Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԿԱՐԸ
(ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆԻ ՄԸ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԷՆ)

Տղայութեանս քանի մը տարիներուն մէջ, օրինակի համար 1884էն մինչեւ 1888, եղբայրս ու ես Զատկի Ծնունդի այցելութեան կ’երթայինք մօտիկ բարեկամներու, հնազանդելով մեր հօրը որ, կարծեմ, իրեն կը վերապահէր այլոց այցելել, եւ որ, հաւանաբար, որքան ճանչցած եմ զինքը հետզհետէ, զմեզ ընկերային յարաբերութեանց կը վարժեցնէր եւ մարդ յարգել կ’ուզէր սովրեցնել մեզ: Բոլոր այն տուներէն ուր կ’երթայինք, կը յիշեմ մանաւանդ մէկը, Պաղլար-Պաշի, թուխ ու հին, գեղջկական երեւոյթով, ոչ մեծ, ու փոքրադէմ տուն մը, Աղուոր-Հալային տունը (ինչպէս իր մանկութեանը կոչած է եղեր եղբայրս այդ տան տիրուհին որ սակայն հօրաքոյր չէր մեզի) եւ հոն, երկրորդ յարկի մթին սենեակին մէջ յոյժ հազուադէպ կերպով կը գտնէինք ընտանիքին հայրը, փոքրահասակ մարդ մը, բայց անվրէպ՝ իր ծերուկ մայրն, ու երիտասարդ կինը՝ Աղուոր-Հալան, իր պզտիկ տղոց հետ, որոց իւրաքանչիւրին ալ դէմքը, բոլորովին մանրակերտ ու նրբագիծ՝ մէկ զանազանեալ կրկնութիւնն էր իրենին, եւ, որքան կրնամ վերակոչել անցեալի տպաւորութիւններս, այս բոլոր դէմքերն ա՛յնքան պատշաճ էին տունին, որ կարծես տունն ազգական էր իրենց, տեսակ մը հնօրեայ մեծ մայր: Բայց իմ հետաքրքրութիւնս շարժող բաներն անոնք չէին. պատին վրայ իւղանկար մը կար, շատ միջակ մեծութեամբ. եւ ես հազիւ քիչ մը նստած ու սովորական խօսքերուն ունկնդրած կամ պատասխանած՝ կ’ելլէի կ’երթայի անոր առջեւ կենալու:

Պիտի կրնա՞մ արդեօք, Տէր Աստուած, պատմել ինչ որ կը զգայի այդ իւղանկարին առջեւ: Պէտք չէ՞ր որ այն մանկութենէն վայրկեա՛ն մը վերապրէի հիմա, բայց հարազատ վայրկեան մը, իր բոլոր անգիտութեամբն ապառնիին, իր բոլոր համեմատական կուսութեամբն յետաստաց տպաւորութիւններէ, եւ իր բոլոր միամտութեան ստեղծողութեամբը: Վասն զի բնականաբար ոչ միայն կը տեսնէի այդ նկարը, հապա նաեւ զայն տեսնելով հանդերձ իր պատկերացուցած տեսարանը կ’երեւակայէի եւ խորին բաղձանքն ունէի անոր: Եւ չէ թէ լոկ անուս ու անքննադատ՝ այլ մանաւանդ ի հարկէ ենթակայական տղայութեանս համար չէի կրնար չհաւնիլ նկարին, որուն յայնժամ անկասկածելի (եւ հիմա շատ ստոյգ) թերութիւնները չէի տեսներ ես, եւ որուն ի տես՝ ոգեւորեալ երեւակայութեանս յղացումները միայն կը դիտէի յանգէտս անոր մէջ:

Իւղանկարը, որուն ինչ ինչ մանրամասնութիւնները, եւ ստորագրութիւնն ու թուականը (J. Davoud, 1879) շատ աւելի վերջերը միտքս պահած եմ, վայրանկար (paysage) մ’էր: Գրեթէ առաջին կարգին վրայ կանգնած էր մեծ ծառ մը. վարերէն սկսեալ երկճղած, ու անօսր սաղարթով մը հազիւ սքօղեալ բարձր ճիւղերով որ պատկերին վերի եզրէն կ’ընդհատուէին: Ներքեւը լեռնական երիտասարդ մը նստած էր, բունին կռթնած, լայնեզր գլխարկով, այրած ու լերկ դէմքով. յորդածալ թուխ վերարկու մը ունէր, անյարդար կերպով հազիւ մէկ ուսը ծածկած. ճերմակ թոյլ շապիկ մը, եւ կարճ կապոյտ տաբատ մը հագած էր. սրունքները զորս իրարու վրայ երկարեր էր գետինը՝ մերկ էին, եւ ոտքերը թաղուած էին եմենիներու պէս ոտնամաններու մէջ: Հովիւ մը կը թուէր: Հողը, կարծեմ, թուխ կարմրագոյն էր, ոքրուտ. ճամբայ մը ծառին առջեւէն կը սուզուէր պատկերին խորը, եւ զայն ձախէն կ’եզերէին մէկ քանի ուրիշ ծառեր, գլխաւոր ծառին տեսակէն. ճամբուն վրայ գեղջկուհի մը կ’երեւար, կարծեմ հեռանալու վրայ: Իսկ խորը, բիլ երկինքին տակ, լեղակագոյն լեռներ կը տեսնուէին: Ամբողջ պատկերն արեւոտ կը թուէր, մանաւանդ լեռնային հեռաստանը՝ որ ծառերուն թխաթոյր բուներուն ու խրթներանգ հողին խստութիւններէն անդին կը պարզուէր, լուսողող: Կամ մանաւանդ պատկերին յիշատակն է որ արեւոտ է մտքիս մէջ, ինչպէս մանկութեանս այն բոլոր յիշատակները՝ զորս արտադրող իրերէն զգացած ուրախութիւնս, ներքին ու խորունկ ոգեւորութիւնս, անտարակոյս իր ոսկեգոյնովն ողողուն կ’անձնականացնէր ու կ’իւրակերտէր զանոնք, եւ հետզհետէ աւելի կարօտնալ կուտար այն իրերն ինծի: Արդ, հոս, այս պատկերն իր առաջին կարգերուն յարաբերական մթագնութեամբ ու հեռախոյս հորիզոնին արփաւէտութեամբ, իր լեռնայնութեան բոլոր խռովիչ հմայքով, իր նիւթերուն պարզութեամբն ու հողայնութեամբը տէր էր ինծի զմայլելի ըլլալու ամեն պայմանի. եւ ես անոր տակ կեցած կը նայէի, ընդերկար տրտմագին սեւեռեալ անոր անճիգ ամբողջին, զայն ներդաշնակօրէն բաղադրող իրերուն. եւ իւրաքանչիւրը կը վայելէի, իւրաքանչիւրին անսպառ հրապոյրը յամրօրէն կը քամէի, իբր հոգեկան երանաւէտ սնունդ մը, ա՛յն անժպիտ լրջութեամբ ու ահաւորապէս խոր գոհունակութեամբ՝ որով երախան կաթ կը ծծէ մօրը ստինքէն: Հովիւին կը նայէի, որ ընկողմաներ էր եւ լուրջ ու խոհուն կ’երեւար., մեծաբերձ ծառին որ երկինքին մէջ ուռճացեր էր, եւ միւս ծառերուն որ աւելի անդին էին, նուազ մատչելի., ճամբուն որ կը հեռանար անհետեւելի., գեղջկուհւոյն, կքուն ու անորոշ՝ որ կ’երթար անշուշտ անճշդելի նպատակով., գետնին կը նայէի, հողին՝ որ իմ գիտցած հողերէս աւելի թուխ էր, ինծի համար անկոխ., եւ լեռներուն, հեռուն անօսրացած ու երկնաւէտ այն լեռներուն որոց ստորոտները մօտաւոր գետնին հեռուի անորոշութեան ետին ծածկուեր էին, ուստի անոնցմէ ասդին դեռ անբաւ անյայտ տեղեր կային: Յետոյ նորէն կը նայէի իւրաքանչիւր մասին. լեռնազգեստ երիտասարդին որ նստած էր ու կը խոկար. անոր թաղեայ գլխարկին հովանւոյն, անոր խարազնէ կամ մաշկէ վերարկուին ծալքերուն, ճերմակ կտաւէ շապիկին՝ որուն բացուածքէն թխորակ վիզը կ’երեւար, իր կապոյտ տաբատին որ իրարու վրայ երկարած ուժեղ ազդրերուն շուրջը պրկուելով, շեղակի կ’աւարտէր մէկ սրունքին վրայ. իր մերկ ու բիրտ ուլներուն, ու մանաւանդ իր կերպարանքին՝ որ թեթեւապէս հակած ու լուրջ էր ու երազուն. հովիւի՛ն, այսպէս, որ հոն նստեր էր իր սեփավայրին (domaine) մէջ ըլլալու գոհունակ անտարբերութեամբ, իր շինական զգեստներուն ու կեանքին անկաշկանդ վայելմանը գերազանցութեամբ, բոլոր շրջակայքին, բոլոր այդ լեռնաբոյր երկրին ծանօթ ըլլալու նախանձելի առաւելութեամբ., հոյաբերձ ծառին, շէկ ու լերկ ու մկնեղ բունով՝ որ օդին մէջ լիալիր կը կանգնէր եւ աւելի հնաւուրց էր եւ աւելի մնայուն, աւելի վաղնջուց երիտասարդութեամբ մը բարձրադալար ջովացած՝ հողին ու անջրպետին արձակութեան մէջ., եւ միւս թաւ ծառերուն՝ որ աւելի հեռու էին, հետաքրքրական ու տենչալի խորհուրդով մը հոծուած, որովհետեւ անծանօթ տեղեր ունէին իրենց ներքեւ, իրենցմէ անդին., ճամբուն՝ որ կ’երկարէր, իր շիկութեան ու անորոշութեան սովորական ամայութեամբ, եւ որ հեռասոյզ կ’անհետանար, ով գիտէ ո՛ւր, որպիսի՛ շինավայրի ու զմայլելի տեղուանք., ու գիւղացի կնկան՝ որուն կերպարանքն անստոյգ էր իր գեղջերանգ հագուստներուն մէջ, եւ որուն անձն ու անհատութիւնն այսպէս կ’ընկլուզուէին իր կեանքին ողորմուկ ու բարեբաստիկ պայմաններուն զօրեղատիպ նկարագրին մէջ. կամ լաւ եւս, (եւ մանկական ըմբռնմանս հաւատարմօրէն)՝ որուն անորոշ անձը խեղճօրէն ու երջանկապէս գեղջկական էր. եւ կ’երթար, իրեն միայն ծանօթ լուսաւէտ կանաչագեղ նպատակի մը., հողին նաեւ, շիկամոյգ անբնակ հողին, հողի բոլոր ամուր ու տաքուկ չորութեամբը սիրելի, բոլորովին տարբեր անպիտան փոշիէն, մայրօրէն վստահելի՝ անջրպետին ահեղ անծայրածիր պարապին մէջ, եւ որմէ՛ էին անշուշտ հեռապանծ լեռներն ալ ուր այնքան փափկօրէն կրնար հողը կապոյտնալ, ամպօրէն եթերանալ՝ երկնասոյզ երկրագունդին հորիզոններուն մէջ. եւ լեռներուն կը նայէի, կոհակաձեւ եթերագեղ լեռներուն, որոնք ցամաքին ծովակերպ ամբարձումն էին անեզրութեան մէջ, բարձրայօն ու բարձրախոհ, ցամաքին բոլոր քաղցրութեամբը, ծովուն բոլոր ակնածելութեամբը բաղձալի…: Եւ յետոյ, վերստին կը նայէի, անյագ ու լո՜ւրջ իմ ուշադրութեամբս՝ միեւնոյն տեսարաններուն. հովիւին՝ որ ծառին տակ կը հանգչէր, շարունակ խոհուն, անվերջօրէն երջանիկ, իր շիկահողային խանձահար դէմքը մեղմիւ հակած, իր թոյլ ու բաց օձիքն ի վար անսքօղ արեւակէզ լանջքին, իր դնդերուտ ազդրերուն, իր մէկ կողն ի վար սահած վերարկուին թանձր ու լքուն ծալքերուն, իր բոլոր անձին՝ որ իր գոյութենէն ու հոն իւղանկարին մէջ ըլլալէն գոհ էր եւ կը վայելէր իր մարմնոյն ու իր գոյներուն պատշաճութիւնն այն տեսարաններուն, դալար կոճղերուն, հողին ու հորիզոնին լերանց, որ անոնց մէջ իր անվրդով առանձնութեան բարիքէն զմայլած էր ու անդորր, եւ որ իր անհուն մենութեամբ տարօրէն կարեւորութիւն մը, տիրական բան մը կ’ունենար, գրեթէ դիւցազնական երեւոյթով մը սփածեալ կ’երեւէր., եւ դարձեալ ծառին, օդին մէջ թեւակարկառ, իր մանրատերեւ սաղարթին փափկութեան մէջ մշտառուգօրէն հոյամարմին, որ իր բունին կռթնած երիտասարդին բարեկամ ըլլալու մեծ հեզութիւնն ու միանգամայն տեսարանին իշխելու խրոխտ հաճոյքն ունէր, առանց հոն միեւնոյն կէտին վրայ արմատացեալ կայաճման ցաւն երբեք ունենալու, ինքը որ անկաշկանդ էր Ժամանակին մէջ., յետոյ միւս ծառերուն՝ որոց անթափանցելի ստուերն այնքան սխրալի էր, որոց կանաչ հոծութիւնը կը վհատեցնէր ու կը տխրեցնէր զիս, ցորչափ այն պուրակին խորքն ու յանկոյսն անգիտելի էին ինծի., գետնին ալ, նորէն, սեւաթոյր կպրագոյն հողին՝ քաղցրօրէն ու աննշմարելի կերպով ամենակալ, անսպառօրէն ամենածին, եւ աղօտակի բայց աներկբայօրէն իւրադարձուցի., եւ դարձեա՛լ մենաքայլ կնիկին, կորովագեղ տղամարդուն կողմերէն հեռացող իր հիքանոյշ նկնութեան՝ որ բաւ էր սակայն մենաւոր ուղին անամայացնելու, իր հեռացմանն ու ընդհուպ անհետելի ըլլալուն հրապոյրին, իր մօտալուտ երանելի կորուստին ու թանկագին դոյզնութեան ներդաշնացմանը., ճամբուն որ իր կարմրահողային բաղձալի վայրենութեամբը կը հեռանար, ինծի անտարբեր, ու հոն կը թողուր զիս, ու շեղելով կը խուսափէր անծանօթ անհասանելի վայրերու մէջ զոր ինքը գիտէր, եւ որք իրենն էին., եւ վերջապէս դա՛րձեալ լեռնաշղթային՝ որուն ու մօտաւոր հողին միջեւ խոր գետնիստ (dռpression)ի մը արեւոտ սփիւռները կը զգայի. լեռներուն՝ որ կը կանգնէին անոնցմէ ալ անդին, պերճօրէն, անճառօրէն անմատոյց, իրենց հառաչելի անմատչելութեան բոլոր վսեմութեամբը…: Է՜հ ուրեմն. այդ երազները դիտող տղուն համար գութ ու յարգանք կը զգամ հիմա. ո՜հ, տղե՛կը որ կը նայէր այդ ամենուն, ինչպէ՜ս սիրելի ու ցանկալի է ինծի, իր կնճռալի ապառնւոյն. եւ այն անշշուկ ու անտրտունջ հիացումն հիմա աչքս կ’արցունքոտէ…:

Եւ ո՜րքան բոլոր նկարը համապատասխան էր այն գաղափարին՝ զոր այն ատեն ունէի իւղաներկին նկատմամբ: Տղայութեանս մէջ տեսած իւղանկարներս ամենքն ալ աւելի կամ նուազ կը կրէին վրձինի այն հարուածներն որ կը թողուն ներկն այնպէս ինչպէս որ զարնուած է պաստառին, կոշտ ու կարկառուն, երբ մանաւանդ այդ կերպով ներկայացուած իրերն ալ՝ հող, քարեր, թաւուտներ, ամպեր՝ խորտուբորտ ու ցայտուն են արդէն: Ինծի կը թուէր թէ իւղաներկին յատուկ այս հանգամանքն անոր մէկ պայմանն ու մէկ գեղեցկութիւնն էր զոր իմ ջրաներկերս ու գունաւոր մատիտներս չէին կրնար հայթայթել: Եւ յետոյ, նոյնպէս, բոլոր իւղանկարները զոր տեսած էի՝ ունէին մանաւանդ մութ ու զօրեղ գոյներով ներկեր որոց մէջ կը տիրէին ձիթենւոյ տերեւի գոյն կանաչ կաւը, Սիէնի կաւերը, շէկ ու կարմիր ոքրերը, սիպէն, կպրագոյնը եւ մռայլ կապոյտներ: Բոլոր ասոնք ալ իւղանկարներու անհրաժեշտ ու ներյատուկ թուած էին ինծի, եւ իմ գունաւոր մատիտներուս ու ջրաներկիս անգայտ երանգներէն չէի կրնար սպասել այն ազդեցութիւնը (effet) զոր կ’ընէր իւղանկար մ’իր վայրենազօր գոյներով: Եւ դարձեալ, տղայութեանս ծանօթ իւղաներկ պատկերները վայրանկարներ էին. կարմրահողոտ ափունքներ կային անոնց մէջ, ժեռուտներ, անհերկ ու տխրատեսիլ տեղուանք, խրճիթներ, մեծազօր կոճղերով խորին թաւուտներ կային, հազուադէպ այրեցադէմ մարդիկ, մօրուտ կամ սարսատեալ գետիններ, քստմնած խարձեր, կնիւնուտներ, հեռախաղաղ կատարներ կային, թախծալուսին գիշերներ. բոլոր ինչ որ կար ինծի դեռ շատ մասնակի ծանօթ Բնութեան մէջ խոպան ու վայրենական. ինչ մենաւեր ու խորհրդամած առանձնութիւններ որ կային անտարակոյս Բնութեան մէջ. քարերուն, բոյսերուն, ծովերուն մուղտ ու խաժվառ ու լաժուարդ աշխարհին մէջ, զոր ըմբռնելով, զոր կարծես գուշակելով ու յղանալով կը խռովէի: Եւ կ’ենթադրէի թէ այսպիսի տեսիլներու արտայայտութիւնն իւղաներկին միայն կը պատկանէր, եւ ո՛չ իմ տղու ներկերուս: Արդ, այս նկարը կը գոհացնէր բոլոր այդ պայմանները՝ զորս ընծայեր էի իւղաներկին, քանի որ ունէր վրձինի նոյն դիտումնաւոր հարուածներն ու ներկերու նոյն խանձաթոյր ու փտային երանգներն՝ որ իւղաներկին կուտային իր բոլոր տաք կորովն ու բնականութիւնը, եւ քանի որ կը ներկայացնէր նոյն ներկերուն յատուկ տեսարան մը, այսինքն վայրանկար մ’էր: Չեմ ըսեր Նոյն իրերուն յատուկ ներկեր, այլ կ’ըսեմ Նոյն ներկերուն յատուկ իրեր. վասն զի կը թուէր թէ իւղաներկն էր որ այն տեսիլները կը ստեղծէր. թէ նկարելի իրականութիւնը կախեալ էր ներկերէն, որք սակայն լիակատար էին ու ամենաբաւ, թէ նկարչին երեւակայութիւնն էր որ կը ստեղծէր աշխարհը՝ զոր ես այն տաք ու մոյգ գոյներով չէի տեսեր դեռ, եւ զոր ես ալ կ’երեւակայէի՜ լոկ տակաւին, հետեւաբար կարծես կ’ունենայի աղօտ գիտակցութիւն մը որ կը բաւէր զիս յուզելու, եւ զոր կարելի է այսպէս ճշդել, թէ նկարիչը կրնար ըստ կամս ստեղծագործել հողի ու երկինքի չես գիտեր ի՛նչ խռովիչ կացութիւններ. թէ աստուածային կարողութիւն մը կար նկարչին քով որ Բնութիւնը կը կերտէր այսպէս կտաւին վրայ, կտաւին անհուն տարածութեանց վրայ. թէ հանճարը, ինչպէս Աստուած, բարձր էր Բնութենէն որ հանճարին մէջ էր, ինչպէս Աստուծոյ. թէ իւղանկարն ու Բնութիւնը նոյն էին…: Եւ իրօք, նկարներու պաստառին ու իւղաներկին ա՜յն հոտը զոր անասելի բաղձանքով մը կը շնչէի այն ատեններն արդէն, նո՛յն է կարծես ափունքներու վրայ փտող վարեխներու (varech) հոտին, ծառոց կեղեւին, խալանջներուն, քարաքոսոտ ապառաժներուն հոտին, լեռնային դաղձերուն ու ծոթրիններուն, աբեղախոտերուն ու լապտանիներուն հոտին, նո՜յն՝ Բնութեան միւռոնային անպատում հոտին հետ: Եւ մարդուն հանճարն ու Աստուած ալ նոյն էին. ո՜հ, այն խաղաղութիւնը զոր զմայլումս կուտար նկարներուն անշարժ Բնութեան՝ կը թուէր միանգամայն նկարչին կարողութեան երջանկութիւնն ու միանգամայն Աստուծոյ ամենազօրութեան փառքն ըլլալ: Ո՜րքան կրօնական է հիացումը… եւ ո՞չ ապաքէն այն ատեններն ես շապիկ կը հագնէի Եկեղեցին, եւ մոմերու բոցերուն եւ բուրվառին խունկին հետ անբացատրելի բաներու մէջ կը վերանար հոն երեւակայութիւնս: Եւ հիացումն ինքնին ո՜րքան բարոյական է, եւ ինչպէ՜ս անմեղութեան կը վերաբերի: Կրնա՞մ միթէ որոշել թէ իւղանկարին մէջ ինչի՛ կը բաղձայի. վասն զի հիացումն ուրիշ բան չէ այլ բաղձանքին առաջին անկամաւոր յոյզը., նկարուած հովի՞ւն ըլլալ կ’ուզէի թէ զայն յղացած նկարիչը, կամ ճշմարիտ Բնութեա՞ն կը տենչայի թէ զայն արարչագործող Աստուծոյ. ի՞նչպէս վերլուծել մանուկի մը զմայլումը, Կրօ՜նքը: Միւս կողմէ, քանի որ հիանալը կը վերաբերի տղոց անմեղութեան, եւ «Այդպիսեացն է արքայութիւն երկնից», անոնց է նաեւ Գեղարուեստը. քանզի ի՞նչ է իրօք Գեղարուեստին գործը, եթէ ոչ բաղձանքներ արտայայտել ու արտադրել, երկին մէջ թէ դիտողին՝ բաղձալին ճշմարտացնել. (մինչդեռ Գիտութեան գործն է Ճշմարտութեան բաղձալ, Ճշմարիտը բաղձալի ընել), եւ Կրօնքն ալ իր յղացումներով Գեղարուեստ մ’է (ու բարոյականովն ալ՝ Գիտութիւն մը): Եւ ես իմ մոմս վառած ու շապիկս հագած, զմայլմա՜մբ, կը նայէի իւղանկարին. եւ հէք ծոծրակս անշուշտ կը յոգնէր քիչ մը, վերեւի պատկերին անխլիրտ յառած դիրքէն, մինչդեռ երեւակայութեանս կարօտալից տեսիլներուն մէջ, իւղաներկ– Բնութեան մ’ու աստուածային նկարչի մը բաղձախտաւոր յղացմանն ու երազին մէջ ընտանօրէն ու էովին սուզուած էի ես…: Անկարելի՛ է զայն ըլլալ նորէն, պարզուկ երազուն տղեկը, եւ անոր անուրջին լրջութիւնն ունենա՜լ տակաւին…: Կարելի ըլլա՜ր գէթ տեսնել զայն հոն, ու անոր փարի՜լ անգամ մը, պագնել լուռ շրթունքները, աչքերը, եւ այս աւիւնէն չզարմանալը վայելել, վասն զի ան չէր զարմանար, հրեշտակի պէս ծանօթ ու ընտանի որ էր անդրագոյն բաներու…:

Բայց տարիներ անցան. օր մը նոյն իւղանկարը տեսայ նոյն տունը… շատ գէշ անակնկալ մ’եղաւ ասիկա. ա՞յս պատկերն էր որուն առջեւ խորին կարօտի պահեր անցուցեր էի, որուն այնքան ուշադրութիւն էի նուիրեր ու դեռափթիթ երեւակայութիւնս ի սպաս դրեր էի. այս թերարուեստ անյաջող պատկե՛րն է եղեր ան… օ՜հ, ի՛նչ կեղծ, անհեթեթ արտայայտում. ոչ մէկ գծագրութիւն ու ոչ մէկ գոյն ճիշդ էր. հովիւին շապիկը մոմլաթէ էր աւելի քան կակուղ կտաւէ. տաբատը որ գելակի գրկեր էր ազդրերը՝ թաց կը թուէր. երկարած անդամներն անհամեմատ էին իրանին հետ. ու դէ՜մքը, ո՜հ, սիրելի այն դէմքը ցաւագին կերպով անիրական էր. բիւզանդական սրբանկարներու կերպարանքին, աւա՜ղ, բոլոր սխալն ու մեռելութիւնն ունէր: Ծառն իր շէկ ու գրեթէ ողորկ բունով ու մանրիկ տերեւներով՝ ոչ մէկ կերպիւ ճշմարիտ էր. սուսրով ներկուած բուն մ’ունէր, կարծես թիթեղէ, եւ ո՛չ բնաւ կը հասկցուէր թէ ի՞նչ ծառ էր այն. ո՜րքան յաւակնութիւն եւ ի՜նչ ամօթ. այդ J. Davoudը զիս խաբեր էր: Անշուշտ ուրիշ շատ իրերու նկատմամբ ալ յուսախաբութիւններ կրեց այն տղան, որչափ որ մեծցաւ. բայց ստէպ աստիճանական հմայաթափումներ եղան անոնք, եւ յանզգայս ուծացաւ երբեմնի թերափներէն, թէեւ շատ աւելի են այն բաներն որոց վրայ ի տղայ տիոց հիացաւ եւ ցարդ չի կրնար ուրիշ կերպ ընել. բայց ո՞չ ապաքէն հիասթափումը հիացողներուն բաժինն է, եւ անմեղութիւնն է առաջին պատրեալը նենգաժէտ աշխարհքին մէջ: Այո ուրեմն, խաբուեր էի. կ’ըսէի թէ ծառերը ճիշդ չէին, սիգապանծ յաւակնոտ ձախլիկութիւններ, ինչպէս միւս ամեն բաներն ալ., թէ գետինը ո՛չ տաք էր, ո՛չ փխրական, ո՛չ խորտուբորտ, այլ դիւրաւ անհարթ էր առ առաւելն. ճամբան ո՛չ մէկ պատրանք կուտար. գեղջկուհին գոյներու կոյտ մ’էր առանց բանաւոր շրջագծման մ’իսկ. հեռաւոր լեռները, վաղեմի սրբազան լեռները չափազանց պայմանադրական էին ու ծայրայեղօրէն կանոնաւոր, եւ ո՛չ մէկ անօսրութիւն ու կազայնութիւն ունէին: Ամբողջ պատկերը ներկուած մ’էր, պարզամտօրէն վրձնուած բան մը…:

Սակայն ես ի՛նչ կ’ընեմ.., ոչ, ոչ. մօտերս զայն գացի տեսայ նորէն, ինչ ինչ մանրամասնութիւններ վերագտնելու, յիշողութեան քանի մը պղտորութիւններ յստակելու համար. եւ այս անգամ նուա՜զ տգեղ երեւցաւ, ու աւելի տրտում…: Ա՜հ, իմ մանկութեանս մէջ ինձմէ սիրուած ըլլալու բոլոր նուիրականութեամբը, համեմատաբար աւելի ներողամիտ տարիքիս ու ժպտագին թոյլատու մտածողութեանս առջեւ ամօթխածօրէն վերահաստատուեցաւ իր հին արժէքը. այն տղա՜ն ըլլալու բուռն նախասիրութիւնս՝ համեստ իւղանկարն անմեղադիր գորովով մը դիտել տուաւ ինծի: Եւ նկարիչն ալ, J. Davoudը, նոր ակնածանքով մը սիրեցի. ով որ ես, ներէ, ներէ…: Ես այն նկարին իմ անմեղութեանս սքանչացումը խնկօրէն վերընծայեր էի, ինչպէս ըրած պիտի ըլլայի գեղջկական խորանի մը. եւ ի՞նչ կ’արժէ խորանին արուեստը, բաղդատմամբ Տեսլականին՝ որու խորհրդանշանն է, համե՜ստ՝ ո՛րքան ալ հրաշարուեստ ըլլայ, եւ բաղդատմամբ անոր յառող հոգւոյն սրովբէակա՜ն մաքրութեան: Ի սէ՜ր այն Տեսլականին, եւ զայն յանգէտս պաշտող Տղո՛ւն սիրոյն, պիտի ժպտիմ միշտ այն հէք իւղանկարին…:

Արդեօք, կ’ըսեմ, Աղուոր-Հալան կուտա՞յ զայն ինծի որ սենեակս կախեմ…:

 

11 Փետրվար 1906

Սկիւտար