Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԱԶԱՆՔԻ ՎԱՅՐԿԵԱՆՆԵՐ

Պատահմամբ, ամպոտ օր մը եկեղեցին մտայ, պատարագէն մէկ երկու ժամ յետոյ: Տաճարին երկաթէ վանդակը գոց էր: Գաւիթը, առաջին նստարանին վրայ նստայ:

* * *

Եկեղեցին թափուր էր ու լուռ: Տրտում ու խնկաբոյր ստուեր մը Տաճարին խորութիւնները կը պարուրէր:   որին լռութեան մէջ ժամահարին թիքթաքը կը հնչէր դաշն ու միակերպ, ինչպէս առուակի մը մենաւոր, կորսուող անկումը շիթ շիթ, լռիկ հովիտի մը խորութեանց մէջ, կամ ինչպէս տրոփիւնը սրտի մը որ եկած է եկեղեցւոյն սրբազան առանձնութեան մէջ երազելու:

Նստարաններուն կանոնաւոր զուգաշարքը կ’երթար պզտիկնալ եւ աղօտիլ մինչեւ պատկառելի նսեմութիւնը սրբավայրին: Հոն, շքեղ ստուերային վեհութեամբ կը նկարուէր խորանին կանգուն զանգուածը, որուն գմբէթին կաթուղիկեայ, ոսկեզօծ բուրգը վերի աղօտ լուսամուտին հասնելով մեղմակի կը ցոլար, միջնադարեան մտածին հսկայ մարտիկի մը ուրուային սաղաւարտին պէս: Պատկերները, խունկէն, ժամանակէն սեւցած նսեմ խորշերու մէջ կը մնային անշարք ու ամփոփ: Անորոշ բաներ, հեռուն, սրբավայրին մէջ, հանդիսաւոր անշարժութեան մը մէջ ընկղմած էին. կոյսի մը վանական արցունքին պէս վճիտ, թախծագին [բան մը] կը թրթռար խորանին վերեւ, ստուերին մէջ, եւ հոս հոն, մէկ քանի պզտիկ նշոյլներ, վառելու դատապարտուած, մշտական պաշտումներ տխրամած գաղափարներու առջեւ կը ցոլային յոգնած, նիրհուն, ընդհանուր հանգիստին մէջ նուիրական ստուերներուն:

Ջահերը, անհուն կամարին խորերը կորսուած, առանց լոյսի, տարտամ, խոհուն, ինչպէս ճգնաւորներու, սուրբերու յիշատակներ ցիրուցան՝ պարապին մէջ կը կախուէին, անթիւ պրիսմակներու անկենդան ցոլքերով:

Երբեմն, պատուհանէ մը լոյսի լայն ճառագայթ մը, պաղ, մոխրագոյն, ամպոտ երկինքէն խուսափած կիյնար շեղակի մթասքօղ տաճարին մէջ, ջահի մը բիւրեղեայ ցանցին մէջէն մաղուելով որուն կիսալոյս պրիսմակները ծիածանի վճիտ կաթիլներով կը ցայտեցնէր, վարը, փայլեցնելով ու զօրացնելով յանկարծ դեղնակարմիր ջնարակը նստարաններուն որոնց վրայ կը կոտրտէր, եւ փռուելով գորգին վրայ, անոր մութ ծաղիկներն ուժգնութեամբ երփներանգելով:

Դուրսը, աշնան հով մը կ’անցնէր պատուհաններուն խորունկ կամարներուն ետեւէն, ուրկից տրտում երկինքը կերեւնար…:

* * *

Ճառագայթը որ աստիճանաբար նուաղելով, հատնելով, եկեղեցիի մելամաղձութեան մէջ ժայթքող բիւրեղեայ ու ծիածանէ ժպիտը կը թօշնեցնէր առկախ ջահին մէջ, ու գորգին ծաղիկներուն յանկարծական լուսացայտ փթթումը կը թառամեցնէր, թողլով Տաճարին կրօնական ու կարծես մշտնջենաւոր ստուերին գալ վերստին ընդգրկել աղօթակերպ լռութիւնն համատարած, ինչպէս խունկը պարփակեր էր ժամեր առաջ նուագաձեւ լուսաւորութիւնն ընդհանուր, ճառագայթը, որ այս ամփոփման ու վե՛հ ախոնդանոտութեան վայրկեանէն յետոյ, փոփոխակի, կուգար դարձեալ իր քաղցրութիւնն իջեցնել եկեղեցիին խիստ երազանքին մէջ, մոխրագոյն ճառագայթն, անջրպետէն ներս սպրդած, ապաստանիլ ուզելով կարծես եկեղեցիին լռին, սիրալիր ստուերին մէջ, կը թուէր բոլոր մարդկային աճիւններուն ամփոփումը ըլլալ, որ մթին լոյսի թախծագին երանութիւնը զգեցած կուգար իր ապաւէնը, իր հանգստարանը փնտռել Կրօնքին սփոփող խորհուրդին մէջ…:

* * *

Որովհետեւ իրօք, անձայն կամարներու տակ կը զգայի ծածանքը անզօր մարդոց աղօթքի որ տաճարին խորութիւններուն մէջ՝ ստուեր, խորաններուն առջեւ՝ լոյս, ժամահարին մէջ՝ տրոփիւն, պարապութեան մէջ՝ բիւրեղ, եւ ընդհանուր առանձնութեան մէջ լռութիւն եւ ամփոփում էր նաեւ…:

Ու տակաւ, Տաճարին մենութեանը մէջ կորսուած, կը կարծէի թէ այդ երազանքը, մեղքերու տակ տժգունած մարդուն ընկճումի աղերսող ապաշխարանքը՝ կը մարմնանա՛ր Եկեղեցիին խորհրդալի կամարներուն, ստուերամած վեհութեամբ լեցուն խորութեանց հետ. Եկեղեցւոյն ճարտարապետութիւնը, նիւթը կ’ըլլար…:

Եւ Տաճարը, հաստաբեստ, իր ծոցին մէջ ծփուն երազանքով, կազմելով այն ազդեցութիւնը զոր հեռաւոր լեռ մը, օդային գոյնով մը անօսրացած այդ կարծրութիւնը կ’ընէ աչքին վրայ, կը թուէր պատկերն իսկ ըլլալ խօսքին, որ ինքնին այնքա՛ն գաղափարական՝ ամրակուռ նեցուկն է սակայն թշուառին:

Տաճարին մեծ ու խորունկ պատուհաններուն ետեւէն անցնող հովուն ձայնին մէջ, որ, չխռովելով բնաւ սրբավայրին լռութիւնը, անոր չափ քաղցր էր ու վեհաշուք, կը զգայի աներեւոյթ բանի մը ճնշումը հոգւոյս վրայ, ինչպէս պիտի զգայի զայն եթէ բնութեան հոյակապ ու խորին մէկ տեսարանին առջեւ գտնուէի, ճնշում մը այնքա՛ն անհունօրէն ներգործող՝ որքան Եկեղեցւոյ կամարներուն տակ լայն կոչում մը, սաւառնող նուագ մը՝ խառն անրջակապոյտ խունկին հետ…:

 

Դեկտ. 93