Կեանքին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԱՐԻՏԷԶՃԻՆ

Իրիկունները, ժամը տասէն անդին երեւան կ՚ելլէր յանկարծ, իր խռպոտ, ահռելի ձայնին ժխորն զգացնելով, Ղալաթիայի փողոցներէն կատաղի հոսանքի պէս վազող, փրփրացող իրարանցումին մէջէն, բոպիկ, կոշկոռոտ ոտքերն անցուցած իր լայն ծայրակոր եէմէնիները, որոնք հազիւ թէ կիսովին ծածկելով զանոնք, ներբաններուն մորթն ալ կաշիացէր, բրտացեր է ցեխին ու փոշիին մէջ յարատեւ քսկռտումէն:

Իր խոշոր սրունքները կ՚երերային ապայէ փոթուռին մէջ, եւ բուրդէ դեղնագոյն գօտիի մը թոյլ ծալքերը գրեթէ անոր ամբողջ փորը կը ծածկէին: Ամառ ձմեռ նոյն բաճկոնակը կը հագնէր, նոյն կարճուկ սալթան որ թէեւ կրնար իրարու վրայ գալ եւ գոցել անոր կուրծքը, բայց իր կորովի, հուժկու մարմինին ամեհի ճոխութիւնը ամէնուն ցուցնելու խրոխտ դիտումով մը կարծես, քարիտէզճին միշտ բաց կը թողուր իր կուրծքը, մազերու հոծ շաղապատումով մը սեւցած, մթին: Թխագոյն պեխեր վայելուչ ոլորումով կը վերջանային մինչեւ այտերուն կէսը, որոնց մոյնքը միապաղաղ կարմիր էր, արեւակէզ եւ խորշակահար կարմրութիւն մը: Աչուըներն հրացայտ էին, տարօրինապէս ազդեցիկ: Ճամբան իր քալուածքին մէջ արհամարհոտ պերեւեթում մը կը դնէր, զոր առաջին ակնարկով կռիւի հրաւէր մը կը կարծէիր: Փողոցէ մը դուրս կ՚ելլէր մէկէն, ու կը սկսէր իր ձեռքը բռնած չավէլային պարունակութիւնը ծանուցանել մեծ պոռչտուքով.

Քարիտէ՜զ, թազէ՜, թազէ՜:

Ո՜հ, ձեռքի ինչ հիացական ու գրգալի շարժումով կը շոյէր չավէլային մէջ վայելչօրէն շարուած կարմիր միջատները, քարիտէզները, որոնց ամէն մէկը իր հոգիին պէս կը սիրէր, կ՚ըսէր ինք:

Եւ ի՞նչպէս չհաւատալ գորովանքի այդ անհնարին արտայայտութեան, որ անկեղծութեան շեշտով մը դուրս կը թռէր անոր բերնէն:

Իր քարիտէզներուն ամբողջ ցեղագրութիւնը, պատմութիւնը, բարք ու վարքը գոց գիտէր ու բերնուց կ՚ըսէր, այնպիսի ճշմարիտ համոզումով, որ պահ մը դիմացինն ալ հաւատալու փորձութիւն մը կը զգար: Ղալաթիոյ գարեջրատուններն էին իր սովորական վաճառատեղիները եւ որոնց մէջ ալ հանրածանօթ էր «խոշոր ձայնով» քարիտէզճին: Այնքան բուռն էր կարմրուկ միջատներուն վրայ ունեցած սէրը որ, եթէ երբեք մէկը իր գովասանքները ծաղրելու անխոհեմութիւնը ունենար, շատ գէշ վայրկեան մը կ՚անցընէր քարիտէզճիին հետ, որ բնաւ չէր ներէր այդ յանցանքին:

Եւ իրաւցնէ ալ անկարելի էր ախորժագրգիռ սքանչացումով չդիտել փոքրիկ խեցգետիններուն համաչափ, գեղեցիկ այդ դէզը` տափակ լայն չավէլային մէջ փռուած, իրարու քով, հատիկ-հատիկ, ոսկիէ զանգակներու պէս, ակնհաճոյ: Քարիտէզճի Միրիկը ա՛լ հանրածանօթ եղած էր Ղալաթիայի բոլոր գինետուններն ու գարեջրատունները. անոր քարիտէզին նմանը չի կար` թէ՛ համեղ եւ թէ՛ մսոտ ըլլալուն: Միրիկ շատ անգամ կը պատուիրէր իր յաճախորդներուն, որ անխնայ կերպով զատեն քարիտէզները, յարգանքով ստկէն զանոնք, բարակ աղիքները ամենեւին չնետեն, որովհետեւ ուժ կ՚ուտան մարմինին, եւ իբր փաստ իր ըսածներուն` իր հուժկու իրանը կը ցուցնէր, երդում պատառ ընելով, որ ինք առաջ շատ, շա՛տ նիհար էր, ետքէն քարիտէզ ուտելով այդպէս գիրցած, հաստցած էր: Ամէն մարդ հաճոյքով մտիկ կ՚ընէր Միրիկին այս ճոռոմ շատզրուցութիւններուն եւ հաւատալու ալ հովեր կ՚առներ: Բայց իր այս ռամկական հռետորութիւնը վսեմ երանգներ կը ստանար յանկարծ, խռպոտ ձայնին քաղցր ելեւէջ մը խառնելու ճիգ մը կը ցուցնէր, ամփոփուելու, կոկիկ երեւնալու ջանքեր կ՚ընէր, բերանը այնչափ մեծ չէր բանար, ոտուըները քիչ մը աւելի կը հրէր եէմէնիններուն մէջ, մազոտ կուրծքը կ՚ուզէր պարտկել բաճկոնակին տակ, ֆէսն աւելի խնամքով կը զետեղէր գանկին վրայ, երբ ներս մտնէր Պիէռ-Հոլ գարեջրատունէն, ուր իրիկունները, ժամը տասնըմէկէն անդին, սեղաններուն շուրջը կուգային կը շարուէին սովորական յաճախորդները, առջեւնին գարեջուրի մէյ-մէկ գաւաթ։

Օր մը, յաճախորդին մէկը, որ միշտ հաճոյք կը զգար Միրիկին հետ խօսակցելէն, զարմացումով նշմարեց, որ իր ամէն ժամանակ տեսած հին եէմէնիներուն տեղ հիմա նորեր հագած էր անիկա, հեգնական շեշտով մը անմիջապէս հարցուց անոր այս տարօրինակ նորութեան շարժառիթը: Միրիկ, որուն բացարձակ անծանօթ էր ամօթխածութեան զգացումը, յանցանք մը ըրած պահուն բռնուող տղու մը խպնոտ եւ երկչոտ շարժումն ըրաւ, շուրջը նայեցաւ` այդ հարցումին պատասխանը մէկէն գողնալու ակնկալութիւնով, բայց իր աչքը հանդիպեցաւ երկու սեղան անդին երիտասարդի մը քով նստող մանկամարդ աղջկան մը, որ հարցումը լսած ըլլալով ինքն ալ պատասխանին կը սպասէր:

Մէկալները հինցեր էին, ըսաւ մեղմ ու խորունկ հառաչով մը եւ անմիջապէս չավէլան առնելով դուրս ելաւ գարեջրատունէն:

Ա՛լ անկեց ետքը երկու շաբաթի չափ չմտաւ այն գարեջրատունը. միայն, երբ առջեւէն անցնէր, գաղտագողի ակնարկ մը կը նետէր դրան ճեղքէն ներս ու կը փախչէր: Բայց իրիկուն մը, երբ դարձեալ ներս պիտի նայէր, կեցաւ, ձեռքը ճակտին տարաւ, մտածեց, վարանոտ, յետոյ յանկարծ դուռը բացաւ, ներս մտաւ եւ իր սովորութեան համեմատ պտտիլ սկսաւ սեղաններուն առջեւ, մեղմ ձայնով մրմռալով.

Գըրմըզը քարիտէ՜զ:

Նորէն հոն, նոյն սեղանին առջեւ նստած էին երիտասարդն ու մանկամարդ աղջիկը, սեւ մազերով թխագոյն, շնորհալի սեւազգեաց օրիորդ մը, որուն աչուըներուն սեւեռումի տակ անպատճառ սարսուռ մը կը զգար մարդ: Շաբաթը գրեթէ երեք անգամ հոդ կուգային անոնք, երիտասարդն ու աղջիկը. առաջինը միշտ կուգար ու կը սպասէր երկրորդին. ձեռքի սեղմումէ մը ետք իրարու քով կը նստէին եւ փսփսուք մը կը սկսէր իրենց մէջ:

Երբ Միրիկ իր պտոյտը շարունակելով անոնց առջեւ հասաւ, աղջիկը յանկարծ քովինին դառնալով ըսաւ.

Քարիտէզ ա՛ռ:

Միրիկին աչուըները վառեցան, ժպիտ մը եկաւ հաստ շըրթունքներուն վրայ ու մարեցաւ, վեր առաւ չավէլան ու մատներովը խառնելով քարիտէզները, ըսաւ ձայնին մէջ աննշմարելի յուզումով մը.

Քուրիկս, ասանկ քարիտէզ էօմրիդ մէջը կերած չես, համէն հոտէն չես կշտանար, էն աղուորներէն տամ:

Եւ սկսաւ զատել ամենէն խոշորներն ու ամենէն կարմիրները, պնակի մը մէջ լեցուց ու լեցուց, տալու սրտաբուխ աւիւնով մը համակուած, մինչեւ որ պնակին մէջ ալ տեղ չմնաց:

Քանի՞ փարա է, հարցուց երիտասարդը:

Փարա՞, ըսաւ Միրիկ տեսակ մը զարմացումով, չէ՛, աս հեղու փարա չեմ ուզեր, համը նայեցէք, էյէր աղէկ ըլլայ նէ, պաշխա վախիդ փարա տուէք:

Եւ չավէլան առնելով, դուրս ելաւ շտապով, թռուցիկ ակնարկ մը նետելէ ետք աղջկան երեսին, որ թեթեւապէս դեղնած էր հիմակ: Մանկամարդուհին քիչ մը ակներեւ անյագութեամբ մը կերաւ Միրիկին կարմրուկ միջատները, ծծեց անոնց ամէն մէկ հատը, կերաւ, իր ճերմակ մանտրտիկ ակռաներուն տակ ճզմելով քարիտէզներուն նուրբ փեճեկները, այն աստիճան, որ քովը նստող երիտասարդը զարմացումով հարցուց.

Գոհարի՛կ, ես չէի գիտէր, որ այդչափ կը սիրես քարիտէզը:

Օ՜հ, շատ կը սիրեմ, պստիկութեանս հայրս միշտ կը բերէր մեզի:

Երբ երկու գիշեր վերջը Միրիկ ներս մտաւ Պիէռ-Հոլէն, մուգ ֆէս մը կը ծածկէր անոր գլուխը, առջի իւղոտ հին ֆէսին տեղ: Գօտին կորսնցուցած էր իր անհոգ թոյլ կապուածքը, ու տեսակ մը վայելչութիւնով ամփոփուած էր անոր կորովի մէջքին վրայ եւ չավէլան ալ, զոր առաջ անփութօրէն աջ կողմէն ի վար կը կախէր, հիմակ ելած էր անոր խոշոր կաշմբուռն ձեռքին վրայ համբարձիկ: Յաճախորդները խորին զարմանքով կը տեսնէին Միրիկին կրած փոփոխութիւնը քանի մը շաբթուան մէջ, կարծես գերբնական զօրութեան մը ազդեցութեամբը. ա՛լ անանկ կոպիտ շարժումներ, բիրտ շեշտեր, կոշտ խօսքեր չունէր. իր սիրելի քարիտէզներուն վրայ իսկ ա՛լ նոյն գորովագին ակնարկը չէր նետեր, ուզողին կուտար, ափին մէջ լեցնելով միջատները, տրուած ստակը առնելով անտարբեր եւ դուրս ելլելով գարեջրատունէն` տրտմութեամբ մը համակուած կարծես:

Երբ այն գիշեր ներս մտաւ, ուղղակի մանկամարդ աղջկան սեղանին գնաց, ուր խնդալով հարցուց, թէ ինչպէ՞ս գտած էին իր քարիտէզները:

Շատ համով էին, ըսաւ մանկամարդուհին, նորէն տուր:

Միրիկ դարձեալ տուաւ միշտ շռայլօրէն եւ այս անգամ երթալու պահուն սեւեռուն ակնարկ մը նետեց աղջկան վրայ, որ սարսուռ մը ունեցաւ:

Անկէ վերջ խելացի գաղափար մը յղացաւ քարիտէզճին: Այս ստորին դասակարգի մարդը իր անշնորհ մէջքի գօտիով, իր ապայէ հագուստին կոշտ հիւսկէնովը, այս աղջկան բնական վայելչութեան քովիկը անտեղի ու անպատշաճ բան մը կ՚ըլլար. վազեց պատրաստ հանդերձեղէններու խանութ մը գնելու այն նեղ ու գծուծ զգեստներէն մէկը, զորս իր հսկայ ու խրոխտ մարմինը արհամարհած էր միշտ, անոր վրայ ամէն բան պզտիկ, փտտուկ, ողորմելի կ՚երեւար իր աչքին. հիմա բաղդատութիւն կ՚ընէր եւ իր լայն ու դիմացկուն հագուստներուն գերազանցութիւնը կը հասկնար:

Ակամայ, գրեթէ ցաւով կը բաժնուէր անոնցմէ, կ՚ուրանար իր բոլոր անցեալը ու նոր ի նորոյ կը հագուէր, կերպարանափոխ կ՚ըլլար: Հայելիին առջեւ, ուր գնաց կենալու, ինքզինքը չճանչցաւ. ո՞վ էր անոր մէջի երիտասարդը: Վճարեց ու դուրս ելաւ: Թէ՛ յուսահատ էր, թէ՛ ուրախ:

Այսպէս հագուած սգուած, Միրիկ աղէկ մը մաքրեց իր չավէլան, ամենէն խոշոր, ամենէն կարմիր քարիտէզները դրաւ մէջը, ու սիրտ ի տրոփ, խնդալիր ներս մտաւ Պիէռ-Հոլէն, առանց այլեւս իր խոշոր ձայնովը պոռալու. Քարիտէ՜զ:

Գոհարիկ նստած էր երիտասարդին քովը, տրտում երեւոյթով. թաքուն ցաւի մը ճնշումի տակ: Միրիկ, իր քալուածքէն բոլորովին վանելով սովորական կոպիտ ձեւը, շիք երիտասարդի մը ծեքծեքումովը մօտեցաւ անոնց սեղանին եւ վերէն վար գլխով խոնարհութիւն մը ընելէ ետքը, ըսաւ ժպտալով.

Ասանկ քարիտէզ հիչ կերած չէք, օրիո՛րդ:

Եւ սկսաւ պնակին մէջ լեցունել կարմիր միջատները:

Բայց աղջկան դէմքը, ի տես Միրիկին այդ խնամեալ կերպարանքին, մէկէն ի մէկ խոժոռցած, խիստ արտայայտութիւն մըն էր առած: Անհաճոյ յուսախաբումի մը ենթարկուող մարդու մը դառն կսկիծը կ՚երեւէր դէմքին վրայ: Եւ մինչեւ քարիտէզճին կը շարունակէր լեցունել պնակը, մանկամարդ աղջիկը հարցուց.

Ատ լաթերդ ինչո՞ւ փոխեր ես:

Եւ պահ մը վարանելէ յետոյ,

Ա՛լ քարիտէզ չեմ ուտէր, ըսաւ: