Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԵԼԼԵՍՊՈՆՏՈՍ

Տարտանելի Նեղուցին մէջ ենք. պայծառ ու հովոտ Հելլեսպոնտոսին: Արեւողող ու հողմակոծ՝ կը սուզինք անընդհատ երկու հեռաւոր ափունքներուն միջեւ որ բացերէն գալով անզգալապէս կը մօտին, կը զուգընթանան, ու հեռանկարին անորոշութեանց մէջ կը թուին ընդգրկուիլ: Անապատի կանաչութեան մը գրգլիներուն մէջ եւ համատարած ամայութեան, որ ոչ այլ ինչ է քան Անցելոյն անխռով ու տեւական ներկայութիւնն այս մեծ ու տխրատեսիլ ցամաքներուն վրայ, միառմի երեւան կ’ելլեն այն քանի մը բնակութիւնները որ հոս հոն իրենց խորշերուն մէջ ամփոփուած՝ չեն կրնար իրենց շէնութենէն բան մը տարածել չորսդին, եւ այս ելեւէջներուն, այս կողերուն անզարդ ու խստամբեր առանձնութիւնները փոքր ինչ քաղցրախառնել: Ասոր համար է որ իւրաքանչիւրն այդ բնակութեանց՝ կը գրաւէ միշտ ուշադրութիւնն անոնց որ Տարտանելի անհամբոյր դատարկութիւնը գիտեն, եւ սիրալիր ակնարկն ալ անոնց որ քիչ մը գէթ ապրած են այդ պզտիկ քաղաքներուն մէջ:

Ահա՛ Կելիպոլուի փարոսն ու խարակները. սիրելագոյն ծանօթներս այս վայրերուն մէջ…: Ի՜նչպէս՝ զանոնք նորէն տեսնելու պարզ ստուգութիւնը ժամերէ ի վեր հետզհետէ եղած է վերստին զանոնք նկատելու կարօտալի բաղձանք մը, եւ ի՛նչ հաճոյքով կ’ողջունեմ ճամբուն անկենդան պարապութեանց մէջտեղ երեւան ելլող ինծի յոյժ ընտանի այս տեսարանը, - բնական այս պարիսպը խճային շիկագոյն խարակներու եւ անոր վրայ կեցող թզուկ փարոսը, ձիւնասպիտակ եւ առաքինակա՜ն, այնչափ աւելի աղաւնակերպ որչափ իր ժայռերը վայրենադէմ են աւելի. գեղեցիկ տե՛սքը՝ սեպ ու ծերպուտ ու լայնանիստ ժեռագօտւոյն ու զայն վերծայրող կարճաբերձ փարոսին այս զուգման, եզականօրէն համեմատական, ուստի կատարեալ, անսրբագրելի, ուր նոյն ատեն կը տեսնես երբեմնի դաւաճան հրուանդանը հիմա պայծառօրէն անձնամատն, հիւրամերժութիւնը՝ վայրենակզակ՝ վերափոխուած ի քաղցրհայեաց բարեացակամութիւն, քարեղէն անբանութիւնն ի լուսաճաճանչ Բա՜ն սրբատաշուած, Սկիլլային սպառնալիքը՝ բարիգալուստ եւ ողջե՜րթ:

Ո՛րքան կը սիրեմ ես այս ծովեզրը. քանի՛ցս այս խարակներուն վերեւը մնացած եմ ընդերկար, լայնարձակ անջրպետին մէջ ի հայեցողութեան. եւ վարը, աւազէ ճամբուն վրայ ո՛րքան դեգերած եմ, ալեկոծ թուխ պարեխներուն ետեւն ու մէջերը, որ անջատուած ինկած են փարոսին խարակներէն ու ծովուն դէմ կը պաշտպանեն զանոնք. թոհուբոհ մը պղնձաթոյր քարերու որ ծովուն շառաչուն խուժմանց կը դիմակալեն, որոց ծունկն ու կուրծքը, որոց ուսն ու կուշտն ու թիկունքը ծովուն ահագին ափլէզներուն կը տոկան, եւ ընդոստուն փրփուրներուն ջաղբին կը ժուժեն անխլիրտ, որպէս զի կոհակները չյարձակին խարակներուն, չկրծեն զանոնք, եւ ճերմակ փարոսը՝ միշտ կանգուն իր պատուանդանին վրայ՝ գիշերներն իր զգուշարար ակնարկը շրջեցունէ: Ո՛րքան կը սիրեմ ես այս տեղուանքը: Եւ իրերը սիրել՝ քիչ մը մասնակցիլ չէ՞ անոնց վիճակին ու դերին: Սիրելը կենակցիլ է. եւ բանաստեղծութիւնը որ սէր է, տիեզերքին հետ կենակցութիւն մըն է իրօք:

Սա չէ՞ այն տեղը ուր՝ հողի փոքր հատքի մը վրայ՝ քահանայ մը ինծի օր մը ցուցուց հողամած վաղնջական ոսկրոտիներ. անծանօթ գերեզման՝ թերեւս քաղքին առման ատենի երկրաշարժին արդիւնք, կամ թերեւս աւելի՜, շատ աւելի հին…: Եւ սա ծերպը չէ՞ այն խորշը՝ ժեռորմին ծալքերուն մէջ, ուր ես ալ՝ նոյն քահանային որ եկաւ զիս հոն գտաւ՝ անոր հարցումներուն պատասխանելով խօսեցայ հոգւոյն գոյութեան եւ անմա՜հ ըլլալուն վրայ…: Տէր Հայր, յիշէ միշտ ինչ որ ըսի. յիշէ որ խիղճը մինա՛կ կը մնայ յետ մարմնոյն մահուան, եւ բոլոր մեր չար գործոց անցեալն անսքօղ կը վերերեւի՝ անջինջ եւ անվթար, եւ մեր անսփոփելի թախիծը կը կազմէ, մինչեւ ցնոր ավադառ…:

Բայց ահա, տակաւ, նոյն ինքն Կելիպոլուն, դիզուած ու պատսպարուած այն զառիվեր գոգին մէջ զոր խարակները կը պատեն հիւսիսէն. խեղճ լուրջ քաղաք. անհրապոյր ու տրտմագին տեսքով, ինչպէս ամեն տեղ ուր իսլամը կը տիրապետէ: Կարծես Սեւ Ծովու քաղաք մը: Եւ սակայն գինեւէ՛տ, ինչպէս էր երբեմն, եւ քիչ շատ զուարթ՝ իր զուարճասէր ոչ-իսլամներուն կերուխումերով որոց ժխորը հրուանդանին ստորոտն օղակող աւազափունքին ու քարերուն վրայ՝ կը ժպրհի երբեմն խարակներուն մենութիւնը սրբապղծել, առանց սակայն քաղքին տիրող համատարած թրքականութիւնն եղծելու: Չէ՞ որ Կելիպոլու անդրանիկն է արդէն եւ ամենէն հաւատարիմներէն մին՝ Եւրոպայի վրայ Օսմանի սերունդին գրաւած տաճկացուցած քաղաքներուն, քանի որ Օրխանի որդւոյն՝ Սիւլէյմանի առաջին աշխարհակալութիւնն է՝ ԺԴ. դարուն, Կիզիքոնի աւերակներուն մէջ իր կրած ազդմանց առաջին թափով: Բայց նաեւ թերեւս նորագոյնն է Հելլեսպոնտոսը ցանցառօրէն բնակաւէտող քաղաքներուն, քանի որ Կալլիուպոլիս կը թուի հիմնուած ըլլալ 280ի ատենները նախ քան զՔրիստոս, Գաղղիացի Կալլիաս զօրավարին ձեռքով, հաւանականաբար երբոր Աղեքսանդրի ժառանգորդ Թրակեան Թագաւորութեան վրայ կ’արշաւէին «միայն երկինքին փլչելէն վախցող» Դանուբեան Գաղղիացիք, Սագոմազգեստք (Tectosages)–, մէկ կողմէ իջնելու համար մինչեւ Յունաստան, ուր չարաչար պարտուեցան, եւ միւս կողմէ՝ անցնելու եւ երթալու խրելու համար ի Փոքր Ասիա ուր Գաղատիան ու Գաղատացիքը ձեւացուցին, դար մը միայն ինքնագլուխ: Այս կերպով, եթէ զոր օր. Անկիւրիան իրենց մէկ հիմնարկութիւնը չէ՝ հիւս. արեւմտեան այդ խօլ մրրիկին թերեւս միակ հետքն է աշխարհի վրայ՝ Կալլիուպոլիս՝ այս ժայռերուն մէջ տեւականացած, շնորհիւ հարաւ. արեւելեան այն միւս ամպրոպին որով օսմանեան յառաջխաղացութիւնը զայն իր ոտքերուն առաջին կռուանն ըրաւ ի Ռումելի եւ աւելի ամրապնդեց քաղաքն իր ժեռուտ հիմերուն վրայ:

Թափուր նաւահանգիստին մէջ կարճ կայքէ մը յետոյ մինչ շոգենաւը կը վերսկսի իր ճամբան ու կը մխուի հովին մէջ, Հելլեսպոնտոսն ի վար, ձախ կողմը, ասիական ցամաքին տակ, ցածը, պարտէզներու, ծուխերու, ճառագայթներու մէջ հիմա լաւ եւս կը նշմարուի Լաբսէքին, այսինքն Լամպսակոսը, մին այս տեղերուն հնագոյն քաղաքներէն: Ծովեզրին վրայ կարգաւ կեցած իր հողմաղացքներուն դառնալը կը տեսնեմ…:

Ան որ երկար ատեն Կելիպոլու բնակած չէ, եւ շաբաթ օր մը առագաստանաւակով ժողովուրդին հետ Լաբսէքի չէ գացած բազարի, գիւղական յաւիտենական բերքերէն գնելու, ան որ չէ անցած անոր փողոցներէն ուր սալաքարերուն միջեւ խոտ կը բուսնի, եւ հոն շուկային մէջ մայթերուն վրայ նստող գեղացի թրքուհիներէն հաւկիթ չէ գնած, թարմ հաւկիթ, չոր, տաքուկ, թեթեւ, վեց հատը քառասուն փարայի, ու մածուն բղուկով, ան որ տաճիկ վաճառորդներուն գացած չէ պտուղներ գնելու առոյգ, երփնավառ, եւ թօշ ու կուռ բանջարեղէններ, որ դուռներու առջեւ չէ դիտած յոյն աղջիկները ոսկեղինիկ, նռնաշուրթն ու դեղձայտ…, որ շրջակայ հոյաբերձ ընկուզենիները չէ տեսած, ու կանաչ այգիներուն մէջ, փխրուն հողին վրայ, որթերու գետնամած խառնաղանճին մէջ չէ քաղած միւշքիւլէի, այծպտուկի, չաւուշի, նուռնիկեարի ողկոյզներ, սաթէ, խրիսոպրասէ, յակինթէ…, չի՜ կրնար գիտնալ երբեք թէ ի՛նչ հրապոյր ունի այս Լաբսէքի անունը. թէ ի՛նչ գեղջուկ ու հնաւուրց բան, ի՛նչ բնականութիւն ու թարմութիւն, գոյութեան ի՛նչ բերկրանք, որպիսի՛ նսեհ ու բարօրութիւն կայ այս աղուոր տեղւոյն, այս անունին մէջ. Լա՜բսէքի:

Ոչ միայն հիմա, այլ նաեւ ու մանաւանդ հին ատենն այս անունը կը զարթուցանէր, անտարակոյս, աղու տեսիլներու նոյն հոյլն ու երանութեան նոյն զգայութիւնը, քանի որ բլուրներու ծիծաղկոտ այս գոգը՝ Լամսակոս՝ նուիրուած էր Պրիապի, պարտիզաց ու պտղաբերութեան մրգապաճոյճ աստուածին: Մանաւա՛նդ որ քաղաքին անունն այս վայրերուն մէջ՝ կը կոչէր յիշատակներն ու գաղափարն աւելի արբշիռ հրճուանքներու քան որչափ չէին կրնար ըլլալ խաղաղիկ գոյութեան երջանկութիւնն եւ այգեաց ու հովտաց հարազատ բերքերուն վայելքը, քանի որ Պրիապ՝ նոխազեղջիւր ու մազոտ՝ աստուածն էր նաեւ բեղմնաւորութեան եւ որդեծնութեան, սաղարթագեղ հեշտոցներու մէջ թաքչտող հրապոյրներուն ու յոյզերուն աստուածը, ծիծաղաշուրթն ու յայրատ. եւ տօները որ տեղի կ’ունենային հոս ի պատիւ իրեն՝, պրիապականք՝ անուանի էին գինիէն ու տրիփէն ծիրանեվառ անառակութիւններով: Լամպսակոսի անունը՝ ի հնումն անտարակոյս կ’արթնցնէր նաեւ անայլայլ բարեբախտութեան մը գաղափարը, արդարացուած նա՛եւ շնորհիւ Անաքսիմէնի, Աղեքսանդրի մէկ դաստիարակին (եւ ապա կենսագրին) որու մէկ պատրաստամիտ հնարքը փրկեց զԼամպսակոս, իր ծննդավայրն աշխարհակալին ցասումէն: Որովհետեւ Պրիապի քաղաքը կուսակցեր է Դարեհի՝ Աղեքսանդր կ’ուզէ հիմնայատակ քանդել զայն: Անաքսիմէն կը շտապէ թագաւորին մօտ, աղաչելու որ չվնասէ իր ծննդավայրին: Աղեքսանդր հասկնալով անոր նպատակը՝ կանխաւ կ’երդնու չկատարել ամենեւին ինչ որ պիտի խնդրէր. եւ ահա խելացի մարդը կը խնդրէ անկէ աւերել փճացնել զԼամպսակոս…: Եւ քաղաքը կը փրկուի՜:

Սակայն այս վայրը ծնունդ տուած է նաեւ փիլիսոփայի մը, Ստրատոնի, Պտղ. Եղբայրասէրի դաստիարակին, եւ թերեւս պրիապեան տօներու շուայտութիւնն իսկ է պատճառ որ փիլիսոփան եղած ըլլայ ժխտող մը. դից՝ այսինքն իրաց հոգիներուն կամ արարչագործ Բանի մը աստիճանեալ կերպաւորմանց կարելիութիւնը մերժած, եւ ամենայնի պատճառ համարած ըլլայ Բնութիւնն իր արտադրիչ ոյժով, պարզապէս ինչ որ մեզ ժամանակակից (եւ արդէն իսկ անցելոյն վերաբերիլ սկսած) նիւթապաշտութիւնն ստիպուեցաւ դաւանիլ՝ ի չգոյէ հանճարի, ճշմարիտ գիտականութեան եւ միջոցներու: Սոկրատի այս թոռնորդի՛ն ի փիլիսոփայութիւն՝ աւելի ֆիզիքական եղաւ քան իր պրիապաշտ հայրենակիցները որ աստուածային զօրութիւններ կը դաւանէին նիւթին մէջ ու անկէ վեր, եւ անժառանգեալ ու կոյր վարդապետութեան մը յանգեցուց այն լուսաճեմ իմաստասիրութիւնը որ բղխած էր Սոկրատի հոգիէն, ու նոյն իսկ Անաքսակորասի, եւրոպական ոգեպաշտութեան այդ վսեմ նախահօր իմացականութենէն: Պրիապ իր նոխազի եղջիւրներով՝ աւելի կ’արժէր իբրեւ կենդանակերպ իմացական պատճառ ցանկալի պտղաբերութեան, քան քու անբան Physisդ, ո՛վ Ստրատոն, որ համարձակեցար փոքրոգի անաստուածութեամբդ սրբապղծել անշքացնել Ճեմարանն ուր քենէ առաջ վարդապետդ՝ աստուածայինն Թէոփրա՜ստոս պերճախօսած էր, եւ նախ քան զայն՝ անոր իսկ ուսուցիչն, արեւմուտքի եւ արեւելքի քաղաքակրթութեանց վարդապետն յիմաստասիրութիւն՝ բարբառեր էր նոյն ինքն Արիստոտել: Երբ, անկէ ի վեր, թողուցիր զաշխա՛րհ զոր չկրցար ա՛յլապէս ճանչնալ քան իբր աշխարհագէտ, եւ Լիկէոնը որու վեհութիւնը չհասկցար ու չյարգեցիր, երբ լամպսակոսցի մարմինդ թողուցիր քու Physisիդ, անտարակո՜յս հուսկ ուրեմն հոգեւին հասու եղար կուրութեանդ, եւ ճշմարտութեան…:

Ծուխերը, կանաչութիւնները, ծովեզերեայ աղօրիքներն ահա կորսուեր են մեր ետին. Լամպսակոս թաղուեր է դարձեալ իր բլուրներու կենսալի ծոցին մէջ. եւ նաւը կը շարունակէ սուզիլ երկու ցամաքներուն ամայութեանց միջեւ, հովուն շունչին ու ծովուն շշնջալիր պսպղումներուն մէջ, եւ այս գնացքը՝ կարծես Անցելոյն մշտակենդան լուսաշաւիղներէն՝ պիտի տեւէ ժամերով:

Ո՛հ, սակայն, եթէ Հելլեսպոնտոս դոյզն ինչ նմանէ՛ր աղուոր Վոսփորին:

Արդարեւ, աշխարհածնական միեւնոյն պատճառն է որ յառաջ բերած է անոնց պեղումը, երկրաբանական միեւնոյն նորագոյն ժամանակին մէջ (PlռistocՌne). բայց ո՛րքան ներհակութիւն միոյն ու միւսին միջեւ:

Երկու Նեղուցները նախ իրենց ափունքներուն տարիքով, կազմութեամբն ու չափերովը կը տարբերին իրարմէ: Վոսփորի ցամաքը շինուած է տեւոնեան շրջանին. այսինքն ա՛յն ատեն երբ կենդանական աշխարհին մէջ կ’երեւէին Բազկոտունք (Brachyopodes) իբրեւ առաջին օժտեալք երիկամնային գործարաններով, երբ Յօդուածոտնեայց (Arthropodes) անհուն ճիւղը կը սկսէր նախնական խեցեմորթներով որ հնէաբաններուն Եռաբլիթներն (Trilobites) էին, եւ մանաւանդ երբ կենաց պաղպաջուն օրրանին մէջ կը յայտնուէին Ձկունք, ուստի եւ կը կազմուէր առաջին ողնասիւնը որ անհաշուելի դարերու մէջ եղափոխուելով պիտի յանգէր մարդկային ողնասեա՜ն: Վոսփորի երկիրն ուրեմն անհամեմատօրէն աւելի հին է քան Տարտանելինը որ գործ է արդի ժամանակներու, եւ որու կազմութիւնը ժամանակակից է Մարդուն: Բնականաբար այն տարբերութիւնը որ կայ երկու Նեղուցներուն ձեւին ու իրենց ցամաքներուն գծագրութեանց միջեւ՝ արդիւնք է տարիքի այս հեռաւորութեան:

Կարելի է ըսել թէ աւելի դժուարին եղած է Վոսփորի բացումը քան Հելլեսպոնտոսինը, իրենց գետիններուն տարբեր հնութեան պատճառաւ: Վոսփոր ճաթռտուք մըն է, Հելլեսպոնտոս՝ ճեղք մը: Վոսփոր՝ մանրակերտ, բեկբեկ, ծամածուռ՝ կը ներկայացնէ ծովային ծործոր մը, ոչ այնքան խորունկ. մեծ ու խորափեռեկ ձոր մըն է Հելլեսպոնտոս: Նաւորդին դէմ որ կը յառաջանայ Վոսփորի մանուածներուն մէջ՝ անոր ափունքներէն մին կամ միւսը հորիզոնը կը փակէ. եւ կը թուի թէ լճակի մը վրայ կը նաւարկէ մարդ. հոս՝ մանուածներն յոյժ անզգալի են Նեղուցին համեմատութեանց մէջ, եւ իր հազիւ թեքեալ ճամբուն վրայ լճակներու պատրանքներն ապաստանելու տեղ չունին: Վոսփորի բլուրները բաղդատաբար աւելի յղկուն, աւելի բոլորշի, աւելի դաշն են քան Հելլեսպոնտոսի այս միւսիական ու թրակեան ցամաքները որ անողորկ են, դժնէ, անհամաձայն եւ անկապ: Քանդակագործ ու յարդարիչ մաշեցումն հոն աւելի ներգործած է քան հոս. որովհետեւ Վոսփորի բլուրներուն բեկընթաց շարքերն աւելի ընդդիմութիւն ըրած են քամիին ու հողմավար անձրեւներուն որ, ուրեմն, կրցած են բաղխիլ անոնց եւ յղկած են զանոնք: Նոյն հովը սակայն, որ երբ Սեւ Ծովու հովն է, բուռն է ի վերին Վոսփոր՝, հետզհետէ կը ցածնու ցորչափ կ’ընթանայ դէպ ի հարաւ. Նեղուցին անընդհատ աջահեկումներն հովին դիմադրելով անոր թափը կը մեղմեն կը նուաճեն, մինչեւ զայն վերածել քաղցրաշունչ զեփիւռի մը որ հեզասահ կ’անցնի մեծապանծ Մայրաքաղաքէն եւ կը թռչի դէպի լանջը գեղեցիկ Մարմարային: Մինչ հոս՝ ի Հելլեսպոնտոս՝ ոչինչ կը չափաւորէ անոր զովագին սաստկութիւնն եւ մինչեւ նեղուցին հարաւային բերնէն ալ դուրս դէպի Եգեան Ծով կ’արշաւէ անարգել եւ անսանձ: Հոս հովէն ճշմարտապէս զերծ խորշ մը գրեթէ չկայ. մինչ ի Վոսփոր այնքան ծոցեր կան անքոյթ ուր նաւերը կը հանգչին: Հոն, ապաստաններու յաճախութիւնն ու ցամաքին համեմատաբար դիւրամատոյց կուշտերը նպաստաւոր պարտէին ըլլալ ծովեզերքին ու բարձունքներուն իսկ շէննալուն. Կոստանդնուպոլիս անգամ իր հաստատումը կը պարտի նոյն ծոցերէն խորագոյնին՝ Ոսկեղջիւրի, որ վոսփորեան ճայթման մէկ կողմնակի ճիւղն է. եւ ինքը մեծ քաղաքն ալ իր կենդանութիւնը զեղլով չորսդին եւ մասնաւորապէս ի Վոսփոր, զարդարած է զայն պարտէզներով ու ապարանքներով: Հոս, այս մեծղի, այս անտաշ ու վայրենական եզերքներուն վրայ վաղնջական չքաւոր մենութիւնը կը տարածուի: Պերճաշուք ու թարմագեղ պչրանք մը, արդէն իսկ զեղծանոյշ ազնուականութիւն մը կը ծեքծեքի ի Վոսփոր. հոս՝ անսեթեւեթ այլ նաեւ անշնորհ պարզութիւն մը կ’երկարի բիրտ ու մռայլ. եւ անխտրասէր գարունը հազիւ կրնայ դալարի սփիւռներով այս ափունքներուն դաժանութիւնը ժպտեցնել: Զրկեալ, լքուն, անմխիթար ափունքներ, որոց ետեւներէն հեռաբերձ կատարներ կը նային, իբրեւ ցանցառ, սակաւերեւ վեհութիւններն այս վայրերուն անցելոյն: Իրապէս ոչ մէկ աւերակ կը կենայ հոս վկայ նախկին դարերուն. վասն զի այս ափունք ոչ մէկ քաղաքակրթութիւն հրապուրած են գալ կանգնել իրենց վրայ տեւելու արժանի յիշատակարաններ. մինչ ի Վոսփոր՝ թէպէտեւ յորդածաւալ Ներկան կը տիրակալէ (envahissant) հոն Անցեալն ու կը պատաղի անոր ինչպէս բաղեղն ու գեղձերն ու հովանեկաբերները՝ փլատակներուն, Հնութիւնն հարուստ է միշտ ինչպէս դէպքերով՝ նոյնպէս կոթողներով, Ծիանեան խութերէն մինչեւ Կոյսին ճերմակ յիշատակարանը, Մեդէայի Աշտարակէն մինչեւ Այիա Սոֆիա եւ Էսկի Սէրայ. եւ Այժմէին փարփառ ակնարկներուն ետեւ կ’ընդնշմարուի մելանոյշ հայեցողութիւնը Երբեմնին: Հելլեսպոնտոս անպաճոյճ հնութիւն մըն է. Վոսփոր՝ դալարագեղ մուսէոն մը: Երկուքն ալ, արդարեւ, երկիրներու եւ ծովերու միջեւ յարաբերութեանց իրարու համարժէք միջոցներ եղած են եւ թատր՝ իրերանման եղելութեանց, բայց Վոսփոր իր կողերուն բնարուեստ կատարելագործմամբ եղած է աշխարհ մը. եւ Հելլեսպոնտոս ճամբայ մըն է միայն: Վոսփոր ցանկալի նպատակ մըն է. Հելլեսպոնտոս անհրաժեշտ ուղեգիծ մը: Բայց այս անյեղլի ստորադասութիւնը կերպով մը փոխարինուած է անով՝ որ Հելլեսպոնտոս՝ աւելի ամեհօրէն ու արդիւնաւորապէս սպառազէն քան գեղանին Վոսփոր՝ ունի պատկառազդու պաշտօնը զայն պաշտպանելու: Դէպ ի հարաւ, ուր կը դիմենք, ռազմական ոյժ մը կայ հոծուած երկու եզերքներուն վրայ. եւ Հելլեսպոնտոս այսպիսի դեր մ’ունեցած է վաղուց, սկսեալ այն ատենէն՝ երբ, երկրորդ դարուն նախ քան զՔ. ՝ առնուազն իր սա արեւմտեան ափունքը՝ Թրակեան Թերակղզին՝ ամրացուած է Մեծին Անտիոքոսի ձեռամբ: Եւ մինչդեռ Վոսփոր ինքնապաշտպանութեան հազիւ կարող փափկասուն դրանոյշ մ’է (courtis. ) լոկ՝ առ ոտս եւ ի սպաս անոր անողոք պահակ մ’է Հելլեսպոնտոս:

Եւ ինչո՞ւ այս ամենը: Ըստ իս՝ վասն զի Վոսփորի ցամաքն արդիւնք է երկրագունդին առաջնական դարուց, եւ Հելլեսպոնտոսինը՝ վերջին չորրորդական ժամանակներուն. ուստի այն ցամաքն ամուր է ու դժուարապեղ, եւ կայծակնաձեւ փեռեկտուած, մինչ այս Նեղուցին երկիրը կակուղ ու դիւրահերձ՝ ճեղքուած է համեմատաբար ուղղագիծ: Մարդ կ’ապշի մտածելով որ աշխարհագրական ու պատմական այսքան նման իրերու այս մեծ ներհակութեանց պատճառը կրնայ ըլլալ պարագայ մը ա՛յնքան հեռաւոր, այնքան օտար, եւ առերեւոյթս այնչափ անկարեւոր:

 

Սկիւտար, 30 Սեպտ. 1910