Բ.
Մեր
շուրջն
ամեն
բան
զգենուլ
կը
թուէր
ստուերախառն
երանգ
մը,
որ
տակաւ
պիտի
աճէր,
որ
յամրաբար
ու
անբաւ
ստուգութեամբ
մը
կ’աճէր
արդէն:
Բայց
մենք
դեռ
անակնկալին
ազդեցութեան
տակ,
կամ
լաւ
եւս՝
ծանուցեալ
հետաքրքրական
երեւոյթին
իրականանալ
սկսելէն
ոգեւորուած՝
դեռ
չէինք
կրնար
ընկճուիլ
խաւարման
սրտաբեկիչ
տեսիլէն
որ
հազիւ
կը
սկսէր:
–
«Բայց
ի՜նչպէս
տեսաք»
կ’ըսէր
Պէրպէրեան,
որու
զարմանալի
կը
թուէր
լոյսի
երանգներու
վարժ
տեսողութեանս
ինձ
ընտանի
զգայնութիւնը,
հակառակ
այլազբաղ
ուշադրութեանս,
եւ
որ
կարծես
վերագրել
կ’ուզէր
աննշմարելի
շուքն
զգալս
աւելի
խորհրդաւոր
ներգործութեան
մը
քան
ցանցենիիս
կրած
կողմնակի
տպաւորութեան:
Եւ
ինչո՛ւ
չէ.
հաւանաբար
մորթն
աչքերուն
չափ
նոյնհետայն
կրնայ
զգալ
լոյսն
ու
անոր
յաւելումն
ու
նուազումը,
մանաւանդ՝
թերեւս՝
երբ
դժուարապաշտօն,
գրգռութեան
կարօտ,
ուստի
լոյսի
ծարաւի
մորթն
ըլլայ
ինծի
պէս
յամրասուն
առթրիտիկներու:
Բայց
այլեւս
ուրիշներ
ալ
որ
Չնարին
մօտերն
էին,
մենաւոր
տնակի
մը
առջեւ,
կիներ
ու
մէկ
երկու
մարդ՝
տեսեր
էին
տիրող
ստուերն
ու
արեւուն
խոռուիլը,
եւ
բացագանչական,
հարցական
վլվլուկ
մ’ունէին.
նախնական
ժողովուրդներու
սարսափին
մէկ
մեղմ
տեսարանն
էր
այս:
Թուրքերէն
պօռացի
իրենց
թէ
լուսնկան
արեւին
առջեւէն
կ’անցնէր.
նոյն
բանն
ըրաւ
նաեւ
Պէրպէրեան,
որ
դարձաւ
իր
աթոռակին
վրայ
ու
բարձրաձայն
ըսաւ
անոնց
թէ
լուսինն
էր
որ
արեւը
կը
խափանէր,
եւ
կարծեմ
ինձմէ
աւելի
հոգածու
ալ
եղաւ
հասկցնելու
թէ
վախու
բան
չկար:
Բաւական
զուարճալի
էր
Պէրպէրեանի
այս
արարքը,
այսինքն
այդ
բոլորովին
օտար
եւ
ցայնվայր
չնշմարուած
կնիկներուն՝
թուրքերէն
լեզուաւ
գիտական
յեղակարծ
դասախօսութիւնը,
որ
հակիրճ
այլ
աղմկալի
ալ
եղեր
էր:
Բայց
նաեւ,
թո՛ղ
մատուցուած
դոյզն
ծառայութիւնը՝
այդ
յանկարծական
անսեթեւեթ
համարձակութիւնն
անծանօթներու
հետ
ա՛յնքան
գեղեցիկ
որքան
բնական
բան
մ’էր,
վասն
զի
Բնութեան
գերագոյն
պատահարներու
ատեն
մարդոց
մէջ
ազգի
ու
բարուց
խտրութիւններու
ջնջմանն
ու
բնականօրէն
յայտնուող
համերաշխութեան
մէկ
փոքր
տեսարանն
էր,
որ
զիս,
անշուշտ
նաեւ
զՊէրպէրեան
հրճուեցուց:
Իսկ
խաւարումն,
ըլլա՛յ
նոյն
իսկ
մասնական,
արդարեւ
գերագոյն
պատահար
մ’էր,
բոլորովին
անվնաս
երեւոյթ
մ’ըլլալուն
հակառակ:
Անխտիր
բոլոր
էակներն
զբաղեցնող
ու
խռովող
մեծ
պատահար
մը:
Ամեն
ինչ
ահաւասիկ
անվրիպելի
կերպով
կը
պարուրուէր
թեթեւ
համատարած
մթագնութեամբ
մը
որ
ամենեւին
չէր
նմաներ
ամպով
մ’արեւուն
ծածկուելէն
յառաջ
եկած
ցուրտ
տժգունութեան.
քան
զի
այդ
պարագային
արեգական
ուղղակի
լոյսն
ու
իրերուն
ճշմարիտ
ստուերները
կ’ընդխառնին
կը
ձուլուին
ընդհանուր
գորշութեան
մը
մէջ:
Հիմա
արեւուն
բուն
լոյսը
կար,
եւ
ամեն
բանի
շուքն
ըստ
առաջնոյն
ներկայ՝
արեւոտ
գետնին
վրայ
որոշապէս
կ’անջատուէր,
բայց
լուսաւորումն
ահագին
նուազում
մը
կրած,
եւ
ստուերներուն
ու
լոյսին
հակադրութիւնը
մեծապէս
մեղմացած
էր
հիմա:
Տուընջեան
պայծառութիւնն
ուժասպառ
կը
թուէր,
կարծես
երկիրն
ափսոսալի
կերպով
հեռացած
ըլլար
արեւէն
դէպ
ի
Հրատի
դիրքը.
կամ
Արեւն
զմեզ
լքէր
երթար:
Անկարելի
էր
էակ
ու
հոգի
ըլլալ
եւ
օրուան
ուղփին
այս
տկարացումէն
չներգործուիլ,
անկարելի
էր
չազդուիլ
իրերուն
ստուերազգածութենէն
իբրեւ
անբացառաբար
ամեն
բան
տոգորած
համայնական
վիշտէ
մը:
Երկիրը
տրտմեր
էր
ի
տես
Արեւուն
պակասման:
Մենք,
այլեւս
անձնատուր
խաւարման
տեսարանին,
ու
բոլորովին
փոխուած
տրամադրութիւններով,
սկսեր
էինք
բլուրէն
իջնել
յետասոյզ
ճամբէ
մը
որ
Չնարին
բարձանց
շրջանն
ընելով
դէպ
ի
կեդրոնական
բլուրն
ու
Այլակերպութեան
վանքը
կը
տանի:
Քանի՛
ճամբան
կը
խոնարհէր,
խաւարումն
ալ
կը
յառաջանար
ու
տեսարանն
եւս
աւելի
մռայլ
կը
զգենուր:
Յամրաքայլ,
տրտմութեան
մէջ
կ’իջնէինք:
Ուղին
եզերող
հատքին
(tranchée)
ոքրուտ
հողերու
բոլոր
հրաջերմ
շիկերանգութիւնները
կը
ցրտէին,
կը
մոխրախառնուէին.
թուփերն
ու
գետնի
դալարիքը
սեւցած
կը
թուէին,
խոր
դժբախտութեամբ
մը,
կարծես.
լուսաւոր
բլուրները
տմոյն
ու
վշտալի
կ’երեւէին:
Ծովը
զոր
յանկարծ
տեսանք,
հերձաքարային,
կապարափայլ
գորշութիւն
մ’էր
ամբողջ,
կարծես
իր
ալքերէն
յառնող
բոլոր
աղջամուղջով
սեւամաղձոտած,
իր
փառակորոյս
ծոցին
մէջ
արեւուն
կսկծալի
ցոլքերն
օրրելով:
Երկինքն
իսկ
մթագնած
էր
անհուն
դառնութեամբ.
իր
անբծութիւնը
չես
գիտեր
ինչ
գերիվեր
ու
անսահման
մորմոք
էր
դարձեր
աշխարհի
վերեւ:
Իսկ
Արեւը,
ի՛նչ
անլուր
աղէ՜տ
արեգակի
մը
համար,
ահագին
պեղման
մը
ածխացեալ
խոռոչը
կարծես
կը
կրէր.
խաւարը
լափեր
էր
ու
կը
լափէր
դեռ
զայն
մէկ
կողմէն,
աշխարհիս
ամենաբարի,
ամենաքաղցր
Արեւը:
Եւ
հէ՜ք
մեծափառ
գունտը
ողբալի
ճիգեր
կ’ընէր
կարծես
զինքն
ուտող
գիշերին
դէմ
քստմնեցնելով
ու
սլաքելով
իր
անզօր
ճաճանչները:
Երկնից
անբաւ
կրկէսին
մէջտեղ
Արեւուն
անօգնական
մաքառումն
ու
չարչարանքը
կը
դիտէինք.
եւ
բոլոր
էակներն
ու
իրերն
որոց
կենաց
աղբիւրն
էր
ան՝
ոչինչ
կրնային
ընել
իրենց
բարերարին
այս
ահաւոր
խոշտանգման
ի
տես:
Ո՜հ,
եթէ
կարենայի՜ն,
զեռունները,
թեւաւոր
էակները,
ծղօտներն
ու
ծաղիկները,
երթալ
Արեւն
ազատե՛լ:
Ո՛չ
մէկ
մեղուահոյլ
կարող
էր
սակայն
վերանալ
արեւակուլ
այն
նհանգը
խայթահարելով
մեռցնելու.
թռչնիկներու
ոչ
մէկ
տարմ
կը
փորձէր
սլանա՜լ
արեւակեր
սեւ
հրէշը
կտցելով
փախցնելու
համար.
ոչ
մէկ
ծառ
կրնար
իր
ճիւղերը
ճօճելով
արեւասպան
ճիւաղն
ահաբեկել
ու
վանել.
ոչ
մէկ
բլուր
կը
խլրտէր,
ամբառնալով
խոյօրէն
զարնուելու
անոր,
իր
ծնած
կեանքերուն
Արեւը
պատառող
դեւին:
Ծովը
չէր
ուռեր
ու
ոստնուր,
իր
յոյզերուն
ու
փառաց
տիրոջ
դաւաճանող
յուդահամբոյր
խառնագազանն
հեղձամղձուկ
ընկլուզելու
համար.
եւ
անծայրածիր
Երկինքէն
ոչ
մէկ
լուսաւոր
կուգար,
հրեշտակաթեւ
ոչ
մէկ
վարսա՜մ
կը
հասնէր
վիրաւոր
Արեգակին
որ
իր
լոյսով
ու
ջերմութեամբ
կենդանացուցած
աշխարհքին
առջեւ
անոք
անօժանդակ
կ’ոգորէր
ու
կը
պարտուէր:
Երկիրն
ի
տես
Արեւուն
վախճանին
կը
թուէր
հեզիկ
սպասել
Յաւիտենութեան
ցուրտին:
Աննուաճելի
տրտմութիւն
մը,
երկիրը
պատող
ստուերն
իսկ
կարծես,
թափանցեր,
տոգորեր
էր
զմեզ.
արտասովոր,
տարյանկեալ
(désor.
)
վիճակ
մ’ունէինք,
եւ
մեր
առերեւոյթ
անտարբերութիւնն
հանգիստ
մը
չէր,
ոչ
ալ
մեր
գնացքն
ու
խօսակցութիւնը
բնականոն
էր
բոլորովին:
Ո՛րքան
ճիշդ
էր
թէ
խաւարումն
էակները
կը
համակէ
անձկութեամբ,
եւ
ո՛րքան
իրաւունք
ունէին
կիսավայրի
ժողովուրդներն
համարելու
թէ
Արեւը
ծածկող
այն
սեւութիւնը
վտանգ
մ’է
որ
կը
սպառնայ
արարչազօր
կենսաբուխ
արեգակին,
ու
աղէտ
մը
համայն
արարածոց
համար,
եւ
իսկոյն
դիմելու
կրօնակախարդական
միջոցներու
կամ
զէնքի՝
սեւադէմ
օտարոտի
վիշապը
զարհուրեցնելու
յոյսով:
Չեմ
յիշեր,
ըսի՞
մտքէս
այն
պահուն
թէ
իցի՜ւ
խաւարումը
տեւէր
դեռ
երկար
ատեն՝
որպէս
զի
աշխարհի
այլեւայլ
կէտերէն
նոյն
պահուն
արեւը
զննող
գիտուններն
հնար
եղածին
չափ
շատ
օգուտ
քաղէին,
արեւուն
բոցավառ
խորհուրդէն
կարենային
նոր
իրողութիւններ
ու
հանգամանքներ
կորզել,
եւ
անոնց
ստուգութենէն
երջանկութեան
սարսուռով
մը
յոտից
ցգլուխ
թրթռային.
եւ
մտքէս
անցուցի՞
թէ
կային
մարդիկ
որոց
զգացած
հանրէական
տրտմութիւնն
հիմա
անճառ
ու
տարաշխարհիկ
ուրախութիւններով
պիտի
վառէր
անոնց
երկնաբերձ
իմացականութեան,
անոնց
ճշմարտանուէր
սրտին
մէջ:
Մինչ
մարդուն
հոգին
նոյնժամուն
կը
զգածուէր
տարտամ
շուարմամբ
ու
անձկութեամբ,
եւ
իրաց
սովորեալ
կարգին
այս
այլայլման
մէջ
իր
կորսուած
հանգիստին
կը
ձգտէր,
կարծես
առ
խարխափ՝
մարդկային
միտքն
ալ
կը
մղուէր
դէպ
ի
մեծագոյն
ու
դեռ
ծանօթանալի
ճշմարտութիւններն,
անստոյգ
անապահով
ճամբաներէ,
որոց
չէր
գիտեր
ո՛րն
ընտրել՝
բաղձացեալ
ու
գոհացուցիչ,
խաղաղեցուցիչ
բացայայտութեանց
յանգելու
համար,
այսինքն,
միտքն
ալ
բոլոր
պէտքն
ու
վիճակն
ունէր.
կը
խորհէր
ի՛ր
արեւուն,
Ճշմարտութեան
վրայ,
որուն
միշտ
կիսասքօղ
թերայայտ
նշոյլ
մ’ըլլալը
կը
յիշէր,
եւ
կը
փորձէր
զայն
լաւ
ե՛ւս
բանալ
ձգտող
խորհրդածութիւններ
որք
չէին
յաջողեր
մթութիւնը
թափանցել
գոհացուցիչ
կերպով,
կամ
որոց
գտած
լոյսերը՝
չէր
կրնար
ճշդել
թէ
Ճշմարտութիւնն
իսկ
էին
թէ
ոչ:
Միտքն
ինքզինքը
կը
գտնէր
տարակոյսներու
գորշ
ուղիներուն
մէջ
մոլորած,
երանական
լուսաշաւիղին
կարօտովը
լի:
Զարմանալի՜
բան.
պայծառ
արեւ
մը
զմեզ
չպիտի
թողուր
որ
երկբայութեան
բաւիղներու
մէջ
դեգերէինք.
եւ
իր
պարգեւած
ֆիզիքական
վստահացուցիչ
հանգիստը
նաեւ
մտքին
համար
գոհացման
վիճակ
մը,
անկարօտ
անաշխատ
կեանք
մը
պիտի
ըլլար:
Անսքօղ
արեւով
մը
պայծառացած
տուընջեան
մէջ
միտքը
գոհ
պիտի
ըլլար
լուսաւորուած
որոշագիծ
ու
որոշերանգ
իրականութեամբ,
եւ
իրազանցող
անդրհայեաց
մտածութիւններու
պէտք
պիտի
չունենար:
Պիտի
բաւականանար
հաստատելով
իրաց
գեղեցիկ
գոյութիւնը,
ու
առ
առաւելն
անոնց
առընչութիւնները.
եւ
իրերն
իւրախառնելով
վերարտադրելու
կենսալի
բաղձանքը
միայն
պիտի
ունենար.
երփնամոլ
ձեւասէր
արուեստի
միտքը
պիտի
ըլլար.
խայտացող
լուսապար
բանաստեղծութեան,
դիտող
ու
ճանչող
եւ
շահագործող
գիտութեան,
հաւատացող
ու
չքննող
կրօնքի
միտքը,
ապրող
ու
գործող
մարդու,
հասարակ
երջանիկ
էակի
միտքը
պիտի
ըլլար,
ինչպէս՝
ընդհանուր
առմամբ՝
արեւոտ
երկիրներու
միտքերը.
–
մինչ
ահա
արեւուն
խաւարումն
ուստի
անկէ
մեր
մէջ
յառաջ
եկած
տրտմութիւնը,
տարտամ
շուարումն
ու
կեանքի
երանութեան
խախտումն
ու
երկբայացումն
զմեզ
կը
հարկադրէին
անդրագոյն
ու
դժմատոյց
ստուգութիւնը
փնտռել,
իրերէն
ու
երեւոյթներէն
անդին
դիմել,
փիլիսոփայութեան,
ուստի
տարակոյսի
եւ
թախծագին
մտածութեանց
մէջ
իյնալ,
հիւսիսային
մառախլապատ
երկիրներու
իմացականութեանց
պէս
ճշդիւ:
Հիմա
չեմ
կրնար
մեր
խօսակցութիւնը
վերակազմել.
բայց
կը
յիշեմ
թէ՝
անզգալաբար,
Վախճանն
էր
մեր
մտածումը:
Պէրպէրեան
ըսաւ
թէ
նոր
կարդացեր
էր
Կիւսթավ
Լըպոնի
մէկ
հետաքրքրական
գիրքը,
L’Evolution
de
la
MatiՌre,
ուր,
կ’ըսէր
Պէրպէրեան,
գիտուն
խորհողը
կը
ցուցնէր
թէ
Նիւթն
ալ
կը
վախճանի,
հակառակ
անոր
անջնջելութեան
ընկալեալ
վարկածին,
Rien
ne
se
perd,
rien
ne
se
crռe,
ոչինչ
կը
կորսուի,
ոչինչ
կը
ստեղծուի,
–
թէ
անմանրելի
համարուած
հիւլէներն
ալ
կը
քայքային
բարդ
մարմնոց
պէս,
ու
կը
ջնջուին,
ոչինչին
կը
վերածուին:
Առարկեցի
թէ
այդ
փճացումն
յարաբերական
ըլլալու
էր,
եւ
թէ
ենթադրական
Եթերը,
անկշռելի
մարմին,
բաւական
կը
նմանի
Լըպոնի
ջնջեալ
Նիւթին
անմարմնութեան
վիճակին,
թէ
կարելի
է
Եթերը
Նիւթին
վերջին
ձեւն
եղած
ըլլայ,
եւ
թէ
կարելի
է
գոյ
եղող
բանի
մը
ոչինչի
վերածուիլն
ըմբռնել:
Թէ՛
այն
պատճառաւ
որ
Պէրպէրեան
վեր
ի
վերոյ
ընթերցմամբ
մը
շատ
բան
չէր
պահած
գրքէն՝
ուր
անուանի
գիտունն
հաւանաբար
այս
կարգի
առարկութեանց
տեղի
թողած
չէր,
թէ՛
այն
պատճառաւ
որ
իր
միտքը
չէր
կրնար
հաշտ
ըլլալ
բացարձակ
ջնջման
գաղափարներու,
ջանք
չըրաւ
Լըպոնի
նոր
ու
անձնական
եզրակացութիւնները
պաշտպանելու.
եւ
սակայն
կը
մտածէր:
Թերեւս
Նիւթին
անմահութեան
գաղափարն
աստիճան
մը
կ’օժանդակէր
ոգեպաշտ
ձգտումներու,
ենթադրել
տալով
թէ
հոգին
կրնար
եթերային
մարմին
մ’եղած
ըլլալ
էակները
տոգորած:
Բայց
Լըպոնի
համոզումներն
այսպիսի
յոյս
մը
պահպանելու
հանգամանք
չունէին:
Պէրպէրեան
որ
միշտ,
որքան
հնար
է,
ոգեպաշտական
ու
նիւթապաշտական
գաղափարներու
միջեւ
տարուբեր
թողած
է
ինքզինքը,
եւ
իր
բանականութենէն
վարուելով
պահ
մը
այս
վերջիններուն,
ու
կեանքէն,
զգացումներէն,
բանաստեղծութենէն
մղուելով
ալ
առաջիններուն
հակած
է
փոփոխակի,
կարող
եղած
չըլլալով
հրաժարիլ
ո՛չ
առաջիններուն
գեղեցկութենէն,
եւ
ո՛չ
միւսներուն
քննութենէն:
Պէրպէրեան՝
պատրաստ
էր
ի
նպաստ
ոգեպաշտութեան
մտածելու
երբ
նիւթապաշտութիւնն
իրեն
հարկադրուած
կը
զգար,
եւ
այս
վերջինը
պաշտպանելու
երբ
առաջինն
իբր
ուղիղ
ու
բանաւոր
ներկայացուած
տեսնէր:
Թերեւս՝
եթէ
հարաւի
զաւակ
ըլլար
կամ
հիւսիսի՝
իր
միտքն
այս
խնդրոց
մէջ
հաստատուն
ու
զօրեղ
նկարագիր
մը
ներկայացնէր.
իսկ
միւս
կողմէն՝
իր
մտածմանն
անկախութեան
մեծ
պէտքն
ոչ
մէկ
նոր
հարկադրութիւն
կ’ընդունէր
երբ
ինքն
անձնապէս
համոզուած
չէր:
Ֆրանսացի
գիտունը
կը
բռնադատէր
զինքը
թերեւս
ա՛լ
աւելի
նիւթամիտ
ըլլալ,
եւ
հաւանաբար
իր
հոգեմիտ
տրամադրութիւնք
կ’ընդվզէին:
Կ’ուզեմ
նաեւ
ըսել
թէ
քիչ
անգամ
տեսած
էի
Պէրպէրեանին
տարակոյսի
տեսարանն
այսքան
յայտնի.
որոշ
բան
մը
չէր
կրնար
ըսել.
աւելի
քան
երբեք
կը
սպասէր
վճռական
դաւանանքին,
մէկուն
կամ
միւսին
զինքը
վերջապէս
հպատակեցնելու
չափ
անհերքելի
եւ
միեւնոյն
ատեն
ալ
սփոփիչ
դառնալուն: