ԴԷՊԻ
ԵՓԵՍՈՍ
…Կէս
գիշերը
անցած
է:
Պտուտակին
խոր
թնդիւնը
միայն,
անընդհատ,
ու
ջուրերուն
շշնջիւնը
որ
կը
շրջապատէ
նաւն
ու
կ’ընկերանայ
անոր:
Ճերմակ
հետքը
կը
փաչի
ուղիղ
դէպի
խաւարին
հորիզոնը,
եւ
շոգենաւը,
կայմերը
լուսանշոյլ
երկինքին
մէջ
ամբարձիկ,
կը
սլանայ
կ’երթայ
անդադար:
Վերը
Բոյլքին
ջինջ
ողկոյզն
ելեր
է
արդէն,
եւ
Ցուլին
Աչքը
կը
վառի.
վարը
Որիոնին
գլուխն
ու
Պելլադիքսը
սեւ
մշուշէն
դուրս
կ’ելնեն:
Անդին,
ահա
Պերսէոսը
կը
կայծկլտայ,
Կասիոպէին
ետեւէն
բարձրանալով
Ծիր
Կաթինին
լուսաշաւիղն
ի
վեր.
վարը
Քաբե՛լլան
կը
շողշողայ:
Ահա
Սատուրնոսը,
որ
ոյին
աղօտ
կայծերուն
միջեւ
կեցած
է
խաղաղ
ու
ցրտին:
Հարաւային
կողմը,
սեւաթոյր
ցամաքի
մը
վերեւ
որ
Մարմարան
է,
Ֆոմալհոդը
կը
փայլի,
մենաւոր:
Հիւսիսին
մէջ,
Բեւեռային
Աստղին
տակ
Սայլը
կիսովին
սուզուած
է
Սրբազան
լեռնագօտւոյն
մթին
գոլորշիներուն
ծոցը:
Արեւմտեան
բարձունքին
մէջ
Ծիրին
հետն
ի
վար
Դլփինը,
յետոյ
թեւաբաց
Ալգայիրն,
ու
Կարապը՝
սաւառնաթեւ.
եւ
հրաշագեղ
Վէկան…
որ
քսանապատիկ
քան
մեր
Արեւն
աւելի
լոյս
կը
հեղեղէ
այն
իւրուրոյն
տիեզերքին
որուն
կը
թագաւորէ:
Եւ
որովհետեւ
վաղը
Պերսէականներուն
օրն
է,
Օգոստոս
տասնեւմէկ,
այժմէն
ասուպներ
կ’իյնան
Պերսէոսէն
դէպի
ամենուրեք
ճառագայթելով.
կայծակնարագ
սրացող
թելեր
որ
իսկոյն
կ’անհետին.
մին
Վիշապին
գլխուն
կ’իջնէ.
ուրիշ
մը
Կառավարը
կը
ձաղկէ.
միւսը
կը
մտրակէ
երկնասլաց
Պեգասոսը…:
Եւ
շոգենաւը
կ’երթայ,
կ’երթայ:
Տարօրինա՜կ
բան,
այս
սովորական
երթը:
Աշխարհը
կորսուած
է
անյայտ,
եւ
նշուլազարդ
անբաւութեան
մէջ
ի
լիւղ
նաւը
կ’ուղեւորի,
դէպի
ո՞ւր,
եւ
ուրկէ՞
մեկնած:
Մթին
ու
մեղմաձայն
ծովու
մը
վրայէն
ուրկէ
փայլփլիւններ
կը
խուսափին
դէպի
ետ՝
իր
հետքին
կաթնաթոյր
երիզը
սփռելով
անդունդին
վրայ
եւ
իր
ծուխին
մութ
շղարշը
համաստեղութիւններուն
մէջ
կարծես
անյիշատակ
ատենէ
մը
ի
վեր
եւ
դէպի
անհասանելի
երազային
նաւահանգիստ
մը
կ’երթա՜յ:
Զինքը
տանող
իրերէն
ու
իմացականութիւններէն
բան
մը
չի
տեսնուիր.
մեքենան
իր
վիրապին
մէջ
կը
գործէ
հեւիհեւ,
եւ,
անշուշտ
իր
տեղը
կանգուն,
անխօս,
ճամբան
կը
դիտէ
նաւապետը…:
Բայց
ոչ
ոք
կ’երեւայ:
Մինակը,
խաւարամած
նաւը
կ’երթայ,
իր
քանի
մը
լոյսերով
որ
իր
սեւ
մարմինը
ցոյց
կուտան
մութ
հեռուներուն:
Աւելի
քան
երբեք
կենդանի,
աւելի
քան
երբեք
բանական,
կ’ընթանայ
հսկայաբար
ու
հեզօրէն,
քնացող
մարդոց,
ինքզինքնին
անո՛ր,
անոր
հաւատարիմ
ու
նախախնամական
տրոփին
յանձնած
իսլամներու,
քրիստոնեաներու,
հրէաներու
խշտիքները
ծոցին
մէջ
առած
կ’երթայ:
Մերթ
ընդ
մերթ
հեռուէն
իրեն
պէս
ուրիշ
նաւ
մը
կ’անցնի,
իր
կայծերը
վառած,
գիշերէն
աւելի
սեւ,
անթափանց,
համր,
ու
նուիրական:
Եւ
ծովուն
անեզր
շշնջալի
գիշերին
մէջ
այս
ծանրասահ
անցքերը
կը
թուին
համեստ
ու
գերագոյն
բաներ.
մարդոց,
որ
կը
ննջեն
վստահութեամբ
անձնատո՛ւր
զրահապատ
սպառազէն
Բանականութեան,
այս
գիշերախառն
երթերը
տիեզերքի
անդորր
ու
մեծվայելուչ
իրողութիւններէն
մի՜ն
կը
դառնան:
Այս
անընդհատ
թնդիւնը
նոյնքան
խորին
է
որքան
ծովուն
յարաշարժ
խաղաղասփիւռ
ծփանքը.
կաթնափրփուր
հետքին
այս
խոյսն
այնքան
լուրջ
է
որքան
սպիտակ
թռիչն
երկնային
ասուպներուն
որ
ահաւասիկ
կը
շողան.
այս
թեթեւ
մուխը
որ
աստղալի
գիշերին
մէջ
կը
հեռանայ,
բնական
է
հեռուները
սքօղող
մառախուղին
պէս.
եւ
նաւերուն
չուն
ծովին
աղջամուղջին
վրայ
նոյնչափ
տիեզերակա՜ն
է
որչափ
աստղերուն
անցքը
երկինքին
անհունութենէն:
Ան
որ,
արթուն,
այս
ժամուն
կը
կենայ
նաւուն
լանջին
վրայ,
կը
տեսնէ
քնացող
այս
խեղճ
մարդոց
ու
զիրենք
տանող
նաւուն
հարազատութիւնը
Տիեզերքին
հետ,
եւ
մինակը,
ակնածանքով
կը
սիրէ
զանոնք…
ինչպէս
երկիւղածութեամբ
կը
նայի
խորհրդանշոյլ
Ամենայնին:
Բայց
ահա
Որիոնը
քօղերէն
ելած
է
արդէն
որոց
վրայ
կը
կոխէ
Ռիգելը,
Որսորդին
լուսափայլ
ոտքը:
Եւ
ահաւասիկ
կայծ
մը,
բոց
մը
հորիզոնին
մէջ.
փարոս
մը
չէ,
ոչ
ալ
կայմի
մը
լապտերը.
կը
վառվռի,
կ’երփերփնի,
կը
ճառագայթէ.
եւ
խաւարամած
ծովը
կը
լուսաւորէ
դողդոջուն
աղու
ցոլքերով.
Արուսեակն
է,
տարտամօրէն
ծագող
արշալոյսին
մէջ,
Երկուորեակներուն
գիրկը…:
Մեծաշշունջ
ալիքներ
կ’անցնին,
եւ
աւելի
խոր
սարսուռ
մը
կը
պտըտի
անդունդներուն
մէջ:
Եւ
աւօտը
որուն
Լուսաբերը
կ’առաջնորդէ,
հետզհետէ
աւելի
կը
պայծառանայ…: