Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈՂԷ ԱՆՕԹԸ

Երբ, 1904ին, Մայիսի կիրակի մը, Ատանայի Հայ վարժարաններուն ամավերջի հանդէսին աւարտելուն, սրահէն ելլելով կ’իջնէինք արտաքին սանդուխէն, եկեղեցւոյն զանգակը, տխրագին գանգիւնով, մեռելական արարողութիւն մը կը ծանուցանէր: Ո՞վ էր արդեօք ննջեցեալը, որ այդ գեղեցիկ օրուան, մեր հանդէսին շքեղութեամբ եւ ամառնային Մայիսի մը մեծափառութեամբ ցնծագին տուընջեան մէջ իր մահուան դառնութիւնը կը բերէր: Ըսին թէ երիտասարդ մըն էր, դեռ քանի մը տարի առաջ ընթացաւարտ, ազնուաբարոյ խոստմնալից տղայ մը, որ ատենէ մը ի վեր հիւծախտէ կը տառապէր: Անունը չեմ յիշեր հիմա: Թէպէտ դժուար չէր ինծի ցարդ գրել այդ մասին Ատանա, բայց դժգոհ եղած չեմ այդ անունը մոռնալէս, եւ նախամեծար թուած է ինծի մտքիս մէջ այդ տղուն անանուն (ինչպէս արդէն անդէմ) մնալը՝ իբրեւ վիճակ մը կարծես աւելի ներդաշնակ այն անպատում համեստութեան հետ, զոր, ինչպէս ետքէն հասկցայ, ունեցած ըլլալու էր վաղամեռիկ պատանին: Բայց հանդէսին օրը՝ երբոր երկար սանդուխին վարի աստիճանն էինք, դադրած էի ես արդէն իրմով զբաղելէ. եւ այդ օրուան պայծառութեան մէջ այդ սեւ բիծը կորսուեցաւ:

Մէկ երկու օր վերջը, Սիհունի պանդոկին մէջ ուր կը բնակէինք, ինծի ներկայացաւ աղքատիկ երեւոյթով տխրադէմ պատանի մը, որ թուղթեր ունէր եւ յայտնեց թէ եղբայրն էր հանգուցեալին, թէ ինծի բերած էր անոր գրածները որպէսզի թուրքերէնի թարգմանեմ եւ ատով հասկնալի դարձնեմ զանոնք իր ծնողքին, որ, խեղճերը, կ’ուզեն եղեր իրենց զաւկին գրութիւնները կարդա: Պատասխանեցի իսկոյն թէ ես թուրքերէն չէի գիտեր, թէ չպիտի կրնայի, թէ հանդիսական ճառերս հայերէն գրած եւ օսմաներէնի ուսուցչին օժանդակութեամբը վերածեր էի տաճկերէնի, եւ վերջապէս, թէ քաղաքէն բաժնուելու վրայ ըլլալով ժամանակ ալ չունէի: Տղան թախանձեց: Կ’երեւակայէի բոլոր տաղտուկը նստելու դպրոցականի համբակութիւննե՜ր թարգմանելու իմ չգիտցած լեզուիս, մօտալուտ ճամբորդութեանս սիրական տեսիլները վանելով, Տօրոսէն անցքի մը քիչ օրէն իրագործելի երազին անձնատուր միտքս բռնադատելու որ դառնայ մխրճի յաւակնոտ անկատարութիւններու խեղճութեան մը մէջ, եւ հաւատարմօրէն զայն արտայայտելու արաբերէն ու պարսկերէն հանդիսաւորութիւններով…: Բայց նաեւ աչքիս առջեւ էր եկող տղուն պաղատագին կերպարանքը որ ինծի կ’ապաւինէր, ու ծնողքին ալ կարօտը՝ իրենց մեռած որդւոյն գրութիւնները կարդալու, անոր յոյզերուն ու խորհրդածութեանց հաղորդ ըլլալու, վայելելու անոր սիրելի կարողութեանց արդիւնքը որ ցայնժամ անմատոյց մնացեր էր իրենց, անոր թողած խօսքերովը մխիթարուելու…: Չկրցայ յամառիլ. թուղթերը առի ձեռքէն, ըսելով որ այն ինչ օրը գայ առնէ զանոնք թարգմանութեան հետ մէկտեղ:

Սիրայօժար օժանդակութեամբը օսմաներէնի ուսուցչին, որ մանաւանդ իր բառարանի դերը կատարեց նորէն, գրութիւնները թարգմանուեցան: Եղբայրն ալ եկաւ տարաւ զանոնք:

Մոռ մելանով գրուած քանի մը թուղթէ կը բաղկանային. գիրը խոշորկեկ էր, բայց նուրբ ու շնորհալի գիծերով լի: Պարունակութիւնը, որքան կը յիշեմ օրագրի մը կը նմանէր. իր հիւանդութեան մէջ ապրած մտաւոր կեանքն էր որ գրեր էր տղան: Կարծես թէ մահուընէն առ առաւելն օր մը առաջ դադրեր էր գրելէ, ա՛յնքան՝ իր վերջին էջը կը բղխէր հոգիէ մը որ պիտի մեկնի աշխարհէն:

Բայց ես որքա՛ն զարմացեր էի տեսնելով թէ դպրոցականի համբակութիւններ, նորընծայի յաւակնութիւններ չկային այդ էջերուն մէջ. կամ թէ բոլոր ինչ խակութիւն որ կար հոն կ’անտեսուէր կը կորսուէր սուրբ պարզութեան մը մէջ որ համաձայն էր տղուն համեստ մտաւորականին, նաեւ իր հեզութեան, եւ մանաւանդ մեռնելու մօտ ըլլալուն: Ճշմարտապէս կրուած ու մտածուած էր ինչ որ յանձնուած էր թուղթին, եւ հարազատօրէն, բնականօրէն արտայայտուած: Եւ այդ զգացմանց ու խոհերուն մէջ ոչինչ կար որ արժանի չըլլար ու չվերաբերէր գեղեցիկ հոգիի մը: Իր ծնողքը որչա՜փ գոհ պիտի ըլլային երբոր տեսնէին թէ ինչպիսի հոգի մը ապրեր էր իրենց զաւկին մէջ, կամ իրենց զաւակ էր եղեր. ինչպիսի բաղձանքներ խայտացեր էին հոն մինչդեռ մարմինը կը հիւծէր ու կը խամրէր, եւ կանչուելու մօտ հոգին խրախուսեր էին ու զօրացուցեր: Ոչ մէկ աշխարհիկ մտահոգութիւն խռովեր դառնացուցեր էր տղուն սիրտը. իր ծաղկահասակ տարիքին համար ոչ մէկ ողբուկոծ, իր կեանքի երազներուն համար ոչ մէկ մորմոք կար իր էջերուն մէջ. ապրելէ զրկուողի գռեհիկ տառապանքէն ոչ մէկ մթար՝ անմեղ հաւատացեալի իր խանդին պայծառութեան մէջ որ այդ թուղթերը կ’ողողէր: Իր հաւատքը ոչ մէկ եղծում էր կրեր ժամանակին ոգին ըլլալ յաւակնող այն խորհողութենէն որ փիլիսոփայողներու ու գիտունիկներու ամենագէտ ամենադատ խաժամուժի մը շնորհիւ տհաս մտքերը տիրակալած, դեռ յարգ կը վայելէ տեղ տեղ իբրեւ յայտարարը բանականութեան, մինչդեռ մտաւոր ու բարոյական հարազատ սնանկութեան փաստն է լոկ, ուրիշ փաստի օգնութեան անկարօտ, եւ ինչո՞ւ, որովհետեւ ժխտելով Բանը տիեզերքին մէջ, ուրանալով զԱստուած կը ցամքեցնէ աղբիւրն իսկ տրամաբանութեան եւ սփոփանքի, պարտուց ու բերկրութեան, սիրոյ եւ հանգիստի, եւ տիեզերքին ու կենաց իմաստն ու արժէքը բառնալով ամեն ինչ անհուն անբանութեան մը կը վերածէ: Այդ անժառանգեալ, այդ շնականօրէն լիրբ խորհողութիւնը չէր հասեր մինչեւ իր անաշխարհիկ տղու հաւատքը որու լրութիւնն (intռgritռ) ու անդորրը (sռrռnitռ) տեւեր էին անեղծ. եւ միւս կողմէ՝ երկար ալ չէր ապրեր որ անկումէ անկում հետզհետէ աւելի նիւթական դարձած ըլլար ու հանդերձեալին յոյսն ալ սրտին մէջ շիջած: Բայց նաեւ անտարակոյս իր սկզբնական սրբութիւնն, իր համեմատապէս զուտ հոգեղինութիւնն իսկ վաներ էր նիւթականացման ամեն պատճառ, ամեն տարակոյս ինչպէս ամեն անմաքրութիւն. ամեն յաւակնութիւն ինչպէս ամեն մոլորանք ամեն անձնապաշտութիւն ինչպէս ամեն մեղք. եւ զրկանքներու մէջ լաւ եւս զօրացած ու մաքրուած իր արատամերժ հոգին անբիծ պիտի ներկայանար Աստուծոյ: Ոչ ի՜սկ կ’ըսէր թէ կը հաւատար Անոր, քանի որ այդ հաւատքը բնական էր իրեն, քանի որ Աստուած բնական էր: Ու Անոր, իր Արարչին հետ իր բոլոր խօսակցութեանը մէջ, զոր, լաւ կը յիշեմ թէ օրագրին գէթ վերջին մասը կը ներկայացնէր, կը բաբախէր ազնուագոյնը տենչանքներուն. վայե՜լքը Աստուծոյ: Մարդ յօժարակամ կը չքմեղէր դեռատի խորհողի բոլոր թոթովումը որով կ’արտայայտէր այդ տղան բաղձանքներու ամենամեծը: ԶԱստուած կ’երազէր. անհամբեր էր այն վայրկեանին հասնելուն ուր իրեն պիտի ծագէր Ճշմարտութեան ա՛լ անսքօղ լոյսը, եւ գերագոյն Բարութեան դէմյանդիման պիտի գտնուէր: Որպիսի՜ բերկրութիւն կը թրթռար իր հուսկ էջին մէջ. եւ ինչպէ՜ս բացակայ էր հոնկէ, ինչպէս ամբողջ օրագրէն, որ եւ է զգացում որ նմանէր արժանաւորութեան գիտակցութեան մը, ուստի եւ անձնապարտութեան: Ոչ իբրեւ վարձքի մը, ոչ իբրեւ իրաւունքի մը կը ցանկար այդ երանութեան, այլ իբրեւ յոյժ բնական շնորհի մը. իր սէրն էր այդ յոյսին պատճառ, եւ ոչ թէ հաշիւն իր անմեղութեան ու զրկանքներուն որոնց վրայ չէր իսկ խորհեր: Ոչ Աստուծոյ արդարութեան կ’ապաւինէր, ոչ Անոր Գութին, որովհետեւ ո՛չ իր անպարտութեան կ’անդրադառնար, ոչ ալ զղջալու պատճառներ ունէր. այն մանկական, այն երկնային վստահութիւնն ունէր, այն տեսլական միամտութիւնը՝ թէ Ան կը կոչէր զինքը. եւ անհամբերութենէն կը թռվռար…:

«Աստուած իմ, կ’ըսէր վերջին երեսին վրայ. պատուիրէ հրեշտակներուդ որ զիս առնելու եկած ատեննին աստղերուն վրայ զմայլելու համար մէկէն միւսը թռչտելով չուշանա՛ն»…:

Բայց իր վերջին խօսքն է որ բոլոր միւսները կը գերազանցէ. փորձելէ յետոյ ըսել թէ ի՜նչ երջանկութիւն պիտի ողողէ զինքը, թէ ի՛նչ հրաշալի բան պիտի ըլլայ երբոր գտնուի յանդիման Արարչին, կը մրմնջէ. «Հողէ ամանը բրուտը տեսնէ՜»:

Սարսռալով կ’ըսեմ թէ չեմ յուսա՜ր որ բովանդակ մատենագրութեան մէջ ասկէ աւելի մեծ խօսք մը գտնուի: Թողէ՜ք ինծի պարծենալ թէ Կիլիկեցի երիտասարդ մըն է որ, մեռնելու մօտ, գրած է ամենէն զմայլելի բանը որ եղած ըլլայ երբեք: Ոչ մէկ հրաշակերտ տող զոր Ռասին մը յօրինած ըլլայ, ոչ մէկ սարսռազդեցիկ վճիռ զոր յղացած ըլլայ Տանդէ մը, ոչ մէկ հոյակապ ֆռազ զոր Հիւկօ մը դարբնած ըլլայ, ոչ մէկ բոցավառ ներբող զոր յեռած ըլլայ Նարեկացի մը, աւելի բարձր է երբեք քան տղուն այդ վերջին խօսքը: Մահամերձութեան հանճար մը պէտք է ըլլայ արդարեւ: Բայց կարծես թէ մինակ այդ հանճարը չի բաւեր բացատրելու այսպիսի խօսքի մը կարելիութիւնը, եւ պատանւոյն միտքն ու սիրտն ալ իր գերագոյն տողին յղացման մէջ իրենց բաժինն ունեցեր են անտարակոյս. ո՜հ, իր հեզութիւնն անշուշտ հաւասար էր իր հաւատքին:

Հողէ ամանը բրուտը տեսնէ՜:

Այսպէս ուրեմն, վե՜հ տղայ, սահմանեցիր միանգամայն զմեզ, մեր գերագոյն երանութիւնն եւ զԱստուածխօսքերուն, աղքատագոյնին ու հզօրագոյնին մէջ: Ո՜հ, ուրեմն բոլոր մեր նրբաթրթիռ, մեր խորազգած զգայնութեամբ հանդերձ, մեր բոլոր անվրէպ բանականութեամբ, մեր փողփողենէ՜ջ իմացականութեան բոլոր փառքով հանդերձ, մենք, իշխաններս աշխարհի էակներուն, մենք, աստուածակերպ հրամայողնե՛րս նիւթին, մենք ուրիշ բան չենք հանդէպ Անոր քան ինչ որ է ողորմելի կաւը՝ իրմէն անհունօրէն եւ անճառօրէն գերազանց արհեստաւորին մատներուն տակ, քան խեցեղէն անօ՜թը բրուտին ձեռքերուն մէջ. բրուտի՜ն, մոգակերպ արարչային արհեստաւո՜րը ստուգիւ, աստուածային շքաւորութեամբ…– որ գորովագին կքուն իր հողէ զանգուածին վրայ, զայն իր ստուերասոյզ ոտքին հլու եւ անձայն թաւալուն դուրգին շրշրջումին յանձնած, թոյլատրելով անոր արբշիռ թռիչն իր ափերուն փայփայակերպ շօշափին մէջ, եւ աչքերը շարունակ ուղղած հէք կաւին, յամրօրէն եւ արագօրէն միանգամայն՝ ահա զայն հետզհետէ սափոր մը կ’ընէ, անոր էութիւն, անոր պաշտօն ու վախճան կու տայ. անոր ձեւ, անհատականութիւն, անոր իմաստ կուտայ, անարժէքութեան եւ անձեւութեան հիքութիւնը կ’օժտէ դերով ու կերպարանքով, եւ արհամարհ՝ ոչնչութիւնն արգահատելի, սիրելի, ակնածելի՝ կ’ընծայէ՝ որովհետեւ զայն կը վերածէ բանի՛ մը, այդպէս ընելու սիրովը միայն…, բայց որմէ անհունօրէն գերագոյն է դեռ անճառելի Բրուտը յաւիտենից, որ զամենայն կ’արարչագործէ որովհետեւ կը սիրէ զամենայն, նիւթին թաւալական տիեզերքն եւ թռչուն թագաւորութիւնն հոգիներու, եւ անաստուած նիւթեղինութի՜ւնն իբրեւ դաստիարակութեան միջո՜ց աստուածազգաց հոգեղինութեան, էակներուն՝ որ պիտի ամբառնան հետզհետէ մինչեւ կատարելութի՜ւնը՝ բոլորանուէր կարողութեան, եւ անպայման սիրոյ…: Ո՛չ, ո՛չ, մարդկային ըմբռնողութիւնը չի բաւեր. չպիտի բաւէ յաւիտեան…: Սէ՛րը միայն, զոր Աստուծոյ ձայնն ի մեզ կը պատուիրէ՝ ա՜ն միայն կրնայ ազատ թեւ տալ մեզի Արարչին ծոցը, ինչպէս տղեկին՝ իր ծնողացը տունին մէջ, եւ ա՛յն սէրն իսկ է որ զմեզ արժանի եւ կարող պիտի ընէ զԱստուած տեսնելու:

Եւ դուն, դուն, երանեա՜կ հոգի, դուն կրցեր ես եղեր սիրել ուստի երազե՜լ զԱյն. քանի որ վերջին խօսքը զոր հոս արտասանեցիր՝ պարունակելով հանդերձ ճշմարտագոյն դատաստանը՝ գերագոյն երազն է՝ գերագոյն զգացման մէջ: Եւ անշուշտ, դիւցա՛զնդ հեզութեան, նոյն օրն իսկ, երբ անցար արբշի՜ռ՝ անդին եթերային սեամէն, նոյն օրն իսկ դուն զԻնքը տեսար…: