Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊՏՈՅՏ

Ճամբուն տաղտուկներն ու դասերը. Ճարտարապետներն ու ծառերը. Մտածում եւ գործ. «Մուկի-ծաղիկ»ները. Նոճաստանը. Սէրը եւ Աստուած. Իսլամութիւնն ու նոճիները. Իսլամք եւ ոչ-իսլամք. Էտիրնէի «կրօնական հաստատութիւնները». Սելիմ Բ. ի մզկիթը. Արուեստը եւ քաղաքները. Թէքքէն. Ինչ որ յաւերժական է. Բաղեղը. Ո՞վ. Ինչո՞ւ. Սկիզբներն ու վերջաւորութիւնները. Ուսուցչի յիշատակներ. «Գիշեր»ը. Տնկարաններ եւ դպրոցներ.   րամին մէջ. Մրջիւնը. Գարունը. Չամլըճա. Սկիւտարի վեհութիւնները.

Ա.

Հեռու չերթամ եւ ոչ ուրեք նստիմ. երթեւեկ մը կատարեմ յամրաքայլ, առաւօտեան ժամերը դեռ չվերջացած: Չէի՞ կրնար աւելի կանուխ դուրս ելնել. հիմա գուցէ շատերու պիտի պատահիմ եւ պէտք պիտի ըլլայ բարեւելով զբաղիլ իբրեւ թէ նպատակս ադ ըլլար: Ահա մեր պարտէզին ծաղկած սալորենիները, իրենց սպիտակ շափրակները բացած, արեւողող, Մէզարլըգին մութ նոճիներուն առջեւ: Անցած են այլեւս ձմրան արշալոյսները, երբ անոնց անկարգ ու թնջուկուած ոստերը ձիւնէ ճպոտներու խառնաղանճ մը ձեւացուցած կ’ըլլային, խօլական, հրաշարուեստ, անբիծ. եւ անվթար՝ իբրեւ թէ ձիւնեղէն բանուածքներու վարպետ պարիկներ աղաչած ըլլային բարբարոս հովերուն որ չշարժին, տեղերնուն չերերան մինչեւ գոնէ առաւօտ, մինչեւ ծագումն Արեւուն: Երբեմնի մեծ դեղձին ալ հիմա պիտի բացած ըլլար իր վարդագեղ ծաղիկները. մեղք որ չորցաւ. ինքզինքը սպաննեց. վասն զի, քանի որ դեղձիները վաղամեռիկ են, թերեւս ամեն աշնան իր թափած տերեւներուն թոյնը՝ ծիանաջրական թթուն՝ ի վերջոյ տոգորեց հողն ուրկէ իր արմատները սնունդ կը քաղէին: Ա՛հ, սա բարեւի խնդիրը. ի՞նչպէս կարելի չէ առանց տեսնուելու քալել: Դուն կ’ուզես ընելիքիդ մէջ օտար բան չխառնել. քիչ մը ազատ ըլլալ բուն ընելիքդ ընելու. քաղքին մէջ իսկ քու սեփական աշխարհքիդ մէջ գտնուիլ. առանց ստիպման, ինքնաբերաբար նայիլ հոս հոն, անցորդներուն ինչպէս ամենյնի: Բայց հոս հարկեր կան զոր քեզ յաճախող ու պաշարող մտապատկերները կարող չեն արգիլել, զոր պճնազարդ ծառերուն ու քաղցր երկինքին ներկայութիւնը չի կրնար տկարացնել, զոր Գարունը բաւական արժանիք չունի մոռցնելու, եւ Բնութիւնը բաւական հեղինակութիւն չունի խափանելու: Տաղտկալի բան. անոնք որոնց պիտի պատահիս, ո՛չ բարեկամներ են ոչ անծանօթներ, որպէս զի հանգիստ ըլլայիր. հապա ճանչուորներ որոնց հետ ո՛չ կարելի է խզել, ո՛չ յարաբերութիւն մշակել. ի՛նչ տարապարհակ, մանաւանդ այս ո՛չ բնաւ սրատես աչքերով, նայիլ թէ ո՛վ են, թէ քեզ պիտի տեսնե՛ն, թէ պիտի փոխարինե՛ն շարժումդ ինչպէս որ պէտք է, թէ քեզ տեսնելով պիտի չնեղուին ու ներքուստ պիտի չքամահրե՛ն զքեզ նոյն իսկ բարեւիդ պատասխանելով: Սակայն արդա՞ր է այսպէս մտածել. ափսոս, խելացի մարդու մտածումներ չեն ասոնք: Այս դանդաղ քալուածքով չպիտի յոգնիմ բնաւ: Բայց իրօք, ո՛րքան տկար եմ դեռ: Պիսքիւիի գործարանին մէջ աշխատութիւնն սկսեր է: Դուռը բաց է. ահա տէրերէն մին, այն լուրջ պզտիկ երիտասարդը, հանգրիճուած թեւերով, մթին մեքենայի մը հետ զբաղած: Փոքրիկ հաստատութիւնը բարգաւաճեցաւ հետզհետէ աւելի. օրհնեալ տուն մըն է ան. ստուգիւ, Ճ. Որդիք ողջախոհ մարդիկ են եւ համերաշխ եղբայրներ: Բայց նորակառոյց շէնքերնուն առջեւ կեցած անդամատեալ չնարնե՜րը: Ինչո՜ւ անոնց ճիւղերը կտրեցիք: Եթէ չկտրէինք զանոնք, ըսէք թերեւս, պէտք պիտի ըլլար որ շէնքին պատուհաններէն ներս առնէինք: Հապա միւսնե՜րը: Տէ՛ր Աստուած, ի՛նչ արժանաւոր պատճառ կրնայ ըլլալ որ բարձրաճիւղ սաղարթագեղ ծառեր հաշմուին մարդոց ձեռքերով, մանաւանդ երբ ասոնք բան մը շինելու վրայ ըլլան. պէտք է որ մարդուն ճարտարապետութեան առջեւ տեղի՞ տայ Բնութեան ճարտարապետութիւնը: Որովհետեւ քարէ խան մը պիտի կանգնի հոն, միթէ պէտք է որ առջեւի ծառն ալ փայտէ կոճղի՞ մը վերածուի: Ի՞նչպէս կրցաք ուրանալ զոյգ մը չնարներուն կանաչութիւնն, հովանին ու սօսաւիւնն: Իսկ որքա՛ն ձեր շէնքն աւելի համեստ պիտի երեւար, անոնց ետեւ սքօղելով իր գորշ ու լերկ քառակուսին, զոր հիմա անամօթ սոնքութեամբ իր երկու զոհերուն վերեւ կ’ամբարտակէ: Նորէն մա՞րդ պիտի բարեւենք արդեօք: Ահ, ոչ: Ո՛րքան հաճելի են սա բոլորովին անծանօթ մարդիկը. մանաւանդ երբ ո եւ է ծանօթի չնմանին: Շնորհակալ կ’ըլլայ մարդ իրենց: Անոնք ոչ մէկ նեղիչ յիշատակ, ոչ մէկ արդէն գոյ հակակրութիւն կամ արհամարհանք կը զարթուցանեն, եւ առիթ իսկ կ’ըլլան մարդասիրական զգացումներու զարթման, ճշմարտապէս եղբայրական ձգտումներու խլրտումին: Լաւ լաւ. այդ ձգտումներուդ փորձաքարերն են ճիշդ այն «անտանելի» ծանօթները. անոնց հանդէպ զգացածներդ կը յայտնեն բաւական թէ որքան գործնական, որքան գործանալի են քու եղբայրակա՜ն տրամադրութիւններդ: Չե՞ս գիտեր որ արժանի չես լոկ բարեկամներ ունենալու, եւ կարելի չէ ապրիլ անծանօթներու մէջ որ ծանօթներու չփոխուին: Մանաւանդ հեզահոգի մարդու մտածումներ ալ չեն ատոնք: Տպաւորութեանցդ համաձայն վարուիլ, եւ ո՛չ անյեղլի սկզբունքներու, Եսդ ընել գործնական կանոն, Օրինաց տախտակի մը ներքեւ զոր ներսիդիդ կախեր ես միայն, իբրեւ կեանքին հետ անհրաժեշտ կապ չունեցող չքնաղութիւն, սահմանափակին, յարաբերականին, անցաւորին տալ նախամեծարութիւն փրկարար յաւերժականին վրայ…– որքա՜ն հասկնալը հեռու է գործադրելէն. որքան տկարութիւն կայ վէսութեան մէջ, եւ հեզութեան մէջ որքան կարողութիւն: - Արդա՛րեւ: Մէկը դիմացս կ’ելլէ. ատեն մը երես դարձուցած է ինձմէ. ես ալ արհամարհած եմ զայն: Պէ՞տք է բարեւ տամ իրեն: Բայց կարծեմ ուրիշ առթիւ պատահած է ատիկա: Կը բարեւեմ զինքը, ցուրտ, անշտապ, անբաւական շարժումով մը. սակայն ինքը զիս կանխած իսկ է ահա, եւ իմ ոյծ ու խիստ կերպէս ոչի՜նչ խառնելով իր ճշգրիտ այդ ողջոյնին: Կը տեսնե՞ս. դուն կը բաղձաս, կը վիճես, կը հաւանիս, կը վճռես, բայց ան կը կամի՛: Դուն կը խորհիս, բայց ան կը գործէ. եւ քանի որ կը գործէ, գուցէ աւելի յստակ, աւելի կտրուկ կը խորհի քան դուն: Անոնք կը գործեն. ստուգիւ զուրկ են անոնք լայն ու խոր մշակութենէ, այլ նաեւ զերծ են քու յաւակնութիւններէդ, քու վարանումներէդ անմասն: Անո՛նք են դաստիարակութեան արժանաւոր, վասն զի լաւագոյնս դաստիարակելիները կամեցողներն են: Եթէ խորհուրդը չըլլար, գործը ի՛նչ կ’արժէր: Այո՛, այո՝, բայց եթէ գործը պիտի չհետեւէր, խորհո՞ւրդը ինչ արժէք կ’ունենար: Գո՜րծն է միայն վախճան. խորհուրդը վարիչ միջոցն է անոր. եւ յետոյ, ճշմարիտ մտածութիւնը՝ կիրքերէ ուստի վարանումէ, երկբայանքէ զերծ, եւ զուտ ու որոշ՝ իսկոյն գործի պիտի կրնար վերածուիլ: Եւ ի՛նչ է մշակութիւնն ալ որով քեզիպէսները կը խրոխտան. զգայնացում մը որ կը հարստացնէ միտքը՝ զայն լաւ ե՛ւս անկիրարկելի, լաւ ե՛ւս անպիտան դարձնելու համար: Ինչե՜ր կը տեսնեմ հոս, գերեզմաննոցին պատին տակ. նորափթիթ բայց տակաւին չծաղկած կռնկենիներ, թաւշեայ տերեւներով. ու մանուկ ուղտափուշեր, կռնակնին պատին եւ սպառազէն. ինչո՞ւ այսքան վախ. վասն զի բաւական ամուր չեն. հիւսուածքնին ջուր է ամբողջ, հանքախառն ջուր: Բայց ահա՛ պատէն փլած մաս մը. նոճաստա՜նն է. իր կանաչ մարգը. եւ մեծամեծ նոճիներն, ամենապարզ ու մեծվայելուչ: Հապա սա լամիոննե՛րը պատին ետեւ, վարդապիսակ երամնին մարգն ի վար փռուած: Բայց ի՛նչ աղուոր են այս խեղճ սիրականներս. մին են այն բաներէն որ զիս կը յուսահատեցնեն: Կը նայիմ իրենց գոյնին, այս մութ գորշ վարդագոյնին որ ոչինչ ունի վարդերուն սիգապանծ երփներէն. կը դիտեմ իրենց ամօթլեածօրէն ժպտաշուրթն շափրակներուն ելեւելքը տերեւներու աղուամազոտ փնջիկի մը մէջերէն. մուղտ կարմրորակ ցօղուննին, եթէ երեւայ. հասակնին, դոյզն այլ ուղղաբերձ. իրենց բազմութիւնն, եղբայրական, անբաժան, միասին փթթող, միասին հրճուող, որ այնչափ կը վայլէ այն լքուածութեան ուր կ’ապրին ու կ’անհետին, իբրեւ անհրապոյր, անհոտ, անպէտ մուկի ծաղիկներ, ինչպէս Պոլսեցի կիները կ’անուանեն զիրենք, իբրեւ գնչուները ծաղիկներուն: Ո՞չ մէկ ատեն անտարբեր պիտի ըլլամ իրենց. ի՞նչպէս կարելի է, ցորչափ պիտի ունենան այն իւրայատուկ երեւոյթնին, անշփոթօրէն անհատական, որ կը խանդաղատեցնէ ու կը զուարճացնէ զիս. ցորչափ կարծես վեր վեր սոթտուած, ոտքերնուն ծայրին վրայ կանգուն, անմեղ, հիացիկ ու թեւաւոր կը թուին, եկած խռնուած՝ սքանչելիք մը դիտելու համար: Տարօրինակ բան, այս սէրերը: Կամ նոյն ինքն Սէրը: Ամենեւին շահ մը չունիմ ես այս մուկի ծաղիկները սիրելէս, ինչպէս մեր կատուին, եւ ուրիշ շատ էակներու նկատմամբ այսպիսի զգացում մը տածելէ անձնական ո եւ է շահ մը չունիմ: Եւ անմիջապէս որ դոյզն շահ մը ունենայի եւ ատոր համար «սիրէի» զանոնք, պիտի դադրէի ճշմարտապէս սիրելէ: Երբ մարդ բան մը կը սիրէ, պէտք չունի որ այդ բանն իր սէրը փոխարինէ ո եւ է կերպով. իր խօսքերը հասկնայ, կամ հետը խօսի, կամ ծառայութիւն մը իրեն մատուցանէ: Սէրն ուրիշ բան չէ այլ անձնուրացութիւնն ու անձնուիրութիւնն ի գործունէութեան, հանդէպ էակի մը որուն մէջ յայնժամ կը տեսնէ հոգին մէկ դրոշմը կամ եղանակաւորումը Կատարելութեան: Եւ հոգին ոչինչ աւելի լաւ կը ճանչնայ քան ինչ որ հիմն իսկ է, պատճառն ու վախճանն իսկ իր գոյութեան, այսինքն Կատարելութիւնը որ անկախ է Եսին բոլոր մասնաւոր, անհատական հանգամանքներէն: Սէրը միջոցն է ուրեմն Կատարելութեան գիւտին, ուրեմն եւ միջոցն անոր տիրացման, հետեւաբար նաեւ անոր պահպանման: Եւ ի՞նչ բան, երբ մարդ կարող ըլլայ սիրելու, ի՛նչ բան իր վրայ չի կրեր նոյն իսկ եղծ, աղաւաղ կամ մթագնեալ, մէկ ուրուագիծը, մէկ կնիքն այդ կատարելութեան, Բացարձակին:

Բ.

Հոս է, ճիշդ այստեղ, ճամբուն այն կէտը ուրկէ նոճիներու տեսարանը գերագոյն յօրինուած մը կը ներկայացնէ: Անկարելի է հոս չկենալ, կամ չյամել, կամ գէթ չդառնալ պահ մը չդիտել: Պիտի կենայի, եթէ կայքս ուշադրութիւն չգրաւէր: Նոճիներուն մէջերէն մօտն ու հեռուն դեռ նոճիներ կ’երեւան, եւ անոնց ալ մէջերէն, խորը, դարձեալ նոճիներ, եւ կը լեցնեն հորիզոնն այնպէս, որ անունջ անսահման նոճաստան մ’է կարծես: Եւ որքան զանազանութիւն այս միակերպ կոթողմանց մէջ. ոմանք մանր են, եւ այլք թանձր, ուրիշներ յոյժ նրբաւարտ. մէկ քանին ծեր, քճքճեալ, մեծ եւ ահեղ. ուրիշներ՝ լի, հոծամփոփ ու կորովի. այլ ամենքն ալ նոյն հայեցողութեան մէջ յափշտակուած: Բայց իրիկուն չէ, եւ լուռ չե՜ն. ո՛հ իրենց ամենուն լռութի՛ւնն. հիմա լեցուն են թռչնիկներու ճիչերով ինչպէս երկինքի պատառիկներով որ զիրենք կը թափանցեն: Իրենց ներբարձունքը բոյներ կան ու նորափետուր ձագեր. նոճիներն օրօրո՜ց. Ո՜հ, ստուգիւ, մեծերը տիեզերքին մէջ փոքրերուն կը ծառայեն անճառ հեզութեամբ: Աստուած կը գործածէ վսեմ բաներն իբրեւ գիրկ գողտր բաներուն: Ինչպէ՛ս կրնար ըլլալ որ ո եւ է բան իր վրայ անոր դրոշմը չկրէր, երբ Ան, Բացարձակը ճշդիւ այն բանն է որ ոչ մէկ բանէ կախում ունի եւ որմէ ճշդիւ կախում ունի ամեն բան, իբրեւ արդիւնք արդիւնքներու՝ իբրեւ պատճառներու Պատճառէն:

Թէ կոյսը չ’ըլլար

Սիրուն ու ամբիծ,

Աստուածն այն երկնից

Մարդ ո՞ւր կը կարդար:

Անտարակոյս, Դուրեան. սրբութիւնն Անոր դրոշմն է անեղծ, կամ ազատած՝ զինք խաթարող օտարութիւններէն. բայց նաեւ մարդ զԱստուած կրնայ կարդալ ամենուրեք, ամենայնի մէջ: Գեղեցկութիւնը միջոց մ’է, ան ալ արտաքին ու պատահական. բայց ոչ թէ պայման. Սէրն է լոկ պայման զԱստուած գտնելու: Հոս իսկ է տարբերութիւնը որ կայ մարդոց մէջ: Շատերը ո՛ եւ է կերպ գեղեցկապաշտներ են միայն, հաճոյասիրութիւնն ու շահասիրութիւնը ծառայելով ի վերջոյ գեղեցկի մը վայելման: Սէրն է միայն, մանաւանդ Սէրն առ մարդիկ, քանի որ եթէ անոնց մէջ են մեր նմանները զոր դիւրագոյն է սիրել, անոնց մէջ են նաեւ մեր հակառակորդք որ ոչ այլ ինչ են քան փորձաքարերը մեր սիրելու կարողութեան–, Սէրն է միայն որ իր անանձնականութեամբ պիտի գտնել տար ամենուրեք ի՛նչ որ միայն ու գերազանցապէս արժան է պաշտուելու: Ինչ որ բո՛ւն Գեղեցկութիւնն է, անկախ՝ ճաշակներէն, Եսերէն: Բացարձակին հասնելու համար բացարձակ միջոց մը պէտք է. եւ այդ բացարձակ միջոցն է Սէրը, անցեալ, ներկայ, ապագայ նիւթական շահերէ անկախ. ճշմարիտ, զոր քիչ շատ լաւ կը ճանչնանք, քանի որ ամեն մարդ գէթ մուկի ծաղիկ մը կը սիրէ անշահախնդրաբար: Ահաւասիկ ուրիշ փլած մաս մ’ալ, աւելի լայնափեռեկ: Շլացուցի՜չ է, մեծ նոճիներու խմբակի մը ներքեւ ու յատակին վրայ գերեզմաննոցին մթին զմրուխտին, այդ շիրիմը, սպիտակ, զոյգ մը գլանաձեւ ձիւնափայլ կոթողներով որ ճաճանչներու մէջ կը նշուլեն: Ծաղկահասակ Թրքուհիի մը գերեզմանն է թերեւս: Իր խեղճ հոգին այնքան երջանի՞կ է հիմա որչափ անարատութենէ ճաճանչաւուխտ այս մարմարներն անցորդէն կը խնդրեն մաղթել: Բայց իրենց կուսական պայծառ աւաչին ետեւէն կ’իմացուի կարծես նոճիներու խորին յաւերժական ձայնը որ մեզի հետ չի խօսիր: Նոճիներու էութենէն անբաժան վուվու մը գոգցես յաւիտենական համակերպութեան: Մահմէտական աշխարհին մէջ ինչպիսի՜ իմացում մը կայ այն գեղեցկութեանց որ կը թուին մղել գերագոյն Կամքին հպատակելու: Կեսարներու եւ Պապերու Հռոմը, ինչպէս Կոստանդիանոսի Նոր Հռոմը որ կը ճանչնային այս սգադալար ծառերուն գերազանց պատշաճութիւնը գերեզմաններուն մօտ տնկուելու, չեմ յուսար որ ըմբռնած ըլլային անոնց բոլոր մեծութիւնն Իսլամ Ստամպոլէն աւելի: Ինչ բա՜ն աւելի գեղեցիկ, աւելի տիեզերական կերպով կը խորհրդանշէ յերկինս ապաւինումն ունայնութեանց թախծալի գիտակցութեան. ի՞նչ բան՝ մութ տգիտութիւնն ու խաւարին մեղքը՝ տրտմագին ամօթամա՜ծ դէպ ի վեր: Ուստի Իսլամն է այն ժողովուրդը որուն գերեզմաննոցնրն յաճախ նոճաստաններ ըլլան: Ստուգիւ անիկա, որուն հոգւոյն մէջ առ անքննելի Կամքը հպատակութիւնն ընդոծին է կարծես, եւ այնքան աւելի հլու՝ որքան աւելի պակուցիչ են վճիռներն այդ Կամքին: Ոչ-իսլամք արեւմտեան երկիրներու, այդ Կամքն իրենց իսկ մէջ, իբրեւ իրենցն իսկ կը զգան, Պրօմէթոսի գողցած հուրին մէջ անշուշտ: Մինչդեռ մահմէտականք գործունէութեան այն վերին սկզբունքը կը զգան իրենցմէ դուրս, իրենց թիկանցը վրայ: Միւսներուն քաղաքակրթութիւնն իրենց ազատ կամքին, իրենց անհատականութեան զգացման գործունէութիւնն է. Արեւելքցիի քաղաքակրթութիւնն անհաստատ, կիսկատար, զաղած, անինքնուրոյն, տատամսոտ, կայուն կամ նահանջող, անգործութիւնն իսկ է իրենց աննախաձեռն հպատակութեան ոգւոյն: Արեւմուտքի մէջ աշխարհը կը նուաճեն, տէր են հոն լերանց ալքերուն ու գագաթին, ծովուն լանջին եւ անդունդներուն, ու մթնոլորտին բարձանց. կը սանձահարեն զօրութիւններն ու կ’ընտանեցնեն: Քանի մը գործիներ ունին, Բնագիտութիւնը, Երկնային Մեքենականութիւնը, Չափագիտութիւնն ու Քիմիան, որոնցմով Երկնային Ովկէանին կը թափանցեն. աստղեր կ’որսան, օրէնքներ կը բռնեն: Աստուած կը թողու որ անոնք գոհարներ կորզեն իրմէն, իր Իմաստութենէն: Կ’աշխատին անոնք, եւ կ’ընթանան: Իրենց փառասիրութիւնն է Բնութիւնը վարելու գործին մէջ Աստուծոյ գրեթէ համահաւասար ձայն ունենալ: Ի՞նչ կ’ընեն Արեւելքին մէջ. կը թողուն որ բնութիւնը նուաճէ զիրենք, ինչպէս կը նուաճէ աւերակները՝ թուփերով, տկար մարմինները մանրէներով, անգործութիւնը՝ օտար գործունէութեանց իրաւունքներով: Ի՞նչ պիտի ըլլար մահմէտական մը Ռոպէնսոնի կղզւոյն մէջ. տէրվիշ մը. մինչ Ռոպէնսոն իշխան մը եղաւ հոն: Արեւմուտքի մէջ, վասն զի ակնածելի բան մը կը տեսնեն անհատներուն ու ազգերուն մէջ, անձնիշխանութիւն–, անոնց ազատութիւնը կ’ապահովեն ու կը խրախուսեն: Չեն բռնակալեր, կը կառավարեն: Բայց որովհետեւ յարգելի բան մը չեն տեսներ ժողովուրդներուն մէջ, այլ բան մը որ աներկնչելի է եւ արգահատելի, հպատակներու հանգիստը–, կը հաւանին բռնակալուիլ ուրեմն հզօրագոյններէն: Կը խոնարհին հզօրագոյնին առջեւ, իբրեւ ամենազօր Կամքի մէկ արտայայտութեան: Արեւմտեանք կը զառածին՝ ազատութեան գաղափարէն մեկնելով, ինչպէս երբոր քաղաքացիական իրաւունք, ազատ թռիչ կուտան ինչ ինչ կիրքերու. հաւասարութեան կը ցանկան. կ’ապստամբին եւ կը յեղափոխեն: Մահմէտականք կը զառածին՝ մեկնելով համակերպութեան գաղափարէն: Բայց երբ այդ զառածումը չկայ, եւ չկայ այն ատեն երբ հարկ է ո՛չ թէ կիրարկել՝ այլ արտայայտե՛լ համակերպութիւնն առ գերագոյն Կամքը, յայնժամ վսե՜մ է Մահմէտականութիւնն: Ո՜հ, որքա՛ն ղօղանջ զանգակատանց մէջ, որքան սեթեւեթ ու զգայարանականութիւն ու ժխոր տաճարներու ծոցը, գերեզմաննոցներուն մէջ որքա՛ն պերճանք: Սակայն միւէզզինին հրաւէրին մէջ ի՜նչ սաւառնաթեւ լրջութիւն, մզկիթներու մէջ որքան լռութիւն եւ ինքնամփոփում, եւ մէզարլըգներուն մէջ ի՜նչ վերացում եւ որքան խորհուրդ: Բաբէ՛, հարազատօրէն միւսլիւման արարք մը չէ խաթարումը կամ կործանումը Էտիրնէի «կրօնական հաստատութեանց»: Իրա՞ւ է արդեօք: Այդ կոչման մէջ պէ՞տք է հասկնալ նաեւ մեծ Սուլթաններու հոյակապ մզկիթները, որոնցմէ Էտիրնէ իսլամ աստուածպաշտութեան մայրաքաղաք մ’էր եւ առանց որոնց միւսլիւման քէյֆի պարտիզագեղ աւան մը: Ի՞նչ եղաւ Պուրմալը-Ճամին՝ Մուրատ Բ. ի մզկիթը, որուն չորս այլազան մինարէներէն մին Օսմ. Պետութեան մէջ առաջինն է որ երեք շէրիֆէ ունեցած ըլլայ, խրոխտ ու յանդուգն արտայայտութիւն այն ատենի օսմանեան փառաւորութեան: Ի՞նչ եղաւ Էսկի-Ճամին, որուն կառուցման եւ նորոգման գործին մէջ կը միանան բազմաթիւ Սուլթաններու անուններ, սկսեալ Եըլտըրըմ Պայազիտէն մինչեւ Ապտիւլ Համիտ Բ.: Եւ մանաւանդ ի՞նչ եղաւ Սէլիմիէն… Սինանի գլուխ-գործոցն ու թուրք կրօնական ճարտարապետութեան հրաշակերտը: Կարելի՞ բան է: Թէեւ հսկայական չըլլար, բայց ի՜նչ շնորհ ունէր եւ ի՛նչ ոյժ, ուստի եւ ի՛նչ մեծութիւն: Քանդման այդպիսի արարք մը աւելի մատնիչ պիտի ըլլար քան բերդաքաղաքին յանձնումն առանց դոյզն մաքառման: Քաջարի հրամատարը պիտի ժպրհէ՞ր իր ժողովուրդին հանճարին մեծասքանչ արտայայտութիւնները քանդելու, եւ ինչո՜ւ, Աստուած իմ: Ի՜նչ կ’արժէ Ադրիանուպոլիսն ամբողջ իր բոլոր ամրութիւններով ու ո եւ է քաղաքի յատուկ սովորական բովանդակութեամբ, Սէլիմի Մզկիթի՜ մը քով լաւ եւս ներքեւ, վասն զի ոչ այլ ինչ էր Քաղաքն այլ անոր պատուանդանը: Այդպիսի աղէտի մը առջեւ ոչ ոք անզգած պիտի մնար, մանաւանդ անոնցմէ որ հեղ մը գէթ տեսած էին ամբողջ Էտիրնէի վրայ առանձին գահակալած այն Մզկիթն իր քառեակ երկնաբերձ մինարէներով. ոչ ոք պիտի չտրտմէր. ոչ իսկ Յակոբ Պալեանի՜ն հոգին…: Եթէ ես ըլլայի, կ’ըսէի. Առէք ամբողջ Էտիրնէն. բայց մի՛ դպչիք Սէլիմիէին ճարտարապետութեան. անիկա մեր կռիւներուն ու կեանքին անցաւորութիւններէն գերիվեր է. անիկա Անանցին մէկ գերագոյն տաճարն է, Անոր բոլոր վեհութիւնն իրագործած յաշխարհի: Միթէ յաղթականները, որ գիտեն քաջութիւնը մեծարել, պիտի չգիտնայի՞ն մեծարել հանճա՜րը: Ֆէրտինանտ Ձարը Շիւքրի փաշայի սուրն անոր թողուց. պիտի չթողո՞ւր՝ իր յաւիտենարժան ամբարձումը Սէլիմիէին:

Tout passe. L’Art robuste

Seul a l’éternité:

Le buste

Survit à la cité.

Այս éternitéն անշուշտ աշխարհային տեւողութեան իմաստով, հիմա այլեւս կրնաս թոյլ տալ որ այդ իմաստով զայն հասկնանք, այնպէս չէ՞, ո՛ Թէոֆիլ Կոդիէ:

Երկրաժեշտի հայեցողութեանց ապաստանարան մըն ալ սա պարտէզը. նոճաստանէն ոչ հեռու, փլփլած պատին վերեւը հեռասոյզ տարածուած: Ահա Թէքքէին մենաւոր շէնքն ալ, անմարդաձայն, փակ, թափուր… որուն սակայն այլանդակ արարողութեանց գաղափարը գոց ու մռայլ պատուհաններէն կը յարձակի մտքիդ, մինչդեռ դուն մզկիթներու լրջութեա՛ն վրայ կը խորհիս եւ ոչ-իսլամ տաճարներու «ժխոր»ին: Այդ ոռնաձայն պաշտամունքը տեղի կ’ունենայ, կամ կ’ունենար, ո՞ւր. նոճիներուն սօսաւիւնին խորադաշն օրհներգութեան դէմ, կամ անոնց ոչ նուազ վեհամրմունջ լռութեա՜ն: Մարդ մարդասանք չ’երեւար. ամայութիւն շէնքին շուրջ. բայց պարտէզին մէջ գարուն: Աշնան քանդողութիւնն ու միւսիւլման անխնամութիւնը կը սպասեն որ գարունը վերստին շինէ շտկէ ամեն բան: Պարտէզի մը լքուածութիւնն ի՛նչ գեղեցիկ է սակայն: Ինչո՛ւ արդեօք: Բայց դուն արդէն աւերակները կը սիրես: Ճիշտ ես ալ կ’ուզեմ գիտնալ թէ ինչ պատճառաւ կը սիրեմ զանոնք. ամայի պարտէզները, կիսափուլ հին բերդերը, աւերակ ու մենացեալ ապարանքները: Որովհետեւ յանզգայս բնութեան ծո՞ցը կը դառնան. ու մինչդեռ վայրի թուփեր այն տեղուանքը վերստին իրենց կալուածը կ’ընեն, անոնք յուշիկ կը դիմեն անվրէպ ու ճակատագրական ջնջմա՞ն: Ոչինչ տեւական է հոս. մանաւանդ ոչինչ յաւիտենական. բայց միայն ինչ որ յաւիտենարժան է էապէս. որ էապէս համաձայն է Յաւիտենականին: Ուրեմն ի՞նչ բան. Միլոյի Աստղի՞կը. Շէյքսբիրի Մաքպէ՞թը. Էտիրնէի Սէլիմիէ՞ն…: Ոչ թէ «կիսանդրին» է որ «քաղքէն յետոյ դեռ կ’ապրի», այլ աւելի պարզ բան մը. բարի՜ գործը. աջին բարի գործը՝ ձախէն անգիտացուած, որ քաղաքներէն, որ աշխարհէն իսկ յետոյ պիտի ապրի քանի որ անխառնօրէն կը սերի բացարձակ Կենդանութենէն. աննիւթական, անարատ, «զո՜ւտ գործ»էն Արիստոտէլի: Ոչ ուրեմն այն հոյակապ երկերն իսկ որ նիւթական ու միակողմանի եղանակաւ կ’արտայայտեն յաւիտենականին գաղափարը, հապա մեր այն գործերը որ հարազատ արտայայտութիւնն են աստուածային Իսկութեան, անոնք պիտի մնան ընդհանուր փլուզումէն, ամենակալ առումէն, երբ որ հնչէ ժամն այն ձայներուն թէ «Ինկաւ, ինկա՜ւ Բաբելոն»…: Ո՛վ Ս. Գիրք, ո՛վ Ս. Գիրք…:

Գ.

Ճամբուն եզրը կանաչներու մէջ կռնկենիներ կան ծաղկած. քանզի ասոնք այստեղ արեւ կ’ընդունին, քաղցր Արեւը կը տեսնեն: Յետոյ կապոյտ վերոնիկներ, ու նարնջագոյն կոկոններ վաղենիկներու: Սա աբարբիոնները վեր ի վերոյ նայուածքով մը կանաչ վարդեր պիտի թուին: Եւ նորէն վերոնիկներ. ո՛րքան գոհ են, ո՛րքան խոնարհ: Ա՛հ. պատին վերեւի սա դափնին այն է որուն տերեւներն օր մը տեսայ որ իշուկ մը կ’ուտէր…: Լաֆոնդէնի արժանի եղելութիւն մըն էր այն: Էշ մը որ դափնի՜ն կ’ուտէ: Ահաւասիկ հնօրեայ բաղեղն ալ, միշտ դալար եւ միշտ յորդազեղ: Ահաւասիկ իր կլորիկ պտուղները: Մասնաւոր արժանիք մը չունին, բայց ճիշդ իրենք են. բաղեղի պտուղներ…: Այդ անօգուտ աննշմարելի պտուղները ի՛նչ յարգանքով կեցեր կը դիտես: Կը դիտեմ, վասն զի ոչ միայն հարազատօրէն ու կատարելապէս են ինչ որ են, այլ մանաւանդ այս բաղեղին պտուղներն են: Ոչինչ աւելի արժանի է ակնածանքի քան պտղաբերած տունկ մը. քան որդեծին մայրիկ մը: Չես գիտեր ինչ անսայթաք յաջողութիւն, կենսաբանական գործողութեանց ինչ անստգիւտ ճշդութիւն, առ օրէնքներն ինչ հլութիւն միամիտ, անզառածելի, չես գիտեր ի՛նչ արժանիք կայ ինչպէս էակին վերջնական կազմաւորման, նոյնպէս եւ մանաւանդ էակին պտղաբերման մէջ: Լռին, եւ այնքան կատարելապէս որ կարծես կամաւ, անիկա յանգեր է այն վախճանին որ ապահովումն է իր նմաններուն գոյութեան: Եւ սքանչելի է ընդ Աստուծոյ կամքին այս կատարեալ համաձայնութիւնն ինչպէս գերագոյն այս յաջողութիւնը սեփական վախճանին յանգելու: Վասն զի եթէ գիտակից եւ ազատ էակ, մայրն իր սիրոյն մէջ ի յայտ կը բերէ, կը վերարտադրէ զԱստուած, անգիտակից անազատ տունկին մէջ կատարեալ է անձնատուութիւնն առ Նա, ի Նա՜ ընկլուզումն: Եթէ մայրիկին մէջ է Աստուած, Աստուծոյ մէջ է բաղեղն: Այլ սակայն շատեր որ այս անունէն կ’երկնչին…– ո՛չ անշուշտ անոր համար որ «Սկիզբն իմաստութեան» այդ վախն է ճշդիւ, այլ թերեւս անոր համար որ մեղք կ’ըլլայ իրենց բանականութեան, ինչպէս այն մտագարները որ կերակուր ուտելէ կը խրտչին, վախնալով որ մեղք կ’ըլլայ իրենց առողջութեա՜ն, շատեր՝ պարտ էին բաղեղին այս պտուղներուն առջեւ րոպէ մը կենալ…: Տունկին այդ տեսակ մը վախճանաւորումը պտղաբերումը տեսնելով մարդ կը ստիպուի հարցնել. Ի՞նչ նպատակաւ իր նմանները գոյութիւն ունենան. եւ ինքն իսկ ինչո՛ւ: Բայց անոնք կանգ չեն առներ, վասն զի կը յաւակնին գիտնալ թէ Ի՛նչպէս էակները կ’ըլլան: Եւ ասիկա կը բաւէ՛. միթէ այլեւս հարկ կա՞յ հարցնելու Ինչէ՛ն եւ Ինչո՛ւ: Բայց եթէ Գիտութիւնն է որ կը հարցնէ Ի՛նչպէս, Բանականութիւնն իսկ է որ կ’ընէ միւս հարցումները. Ի՞նչ պատճառաւ. ի՞նչ նպատակով: Ան է որ կը հարցնէ պարզապէս. Ո՞վ. վասն զի ասոր մէջ կը բովանդակուի նաեւ միւսը, Ինչո՛ւն: Իսկ եթէ միոյն կամ միւսին չկարենայ որոշակի պատասխանել, անիկա՝ Բանականութիւնը՝ չի՛ ժխտեր այդ պատճառաւ ինչ որ չի կրնար ճանչնալ, քանի որ կ’ըմբռնէ թէ ոչինչ կրնայ ըլլալ առանց Սկզբան, առանց Վախճանի: Եթէ, ըստ հոգեբանութեան, Բանականութիւնը բացարձակ ճշմարտութեանց իմացումն ու կիրարկումն է, ապա ուրեմն սխալ չէ ըսել թէ անիկա ճշդիւ այն կարողութիւնն է որ կը հարցնէ. Ի՞նչ պատճառաւ, ի՞նչ նպատակով: Տղան որ կ’ըսէ «Ո՞վ ըրած է աս, ինչո՞ւ ըրած է» կատարեալ ապացոյցը կուտայ իր բանականութեան: Մարդկային մտքին սեփական այս կարողութիւնը, գերագոյնն ըստ բոլոր իմաստասէրներուն, խորշելի, անհանդուրժելի է սակայն գիտուններէ ոմանց, պարզապէս այդ երկու զարհուրելի հարցումներուն համար որ, կրնայ ըսուիլ, յատկանիշերն իսկ են իր գործունէութեան. անոնցմով է որ Բանականութիւնը կը թուի ըսել Գիտութեան. Ոչինչ կ’արժես դուն, երբ կը ճգնիս ամենայնի Ինչպէսը գտնել եւ զայն կարելի ընող, անոր էարդարացումը (raison d’Սtre) կազմող Որմէ՞ն եւ Ինչո՛ւն իբրեւ ցնորքներ կը մերժես: Բայց Բանականութիւնն ըլլալով ի մեզ գոյութիւնն ու գոծունէութիւնը բացարձակ ճշմարտութեանց որոնց վարչութեամբ է որ տեղի կ’ունենայ ո՛ եւ է մտածում, ի՛նքն է միակ հեղինակութիւնը, որուն կը յենուն բոլոր գիտութիւնք: Ի՜նչ հակասութիւն: Ուրեմն Գիտութիւնը չէ՛ որ կ’ապստամբի ընդդէմ Բանականութեան. արդարեւ իրաց յօրինման կերպը, զոր Գիտութիւնը կ’որոնէ, չի կրնար երբեք ժխտել տալ մեզի սկզբնական Պատճառին ու վերջնական Վախճանին (նպատակին) գոյութիւնը: Այդ ապստամբը Գիտութիւնը չէ, այլ բան մը որ ոչ Գիտութենէն է ո՛չ Բանականութենէն. անբան ու տգէտ կիրքն է այն. անձնասիրութիւնը. մարմնաւորութիւնն է՝ անմարմին իմացականութիւնը բռնակալած. Եսն է: Ուրեմն այս կամ այն ամբարտաւան գիտունն է, այս կամ այն անզգամ մարդը, որ իրեն ներգոյ Ճշմարտութեան իր կիրքերը կը խառնէ, որ իր եսութեամբը զայն կը խարդախէ: Քանիներ կան սակայն որոնց անբանացման առաջին պատճառը գուցէ մոլեկան եսասիրութիւն մը չէ, այլ կոյր հետեւողութիւնն, իմացական հասունացումէն առաջ. ա՛հ, հետեւողութեանց վատթարագոյնը. քանի որ կոյր է, եւ կը տանի աղջամուղջէն խաւարին: Այսպէս կամ այնպէս, շատեր կան զոր բռնադատելու էր կանգ առնել այն երեւոյթներուն առջեւ որ մասնաւորապէս կարող են մտածողութիւնը մղել բարձրագոյն հարցումներուն: Անաղարտ, սկզբնատիպ բանականութիւնը չի խրտչիր եւ ընդհակառակն կը գրաւուի կը յանկուցուի ամեն այն բաներէն՝ որոնց ետեւ կը զգայ մեղմիւ բացուիլը Սկզբան ու Վախճանի խորհրդալի վիհին: Կան մարդիկ որ այդ վիհն իրենց դէմը կը գտնեն յաճախ, հանապազ…: Իսկ այդ բաները մանաւանդ անոնք են որ կը սկսին կամ կը վերջանան: Չէ՞ որ ըսած էիր դուն. Սկիզբներն ու վերջաւորութիւնները Յաւիտենութիւնը կը պատմեն: Կրնայիր նաեւ ըսել. անոնք խորհիլ կուտան առաջին Պատճառին եւ վերջնական Վախճանին վրայ. Յաւերժականին պաշտամունքը կը սկսին, կը հրաւիրեն երկրպագել մտովի…: Եւ պտղաբերումը վերջաւորութիւն մըն է: Ինչ որ բանականութիւնը կը շարժէ, կ’ոգեւորէ, ինքզինքին՝ իր Ծագման՝ լաւ եւս հաւատարիմ կը դարձնէ, այն բանն է որուն ամբողջովին կը մղուի հոգին… այսինքն այն բանն է զոր կը սիրենք: Ահաւասիկ ինչո՛ւ կը նայէի բաղեղին պտուղներուն: Եւ ահաւասիկ նաեւ ի՛նչ պատճառաւ կը սիրեմ աւերակները: Սկիզբներն ու մանաւանդ վերջաւորութիւններն ամեն բանէ աւելի կը յիշեցնեն զԱստուած: Արդարեւ շատ բաներ կը սկսին աննշմարելի, թերի, անհատականութենէ դեռ զուրկ. մինչդեռ շատ բաներ կը վերջաւորին ուշագրաւ, հասուն, անցեալով մը ծանրաբեռն, իբրեւ ուրոյն անհատականութիւն: Այսպիսի վերջաւորում մը ոչ միայն անով սիրելի է որ Աստուծոյ   որհուրդին կը վարէ մեր բանականութիւնն, այլ նաեւ անո՛վ որ՝ հիասքանչ, դիւցազնական բան մը կայ իր մէջ այդ վերադարձի՜ն դէպի Աղբիւրն ամենայնի էարդարացման, ու նոյն ատեն՝ սահմանազերծ ամենակարող անհատականութիւն մը եղած չըլլալու տրտմութիւնն: Ինչ որ կը վերջանայ՝ զմայլելի եւ գթալի է ուրեմն. միակ բառով՝ սիրելի. չէ՞ որ սիրել՝ զմայլիլ է եւ գթալ…:

Սա տղան կարծեմ…: Այո, նոյն ինքն է, Պէրպէրեանէն շրջանաւարտ: Արեւուն սպիտակ ուղփը կռնակէն, լուսողող ստուերի մը պէս կը մօտենայ. կարծես առաւօտէ՜ն կուգայ խեղճ բարեսիրտ տղան: «Սկսե՞ր էք դարձեալ ձեր excursionներուն…: » «Ո՜հ, ոչ այլ եւս. պզտիկ պտոյտ մը ընել ուզեցի…: Ա՞ս ինչ է. նորէ՞ն մանիշակներ ունիս»: Միշտ ժպտուն, կ’ուզէ ինծի տալ զանոնք: Չեմ ուզեր առնել: «Գիտե՞ս. տիկինը շատ ուրախ եղաւ երբ ինծի բերած մանիշակներդ իրեն տուի: » «Իրա՜ւ»: Եւ կը պնդէ որ ասոնք ալ առնեմ: Միակ մանիշակով մը կը շատանամ: Քանի մը խօսք եւս եւ կը բաժնուինք: Լեռնային աշխարհքին սիրահար մըն է: Ի՜նչ սիրով կը հետեւէր բուսաբանութեան: Եւ ո՛րքան մտածում ու զգացում կար իր շարադրութեանց մէջ, բայց նաեւ քանի՛ տառասխալներ եւ ես որքա՛ն չարաչար կը վարուէի ատոնց հետ: Քերականական սխալներ ալ կ’ընէ՞ր արդեօք. թերեւս: Բայց պէտք է մեծ տարբերութիւն մը ըլլայ ընդմէջ այդ երկու կարգի սխալներուն: Ապահովապէս քերականականները լաւ նշան մը չեն ոչ մտքի ոչ ալ բարոյականի տեսակէտէն. կը նշանակեն դատողութեան տկարութիւն, այսինքն հարեւանցի տեսողութիւն մը յարաբերութեանց. կը նշանակեն նաեւ անհասկացողութիւն պարտականութեան, այսինքն այն անխղճմտութիւնն, այն անընտրողութիւնը որուն համար աղէկ է ո՛ եւ է միջոց եւ ո՛եւէ նպատակ: Այս վճիռը անոնց մասին չէ որ քերականութեան դասին առիթն իսկ չեն ունեցած. այլ անոնց՝ որ չեն կրցած զայն ըմբռնել, իւրացնել: Բայց այս տղան տառասխալներ կ’ընէր մանաւանդ. ատոնք կ’ենթադրեն թերեւս հոգի մը անփոյթ եւ անխնամ, հետամուտ էականին, պարզ, կարող վերացման (abstraction) եւ ընդհանրացման, ողջամիտ, համարձակ ու վեհանձն: Հապա անո՞նք որ բնաւ տառասխալ չեն ըներ. ինչպէս դուն չէիր ըներ բնաւ: Ո՞վ գիտէ: Դիմացս կ’ելնէ գոմէշի սայլ մը, ածուխով լեցուն: Բայց ահա՜ ճիշդ ինչ որ գրեր էր օր մը ուրի՛շ աշակերտ մը… Հեռուն, ահա եկեր են արդէն ածուխի սայլերը գիշերանց: Այն տարին, անիկա գիշերուան վրայ իր շարադրութեան մէջ զոր պարտէին գրել զուտ գիշերային իրեր պատմելով, յիշատակեր էր անցնիլը խաւարին մէջէն գոմէշի ածխաբարձ սայլերու. «Ի՞նչ բան աւելի գիշերային: » Ես պարզապէս հանճարեղ գտած էի պատանւոյն այդ խօսքը: Հիմա ալ նոյնը կ’ըսեմ: Ծանր տղայ մ’էր ան. ուշագրաւ դէմքով. մրայօն ու կապուտաչուի: Այսօր արդէն հասուն ու լուրջ կերպերով ատամնաբոյժ մըն է մաքուր Հայերէն խօսող… վասն զի անշուշտ կատարեալ բերան մը պէտք է մաքրալեզու ալ ըլլայ: Նոյն շարադրութեան պարտականութեան մէջ ուրիշ տղայ մը իրենին վերջերուն մօտ սա բառերը ունէր. «Բուերո՜ւն համար ես դուն, Գիշեր»: Թէեւ կենդանաբան մը պիտի ըսէր. «Գիշերուան համար էք դուք, բուե՛ր»: Բայց ո՞չ միթէ բուերուն պէս էակներու համա՛ր միայն հանգստաւէտ է գիշերը. եւ տղան այս չէ՞ որ կ’ուզէր ըսել. յետոյ, ո՞չ ապաքէն ահագին բաները դրուած էին ի սպաս դոյզն բաներուն:

Դ.

Ի՛նչ արտակեդրոն բայց սիրուն բան էր որ ըրի ես այն օրուան շարադրութիւններով: Որովհետեւ բնականաբար ոչ մէկուն պարտականութիւնը յաջող էր ամբողջովին, առի իւրաքանչիւրին գեղեցկագոյն խօսքերը եւ անոնցմով կազմեցի նոր շարադրութիւն մը, իմ կողմէս կարծեմ հազիւ եւ մը կամ բայց մը աւելցնելով: Դասին մէջ ամեն մէկուն շարադրութիւնը քննադատելէ յետոյ, եւ յայտնելէ վերջ թէ ի՛նչ էի պատրաստեր ու պիտի կարդայի իրենց, պատուիրեցի որ երբ իրենց մէկ խօսքը պատահէր, ձայն ձուն չհանէին, իրարու չըսէին թէ իրենցն է այն, որպէս զի ոչ մէկուն ուշադրութիւնը խանգարուէր. ըսի նաեւ թէ յետոյ կրկին պիտի կարդայի, այս անգամ յայտնելով հեղինակներուն անուններն ալ զորս փակագիծերու մէջ նշանակեր էի մէն մի խօսքի քով: Եւ սկսայ կարդալ…: Բայց ի՛նչ աղուոր եղաւ ասիկա…: Աշակերտներուն զգացածն անբացատրելի էր: Յանգէտս իրենց աշխատակցեր էին իրարու, եւ ինծի, կարողագոյնին, պզտիկ գլուխ գործոց մը արտադրելու համար: Այդ Գիշերը ի՛նչ ճշմարիտ, ի՛նչ վեհ եւ ի՛նչ ազդեցիկ էր: Հոն էին գոմէշի ածխաբարձ սայլերը խաւարին մէջէն. եւ դեռ ինչեր, չեմ յիշեր: Հովի սարսռալի շունչեր կային. խարշափներ, ու լռութիւն. խաւարչուտ թաւուտներ. եւ ամպոտ աղջամղջին լուսնկայ…: Եւ որովհետեւ ամբողջութիւնը յայտնապէս թախծալի (lugubre) էր եղեր, նոյն իսկ դոյզն ինչ արհաւրալի, շարադրութիւնը յանգեցուցեր էի միւս տղուն բացագանչութեան, այնպէս որ աւելի զգալի ակնարկութիւն մը կը դառնար այն՝ խաւարասէր չարաշուք էակներու. «Բուերո՜ւն համար ես դուն, Գիշեր»: Իսկ երբ կրկին կարդացի, այս անգամ տղոց անուններով միասին, որոնցմէ ոմանք քանի մը հեղ պատահեցան, բերկրութիւնը մեծ եղաւ: Զիրենք յանկարծ կը զգային կարող, հասուն, յարգելի. եւ աւելի լո՜ւրջ կը թուէին: Հարկաւ այս բանը զիրենք աւելի լաւ շարադրող չպիտի ընէր ուղղակի. իրաւ ալ չըրաւ. բայց ամեն մէկը երջանիկ էր այն իրիկուն: Ե՛ս ալ…– է՞ր արդեօք: Ես որոշեր էի գործը որ պիտի արտադրուէր. իր պարտքը կատարած էր իւրաքանչիւրը, գիտնալով որ ըրածը թերի պիտի ըլլար. յետոյ ես, յանակնկալս, իրենց հայթայթած լաւագոյն տարրերն ընտրանօք առեր, ու զանոնք շարադրելով վերստին յօրիներ էի «Գիշեր»ը, կանխորոշ նպատակին յարմարագոյն ձեւով: Որովհետեւ տարրերն իրենցն էին, իրենց կը սեփականէին արդիւնքին ալ գեղեցկութիւնը, թէեւ տարրերն էին միայն ինչ որ կար մատչելի իրենց հասողութեան: Ինձմէ էին սակայն սկզբնապատճառն ու վախճանը, ստեղծումն ու յօրինուածը. ճշմարտապէս հեղինակը ես էի, բայց կը ծածկուէի: Ինչ որ անոնք եղածին մէջ կը ճանչնային, իրենց ըրածն էր եւ իրե՛նց արժանիքը: Աղօտապէս, գերագոյն բան մը կար այս ամբողջին մէջ…: Աւելի պարզելով, ես առիթ տուեր էի իրենց որ գրեթէ յանզգայս աշխատին գերազանց բանի մը՝ որուն անհրաժեշտ ճարտարութեան կիրարկողն սքօղեալ պիտի մնար, արդիւնքին արժանիքն իրենց ձգելով: Եւ ահա ամենուս հոգին լի էր համեստութեամբ, եղբայրութեամբ, կարողութեամբ, բերկրանքով: Այս ամենը ընողը ոչ այլ ինչ էր քան իմ հիացումս դէպի գործը, եւ գութս դէպի գործողները. ի մի բան իմ սէրս: Բայց այդ սէրն ինքզինքը կը սքօղէր եւ իրենց մէ՜ջ կը ծագէր… Աստուած իմ, Աստուած իմ, ես ուրեմն Քեզի պէս ըրեր էի…:

Ո՛րչափ ծաղկած ծառեր կ’երեւան հեռուները: Գարունը, որպիսի՛ սքանչելիք. ի՜նչ անձրեւ է տեղացեր փափկութեան, գեղոյ, երիտասարդ աշխոյժի, կամ լաւ եւս՝ ինչպիսի ձիւն, քանի որ ծառերը ձիւնալից են շնորհով: Ահա վարդասպիտակ նշենիներ, ահա վարդավառ դեղձեա՜կ մը Արսէնին պարտէզին մէջ: Բայց հպարտութեամբ լեցուելու է սիրտը անոր որ ծառաստան մը ունի զոր կը խնամէ, եւ որ այսպէս կը ծաղկի. եւ հպարտ է հարկաւ տէրն այս Պարտիզամշակական Հաստատութիւն եւ Տնկարանին, որուն անունը, գուցէ այդ զգացումով այնքան խոշորցած, ահագին սեւ գիրերով գրուած է ճերմակ պատին վրայ, շատ հեռուներէն իսկ տեսանելի: Եւ ոստերու այս բոլոր ամբոխը պիտի ծաղկի տակաւին: Դպրոց մ’ալ այս է. կամ աւելի՝ պտղատու ծառերու մանկապարտէզ մը: Կ’երեւայ թէ անսուաղութեան, ճճիներէ վարակման, բուսական հիւանդութեանց այլազան տառապանքներն անծանօթ են այս երջանիկ ծառատունկերուն: Այժմու քաղաքակրթութեան ուշագրաւ արգասիքներէն մին է դեռահասակ էակներու շռայլուած գիտական խնամքը, տնկարաններէն ու անասնաբուծարաններէն մինչեւ մարդկային մանուկներու սնուցման ու դարմանումին նուիրեալ հաստատութեանց մէջ: Ինչո՞ւ. վասն զի հոգիները չէ որ պիտի խնամուին անոնց մէջ, այլ մարմիններ, այլ գործարաններ…: Բայց հիւանդանոցնե՛րը որ պարտէին նաեւ հոգին խնամել. բայց դպրոցնե՛րը որոնց կոչումն իսկ տածել էր հոգին եւ անոր բարձրագոյն կարողութեանց գերիշխանութիւնն ապահովել…: Ո՛վ պատրանք: Աշխարհի վարժարաններուն մեծամասնութիւնը գուցէ գիտակից իսկ չէ իր կոչումին: Քանինե՛ր կան ուր ապաւինած հոգիք կը սնանին այնպէս՝ ինչպէս պիտի սնանէր մարմինը մարդու մը որուն չանչ (marc) ու կոպտոն (tourteau) ու մրո՜ւր տային ուտելու, իբրեւ ամենէն շինարարները կերակուրներուն: Սակայն՝ սա խեղճ խրամներուն մէջ ծանօթներ ունենալու եմ: Տեսնենք ով կայ հոն…: Դեռ գրեթէ ոչ ոք. քանի մը հրանունկներ միայն, խոնաւ յատակին վրայ ընձիւղած, մի քանի առաջին տերեւներով: Նախկին տունկերու մնացորդներ կան որ կը ժողխին կը կորսուին հոն, հասարակաց թուխ ու գիճին փոսին մէջ. եւ նորեկներ կը ծլին, պիտի ծլին տակաւին ու խրամը լեցնեն: Ոմանք, յամրօրէն, եւս աւելի կը սուզին իրենց մեռելութեան մէջ մինչեւ յանգործարան հանքայնացում. եւ այլք, ծանրաբար, հոնկէ ի կեանս կ’ելնեն: Գօսանալիմեռելոտի բաներէն զատուցուած, հունտերու մէջ խտացուած ու պահպանուած, դալար կենդանութիւնը կը զարթնու, կը բղխի, կանաչ քնքուշ վէտքերով եւ կը զեղու օր քան զօր: Այս յաւիտենական ելեւէջին դանդաղութեան մէջ ո՛րքան մեծվայելչութիւն. ո՞չ նոյն ինքն ա՛յն որ երկնային մարմնոց առերեւոյթ յամրընթացութեան մէջ զմայլելի է մեզի: Ահա մեծ մրջիւն մը ճամբուն վրայ. ահագին թեւաւոր մրջիւն մը որ խորտուբորտ գետնին երեսը տաժանագին կը քալէ, կարծես վիրաւոր, թեւերն անհաւասարակշիռ… խեղճ պատկառելի՜ միջատ: Թերեւս Polyergus մըն է. ամազոն մրջիւն մը. գերեվար բռնաւորնե՜ր–. թէպէտ ասիկա արու է կամ էգ, եւ ոչ թէ չէզոք անթեւ զօրական: Ո՞ր անյայտ տեղուանքը գետիններուն վրայ, լիլլիբուդեան ո՞ր թզաչափ ռազմադաշտերուն, ասոնք իրենց ճակատամարտերը կը մղեն, զիրենք սնուցանելու կոչուած գերիներ ճճի վիճակի մէջ խլելու տանելու համար: Ո՞ւր արդեօք, խոտերու ո՞ր հսկայական անտառին առջեւ տեղի կ’ունենայ մեծաշուք յուղարկաւորութիւնն իրենց դիւցազանց…: Բայց թեւերը կը բանա՜յ. պիտի թռչի՛. վնասուած չէ բնաւ…: Չի կրնար սակայն. մեղք. թեւերը նոյն ծուռ դիրքը կ’առնեն. եւ կ’երթայ, իջնելով ելնելով, դժնդակօրէն կը շտապէ: Գուցէ Camponotus մըն է. Camponotus herculeanus! կոճղերու բնակիչ, թերեւս Արսէնին պարտէզէն, կամ ետեւի Գոլէճին ծառաստանէն: Մին ըլլայ թէ միւսը, ապահովապէս վիրաւորուած չէ ան: Պարզապէս զատուելու վրայ է իր թեւերէն. իր փափկանշոյլ ծիածանային թեւերէն: Տեղի ունեցա՜ծ է արդէն մրջնական օդասոյզ օդածուփ ամուսնութիւնը. թեւաւոր այերաթռիչ տարփանքը վայելուած. եւ հիմա՝ իրեն համար՝ երկրային գետնաքարշ կեանքն է որ կը սկսի: Ի զո՛ւր կը փորձես թեւերդ շարժել վերստին. լմնցա՛ւ, լմնցա՜ւ. ա՛լ յաւիտեան թեւեր պիտի չունենաս. սիրոյ աւիւնն, ա՛լ իսպառ մարած, պիտի չթռցնէ զքեզ երկինք: Շտկուինք. ելնենք. եւ այլեւս ետ դառնանք…: Չորսդին ողողուն է լուսաւոր գոլորշիով: Ի՞նչ աղուորութիւն ամեն կողմ. ծաղկազարդ ծառեր, արեւ, կանաչութիւն. հեռաւորութիւններ. նաեւ շատ թեթեւ, անհամարձակ երջանկութիւն մը իմ մէջս…: Կարելի է վերջապէս չտեսնել ինչ որ ամբողջին հետ չի կրնար ներդաշնակիլ. ինչպէս սա հեռաւոր տուներուն ռամիկ կարգերն ու կուտակները. կարելի է զտելով դիտել: Բայց նաեւ կան տեսողութիւններ որոնց առջեւ հէգ հասարակ բաներուն տգեղութիւնը կրնայ կորսուիլ. գթացող, ներողամիտ, հասկցող տեսողութիւններն են անոնք, եւ ճշմարիտ երջանկութիւնն ունի այդ նայուածքը, որքան կը յիշեմ: Գարուն է. այսինքն ապաքինման, վերկենցաղման, յոյսին երանութիւնը: Գարունը Յոյսն իսկ է ի գործ, կենդանութիւնն ուրախալից եւ անկենդանութիւնն իմաստալից ընելով: Ո՜. ի՛նչպէս կարելի չէ երթալ Սկիւտարի հեռաւոր սահմանները. դէպի արեւոտ ու ծառուտ ամայութիւններ:

Ահա՜ Չամլըճան. սիրելի, զմայլելի, անյագենալի Չամլըճան…: Արծաթեայ շղարշի մէջ կը պսպղայ շքանկարն իր քաղցր կորնթարդին. ո՛հ, ի՛նքն է յաւէտ. կատարին մթին արատներով որ իր ծառերն են, եւ գագաթին միակ բիծով որ իր տարածուն թզուկ նոճին է, հնաւուրց ու յաւերժական. իր կողերուն մացառուտ ու կարմրորակ հողերով: Ի՛նչ ճշմարիտ վեհութեամբ կը թուի սաւառնիլ Սկիւտարի վերեւ. ի՛նչ գիծ է այդ, Աստուած իմ, Պուլկուրլուի բլրագօտւոյն ամբողջ երկարաձիգ կատա՛րը, որ հիւսիսէն հարաւ յամր ու կակուղ կորութիւններով կը կազմէ Չագալ Պայըրի ամայի բլուրները, յետոյ Չամլըճային վեհաշնորհ գմբէթը, ապա սա լայնալիճ գոգը, հովանոցաձեւ շոճերու հոյլերով լեցուն, եւ հուսկ ուրեմն Փոքր Չամլըճայի կորնթարդը որ բլրագօտին կ’աւարտէ դէպ ի Մարմարա: Ի՛նչ շնորհագեղ պարզութիւն, եւ ինչ լուրջ թեթեւութիւն գծուածքի: Եւ այս ամբողջին մէջ Մեծ Չամլըճան ո՛չ կեդրոնը, ոչ ալ ծայրը գօտիին, այլ ճշդիւ հո՛ն ուր արուեստագէտ մը պիտի բաղձար որ ամենէն բարձր բլուրը հանգչէր: Բայց ի՛նքը, մասնաւորապէս ի՛նքը…: Շեղջ մ’է ամբողջ անասելի հրապոյրներու. ոչ միայն վեհ է իբր գծագրութիւն եւ շքեղ իբրեւ նկար, այլ նաեւ ցանկալի՝ այն ամեն անմոռանալի բաներուն համար որոնցմով հոգիդ կը լնու եւ կ’ընդարձակէ երբ իր վրայ բարձրանաս: Սկիւտարի մէջ մանաւանդ երկու հոգի կայ որ անբացատրելի կը գտնեն Չամլըճան, եւ զայն յուսահատօրէն կը սիրեն: Անոնցմէ մին բարեկամս է. լուսապայծառ չափաշնորհ գեղեցկութիւններու սիրահար մէկ բարեկամս…: Ի՜նչ կ’արժէր մեր Սկիւտարը եթէ չըլլային իր նոճիներն ու Չամլըճան: Արդարեւ այն գերազանց բաները որ դարերէ ի վեր կը թուին պահպանել, գոգցես նոյն իսկ արտադրել Սկիւտարի՝ մտքի այնքան բազմաթիւ մարդոց այս Ոսկեքաղքին մտաւորականութիւնն, այդ երկու բաներն են արդէն. մեծապայծառ Չամլըճան, որուն վրայ կը տենչայ մարդ ապրիլ, զգալ եւ խորհիլ, ու մթաստուեր Նոճիներն, որոնց ի տես մարդ կ’երազէ մեռնիլ, գիտնալ, աղօթել: