Անգղին կտուցին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Ա.

Մեր ժողովուրդին գոյութիւնը, կարեւոր չափով մը, կը վերանայ դարաւոր անցեալի մը, գլխաւոր կրկէ՛սը, ուր յայտնաբերուած են մեր ցեղին յատկութիւնները եւ անոր նկարագրին շատ էական մէկ քանի գիծերը։

Այդ անցեալին մէջ ժամանակակից միտքը դեռ անուններ միայն կը կարդայ, աւելի կամ պակաս ճշմարտութեամբ ու տակաւին մեր երկիրը դուրս չէ եկած աշխարհագրական ծփանուտութենէ մը, որ բոլոր անծանօթներուն յատկանիշը կը մնայ։

Ու նորէն ժամանակակից քննադատութիւնը, ուսումնասիրելու համար գեղարուեստական հակումները մեր ժողովուրդին, պարտաւորուած է աչքերը փոխադրել իր օրերուն քիչ յուսադրիչ տկարութենէն ու իջնալ խորերը այդ պատմութեան, որ դժբախտաբար կը ներկայանայ միջնադարեան ոգիին բոլոր տժգունութեամբը եւ ամէն բան հարթող այն կրօնական գլանին տակ տափակցած, քամուած ու աչքերը դուրս ինկած ճիշդ նկարներուն նման, որոնք այդ օրերէն՝ կը զարդարեն գրչագիր աւետարաններուն լուսանցքներն ու առաստաղները։

Ու այդ գործը դեռ սկսուած իսկ չէ։

Իմ ձեռնահասութենէս վեր կը մնայ այդքան ապերախտ պայմաններու տակ թաղուած գրականութեան մը վերլուծական վերարտադրութիւնը, բայց ես բոլոր ուժովս կը մերժեմ մեր շարք մը տիրացուներուն այն քարոզները, որոնք կը լեցնեն գրականութեան պատմութիւնները եւ աշխատանքէ, պրպտումէ փախչող մարդու տափակ ընդհանրացումները կը մնան։

Գրականութենէն դուրս, տակաւին նոր սաղմնաւորած է գեղարուեստի միւս կալուածներուն վրայ տարածուելիք ճիգի մը ծրագիրը, որ խաչագողներու ձեռքը ռեքլամի ծառայելէ զատ ուրիշ երես չունեցաւ։

Նորէն անդարմանելի աղէտ մը կիսաւարտ ձգեց նոր ու հին ժամանակներու մեր մեծագոյն ձեռնարկներէն մէկը, որ մեր պատմութեան մէջ շատ աւելի կարեւոր թուականի մը դուռը պիտի ըլլար, աւելի մեծ նոյնիսկ կրնամ ըսել, քան Մեսրոպի գեղեցիկ ու «աստուածարեալ» գիւտը։ Կոմիտասին երազը սուզուեցաւ գիշերի մը խորը, դեռ իր լոյսին ամբողջ շքեղ փթթումին մէջ, ու անհուն կսկիծով է, որ մեր աչքերը կը դառնան Արեւմուտք, այդ գիշերէն սպասելու համար յոյսին աստղը, որ կ՚ուշանայ, սպառնալով չերեւալ երբեք։

 

* * *

Բոլոր անոնք, որ մեր հին գրականութիւնը աչքէ են  անցուցած  բանասիրականէն  տարբեր  նկատումներով ու բառերուն անփառունակ եւ սակայն ուղղափառ հաւատաքննիչները չեն եղած, անհուն յոգնութեամբ մը ու նոյնքան մեծ յուսահատութեամբ մը դուրս կու գան այդ վաստակաբեկ ուղեւորութենէն։

Կարդացէք մեր բոլոր պատմիչները —մեր հին մատենագրութիւնը ատոնցմէ դուրս քիչ գիրք կը պահէ— ու ձեր ցաւը անբացատրելի պիտի դառնայ գտնելու անկարող ըլլալնուդ ոգին այն ցեղին՝ որուն օրագրութիւնը կ՚ըլլայ ձեզի շատ անգամ դրախտէն սկսելով։

Այդ էջերուն վրայ անուններ կան չեմ գիտեր ուրկէ եկած, իշխաններու, նախարարներու, տուներու, թագաւորներու։ Այդ էջերուն վրայ մրջիւնի պէս կը վժժայ ամբոխ մը, որ խնամքով սրբած է իր վրայէն գոյն ու յատկանիշ, որուն զգեստները, մեծ մասով օտարներէ փոխ առնուած սրբազան բառերով կարելի կ՚ըլլայ հեռուէն ճանչնալ։

Եթէ չըլլար յաւիտենապէս լալկան, մուրացիկ, ամէն բան երկինքէն սպասող ու ամէն արդարութիւն եւ դատ անոր վճիռին յանձնող, վստահող մտայնութիւնը, անկարելի պիտի ըլլար միութեան ընդհանուր երիզ մը պահել մեր  մատներուն  տակ։

Ու ինչ որ մեր պատմագիրքերը մեզի կու տան իբր կեանք ու ժողովուրդ, ապահովաբար երբեք չի համապատասխաներ իրականութեան։

Բիւզանդ եւ Ագաթանգեղոս, իրենց յիշատակարաններուն մէջ ցանցառ ձեւով մը ցրուած են քանի մը տեղական գոյնով ճշդուած դրուագներ։ Այդ պատառիկները եւ Խորենացիին արհամարհած միւս կտորները կը հաստատեն սակայն, թէ մեր ժողովուրդը Արեւելքի մէջ, հակառակ հելլէն ազդեցութեան եւ հակառակ անոր ժառանգորդ քրիստոնէութեան հաւասարապաշտ հանրամոլութեան, պահած է իր եկեղեցիներէն դուրս, անկախ՝ իր հոգիին կեանքը, այնպէս՝ ինչպէս կերտեր էին զայն անցնող դարերու կարմիր դիւցազնութիւնը եւ լուսաւէտ փունջը արի մեր նախնիքներուն։

Եւ եթէ գիրքերը վռնտած են այդ կեանքի ամէն արտաքին նշանները, եթէ անոնք մեր քաղաքական պայքարումն անգամ վերածած են հաւատքի անիմաստ ու խոշորցուած գուպարումին, անդին, ժողովուրդը կրցած ձեւովը շարունակած է պահել նախկին նուիրական կրակը։ Եւ եթէ մեր սրբազան գրականութիւնը եւ երաժշտութիւնը միակ արժէքները կը մնան մեր դարաւոր պատմութեան, պատճառը հոն է, որ երաժշտութիւնը ամէնէն ծփուն արուեստն է գեղարուեստներուն մէջ, ամէնէն քիչ ձեւընկալը եւ ուր ինքնատպութիւնն ու անհատականութիւնը ամէնէն աւելի ասպարէզ կը գտնեն իրենց միջոցը կերտելու եւ պահելու։

* * *

Ազգային գոյնի, տեղական գոյնի այս պակասը կարելի չէ ամբողջովին վերադրել դասական ոգիին, որ բոլոր անցնող դարերուն ու անոնց գրականութեան յատկանիշը կը սիրէ մնալ։

Երկու ամէնէն մօտ քաղաքակրթութեանց մէջ շատ դիւրին է ճանչնալ այն ոգին, որ այդ ցեղերուն հրեղէն սիւնը եղաւ մինչեւ վերջնական շիջումը, ու մարդկութեան կտակեց մէկ քանին իր անհաւասարելի գեղեցկութիւններէն։ Եթէ հելլէն քաղաքակրթութեան մէջ համամարդկային լայնութեամբ յղացումներ գոյութիւն ունին, եթէ երբեք հռովմէական գրականութիւնը հանդարտ ու արի վեհափառութեան մը նկարագիրովը եկած է նոր ժամանակներուն, ապահովաբար անոնց կարողագոյն արուեստագէտները ամէն բանէ առաջ անհատներ էին, շեշտօրէն ապրելու երազէն խենթեցած ու գեղարուեստական հաճոյքին աղերսարկո՛ւ, ա՛յնքան՝ որ շատեր քնարը ձեռքերնին գերեզման իջան։

Այս ընդհանրացումները կարելի է շարունակել աւելի մօտ ժամանակներու խորունկ ու ծաւալուն արտայայտութեանց վրայ։ Հոն ալ մենք պիտի հանդիպինք ցեղային, ազգայնական մոտելներէ աւելի՝ մեծ անհատներու, որոնք տարօրինակ ձեւով մը, տարածուիլ գիտեն իրենց ցեղին ամբողջ աւազանին վրայ, զայն կը յաջողին պարագրկել իրենց հսկայ մտքին նոյնքան հզօր չափերովը եւ կը համառօտեն մէկ-երկու գործի մէջ ինչ որ դարերուն փորձառութիւնը քիչ-քիչ մթերած էր հաւաքական ջղայնութեանը մէջ ցեղին զաւակներուն։

Ու իմ կարծիքովս, մեր գրականութեան մէջ, հարկ կայ փնտռելու զօրաւոր անհատականութեանց շարք մը, որ ամէն դարու մէջ, յաջողի ամբոխներուն միջակութեանց վերեւ ինքզինքը վերացնելու։

Ու մեր հին գրականութիւնը տարօրինապէս կը տառապի այդ մեծութիւններուն սովէն։ Նարեկացիէն զատ, որուն անձը նորէն անմեկնելի պիտի մնար, հայ եկեղեցին այնքան բարի, այնքան անուշ ու ազնուական տաղաւարին տակ յօրինուած տեսնելով, մեր սրբազան գրականութեան ընդհանուր կնիքը դուրսէն կու գայ, ու մեր շարականներուն մէջ շատ քիչեր, նախնական գոհարներուն վաւերականութիւնն ու արժէքը կը պահեն։

Եւ սակայն մտքով պահ մը ես կ՚երթամ ետ դէպի այն դարերը, ուր կոշտ, տունէ շինուած սեւ քուրձերուն տակ մեր վարդապետները, մեր զմայլելի երկիրին ամէն աղուոր անկիւններուն վրայ իրենց փեթակները լարած, կը պտտին հանդարտ, երբ սրածութիւնը հեռի կը մնայ սահմանէն ու գեղեցիկ երկինքի մը բարի երազէն մշտապէս կանչուած, կ՚աճապարեն հոն փոխադրել քաղցրութիւնը, զոր գտեր էին հողին վրայ եւ կամ սուգի ու սարսափի օրերուն՝ հո՛ն վազել ազատելու համար երջանկութիւնը իրենց հոգիներուն։

Այս պատկերը ընդհանուր է մեր երկրին, կենդանի՝ գրեթէ բոլոր դարերուն համար։ Դժուար պիտի չըլլար ձեզի համար անոնց հաւաքական հոգեբանութենէն քանի մը ջիղ անջատել, անոնցմէ, որոնց կը հանդիպինք ժողովուրդին ալ մօտ։ Այդ մարդերը պէտք չեն տեսած մեծ ըլլալու, քանի որ երկինքը կը սպառնար իրենց։ Այդ ցեղը շատ ալ չէ տառապած իր թմբիրին մէջ, երբ հովիւներու հորդայ մը արեւելքէն ինկած է իր վրայ ու անապատի գազաններու նման անխնայ հարուածած է զայն։ Ու ազգայնական ոգիին պակասը, որ ա՛լ կամաւոր չէ, ոչ ալ հետեւանք մը, պիտի գար մինչեւ մեր օրերը։

Ժամանակակից գրականութիւնը իր երկու հատուածներուն մէջ ալ հիմնովին կը տարբերի հինէն, ոգիի տեսակէտով։

Յաջորդով վեր կը հանեմ այդ ոգիին նկարագիրը ազգայնութեան տեսակէտով։

Բ.

 

Ժամանակակից գրականութեան արեւելահայ հատուածը իր խորքին մէջ կը պահէ ամէնէն աւելի կարկառուն ձեւով մը այն յատկանիշը, զոր կը պահանջեն առհասարակ մեր նոր տեսարանները։ Այդ հատուածին լաւագոյն գրողներուն մօտ տիրապետող շեշտը, մասնաւորող երանգը աւելի քան երբեք ազգայնական են։ Հետաքրքրական է զուգակշիռ մը արեւմտահայ հատուածին հետ, մանաւանդ ծագումի շրջաններուն համար, ուր որոշապէս ի յայտ կու գայ մեր հասողութենէն դուրս ազդակներուն դերը, առաւելապէս գրականութեան զարգացումին տեսակէտէն, ինչպէս եղած էր անանցեալին մէջն ալ։

Արեւելահայ գրականութիւնը կը սկսի սերունդով մը, որուն մէջ արուեստագէտի կրակը ամէնէն տկարն է, իր իսկ փափաքովը եւ խոստովանութեամբը եւ որուն ամբողջ ձգտումները եւ կարողութիւնները կ՚երթան շատ օգտապաշտ մտապատկերի մը իրականացման, ընել գրականութիւն մը, որ մեր ժողովուրդին մէջ բերէ գիտութեան լոյսն ու բարիքը, մեր բարքերուն մէջ մուտք տայ արեւմտեան ճկունութեան եւ կենցաղի նոր պայմաններուն։

Նահապետները այս գաղափարներուն դրօշը ունին իրենց ձեռքը եւ իրենց գրածներուն մեծ մասը արդէն պայքարի կենդանութիւն մը միայն ունեցած է։ Եւ երբ հակառակ այս ձգտումնապաշտ գրողներու, գրականութիւնը քիչ-քիչ դէպի արուեստը կը հակի, բուն արուեստագէտներն ալ պիտի չյաջողին ազատիլ գաղափարին ֆէթիշէն եւ բոլորն ալ իրենց հարկը պիտի տան նախնիքներու մեծ ստուերներուն։

Ատոր փոխարէն արեւմտահայ հատուածը, հազիւ ազատած Մխիթարեաններու խնամակալութենէն, խելայեղ այլամերժութեամբ կը նետուի Մխիթարեան ոգիին երկրորդ արուեստին վրայ, այն ճամբուն, ուրկէ մարդ կը կարծէ անցեալին իջնել իսկական ու հարազատ ժառանգորդը դառնալու համար ցեղին մեծ աւանդութեան։

Անշուշտ սխալ էր այդ եռանդը, քանի որ անցեալին դառնալու մեծ թելադրութիւնները գրական էին եւ մատենագրութիւնը ոչ մէկ ատեն օգտակար աւանդատուն մը եղած է։

Ու պոլսեցիները մինչեւ համիտեան գրաքննութիւնը ըրին Հայկի, Արամի, Վարդանի եւ ուրիշ ազգային հերոսներուն ուռուցիկ ազգայնականութիւնը, որուն վրայ արգահատելու իրաւունք ունին արդէն նորերը։

Անկէ ասդին արեւմտահայ հատուածը ունեցած է գրականութիւն մը, որ ճակատագրօրէն ստիպուած է աչքը Արեւմուտքին դարձնելու, անկէ սպասելով մեծ երազի մր իրագործումը իր գոյութեան հարցին շուրջ եւ միեւնոյն ատեն անոր գրական հոսանքներուն յանձնած պզտիկ նաւակը իր արուեստին։

Ճիշդ չէ կարծել, թէ այդ նաւակը կորսնցուցած է բոլորովին նկարագիրը այն մատներուն, որոնք իր կողերը հիւսեցին եւ անոր սլացքին մէջ դրին ինքնածին այն քմայքը, որ հոգիները կը բաժնէ հոգիներէն ու ցեղերը կ՚որոշադրէ։

Գրականութիւնները առողջ ու կատարեալ ըլլալու համար անհրաժեշտ պէտքն ունին ամբողջութեան, այն պայմաններուն որոնք ցեղերուն նիւթական կեանքը լիացնելէ վերջ, անոնց վրայ աւելցող աննիւթական ուժը (énergie) կը վերածեն արուեստագիտական ստեղծումներու։ Օրինակները աւելորդ են։

Մեր մէջ պոլսեցիներն ու գաւառացիները իրենց կեանքէն գողցած ուժն է, որ սպաս կը դնեն գեղարուեստներուն։ Ու խստապահանջ ըլլալու համար ոգիին չէ, որ իջնելու ենք, որ ամէն պարագայի տակ հայկական երես մը ունի շարունակ, այլ անբաւականութեան, այլ աճպարարութեան, այլ խաչագողութեան, որ մասնաւոր սաստկութեամբ մը կը ճարակին մեր գրողներուն այլասերած մէկ մասին մօտ։

Ու խստապահանջութիւնը պէտք չէ, որ սահմանափակուի այդ անփառունակ պաշտօնին։ Անոնք, արուեստին խաչագողները, իրենց դատակնիքը կը կրեն միշտ իրենց հետ եւ մեծ խարանումները չէ, որ պիտի վճռէին հետախաղաղ հանգիստը մեծ մոռացումին ծոցը։ Խստապահանջները պարտաւոր են նոյնչափ ու աւելի՝ ապացոյցներ տալու անշահախնդիր, սիրարձակ ու բոլորանուէր Արուեստին, որ այդ պարագային, մաթեմաթիկական խստութեամբ մը գործածելով բառերը, պիտի ըլլար անհատական, ու ատով նոյնքան ալ ազգայնական։ Վասնզի կը կարծեմ, թէ ինչ որ արեւելահայ բանաստեղծութեան մայր հրապոյրը կը կազմէ, այն ժողովրդական, չըսելու համար ազգայնական շեշտն է, որ այնքան անկատար քերթուածներ բուսցուցած է անոնց մէջ։ Բոլորին մէջն ալ տարտամ մեղեդիի նման հայկական շեշտ մը կը թրթռայ, բայց ատիկա՝ այնքան անխնամութիւններու, տափակութիւններու, անճաշակութիւններու եւ հասարակ տեղիքներու խառնուրդի մը մէջ, որ քննադատը պարտաւորուած կը զգայ ինքզինքը զոհելու այդ գեղեցկութիւնը արգիլելու համար անոր ընկերակիցներուն մուտքը արուեստին տաճարէն, ուր ցեղերը մինակ չեն ու իրարու համար լարուած ականջներ ունին։

Եւ ինչ որ արեւմտահայ բանաստեղծութեան մայր թերութիւնը կը կազմէ, օտարութիւնն է անոր՝ ցեղին մայր զգայութեան, անոր հանրական ոգիին հանդէպ անսրբագրելի անտարբերութեան։

Պէշիկթաշլեանէն մինչեւ Վարուժան ոչ մէկ բանաստեղծ փնտռած է իր  մէջ  առհաւօրէն կարելի մեծ գեղեցկութեան մը ծաղիկը։ Ու ատոր փոխարէն ամէն մէկը առանձնապէս ինկած է իր ճղճիմ ձեւին վրայ ու անարիւնութիւնը պարտկելու համար խնամք է տուած ձեւին տարազին, որ փրթելու չափ կը բարակնայ մէկ քանիներու մատներուն տակ։

Մեզի կը պակսին մեծերը, հանճարները, որոնք քարոզի եւ քննադատութեան տեղ քանի մը փառակերտ արձաններ բարձրացնէին մեր հոգիներուն տխուր եւ ստրուկ տափաստաններուն վրայ, որոնք իրենց հսկայութիւնովը փրկէին բոլոր մեղադրանքները, զորս մենք հիմա, շուարած, կը նետենք իրարու, իրաւացի կամ անիրաւ։

Մեր նոր գրականութեան կրկին հատուածներու մէջը չէ կարելի վերցնել գործ մը, որ շեշտուած ազգայնութիւնով մը բաբախէր եւ մեր սիրտը ընդունակ ըլլար ներկայացնելու ազգերու ընտանիքին նուիրական մեհեանին մէջ։

Նոյնպէս երկու հատուածներուն մէջ ալ կը պակսին գործեր, որոնք իրենց ձեւին ու գործադրութեան բարձր եղանակովը անցնէին մեր շատ ներող գիծերէն անդին, ոտք կոխելու համար պանթէոնը, ուր կը հսկեն ազգերուն չմեռնող մեռելները, գոյնի, բառի ու վանկի մեծ կախարդները։

* * *

Արեւմտահայ գրականութեան մէջ յարգուած մեր բոլոր անուններուն մօտ գոյութիւն ունի որոշ չափով ազգային ոգին։

Եթէ այդ ոգին թերի, անբաւական ու մանաւանդ խանդավառող չէ նորերուն համար, պատասխանատուն փնտռելու հարկ չենք տեսներ։ Այդ ոգին կը տաղաւարէր մեր ցեղին ամէնէն տարօրինակ, ամէնէն աղքատ, ամէնէն ողորմելի մէկ պահը, պահը անմեկնելի ստրկութեան, որ սեւ մշուշի մը պէս կ՚իջնար ամէնուս վրայ, միեւնոյն ատեն պահը անորակելի դիւցազնութեան, այն խենթութեան, որ այդ ստրուկներու սառած ալիքներուն մէջէն իր կրակը նետեց հոգիներուն բանտին խորը եւ առաջ բերաւ դարերուն ամէնէն սրտառուչ, ամէնէն զարհուրելի տրամներէն մէկը։ Իրենց ազատութիւնը գտնող ցեղերէն ոչ մէկուն վիճակուեցաւ հոգեբանական այս եղերգութիւնը։ Մեր հոգին էր, որ խաչելու տարին մեր մարմինէն առաջ։

Արեւելահայ գրականութեան մէջ բոլոր տաղանդաւոր գրողները թերի են արուեստի տեսակէտէն, հակառակ անոր, որ անոնց գործին մէջ ծայրէ ի ծայր կը սաւառնի թունդ զգացում մը, որ նորերուն սիրած ազգայնացումին հետ կը նոյնանայ գրեթէ։

Բայց այս ժխտումները երբեք ջլատիչ նկարագիրով չէ, որ կը ներկայանան մեր բոլորին նկատառման։

Ցեղը իր պատմութեան ընթացքին ապացոյցը տուած է իր ընդունակութիւններուն։ Ցեղը դեռ երէկ իր ծոցէն ծնունդ տուաւ մեծերէն մեծին, անո՛ր՝ որ հազարամեայ մեր միջակութեան ամօթը պիտի սրբագրէր աստուածային դաշնակութիւնովը մեր երգին, մեր գեղջուկ, մեր արհամարհուած երգին, որուն խորթ շառաւիղները այնքան օրեր կոկոզավիզ պտտեցան հանդէսէ հանդէս, բերնէ բերան օր մը վերջապէս սմքելու համար։

Եւ նոյն հրա՛շքը, նոյնքան յաջողութեան հաւանութեամբը՝ գեղարուեստի միւս գետիններուն վրան։

Եթէ Շիրվանզադէ մը չյաջողեցաւ գերազանցապէս հայ տիպար մը պատմութեան յանձնել, եւ կամ Ահարոնեան մը տկար գտնուեցաւ ոճի հրաշակերտով մը փրկելու  արեւելահայ   գրականութեան խայտաբղէտ տափակութիւնը, եւ եթէ արեւմտահայ գրագէտներ անընդունակ եղան հայկական սարսուռ մը անցնելու իրենց արտայայտութեան այնքան նրբացած, այնքան մշակուած ու ազնուազգի գործիքներուն մէջէն, հարկ չկայ կանխահաս ընդհանրացումներով վճիռներ արձակելու։

Ես կը հաւատամ նորերուն, որոնք այնքան դժբախտ արեւի մը բացուած իրենց երիտասարդութիւնը պիտի կրնային տրամադրել իսկական մեծութիւններ հետապնդելու նուիրական փառքին չնմանելով երէցներուն եւ անոնցմէ աւելի վերջիններուն քիչ մը պուրժուա գոհունակութեան, որով երկու լաւ դարձուած էջերուն հմայքը տարիներ դիմացնել կու տային։

Կը հաւատամ մեր ցեղին, որուն եռանդոտ զաւակները, դեռ արիւնը իրենց աչքերուն, կը սաւառնին իրենց հոգիներուն թեւովը մեր երազին։

Մեր մատներուն համար շատ բարակ է ան։ Նորերը թող լուացուին Մայր Սրբարանէն՝ անոր մօտենալու համար։

1920