Կեանքին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՁԿՆՈՐՍԻՆ ՍԷՐԸ

Ա.

Առտուները, արեւին ծագելէն առաջ, Կումիկ, ծովերուն վրայ ամառուան տօթերէն եւ ձմեռուան քամիներէն չորցած, կռնծած մորթով քսանհինգ տարու երիտասարդ, նաւակայքին խոնաւ եւ ստուերոտ մթնոլորտը կը շնչէր այն ջերմեռանդութեամբը, զոր հաւատացեալը կ՚ունենայ աղօթատեղիին մէջ, աստուածային պատկերներուն առջեւ: Հոն վերը կը պառկէր, տանիքին թանձր սեւ գերաններուն խաչաձեւումէն կազմուած խցիկ մը, անճանաչ խշտիքի մը վրայ, ողորմելի շնյարկ՝ ուր ան իր խոնջաբեկ անդամները կը փռէր, իբր թէ փետրալից անկողնի մը վրայ ըլլար: Անոր քով, գետինը, վարակի մը ծակը, աշտանակի վերածուած, կիսամաշ մոմ մը կը կրէր, չորս կողմը կոյտ կոյտ հալած եղերով, որոնք մանր պտիկներով վեր կը բարձրանային, հետզհետէ լայնանալով ու տարածուելով: Աթոռակ մը, որուն յարդը տակէն դուրս կը պոռթկար, փոքր արկղ մը, փայտէ կտորուանքներէ յարմարցուած, հայելիի եռանկիւն բեկոր մը` որմախորշի մը մէջ տեղաւորուած, ահա ամբողջ կահ կարասին, որուն մէջ Կումիկ կ՚ապրեցնէր իր դժնդակ չարքաշ ամուրիութիւնը: Արթննալուն պէս, կարճ փոթուռը սրունքներէն վեր քաշելով, վար կը նետուէր, նաւակայքը, ուր կը մակաղէին` գիշերն ի բուն` նաւակներն ու մակոյկները, իրենց տէրերէն որբ, քով քովի, ձողակերտ ցանցերուն վրայ հանգչած, որոնց ներքեւ ջուրը, զսպուած, կը ծեծկուի, կը խլրտայ մթութեան մէջ խոլ հեծիւններով, խորհրդապահօրէն. Կումիկ ատոնց մէջ իրը ունէր, իր մակոյկը, կուպրով ծեփած պարզ ողնափայտ մը, իր կեանքը, իր հոգին: Անոր կրթնած` աչքը նավակայքին բացուածքէն դուրս, դիտելով Ոսկեղջիւրի հայելին, զոր արեւծագի հովերը քիչ ետքը պիտի գան պարուտակել, սիկառը կը քաշէ ուժգին շնչառութեամբ, մազոտ կուրծքը հոլանի, ոտքը բոպիկ, գլուխը ճենճոտ ֆէսով մը: Թնդանօթաձիգ ռազմիկի ճարտարութեամբ մըն է, որ յետոյ ան իսկոյն լանջքի, թեւերու, թեւճակներու շարժմամբ մը կը հրէ մակոյկը, որ կը քալէ, կ՚առաջանայ, կը սուրայ մինչեւ նաւակայքին բերանը, հոն կապիկի պէս վեր կը շուլլուի Կումիկ եւ մակոյկին մէջ կը ցատկէ, թեւճակները անցընելով: Ու կը բացուի…: Իր տարրին վրայ է: Իրիկուան, գեղին նաւամատոյցը, չավէլան դրած, հանրութեան կը կարդայ իր ձուկերուն դրուատիքը, նախշուն եւ հրաւիրող: Երբոր չավէլան պարպուի, շիշ մը օղի գրպանած, մակոյկը կը մտնայ եւ թիակի երկու հարուածներու մէջտեղը, օրհնեալ շիշը բերնին տնկելով, վրանբաց երգի մը մռլտուքներովը նաւակայք կը հասնի, հոն, վեր կ՚առնէ մակոյկը, հացի կտորուանքներ կը թխմէ կոկորդէն վար, փարջ մը ջուր կը խմէ ու խցիկը կ՚ելլայ, որ վայրկեան մը կը լուսաւորի գետնատարած աշտանակէն: Բո՛ւֆ, մոմը կը մարի` նոր եղեր կաթեցնելով չորսդին, եւ Կումիկ կը խորդայ…:

Բ.

Օր մը, Կումիկ, իրիկուան դէմ, իր դրկից ձկնորս Սարգիսին խուցը մանկամարդ աղջիկ մը տեսաւ, որ բոպիկ ոտքերը երկնցուցած` գերանի մը կռթներ էր: Ածուխի պէս սեւ աչուըներ ունէր, թուխ դէմքով, վաւաշոտ շրթունքներով: Երիտասարդ ձկնորսը նայեցաւ անոր, ուշադիր, խորունկ նայուածքով, սրտին ու հոգիին աչուըներովը նայեցաւ: Աղջիկը, անտարբեր, մերկ ոտքովը կատուի մը հետ խաղալու զբաղած, չտեսաւ Կումիկին զննումը:

Առ, աղջիկս, ըսաւ ձկնորս Սերգիսը, ծրար մը երկնցնելով աղջկանը, աման, մօրդ ըսէ չափոուխ վլայ, զերէ չամաշըր չունիմ:

Աղջիկը ծռեցաւ, ձեռքովը փայփայեց կատուն, առաւ ծրարը եւ սանդուխքէն իջաւ գնաց: Կումիկ, ներսիդին բան մը զգալով, զոր մինչեւ այն ատեն չէր զգացած, հարցուց Սարգիսին, թէ ո՞վ էր այդ աղջիկը:

Չամաշըրճի Հոռոփին ախճիկն է… ի՞նչ է ծօ, աչքդ խածա՞ւ…:

Ինչո՜ւս պէտք, ճանըմ, ըսաւ Կումիկ անտարբեր ձեւանալով եւ իր խցիկը ցատքեց, որ ճիշտ քովն էր:

Հետեւեալ օրը, ծովին վրայ, բազմալար կարթը վարած միջոցին, Կումիկ սեւաչուի աղջիկը կը մտածէր, անոր թափթփած մազերը, վաւաշոտ շրթունքը եւ ոտքին մատուըները, որոնք կատուին հետ կը խաղային: Ինքնաբերաբար, մակոյկը վեր քաշելէն յետոյ, նորէն Սերգիսին խուցը ելաւ, փոխանակ իրենին: Աղջիկը հոն չէր: Միւս իրիկունը նորէն ատանկ: Երրորդ գիշերը աղջիկը եկած էր, ծրարը բերելու. գերանին կրթնած, բոպիկ ոտքը մուճակէն դուրս հանելով, նորէն կատուի հետը կը խաղար, անոր բուրդին տաքուկ շոշափումէն կարծես մեղկ հաճոյք մը զգալով: Կումիկ, գունատ եւ մտածկոտ, դուրս ելաւ, իր խոցին դրանը առջեւ կեցաւ: Երբ աղջիկը կ՚երթար, կանչեց.

Սա իմին չամաշըրներս ալ կը վլա՞ք, հարցուց:

Ինչո՞ւ չէ, ըսաւ աղջիկը ու համարձակ մը Կումիկին խուցը մտաւ: Ձկնորսը խոհուն էր: Նստաւ իր անկողնին վրայ եւ աղջիկն ալ հրաւիրեց նստիլ կոտրած աթոռակին վրայ:

Բերուզ, ըսաւ, սուտ եմ, չամաշըր չունիմ… ամա…

Աղջիկը, զարմացած, մանչուն երեսը կը նայէր:

Մի՛ սրդողիր, անուշ քուրիկս, աւելցուց Կումիկ, չամաշըր չունիմ տալու, ամա ուրիշ բան մը ունիմ ըսելու…:

Աղջիկը ոտքի ելաւ, աչքերը բացած:

Ինծի կ՚առնե՞ս, Բերուզ, ըսաւ երիտասարդը պաղատանքով մը ծնրադրելով անոր առջեւ:

Աղջկան նայուածքը մէկէն ի մէկ մեղմացաւ, անուշցաւ, նստաւ նորէն աթոռակին վրայ, երկու ձեռքերովը այտերը բռնած, տղուն նայելով պիշ-պիշ:

Ասկէց կ՚ելլամ, Բերուզ, դուրսը աղուոր օտա մը կ՚առնեմ, կը շարունակէր Կումիկը, քի կարգուինք նէ, ըռահաթ ըլլաս… էկուր չէ մ՚ըսե՛ր, Բերուզ… հոգիդ սիրեմ… չե՛ս խաբուիր:

Կ՚առնեմ, ըսաւ Բերուզ, ոտքի ելլալով…— ամա մէյ մը մօրս հարցունեմ…:

Բէք աղէկ, հարցո՛ւր:

Ոտքի ելան, Կումիկ անձկոտ փողփողումով մը, Բերուզ` իր դէմքի բնական զուարթ արտայայտութիւնովը: Ու բաժնուեցան: Դրանը առջեւ, փիսիկը, որ կը սիրէր այդ աղջիկը, անոր ոտքերուն քսուըռտկեցաւ` կռնակը ուռեցնելով: Բերուզ ծռեցաւ, շոյեց անոր կռնակին բուրդը եւ գիշեր բարի ըսելով, ելաւ գնաց:

Գ.

Իր խշտիքին վրայ, այդ երջանիկ գիշերը, ոսկի երազներ երազեց երիտասարդ ձկնորսը, ծրագիրներ պատրաստեց այդ աղուոր սեւաչուի աղջկան սիրտը բոլորովին շահելու համար, վասն զի անոր ոչ այնքան փութկոտ ձեւերը շատ վստահութիւն չէին ներշնչէր իրեն: Ա՛լ դժոխք կ՚երեւնար իրեն նաւակայքին այդ ծակը, ուր կեանքին ծաղիկը ապրեր էր: Իր ապագայ կեանքին յետին մանրամասնութիւններուն իջաւ, մինչեւ իսկ պզտիկ պզտլիկ, կլորիկ մանչու մը ճվոցը լսել կարծեց Բերուզին գրկին վրայէն: Յոյսերու, սարսուռներու, երանութեանց առաջին գիշե՛րը ապրեցաւ Կումիկ, բայց հետեւեալ առտուն նորէն արեւը չէր ծագած, երբոր փոթուռը սրունքներէն վեր քաշելով, իջաւ նաւակայք եւ մակոյկը լողացնելով, ծով ելաւ: Իր եռանդէն ձուկերը տուժեցին, որոնցմէ մեծ քանակութիւնով բռնեց:

Հա՛յտէ, հա՛յտէ, եկէք, եկէք, նոր մարդ պիտի էւելնայ, կը մրմռար իր մունջ երէներուն, Բերուզս ուտել կ՚ո՛ւզէ, կը հասկնա՞ք կոր…: Եւ ողնափայտին խորը խորակաձուկերուն ոգեսպառ թապլտուքները բոլորովին տարբեր հաճոյք մը կը պարգեւէին հիմա սիրահարուած ձկնորսին: Աղջկան սիրտը բոլորովին գերելու յափշտակութեան մէջ, Կումիկ այդ օրը իր բռնած ձուկերուն լաւագոյններէն մէկ օխայի չափ զատելով, տարաւ իր խուցը պահեց, պնակի մը մէջ: Յետոյ, նաւամատոյցին վրայ, ախորժաբեր հրաւէրներու սաղմոսերգութեան մը ուժովը շուտ մը ծախեց չավէլային պարունակութիւնը եւ օղիին շիշը լեցնելով, մտաւ մակոյկ. ճամբան, մինչեւ նաւակայք, թեւճակի երկու հարվածի մէջտեղ, ըմպեց կենդանատու նեկտարէն, երեւակայութիւնը զինելով, իր պատրաստած առաջին նուէրին ազդեցութեանը վրայ տարապայման խանդավառուած:

Մթնշաղ էր, երբոր նաւակայքէն ներս քշեց մակոյկը: Ընդհանրապէս Բերուզ այդ միջոցներուն կ՚երեւար: Ձկնորսը ոտքը իր խցիկին սանդուխին դրած պահուն, հեռուանց, նաւակայքին խօրէն տեսաւ աղջկան շրջազգեստին ծփանքը: Յուզուած, աճապարեց վեր ելաւ սանդուխէն, անկէց խուցը մտնելու եւ իր սրտին հատորը ընդունելու համար: Խուցիկին դռնէն, սակայն, ակնարկ մը նետելով, աղաղակ մը արձակեց եւ ներս խուժեց: Կատուն չորս թաթերովը ձուկերուն վրայ ինկած, այն ձուկերուն, զորս Կումիկ Բերուզին պիտի մատուցանէր, եւ որոնք, իր մտածումովը, յաղթանակին նուիրագործումը պիտի ըլլային, կատաղի ախորժակով մը կ՚ուտէր: Կումիկ` մոլեգնութեան տագնապի մը ենթակայ` ուժգնօրէն բռնեց կատուին պոչէն եւ անգամ մը դարձնելով օդին մէջ, գետինը զարկաւ: Կենդանին, իր խնճոյքին մէջ այդպէս վայրենօրէն ընդհատուած, վայրկեան մը գետնաթաւալ մնաց` սրտակտուր մլաւիւն մը արձակելով, բայց ձկնորսը, աղէտին առջեւ, աւելի կատղած, նորից բռնեց զայն ետեւի թաթերէն եւ անոր մարմինովը օդին մէջ շրջանակներ գծելէ յետոյ ցնորագին արագութիւնով՝ զարկաւ հաստ գերանի մը: Կատուին գանկը ճեղքուեցաւ, ըղեղը արիւնին խառնուած, չորս կողմը ցայտեց, եւ մարմինը, զոր ալ ձգեց Կումիկ, անշունչ ինկաւ գետինը, բերանը բաց, արիւնաթաթաւ: Այդ նախճիրին առջեւ, ձկնորսը, հանդարտած, սփոփանքի «օ՜խ» մը արձակեց: Եւ պիտի երթար ձուկերը աչքէ անցընելու, երբ ետին դառնալով, Բերուզը տեսաւ, որ խցիկին դուրսը կայնած, սառած աչուըներով կատուին անշունչ դիակը կը դիտէր: Աղջիկը տժգոյն` դռան սեմին վրայ եկաւ:

Դո՞ւն ըրիր ասիկա, Կումիկ, հարցուց դողդոջուն ձայնով մը:

Քեզի համար ձուկ պահէր էի, շունշանորդի հայվանը կ՚ուտէր կոր… վրայ հասայ, իշտէ թո՛ղ նորէն ուտէ նայիմ… փառքը առաւ:

Եւ յետոյ, նորէն ձուկերուն մօտենալով, բռնեց պնակը եւ Բերուզին դարձաւ:

Նա՛, հոգիս, ըսաւ, երկու հատը կերեր է, զարար չունի, վաղը տահա շատ կը պերեմ:

Չուզէ՛ր, պատասխանեց աղջիկը` կատուին ջախջախուած գանկը դիտելով միշտ եւ յանկարծ երիտասարդին դառնալով.

Կումի՛կ, ըսաւ, - մարս խայիլ չըլլար կոր:

Հէ՞, ի՞նչ կ՚ըսես, Բերուզ, ամա՛ն:

Մարս խայիլ չըլլար կոր, կրկնեց աղջիկը ուժգին ու վրիժառու շեշտով մը եւ դուրս ելաւ խցիկէն` վերջին ակնարկ մը նետելով արիւնոտ դիակին վրայ…:

Ու վար իջաւ աճապարանքով, Կումիկ, շանթահարուած, կը պոռար վերէն` պնակը ձեռքը.

Բերո՛ւզ, օտքդ պագնեմ…

Մարըս խայիլ չըլլար կոր, ըսաւ վերջին անգամ մը մանկամարդ աղջիկը եւ նաւակայքին ստուերներուն մէջ անյայտ եղաւ…: