ՏՕՐՈՍԷՆ
ԱՆՑՔ
Ա.
ԵԼՔԸ
ԴԷՊԻ
ԿԻՐՃԸ
Անհատականութիւն
եւ
երջանկութիւն.
–
Առաջին
տեսիլներ.
–
Գզըլ-Եօգուշէն
ակնարկ
դէպի
ետ.
–
Նախահարց
նախահարք.
–
Հեղեղատը.
–
Կայք
մը
կրնայ
ժամավաճառութիւն
չըլլալ.
–
Լեռնային
բաները
կը
սկսին.
–
Կիրճը
կը
տեսնուի.
–
Իրիկունն
ի
Մոպսուկրին:
Ստոյգ
էր
վերջապէս
որ
դէպի
Տօրոսը
կ’ելլէինք:
Տօրո՜ս:
Հին,
մանկութեան
գաղափար
մը
դարձեալ.
մին
այն
նախաստաց
եւ
անհատական
էութեան
պատշաճող
գաղափարներէն,
իբրեւ
առաջին
ստացուածք
ալ
սիրելի,
զոր
տղան
սակայն
կը
զետեղէ՝
անմիջապէս
գործանալի
մտապատկերներէն
հեռու,
իր
հասողութեան
հորիզոններուն
մէջ.
գաղափարներ՝
որոնց
իրագործման
չի
բաղձար
դեռ,
որովհետեւ
միտքը
դեռ
բաւական
հարուստ
չէ
կարենալու
համար
գուշակել,
երեւակայել
ի՛նչ
որ
կրնայ
բովանդակուած
ըլլալ
անոնց
մէջ,
եւ
որոնք
իրենց
առաջնութեան
համար՝
յետագայ
տարիքներու
ամենէն
իւրային
մտապատկերները
կ’ըլլան,
եւ
գործացում
ու
կեանք
պահանջող
անդիմադրելի
ձգտումները
կը
կազմեն.
կարծես՝
լայննալով
հեռարձակուելով
իր
նախկին
սահմաններն
անցած
հասողութիւնը,
կամ
իր
միւս
անունով՝
տենչացողութիւնն
այդ
ներքին
տեսիլներուն
մերձեցած
ըլլար
հիմա,
զանոնք
որոշակի
զգար
ու
գնահատէր
մօտէն,
եւ
ուրեմն
իրագործուելու
կարելիութիւն
տար
անոնց:
–
Իսկ,
իմ
մասիս
խօսելով,
եթէ
կեանքիս
մէկ
դիպուածն
էր
որ
այդ
իրագործումն
ըրաւ,
իր
այդ
յաջողութիւնը
կուգար
միշտ
Կիլիկեան
լեռներուն
գաղափարէն
որ
դիպուածն
իրեն
ծառայեցուց:
Հիմա,
ստուգիւ,
իրական
էր
ահա
որ
Տօրոսը
պիտի
թափանցէի:
Կառք
մը,
Տարսոնէն
մեկնած՝
ժամերէ
ի
վեր
արշաւելով
զմեզ
կը
հանէ՜ր
արդէն
դէպի
լեռները:
Երջանկութիւնը
ո՛րքան
դիւրին
է
երբ
մարդ
կը
զգայ
թէ
ինչ
բանի
պարտաւոր
է
բաղձալ:
Եւ,
ո՛հ,
քանի
որ
անհատական
էութեան
պատշաճ
գաղափարներն
են
միայն
որ
սիրով
կ’ընդունուին
տղուն
իմացականութենէն,
եւ
իրենց
հնութեամբն
ու
բազմամեայ
ընտելականութեամբը
մինչեւ
տենչանք
սաստկանալէ
ետքը
զմեզ
կ’երջանկացնեն
երբ
կ’իրագործուին,
ուրեմն
արդեօք
անհատականութիւնը
պայման
մը
չէ՞
երջանկութիւններու:
Առաջին
խայտանքը
սակայն
զգացեր
էի
այն
պահուն
ուր
Լեռնաշղթային
մէկ
դէզը
տեսեր
էինք
ամիսներ
առաջ,
նաւակամուրջին
վրայ
անոր
երեւման
ակնկառոյց
մնալէ
ետքը,
ծովային
մոգական
արեւամուտի
մը
ժամուն,
երբ
շոգենաւը
կը
դիմէր
դէպի
Անամուռի
Հրուանդանը…:
Կիլիկիոյ
առաջին
տեսիլն
էր
այն:
Հորիզոնին
մէկ
պղտոր
լրթութեան
մէջ
չես
գիտեր
ինչպէս
գոյացեր
ուրուագծուեր,
չես
գիտեր
ինչ
հմայքով
ամպակերտուեր
էր
սարերու
այն
կոյտը,
որ
փեռեկտուն
քօղերով
պարածածուկ,
շշնջող
ամայի
ծովու
մը
վերեւ
հուսկ
ուրեմն
որոշապէս
կը
կիսայայտնուէր՝
իր
անտառներուն
մթարներն
ու
ձիւներուն
սպիտակութիւնները
հուժկու
խառնուրդով
մը
սուզած
երկնախառն
անշրջագիծ
ամպերու
արբշռութեան
մը
մէջ:
Անբաւ
առանձնութեան
մը
ծայրը,
եւ
օրուան
վախճանի
մը
պահուն
հիակազմուելով
մերձեցող,
հետզհետէ
սաստկաթոյր
ու
հսկայաձեւ
այն
երկիրը
Կիլիկիան
էր.
ցանկալիօրէն
եւ
ամօթլեաց
վայրենականութեամբ
մը
ծայրաշխարհեայ,
շիջելափառօրէն
տիւերջեայ,
որ
հասնող
գիշերին
մէջ
յամրասահ
արագութեամբ
մը
անցնելով
ու
խաւարելով,
անծանօթէն
ելած՝
կը
դառնար
աղջամուղջին:
Յետոյ,
Տարսոնի
ճամբուն
վրայէն,
կամ
Ատանայի
զանազան
կէտերէն
անթառամ
հիացմամբ
տեսեր
էինք
միշտ
Լեռնաշղթային
այն
երկարաթռիչ
մասը
որ
դէպի
հիւսիս-արեւելք,
դէպի
Հայաստան
կ’ուղղուի,
–
ձիւնապատ
Ալատաղը,
որ
դաշտային
Կիլիկիոյ
եգիպտական
պայծառութեան
մէջէն,
կարծես
կճեայ,
իր
ծալքերուն,
խորքերուն
մէջ
յարընթաց
ու
խառնազգի
պատմութենէն
վեր
մի՛
եւ
անանց,
հեռուն,
կապուտակ
հորիզոնին
մէջ
անարատ
շքեղութեամբ
մը
կը
սաւառնէր,
մինչեւ
Արարատեան
երկիրն
ալեկոծուող
անվերջ
աղօթախոհ
կարօտի
մը
պէս:
Պէտք
էր
երթա՜լ
հոն,
Տօրոսին
ծոցը,
մերձենալու
նախ
իր
առաջքներուն,
քալելու
իր
ելեւէջներուն
մէջ,
իր
ձորերը
թափանցելու,
իր
գահավէժները
քերելու,
մտնելու
սուզուելու
իր
հռչակաւոր
Կիրճին
մէջ…,
իր
կողերն
ելնելու,
դառնալու,
իր
անտառներն
ու
ապառաժներն
ի
վեր
նայած,
իր
մթնոլորտը
շնչած
ատենդ՝
գլխուդ
վերեւն
աջուձախ
իր
անհաս
վեհավայրերուն
մերձաւորութիւնն,
իր
կատարներուն
ներկայութիւնն
զգալու:
Անտառներն
ու
թուփերն
ու
անասուններն
ստեղծող,
ակերն
ու
գետերը
բղխեցնող
ու
քարավազները
ջրվէժող,
ձորերը,
հեղեղատները
պեղող,
մարմանդներն
արեւելող
ու
ծմակները
ստուերածնող,
գահաւանդները
կախող
ու
սեպութիւնները
ցցող,
ժայռերը,
քարերը,
խիճերը
գործող,
լեռներն
յարուցանող
Երկրին,
էից
եւ
իրաց
երփներն
ու
երանգներն
եւ
ոյժն
ու
հոգին
մոգակերտող,
նշոյլներն
ու
փաղփումներն
ու
ճաճանչումները
վառող,
վայրենաղու
ձայներն
ու
շշունջները
խօսեցնող,
ձեւեր,
կերպարաններ,
դիմագծութիւններ
ու
յարմարութիւններ
(adaptation)
կազմող,
դիրքեր,
տեսակէտեր
յօրինող,
ու
հիացակայքեր
ընծայող,
խաւիխաւ
անդրացած
հեռաւորութիւններն
ու
անոնց
անասելի
հրապոյրն
արտադրող,
ձիւներն
ու
մշտնջենի
եղուրջները
շնորհող,
բարձունքներն
եւ
անոնց
ներգործութիւնը,
խորխորատներն
ու
անոնց
ձգողութիւնն
յղացող
բիւրադիմի,
բիւրազօր
Բնութեան
ուխտաւո՜ր
անյագ
եւ
անխոնջ,
պէտք
էր
որ
այն
Լեռներէն
անցնէի.
ու
նոյնպէս՝
տոհմային
կսկծալի
կամ
բերկրալի
յիշատակներու,
աշխարհի
մէկ
վսեմ
անկիւնն
ինքնագլուխ
ամրացած
ու
տիրած
եւ
ստուգիւ
բարգաւաճած՝
բայց
նախանձոտ
ու
վայրագ
յարձակումներու
նշաւակ՝
յաւէտ
սրտատրոփ
ակնդէտ
ազգի
մը
խրոխտապանծ
կամ
դժբախտ
կենաց
հետքերուն,
մշտամրմունջ
վկայարաններուն
պատահիլ
յուսացող
առուղեկան
անցորդ՝
հարկ
էր
որ
անցնէի
Տօրոսէն:
Հրճուանքէ
թրթռուն,
կը
դիտէի
մեր
լեռնական
կառքին
ելքը,
միշտ
դէպի
հիւսիս,
ստորոտներն
ի
վեր
անհուն
լեռնագօտւոյն,
հետզհետէ
հեռանալով
ու
բարձրանալով
լայնատարած
դաշտերէն:
Երկարատեւ
գնացքէ
մը
վերջը
կը
գտնուէինք
կարմրահողուտ
ու
ոլորուն
զառիվերի
մը
վրայ,
-
Գզըլ-Եօգուշը,
մեր
ետին
փռուած
տարածութեան
տիրող,
եւ
ուրկէ
կարելի
էր
միակտուր
տեսողութեամբ
մ’ընդգրկել
Չուգուր-Օվայի՝
անուանի
որադաշտին
արեւմտեան
ու
հարաւային
սկիզբը,
Սարոսի
(Սիհուն)
եւ
Կիւդնոսի
(Թարսուս-Չայ)
կամ
ինչ
որ
նոյն
է՝
Ատանայի
ու
Տարսոնի
միջեւ:
Հորիզոնին
մէջ
դէպի
ծով
անյայտացած,
–
իսկ
աջուձախ՝
Տօրոսի
կողամուրներուն
ետեւ
անհետ,
–
մեր
ոտքերուն
տակ
կապոյտ
դաշտը
խաղաղասփիւռ
կը
հեռարձակուէր:
Համատարած
ծաւի
գոլորշի
մը
հարաւի
մարգարտագոյն
աղուալոյս
տարտամութիւններէն
մինչեւ
լուսագիծ
ամպիկներու
եւ
ամպերու
փողփողուն
երկնափթիթ
ամբոխ
մը՝
կը
քաղցրացնէր
միջօրէին
պայծառութիւնն,
ու
դաշտը
եւ
հեռաւոր
ծովը
կ’ընդխառնէր,
կը
շփոթէր,
եւ
կը
յօրինէր
անսահման
աղօտութիւն
մը՝
հեռասոյզ
ինչպէս
անջրպետին
նոյնքան
ժամանակին
մէջ:
Ալէյեան
դա՜շտն
էր.
ամենաբեղուն
գետին,
որ
դարերէ
ի
վեր
շարունակ
ի
շինութեան՝
անընդհատ
կ’աւելնայ
դէպի
ծով.
այնպէս
որ,
եթէ
անհետ
ծովուն
առջեւ
անորոշնալով
անհունացած
դաշտագետնին
այս
տեսարանն
ըստ
պատմութեան
համայնապատկեր
մ’էր
անցեալի՝
ապագայի
ալ
տեսիլ
մըն
էր
ըստ
գիտութեան,
համեմատ
նաեւ
այն
պատգամին
որ
կ’ըսէր
թէ
Պիւռամոս՝
(Ջահան
Գետ)
դարէ
դար
ծովեզերքն
աւելցնելով՝
օր
մը
պիտի
հասնի
Կիպրոսին:
Սիկը,
զոր
Տօրոսի
գետերը
կը
սփռեն
հոն,
լերանց
կաւային
սիլիկատներէն,
խարտեաշ
աւազէն,
մուղտ
ու
խաժ
բուսահողէն
կազմուած
ու
սատափէ
կատարներուն
հալքերէն՝
կը
դառնայ
հոն
կարծր
ոսկեգոյն
ցորենահատիկներն
ու
մարգարտային
բրինձը,
զմրխտեայ
բանջարներուն
ու
ճերմակ
բամբակին
կը
վերածուի:
Երկնային
լեռներուն
մէկ
բարիքն
է
դաշտը.
եւ
Կիլիկեանը
մին
է
մեծագոյն
բարիքներէն
որ
իջնեն
երբեք
սրբազան
բարձունքներէ:
Աշխարհի
ամենէն
նախանձելի
վայրերէն
մին
կը
դիտէինք.
Դաշտային
Կիլիկիան,
զոր
Տօրոսէն
կ’ընծայաբերեն
երրեակ
գետերը,
Կիւդնոսը,
Սարոսը,
Ջահանը՝
ինչպէս
Եգիպտոս
«ընծան»
էր
Նեղոսի:
Բայց
որքա՜ն
ռազմայարոյց
մրցանակ
նախանձընդդէմ
ազգերու
մէջ
որ
այս
արգաւանդ
երկիրը
խլած
են
իրարու
ձեռքէ.
ադդիք՝
սկզբնական
կիլիկեցիներէն,
Եգիպտոս
եւ
Ասորեստան՝
ադդիներէն,
Հռոմայեցիք՝
Յոյներէն
որ
Աղեքսանդրի
եւ
իր
յաջորդներուն
հելլէն
իշխանութենէն
շատ
առաջ՝
6րդ.
դարուն
(Ն.
Ք.
)
մինչեւ
այս
ծովեզերքներն
եկած
էին.
ալիֆայք՝
Ստորին
Կայսրութենէն.
Ռուբինեանք՝
դարձեալ
Կոստանդնուպոլսէն,
եւ
աչակիրք,
Արաբք,
Յոյնք
ու
Մեմլուքներն՝
Հայոց
ձեռքէն,
ու
վերջապէս
Օսմանեանք՝
Ֆաթիհի
եւ
յաջորդներուն
կռիւներով՝
իսկ
ուրիշ
անգամ
մը՝
(1840)
Մէհմէտ-Ալիի
զիջումով՝
նորէն
Եգիպտոսէն
որ
հիդրայօրէն
նայած
է
միշտ
դէպի
հիւսիս՝
եւ
յաւիտենակա
ցանկացողն
եղած
է
բոլորովին
իւրանման
այս
երկրին:
Ափսո՜ս.
Ռուբէնի
թոռնորդւոյն՝
«Պարոն
Լեւոն»ի
եռանդուն
յանդգնութիւնը,
որով
հիասքանչ
խորադաշտին
տիրող
քաղաքներուն՝
Տարսոնի,
Ատանայի
եւ
Մամեստիոյ
տէր
դարձաւ
պահ
մը,
առաջին
անգամ,
իմաստուն
զօրութեամբ
մը
չկրցաւ
միշտ
շարունակուիլ՝
թերեւս
չափազանց
քաղաքակրթուած
ու
նրբացած
Լուսինեաններէն,
որոց
ճակատագիրն
այնքան
նման
էր
մահմէտական
յարաճուն
ու
յաղթական
հեղեղէն
տարուող
հուսկ
Բիւզանդական
կայսրերուն
բախտին:
Անտիոքի
«Ֆռանկ»ները
որոնցմէ
խլուած
էր
Դաշտը,
Բիւզանդական
կայսրութիւնը
որ
աւելի
հին
տէրն
էր
անոր,
ներքին
անխուսափելի
վէճերը
զոր
չարախորհուրդ
Մլեհներ
ծնուցին
հայկական
իշխանութեան
կազմակերպման
օրերուն,
եւ
նախ
Սելջուգեան
ու
ապա
Մեմլուք
պետութիւնները՝
ամենքն
ալ
գոռոզ
զօրութիւններ,
լեռնասուն
հայ
երազին
յառաջխաղացութեան
ու
խաղաղաւէտ
էջքին
ու
ծաւալման
դէմ
խոչեր
ու
վիհեր
պիտի
յարուցանէին:
Ալէյեան
դաշտաց
ու
անոնց
ոստաններուն
առաջին
գրաւումէն
40
տարի
յետոյ՝
կրկին
ու
վերջնապէս
առնուեցան
անոնք՝
հէք
Լեւոնի
որդւոյն՝
Թորոսի՝
«Մսսայ
(Մամեստիոյ)
եւ
Անաւարզոյ,
եւ
Վահկայի
Սեւաստոս»ին
արի
բազուկով
եւ
անոր
եղբօրորդւոյն՝
գեղեցիկն
Ռուբէնի
ձեռքով
որ,
բաբէ՛,
շուտ
լքեց
բիրտ
երախակալն՝
Անտիոքի
գեղուհեաց
հրապոյրները
գգուելու
համար…:
Տիրացման
բարեբաստիկ
օրերէն
(1175)
մինչեւ
հուսկ
կորուստին
թուականն
(1375)
երկարող
երկու
դարերն՝
այդ
Դաշտին
տնտեսական
ոսկեդարը
կազմեցին.
անոր
արեւելեան
ծայրը՝
Հայոց
Ծոցին
(Իսկէնտէրունի
խորշին)
մէջ
ծագեցաւ
հայ
քաղաքներու
գոհարը՝
Եգէաս,
միակ
հայ
նաւահանգիստը
որ
սակայն
եղաւ
աշխարհի
մեծանուն
նաւահանգիստներէն
մին,
եւ
որ
իր
ճոխութեան
ու
կարեւորութեան
ամենաբարձր
աստիճանն
ունեցաւ
Լեւոն
Երկրորդի
թագաւորութեան
ատեն:
Ճէպէլ-էլ-Նուրը,
Մամեստիոյ
քաղցր
լեռը
զոր
ահա
արեւելեան-հարաւային
հորիզոնին
մէջ
կը
նշմարէի
կանգնած՝
անոր
տխուր
աւերակներն
իր
ետեւ
կը
սքօղէր…:
Անտարակոյս
Ռուբէն,
–
առաջինը
–
որ
Տօրոսի
ամուրներուն
մէջ
հիմնեց
Կիլիկեան
ազգային
իշխանութիւնը՝
լաւ
կը
ճանչնար
գեղեցիկ
ու
բերրի
այս
տարածութիւնները
որոց
օր
մը
տիրելու
հեռաւոր
նպատակին
կը
ձգտէր:
Ո՞չ
ապաքէն
Գագիկ
Բ.
ի
իշխաններէն
էր.
եւ
անշուշտ՝
գահազուրկ
թագաւորին
հետեւորդներուն
մէջ
էր
եւ
ի՛նքը,
երբ
ան՝
յաւէտ
ողբալին
Գագիկ՝
հազար
ձիաւորներով
Տարսոն
կ’երթար,
հոն
հրաւիրուած
ըլլալով
այդ
քաղաքն
ու
շրջակայքը
մինչեւ
Մսիս
կառավարող
Ապլղարիպ
հայ
իշխանէն,
պաշտօնեայ
Կ.
Պոլսոյ
կայսրութեան:
Այս
այցը
տեղի
կ’ունենար
սովի
տարի
մը,
1079ին,
երբ
շրջակայ
երկրաց
մէջ
ամենուրեք
կը
մեռնէին
մարդիկ
անօթութենէ:
«Մեռանէին
ի
լերինս
եւ
լինէին
կերակուր
գազանաց
եւ
թռչնոց»,
«վասն
տարածելոյ
Թուրքին»,
«քանզի
յաւերմանէ
նոցա
փախեաւ
ամենայն
վաստակ
երկրագործաց:
»
(*)
Ամենուստ
կը
դիմէին
ուր
որ
բնական
արգասաբերութիւնն
անխափան
կը
զեղուր,
այսինքն
յԱնտիոք,
յԵդեսիա,
եւ
հո՜ս,
Կիլիկեան
դաշտերը:
Ռուբէն
տեսեր
էր
թէ
որքան
ճիշտ
էր
այս
վայրաց
համբաւը՝
մանաւանդ
անշուշտ
Ապլղարիպ
ալ
այդ
մասին
խօսած
էր
իր
հիւրերուն:
Սակայն
այս
այցին
պատճառն
էր
ծրագրուած
խնամութիւն
մը
որ
սակայն
չկատարուեցաւ,
ի
մեծ
զայրոյթ
թագաւորին
որ
մեկնեցաւ
դէպի
Լեռները,
մինչեւ
Արգէոս,
հոն
նենգաւոր
ու
վատասիրտ
Մանտալեան
Յոյներու
վրէժին
զոհ
ըլլալու…:
Ո՜հ,
սիրելի՜
թագաւորս.
ամբողջ
հոգի
ու
ամբողջ
կիրք.
ամբողջ
արիութիւն
եւ
արդարութիւն…:
Թերեւս
այս
զառիվայրէն
անցեր
էր
երբ
Կիլիկիոյ
հին
մայրաքաղաքը
կ’երթար,
կամ
հոնկէ
դարձին
երբ
Տօրոսը
կ’ելլէր…
ինքն
իր
ձիուն
վրայ,
եւ
իր
թիկնապահներն
ու
զօրականք
իրենց
ձիերով,
որոց
պայտերուն
շաչիւնն
ու
դոփիւնը,
որոց
կախ
թուրերուն
շկահիւնը
կը
զգամ,
որոց
յամր
ու
նշուլագեղ
անցքը
կը
տեսնեմ…:
Բայց
այս
երազերանգ
Դաշտն
ասպարէզ
եղած
էր
դեռ
կանխագոյն
իրողութեանց,
բնականաբար,
եւ
մասնաւորապէս
մեզ
համար
շահագրգիռ:
Վասնզի
հոնկէ
չէ՞ր
որ
անցաւ,
կատարելու
համար
մին
իր
հռչակաւոր
արշաւանքներէն,
կոտորակուած
այլ
դեռ
զօրեղ
Արաբներուն
դէմ՝
Նիկեփոր
Փոկաս,
որ
չէր
ուզեր
իր
երբեմնի
հրամատարութեան
փառքը
մթագնել՝
իր
զօրավարին
Չմշկիկի
յաղթական
կռիւներուն
համբաւով,
զորս
ան,
իր
ազգականը,
մղած
էր
ընդդէմ
Սարակինոսներուն
ի
Կիլիկիա.
եւ
ո՞չ
ապաքէն
ինչպէս
ի
Սուրիա՝
նոյնպէս
Տօրոսի
երրեակ
գետերուն
գեղեցիկ
ափանց
վրայ
վերահաստատեց
Բիւզանդական
իշխանութիւնը
զոր
ամեհագեղ
իր
երեւոյթին
ու
կարողութեան
մէջ
կ’անձնաւորէր:
Վաղեմի
Տարսոնն
ու
միւս
ոստանները
տեսան
իր
մեծ
Վասիլեւսի
կերպարանքը…:
Ո՛րքան
կ’ուզէի՜
որ
Պատմութիւնն
ըսէր
թէ
այն
մեծ
մարդն
ալ
հայ
էր,
«Իսաւրացի»
հարստութեան
կայսերց
պէս.
հա՜յ,
ինչպէս
էին
«Մակեդոնացի»ն
Վասիլ,
եւ
իր
յաջորդք,
–
որդին՝
Լեւոն
Է.
Իմաստասէր…
(օ՛հ.
Հեշտասէր
մանաւանդ.
)
որու
եղբայրն
էր
Ստեփաննոս,
Բիւզանդեան
Պատրիարք.
Վասիլի
թոռը՝
Ծիրանածինն
Կոստանդին
որու
գրութեանց
այնքան
բան
կը
պարտի
Կ.
Պոլսոյ
պատմութիւնը.
Ռոմանոս՝
Վասիլն
ազատող
դիւցազն
ու
համեստ
հայ
զինուորի
մը՝
Թէոփիլակտոսի
որդին.
եւ
դեռ
ուրիշնե՛ր
(*):
Եւ
արդեօ՛ք
արդարեւ
հայ
չէ՞ր
Նիկեփոր:
Յովհաննէս
Չմշկիկ
Հայը
զոր
նոր
գիտնականք
անոր
neveu
ցոյց
կուտան,
եթէ
քեռորդի
չէր
անոր
այլ
եղբօրորդի,
եթէ
Նիկեփորի
հօր
Bardas
անունը
ոչ
այլ
ինչ
է
այլ
զոր
օրինակ
Վարդան,
իմ
իղձս
–
տղայական
գուցէ,
բայց
անդիմադրելի՜
–
կ’իրականանա՜յ
հեռաւոր
անցելոյն
մէջ:
Իր
սարսռալի
սպանման
կազմակերպիչն
ու
յաջորդն
ալ,
փոքրահասակն
ու
անողորմն
Չմշկիկ,
զոր
իր
տարփական
ու
պետական
փառասիրութիւնք
մոլորեցուցին
մինչեւ
ահաւոր
եւ
ոչ
ի՜սկ
իր
ներքինւոյն
ձեռքով
իրեն
մատուցուած
թունալի
բաժակով
քաւելի
արքայասպանութիւն
մը՝
ինքն
ալ,
վերստին
մտաւ
Կիլիկիա՝
Արաբներուն
դէմ
դէպի
Հայաստան
արշաւելու
համար.
եւ
իր
զօրքերը
ծածկեցին
Կիւդնոսի
դաշտերը,
հոն,
վարը
փռուած:
Իր
դարձին
նորէն
կանգ
առաւ
ի
Տարսոն,
ուր
կը
հասնէր
յաղթական,
ինչպէս
միշտ.
եւ
մանաւանդ
բարեկամ
Ողորմած
Աշոտ
Գ.
ի,
որ
հարիւր
հազար
զօրականներ
օգնութեան
ղրկած
էր
իրեն.
այնպէս
որ՝
Կիլիկիոյ
Ոստանէն
առ
Աշոտ
ղրկած
իր
ընծաներուն
հետ
կը
յղէր
նաեւ
սիրալիր
նամակ
մը,
ուղղեալ
«Աշոտոյ
Արքայի
Հայոց
Մեծաց».
թուղթ՝
ուր
կը
պատմէր
ինչ
յաղթանակ
որ
տարած
էր
ընդդէմ
Արաբներուն՝
Որոնդէսէն
ու
Տիբերիոյ
Ծովէն
մինչեւ
Տիգրիս,
եւ
խոնարհ
հպատակութեան
ինչ
ցոյց
որ
ըրած
էր
Քրիստոսի,
մինչեւ
երկրպագել
անոր՝
Այլակերպութեան
Լերան
կատարն,
ի
Թաբոր…:
Կարելի՞
է
սակայն
մի
առ
մի
թուել
հոս
ինչ
անցքեր
որ
տեղի
ունեցան
այս
երկրին
մէջ
աւելի
հեռաւոր
ատեններ.
եւ
երթա՛լ
ժամանակին
մէջ
խորագոյնս
դէպի
ետ.
երթալ
մինչեւ
Մոավիա,
որ
Մուհամմէտի
դրօշը
բերաւ
զառաջինն
ի
Կիլիկիա.
մինչեւ
վսեմ
Տարսոնցին,
Պօղոս,
քանի՛
անգամներ
այս
վայրերուն
մէջ
երթեւեկած,
լեռներն
ու
ծովերն
անցնելով,
անխոնջ
ու
սրտեռանդն
յեղափոխիչ,
իր
զմայլումներուն
ու
համոզմանց
հաղորդ
ընելով
եւ
աստուածներէն
ուծացնելով
դժնէ
ժողովուրդներ՝
զանոնք
քաղցրաբարոյ
մարդիկ
ընելու
համար.
յետոյ
Եռապետութեան
օրերը,
մինչեւ
Կեսար,
եւ
ցԿիկերո՜ն,
կուսակալ
Կիլիկիոյ
ի
Թարսուս,
եւ
որուն
ակնարկը
ճանչցած
էր
բոլոր
այս
ծաւի
հեռաստանն
ու
ճերմակ
յաւերժական
լեռներն
ուր
կը
դիմէինք.
եւ
մինչեւ
Տիգրան
Երկրորդ,
խրոխտ
թագաւոր
Հայոց
որ
նուաճեր
էր
Կիլիկիան,
մինչեւ
այս
դաշտերուն
արեւմտեան
յետին
ծայրերն,
ի
Սոլի,
երբ
դեռ
Պոմպէոս
զինքը
չէր
խոնարհեցուցած…,
մինչեւ
Սելեւկոսներն
եւ
Անտիոքոսները,
եւ
ցՄեծն
Աղեքսանդր…,
եւ
ա՛լ
աւելի
առաջ՝
մինչեւ
Յունաց
ծաւալումն
իրենց
երկրէն
դուրս՝
բոլոր
փոքրասիական
ծովափանց
վրայ,
Սեւ
Ծովէն
մինչեւ
Տարսոնի
եզերքները
որք
յայնժամ
խիստ
մօտ
էին
անոր.
երթա՛լ
աւելի
ետ…
մինչեւ
վաղնջական
այն
Քաղքին
Շամիրամեան
կամ
Սարդանաբաղեան
առասպելներով
լի
հիմնարկութեան
հետեւող
ամենազօր
ժամանակներն
Ասորեստանի,
որք
կը
հեռանան
մինչեւ
իններորդ
դար
եւ
ա՛լ
աւելի
ետ…
եւ
որոց
միջոցին՝
Կիլիկիոյ
հնագոյն
ու
հզօրագոյն
պետութիւնն
ստեղծող
ադդիները
հետզհետէ
տկարանալով
հպատակ
դարձած
էին
Նինուէի՝
սկսեալ
Թագղաթփաղասարի
ատենէն,
որ
Ասորեստանեայց
տիրապետութիւնն
հասցուց
մինչեւ
Տօրոս,
ու
դիւրանուաճ
փոքր
իշխանութիւն
մը
լոկ
ունէին
Նահարաննայի
մէջ
(հիւս.
Սուրիա),
Ապրիէսի
(Նահր
Աֆրին)
եւ
Եփրատի
միջեւ
որ
իրենց
հնաւուրց
մայրաքաղաքը՝
Գարգամիշը
կը
քերէր,
եւ
վերջապէս
Մարաց
պետութեան
ատեն
աներեւոյթ
եղած
էին
իսպառ:
Խադդի՜ք.
Փռիւգացւոց
հետ
եւ
Ուրարդեան
ժողովուրդներուն
հետ
մէկտեղ
մեր
նախահարց
նախահա՛րք:
Դաշտը
զոր
կը
դիտէի՝
Քուիի
երկիրն
էր,
ադդիներուն
բնակետղը՝
Նահարաննայի
հետ:
Ճէպէլ-էլ-Նուրի
ետեւէն,
խիստ
հեռուն,
բոլորովին
մշշագոյն
ամբարձական
հրուանդանը
ո՛չ
այլ
ինչ
էր
քան
Ճէպէլ-էլ-Ահմարը,
վերջին
ծայրն՝
Ամանոսի
(Կարմիր
Լեռ)
շղթային,
եւ
հնագոյն
անուամբ՝
ումանու
Լերանց
որ
կեդրոնն
էին
այդ
ժողովուրդին
երկիրներուն:
Դարերու
նոյնքան
մշշային
հեռաւորութեանց
մէջ,
կանխաւ
Տօրոսի
եւ
Ամանոսի
հիւսիսային
կողմն
ի
Մաժաք՝
(Կեսարիոյ
երկիրը)
կը
բնակէին
պղնձագործ
Դոբաղեանք
եւ
Մոսոքեանք
-
Աստուածաշնչական
բառերով
–
եւ
ուրիշ
ժողովուրդ
մը,
որք
իրարու
համացեղ
էին:
Այդ
միւս
ժողովուրդը
լեռնագօտիներն
անցնելով
իջաւ
տարածուեցաւ
Ալէյեան
դաշտերն
ու
Որոնդէսի
եւ
Եփրատի
միջեւ:
Ասոնք
ադդիներն
էին
(Քետացիք,
Khatti,
Hétéens):
Մէկ
մասն
իջաւ
մինչեւ
Պաղեստին.
մեծագոյն
մասը
մնաց
հիւսիս,
հոս,
Քուիի
երկիրն,
ու
հոն,
Նահարաննա,
Ճէպէլ-էլ-Ահմարի
ետեւ,
ուր
ծաղկեցաւ
մին
աշխարհի
մեծագոյն
առեւտրական
ու
զինուորական
քաղաքակրթութիւններէն,
բազմաթիւ
քաղաքներով
որոցմէ
էին
Բատինա,
ալուպու
(Հալէպ),
եւ
անուանին
Գարգամիշ:
Թութմոսիս
Ա.
իր
արշաւանաց
ատեն
կրցաւ
իր
գերիշխանութիւնը
տարածել
ամբողջ
Շարուի
(Սուրիոյ)
ժողովրդոց՝
ինչպէս
նաեւ
ադդիներուն
վրայ,
բայց
ասոնք
մին
էին
անոնցմէ
որ
անուանապէս
միայն
հպատակեցան
Փարաւոնին
եւ
անոր
յաջորդներուն,
եւ
անկախութեան
անընկճելի
սիրոյ
մը
յաճախակի
ապստամբութիւններով՝
Եգիպտոսի
գերիշխանութիւնը
նեղեցին
միշտ
չարաչար,
ամեն
անգամ
որ
դոյզն
առիթ
մը
ներկայացաւ:
Սեթուի
Ա.
ստիպուեցաւ
դաշնակցիլ
ադդի
վեհապետի
մը՝
Մորուզար
թագաւորին
հետ,
որու
իշխանութիւնը
կը
տարածուէր
դէպի
հիւսիս,
Տօրոսէն
ալ
անդին
բարձրացած:
Սակայն
Ռամսէս
Բ.
ի
ատեն՝
ադիսարու
թագաւորն
հին
դաշինքը
խզեց.
եւ
փոքրասիացի
ժողովուրդներու
հետ
միացած՝
հնարքն
ուժին
խառնելով
ճակատեցաւ
Սեսոստրիսի
դէմ,
Որոնդէսի
մօտ,
թէեւ
հուսկ
ուրեմն
պարտուեցաւ:
Անուանի
Փարաւոնին
եւ
Խադդի
թագաւորին
միջեւ
պատրաստուեցաւ
դաշինքը,
արծաթեայ
տախտակի
վրայ
ու
խադդերէն
լեզուով
ու
գիրով,
որ
եգիպտական
մեհենադրոշմներէն
տարբեր
էր
բոլորովին
եւ
զոր
ոչ
մէկ
Շանբոլլիոն
կրցած
է
ցարդ
ընթեռնուլ:
Ու
նոյն
իսկ,
–
քանզի
անցեր
էին
այն
ատեններն
ուր
փարաւոնք
նուաստացուցիչ
մակդիրներով
կ’որակէին
Քետացիները՝–
Ռամսէս
կնութեան
խնդրեց
Խադիսարուի
աղջիկը,
եւ
իր
աներն
հրաւիրեց
իր
արքունիքն
այցելելու
յԵգիպտոս,
ուր
այդ
այցը
մեծահանդէս
տօնուեցաւ:
Դաշինք
ու
խնամութի՛ւն
Ռամսէս
Երկրորդի՛
հետ.
կը
բաւեն
ասոնք
վկայելու
Խադդիներու
մեծութեան:
Սակայն
ԺԴ.
դարուն
(Ք.
Ա.
)
արդէն
իր
բարձրակէտին
հասած
այս
ցեղը՝
Ռամսէս
Գ.
ի
ատեն
հիւսիսէն
իջնող
արիական
ազգերու
ամեհի
արշաւանաց
տակ
ընկճեցաւ.
եւ
ԺԲ.
դարուն
սկիզբը՝
Թագղաթփաղասար
Ա.
կրցաւ
հարկատու
ընել
Քետացի
թագաւորութիւնն
ինչպէս
տիրեր
էր
այլոց:
Անիկա
փճացած
չէր
սակայն
ո
եւ
է
իշխանութեան
պէս.
վասնզի
Ասորեստան՝
յանձին
Ասուրպելքալայի՝
դեռ
կրցաւ
յաղթուիլ
Խադդիներէն:
Բայց
մինչդեռ
Փոքրասիայէն
դէպի
Կիլիկիա
ու
Սուրիա
կ’իջնէին
արիական
ցեղէ
ժողովուրդներ՝
Խադդիք
ծաւալեցան
յայնկոյս
Տօրոսի,
ամեն
ուղղութեամբ,
ու
հաւանօրէն
գացին
հաստատուիլ
նաեւ
դէպ
յՈւրարտու:
Իսկ
ի
Փռիւգիա
խառնուեցան
հռչակաւոր
Բեբրուկներուն,
–
Փռիւգացւոց,
հետզհետէ
այն
աստիճան
անծանօթ
դառնալով՝
որ
իրենց
արարքները,
ինչպէս
կ’ըսէ
Մասբէռօ,
վերագրուեցան
ապա
Եգիպտացւոց
որոց
հետ
դաշնակցած
էին
կանխաւ,
եւ
Ասորեստանցւոց,
որ
յետոյ
տիրեցին
անոնց
երկրին:
Եւ
վեցերորդ
դարուն,
երբ
Կապադովկիա
Մար
պետութեան
վիճակեցաւ,
հոն
կար
ադդիներու
եւ
Փռիւգացիներու
խառնուրդ
մը
որ
Հայերն
էին
եւ
որ
Փոքր
Հայքը
կազմած
էին
Արածանիի
եւ
Եփրատի
արեւմտեան
կողմերը,
մինչեւ
տակաւ
տարածուեցան
արեւելք,
Արարատեաններու
(Հերոդոտոսի
Ալարոտեանց)
երկիրը:
Ուրեմն
այս
Տօրոսեան
ժողովուրդը
մին
է
մեր
սկզբնական
նախահայրերէն:
Եւ
արդարեւ,
քանի
որ
Ուրարտու
Ասորեստանեայց
պետութիւնն
ստէպ
պատկառ
կացուց
իրեն,
քանի
որ
Փռիւգացիք,
–
Տիւրենական
Պելասգեաններուն
նշանաւոր
ճիւղերէն
մին
–
Փոքրասիոյ
հնագոյն
քաղաքակրթութիւնն
արտադրեցին,
եւ
քանի
որ
ադդիք
ունեցան
ուրոյն
ինքնատիպ
քաղաքակրթութիւն,
եւ
կարող
եղան
ակնածելի
ըլլալու
Եգիպտոսի,
անոր
մեծազօր
ժամանակներն,
ուրեմն
այն
տարաբախտ
Ազգին
որ
իր
համակերպող
հպատակութիւններո՛վ
մանաւանդ
պանծալու
չափ
ստրկային
կը
թուի՝–
ըսել
կ’ուզեմ
մեզ,
Հայոց
–
կրնանք
խորապէս
հեռաւոր
ու
մեծ
ազնուազարմութիւն
մը
ընծայել
համարձակօրէն…:
Մնաք
բարո՜վ,
կապուտակ
անցելասոյզ
դաշտեր,
երկի՜ր
Քուիի,
մեր
նախահարց
նախահայրերուն
բարեբաստիկ
օրօրան:
Ինչպէ՜ս
գեղեցիկ
է
տուընջեան
պայծառութիւնը
որ
անգայտ
գոլորշիներով
քաղցրախառնուած՝
կը
թուի
ըլլալ
ճշդիւ
անցելոյն
դիցախառն
դարերուն
լոյսը:
Սակայն
մեր
կառքը
միշտ
կը
շարունակէր
բարձրանալ:
Ուղտերու
կարաւան
մը,
ճամբուն
մէկ
ոլորը
դառնալով
կ’ելնէր
զառիվերէն,
յամրավէտ
ու
ղօղանջուն,
ինչպէս
անշուշտ
վաղնջական
օրերու
մէջ:
Ձախ
կողմը,
դարեւանդն
ի
վար
կը
տարածուէր
հեղեղատ
մը,
խիճերով
լի,
ու
բոլորովին
սակաւաջուր,
եւ
ծաղկեալ
մեծամեծ
դափնեվարդերով
պճնուած,
եւ
որ
կը
հեռանար
կը
կորսուէր
բլուրներու
ետին,
դէպի
Դաշտը.
Կիւդնոսի
մէկ
ճիւղն
էր
ան:
Կարելի
չէ՜ր
այլեւս
տեսնել
Տարսոնի
Գետը…
որու
ջրվէժին
առջեւ
երկարօրէն
կեցած
էինք
շատ
օրեր
առաջ,
ապառաժ
կղզեակներու
վրայ
ուր
նոյն
այս
դափնեվարդերը
կը
ծաղկէին,
կեցած
էինք
հիացած
ու
զարհուրագին,
գահավիժող
մետաղափայլ
զանգուածին
ահագին
թնդիւնին
ու
ժխորին
մէջ:
Ա՛լ
կարելի
չէր
մեզի,
ոչ
իսկ
այս
բարձունքներէն,
Ալէյեան
Դաշտերուն
մէջ
վերջին
անգամ
մը
տեսնել
սողոսկումն
ազնուական
Գետակին,
ուր
լոգանք
ըրեր,
ու
լողացեր
էր
Աղեքսանդր,
ու
նաւեր
էր
Կղէոպատրա՜…:
Թագուհւոյն
տարօրէն
դիցային
նաւակը,
նաժիշտներով
լի,
ծաղկայեղց
ու
խնկաբոյր,
սահեր
էր
ջուրերուն
վրայ
իր
արծաթափայլ
թեւճակներով,
Թագուհին
տանելու
Անտոնիոսի
տարփալի
գիրկն,
ի
Տարսոն,
եւ
հոնկէ՝
մահուա՜ն
ծոցը…:
Արդարեւ,
դափնեվարդերը
որ
շքեղ
ու
թունալից
շափրակներով
ծաղկեր
էին
ամայի
հեղեղատին
եզերքներուն
վրայ,
կը
թուէին
ըլլալ
մահացու
փառքերն
ու
երջանկութիւնները
ծաղրողբացող
մշտափթիթ
ժպիտներ:
Սակայն
դաշտերն
հետախաղաղ
աներեւոյթ
եղեր
էին
արդէն
լերան
ստորոտի
բլուրներուն
ետեւ,
որոց
միջեւ
կը
բարձրանար
ճամբան:
Չորս
դիէն
լեռնակողեր
երեւան
կ’ելլէին.
թաւուտ
շրջակայք
մը
կ’այտնուր,
կը
հոծուէր:
Առաջին
շոճի՜ն,
վերջապէ՛ս.
յետոյ
անդին
ուրիշ
շոճիներ.
ու
դիմացնիս՝
հեռուն՝
մթին
թաւութիւններ
որ
լեռը
կը
պատէին,
ինչպէս
նաեւ
գորշ
ամպեր
աւելի
վերերը
խռնուած՝
արդէն
կը
զգացնէին
վրդովիչ
սահմաններ,
սովորական
իրերուն
բաղձացեալ
ու
յուզումնալի
սահմանները:
Յետմիջօրէն,
լեռն
ի
վեր,
չունէր
կէսօրուան
միակերպօրէն
եղկանոյշ
պայծառութիւնը,
եւ
երբեմն
ստուեր
մը
ամեն
բան
կը
մթագնէր:
Բայց
ահաւասիկ
բնակեալ
տեղ
մը,
ձախ
կողմը.
սաղարթներ,
տանիքի
պէս
բաներ.
մարդիկ.
–
Տամլամա-
անն
էր:
Կառքը
կեցաւ:
Առաւօտեան,
Գավագլը-
ան
գիւղին
թթենիներէն
ու
թզենիներուն
հովանաւոր
կայքէն
ի
վեր
ուր
ճաշեր
էինք,
երկրորդ
կայքն
էր
այս,
իրիկունէն
առաջ.
բայց
առաջին
լեռնային
հանգրուանն
էր
այս
անշուք
թխատեսիլ
իջեւանը:
Մթին
գեղջուկ
տանիքներ,
մէկ
քանի
հատ,
փուտ
բալի
գոյն
հնութեամբ
մը,
ստուերախառն
ու
ղօղուն
ներքերու
վրայ.
եւ
օդին
մէջ
պայծառ
թափանցիկ
կանաչութիւններ
քանի
մը
ծառերու
որ
ստուերէն
կ’ելնէին.
խաներու
յատուկ
իրեր
կային,
ախոռային
բաներ,
աղբիւր,
ձիեր,
կարծեմ
ուրիշ
կառքեր,
եւ
շէնի
ձայներ.
ամայութիւնն
անզգալապէս
բնակավայր
եղած.
լեռնէն
փոխառեալ
բաներով
թարխուած
(ռbauchռ)
չքաւոր
ու
սակաւապէտ
ապաստան
մը,
որ
քիչ
մը
կը
յիշեցնէ
գիւղն
ու
չի
մոռցներ
լեռը:
Նախընթրիքէ
մը
վերջը
զոր
ըրինք
հոն,
կառքին
մէջ,
երեք
ուղեւորներս,
–
ես,
կինս՝
շնորհալի
եւ
քաջասիրտ
Իռենան,
եւ
բարեկամ
մը,
փորձ
ու
վարժ
ամեն
ուղեւորութեանց,
–
նշմարեցի
մեր
կառապանը,
Ալին,
որ
կառքէն
իջած՝
գացեր
իր
բաժինը
կերեր
էր
բացօդեայ
բադրոնի
մը
վրայ,
ուր
կը
հանգչէր՝
կռնակը
յենարանին,
յամրօրէն
հոս
հոն
նայելով
սիկար
մը
ոլորելու
զբաղած:
Կրնան
կորսուած
վայրկեաններ
չըլլալ
անոնք
զոր
անցուցի՝
վաչին
բացուածքէն
զինքը
դիտելով:
ե՛ղճ
ոչինչ
մարդ:
Անտարակո՛յս
արդէն
շեշտակի
դիտեր
էի
զինքը
Տարսոնի
պանդոկին
մէջ
ուր
կանչած
էինք
զայն,
համաձայնելու
համար.
պռստուած
ու
մուր
մուր
յօնքերով,
մութ,
խոշոր
ու
յառուն
աչքերով
մարդ
մըն
էր.
սեւ
պեխով,
թուխ
ու
մսուտ
դէմքով,
ուր
երբեմն
աչքերուն
ու
ակռաներուն
ճերմակները
կը
վառէին.
ռմբադէմ
մէկն
էր.
եւ
իր
ամեհութիւնն
աննուաճ
ու
ազատ
բան
մը
ունէր
շնորհիւ
երկու
թիզ
լայն
մղտագոյն
գօտիին
որ
մէջքէն
զատ
կուրծքն
ու
փորը
միանգամայն
կը
պատէր,
եւ
ուր
քանի
մը
զէնքերու
զարհուրելի
կոթերը
կարծեմ
կ’երեւային,
կամ
կ’երեւակայուէին,
ու
մեծ
սեւ
մոյկերուն՝
որ
իր
վայրանդամները
կը
զրահապատէին
կ’ամրացնէին,
քաջաքայլ
զինուորականութիւն
մը
կուտային
իրեն:
Երբ
այսպէս,
մանաւանդ
մտրակն
ալ
ձեռքը,
համարձակօրէն
երեւցաւ
սեմին
վրայ՝
կրցաւ
մեր
վստահութիւնը
գրաւել…
թէեւ
անբանաձեւելի
տհաճութիւն
մըն
ալ
զգացի
խուլ
կերպով:
Աւա՛ղ
որ
բոլոր
այս
պռստումով,
այս
գօտիով
ու
մոյկերով
սպառազէն
մարդուն
կերպարանքին
վրայ
չէի
նշմարած
քիթին
պզտիկութիւնը.
եւ
իր
երկչոտ
ու
վատասիրտ,
ու
մեծամտօրէն
կառապան
եղած
գեղջուկի
այլեւայլ
խեղճութիւնները
յե՛տոյ
պիտի
հաստատէի.
մանր
մունր
արկածներու
առջեւ
իր
ցոյց
տուած
տխմար
ապիկարութիւնը,
յաճախ
կարօտիլը՝
բոլորովին
աննշան
երեւոյթով
ուրիշ
կառապաններու,
մանաւանդ
հայ
կառապանի
մը
ուշիմ
ու
ճարպիկ
օժանդակութեան.
անհամարձակօրէն
ուշանալէ
ետքը
կանչուելով
ստրկօրէն
յոտնկայս
սպասումը՝
մեր
ճաշերէն
իր
բաժինն
առնելու
երթալու
համար.
աշխարհքին,
իրերուն
անհետաքրքիր,
տեղեկութիւններէ
զուրկ
ու
խօսակցութեան
անկարող
վայրենութիւնը.
ու
նաեւ,
երբ
իջեւանները
կը
ժամանէր՝
իր
պատկառազդու
ոչնչութեան
ի
պատիւ,
խանճիներուն
հեգնական
յարգաբանութեանց
իր
ո
եւ
է
նրբամիտ
ու
կծու
պատասխանի
անատակ
զայրոյթները
տակաւին
չէինք
գիտեր.
թէեւ,
չեմ
գիտեր
ինչէն,
սկսեր
էր
արդէն
տարակոյսս
իր
կարողութեան
մասին:
Կը
դիտէի
ուրեմն
զինքը.
իսկ
ան
չէր
տեսներ
զիս:
Մոյկապատ
ոտքերը
վեր
առած,
ծալապատիկ,
կռթներ
տեղաւորուեր
էր,
գօտեւոր
փորը
կարկառուն,
հոն
խլրտող
կեանքին
նայելով
հաճոյալի
անտարբերութեամբը
հանգստաւէտ
անկարօտ
մարդու,
վասնզի
քանի
մը
ոսկի
ապահոված՝
հիմա
ա՛լ
փորը
կշտացուցեր
էր:
Սիկարը
շիներ
էր
վերջապէս
եւ
անցուցեր
էր
երկայն
ծխամորչի
մը
որ
իր
գոց
ափէն
դուրս
կը
ցցուէր,
ու
չէր
շտապեր
բնաւ
վառելու.
ինչո՞ւ.
–
շրթունքներովը
լինտերը
կը
մաքրէր,
խոշոր
կակուղ
ծամածռութիւններով,
որոց
չէին
մասնակցեր
իր
նայող
աչքերը:
Եւ
ինչպիսի՜
լրջութեամբ
այս
կարեւոր
դիմախաղութիւնը
կ’ընէ՛ր:
Կատարելիք
ճամբորդութեանը
վրայ
չէր
խորհեր
ամենեւին.
ոչ
թէ
որովհետեւ
լիուլի
վարժ
ու
կարող
էր
իր
գործին,
այլ
որովհետեւ
խելքէ
ու
հեռատեսութենէ,
ինչպէս
հետաքրքրութենէ
ու
երեւակայութենէ
զուրկ
էր:
Նախնական
յատկութիւններով
պատշաճ
էր
միայն
իր
գործին
սոսկ
ընդհանուր
գիծերուն.
ոչ
մէկ
պարագայ
ու
պատահար
կանխատեսուած
էր
իր
մէջ,
կամ
հետք
մը
թողլով
փորձառութիւն
շինած:
Զգայնութիւն
եւ
իմացողութիւն
չունէր՝
որպէսզի
պարագաներուն
ի
ճահ
շարժելու
հարկ
զգար,
ու
խելք,
հնարամտութիւն
ունենար
կամ
տենչար
ունենալ:
Եթէ
վտանգի
մը
հանդիպէր,
իբրեւ
իր
գործին
բոլորովին
արտաքոյ,
անոր
մէջ
բոլորովին
անսպասելի,
ուստի
անոր
միջոցներով
անդարմանելի
բանի
մը՝
պիտի
սարսափէր
ու
դողար.
եթէ
դժուարութեան
մը
պահուն
քովը
մարդ
մը
չգտնուէր՝
պիտի
գոհանար
հայհոյելով,
յուսահատօրէն
պիտի
համակերպէր
ի
վերջոյ,
եւ
արկածին
վնասը
հետը
պիտի
առնէր
տանէր
առանց
զայն
դոյզն
ինչ
դարմանած
ըլլալու,
եթէ
պատահածը՝
մինչեւ
մարդոց
երկնառաք
գալուստ
մը
զինքը
ճամբուն
վրայ
գամող
ձախողուած
մը
չըլլար:
Իսկ
եթէ
մէկը
հասնէր՝
պիտի
նայէր
անոր
ըրածին
այս
արջառի
աչքերով,
առանց
հասկնալու
թէ
ինչպէս
ըրաւ,
եւ
գուցէ
առանց
զարմանալու:
Կատարելապէս
զեղչեալ
ու
համառօտեալ
ձեւո՛վ
մը
գիտէր
իր
արհեստը.
գործին
բոլոր
այն
մասերը
որ
ձիերը
քշելու
կամ
կեցնելու
մէջ
չէին
կայանար՝
երկրորդական,
եկամուտ,
օտար,
աննախատեսելի
եւ
անընդունելի,
անկարելի՛
բաներ
պիտի
ըլլային
իրեն
համար,
եթէ
երբեք
խորհէր
ատոնց
վրայ:
Յամառաբար՝
զուտ
ու
լոկ
կառապանութիւնը
միայն
գիտէր,
եւ
ամենակարող
էր:
Ի՞նչպէս
կրնար
տարակուսիլ
ինքն
իր
մասին.
ի՞նչպէս
կրնար
մտմտալ
պատահելիքին,
ուստի
ընելիքին
վրայ:
Կռնակը
տուած
կոշտ
յենարանին,
ծխամորչը
ձեռքը,
ծալապատիկ,
իրանը՝
հաստ
ու
պիրկ
գօտիէն
անկքելի,
գլուխը
շիտակ՝
տակաւին
հանգստաւէտօրէն
իր
լինտերն
ու
ակռաները
կը
մաքրէր
շրթունքներովը.
երեսը
ծալոտուելով
կ’ելեւէջէր,
կը
բացուէր
ու
ահագին
ակռաները
կը
փայլատակէին.
յետոյ
կը
խաւարէին՝
իջնող
պեխոտ
շրթունքին
տակ.
ուռ
մը
կը
պտըտէր
մէկ
այտէն
միւսը՝
ծնօտէն
անցնելով.
ու
նորէն
կը
սկսէր
անխոնջ
ելեւէջող
դիմագիծերուն
կատաղի
ծամածռումը:
Եւ
ճերմակ
սիկարը
ծխամորչին
ծայրը
կը
սպասէ՜ր:
Անհամբեր
ալ
չէր.
անշո՛ւշտ,
քանի
որ
երեւակայութիւն
չունէր,
եւ
հնարամտութեան
դէմյանդիմանութենէն
ալ
զուրկ
էր:
Կ’ուզէր
դադարը
լեցնել
սիկարին
քէֆովը:
«Օրը՝
այսօր
է,
ժամն
ալ
այս
ժամը»:
Անվրդով
աներկբայութիւն
մը
կար
ամբողջ
իր
անձին
մէջ,
ու
լիակատար
գոհունակութիւն
մը:
Կշտացած
ու
քիթը
բերանը
լզուըռտող
կենդանիի
մը
անզբաղութեամբ
կերակուրին
փշուրներն
ու
հետքերը
ժողվելով
կարելի
բոլոր
համը
կը
ծծէր
կերածէն.
անասունի
մը
պէս
աղքատ,
ու
խորտիկներ
վայելած
փաշայի
մը
պէս
նախանձելի:
Ա՛յնքան
ծուլաբար
ու
խորապէս
հանգիստ
էր,
որ
կարելի
չէր
ըսել
թէ
միայն
դադար
մը
կ’ընէր,
թէ
մէկ
քանի
վայրկենէն
անզանցառելի
կերպով
պիտի
ճամբայ
ելլէր
լեռները
մտնելու,
որոց
սեամին
վրայ
էր
ստուգիւ:
Կեանքն՝
իր
պարզագոյն
ձեւին
մէջ՝
կ’ոտնձգէր
կը
տիրէր
իր
գործին
որ
իր
ամենէն
կնճռատուած
էականացած
կերպին
էր
վերածուեր:
Այս
կայքերը
որոց
վրայ
անշուշտ
կը
խորհէր
ճամբան՝
կը
ներկայացնէին
ո՛չ
թէ
գործին
մէկ
մասը՝
այլ
հանգիստը,
կեանքն
իսկ:
Վասնզի
ա՞յս
մարդն
էր
որ
աշխատութիւնը
պիտի
կեանք
նկատէր:
Հարկադրուած
էր
ճամբորդել,
դրամին
համար.
ուրեմն
իր
կեանքը
կոտորակելով
տրոհելով
կը
կայկայէր
ճամբուն
վրայ.
միջօրէներու
արեւոտ
դադարներուն,
իրիկուններու
քաղցր
օթքերուն,
ու
ուրիշ
փոքր
կայքերու
մէջ:
Մանաւանդ
որ
այդ
պահերուն
էր
միայն,
հանգրուաններուն
եւ
ոչ
թէ
ամայի
ուղւոյն
վրայ,
որ
պիտի
երեւար
մարդոց՝
ու
շահող,
փնտռուող
գտնուող,
գերազանց
մարդ
ըլալը
պիտի
հասկցնէր:
Բայց
դեռ
կը
շարունակէ՜ր,
երանելի
կերպարանքին
այդ
կշտացածի
ծամածռումները.
ելեւէջող,
աջահեկող
դունչին
ճմռթկումներն
ու
բացխփումները.
եւ
երբեմն
այս
կամ
այն
ակռան
ծծելով
հանած
ձպրտումներն
ալ
անշուշտ,
զորս
չէի
կրնար
լսել,
բարեբա՛խտաբար.
ո՜հ.
այլ
եւս
անտանելի
էր.
կը
շարունակէ՛ր
մշտայաջող,
մշտայաղթ
շինականի
կուշտ
ու
նոյն
իսկ
յուղփ
երեւոյթը,
զոր
կը
ցուցադրէր
հոնտեղուանքը
երեւցողներուն.
վասնզի
ո՞վ
կրնայ
ըսել
թէ
չէր
ուզեր
իր
յաճախորդ
ունեցած
ու
կերակուր
կերած
ըլլալը
հասկցնել
իր
դասակարգի
մարդոց:
Միթէ
սնափառութիւնը
կենսապայքարին
անխուսափելի
արդիւնքը
չէ՞:
Ամեն
հեռագնացութիւն
դիմագրաւելու,
սար
ու
ձոր
ընդոտնելու
կարող
ռահորդի
այս
հզօր
տարազն
ընկալած
գիւղացին
ո՞չ
միթէ
հարկ
էր
որ
իր
տենչացած
եւ
ունեցած
ստոյգ
պատուանիւթերն
ալ
խրոխտաբար
յարգադրէր.
եւ
պարծենալիք
ու
ճօճելիք
ի՞նչ
ունէր
եթէ
ոչ
իրեն
ու
իր
վաչին
վստահած
ու
զիրենք
շքաւորող
յաճախորդներն,
եւ
իր
առնաբար
շահած,
եւ
աղայաբար
ճաշած
ըլլալը,
–
թէեւ
մուրացկանի
նուաստութեամբ
իր
հացն
ստացած
ըլլար
իր
կառքը
նստող
անձնաւորութիւններէն
–
որովհետեւ
ատոնցմով
կրնար
արդարացնել,
վաւերական
ու
ակնածելի
դարձնել
իր
արտաքոյքը,
որուն
պատսպարած
բոլոր
փճութեան
ծանօթ
կ’երեւար
ամեն
ոք,
եւ
որմէ
արդէն
իսկ
ոչ
ոք
կը
պատկառէր:
Շահեր
ու
կշտացեր
էր.
ասիկա
տեսնուելու
էր
թշուառական
անպիտաններէն:
Բաբէ՜.
ո՛րքան
իրաւունք
ունէր
սնափառութեան…:
Վասնզի
եթէ
զուրկ
ըլլար
բոլորովին
ո
եւ
է
արժանիքէ,
ի՞նչպէս
կարենար
ուշագրա՜ւ
ըլլալ,
մինչեւ
հո՛ս
պատմուելու
չափ:
Այդ
արժանիքն
արդարեւ
բացասական
չէր.
իր
դէմքն
էր
այն.
իր
թխատիպ
դիմագծութիւնը,
տգեղօրէն
գեղջկագեղ,
ու
հոն
տիրադրոշմուած
անասնափառօրէն
լիակատար
առնականութիւնը:
Բայց
ես
չէի
կրնար
այլեւս
նայիլ
թէ
սիկարը
վառե՞ց
վերջապէս,
ե՞րբ
վառեց,
ի՞նչպէս
ծխեց
զայն:
Ուրիշ
բանով
զբաղեցայ:
Անտարակոյս
այդ
կարեւոր
բանն
ալ
եղաւ
կատարուեցաւ.
եւ
հուսկ
ուրեմն
անշուշտ
եկաւ
մարդը
գրաւել
իր
դիրքը
երիվարներուն
ու
մեր
միջեւ,
քանի
որ
ահա
կը
ցնցուէինք,
ու
պայտերը
կը
շաչէին,
քանի
որ
ահաւասիկ
ճամբայ
ելեր
էինք:
Հա՞րկ
է
պատմել
ինչ
դժուարութիւն
որ
յանկարծ
անասունները
կամ
կառապանը
յարուցին
քիչ
հեռուն,
քարուտ
բայց
կանոնաւոր
ճամբուն
վրայ.
դժուարութիւն,
չեմ
գիտեր
ինչէն,
զոր
բառնալու
համար
խանէն
մարդիկ
փութացին.
անո՛նք
ի
հարկէ՝
զոր
Ալի
աղան
վայրկեան
մ’
առաջ
անտարակոյս
ընկճեր
էր
հեռուէն
իր
նախանձելի
բաներով՝
որոց
ոչ
մին
յարմար
էր
սակայն
ձիերն
ու
կառքը
վերստին
կարգի
բերելու:
Ա՛լ
կ’երթայինք.
արագաբերձ
կը
վազէր
վաչը
ոլորուն
արահետէն:
Հետզհետէ
օրը
կը
խոնարհէր,
պայծառանալով.
բայց
տեսարանը
կը
կանգնէր,
կը
շքեղանար
չորս
դին.
մեր
դէմը,
մեր
շուրջը
լեռնայնութիւնը
կը
սկսէր:
Թաւուտ
լեռնաբլուրները
տեղի
տուեր
էին
հոս
հոն
բարձրացած
սեպութեանց,
թփուտ
ու
ծառուտ
մեծամեծ
ժայռերու,
եւ
սաղարթալից
ու
մութ
ձորակի
մը
որուն
վերի
եզրէն
կը
սողոսկէր
ճամբան:
Խորէն
կը
լսուէր
ջուրերուն
ձայնը.
Կիւդնո՜սն
էր…
թէեւ
լաւ
եւս՝
իր
լեռնային
ճիւղերէն
մին:
որին
ու
լեռնաշնորհ
շշունջով
կ’իջնէր
սարերէն,
այն
օտարոտի
ու
բուռն
աշխարհէն՝
ուր
կը
մտնէինք,
եւ
որ
քաոսակերպ
ու
դժնէաբար
կը
մթագնէր
պատառատուն
անտառներով
ու
առանձին
քարալեռներով.
եւ
դէպի
վայրասոյզ
ձորեր,
դէպի
հեռարձակ
անջրպետներ
հանող
ելքերով
կը
լուսախառնուէր,
անսպասելի
իրերով
ու
աներեւակայելի
դիրքերով
մէկէն
դաշն
ու
հրաշագիծ
բովանդակի
մը
կը
վերածուէր:
Ա՛լ
լերան
մէջ
էինք.
պայծառ
ու
կենդանի
արբեցութիւնն
սկսեր
էր:
Շոճիները,
պորփիւրաթոյր
կոճղերով՝
հոս
իրենց
յաւերժագեղ
ծառոց
բարձրավայրերուն
մէջ
էին,
իրենց
հարազատ
աշխարհին
մէջ,
ինչպէս
բոլոր
կոնաբերները՝
վերին
ձորերու
ազնուադրոշմ
յղացումներ:
Դեռ
երկբայող
գոհացման
մը
խռովքով
կը
տեսնէի
գտնուիլս
անոնց
անձկալի
բնակետղին
մէջ:
Նրբաստեղն
ու
կանաչաքիստ
իրենց
սաղարթով՝
բոսորագոյն
բուներու
կատարէն
հովանացած,
շոճիներն
իրենց
լիաւարտ
շնորհագեղութեամբ
կը
շատնային,
կը
տիրէին
հետզհետէ՝
պարապներու
վրայ
թեւատարած
ուրուագծուելով,
կամ
ահագին
ստուերներու
մէջ
խաժավէտ
այտնումներով
կորնթարդուած,
դէզադէզ:
Թաւուտ
մութ
գահավէժներ
կը
խորասուզուէին,
ու
գորշ,
թփախայտ
ապառաժներ
կը
պարսպանային
հոս
հոն:
Արեւը
ծածկուեր
էր
անոնց
ետին.
ու
լուսեղէն
երկինքին
մէջ
ստուերամած
տեսարանն,
իրիկուան
ոսկի
ճառագայթներէն
տեղ
տեղ
բորբոքած՝
հետզհետէ
աւելի
կը
մեծնար:
Մթնոլորտը
վճիտ
էր
եւ
անդորր,
արդէն
ծփծփո՛ւն
բիւրեղեայ
մաքրութեամբ
մը,
անայլայլ
անապական
ազնուականութեամբն
իսկ
լեռներու
այերց:
Սաղարթալից
խորութենէն
կը
բարձրանար
Գետակին
մշտահոս
շշնջիւնը,
ծանր
ու
ջինջ
դրոշմով,
ու
շոճեաց
թաւշեայ
կորնթարդներուն,
սեպաձեւ
ապառաժներուն,
հորիզոնը
որմող
սա՛
լերանց
գորշ
շքանկարներուն,
բոլոր
իրիկնաբերձ
երկնասոյզ
տեսարանին
կ’ընծայէր
գերանուրբ
զգայնութիւն
մը,
գեղեցիկ
բաներու
այն
զգայնութիւնը
որով
կը
թուին
յաւերժօրէն
ականջ
դնել
ու
նուիրուիլ
իրենց
գեղեցկութիւնն
ստեղծող
պահպանող՝
զայն
մշտակերտող
օրէնքներու
շունչին:
Երանաւէտօրէն
ստոյգ
էր
որ
կ’անցնէինք
մենք
այն
տեղուանքէն,
բայց
կ’անցնէինք
միանգամընդմիշտ:
Կարծես
այդքան
միա՛յն
արժանաւորութիւն
կրէր
մարդ
անվախճան
իրերու
մէջէն
անցնելու,
եւ
այնքան
արագ
ու
հարեւանցի:
Կարծես
վայել
ըլլար
որ
բոլոր
մեծ
տեսիլները
շատ
երագախոյս
ըլլային.
երազներու
պէս
սահէին,
եւ
շտապէին՝
երազ
որ
էին
արդէն՝
նորէն
երազ
դառնալու:
Ո՞չ
ապաքէն
մեր
վաղանցուկ
կեանքն
իր
անիրաւախոհ
հաշիւներն
ունի
որ
խուլ
են
գերաշխարհիկ
եւ
անանց
բաներու,
եւ
զմեզ
կը
բռնավարեն
կը
քշեն՝
օգտապաշտ
անասնականութիւններ
որ
կը
լեցնեն
ու
կը
կազմեն
կեանքը՝
ինչպէս
զոր
օրինակ
հիմա,
մտրակովը
սա՛
կառապանին
որ,
անոնց
ներկայացուցիչ,
անոնց
ամենազօրութեան
հաւատացեալ,
անոնց
պահանջներուն
ստրուկ
գործադիր՝
կը
ջանայ
տանիլ
զմեզ
այս
«լեռներէն»
հեռու:
Անհուն
այդ
արարչութեան,
երկրի
երրորդական
ժամանակին
մեծագործութեանց
պատկանող
այս
խրոխտագեղ
արարչութեան
դարուց,
այս
լեռներէն
անցնող
մարդկային
պատմութեան
ժամանակներուն,
մեր
ցեղին՝
այս
թատերց
մէջ
բաբախած
կենաց
տեւողութեան
անհատնում
անհաշուելի
տիւերէն
ժամ
մը,
իրիկուան
պա՜հ
մը
միայն
տրուեր
էր
մեզ
ապրիլ:
Ո՜հ.
կ’երեւի՛
թէ
տարապայման
ինքնապահութեան,
գերմարդկային
ու
գիտակից
յարակեցութեան
միջոցներ
են
մարդուն
մէջ,
որքան
ճշմարտախնդրութեան
պէտք
մը
գոհացնելու
կերպեր,
Մարդոց
թէ
Բնութեան
Պատմութիւնները,
Գիտութիւնն
ու
Փիլիսոփայութիւնը,
–
եւ
Կրօնքն
իսկ–,
որք
մեր
գիտակից
կեանքը
կ’երկարաձգեն
դէպի
անցեալն
ու
ապագան,
որք
զմեզ
կը
սահմանազերծեն:
Եւ
միթէ
միա՛յն
սիրելն
զՃշմարտութիւն
հաւատարիմ
սիրով,
մասնակցիլ
չէ՞
անոր
անմահութեան…:
Ո՛րքան
դիւրին
էր,
այն
տեղուանքն
ու
այն
ժամուն՝
արդարացնել
բոլոր
այն
մարդիկը
որ
այնպիսի
շրջավայրի
մը
ծոցը՝
անցաւոր
իրերէ
վեր,
մշտապէս
անպղտոր
մթնոլորտով
մը
պարուրուած՝
Անյեղլիին
յիշման
ու
պաշտաման
նուիրեալ
օթեւաններու
մէջ,
կ’ուզէին
իրենց
երկնանուէր
մշտնջենասէր
միտքը
տալ
զիրենք
շուրջպատող
անվախճան
բաներէ
զգածման,
եւ
անոնց
մէջ
անոնց
անանցութիւնը
կազմող
անապականելի
օրինաց
Բովանդակին,
մարդկային
թշուառութեանց
ու
կարօտութեանց
պահանջներով
մարդակերպուած
մարդկայնացած
Սկզբան՝
Աստուծոյ
հայեցողութեան:
Թէ՛պէտ
այդ
մարդկայնացումն՝
աստուածաբանութիւն
ըսուած
տգիտութեան
մը
շնորհիւ
չարաչար
գեղջկացած
խեղաթիւրած
ըլլայ
զԱստուած:
Բայց
անո՛նց
համար
որ
իրենց
հոգի՛ով
մանաւանդ,
իրենց
խիղճով,
իրենց
ներքին
արդարութեամբ
էր
որ
կը
պատշաճէին
ամենարդար
Ճշմարտութեան,
եւ
ո՛չ
իրենց
աստուածաբանութեամբ,
որպիսի՜
երկնային
հրապոյր
մը
կը
բղխէր,
անսպառ,
այս
մեծաշուք
լեռնայնութենէն
որ
միահեծան
Սկզբանց
շունչին
տակ,
իր
ծննդեան
ու
ամբարձման
խայտանքը
դեռ
կը
պահէր
անթառամ:
Անտարակոյս
Լամբրոնացին,
որ
այնքան
յաճախ
կ’առանձնանար
յԱստուած
վերանալու,
յԱստուած
սահմանազերծուելու
համար,
լերանց
այս
մաքուր
ամեհութենէն
կը
զգածուէր
ու
կը
հրաւիրուէր.
թէեւ
մեծանուն
երիտասարդին
բանաստեղծական
խանդը
չըլլար
այնքան
բեղուն
որքան
եղած
էր
Շնորհալւոյնը,
կամ
իր
քերթողական
արուեստը
Կլայեցւոյն
արուեստին
չափ
ընտել
եղած
չըլլար:
Իր
խորհրդազգած,
իր
հրեշտակային
ու
գերագոյն
հոգւոյն
համար
ի՞նչ
պէտք
կար
արդէն
շնորհալեան
գրական
զբօսանքներով
պարապելու.
մէ՜կը
որ
բանն
ու
յոյզը
կը
դնէր
ուղղակի
ի
սպաս
իր
հօտին.
մէկը՝
որ
Սաքիամունիին
պէս
իշխանորդի՝
եւ
անոր
պէս
փառատեաց՝
մարդոց
գթալու
համար
միայն
կը
թուէր
իջած
ըլլալ
Լամբրոնի
ու
Սկեւռայ
մենութենէն.
որ
կ’ապրէր
զՔրիստոս,
ու
իր
անձին
մէջ
մարմնաւորած
էր
Անոր
գութը:
Ինքն
էր,
Ներսէս
Լամբրոնացին,
որ
կուլար՝
ի
տես
տղմաթաւալ
գինովի
մը,
Տարսոն,
իր
թեմին
մէջ,
խղճահարելով
որ
իրեն
առաջնորդութեան,
իր
առաքելութեան
յանձնուած
մոլորեալները
չէր
կրցեր
ուղղութեան
բերել:
Ի՜նչ
սուրբ
միամտութիւն:
Կոստանդնուպոլսոյ
արքունեաց
արուեստակեալ
գիտնականք
ունենալու
էին
բաւական
պատճառներ՝
կիլիկեցի
հայ
Եկեղեցականին
ոսկեղինիկ
հմտութեան,
այնքան
աղուոր
լծորդուած
այնչափ
խոնարհամտութեան,
այնչափ
անփառունակ
գերազանցութեան
վրայ
հիանալու,
երբ
Տարսոնի
երիտասարդ
Արքեպիսկոպոսը,
Անամուռի
տիրոջ՝
Պարոն
Հալկամի
եւ
ուրիշ
պարոններու
ընկերակցութեամբ
ղրկուած
էր
Բիւզանդիոն,
Լեւոն
Մեծի
ընծաներն
ու
բարեկամութեան
հաւաստիքը
տանելու
Ալեքսիսի,
որ
Ռուբինեանց
առաջին
թագաւորին
արքայական
թագ
էր
ղրկեր:
Միթէ
մթնոլորտին
լուսափայլ
ստուերին
մէջ
չէի՞
շնչեր
այն
ժամուն՝
քիչ
մը
Լամբրոնացւոյն
ամենաքաղցր
սրբութենէն,
որ
իր
վերացմանց
ա՜յս
երեկոյեան
պահուն,
գորովագին
ու
հիացական
կ’ելլէր
մարդոց
եւ
էակներուն
եւ
ամենայնի
Հոգւոյն:
Կը
գտնուէինք
այնպիսի
տեղ
մը
որմէ
շատ
հեռու
ալ
ըլլալու
չէին
իր
ծննդավայրն
ու
բնակավայրը:
Մեր
ձախ
կողմն
էին
այն
բարձրութիւնները
որոցմէ
անդին
պէտք
էր
որ
գտնուէին
Սկեւռայ
վանքը՝
Ներսէս
Լամբրոնացւոյն,
Սկեւռացի
Գրիգորի
եւ
այլոց
անուններով
շքաւորուած,
եւ
Լամբրո՜նը,
այո:
Առանց
սակայն
Ներսէսի
անուան՝
այս
բառն
անտարակոյս
այնքան
քաղցր
պիտի
չհնչէր.
վասնզի
մարդասէր
եկեղեցականին
հայրը,
Օշին,
տէր
Լամբրոնի,
ատելի
եղած
էր
Ռուբինեան
իշխանութեան
որ
իր
բոլոր
ուժերուն
պէտք
ունէր
միշտ.
ատելի՝
որովհետեւ
ուրիշ
մէկ
քանի
հայ
իշխաններու
հետ
օժանդակեր
էր
Յունաց՝
երբ
դիւցազնականն
Թորոս
(Բ.
)
Մսիսի
տէր
կը
դառնար
վերջնապէս,
եւ
ուրիշ
անգամ
մը
համաձայնելով
Թուրքաց
հետ՝
չէր
խղճացեր
Ատանայէն
հինգ
հարիւր
հայ
կոյսեր
անոնց
գերի
վարելու
չափ
ազգադաւ
ըլլալ:
Մեծին
Լեւոնի
պիտի
վիճակէր,
ճարտարութեամբ
եւ
առանց
դոյզն
արիւնհեղութեան՝
գրաւել
այն
գոռոզ
դղեակն,
ու
հզօր
մականի
մը
ներքեւ՝
իբրեւ
մոգական
ճպոտի
մը
շնորհիւ
դադրեցնել
այն
երկարատեւ
վէճը
որ
կը
տիրէր
ընդմէջ
Ռուբինեանց
Իշխանութեան
եւ
Օշինեաններուն:
Ո՛րքան
կ’ուզէի
տեսնել,
Նէմրընէն
անցնելով,
աւանին
վերեւ
դեռ
կանգուն
այն
բերդը,
աւելի՛
անառիկ
եւ
անտարակոյս
աւելի
վիթխարի՝
քան
այն
կողմանց
պատկանած
Պապեռոնը
հիմա
հետախաղաղ,
ու
Դեղնքարի
դղեակը,
բոլորովին
անյայտ,
որու
նկատմամբ
սակայն՝
հոնկէ
մնացած
եւ
ի
Տարսոն
հայ
եկեղեցին
պահուած
սեւ
մարմար
մը
կ’ըսէր.
…Սուրբ
եւ
հզօր
արքայն
Աւշին
(*)
ՏԲ.
թագ’ւոր
Հայոց
զարմին,
Կանգնեաց
զամրոցս
այս
ահագին,
Նոցունց
որք
աստ
ապաստանին…:
Բայց
մենք,
շրջապատող
իրերուն
վայելքին
անձնատուր,
ու
բոլորովին
ուրախ,
–
Աստուա՛ծ
իմ,
Տօրոսին
մէջ
պիտի
գիշերէինք,
եւ
յետոյ,
ո՛րքան
գեղեցկութիւններ
ու
յոյզեր
ունէինք
դեռ
վաղորդայններուն
մէջ
ի
պա՜հ
եւ
կարծես
անսպառ,
–
կը
յառաջանայինք
արահետին
վրայ
որ
կը
բանար
մեր
առջեւ
նորանոր
տեսիլներ,
իրիկուան
երանգներով
երփնուած:
Մեր
դէմը,
տեսարանին
խռովագիծ
ամբողջին
մէջ
ապառաժէ
քանի
մը
լեռներ
կը
կանգնէին.
գորշատեսիլ
կրային
լեռներ.
մօտագոյնը
մանաւանդ,
շոճախառն
կողերով,
իր
մղտալուրթ
զանգուածովը
լուսանշոյլ
հորիզոնը
կը
փակէր,
եւ
իրենն
էր
լերանցամէջին
տիրող
թափանցիկ
ստուերը
լեռնային
իրիկուններու:
Իր
սեպ,
պարսպաձեւ
կատարին
երեսը
քանի
մը
խոռոչներ
կ’երեւային
կարգաւ,
ներմզեալ
անձրեւներու
մաշեցման
գործ,
որ
կը
թուէին
ցնորական
դղեակի
մը
աւերակ
կամարներն
ըլլալ:
Ուղխերուն
հետքը
կը
տեսնուէր
այդ
խոռոչներն
ի
վար:
Հեռուն,
դէպի
աջ,
կը
բարձրանար
նմանօրինակ
լեռնակող
մը,
նոյն
ժայռեղէն
գորշ
բերդով
պսակուած:
Հոն
ալ
նոյն
մթին
խորշերը,
ու
զանոնք
պեղած
վտակներու
նոյն
վայրավէժ
հետքերը:
Ո՛հ.
ի՜նչ
կ’ուզուէր
ըսել
այդ
խորհրդաւոր
փոսաչուի
յուրաններով
որ
ճակատագրային
ոյժերու
կնիքն
իրենց
ճակտին
վրայ
կը
կրէին:
Յիշեցնե՞լ
անցորդին՝
առաջին
Լեւոնի
որդւոյն,
Կոստանդինի
աչքերուն
կուրացումն,
իր
եղբարց՝
գուցէ
Ստեփանէի
ու
Մլեհի
ձեռքով…
երբ
իրենց
տարաբախտ
հայրը,
Դաշտին
քաղաքները
գրաւելէն
քանի
մը
տարի
ետքը,
Անտիոքի
իշխանութեան
հետ
իր
կռիւներուն
մէջ
պարտուած
էր
ու
պահ
մը
ձերբակալուած,
եւ
Կիլիկեան
հայ
պետութիւնն
իր
առաջին
խախտումն
ու
շուարումը
կ’ունենար…:
Եւ
դարձեալ,
աւելի
քան
մէկուկէս
դար
յետոյ,
Հեթում
Երկրորդի՞
կուրացուիլն,
իր
եղբօր՝
յափշտակչին
Սմբատի
հրամանով,
երբ
թագաւորը
Պոլիս
իր
այցէն
իր
գահը
կը
դառնար,
եւ
երբ
արդէն
Ռուբինեան
իշխանութեան
մօտալուտ
վախճանը
կը
պատրաստուէր…:
Կը
կենայի՜ն
այդ
լեռները
կիլիկեան
իրիկունին
մէջ,
յուշանուրջներու
եւ
հրաժեշտի
այն
պահուն,
իբրեւ
մշտնջենապէս
անսփոփելի
գանգատներ:
Ի՜նչ
տեսարան
պիտի
ըլլար
արդեօք,
անձրեւներու
օրեր,
ջուրերուն
արտասուակերպ
հոսիլն
այս
լերանց
կոյր
ակնակապիճներէն…:
Սակայն,
ճամբուն
քով,
երկու
տխրահայեաց
լեռներուն
միջեւ
խորասոյզ
դալարասփիւռ
ձորի
մը
վերեւ,
ժեռուտ
ու
թփախառն
գահաւանդի
մը
վրայ
պուրակ
մը
երեւան
կ’ելլէր
մեծամեծ
շոճիներու:
Ա՛լ
պէտք
էր
իջնել
հոն
մէկ
քանի
վայրկեան
յամելու.
հերի՛ք
զմեզ
տարեր
էր
այդ
արշաւամոլ
կառքը:
Ի՜նչ
վայր.
որչա՛փ
անդորր
ու
գորովագին
ո՜յժ
ներդաշնակութեան:
Այդ
գորշ
քարալեռներուն
ցցուիլն
երկնից
հանդարտ
լոյսին
մէջ,
պերճաշուք
այդ
հովանոցումը
մօտաբերձ
հզօր
շոճիներուն,
եւ
անոնց
հիմունքն
ի
վար
իջարագ
սահքը
դալար
ծործորին
որ
հեռուն
կը
լուսաւորուէր
եզնակագոյն,
ու
իշխող
ստուերին
լռութիւնն
ու
պայծառութիւնը,
թուփերը,
ծաղիկները,
ժայռերը,
ամեն
բան,
կը
հմայէր,
կը
կոչէր,
կը
նուաճէր
շուարուն
հիացական
ուշադրութիւնս,
եւ
տեսարանն
ամբողջ՝
կ’արբեցնէր
կատարեալին
ու
յաւերժականին
անձկայրեաց
էութիւնս,
առանց
զայն
յագեցնելու:
Պահ
մըն
ալ՝
եւ
պիտի
հեռանայինք՝
այն
ամենէն
տանելու
տկար
տեսիլ
մը
միայն:
Ոսկեվառ
աքիլլեակ
մը,
խոտերէն
դուրս
յորդեր
էր,
տարօրինապէս
գեղեցիկ.
բոլոր
տեսարանէն
զա՜յն
միայն
կրնայի
քաղել:
Փրցուցի
զայն:
Achillea
aureaն
էր
հաւանականաբար.
թերեւս
achillea
cilicica՜ն:
Օ՛ն,
երթանք:
Եւ
մխիթարուինք՝
խորհելով
թէ
այս
շքեղութիւններով
լեցուն
պիտի
ըլլայ
մեր
կեանքը,
շաբաթ
մը
ամբողջ.
թէ
Լեռը
դեռ
կը
սկսի՜
միայն:
–
Վայրկեան
մը
վերջը
ա՛լ
չէինք
նայեր
հմայական
ձորին,
որ
մեր
ետեւ,
ի՜նքն
ալ,
կը
ծածկուէր,
կ’անհետանար:
Յանկարծ,
տարօրինակ
բան
մը
զգացի:
Իրիկունէն
շիկագոյն
լուսաւորուած
ամպերու
երամի
մը
ներքեւ,
որք
հաւանականաբար
աչքերէս
կը
ծածկէին
Կիլիկեան
Տօրոսի
ամենաբարձր
կատարները,
–
եւ
աղօտապէս
ոսկեխաժ
անտառներու
վերեւ,
քարային
բարձրութիւններու
շարք
մը
կ’երկարէր:
Այդ
ժայռերուն
մէջ
փեռեկտուածք
մը
նշմարեցի…:
Կիրճն
էր:
Արդէն
կ’երեւա՜ր,
ա՛ն
էր,
ան
միայն
կրնար
ըլլալ:
Այնպէս
չէ՞,
Ալի՜
աղա.
Կիւլէքը
չէ՞…:
Մարդը
նայեցաւ,
այո՛,
ան
էր:
Իր
տեղին
մէջ,
իր
անձկալի
գոյութեան
տեղւոյն
մէջ,
ամենաքաղցր
անձնատուութեամբ
մը
երեւան
ելեր
էր…:
Արեւամուտին
հիր
ու
լուրթ
ու
ոսկի
հուրերուն
մէջ,
վարի
անտառային
մթութեանց
ու
վերի
ամպեղէն
անորոշութեանց
միջեւ
որոշապէս
անջատուած
էին
իր
մուղտ
բացուածքին
երկու
կողմերը,
որոց
մին,
ձախը,
խոտոր
շիկորակ
երեսով
մը
կ’իջնէր՝
եւ
յետոյ
երկու
ժեռորմերը
մէկ՝
կը
թուէին
ուղղաձիգ
խորասուզիլ:
Ուրիշ
ոչինչ…
մէկ
երկու
պզտիկ
ցցուածքներ,
Կուկլակի
Բերդը
արդեօք,
կը
նշմարուէին
նոյն
ձախ
կողմին
կատարը…:
Բոլոր
այն
տարածութեան
մէջ,
եւ
բոլոր
տեսարաններուն՝
որոցմէ
անցեր
էինք,
ու
բոլոր
աշխարհի
մէջ
ահա
այդ
ճեղքն
էր
Կուկլակը,
–
Կիլիկիոյ
Դրունքը.
եւ
բոլոր
շրջակայքն
յանկարծ
այդ
ծերպէն
կը
թուէր
սարսռալ:
Աւելի
նշանաւոր
ճամբայ
մը
կա՞ր
արդեօք
աշխարհի
վրայ,
քան
այն
խորհրդաւոր
լրթութիւնը
որ
այն
բացուածքէն
ներս
կը
սուզուէր,
քան
այս
խորափեռեկ
կիրճը
որ
Կապպադովկիան
ու
Փոքր
Ասիան՝
եւ
Կիլիկեան
երկիրը,
որ
Ամանոսի
Ասորւոց
Դրանց
հետ՝
վճռաբար
ու
մոգապէս՝
Արեւմուտքն
ու
Արեւելքը
հաղորդակցութեան
կը
դնէր:
Եւ
դեռ
վա՜ղը
պիտի
հասնէինք
հոն
ու
զայն
թափանցէինք:
Վարի
պղտորութեանց
վարժ
մեր
աչքերուն
համար
դժուար
էր
հաւատալ
թէ
Կիրճը
տակաւին
հեռու
էր,
թէեւ
աղէկ
գիտէինք
թէ
լեռներու
մթնոլորտին
պայծառութիւնն
այնքան
մեծ
է
որ
բոլոր
հեռաւոր
բարձունքները
խիստ
մօտ
կը
թուին,
երկնային
մտերմութեամբ
մը
կը
մերձենան…:
Վա՜ղը
ուրեմն,
առաւօտուն…:
Իսկ
ահաւասիկ
հիմա
վաչը
կը
դառնար՝
բարձրակարկառ
կուրակնարկ
քարալեռներուն
աջակողմեանին
ստորոտէն,
ու
կը
սուզուէր
կը
հասնէր
Մէզարօլուգ:
Այսինքն
Մոպսուկրի՜ն:
Մեր
առաջին
գիշերային
իջեւանը.
Աստուած
իմ,
մոգակա՜ն
տեղ…:
Մթամած,
լուռ
խան
մը,
ցած,
կքուն,
անհետ.
անդին
ուրիշ
բնակարան
մը,
ու
խաւարին
ծառեր,
եւ
բոլոր
ասոնցմէ
վա՛ր՝
անտառուտ
գահավէժը
որ
դէպի
հրավառ
արեւամուտն
ու
գիշերային
ստուերները
կը
խորասուզուէր:
Ասդին՝
ձորին
գերագոյն
կատարը՝
քարալեռը
կը
տնկուէր,
վերջալոյսէն
ոսկեզօծ…:
Ու
հոն,
ապառաժներուն
տակ,
խոտաւէտ
դարեւանդներու
ոտքը՝
զովապայծառ
ստուերին
մէջ
աղբիւր
մը,
յորդաջուր
ու
մեծաձայն
կը
հոսէր,
իշխելով
ամեհաձեւ
ձորին
բոլոր
խաղաղութեան
որ
մշտնջենական
ունկնդրութիւն
մը
թուէր:
Մոպսուկրի՜ն
էինք,
–
Մոպսոսի-Աղբիւրը–,
հրաշալի
անցեալի՜
մը
մէջ:
Արդեօք
աստուածոց
դարերէն
դրուա՞գ
մը
կ’ապրէինք:
Աւան
կամ
Դղեակ
չկար.
քրիստոնէական
ժամանակի
ոչ
մէկ
հետք
կը
տեսնէի.
այլ
մեծագործ
մեծվայելուչ
առանձնութեան
մը
խորը,
Բնութեան
յաւերժական
հեթանոսութեան
մէջ՝
միայնակ
աղբիւրը,
մշտախոխոջ,
անլռելի,
անմեռ:
Զայն
հաստատեր
էր
հոն
վաղնջական
օրերու
Քուրմ
մը,
մեծազօր
Գուշակ,
–
աստուածորդին
Մոպսոս:
Ինքն
էր
որ,
Ալէյեան
Դաշտաց
մէջ,
Պիւռամոսի
ափանց
վրայ,
Մոպսուեստիան
(*)
ու
Մալլոսը
(**),
Ջահանի
երբեմնի
գետաբերանն
եզերող
հրուանդանին
վրայ,
հանդէպ
միւս
ափունքն
երբեմն
զարդարած
Մեգարսի՝
ուր
Գուշակին
ընկերոջ՝
Ամփիլոզի
շիրիմն
ընդունեց
Աղեքսանդրի
այցն
ու
հեղընծայումն,
ինչպէս
Մեգարսեան
Աթենասի
բագինն
ալ՝
գեղանսեհ
աշխարհակալին
զոհերը:
Ո՛վ
գիտէ
ի՛նչ
առթիւ
եւ
ի՛նչպէս՝
գերազանցեր
էր
Մոպսոս
զԿաղքա՜ս՝
Տրոյիոյ
պատերազմին
այլեւայլ
իրադարձութիւնքը
ճշդիւ
մարգարէացած
յոյն
տեսանողն,
ի
Քլարոս,
Եփեսոսի
ծոցին
մեծանուն
սրբավայրին
մէջ,
եւ
ըստ
պատգամի
մը՝
պատճառ
եղեր
էր,
իր
գերազանցութեամբն
իսկ՝
անոր
մահուան:
որհրդաւոր
քուրմին
աստուածային
իմացականութենէն
կը
մնար,
կը
տեւէր
ցայժմ
մշտակենդան
այն
Ակը,
զոր
ի
պատիւ
սրբազան
բնութեան
եւ
ի
սփոփ
ու
երանութիւն
մարդոց՝
վերածեր
էր
աղբիւրի՝
եթէ
չէր
ցայտուցեր:
Սակայն
հոս
իսկ,
ի
Մոպսուկրին,
հռոմէական
դղեակի
մը
մէջ
էր
որ,
աշնան
օր
մը,
մեռաւ
Կոստանդ
կայսր,
երբ
Պարսից
դէմ
կռուելէ
դարձին,
տխրասարսուռ
նախազգացումներով
կուգար
Անտիոքէ,
Յուլիանոսի
հեռածագ
արեւուն
դէմ
մարտնչելու
երթալով…:
Մեծափառ
Ոստանէն
դուրս
ելած
ատենը,
երբ
արդէն
կը
զգար
լքուած
ըլլալն
ի
սպառ
զինքը
պահպանող
ոգիէն,
հանդիպեր
էր
չարագոյժ
բանի
մը.
նոր
խողխողուած
մարդու
մը
դիակին.
եւ,
բաբէ,
երբ
ի
Մոպսուկրին
կը
բարձրանար՝
այս
լերինք,
աշնային
շշունջներու
մէջ
կանգնած,
տարօրինակ
կերպարանքով
մը
կը
նայէին
տենդահար
ու
մռայլ
վեհապետին.
ու
Մոպսոսի
աղբիւրն
անտարակոյս,
անողոք
ու
յուսահատեցուցիչ
բաներ
կը
խօսէր…:
Արդեօ՛ք
Յուլիանոս
իսկ,
–
որ
կը
հաւատար,
ըստ
հոգեփոխութեան,
կրել
Աղեքսանդրի
հոգին,
եւ
կը
յուսար
անոր
պէս
յաղթել
աննուաճելի
Պարսից
որոց
դէմ
պատերազմելու
կ’երթար,
եւ
հակառակ
այս
յոյսերուն՝
խորապէս
մտատանջ
էր
աղիտագոյժ
նշաններու
հանդէպ
զոր
Արեւմուտքէն
մինչեւ
Արեւելք
իր
բոլոր
ուղւոյն
վրայ,
իր
անյագ
անհանգիստ
բախտահարցի
փորձերն
իրեն
կը
յայտնէին,
եւ
զորս,
հազուադէպ
բարեգուշակութեանց
ապաւինած՝
կը
բաղձար
մոռնալ,
–
Յուլիանոս,
կ’ըսեմ,
գուշակներու
իշխանին
այս
աղբիւրին
մէջ
անձկութեամբ
չփորձե՞ց
իր
բախտը.
եւ
իր
նախորդին
ու
թշնամւոյն
մահուան
տեղւոյն
վրայ
տեսա՞ւ
արդեօք
աղբիւրին
աննենգ
պաղպաջին
մէջ
իր
մօտալուտ
վախճանն
ի
Սուրիա՝
եւ
ոտքին
տակ
այս
լեռներուն՝
իր
գերեզմանն
ի
Տարսոն:
Բայց
Մոպսուկրինն
այլապէս
շքաւորուած
վայր
մըն
է,
եթէ,
կասկածիս
համեմատ՝
նոյն
այն
տեղն
է
զոր
Մայծառ
կ’անուանէ
Սմբատ
Գունդուստապլ:
Հեթումի
Առաջնոյ
օրերն
էր
որ,
Մողոլք
մտան
Հայաստան
ու
Փոքր
Ասիա,
եւ
քալեցին
Սելճուգեան
պետութեան
վրայ
որ
պիտի
օր
մը
յաղթահարուէր
անոնցմէ.
Գոնեայի
Սուլթանին՝
Քայի-
ոսրովի
կինն
ու
դուստրը
Կիլիկիա
փախան.
եւ
Մողոլ
անն
Հեթումի
լուր
ղրկեց
փախստականները
յանձնել:
Վախցուեցաւ
որ
մերժումը
կրնար
յառաջ
բերել
Թաթարներու
հրոսում
մը
յայսկոյս
Տօրոսի.
եւ
Հեթում
հրամայեց
Սելճուգ
իշխանուհիները
ղրկել…:
Բարեկամութեան
այս
դրժումը
հայ
թագաւորին
կողմէ՝
զայրացուց
Սուլթանը
որ
Կիլիկիա
վրիժառութեան
արշաւեց:
Վրդովման
բայց
ոչ
յուսահատութեան
օրեր
եղան
անոնք
ուր
թագաւորահայրը՝
Կոստանդին
եւ
Սպարապետը՝
Սմբատ
Գունդուստապլ,
պաշտպանեցին
Տարսոնը,
մինչ
Ատանայի
կը
հսկէր
Հեթում:
Տաճիկները
երկիրն
աւերեցին:
Վեց
օր
ետքը,
կ’երեւայ
թէ
իրենցմէ
մաս
մը
դէպի
Կիրճը
կը
դառնար.
դաշտն
ասպատակողները
ետեւնուն
ելան
զանոնք
դարձնելու:
Այն
ատեն
թագաւորը,
թագաւորահայրն
ու
սպարապետը
իրենց
հեծեալներով
հետապնդեցին
զանոնք
լեռներուն
մէջ,
հասան
Մայծառ,
զարկին,
յաղթահարեցին
ու
վանեցին
Տաճիկները
մինչեւ
Պոտանդէ,
այսինքն
Կուկլակ
կիրճէն
դուրս,
մինչեւ
Պողանդը-Չայ
(Չագըտ):
Եւ
անտարակոյս,
երբ
այս
յուզումնալի
երթեւեկները
տեղի
կ’ունենային
այս
ճամբուն
վրայ՝
Մոպսոսի
աղբիւրը
կը
հոսէր
շարունակ,
ժամանակներէն
եւ
իրադարձութիւններէն
անխռով
եւ
անպղտոր,
ինչպէս
այժմ,
յաւերժապէս
ջինջ
ու
զո՜վ,
կարծես
լի
ու
շողշողուն
նշոյլներովն
անվախճան
օրէնքներուն
որ
մարդոց
կիրքէն
ու
կամքէն
երանափառօրէն
գերաբերձ
ու
գերախոր՝
անբարբառ
ուշադիր
ծառերուն,
քարերուն
ու
մեզի՝
մարդոցս,
գիշերամուտի
անդորրին
մէջ
իբրեւ
տիեզերքին՝
կը
շշնջէին,
աղբիւրին
ձայնով՝
ամենայնի
համահաւասար
ու
խոնարհ
հպատակութիւնն
իրենց
թագաւորութեան
մէջ:
1909,
Իւսկիւտար
--------------------------------
(*)
Սմբատ
պատմագիր:
(**)
Տեսնել
նաեւ
այս
մասին
«Շիրակ»ի
2րդ
թիւին
մէջ
Ֆնտքլեանի
ՀԱՅ
ՑԵՂԸն:
Տ.
Չ.
(***)
Անշուշտ
չի
շփոթուիր
Ներսէսի
հօրը՝
Օշին
իշխանին
հետ:
(****)
Յաշտարան
Մոպսոսի.
Մամեստիա.
Մսիս:
(*****)
Այժմ
Գարաթաշ
աւան: