Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԱՄՈԹՐԱԿԷ

Վեց տարի առաջ, գարնան սկիզբները Կալլիուպոլիսէն կառքով Բլայարի (Պուլայըր) գիւղը գացեր էինք օր մը, եւ իրիկունը դարձեալ քաղաք պիտի դառնայինք:

Բլայարի կը գտնուի խիստ հետաքրքրական տեղ մը. Թրակեան Թերակղզւոյն պարանոցին վրայ է, հոն ուր հողը չորս հինգ քիլոմէդր լայնք ունի, եւ հարաւէն հոն երթալու համար հարկ է քիչ առաջ անցած ըլլալ պարանոցին ամենէն նեղ մասէն՝ որու լայնքն է երկու եւ մէկ քառորդ քիլոմէդր. ուստի այդ տեղուանքէն կրնաս տեսնել դէպի արեւելք՝ Մարմարան, եւ դէպի արեւմուտք՝ Քսերոսի ամայի Ծոցը որ Արշիպեղագոսի հիւս. արեւել. ծայրն է եւ գրեթէ անմարդի կղզեակ մ’ունի, Քսերոս կղզին, մեր Բրոդիին մեծութեամբ ու նոյնքան լերկ, բայց աւելի խոպան ու ժեռուտ՝ ինչպէս իր անունն ալ կը պատմէ: Ծոցը (որ այդ օրը հանդարտ էր) երբեմն ահարկու է իր ալիքներով, քանզի դէպի արեւմուտք իր խորութիւնն եռապատիկ աւելի է քան Տարտանէլի Նեղուցին միջին խորութիւնը. այնպէս որ՝ ինքն է, երկրաբանօրէն, որ իրեն հարկատու Մելասի (Գավագ-Սու) հովտին հետ կ’անջատէ Եւրոպան Ասիայէն՝ քան Հելլեսպոնտոսը: Հիւսիսի հեռաւոր Սրբազան Լեռնագօտւոյն կողմերէն գալով՝ երկու ծովերուն միջեւ կը պառկի Պարանոցը, եւ դէպի հար. արեւմուտք լայննալով անզգալապէս կը կազմէ Թրակեան Թերակղզւոյն ելեւէջոտ հեռասոյզ ցամաքը: Քսանուչորս դար առաջ Քսերքսէսի անհուն բանակը, երբ Յունաստանը նւաճել կ’երթար՝ Հելլեսպոնտոսի անձկագոյն մասին վրայ ձգուած նաւեղէն կամուրջով մը Ասիայէն Եւրոպա անցնելով քալած է այս Թերակղզւոյն վրայ դէպ ի հիւսիս, եւ բանակին միլիոնաւոր զօրքերն անհատնում տողանով անցեր, անցեր, անցեր են այս պարանոցին վրայէն, Մելասի (Քսերոսի) Ծոցին շրջանն ընելով դառնալու համար դէպի արեւմուտք ու հարաւ: Միեւնոյն ճամբուն հետեւեցաւ անշուշտ Աղեքսանդր, բայց հակառակ ուղղութեամբ, երբ մէկուկէս դար յետոյ Եւրոպայէն Ասիա կ’անցնէր: Եզական ճամբայ. կրնայ հիմա մնալ իր լքուն անայցելու մենութեան մէջ. զի անգամ մը Ասիան Եւրոպայի՝ եւ ուրիշ անգամ մ’ալ Եւրոպան Ասիոյ վրայ քալած են հոնկէ:

Այս երազուն տեղուանքն է ահա Բլայարի, անշուք՝ բայց վեց դարէ ի վեր Օսմանեան Պատմութեան գեղեցկագոյն էջերէն միոյն պատկանող գիւղ, վասն զի Եւրոպայի վերաբերող այն առաջին վայրն է որու տիրեցին Օսմանեանք, այսինքն զոր Մեծին Օրխանի որդին Սիւլէյման Բաշա գրաւեց 1356ին: Այս գիւղը Եւրոպական Թուրքիոյ պատմական ծայրն է: Հոն քաջարի հրամատարին անուան նուիրեալ մզկիթին մէջ է իր գերեզմանը. նուիրական տեղ. բոլոր թրքեւրոպական քաղաքներուն ու Ստամպոլի, եւ զանոնք կրող գեղեցիկ երկրին աշխարհակալութեան ժամանակագրական չուկէտն է այն: Հրամատարին ընկերներուն գերեզմաններն ալ հեռու չեն. կը գտնուին Թերակղզւոյն Մայտոսի գաւառին մէջ որ այն զօրականներէն միոյն անունն առած է՝ Աճէապատի Գազա կոչուելով:

Օրը տարաժամած էր երբ մենք մեկնելով Բլայարիէն՝ կը գտնուէինք այն տեղուանքն ուր Պարանոցը կը վերսկսի լայննալ, եւ Քսերոսի Ծոցն աջակողմը մնալով ցամաքին ետին կը թաղուի՝ դառնալով իր անյայտ ու մոռցուած, իր օտարժամանակեայ հեռախոր գոյութեան: Հորիզոնը հանդարտօրէն կը բոցավառէր. ամայութիւնն եւս աւելի կը մեծնար. եւ ցամաքը որ կը սուզուէր դէպի արեւմուտք՝ կը թուէր միակ ճամբայ մ’ըլլալ աշխարհի վրայ, որ կ’ուղղուէր իրիկուան հուրովն այլակերպեալ հեռաւորութեանց՝ իբրեւ հրաշավիպային բնագաւառներու:

Յանկարծ հեռուն հորիզոնին վրայ սար մը նշմարեցի. աղօտ, կարծես թափանցկացած, տարտամօրէն ոսկեգոյն սար մը, որ քանի մը կատարներու կուռ միաւորում մը կը թուէր. անորոշապէս բրգաձեւեալ, ու հորիզոնական ելեւէջոտ գագաթով զանգուած մը, որ մեծ հեռաւորութեան մէջ պիտի կրնար աննշմարելի ըլլալ եւ որ, սակայն ճանչցուելով հսկայական դարձաւ: Սարսռուն անձկութեամբ մը կառապանին հարցուցի. Սէմէնտրէ՞քն է սա:

Կառապանը, խելացի դէմքով Մալկարացի մը, իր առնագեղ կորովի աչքերովը հոն նայեցաւ՝ լռին դիտեց այն բարձունքը, եւ ըսաւ. Այո, Սէմէնտրէքն է:

Այսինքն Սամոթրակէ՜ն: Ան էր, ստուգիւ. այն կէտէն ուր կը գտնուէինք՝ դէպի հոն գացող ուղղութեան մէջ ուրիշ ոչ մէկ կատար կրնար գտնուիլ այնքան հեռուէն իսկ ցայտուն եւ ամենընկլոյզ հեռաստաններուն մէջ այնքան հզօրապէս ամբարձական. ո՜հ, ինքն էր, Թրակեան Ծովուն մենաւոր հսկայն: Մենէ ութսունհինգ քիլոմէդր հեռու իսկ գտնուելով՝ Թերակղզւոյն հեռաւոր կողմերուն ետեւ ծածկուելով անհետացած ծովէն գրեթէ ուղղապէս կանգնած իր լեռնակոյտը՝ այդ տեղերուն խորունկ անդորրին, լայնածաւալ անցելասոյզ հայեցողութեան մէջ ամբառնալով: Սակայն մեր կառքը կ’արշաւէր. եւ մշշային ու իրապէս փոքր այն տեսիլը շիկավառ հորիզոնին մէջ ատեն մը մեզի հետ ընթանալէ յետոյ մեր ցամաքին աննշան բարձունքներուն ետին աներեւոյթ եղաւ:

Ի՞նչ է այս Սամոթրակէն: Կղզի մը. Արշիպեղագոսի հիւսիսային կողմը, Եւր. Թուրքիոյ ծովեզրէն քառասուն քիլոմէդր դէպի հարաւ, Թասոս կղզին ունենալով իր արեւմտեան կողմն՝ ու արեւելեան կողմը Թրակեան Թերակղզին: Իրմէն դէպի արեւել. հարաւ՝ տասնեւութ քիլոմէդր հեռու կը գտնուի իրեն մերձաւորագոյն ցամաքը որ Իմպրոս կղզին է: Բացի Նեկրոբոնդէէն որ գրեթէ կից է Յունաստանի եւ Կրետէէն որ Արշիպեղագոսը հարաւէն եզերող ցամաք մը կրնայ սեպուիլ՝ Եգեան Ծովուն բոլոր կղզիներէն բարձր է Սամոթրակէ: Հազար վեց հարիւր մէդր ամբարձում մը, իր մակացութիւնն (altitude) այս է–, մեծ արժէք չունի ցամաքային լերան մը համար, զի արդէն լեռը կրող ցամաքն ալ իր բաժինն ունի կատարին մակացութեան մէջ. բայց հոս՝ Սամոթրակէ՝ ծովուն մակերեսէն յանկարծաբերձ կը կանգնի մինչեւ աւելի քան մէկուկէս քիլոմէդր օդին մէջ, եւ այս անօժանդակ ու զուտ բարձրութիւնն ահարկու է: Ծովուն մէջ մինակ է այն կատարը, իր Բրոֆէդ-Իլիա, Ֆէնկարի (1600 մ. ) եւ Այ-Եորկի գագաթներով, եւ հարիւր քիլոմէդր դէպի հար. արեւմուտք կանգնող Աթոսը եւ հարիւր քառ. քիլոմէդր դէպ ի հար. արեւելք բարձրացող Իդան կը դիտէ: Իր զեղական (effusion) ժայռերը, որպիսի է իր կատարը կազմող շողուն տրաքարը (trachyte), իր գագաթներուն միջեւ մնայուն խորադրոշմ ուրուագիծն անդրպատմական խառնարանի մը, իր ջերմուկները, թերեւս նաեւ Բրոֆէդ-Իլիա անունը որ կ’ակնարկէ անշուշտ Կարմեղոսի վրայ զոհն այրելու համար Եահվէէն կրակ խնդրող ու ստացող Եղիայի հրացայտ կարողութեան, ցոյց կուտան թէ Սամոթրակէ հրաբուխ մ’էր որ կը վառէր Անցելոյն մէջ, որ տեսած էր թերեւս Հելլեսպոնտոսի ճղքուիլը, եւ որ հիմա շիջած ու խցուած հրաբուխներու սպառնագին հանդարտութիւնն ունի: Թէպէտ իր սեպ կողերը դիւրասէր առուտուրի մեծ ուղեգիծերէն դուրս թողուած են, եւ ոչ մէկ շոգենաւ կը հանդիպի իր Սէմէնտրէք աւանին փոքրիկ նաւահանգիստը որ հիւս. արեւմտեան կողմն է եւ Գամարիոդիչա կը կոչուի, թէպէտ եւ ոչ մէկ այցելու կ’երթայ հոն, վայրենական, հիւրամերժ երեւոյթով Կղզին, բայց Ենոսի ու Տէտէաղաճի կողմերուն ու Թրակեան կղզեաց՝ եւ Գամարիոդիչայի միջեւ առագաստաւոր նաւակներ կ’երթեւեկեն, եւ արուեստի արտադրութիւններ կը տանին ի Սամոթրակէ, ու բնութեան բերքեր ալ՝ հոնկէ այլուր, վասն զի այս հրաբխային կղզին բոլոր նոյնպիսի երկիրներու պէս արգաւանդ է: Իր հոծ կնճիռն ինչպէս ամեհի անշահագործելի կատարներու՝ նոյնպէս եւ խոր ու բեղուն զառիվարներու խումբ մ’է, ուր հողին խաժ ու խարտեաշ ու ծիրանի գանձերը կը փթթին: Հոն ուր Հատէս կը զայրանայ՝ Դեմետր կը ժպտի: Ամեն գեղեցիկ պտուղները կը հասնին հոն, ոսկեմեղոյշ վտառներով. դեղձերը, նուռը, թուզերը, խաղողները, կեռասը, սալորները, մանաւանդ տանձ: Գոնէ Կղզւոյն տանձերն հանրածանօթ են ի Թուրքիա: Եւ տանձենին՝ ամենագեղ փայտով ու քաղցրայեղց պտուղներով այս ծառը, որ կատարեալ հողն ու թափանցական ենթագետինները կը սիրէ՝ բարգաւաճ է Կղզւոյն այն մասերուն մէջ անշուշտ՝ որ անոր տրաքեան կատարներէն բխած հեղեղատներուն հնաւուրց կաւովն ու աւազովը կազմուած են: Յետոյ նաեւ պոսդանի պտուղներ, ընդեղէններ, ձիթապտուղ ու ձէթ, սուսամ ու շիրիկ, եւ բամբակ ու եբաղի կ’արտադրէ Կղզին: Հոնտեղի այծերը որ կուտան նաեւ իրենց կաթն ու պանիրը՝ երջանիկ են հոն, իրենց կճղակներուն արժանի սեպութեանց վրայ ալ աւելի երջանիկ են թերեւս Կղզւոյն լեռնային դժուարներուն վրայ ազատօրէն ելեւէջող քաղերն ու հոյեղջիւր քօշվայրիները (bouc): Կենդանական, բուսական ու հանքային ի՛նչ տեսակներով դեռ ճոխ են արդեօք իր լեռները. եւ ո՞վ գիտէ զոր օրինակ թէ Կղզւոյն գուարզները չեն պարունակեր Թասոսի ոսկին, եւ իր անսպառ տրաքարին մէջ պահուած չեն արեւակներ (opale): Բայց Սամոթրակէի ստոյգ արտադրութեանց գեղեցկագոյնն է իր աւանին հարիւրաւոր փեթակներուն ոսկեղէն զմայլելի մեղրը. հոն մեղուներն անտարակոյս կը ներշնչուին Կղզւոյն բարձրաթռիչ կողերէն զոր գարնանային տիւերը լեռնական միջերկրականեայ փլորով կը պճնեն: Իսկ ափունքները ոչ միայն կ’ընծայեն ծովու սովորական որսերն այլ նաեւ սպունգ կը պարունակեն. եւ ամառը սպունգ քաղող մակոյկներ կը դեգերին հոն: Արդարեւ ծովային ճամբաներէն դուրս հորիզոնին վրայ ցցուող այս Կղզին Բնութեան ամբարտաւան ու անօգուտ մէկ պերճանքը չէ. իր անմատոյց ու դժնէ մեկուսութիւնը բարեգութ (clռment) է ու հիւրընկալ: Շուրջմիջերկրականեայ ազգերը որ հետզհետէ տիրած են անոր՝ Պելասգեանք, Փիւնիկեցիք, Սամոսէն այս Թրակեան կղզին երթալով զայն Սամոթրակէ անուանող Յոնիացիք, Պարսիկք (Դարեհ), Յոյնք (Միլդիատէս), Մակեդոնացիք (Փիլիպպոս Բ. ?), Հռոմ (Վեսպասիանոս), Բիւզանդիոն, Վենետիկի եւայլն եւ հուսկ ուրեմն Օսմանեանք (Սուլթ. Մէհէմմէտ էլ Ֆաթիհ), գիտէին թէ ի՛նչ կ’արժէր «մեռելներն յարուցանելու կարող արգասաւորութեամբ» այս Կղզին որ մանիշակագոյն Եգէականին վիհերէն կը սլանայ իբրեւ Ցամաքին մէկ յաղթանակը Ծովուն վրայ, պտղաբերութեան գահակալութիւնն՝ ամուլ անդունդներուն վրայ, իբրեւ բզզիւններուն, մայիւններուն ու սրինգին, ճռուողիւններուն ու սօսաւիւններուն ու բարբառին գերիշխանութիւնն՝ ալեաց որոտուն պետութեան վերեւ:

Սակայն Կղզին որ Բլայարիի ու Կալլիուպոլսոյ անցելհայեաց անրջասոյզ Պարանոցին հորիզոնէն կը ցայտէր՝ այդ հանգամանքներէն գերիվեր պատճառ մ’ունի հռչակաւոր Սամոթրակէն ըլլալու: Հռոմէական քաղաքակրթութենէն, Յաւիտենական Քաղքին հիմնուելէն իսկ առաջ, անիկա Տիւրենական Պելասգեաններուն ամենամեծ սրբավայրն էր: Եւ այս հանգամանքը պահպանեց ընդերկար, իր վրայէն քամիներու պէս անցնող առաջին տիրապետութիւններէն անզգած, Յոյներուն ձեռքով որ պելասգեան խորհուրդներն իւրացուցին ու շարունակեցին հոն ու այլուր, եւ հազիւ Մեծին Թէոդոսի օրերն էր որ, երբ Աթոս կ’ունենար իր առաջին քրիստոնէական վանքը՝ պելասգ-յունական կրօնքն ի Սամոթրակէ տեղի տուաւ քրիստոնէականին: Գուցէ՝ անվհատելին Պօղոս իր ուժերէն վեր գտաւ նոր կրօնքին մուծումը փորձել ամեն լերանց պէս աւանդապահ այն ահաւոր կարկառակոյտին մէջ, երբ Նէապոլիս երթալու ատեն խարսխած էր գիշեր մը Սամոթրակէի հիւս. ափանց մօտ, եւ նաւաստիներուն խռովիչ տեղեկատուութիւնն անշուշտ լսելով՝ գիշերին մէջ կանգնած այն անառիկ աղջամուղջը կը դիտէր: Բայց Պօղոսէն տարբեր որ եւ է օտարական՝ մանաւանդ հնագոյն ժամանակաց մէջ՝ անտարակոյս սարսուռով պիտի գրաւուէր իմանալով ժողովրդային զրոյցներն այն կրօնն ունեցող ազգին՝ մռայլ Տիւրենականներուն բարքին ու ծէսին վրայ, եւ մթնշաղին մէջ ընդնշմարելով Սամոթրակէի ահագին դժնէտեսիլ ուրուանկարը որ սրբավայրն էր անոնց, եւ զոր պիտի կարծէր թերեւս թէ տիտանեան հոգիով նախահայրեր կառուցած էին իբրեւ տաճար ու բագին անհուն աստուածոց:

Այս Պելասգեանք էին որ Փիւնիկեցիներէն առաջ գաղթաւորած էին նաեւ զՍամոթրակէ եւ զայն ընտրած սրբավայր իրենց խորհրդաւոր աստուածներուն որոց մեծագոյններն էին Գապիրք: Երբ դեռ Գեղարուեստը չէր կրնար մեծ գաղափարներ մարմնաւորելով Բնութեան ստեղծմանց փոխանակել, ի՞նչ բան կրնար այդ կողմերն իբրեւ տաճար ծառայել այնպիսի բնութենապաշտ ազգի մը քան Սամոթրակէն, որ, անհասանելի ու հզօր ինչպէս գաղտնախորհուրդ ամենակարող աստուածները որոց նուիրուելու կոչուած էր՝ անոնց լիակատար մէկ յայտակերպութիւնն ըլլալ կը թուէր: Իր հողին արգաւանդութեամբը, իր կողերն ու արտեւանները պատող կաղնեաց անտառներով, իր տաք աղբիւրներով որ խորին անթափանցելի աչքերէ կ’ելլէին, սեպաձեւ երկնաբերձ կատարներու իր լուսապրակ խուրձով, իր զանգուածին սասանմանց ու բորբոքումներուն յիշատակներով, իր բուռն ու զարհուրելի եւ սակայն անդորրափառ ձեւով՝ Սամոթրակէն՝ շրջակայքին դեռ մօտ ու տեսանելի՛ ինչպէս հարկաւոր էր ըլլալ ի ցոյց աշխարհի ամբառնալու համար իր խորհուրդը, սակայն առանձին ու անմատոյց ինչպէս կը վայլէր ըլլալ վեհավայրի մը՝ կարծես հարկ էր որ եզականօրէն պատշաճ վայր մը նկատուէր Գապիրներու պաշտաման ու ներուսման (initiation): Իսկ Իմպրոսը որ Սամոթրակէի ո՛չ մեկուսութիւնը եւ ոչ վեհութիւնն ունէր՝ կը թուէր կոչուած ըլլալ անոր մէկ նախագաւիթը միայն ուր գապիրեան կրօնքին արտաքին, ժողովրդական արարողութիւններն ո հրահանգները (pratiques) կատարուէին, եւ ուր անուս ու բարձրագոյն հասողութեան անկարող ժողովուրդը երկրպագէր աստուածներուն՝ իր մտքին պատշաճաբար սահմանուած կերպով: Այս երկու Կղզեաց մէջ կատարուած կրօնական ծէսերն ու խորհուրդները նախատիպարներն եղան Յունաց Ելեւսեան արարողութեանց, եւ պելասգեան կրօնքին կարգուսարքն ու նուիրապետութիւնն էր որ աւելի կամ նուազ տիրեցին բուն յունական սրբավայրերուն մէջ, յԱնթելա (Թէրմոբիլ) եւ Դելփիս ու այլուր, ուստի Սամոթրակէի   որհրդոց նախ ներուսներն (initiռ) յետոյ շարունակողներն եղան Յոյնք: Բայց հելլէն երեւակայութիւնն ուրիշ բան մըն ալ ըրաւ. անպատկերելի Գապիրները կերպարանաւորեց, ժողովրդական պէտք մը գոհացնելով. մարդկային հանգամանքներ տալով անոնց՝ զանոնք մարդակերպեց, եւ յոյն դիցաբանութիւնն ստեղծեց. մինչդեռ անդին՝ յԵտրուրիա մեծագոյն աստուածք շարունակեցին աննիւթական մնալ նոյն իսկ ժողովուրդին ալ համար. եւ Հռոմ, ժառանգորդ նախ ետրուրական քաղաքակրթութեան, պիտի շարունակէր իրեղէն խորհրդանշաններով ներկայացնել իր աստուածներն եթէ յունական պերճաշուք մարդակերպութիւնը, աւելի գեղագիտական ու աւելի փաղաքշիչ՝ չգար փոխակայիլ պատկերացման հնագոյն՝ եւ աւելի գիտական ու աւելի խոնարհեցնող ձեւին:

Աստուածներուն անմարմին անկերպարան գոյութիւնն, եւ ո՛ եւ է էակի հետ անբաղդատելի հանգամանքը, պելասգեան կրօնքին մէջ, արգելք եղած չէր ժողովուրդին՝ խանդավառութեամբ դիմելու Գապիրներուն նուիրեալ վայրերը, եւ գերագոյն կանոններուն երկիւղածօրէն հպատակելու: Քուրմերը գիտէին թերեւս այնպէս խօսիլ որ ժողովուրդը՝ խորհելու համար աստուածներուն վրայ՝ չստիպուէր որոշապէս մարդկային կերպարաններ երեւակայել, եւ սակայն զգար անյաղթելի հարկը անոնց հլու եւ համաձայն ըլլալու: Եւ որովհետեւ պարտադրուած հրահանգները գիտական հիմ ունէին եւ առողջապահական պէտքերու կը համապատասխանէին, մարմնոյն բնական իմաստութիւնն հաճոյք կը զգար զանոնք գործադրելով, եւ աստուածապաշտութիւնը կը վարձատրուէր իսկոյն այդ հրահանգներուն գործադրութեան հետեւող քաղցր երանազգայութեամբ որ վերկենցաղման տպաւորութիւն մը կը թուէր: Տարւոյն որոշեալ մէկ օրը, գարնանային կամ ամառնային օր մը, տիւրենեան քաղաքներէ մեկնած բազմաթիւ նաւեր, թռչարաննին պարզած, երկկարգ թեւճակներնին զարնելով Արշիպեղագոսի լեղակագոյն ջուրերը կ’ակօսէին դէպի նուիրական Կղզիները, դէպի Սամոթրակէի լրթագորշ ամպային երեւումը հորիզոնէն: Այս խուռներամ երթն արդի ուխտագնացութեանց բոլորովին համարժէք, նոյնիսկ այժմու ջերմկերթութեանց հետ կապ ունեցող բան մըն էր: Ժողովուրդը կ’երթար մասնակցելու Սամոթրակէի խորհրդատօներուն նաւակատիքին որ թերեւս Իմպրոսի՝ լեռնոտ, ջրաւէտ ու բեղուն կղզւոյն վրայ տեղի կ’ունենար, եւ կը բաղկանար լուացումներէ, պարերէ, մրցախաղերէ, օրհներգութիւններէ եւ զոհերէ, եւ այնպիսի արարողութիւններէ որ նպատակ ունէին՝ աստուածոց երկիւղն եւ առ աստուածները մարդկային պարտուց հարկն ու ծանօթութիւնը խորապէս տպաւորել հոգիներուն մէջ, եւ ցոյց տալ թէ որպիսի՜ բարեգթութեան մը կրնար փոխուիլ անոնց մռայլ ամենազօրութիւնն՝ եթէ միայն գիտնային մարդիկ իրենց հետ հաշտ պահել իրենց մեծութենէն անմատոյց ու սրբութենէն անողոք այն աստուածները, որոնց անունն իսկ արտասանել ներելի չէր: Բայց վեհապանծ Սամոթրակէի անտառներուն մէջ ուրիշ բան տեղի կ’ունենար. անուս անհասկացող ժողովուրդին արգիլուած ու անմատչելի բան մը, բուն խորհուրդը: Կղզւոյն նսեմաստուեր անտառները կը պահէին զայն ամեն ռամիկ տեսողութենէ. Քուրմերուն, իրենց ստորակարգ պաշտօնէից եւ խորհուրդը ճանչնալու արժան դատուած եւ այդ ճանաչման պատրաստելի անձերու խումբը միայն կրնար կանաչ սրբավայրը մտնել: Կարծես թէ կար պաշտօնեայ մը, լուսազգեստ, որ անտառին մուտքին վրայ կեցած սա իմաստով պարբերութիւն մը կ’աղաղակէր. Մի՛ ոք յերախայից, մի՛ ոք ի թերահաւատից, եւ մի՛ ոք յապաշխարողաց եւ յանմաքրից մերձեսցի յաստուածայինն խորհուրդ…:

Նուիրապետութիւնն ա՛յնքան գաղտնապահ էր, որ սրբանուէր անտառին խորհուրդը ընդերկար անթափանցելի մնաց քրիստոնէական քաղաքակրթութեան՝ որ արդէն հեթանոսական անցեալին նկատմամբ որ եւ է հետաքրքրութիւն չունէր, եւ ընդհակառակն անխնայ քանդելու փճացնելու ետեւէ էր ինչ որ գտնէր անկէ, տաճար, գիրք, համոզում ու սովորոյթ, նոր կրօնքին առողջապահութեանը համար: Եւ որովհետեւ քրիստոնէութիւնը տեսակ մը ռամկավարութիւն է՝ մեծապէս իրաւունք ունէին քուրմք իրենց կրօնքին էական ու բարձրագոյն մասը սքօղելու: Շատ ուշ կարելի եղաւ յետագայ ժամանակներուն, աղօտ գաղափար մը ունենալ Սամոթրակէի կամ Ելեւսիսի խորհրդոց մասին, եւ հասկնալ թէ հին նուիրապետութիւնը ո՛րքան բան գիտէր Տիեզերքէն եւ որքան կարող էր ժողովուրդը վարելու, եւ ինչ մեծ բարբարոսութիւն մ’էր որ գործադրուեր էր «հեթանոսութեան» մատեաններուն ու սովորոյթներուն վրայ որ բովանդակարաններն էին դրական, ճշմարիտ արժէքով լի սկզբունքներու զոր խորհայեաց Մարդկութիւն մը հաւաքեր էր անծանօթին խորերէն, եւ կը պահէր զգուշիւ՝ անոնց համար որ արժանի էին այն ճշմարտութիւններով իրենց իմացականութիւնը պսակելու:

Անտառին խորհուրդը ոչ այլ ինչ էր ուրեմն՝ քան տիրացեալ գիտական ծանօթութեանց որ ժողովուրդին անիմանալի էին՝ աւանդումն ընտրեալներու: Կոյր աստուածապաշտութեան մը հաւատալիքներէն վեր պահուած յստակատես գիտութեան մը տարրերուն ուսուցումն էր: Պաշտամունքը գիտութիւն էր հոն: Աստուածք հոն երկիւղալի ու պակուցիչ էութիւններ ըլլալէ դադրելով ակնածելի զօրութիւններ կ’ըլլային: Խորհուրդը ոչ այլ ինչ՝ քան աստուածները պարուրող իսիսեան քօղին մէկ կիսաբացումն էր, ռամկին համար մութ գաղտնիք մը եւ ընտրեալին համար քաղցրանշոյլ յայտնութիւն մ’էր այն:

Բայց ընտրեալը նախ ընծայացու մըն էր որ դժնդակ փորձերու կ’ենթարկուէր, որոց նպատակն էր անոր բարոյական կորովն ու թերեւս ֆիզիքականն ալ, եւ անոր իմացական հասողութիւնն ապացուցանել: Երջանիկ ընտրեալն անիկա էր որ կրցած կ’ըլլար այդ փորձարկութեան տոկալ, եւ հաստատել իր կամքը, արիութիւնն ու հասկացողութիւնը, իր արժանաւորութիւնը բարձրագոյն գիտութեան որ պիտի մատռուակուէր իրեն: Որպիսի՜ բերկրանք երբ առաքինութիւնը կը յայտնուէր, եւ ի՛նչ մեծարանքներ ընտրեալին որ կրցեր էր արժանի ըլլալ ուղղակի նայելու «աստուածներուն»: Քուրմերուն պատկառելի հոյլը վեհածուփ շուրջպար մը կը դառնար այն ատեն նորընծային նշուլարձակ աթոռին շուրջը: Նուիրապետութիւնը նոր հոգիի մը ներուսութեան արժանաւոր հանդիսանալը կը տօնէր: Այնուհետեւ կը սկսէր այդ ներուսութիւնը. այսինքն տիրացեալ ճշմարտութեանց ուսուցումը, աստուածարեալ Օրինաց յայտնութիւնն, «աստուածոց» մեկնութիւնը. եւ զանոնք պսակող բարձր բարոյականի մը սկզբանց ճանաչումը: Այս խորհրդագիտութեան հիմնական նիւթերն էին՝ միակ աստուծոյ մը գոյութիւնը, այսինքն արարչագործ զօրութեան միութիւնը. հոգւոյ անմահութիւնն՝ այսինքն կեանքին անցքը էակէ էակ, եւ ժառանգաբար տեւումն անհատին յատկութեանց, եւ անոր բարեշրջումը. եւ տիեզերական մեծամեծ երեւոյթներուն օրէնքները: Գապիրներու կրօնքին արտաքին մասն ուրեմն իբր թէ պաշտամունք մ’էր առ ամենազօր աստուածները որ ամպերն ու երկիրները փեռեկտող դղրդումներով ու հրեղէն հեղեղներով կրնային ամեն ինչ մահաշուք քաոսի մը վերածել, եւ գթառատ անձրեւներով ու ողորմած կապոյտ տիւերով կրնային վերկենցաղել երկիրն, ու բարիքներով ու գեղեցկութեամբ լնուլ, որ կ’արբեցնէին, կը բեղմնաւորէին ու կը բազմացնէին էակներն այլ սակայն նաեւ կը պատուհասէին, կը մեռցնէին եւ անճողոպրելի անդունդները կ’իջեցնէին զանոնք: Պաշտողութիւն մ’էր որ կը հնազանդէր անհաս գերագոյն կամքերու. դից հաճելի ըլլալու, անոնց հետ դաշնակցելու, անոնց քաղցրութեանն հաւատալով քաջալերման ու երջանկացման անուրջն էր: Իսկ ներկրօնային մասն էր ճշմարիտ աստուածգիտութիւնը. ծանօթացում մ’էր իրաց յաւերժական պատճառներուն. երեւոյթներուն եւ անոնց կարգին ըմբռնումն էր. ստացումն էր առ Բնութիւնն ակնածու եւ անստերիւր հպատակութեան. հանդէսը՝ գիտութենէն, Ճշմարտութենէն բղխող բարոյականի մը շնորհակերպ էջքին՝ իր արժանաւորութենէն սարսռուն իմացականութեան մէջ. բուն աստուածպաշտութիւնն էր, այսինքն պաշտումն Օրէնքին. Տիեզերքին պատշաճելու, Օրինաց հետ ներդաշնակելով զօրանալու, ազատագրուելու, եւ կատարելացման բաղձանքն ու նախատօնն էր: Թեւատարած անտառներն իրենց զմրխտեայ թուխպին մէջ կը պարփակէին ու կը վերացնէին այն խորհուրդը. Ճշմարտութեան մարդկային կարօտը երկնակարկառ Կղզւոյն իմաստն ու հոգին կը դառնար:

Բլայարիի մեր պտոյտէն քանի մը ամիս վերջը, ամառուան օր մը դէպի Քիոս կը ճամբորդէինք: Շոգենաւը կանուխ դուրս էր ելեր արդէն Տարտանելէն եւ Թենետոսի կողմը կ’ուղղուէր ծովեզերքն ի վար Տրովադայի՝ որ առաւօտեան ակնախտիղ պայծառութեանց տակ կը սփռուէր, լմնցած, վերստին բնութենացած, հասարակ դաշտագետնի մը պէս, կարծես այն դիցախառն օրերէն իսկ ի վեր ուր այդ տեղերուն պատմութիւնը կը սկսի: Փափուկ, այերային աղօտութիւն մը կը պատէր միւս հորիզոններ ուր կը սուզուէր ջուրերուն մոյգ ու պաղպաջուն սփիւռը: Դէպի հիւսիս՝ մեղմ լելագոյն ցամաք մը կը տեսնուէր. Իմպրոսն էր այն: Իր վերեւը՝ հորիզոնին մարգարտագոյն մթնոլորտին մէջէն ամպակոյտ մը կը նշմարուէր. կուտակ (cumulus) մըն էր, լրթագորշ ու մենաբերձ, որ սակայն իբրեւ ամպ՝ քիչ մը շատ պիրկ ու սեպ ու խստագիծ կ’երեւէր, եւ զուրկ էր կուտակներուն քնքոյշ ու բոլորշի… բայց Սամոթրակէ՜ն էր: Ո՛հ, ըրած անմտութիւնս երկար չտեւեց. ան էր, անգամ մը եւս:

Այս անգամ կ’երեւէր ոչ բոլորովին սղանկարուած (en raccourci) ինչպէս Բլայարիի ճամբէն, այլ գրեթէ իր երկայնքով որ սակայն նուազ է լայնքին կրկինէն, եւ այս անգամ զայն կը տեսնէինք աւելի մօտէն, վաթսունուհինգ քիլոմէդր հեռաւորութենէ մը: Հիմա աւելի հոյակապ էր ան: Ծիրանեգոյն Իմպրոսը որ անոր նախագաւիթն եղած կրնար համարուիլ՝ անոր այերանգ զանգուածին ստորոտներն ու ծովեզերքները կը ծածկէր, եւ զայն աւելի անաշխարհային կը դարձնէր: Առանձին էր հակառակ Իմպրոսի նուազ հեռաւոր ներկայութեան, եւ մեծ՝ հակառակ անոր աւելի ծաւալուն երկայնքին: Շրջակայքը բան մը չկար որ նմանէր իրեն, որ բաղդատուէր անոր հետ: Հորիզոնին մէջ կը վերանար, յաւերժապէս վեհ: Շահախնդիր միտքը անոր շրջակայքէն կ’անցնի՝ հազիւ նշմարելով անոր ամեհի ներկայութիւնն, ու առանց զայն ողջունելու իբրեւ պղատոնական աշխարհածնութեան հրաշակերտ մը, իբրեւ զայն տաճար ընտրող վեհապաշտ Մարդուն կրօնական ճարտարապետութեան մէկ յղացումը, անոր գեղարուեստին, գիտութեանը, փիլիսոփայութեանն ու բարոյականին՝ այսինքն մտքին յաւիտենական ձեւերուն մէկ լիակատար յիշատակարանը, իբրեւ զմայլող, խորհող, օրինազգած Անցեալին մէկ ամփոփումն ու նշանը: Հեռաւորութիւնը որ ամեն բան կը կապոյտցնէ աշխարհի վրայ՝ կ’երկնախառնէր Սամոթրակէն եւ գերաշխարհիկ տեսիլի մը կը վերածէր զայն, անջրպետն ու մոռացումը որ զինքը մենէ կը բաժնէին՝ կը թուէին պահպանել ու շարունակել իր սրբազան գաղտնիքը որով պարուրուած էր երբեմն. խորհուրդը անոր իսկութեան մշտնջենի արտայայտութիւնն էր: Անցեալին աղօտութիւններէն դուրս կը կիսայայտնուէր ան ամպօրէն, իր հեղեղատներուն լրթաստուեր պատառուածքներով որ իր շեղաբերձ կողերն ի վար կը պեղուէին, իր սառնորակ լեռնախուրձովը որ միահաղոյն կը վերարձակուէր, եւ որ երկարաձիգ այլ թանձրահոծ ու բութ ու կայծակնագիծ կատարով մը կ’աւարտէր օդին մէջ: Կարծես բուրգեու՝ անձեւ, գագաթնատ, ու խոռեալ եւ իրերայեց բուրգերու հսկայական թոհ մ’ըլլար. չափագեղ ու պակուցիչ ցնորաստեղծութեան մը հազուորոշ ու զարհուրելի թարխը (ռbauche). անձեւութեան կատաղի կարօտն օրինագեղ ձեւին. քաոսին՝ ներդաշնակուելու, ստեղծուելու արբշիռ ու տատանագին կամքը՝ լեռնաղանճի մը մէջ յագեցած: Կը թուէր թէ ամենածին Լոյսէն օտարացած Նիւթին մոլեգին դարձն էր ան ու մայրենի անճառ սկիզբը. խաւարին բազկաբերձ ապաւինումն առ քաղցր, քաղցր Լոյսը. բոցին տառապագին կիրքը լոյսի վերածուելու. հրեղէն աղջամուղջներուն՝ ճանաչման, լուսաւորման անուրջը. Ճշմարտութիւնը շնչելու համար նհանգօրէն ելքն անդունդներէն. զԱստուած նախազգալով վարերէն խուժող ու լեռնացող վիհերու յայտնատեսական վայելքն իր վիթխարի սարսուռին մէջ: Կարծես օրինազգած կատարելատենչութեան բղխումն էր արհաւիրքներէն. Երկիւղին դողերէն ծագում բարոյապսակ լուսաճակատ Գիտութեան. Երկնից սրբութեան հետ հաղորդակցութեան փողփողուն տաճար՝ զոր հանճարը օծեր էր ազանց ու լեզուաց համաձայնութեան համար ի խնդիր եւ ի կոչ Ճշմարտութեան ճառագայթներուն. ո՛հ, հաղորդութեան լեռը. կը կենար անհուն սկիհի մը պէս զոր նուիրական ծածկոյթին վայրավէժ ծալքերը կը պատեն, եւ զոր ամենամա՛յր Բնութեան եւ ամենորդի Մարդկութեան բազուկները վեր կը բռնեն հորիզոնին ետեւէն:

 

Նոյ. 1907