Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԱՊԱՆՃԱ ԼԻՃԸ
ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԿԵՐ

Երբոր կառախումբը Նիկոմիդիայէն հեռացած է շատոնց, եւ անցնելէ յետոյ ընդարձակ դաշտերէ, զոր հարաւէն հեռաւոր անտառուտ լեռներ կը պատեն, եւ ուր, ասդին անդին, օդին մէջ կը պտըտի ճերմակ ճախրը արագիլներու, կամ պզտիկ մօրերու արծաթէ թափանցկութեան մէջ սէզի փունջերու հետ կը ցցուի անոնց ձիւնէ նիհար սիլուէդը միոտանի, կառախումբը, Պէօյիւք-Տէրպէնտն ալ իր ետեւ կը թողու, եւ հեռուն, խիտ կանանչներու քմահաճ բացուածքներէն կ’երեւայ կապոյտ եւ արծաթափայլ Սապանճան, Բիւթանիական պատմութենէն մնացած վճիտ յիշատակի մը պէս:

Լի՜ճ մը…– ինծի համար նոր էր ասիկա, հակառակ իր հաւանական նմանութեան՝ ծովի կտորի մը հետ: Որովհետեւ արուեստագիտական անհրաժեշտ նախապաշարում մը կայ որ առանձին առանձին հրապոյրներ կը գտնէ գրեթէ նոյնատեսակ իրերու մէջ, անոնց հանգամանքներուն աննշան մէկ զանազանութեան վրայ յենլով, եւ զոր չունին գեղեցկին անտարբեր հոգիները:

Վոսփորին լճաձեւ երեւոյթները յաճախ տեսած, չէի կրնար սակայն աշխարհագրական ու նկարչական «Լիճ»ը տեսած համարել ինքզինքս: Յատկանշանական բան մը ունենալու էր ան որ պարտէր կայանալ իր շատ իրական սահմանաւորութեան մէջ, բաղդատմամբ ծովուն անորոշ հորիզոնին կամ լեռներու, անտառներու ծոցը քնացող իր սովորական խաղաղութեան մէջ:

Տեսարանին երկրաբանական, աշխարհագրական տարբեր երանգը, պատմական հռչակի ու ժողովրդային զրոյցներու զանազանութիւնը ուրոյն հրապոյրներ կուտան անոր: Դարաստան մը կրնայ անտառի մը երեւոյթն առնել. բայց առաջինին գաճաճութեան գաղափարը միայն կարող է թոյլ չտալ որ ինքզինքս կարծեմ խոռոչաւոր, խորունկ բուսականութեան մը մէջ, եւ անտառին ահաւոր ու մեծվայելուչ մթութիւնը կը բաւէ որ դարաստանին մենաւոր ստուերներուն անուշութիւնը զատ հրապոյր մը ընդունիմ: Հաւանական է որ Դանուբին հեռապատկերը Վոսփորը ձեւացնէ մերթ, եւ մարդ չհետաքրքրի մին տեսնել քանի որ միւսը վայելած է: Բայց ինծի համար Դանուբը հռովմայեցի դիցուհի մըն է միշտ, ու Վոսփորը արեւելքցի հուրի մը: Քաղաքակրթութեանց աւերակները նշանաւոր, յուզիչ, բայց յաճախ համանման տեսարան մըն են: Սակայն անոնցմէ մին Ֆոռոմ կը կոչուի եւ ուրիշ մը՝ Օլիմբէիոն: Նոյն իսկ առաւօտ մը ստէպ նման է ուրիշ առաւօտի մը, բայց մէկը Ողիմպոսին ետեւէն եւ միւսը Սինային կռնակէն կը ծագի:

Կարելի է նոյն իսկ ըսել թէ, ինչպէս որ անունի, այսինքն պատմութեան, էութեան զանազանութիւնը կրնայ տարբեր գոյներով յատկանիշել ու բանաստեղծացնել իրարու նման տեսարաններէն իւրաքանչիւրը, կրնայ նաեւ անոնց նկարչականութիւն տալ թերեւս: Ցամաքի հեռաւոր երիզ մը կը նշմարես: Աննշան բան մըն է, ու անոր չես նայիր երկար ատեն: Բայց յանկարծ անունը կ’արտասանուի քովէդ. «Իտալիա՛ն. » եւ ահա ցամաքին տեսիլը կը խառնուի, կը զուգուի անունին թելադրած շքեղ գաղափարին հետ եւ այն ատեն, յուզումէդ չափազանցուած նայուածքիդ՝ ցամաքին հասարակ, անշուք շրջագիծը կ’երեւայ հանգչող աստուածի մը մեղկութեամբ, կամ անոր պարզ ու սովորական ցցուածքները՝ հեռաւոր եւ մոխրագոյն զօրութեան մը պէս: Գոյնը եւ շրջագիծը տրտմագին փառք մը, վսեմութիւն մը, կատարելութիւն մը կ’առնեն. մոխրագոյնը կապոյտով կը խառնուի կարծես, եւ շրջագիծը սլացքի մը կամ թեւածումի մը կը նմանի: Իտալիա՜ն է…:

* * *

Բայց կառախումբը կը վազէր շարունակ…: Պիտի հասնէ՞ր Սապանճա: Այնքա՜ն կը փափաքէի տեսնել անգամ մը, քաղցր ու հանդարտ ծովակը: Զայն դիտելու իղձս աւելի իսկ էր այն պահուն՝ պատմական բնութենէն էջ մը տեսնելու հետաքրքրութենէս:

Ու անհամբերութեանս չափազանցութիւնը ստիպեց զիս որ գլուխս ներս քաշեմ վակօնէն, լիճն իր լրութեանը մէջ յա՛նկարծ տեսնելու, ընդգրկելու համար:

Քերել սկսանք լիճին անմշակ կամ բուսալից թաւուտ եզերքները, եւ հուսկ ուրեմն ուժեղ սոյլ մը բարձրացաւ ու ծանուց Սապանճա գիւղը, դալարաւէտ լեռներու ոտքին տակ, լիճին ափունքին մօտ, ուր կառախումբը պիտի կենար:

Ու կայարանի ժխորի մը մէջ կանգ առած վակօնին պատուհանէն տեսայ անոր զուիցերիական շքեղութիւնը..: Արեւելքէն արեւմուտք ձգուած, մէկ հորիզոնէն միւսը, լիճը կը հեգնէր կարծես այն միջակ մեծութեամբ քարտէսները որոնք ջուրի կաթիլի մը ընդարձակութեամբ կը նշանակեն զայն: Լեռներու մէջ սուզուած երեւալու չափ անուշ ու պզտիկ, եւ ծովի համեմատութիւններն առնելու չափ լայն էր ան:

Հեռուն, կիսամերկ շիկադէմ լեռներ, պատառատուն բուսականութեամբ մը ցանցառաբար սքօղուած, կը շարուէին լիճին դիմացի ափունքին երկայնքը եւ արեւելք դիմելով կը ցածնային կը նուաղէին՝ ամեթովսի լեղակախառն երանգներով, ու իրենց վարդագոյն նուաղկոտ ցոլացումը կ’իջնէր լիճին մէջ անոր շրջագիծը ջնջելով, ու անօսրանալով, հատնելով արեւելքին հեռուները: Ասդին, ցամաքի շիկակարմիր կարկառներ լճափին վրայէն դէպ ետեւ կը բարձրացնէին իրենց արեւակէզ խորշոմուտ դիմագծերը, եւ աւելի բարձրը՝ անտառուտ սեպութիւններու բիրտ ու մութ կանանչ րջագիծը կը խօլագծուէր ցորեկուան երկնքին կապտորակ անգայտութեան մէջ: Եւ լճին թափանցիկ բիւրեղը կը գունաւորուէր անոնց շիկամութ վայրի կիսադէմքին ու մացառներուն հերաձեւ խռուացումին տակ, որոնք իրենց խիստ դեղնութիւնը, թուխ ստուերները ու թաւ խաժութիւնը ջուրին մէջ կը մխրճէին:

Այս անծուփ ստուերներուն, գոյներուն, լեռներուն եղկ կամ ուժգին ու անխռով շրջապատումին մէջ ու կարծես անոնց վայրենի ու զսպուած խոհանքէն օրօրուելով՝ Սապանճային լանջքին խաղաղիկ անբծութիւնը կը սփռուէր՝, եզերքին խանձած երկարաձիգ եղեգնուտին անկանոն սանտրէն անդին՝ մինչեւ նուրբ գիծն արեւելեան անորոշ ափունքի մը շողալով կապտորակ ճերմակութեամբ մը, աւելի պայծառ քան երկինքը, եւ աւելի հարթ ու անծալ՝ քան նախկին Անտիոքոսի հարճերուն ասորական մէկ մետաղէ հայելին:

Ոչ մէկ նաւակ իր կնիւնի տերեւի սիլուէդը, ոչ մէկ առագաստ իր ջրագռաւի կուրծքը, ու կարծես ոչ մէկ զեփիւռ իր վայրենի ազատութիւնը կուգային սահեցնել լճին ալապաստրէ լանջքին վրայ, կամ անոր շուրջ իրենց թեթեւ ֆլուն դնող զովագին ստուերներուն մէջ թափանցիկ սարսուռներ յարուցանել: Լիճը ամայի էր. հալած երկինք մը: Սէզերուն մէջ միայն, ափունքին կառչած՝ կը նշմարուէր թուխ գեղջուկ տափանաւ մը, թափուր, որ կը քնանար:

Կառախումբին անդիի կողմի ոգեւորութիւնը, ջուր ու օշարակ ծախողներու ձայները, գեղջուկ խժլտուքը տեղացիներու եւ ուղեւորներու՝ տեսարանին բացարձակ անդորրութիւնը չէին զօրեր պղտորել: Այդ գռեհկութիւններէն վեր էր ան, եւ անոր վեհութեան քով՝ ա՛յնքան չնչին՝ թզուկ ժխոր մըն էր մարդերուն ձայնը:

Թաւուտ բլուրները, այրած գահավէժները, անոպայ գանկերը, վայրի ամայութիւնը հեռանկարին, ծովակին կուսական ու եղկ հանդարտութեան առջեւ յարգալիր լռութիւն մը կը պահէին, խստադէմ բայց անխռով նաժիշտներու պէս որոնց պատկառոտ անձնուիրութիւնը կը սպասէ մահիճին քով տիրուհիին, մինչ անոր անյարդար հրապոյրը երփներանգ շղարշներու մատնիչ անկարգութեան մը մէջ կը մրափէ:

Անհուն խաղաղութիւն մը, հանգիստ մը, քաղցրութիւն մը ծաւալեր էր այն վայրկեանին՝ կեանքիս մէջ, իբրեւ անդրադարձ գործողութիւնը հոգւոյս: Հոգիս հայելին եղեր էր կարծես գեղեցիկ ծովակին, որ երկնքին հայելին էր ինքն ալ: Ու սրտիս մէջ տիրող անուշութիւնը՝ լիճին պէս ամայի էր սակայն: