Կեանքին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՏԱԿԸ

Մարկոս էֆէնտի Նազարիկեան Է… գիւղին մէջ գրեթէ ամենէն աւելի աչքի զարնող ազգայինն էր: Երեւոյթով ամիրայական, սիրտով մենծ աղա, վարմունքով ամբարտաւան ըլլալու չափ վէս եւ նկարագրով ինքնահաւան: Բայց հակառակ այս ամէն միջակ յատկութիւններուն, գրեթէ աղէկ մարդ մըն էր Մարկոս էֆէնդի, կամ, աւելի ճիշտը, աղէկ մարդու համբաւ հանած էր: Այս տեսակէտով իրեն մեծապէս նպաստած էր իր նիւթական փայլուն վիճակը, հարուստ էր, իր հարստութիւնը` առանց շռայլելու արժեցնող տեսակէն: Կծծի չէր, բայց առատաձեռն ալ չէր: Մէկ քանի անանկ տեղին ու ժամանակին յարմար բարերարութիւններ ըրած էր, որ ատոնք ոչ միայն յաւէտ չէին մոռցուէր, այլ եւ հեղինակին կեանքին շուրջը լուսապսակ մը կը բոլորէին կարծես, ու թաղին մէջ իրեն կուտային, հակառակ ուրիշ նոյն աստիճանին վրայ հարուստներ գտնուելուն, գրեթէ գերակշիռ դիրք մը: Եկեղեցիին ու թաղային խորհրդին մէջ՝ իր տիրապետութիւնը անյարձակելի էր, եւ առանց Մարկոս էֆ. Նազարիկեանի համամտութեանը կամ հաւանութեանը ազգային տեղական իշխանութեան շրջափակին մէջ տերեւ մը իսկ չէր շարժեր: Ասիկա պոլսական տիպարներու այն դասակարգէն էր, որ անցեալ ամիրայական շրջանի սերունդին ու արդի ազատամիտ ու յառաջդիմասէր սերունդին մէջտեղուանքը կը կանգնի, փոխանցութեան տեսակ մը կամուրջի պէս, որ հիմակ քանդուելու, քայքայուելու վրայ է, կարծես աւարտած ըլլալով իր ընկերային անգիտակից, մեքենական, բուսական դերը:

Հետեւապէս, Նազարիկեան էֆ. իր գիտցած ու հասկցած ձեւովը ազգասէր մըն էր: Իր ազգասիրութեան այս ըմբռնումը այնքան նեղ էր սակայն ու մակերեսային, որ եկեղեցիին գաւիթը Ս. Աստուածածնայ պատկերին առջեւ վառող մոմերուն բազմախորշ աշտանակին վիճակը աւելի կարեւորութիւն ունէր իրեն համար, քան թէ ազգային ձախողուած մը, որուն մէջէն ցեղին գոյութեան հարցը ցցուէր:

Թող ամէն մարդ իր պարտքը ինծի պէս խղճմտութեամբ կատարէ, կ՚ըսէր երբեմն ասոր-անոր, կամ ինքզինքին, ազգը էհեա կ՚ըլլայ, էհեա՛:

Առտուները, շուկայ երթալն առաջ, ուր արծաթավաճառութեան ընդարձակ գործ մը կը վարէր, Մարկոս էֆէնտի ժամ կը մտնար, անցած տեղերուն վրայ ամէն բան մանրակրկիտ դիտելով իր շուրջը, մատներովը աղօթարանին դուրսի եւ ներսի որմերը իսկ շօշափելով` անոնց յաւէրժութիւնն ստուգելու համար: Օր չէր ըլլար, որ ժամկոչներուն հետ կռուի չբռնուէր` ամէնաչնչին զանցառութեան մը համար: Եկեղեցին ծուփ ծուփ ծփալու էր: Ա՛ս կը պահանջէր ազգին շահը եւ մանաւանդ Նազարիկեան էֆէնտիին կամքը: Ամէն մարդ այս բացարձակ իշխանութեան առջեւ կը խոնարհէր: Ուրիշ ճար չկար արդէն, որովհետեւ տարիներէ ի վեր եկող գացող բոլոր թաղական խորհուրդներուն մէջէն, չես գիտէր ի՛նչպէս, Նազարիկեան էֆէնտիի պարթեւ հասակը դուրս ցցուած էր, մինչեւ անգամ, երբոր իրեն հակառակամարտ վաղանցիկ հոսանք մը ամէն ճիգ թափած էր, ատեն ատեն, եկեղեցիին շրջափակը այդ մարդուն լուծէն ազատելու համար: Իր շատ մտերիմները երբ հետաքրքրութեամբ իրեն կը հարցնէին, թէ ի՛նչ այդքան յամառօրէն այդ պաշտօնին փաթթուած էր, Մարկոս էֆ. կը պատասխանէր, թէ հայրը մեռած ատենը իր ճիտին պարտք ձգած էր` ոտքը անպակաս ընել եկեղեցիէն եւ զանիկա պայծառացնել: Ատիկա ուխտ մըն էր իրեն համար, եւ ատո՛ր մէջ գլխաւորապէս կը կայանար իր հոգիին յաւիտենական փրկութիւնը: Վարպետ ալ մարդ, ամէն անգամ, որ թաղ. նոր ընտրութեան մը միջոցներուն իրեն դէմ հակառակութիւն մը կռահէր, փայլուն եւ շլացնող մեծագործութեամբ մը` զինուած բազուկները կը ջլատէր եւ իր կողմը կը շահէր զանոնք: Օրինակի համար, մեծ տաճարի խորանին արծաթահիւս վարագոյր մը կը նուիրէր եւ անոր վառ ի վառ շողշողումովը կը խտղըտացնէր թաղեցիին աչուըները, ընտրութենէն շաբաթ մը առաջ:

Ասանկ մարդ մը թաղական չընենք` ո՞վ ընենք, կ՚ըսէր ժողովուրդը իրաւամբ:

Մարկոս էֆէնտի աղէտաւոր թերութիւն մը ունէր սակայն, երբեք իր հոգածութեան շրջանակը չէր տարածէր մինչեւ ազգային վարժարանին սահմանները: Տգէտ ու խաւարամիտ, չէր հաւատար, որ մեր ազգին յառաջադիմութեանը մէջ դպրոցը կարեւոր դեր մը պիտի խաղար: Տղաքը կարդալ-գրել մը սորվին` կ՚օգտէ, կ՚ըսէր, անկէ ետքը, «եա՛ չարչի, եա՛ զենաաթ»: Ահա իր ամբողջ դաւանանքը ազգային դաստիարակութեան վրայ: Այս պատճառով, տարիներէ ի վեր Է… թաղին դպրոցը ողբալի խեղճութեան մը մատնուած էր: Հոգաբարձութիւնը մենծ-աղա թաղականին ձեռքը խաղալիք մըն էր. եւ ամէնամեծ դժուարութեամբ է, որ կրնար անոր ձեռքէն ամսական չնչին պիւտճէն փրցունել` բոլորովին չփակելու համար վարժարանը:

Ժամէն ինչ էւէլնայ նէ, դպրոցին, կը պոռար թիկդատորը հոգաբարձուներուն երեսին:

Բայց ժամէն մեծ բան մը աւելցած չունէր. «եկեղեցիին պայծառութիւնը» կուլ կուտար բոլոր հասոյթները, կալուածական, թէ՛ եկեղեցական. եւ տէրտէր, վարդապետ, տիրացու, լուսարար, ձայնաւոր մեծապէս նպաստաւորուելով այս «եկեղեցամոլ» ռեժիմէն, բնականաբար կ՚ըլլային Նազարիկեան իշխանութեան մէյ մէկ զօրաւոր նեցուկները:

Անպատիժ եւ անդրդուելի, Մարկոս էֆէնտի կը շարունակէր իր այս ազգային բազմարդիւն գործունէութիւնը, որուն սերտիւ կապուած էր, ինչպէս ըսինք, իր հոգիին փրկութիւնը, բան մը, որուն կարեւորութիւնը, տարիներու հոլովման հետ, շեշտուեցաւ իր աչքին եւ ամէնածանր հանգամանք մը առաւ վերջիվերջոյ: Մարդուկը ինքնիրենը այն համոզումը գոյացուց, որ առանց այդ բարեպաշտական ծառայութեանը, դժբախտ պիտի ըլլար իր յաւիտենական կեանքին մէջ եւ դժոխքին բոցերը իր բաժինը պիտի ըլլային:

Բայց եթէ այս էր Մարկոս էֆէնտիի հանրային կեանքը, իր ընտանեկան կեանքը այլապէս չոր ու տափակ էր: Մանչ զաւակ մը ունէր, որ առաջի օրէն իսկ իր մէջ ցոյց տուած էր հօրը հակումներուն բոլորովին հակառակ ձգտումներ: Զարեհ, տասնըվեց տարեկանին, արդէն սկսած էր հեգնութեամբ նայիլ հօրը խաւարամիտ ոգիին ու չափազանց բարեպաշտ ու եկեղեցասէր տրամադրութեանցը վրայ: Ընդհակառակը, իր մէջ կը զգար զարգանալու, նոր ու փրկարար գաղափարներով տոգորուելու ցանկութիւն մը, որուն շուարած էր, թէ ինչ կերպով կարէնար գոհացում տալ, երբ, 96ի դէպքերը հանկարծ վրայ հասած էին, ու Զարեհ, ընդհանուր խառնաշփոթութենէն օգտուելով, ինքզինքը արտասահման նետած էր, առանց եւ ոչ իսկ իր հօրը հաւանութիւնն առնելու:

Այս փախուստը, կամ անհետացումը սաստիկ զայրացուցած էր Մարկոս էֆէնտին, որ քանի մը տարի առաջ արդեն կորսնցուցած ըլլալով իր կինը, իրեն պէս բարեպաշտ ու երկիւղած, իր քով ոչ ոք կ՚ունենար, եթէ ոչ պառաւ, 80-ամեայ մօրաքոյր մը, որ նմանապէս կեանքը ծոմով, մոմով, պահքով ու աղօթքով կ՚անցընէր: Միս մինակ մնացած էր Մարկոս էֆէնտի եւ 96ի դէպքերուն ահեղասաստ փոթորիկին անդորրացումէն յետոյ, նորէն իր սովորական կեանքն սկսած էր ապրիլ, ա՛լ ամբողջովին նուիրուելով եկեղեցիին ու անոր անվերջանալի բարեզարդութեանն ու պայծառութեանը:

Զարեհ` ճարպիկ, աշխոյժ ու խելացի տղայ, յաջողած էր արտասահմանի մէջ որոշ շաւիղ մը գծել իրեն ու չկորսուիլ եւրոպական խօլ ու սանձարձակ կեանքի այն յորձանուտին մէջ, ուր այնքան հայ ծաղկափթիթ եւ յուսալից կեանքեր փչացան: Տասներեք տարի տող մը չգրեց իր հօրը եւ մէկ փարա չուզեց անկէ իր ապրուստին համար: Տոկաց ամէն զրկանքի եւ մտաւորական զարգացմանը հետապնդեց: Վերջին ծայր կը հետաքրքրէին զինքը ընկերային գիտութիւնները եւ Ժնեւի մէջ իր ուսումը կատարելագործեց: Մարդկային խոր դժբախտութեանց հարցերովը յափշտակուած, Զարեհ անշուշտ անկարեկիր չմնաց իր ազգին ցաւերուն եւ եռանդով գործակցեցաւ յեղափոխական մեծ գործին, որուն պատրաստութեան վառարաններէն մէկն ալ ազատ ու ազնիւ Զուիցերիան է:

Ազատութեան քաղցրահունչ շեփորը երբոր հնչեց Արեւելքի մայրաքաղաքին մէջ, Զարեհ, ինչպէս իր յեղափոխական ընկերները, թռաւ եկաւ Պոլիս գործունէութեան նոր, անկոխ, կոյս գետիններու ի խնդիր:

Եւ այդ երջանիկ ու անմոռանալի օրերէն մէկ օր մը, Է… գիւղին թաղական խորհուրդի վաթսնամեայ ատենապետը, շուկան, իր խանութին մէջ, բարձրահասակ երիտասարդ մը կանգնած տեսաւ յանկարծ իր դէմը: Երկար, շէկ մազեր, գլխարկ, սեւ ծփծփուն փողկապ, սրածայր մօրուք: Եւրոպական ամբողջութիւն մը:

Ո՞վ ես, հարցուց Մարկոս էֆէնտի, շուարած նայելով այդ հիւրին:

Զաւակդ, ըսաւ Զարեհ հանդարտ եւ ժպտուն:

Արծաթավաճառը շփոթեցաւ. այդ կերպարանքով զաւակ ինք երբեք երազած չէր: Մանաւանդ որ անոր անհետացումէն ետքը, անկէց ո՛ եւ է լուր չառնելով, շատերու պէս ինքն ալ ենթադրած էր, թէ ջարդի ուրականին մէջ կորած գացած էր իր զաւակը: Լացած էր զայն, բայց մոռցած ալ էր: Ահա հիմակ այդ մոռցուածը իր առջեւ կը տնկուէր յանկարծ: Կասկածեցաւ: Արդեօք խաբեբա՞յ մըն էր, որ իր ժառանգորդը կուզէր ըլլալ: Աւելի ուշադրութեամբ նայեցաւ այդ դէմքին ու անոր անուշ, կապոյտ աչուըներուն ու պարզ ու անկեղծ դիմագծերուն մէջ իսկոյն ճանչցաւ հայրը, որուն իսկական պատկերն էր: Համբուրեց զայն, աչքին մէջ արցունքէ կաթիլով մը: Եւ տունը տարաւ զայն: Թաղին մէջ օրուան նորոյթը Զարեհին վերադարձը եղաւ` ուրիշ շատ մը վերադարձներու մէջ: Զաւկին վերերեւումը բնականաբար որեւէ փոփոխութիւն առաջ չբերաւ Նազարիկեանի կեանքին մէջ: Ան իր գործին նայեցաւ նորէն, ժամուն, բանկալին, խորանին, մոմին, կանթեղին: Իբրեւ հանրային, ընկերային գործիչ, Զարեհ, անշուշտ, իսկոյն սկսաւ հետաքրքրուիլ իր թաղին ազգային, կրթական, կուլտուրական գործերովը: Օր մը յանկարծ դպրոցը այցելեց եւ ի տես անոր ողբալի վիճակին` բուռն կերպով ըմբոստացաւ:

Ո՞վ ասիկա այս վիճակին հասցուցեր է, հարցուց իրազեկներու զայրացմամբ:

Հայրդ, ըսին իրեն` վարանումէ մը յետոյ:

Հա՜յրս…— շշնջաց երիտասարդը` ամօթէն կարմրած եւ ափիբերան: Հայրս… այսուհանդերձ պէտք է այս բոլոր խեղճութիւնները բարեփոխել: Պէտք է քանդել հինը…

Խնդացին շատեր: Զաւակը հօրը դէ՞մ պիտի ելլար:

Զարեհ, անհամբեր հոգի, իսկոյն իր շուրջը ամփոփեց գիւղին երիտասարդութիւնը եւ ցնցող յորդորներով յաջողեցաւ անոր թմրութիւնը փարատել, եռանդ, աշխոյժ, գործունէութեան ոգի ներշնչեց անոր: Թաղը յեղաշրջուեցաւ: Ո՞ւր էր ան նախկին մեռելութիւնը: Լսարան հիմնուեցաւ: Բանախօսութիւններ սկսան կանոնաւորապէս: Ի մէջ այլոց կրթութեան հարցը սեղանին վրայ դրուեցաւ: Այդ միջոցին էր արդէն, որ Պատրիարքարանը հրահանգներ կը ղրկէր ամէն կողմ` թաղային մարմիններու նորոգ ընտրութեանց համար, համաձայն նոր ռեժիմին ոգւոյն: Այս հրահանգը ապշութեամբ լսած էր Մարկոս էֆէնտի եւ դէմքը թթուեցուցած էր, երբ որ իմացած էր, թէ սահմանադրական Թաղական Խորհուրդ մը պիտի ընտրուէր: Իր անկումին հոտը առած էր մարդուկը եւ յետոյ աչքէն չէր վրիպած նոր ու աղմկալից եռուզեռը, որ յանկարծ ծայր տուած էր գիւղին մէջ: Ուրիշ աւելի ծանր բան մըն ալ տեղի ունեցած էր: Իր որդին իրիկուն մը աղաչական, բայց եւ տիրական ալ շեշտով մը ըսած էր իրեն.

Հայրիկ, դուն ա՛լ հանգստանալու պէտք ունիս, քաշուէ՛ ազգային գործերէ, թող քիչ մըն ալ ուրիշները աշխատին…

Ծերունին ծուռ-ծուռ երիտասարդին երեսը նայած ու առած քալած էր:

Աս փորձա՞նքը ուրկէ մէջտեղ ելաւ, կ՚ըսէր:

Քսան տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, թաղային անկաշկանդ, ազատ եւ սահմանադրական ընտրութիւններ տեղի ունեցան: Գլխաւոր շարժիչ, առաջնորդող ուժը եղաւ Զարեհ Նազարիկեան, որ յայտնի կերպով իր հօր վերընտրութեանը դէմ ելաւ, նոյնիսկ այնքան բուռն կերպով, որ նախկին ատենապետին բարեկամներէն շատեր եկան եղելութիւնը ցաւած սրտով պատմեցին իրեն:

Մարկոս էֆէնտի գլուխն երերցուց ու չպատասխանեց: Խուլ փոթորիկ մը կը յորձանար իր հոգիին մէջ:

Եւ ահա ընտրուեցաւ նոր Թաղական Խորհուրդը` ազատական տարրերէ, ընդ որս եւ Զարեհ Նազարիկեան: Որդին հօրը կը յաջորդէր, անոր քսանամեայ բարոյական, ընկերային, կրթական աւերը բառնալու եւ գործուած չարիքը դարմանելու համար:

Մարկոս էֆէնտի 400 ընտրողներէ 10-ին քուէն միայն ստացած էր, ամօթալի ու ջախջախիչ պարտութիւն:

Աֆէրի՛մ, զաւակս, ապրի՛ս, ըսաւ միայն` իր ամբողջ դառնութիւնը արտայայտելու համար:

Ուրիշ բան չըսաւ:

Ոտքը կտրեց ոչ միայն թաղական Խորհրդարանէն, այլ եւ ժամէն, որուն վրայ քառորդ դար շարունակ գուրգուրացած էր:

Ժամանակ մը մտախոհ` շուկայ գնաց եկաւ: Օր մը, կամուրջէն կառք մը նստաւ եւ շիտակ Ազգային Պատրիարքարան գնաց ու պատրիարքին հետ տեսակցիլ ուզեց` յոյժ կարեւոր խնդրի մը համար:

Տեսակցութիւնը կարճ եղաւ:

Մարկոս էֆէնտի Նազարիկեան պաշտօնական թուղթով, գիրով իր ամբողջ հարստութիւնը, անշարժ եւ շարժուն կալուած, իբր 40, 000 ոսկի, կը կտակէր ազգին` յետ մահու, պայմանաւ, որ այս գումարը յատկացուէր «միմիայն Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցիին պայծառութեանը»:

Յաջորդ առտուն, վաղազարթոյց ժամւորներ զարմացմամբ տեսան, որ Է… թաղին նախկին ատենապետը, որ ոտքը ժամէն կտրած էր, նորէն կ՚աղօթէր եկեղեցիին մէջ, ծնրադիր, արտասովոր ջերմեռանդութեամբ մը…