիները
եկեր
անցէր
էին,
կուզ
տալով
իր
քամակին,
ուսերը
ծռմռտկելով.
չէին
խնայած
տանն
ալ.
մէկ
կողմը
թեթեւապէս
կքեր,
վար
իջեր
էր.
տախտակները
սեւցեր,
ճաթռտեր
էին,
պատերը
թուլնալով
գճգճուեր
էին.
տունն
ալ
ծերացել
էր,
բայց
պառաւը
չէր
նշմարած
այս
պարագան,
որովհետեւ
իր
տանը
քայքայումը
աստիճանաբար,
համընթաց
կատարուած
էր:
Ինք
կը
կարծէր,
որ
նոբ
նոր
է
դեռ
ան,
շինուած
օրուան
չափ
նոր
եւ
հաստահիմն:
Իր
զառամեալի
մենամոլութեանը
մէջ
տունէն
դուրս
չէր
ելլեր,
վախնալով
որ
վայրկեանի
մը
բացակայութեան
միջոցին
կ՚առնեն
կը
տանին
իր
սիրեցեալ
տունը:
Որչափ
որ
ուժը
կը
ներէր,
կը
սրբէր,
կը
մաքրէր
զանի
անբացատրելի
գուրգուրանքով:
Եւ
հիմակ
իր
թոռները,
գրեթէ
թափառաշրջիկներ,
կը
մտածէին՝
մեծ
ծառի
շուքին
ներքեւ
ու
զովաշունչ
հովին
դէմը,
կը
մտածէին
դուրս
հանել
հէք
պառաւն
ու
վարձու
տալ
տունը:
Իրենք
ալ
կը
զգային
իրենց
այս
որոշումին
աղիտաբեր
ծանրութիւնը
պառաւ
մամիկին
համար.
սրտին
ցաւէն
պիտի
մեռնէր.
ու
իրենք
ալ
առանց
մամիկի
ու
հետեւապէս
անխնամ
պիտի
մնային:
Ի՞նչ
փոյթ.
խնամքին
պակսութիւնը
մեծ
կորուստ
մը
չէր
իրենց
համար,
իսկ
մամիկին
կորուստը,
պառաւ
հեզ,
անուշիկ
մամիկին,
որ
իր
դողդոջ
թեւերուն
մէջ
մեծցուցած
էր
զիրենք,
սիրտ
փոր
հատցնելով,
իր
բերնէն
զրկելով
ու
իրենց
կերցնելով.
է՛հ,
կնոջ
ապրիլը
արդէն
չարչարանք
էր,
իսկ
մահը
փրկութիւն
մը,
ու
քանի
որ
տունէն
դուրս
ելլելուն
պիտի
մեռնէր…
Ոտքի
ելան
երկու
եղբայրները,
թոթուըւեցան,
մտատանջ,
լուռ,
չհամարձակելով
իրարու
նայիլ,
խեղճ
մամիկին
կունտ
ու
կլոր
մարմինը
աչուընուն
առջեւ:
Կը
քալէին
գլխիկոր,
հինցած
ոտնամաննին
քսկռտելով
գետնի
փոշիին
մէջ:
Սերոբ
կը
մռլտար
երբեմն,
սեւ
մտածումները
վանելու
համար.
—
Ամիսը
էռսուն
ղրուշ
մինակ
իմ
բայիս,
կէշ
չէ…
Իսկ
Մկրտիչ,
իր
մեծ
մօրը
ցաւագին
պատկերէն
հալածուած,
կը
մրմռար,
չկարէնալով
յուզումը
զսպել.
—
Զաւալլը
նինէս…
Յանկարծ
կեցան.
երկու
կողմը
պարապ
գետիններով
երկյարկ
ցած
տանը
մը
առջեւ
կը
գտնուէին.
հոն
իրարու
երես
նայեցան,
երկու
յանցաւորներու
պէս,
եւ
Սերոբ
համարձակեցաւ
ըսել.
—
Քիրաի
պիտի
տանք:
—
Հը՛,
—
ըրաւ
Մկրտիչ:
Լսելով
իր
թոռներուն
գալը,
մամիկը
բացեր
էր
տանը
դուռը.
երկու
եղբայրներ
ներս
մտան.
մութը
սկսէր
էր
տիրել,
ու
պառաւը
ծխոտած
կանթեղի
մը
լոյսին
մէջ
նստած
էր
բակին
մէկ
անկիւնը,
ցից
ատամներով
փայտէ
սարուածի
մը
առջեւ
եւ
մետաքս
կը
փաթթէր.
ոստայնաձեւ
փայլուն
թելերուն
ետեւէն
կ՚երեւար
մամիկին
թոմթռկած
երեսը,
ու
նիհար
ձեռքը,
որ
շարունակ
կը
շարժէր
չէհրէն:
—
Բարիրիկո՛ւն,
նինէ՛,
—
ըսին
երկու
եղբայրները,
երկչոտ
ձայնով
մը:
—
Ասծո՛ւ
բարին,
զաւակներս:
Փառք
տիրոջը,
ասօր
ալ
ողջ
առողջ
տուն
եկաք:
Գացին
քովը
նստան:
Ի՞նչպէս
խօսքը
բանալ
պառաւին:
Եթէ
յանկարծ
ցաւին
սաստկութենէն
կաթուածահա՞ր
ըլլար:
Մկրտիչին
գործը
չէր.
արդէն
կ՚անիծէր
Սերոբը`
դրամի
այդ
անդիմադրելի
փորձութեան
զինքը
մատնած
ըլլալուն:
Ուստի
Սերո՛բ
խօսք
առաւ.
—
Նինէ՛,
հալերնիս
կիտես…
գործ
չիկայ…
հոգինիս
պերաննիս
կուգայ
կոր,
մինչեւ
քի
հացի
մը
փարա
կը
ճարենք
կոր
նէ…
մեզի
պէս
տէլիխանլըներ
աստար
փարայով
կ՚ըլլա՞ն.
դուն
մերին
տեղը
ըլլաս
նէ`
ի՛նչ
կ՚ընես…
ասոր
սօ՞նը…
ճար
մը
մտմտալու…
Մենք
մտմտացինք`
կտանք…
ամա
նայինք
դուն
խայիլ
պիտի
ըլլա՞ս…
Մամիկը,
որ
ուշադրութեամբ
մտիկ
ըրած
էր՝
վեր
առաւ
գլուխը,
հետաքրքրուելով
այս
փոքր
ճառէն:
—
Զաւակներս,
ես
ծեզի
համար
ամէն
պանի
խայիլ
կ՚ըլլամ…
ըսէ՛ք
նայիմ`
ի՞նչ
է:
Սերոբ
վարանեցաւ.
եղբօրը
երեսը
նայեցաւ,
հազաց,
կմկմաց,
շուրթերը
շարժեց
եւ
ըսաւ.
—
Նինէ՛,
աս
անանկ
պան
մըն
է
քի,
էյէր
չէ
ըսես,
չըլլար…
տահա
աղէկ
է,
քի
հիմակուընէ`
հա
ըսես…
մենք
մտմտացինք,
քի…
աս
տուներնիս
մեզի
համար
շատ
մենծ
է…
անոր
համար
խելք
ըրինք
քի
էյէր
քիրայի
տանք
նէ,
քիչ
մը
փարայ
կասնի
ծառվընիս…
Մամիկը,
որ
թուշը
ձեռքին
վրայ
դրած
մտիկ
կ՚ընէր,
թօթվըւեցաւ,
աչքերը
մոլեգին
բոցով
մը
վառուեցան
եւ
դողդոջ
ձայնով
մը
պոռաց
իր
թոռներուն
երեսին.
—
Աշխարհք
մէկտի
կայ,
ես
տունէս
չեմ
զատուիր.
հա՛տէ,
պաներնիդ
կացէ՛ք:
Սերոբ
բարկացաւ.
ադ
սոսկալի
յամառ
պառաւը
իրենց
դժբախտութեան
պատճառ
կ՚ըլլար:
—
Էյէր
տուն
խայիլ
չըլլաս
նէ,
մենք
զօռով
քիրաճի
պիտի
պերենք
հոս…
մենք
քեզի
համար
անօթի
ծարաւ
չենք
կրնար
մնալ:
Ու
երկու
եղբայրները,
հաստատամիտ,
առին
քալեցին
տունէն:
Մամիկը
առանձին
մնաց
նորէն,
իր
սարուածին
առջեւ,
մետաքսի
դէզերուն
մէջ,
չեհրէն
ձեռքը,
սառած
դէմքին
վրայ
անսահման
տրտմութեամբ
մը,
զոր
խորշոմներէն
դուրս
կը
ցայտեցնէր
կանթեղին
մթաշող
երերուն
լոյսը:
Ականջին
մէջ
կը
բզզային
թոռանը
վերջին
զարհուրելի
խօսքերը…
«զօռով
քիրաճի
կը
պերենք»…
Այո՛,
միտքը
դրած
էր,
անդրդուելի
պիտի
մնար.
տունէն
դուրս
ելլա՜լ…
բայց
տանը
սեմին
առջեւ
իսկ
գերեզմանին
փոսը
կը
սպասէր
իրեն`
զինքը
կուլ
տալու
համար:
Խելըռած
էին
իր
թոռները,
ետքէն
պիտի
խելօքնային
անշուշտ.
չէ՛,
սուտ
էին,
կատակ
ըրած
էին
իրեն
հետ:
Այս
մասին
ապահովուեցաւ,
սիրտը,
որ
ուռած
էր,
հանգստացաւ:
Բայց
մետաքսը
փաթթելով
հանդերձ,
պառաւը
հիմակ
լալագինօրէն
կը
մռլտար:
—
Տո՜ւնս,
տո՜ւնս,
տո՜ւնս:
***
Ամառուան
հրաշունչ
տաք
մը
կ՚ընէր
արեւը
մամիկին
տունը
իր
կրակէ
հեղեղին
մէջ
ողողած
էր
բոլորովին:
Հէք
պառավը
միսմինակ
էր,
տխուր`
հակառակ
ինքն
իրեն
տուած
մխիթարանքներուն:
Տղաքը
դեռ
երեւցած
չէին
գիշերուընէ
ի
վեր.
ինչո՞ւ
տուն
չէին
դարձած:
Ցերեկուան
մօտ
մէկէն
ի
մէկ
տանը
բաց
դռնէն
ներս
մտան
Մկրտիչ
եւ
Սերոբ`
երկու
ուրիշ
մարդոց
հետ:
Վարձուորներ
էին,
տուն
տեսնալու
էին
եկած:
Մամիկին
երեսն
իսկ
չնայեցան,
երկու
եղբայրները
զանոնք
պտըտցուցին
տունը,
գովեցին
անոր
յատկութիւնները,
բարեմասնութիւնները
բացատրեցին
եւ
վերջապէս
համոզեցին
այդ
մարդիկը,
որ
վարձեն
իրենց
տունը
ամիսը
70
ղրուշի:
Սակարկութիւնը
եղաւ
լմնցաւ,
կը
մնար
տունը
պարպել
ու
մաքրել:
—
Առջեւի
ամսականը
բէշին
կ՚ուզենք,
—
ըսին
երկու
եղբայրները:
—
Շա՛տ
աղէկ:
Չա՛ր
սատանայ.
կարծես
մամիկին
թշնամութիւն
մը
ընելու
դիտումով`
այդ
վարձուորները
ամենէն
ծանր
պայմանները
կ՚ընդունէին:
—
Վաղը
կը
կրուի՞ք,
—
հարցուց
Սերոբ:
—
Չէ՛,
վաղը
ձեր
կարասիները
եւ
սա
պառաւը
հանեցէ՛ք,
մէկալն
օր
մենք
կուգանք:
Պառաւը
դուրս
հանել,
ու
ասիկայ
մամիկը
իր
ականջովը
կը
լսէր
սանդուխին
ստորոտեն,
ուրկէ
սառն
անտարբերութեամբ
մը,
աչքերը
լայնաբաց,
լուռ
ու
մունջ,
կը
դիտէր
այդ
մարդոց
բոլոր
շարժումները
եւ
կը
լսէր
անոնց
խօսքերը,
ի
մասին
այդ
ահաւոր
սակարկութեան:
Վերջապէս
վարձուորներն
ելան
գացին
Սերոբին
ու
Մկրտիչին
հետ,
որոնք
մեկնած
ատեննին
ըսին
իրենց
մամուն.
—
Վաղը
քեզի
թէյզէին
տունը
պիտի
տանինք,
հազըր
եղիր:
Պառաւը
չպատասխանեց.
մինակ
չարաչուք
ժպիտ
մը
անոր
շրթները
կծկեց:
Կէս
գիշերն
անցած
էր.
լուսին
չկար.
ջինջ
մթութիւն
մը
ամէն
կողմ
եւ
հով
մը,
որ
մեղմօրէն
կը
սուլէր
փողոցներուն
մէջ:
Մամիկին
տունը
կ՚այրէր
անձայն,
անշշուկ,
չորս
կողմէն
բոցերով
շրջապատուած:
Խեղճ
պառաւին
տունը
ազատելու
համար
շատ
ուշ
էր
արդէն,
երբ
թաղեցիները
վազեցին
այրող
տան
շուրջը:
Ամէնքն
ալ
մէկ
աղաղակ
մը
արձակեցին
միաբերան.
—
Մամիկը…
Հրդեհին
լուրը
տարածուած
էր,
եւ
հեռաւոր
թաղերէն
կը
վազէին
կուգային,
որոնց
մէջ
նաեւ
Սերոբ
ու
Մկրտիչ,
ափ
ի
բերան
մնացին,
երբ
տեսան
իրենց
տան
բոցավառ
ահարկու
վիճակը:
Տունը,
զոր
առջի
օրը
վարձու
տուած
էին,
կ՚այրէր.
հապա
պառաւ
մամի՞կը:
Գոնէ
զանիկա
ազատէին:
Բայց
անկարելի
էր
ներս
մտնել:
—
Նինէ՛,
նինէ՛…
Իբրեւ
պատասխան
այս
կոչին,
տան
վերնայարկի
մէկ
պատուհանը,
որ
դեռ
բոլորովին
պաշարուած
չէր
բոցերէն,
յանկարծ
բացուեցաւ
եւ
մամիկին
թոմթռկած
դէմքը
երեւցաւ,
ճերմակ
մազերը
գլխուն
վրայ
խռուացած,
բոցերէն
լուսաւոր,
Երկու
թոռները
զայն
տեսնելուն
պէս
սկսան
պոռալ
կանչուըռտել:
—
Նինէ՛,
նինէ՛…
Նինէն
տեսաւ
զանոնք
եւ
իր
մատովը
սպառնագին
շարժումներ
կ՚ընէր
իր
ապերախտ
թոռներուն,
որոնք
զինքը
դուրս
նետել
կ՚ուզէին
իր
սիրական
տունէն:
—
Չէ՛,
թէօպէ,
նինէ՛,
քիրայի
չենք
իտար,
վա՛խ,
նինէ,
վար
նետուէ,
նինէ՛…
Երբ
վերջին
բոցը
եկաւ
իր
ալիքին
մէջ
թաղեց
այն
պատուհանը,
ուր
կեցած
էր
մամիկը,
վրէժխնդիր
պառաւը`
իր
դիւային
աչքերը
բոցերու
մէջ,
կաս-կարմիր,
յառած
իր
թոռներուն
վրայ,
տակաւին
իր
մատովը
կը
սպառնար
անոնց…