Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԾԵՐՈՒԿՆԵՐ

Ծեր կոյրը, սենեկին անկիւնը, բազմոցին վրայ ծալլուած, իր ջութակը կը զարնէր. ասդին, երիտասարդը, աթոռին վրայ նստած իր «քանոն»ին վրայ կը խաղար՝ զայն ծունգերովը վերցունելով: Ես, երիտասարդ մը եւ երկու կիներ, մին դեռ թարմ, միւսը ծերուկ՝ մտիկ կ’ընէինք արեւելեան եղանակին, զոր «քանոն»ն ու ջութակը կը հնչեցնէին: Ծերին աջին մէջ աղեղը տենդոտ ելեւէջներով, տենդոտ ճօճումներով կը սահէր թելերուն վրայէն, եւ ձայնը որ կը քակուէր, կը թռչէր անոնցմէ, հառաչ մըն էր ներդաշնակ ու վշտագին: Նուագը, Նէհավէնտ մը, ինծի ենթադրել կուտար վիշտի վիհ մը իր ալիքներուն մէջ, որոնք ծերին ջութակին վրայ կը գալարուէին ու կը ծփային, եւ որք «քանոն»ին վրայ կաթիլներ կ’ըլլային, վճիտ ջուրի կաթիլներ, թափթփող, ինկող, ապառաժներու վրայ քարավազներու կայլակները, քաղցր դաշնակութեամբ մը զեղուն:

Կազը, լըռիկ, կը նայէր մեր խմբակին որ կրակարանին շուրջ բոլորուած կը նուագէր ու մտիկ կ’ընէր: Երբեմն գիշերուան հովը կուգար պատուհանները կը ցնցէր ու կը հեռանար…:

Յանկարծ ծերն ու տղան սկսան երգել, միանգամայն նուագելով, երգ մը ուժգին, երկարաձգուած:

Ծերունին կ’աղաղակէր, ցաւագին եւ ուժեղ ձայնով մը որ լռութիւնը կը պատռտէր, եւ տղան կ’երգէր թաւ ու հանդարտ ձայնով մը որ խորունկէն կուգար: Եւ նուագին ոստիւններուն ու ծփումներուն հետ խառնուած՝ այս երգը վայրի առնականութեան բիրտ ու կորովի դաշնակութիւն մը կը կազմէր:

Ծերին լայն բերանը կը բացուէր, բալի գոյն, մոխրագոյն, խռուացած պեխերուն ու մօրուքին մէջէն, որուն գալարուած թելերը ջութակին այրած փորին վրայ կը սողային. քարայր մը, այդ բերանը, որուն բացուածքէն անծանօթ ու երկար ատեն ծածկուած, թաղուած եղերգութիւն մըն էր որ կը ժայթքէր կարծես, քարայրէ մը, վիհէ մը գալուն համար տարտամօրէն սոսկալի…:

Դէմքը, հին, կաշեգոյն, ցաւագին կծկումներով կը կերպարանափոխուէր. յօնքերը վշտաբեկ կնճիռով մը կը յոգնէին, այտերուն ծալքերը փորուելով կը մթննային ու կը ցաւէին կարծես, եւ գլուխը կը տատանէր, մարմինը կը շարժէր, անկանոն, առաջ ու ետ, մինչ լոյսի պատառը զոր լամբարը կը նետէր անոր ճաղատ ու քրտնաթոր գանկին՝ կը շարժէր հոն, ինչպէս պղնձեայ սաղաւարտի մը վրայ:

Ծերո՜ւկը…: Իր խոռոչային կոկորդին խաւարին անծանօթութիւններէն, կաշիէ սարսռագին կերպարանին բիրտ ճեղքերուն ետեւէն. հրաբուխի մը դողդղացող կողերուն ահաւոր պատառուածքները, ու հինաւուրց կաթոգին սարսռագին, զայրագին աղիքներուն մէջէն ի՞նչ կը պօռար ծերունւոյն ալեկոծ հոգին…:

Կը թուէր թէ, վիշտը, որուն մռայլութիւնը կը ծածանէր արեւելեան նուագին մէջ, տարտամ, բայց ապահով՝ այդ վիշտը ա՛լ ծերինն էր, կոյր ծերինը միայն, բայց լայնցած, մթնցած, հսկայացած՝ զոր կ’երգէր ան, հիմա խղճալի ցասումով, անհամբեր, յախուռն, անգաղտնապահ:

Կարծես թէ Աստուծոյ նետուած աղաչող, հեծող, բողոքող հառաչանք մըն էր իր երգը, յաւիտենական գիշերի մը մէջ հալած իր աչքերուն կեանքը խնդրող, լոյսը, անմատոյց, անստանալի լոյսը ուզող, տիեզերքին անբաւ ժպի՛տը, գէթ շո՛ղ մը նուրբ, լուսնային, թերեւս կաթիլ մը լոյս միայն…:

Ո՞վ պիտի կրնայ թարգմանել հառաչանքն ալեւոր մարդու մը, որ կեանքը կ’ապրի առանց զայն տեսնելու, որ տիեզերքէն կ’անցնի առանց չափելու իր ողորմելի էութիւնը, անոր անողորմ անըմբռնելիութեան հետ, որ երբ երիտասարդ էր, սիրե՜ց առանց աչքեր ունենալու, որոնց ծիածանը կարենար հրդեհել երանաւէտ տառապանքին արշալուսային կրակով, որ ծովուն վրայէն կ’անցնի ու չի կրնար մխրճել յիմարական նայուածք մը այդ երազէ անդունդին ալքերուն մէջ…– որ երկինքին տակ կը քալէ, անոր մէջ ծաւալող կուսական արշալոյսներուն անտեղեակ, անոր գիշերին խաժագեղ անբաւութեան, արցունքէ աստղերուն եւ անո՛ւրջ լուսնկային, պատրանքէ ասուպներուն եւ յոյսէ միգամածներուն հեռանշոյլ երջանկութիւնը չտեսնելով բնաւին…: Ո՞վ պիտի կրնայ թարգմանել հառաչանքը ծերին, որ գիտէ՛ թէ տիեզերքին դէմ բիբ չպիտի ունենայ յաւիտեան, որուն անգութ հոտոտելիքը արդէն կը զգա՜յ նամէտ արտաշնչութիւնը գերեզմանին, եւ որ սակայն, գուցէ դեռ անտեսանելի արեւելքի մը աղօտ ու նենգաւոր յոյսը ունի…:

Եւ իր շարժումները, խե՜նթ, իր կծկումները, իր ճպոտին տենդագին, վայրագ հարուածները, իր ծերունիի՛ աղաղակներով, ճռնդիւններով արցունքով լեցուն խոռոչաւոր ներդաշնակութիւնը՝ կը վերացնէին զայն, վե՛հ պատկեր մը կ’ընէին, քանզի, ծերին մէջ՝ արեւելեան անարուեստ նախնական երաժշտութեան գերագոյն կատաղութիւնը պատկերելէ աւելի՝ վայրի ու սրբազան կիրքի մը մռայլ անձնաւորութիւնը կը գծէին:

Ծերուկ կինը, որ կրակարանին առջեւ գետինը նստած էր, շուքին մէջ, իր խորշոմած, պզտիկ դէմքին միամիտ հանդարտութեամբը, կը քնանար…:

Նուագող կոյրին ահեղ աւիւնը, խորհրդով ու դաշնակութեամբ առլի զառանցանքը ցաւատանջ կը շարունակէր հնչել, պօռալ, կատղած ջութակին հառաչանքներուն հետ, անոնցմէ մեղմուելով, անոնց խառնուելով, եւ յաճախ նուաճելով զանոնք, այս անբացատրելի թռիչը, աւելի խորունկ քան զառամ կաղնիի մը ստուերամած եւ հառաչալիր տատանումը գիշերի հովին դէմ, կ’օրօրէր ու կը քնացնէ՜ր խեղճ պզտիկ պառաւը, կրակարանին առջեւ, շուքին մէջ ծալլուած նստած անշարժ, անշշուկ…: